Նոյեան Աղաւնի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ծ. ՀՐԱԿՉ. -
       Ուիլ. Սարոյեանի այս պատմուածքը թարգմանեցի ու կը հրատարակեմ հոս, ո՛չ թէ որովհետեւ անոր հեղինակը Սարոյեանն է, ու ես կ’ուզէի գրութիւն մը ունենալ Սարոյեանէն, այլ որովհետեւ, այս պատմուածքին վերջաւորութիւնը իմ սիրտէս իսկ ժայթքած ճիչ մըն է, որ կը յայտնաբերէ իմ ալ հաւատքս ինչպէս անշուշտ ուրիշ շատ մը հայ-մարդոցը։ Յետոյ, որովհետեւ զայն կը նկատեմ իբրեւ պատգամ մը ու եթէ բառը մեծ է, ըսե՛մ իբրեւ հրաւէր մը, ուղղուած՝ մասնաւորաբար բոլոր հայ-մարդոց եւ մանաւանդ հայ-գրագէտներուն։
       Ու ասիկա՝ որովհետեւ, եթէ ներկայիս, ու իր պատմութեան մէջ ամէ՛ն անգամ որ ներկայացած է նոյն կացութիւնը, հայ-մարդերը այնքան տարբեր են իրարմէ, այսինքն այնքան խորապէս կորսնցուցած են իրենց նմանութեան գիտակցութիւնը, պատճառը այն է որ անոնք հեռացած են ճշմարտութենէն ու գեղեցկութենէն, - որոնք միշտ սէր մը կ’ենթադրեն ու ինկած՝ սուտին եւ տգեղին մէջ։ Մարդը որ կը ստէ, միշտ տարբեր է, նոյնիսկ բոլոր այն մարդերէն որոնք իր սուտը կ’առնէն իբրեւ ճշմարտութիւն։ Սուտ խօսող մարդուն եւ միւս մարդոց միչեւ նմանութիւնը , ուստի հաղորդութիւնը անկարելիութիւն մըն է։ Ու ամէն հաղորդութիւն միութիւն մը կ’ենթադրէ։ Ներկայիս, հայ-մարդերը կը ստեն եւ իրենք իրենց եւ բոլոր միւս-հայ-մարդերուն։ Հայ-մարդերուն իրարահաղորդութիւնը ստեղծելու առաջին պայմանն է ճշմարտութիւնը ստեղծել, գեղեցկութիւնն ու սէրը ստեղծել, ու ստեղծագործութիւնը մարդուն միտքին գործունէութիւնն իսկ է։ Ու մարդուն միտքին գործունէութիւնը, մարդուն ազատութիւնն է։ Ու գրականութիւնը, ամէ՛ն բան ըլլալէ առաջ, ազատութիւն մըն է։
       Այս պատմուածքը առած եմ Սարոյեանի պատերազմի մասին գրած մէկ վէպէն, «Ուէսլէյ Ճէքսըն», որուն մէջ նոյն անունը կրող ամերիկացի զինուոր մը կը պատմէ իր զինուորական փորձառութիւնները ու փորձանքները Ֆրանսայի մէջ։
       Ինչպէս միշտ, հոս ալ Սարոյեան ամէն բանէ առաջ մեզ կ’առինքնէ իր ստեղծած տիպարներուն նկարագրին ինքնութեամբը, իր անսահման անկեղծութեամբն ու իր հիւմուրովը։ Բայց մանաւանդ իր ստեղծած թարմ, առողջ, կենդանի ու անմեղ մարդկային ներքին տարածութեամբը, որ կը յափշտակէ մեզ եւ որ մարդուն կորսնցուցած դրախտն ու մարդկայինն իսկ է։ Ու այս դրախտին կարօտը ունի ամէ՛ն մարդ, դարերէ ի վեր, բայց մանաւանդ հայ-մարդը, որ այս դրախտը, հայրենիքը, մարդը նոյնացուցած է իրարու հետ։ Ու Սարոյեանի ամբողջ բանաստեղծականութիւնը այս կորսուած դրախտին կարօտը չէ միայն, այլ անոր վերագտնումը, վերստեղծումը։ Սարոյեանի վերստեղծած այս դրախտին մէջ իրապէս հայկական խորք մը կայ, իր նախնականութեամբն ու կրօնականութեամբն իսկ։ Ու հայ-մարդու արարք մըն է այս ստեղծագործութեան արարքը։ Ու անոր կարօտը՝ հայ-մարդու կարօտն է ինչպէս անոր գիտակցութիւնը՝գիտակցութիւնը հայ-մարդուն։ Սարոյեանի անձն ու գրականութիւնը շատ բարդ խորհուրդներ են, գոնէ ինծի հմար։ Որովհետեւ, Սարոյեան, հայ ժողովուրդին հաւաքական անգիտակցութեան մէկ ժայթքումն իսկ է, օտար լեզուիի մը երկինքին մէջ, ու այս պատճառով իսկ, հոգեբանականէն աւելի բնախօսական իրականութիւն մը կայ Սարոյեանի գրականութեան մէջ, Սարոյեանի մարդկայնութիւնն ու մարդկայինին հաւատքը՝ հայկական են։