Նոյեան Աղաւնի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
«ՄԵԾԱՏԱՂԱՆԴ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏ» Ք. (1)
       Հարցուր թէ այս վայրկեանիս, երբ կը գրեմ քեզի- կէս գիշերը քառորդ անցած - ուրկէ՛ կու գամ եւ ի՛նչ ըրի, որի՛ հետ էի մինչեւ հիմա։
       Կու գամ սրճարանէն, բարեկամս, ուր կը խօսակցէի, երկուքուկէս ժամէ ի վեր, «մեծատաղանդ արուեստագէտ Ք. ի հետ, որ ինծի պէս Հայ է եւ որուն յայտնութիւնը ասկէ քանի մը տարի առաջ, տարփողուեցաւ, ծնծղայուեցաւ եւ երգուեցաւ աշխարհիս բոլոր հայերէն թերթերուն մէջ։
       Ք. յիսունը անցուկ արուեստագէտ մըն է։ Իր վրայ ոչինչ ունի, որ աչքի զարնէ, բացի դժուարաւ երկնցած եւ գլխարկին ետեւէն կախուած անորոշ գոյնով մազերէն։ Պեխերը ածիլած է մինչեւ քթածակերուն տակ, որոնցմէ է կարծես, որ կը բուսնին եւ ուղղահայեաց կը թափին շրթունքին, իւրաքանչիւրը մէկ մատ լայնքով, այն երկու մաշած ու գունատած, եզերքները բզկտած ժապաւէնի կտորները, որոնք իր պեխի մնացորդներն են։ Մորթը հողի գոյնն ունի, փողոցի հող կառքերու անիւներէն ակօսուած, որուն վրայ բերանը աղքատ կնոջ մը գրպանէն ինկած հին ու բաց դրամապանակի մը պէս է, ուրկէ դեղին ու սեւ քուրջի կտորներ կ’երեւին։ Քիթը թանձր է եւ յառաջակառկառ այնքան՝ որքան պէտք է, ստորին լայն շրթունքին մանիշակագոյն թացութեան հետ միացած, տալու համար գետինը հոտուըտալով բոմերանիական ծեր շունի մը հեւացող երախին տպաւորութիւնը։ Աչքերը շագանակագոյն ըլլան հաւանօրէն, թէեւ ոչ ոք կրնայ ճիշդն ըսել, որովհետեւ եղած չէ մէկը, որ երբ եւ իցէ ակնթարթէ մը աւելի պատահմամբ նայած ըլլայ անոնց, այն մտածման բացարձակ պակասին պատճառաւ, որ կը յայտնուի անոնց մէջ եւ որ երբեք չի մղեր խօսակիցը նայելու եւ բան մը փնտռելու այդ աչքերուն մէջ։ Խօսակիցը, գիտէ միանգամ ընդ միշտ, թէ անոնք ցոյց չեն տար աւելի բան բայց եթէ անզօր դժգոհութիւն մը եւ դառնութիւն մը ընդդէմ ամէն բանի, զայրո՛յթ եւ դառնութիւն, որոնք մինչեւ իսկ իր ժպիտը, մինչեւ իսկ իր խնդուքը կը գունաթափեն՝ զանոնք վերածելով լապտերի մը փոշոտ ապակիներուն ետեւէն փալփլալու ճիգը ընող բոցի մը լոյսին։ Իրապէս անիկա դժգոհութեան խօսուն արձանը եւ դառնութեան բանող մեքենան է, դառնութեամբ սնանող եւ դառնութիւն արտադրող մեքենայ մը՝ որուն սնունդին պէս արտադրութիւնն ալ գորշ եւ հոտած ջուր մըն է միայն, առանց պարարիչ կամ պայթուցիկ ոեւէ ուժի…։
       Վիզը կարճ է, կռնակը կոր եւ կուրծքը ներս քաշուած։ Կրեայ մըն է, որ պատեանը քիչ մը վեր առած եւ գլուխը անկէ դուրս հանած՝ կ’երթայ կասկածոտ ու ծանր քայլերով, նայուածքովը կարծէք միզելով այն ամէն բաներուն վրայ - ցուցափեղկ, շէնք, կառք եւ մարդ որոնց քովէն կ’անցնի եւ որոնց ճոխութեան, մեծութեան կամ արտայայտած կարգաւոր իմացականութեան հանդէպ նախանձի գիտակից կամ անգիտակից զգացում մը միշտ կը կճէ, կը խայթէ զինք…
       Աղիտալի դիպուած մը այս հասարակ խեցեմորթին մէջ մտցուցած է երկու արտաքին տարր. մէկը գեղեցկութեան եւ միւսը արդարութեան զգացումը, որոնց երկուքին ալ ան տուած է իր սեփական ծուռ ու կծկուն, դաժան բայց թոյլ պատկերը։
       Ինչպէս ուրիշ ամէն բան, ան կարող չէ նաեւ, գէթ մօտաւորապէս, բացատրել թէ ինչպէս կ’ըմբռնէ ասոնցմէ մին եւ միւսը։ Յաճախ կ’սկսի սակայն տալ այդ բացատրութիւնը եւ իսկոյն կը խրի իրմէ կամ խօսակիցին կողմէ իր դէմը հանուած ամենափոքր խութերուն վրայ անգամ, զորս կը ջանայ հարթել «ինչպէս ըսեմ»ի եւ «Աստուծոյ սիրոյն» ի բացականչութիւններով։ Ի զուր իր ուղեղը գործել կը ջանայ. չափազանց լեցուն կամ բոլորովին պարապ, ան կը մերժէ յառաջանալ, հակառակ զայն շարժելու համար իր ըրած կրկին ու կրկին ճիգերուն, անոր դարձակոթը (մանիվելը) բռնելով անոր վրայ կոխելուն եւ վերէն վար ու վարէն վեր զայն ուժգին արձակելուն։
       Խօսակիցը պէտք կ’զգայ իրեն օգնութեան հասնելու. կ’ըսէ իր ըսել չկրցածը եւ կ’ըսէ նաեւ, անոր ի պատասխան, զայն ջրող իրողութեան կամ տրամաբանութեան փաստը։ Ան մտիկ չընէր սակայն եւ կը ծախէ, բառ առ բառ, իրեն հայթայթուած խօսքերը՝ զանոնք քիչ առաջ ձրի իրեն տուողին։
       Պիւթէ ուղեղ մը…։
       ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ