Նոյեան Աղաւնի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԱՐԾԱԹԷ ՇԻԼԻՆԿԸ
       Ա.
       Անգամ մը՝ շիլինկ մը կար։ Երբ Փողերանոցէն ելաւ, ակնախտիղ սպիտակութիւն մը ունէր անիկա. ան ցատկեց, հնչեց. - «հուրրա՜, ըսաւ, ահա՛ ես մեկնեցայ մեծ աշխարհի՜ն համար»։ Եւ, արդարեւ, ան շատ մը երկիրներ պիտի ճամբորդէր։
       Այլազան մարդոց ձեռքերէն անցաւ անիկա։ Մանուկը զայն ամուր կը բռնէր իր տաքուկ թաթիկներուն մէջ։ Ագահը իր ցուրտ ձեռքերուն մէջ զայն կը սեղմէր ջղայոյզօրէն։ Ծերերը զայն կը դարձնէին, վերստին կը դարձնէին, Աստուած գիտէ քանի անգամ, զայն արձակելէ առաջ։ Երիտասարդները անհոգութեամբ կը գործածէին զայն։
       Մեր շիլինկը ընտիր արծաթէ էր, գրեթէ առանց խառնուրդի։ Արդէն տարի մը կար որ ան կը շրջէր աշխարհին վրայ, առանց դեռ հեռացած ըլլալու այն երկրէն ուր զինքը դրամի վերածած էին։ Վերջապէս օր մը անիկա օտար երկիր ճամբորդութեան մեկնեցաւ։ Իր ստացատէրը զայն սխալմամբ կը տանէր իր հետ։ Ան որոշած էր իր քսակին մէջ առնել միայն դրամէն ա՛յն երկրին ուր կ’երթար։ Ուստի զարմացաւ, մեկնման պահուն, այս մոլորած շիլինկը վերագտնելով։ «Աստուած վկայ, պահենք զայն, ըսաւ ան ինքզինքին, հոն իմ երկիրս պիտի յիշեցնէ՜ ինծի»։ Ու իր քսակին յատակը ձգեց ան շիլինկը, որ ոստում մը ըրաւ եւ հնչեց ուրախութեամբ։
       Ու հիմա, ահաւասիկ մէջտեղը շատ մը օտար ընկերներու, որոնք կ’երթային ու կու գային անդադար։ Միշտ նորեր կու գային նոր դրոշմանշաններով եւ հազիւ իր հետը կը մնային։ Մեր շիլինկը, ընդհակառակը, չէր շարժեր իր տեղէն։ Ուրեմն կարեւորութիւն կու տային իրէն։ Ասիկա մեծ պատիւ մըն էր։
       Բազմաթիւ շաբաթներ սահած էին. շիլինկը արդէն երկար ճամբայ մը կտրած-անցած էր աշխարհի մէջէն, բայց անիկա չէր գիտեր բնաւ՝ թէ ո՛ւր կը գտնուէր ինք։ Իր քովը եկող մանրուք դրամներէն ոմանք կ’ըսէին՝ թէ իրենք ֆրանսացի են եւ ուրիշներ՝ թէ իրենք իտալացի են։ Այսինչը որ քսակին մէջ կը մտնէր, իրեն կը յայտնէր թէ այսինչ քաղաքը կը հասցէին իրենք, այնինչը՝ թէ այնինչ քաղաքը կը ժամանէին։ Սակայն ասիկա անբաւական էր գաղափար մը կազմելու համար այն գեղեցիկ ճամբորդութեան մասին զոր ինք կը կատարէր։ Պարկի մը յատակը ինկած՝ մարդ ոչի՛նչ կրնայ տեսնել, եւ մեր շիլինկը այս պարագային մէջ կը գտնուէր։
       Օր մը նկատեց, որ քսակը լաւ գոցուած չէր։ Սահեցաւ մինչեւ քսակին բերանը՝ բան մը նշմարել կարենալու համար։ Շատ հետաքրքիր ըլլալը գէշ եղաւ իրեն։ Անիկա ինկաւ տաբատին գրպանին մէջ. երեկոյին, երբ իր տէրը հանուեցաւ, առաւ քսակը բայց շիլինկը ձգեց գրպանին մէջ։ Տաբատը նախասենեակը դրուեցաւ, միւս հագուստներուն հետ, պանդոկի սպասեակէն խոզանակուելու համար։ Շիլինկը ինկաւ գրպանէն եւ գլորեցաւ տախտակամածին վրայ. ո՛չ ոք զինքը լսեց, ո՛չ ոք զայն տեսաւ։
       Յաջորդ օրը, հագուստները վերադարձուեցան սենեակ։ Ճամբորդը հագուեցաւ զանոնք, մեկնեցաւ քաղաքէն, կորսուած շիլինկը հոն ձգելով։ Մէկը գտաւ զայն ու իր քսակին մէջ դրաւ, մտածելով զայն օգտագործել։
       «Վերջապէ՜ս, ըսաւ շիլինկը, ուրեմն նորէն պիտի շրջագայիմ եւ պիտի տեսնեմ ուրիշ մարդեր, ուրիշ բարքեր եւ ուրիշ սովորութիւններ՝ քան իմ երկրիս մէջ գտնուածները»։
       Երբ նոր ձեռքերու մէջ անցնելու վրայ էր, անիկա լսեց սա խօսքերը. «Ի՞նչ է այս մանրուքը։ Ես չեմ ճանչնար այս դրամը։ Հաւանական է, որ ասիկա կեղծ դրամ մըն է. չեմ ուզեր. ասիկա բան մըն ալ չ’արժեր»։
       Իրականութեան մէջ, այս վայրկեանին է, որ կը սկսին շիլինկին արկածախնդրութիւնները, եւ ահաւասի՛կ ինչպէս որ ինք յետագային իր ընկերներուն կը պատմէր իր կրած ձախորդութիւնները։
       Բ.
       «Կե՜ղծ է, բան մը չ’արժե՜ր»։ Ի լուր այս բառերուն, կ’ըսէր շիլինկը, ցասումէս կը թրթռայի։ Չէի՞ գիտէր թէ ես լաւ արծաթէ էի, թէ ես լաւ կը հնչէի եւ թէ իմ կնքանշանս օրինաւոր էր ու վաւերական։ Այս մարդերը կը սխալին, կը մտածէի. կամ աւելի ճիշդը, իմ մասիս չէ, որ կը խօսին անոնք։ Բայց ո՛չ, իմ մասիս էր. արդարեւ զիս էր, որ կե՜ղծ դրամ մը եղած ըլլալ կ’ամբաստանէին։
       «Այս իրիկուն, մթութեան օգնութեամբը, ուրիշի մը կը փոխանցեմ» ըսաւ մարդը, որ զիս հաւաքած էր գետնէն։
       «Ինչ որ ըրաւ արդարեւ. իրիկունը, զիս ընդունեցին առանց խօսք մը ըսելու։ Բայց յաջորդ օրը վերսկսան զիս աւելի անարգել. «Գէշ մանրուք, կ’ըսէին, ջանանք մեզմէ հեռացնել ասիկա»։
       «Կը դողայի մատներուն մէջ այն մարդոց, որ կ’ուզէին գաղտագողի զիս ուրիշի մը ձեռքին մէջ սահեցնել։»
       «Ի՜նչ դժբախտ եմ, կը բացականչէի։ Ի՞նչ բանի կը ծառայէ իմ ամէն խառնուրդէ զերծ ըլլալս, այսքան ճշգրտօրէն կոխուած ըլլալս։ Ուրեմն աշխարհի մէջ մարդը յարգուած չէ իր բո՛ւն արժէքովը այլ այն կարծիքով՝ զոր մարդիկ կը կազմեն քու մասիդ։ իրապէս սարսափելի եղած պէտք է ըլլայ յանցանքներով բեռնաւորուած խղճմտանք մը ունենալը, քանի որ, նոյնիսկ անմեղ, մարդ այս աստիճան կը տառապի միայն յանցաւորի երեւոյթ մը ունենալով։
       «Ամէ՛ն անգամ, որ զիս լոյսին կը հանէին զիս շրջաբերութեան դնելու համար, վախէս կը սարսռայի։ Կը սպասէի քննութեան ենթարկուելու, խուզարկուելու, կշռուելու, սեղանին վրայ նետուելու, արհամարհուա՛ծ եւ լուտանքուած, իբրեւ սուտին եւ զեղծարարութեան մէկ գործը։
       «Այսպէս, կը հասնէի խեղճ ծերուկ կնոջ մը ձեռքերուն մէջ։ Ան զիս ստացած էր, աշխատանքի դժնդակ օրուան մը իբրեւ վարձք։ Անկարելի էր ինձմէ օգուտ քաղել։ Ոչ ոք կ’ուզէր զիս ընդունիլ։ Խեղճ պառաւին համար լուրջ կորուստ մըն էր ասիկա։
       «Ահա՛ ուրեմն ստիպուած եմ, ըսաւ ան ինքզինքին, մէկը խաբել՝ այս կեղծ դրամը իրեն փոխանցելով։ Ասիկա կ’ընեմ հակառակ կամքիս, բայց ես ոչինչ ունիմ ու չեմ կրնար ինքզինքիս գէշ շիլինկ մը պահելու պերճանքը թոյլատրել։ Աստուած վկայ, զայն պիտի տամ հացագործին՝ որ այնքան հարուստ է. ասիկա իրեն նուազ վնաս պիտի հասցնէ քան ուրիշ ոեւէ մէկու մը։ Թէեւ գէշ բան մըն է, ինչ որ կ’ընեմ։
       «Հա՜րկ էր որ, տակաւին ես դժբախտութիւնը ունենայի, բեռի մը պէս կշռելու այս ազնիւ կնոջ խղճմտանքին վրայ, ըսի ինքզինքիս, հառաչելով։ Ա՜հ, ո՞վ կրնար ենթադրել, իմ երիտասարդ տարիքիս զիս այնքան լուսաշող տեսնելով, որ օր մը ես պիտի իջնէի այսքան ցած։
       «Պառաւը մտաւ հարուստ հացագործին խանութը, այս վերջինը շատ լաւ կը ճանչնար շրջաբերութեան մէջ եղող դրամները՝ խաբուելու համար. ան զիս նետեց խեղճ պառաւին երեսին՝ որ մեկնեցաւ ամօթապարտ ու առանց հացի։ Ասիկա ինծի համար նուաստացումի լրումն էր։ Յուսաբեկուած էի եւ մորմոքեալ, ինչպէս կրնայ ըլլալ արհամարհուած շիլինկ մը՝ զոր ո՛չ ոք կ’ընդունի։
       «Բարի կինը վերստին առաւ զիս սակայն, եւ տուն վերադարձին, նայեցաւ ինծի, իր բարեացակամ նայուածքովը. «Ո՛չ, ըսաւ ան, այլեւս չեմ ուզեր ոչ ո՛ք խաբել. պիտի ծակեմ քեզ՝ որպէսզի ամէ՛ն մարդ տեսնէ թէ դուն կեղծ դրամ մըն ես։ Բայց մէկէն գաղափար մը կու գայ ինծի. ո՞վ գիտէ։ Չէի՞ր կրնար եղած ըլլալ մէկը այն մանրուք դրամներէն, որ բախտ կը բերեն։ Կարծես ատոր նախզգացումը ունիմ։ Այո՛, այդպէս, պիտի ծակեմ քեզ մէջտեղէդ եւ ժապաւէն մը պիտի անցնեմ ծակէտ, քեզ պիտի կախեմ դրացիին փոքրիկ աղջկան վիզէն եւ դուն բախտ պիտի բերես իրեն։
       «Պառաւը զիս ծակեց, ինչպէս որ ըսած էր։ Եւ ասիկա ինծի համար հաճելի զգացում մը չեղաւ։ Այսուհանդերձ, անոնցմէ՛ որոնց դիտաւորութիւնը բարի է, մարդ սիրով կը տանի շատ մը բաներ։ Ան ժապաւէնը անցուց ծակէն. ահաւասիկ, որ ես փոխակերպուեցայ տեսակ մը վահանակի (մետալիոն) ու զիս կը կախեն վիզէն աղջնակին՝ որ ամբողջութեամբ բերկրալեց, ինձ կը ժպտի ու զիս կը համբուրէ։ Գիշերը կ’անցնէի մանուկին անմեղ կուրծքին վրայ։
       «Առաւօտուն, մայրը զիս առաւ իր մատներուն մէջ, լաւ մը նայեցաւ ինծի։ Ան իմ մասիս իր գաղափարը ունէր. անմիջապէս հասկցայ զայն։ Ան առաւ մկրատը եւ ժապաւէնը կտրեց։
       «Ա՜հ, դուն շիլինկ մըն ես, որ բախտ կը բերես, ըսաւ։ Հիմա պիտի տեսնենք ատիկա։
       «Զիս մխրճեց քացախի մէջ։ Օ՜հ, տաժանելի լոգանքը, որուն ենթարկուեցայ. կապ կանանչ կտրեցայ։ Յետոյ ան ծակին մէջ ձիւթ դրաւ, եւ վերջալոյսին, բախտախաղի տոմսավաճառին գնաց, տոմսակ մը առնելու համար։ Նոր նախատինքի մը կը սպասէի։ Զիս արհամարհանքով պիտի նետէին, եւ ասիկա՝ շատ մը իրենց փայլով հպարտ մանրուք դրամներու առջեւ։ Խուսափեցայ այս նախատինքէն։ Տոմսավաճառին քով մեծ բազմութիւն մը կար. ան չէր գիտեր որո՛ւն նայեր, ո՛վ լսեր. ան զիս նետեց միւս մանրուքներուն քով, եւ որովհետեւ արծաթի լաւ հնչիւն մը արձակեցի, ամէ՛ն ինչ մտաւ իր կարգին։ Չեմ գիտեր թէ դրացուհիին տոմսակը շահեցա՞ւ առաջին պարգեւը, բայց ինչ որ լաւ գիտեմ, այն է որ, յաջորդ օրը, վերստին ճանչցուեցայ իբրեւ վատ մանրուք մը եւ զեղծարարութեամբ փոխանակուելու համար մէկ կողմ դրուեցայ։
       «Իմ ողորմելի նժդեհութիւններս վերսկսան։ Կը փոխանցուէի ձեռքէ ձեռք, տունէ տուն, նախատուած, ամէն մարդէ գէշ աչքով տեսնուած։ Ո՛չ ոք վստահութիւն ունէր իմ վրաս, ու ես սկսայ կասկածիլ իմ սեփական արժէքիս վրայ։ Աստուա՜ծ, ինչ սոսկալի ժամանակ մը եղաւ ասիկա։
       «Օտար ճամբորդ մը կը ժամանէ։ Բնականաբար ամէն ոք կը փութայ անոր փոխանցել գէշ մանրուքը, զոր ան կ’առնէ առանց նայելու։ Բայց երբ ան կ’ուզէ իր կարգին զիս տալ, իւրաքանչիւր ոք կը բացականչէ. «կեղծ է, բան մը չ’արժե՜ր»։ Ահաւասիկ վշտաբեր բառերը զոր հարիւրերորդ անգամ լսելու դատապարտուեցայ։
       «Բայց իբրեւ լաւ դրամ մը տուին ինծի», ըսաւ օտարականը, ուշադրութեամբ զիս քննելով։ ժպիտ մը յանկարծ ծաղկեցաւ իր շրթներուն վրայ։ Տարօրինակ էր ասիկա. բոլորովին տարբեր էր տպաւորութիւնը զոր ես յառաջ կը բերէի սովորաբար անոնց վրայ, որ ինծի կը նայէին։ «Կեցի՜ր, բացականչեց ան. ասիկա իմ երկրիս դրամն է, պարկեշտ ու կտրիճ շիլինկ մը։ Ծակեր են զայն. իբրեւ կեղծ դրամի մը վարուեր են իր հետը։ Պիտի պահեմ ու հետս մեր երկիրը պիտի տանիմ զայն։»
       «Ի լուր այս բառերուն, ամենաբուռն հրճուանքով մը ողողուեցայ։ Երկար ատենէ ի վեր յարգանքի նշաններ ընդունելու սովորութիւն չունէի այլեւս։ Զիս կտրիճ եւ պարկեշտ շիլինկ մը կ’անուանէին։ Ես մօտ ատենէն իմ երկիրս պիտի վերադառնայի՝ ուր ամէն մարդ զիս պատուով պիտի ընդունէր, ինչպէս հին ատեն։ Կարծեմ թէ իմ յափշտակութեանս մէջ շողեր պիտի արձակէի, եթէ իմ իւրանիւթս ատիկա թոյլատրէր։
       «Զիս փաթթեցին մետաքսեայ գեղեցիկ թուղթի մը մէջ, որպէսզի այլեւս չշփոթուիմ միւս դրամներուն հետ. եւ երբ զիս ունեցողը իր հայրենակիցներուն կը հանդիպէր, զիս ցոյց կուտար անոնց. բոլորն ալ լաւ բաներ կ’ըսէին իմ մասիս, եւ նոյն իսկ կը պնդէին թէ իմ պատմութիւնս հետաքրքրական էր։
       «Վերջապէս իմ հայրենիքս կը հասնէի։ Իմ բոլոր նեղութիւններս վերջացան եւ ես նոր հաճոյք մը առի կեանքէն։ Այլեւս խափանարարութիւններու չէի հանդիպեր, անարգանքներու չէի ենթարկուեր այլեւս։ Իմ ծակիս պատճառով կեղծ դրամի մը երեւոյթը ունէի, բայց ասիկա ո՛չ մէկ հետեւանք չէր ունենար. մարդիկ անմիջապէս կ’ապահովուէին թէ ես լաւ խառնուրդէ մը շինուած էի եւ զիս հաճոյքով կ’ընդունէին։
       «Ասիկա կ’ապացուցանէ, թէ համբերութեան եւ ժամանակին հետ, մարդ վերջ ի վերջոյ կը գնահատուի իր բո՛ւն արժէքովը։
       «Ասիկա ի՛րապէս իմ համոզումս է» ըսաւ շիլինկը, իր պատմութիւնը աւարտելով։
      
       ԱՆՏԷՐՍԸՆ