Նոյեան Աղաւնի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ա. Ի՞ՆՉ Է ՏՐԱՄԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ
       Ամէ՛ն լեզու խօսակցութիւն մը կ’ենթադրէ ու ամէ՛ն խօսակցութիւն՝ խօսակիցներ։ Որովհետեւ լեզուն հաղորդակցութեան միջոց մըն է՝ առ նուազն երկու մարդոց միջեւ։ Ու լեզուն կը կազմուի, կը հաստատաւորուի, մարդը մարդուն եւ մարդոց կապող յարաբերութիւններուն մէջ եւ յարաբերութիւններով։
       Մշակուած, ուստի զարգացած լեզուն միայն կ’ենթադրէ ինչ որ ես տրամախօսութիւն կը կոչեմ եւ որ հասարակ խօսակցութիւնը չէ։ Ու տրամախօսութիւնը՝ մշակուած միտք մը, այսինքն սեփական մշակոյթ ունեցող մարդ մը։ Խօսակցութիւնը կը զատորոշուի տրամախօսութենէն՝ հիմնական յատկանիշներով։ Առաջինը կրնայ ըլլալ որեւէ նիւթի մը մասին երբեմն, երբեմն առանց որոշ նիւթի մը եւ երբեմն ալ բազմաթիւ նիւթերու մասին միանգամայն, որոնք ո՛չ մէկ յարակցութիւն եւ շարունակութիւն չունին իրարու միջեւ։ Մինչ տրամախօսութիւնը միշտ որոշ եւ միակ նիւթ մը ունի, որուն մասին առ նուազն երկու մարդեր կը խօսին, այս նիւթին պարփակած խնդիրը լուծելու անխախտ նպատակով մը։ Ուստի տրամախօսութիւնը միշտ ուղղութիւն մը ունի, շարայարութիւն մը եւ նշանակութիւն մը ունի։ Անիկա միշտ յառաջացում մըն է, յառաջդիմութիւն մըն է միշտ, ուստի իր մէջ իսկ ծնունդ կու տայ ժամանակի մը՝ որ խօսակիցներուն ժամանակն է։ Ամէն խօսակցութիւն ցրուածութիւն մը կ’ենթադրէ - միտքի, կամքի, զգացումի եւ նիւթի ցրուածութիւն մը, մինչ տրամախօսութիւնը՝ կեդրոնացում մը. - կեդրոնացումը միտքին, զգացումին, կամքին եւ իրենց առարկաներուն։ Առաջինին մէջ մարդը հետաքրքրութիւն մը միայն ունի մինչ երկրորդին մէջ՝ շահագրգռութիւն։ Վերջապէս, տրամախօսութիւնը միայն ատակ է լեզուն միշտ մշակելու, ուստի միշտ զարգացնելու, մինչ խօսակցութիւնը լեզուին կորուստեան պատճառներուն հիմնականն է։ Ու մտաւորական կեանքը, ուստի մտածումը, տրամախօսութեամբ միայն կարելի է ստեղծել մարդոց մէջ, շուրջ եւ միչեւ բայց երբե՛ք խօսակցութեամբ։ Գրականութիւնը, ըլլալով ի՛րապէս կազմակերպուած լեզու մը նախ ու գործարանաւորապէս կազմակերպուած, կ’ենթադրէ ամենէն կատարեալ տրամախօսութիւնը։
       Արդ, այսօր, հայ- մարդը իր գոյութիւնը կը քաշքշէ անվերջ ու անվերջանալի խօսակցութիւններու մէջ միայն, որոնք կ’սպառեն զինքը, անվերադարձօրէն։ Աւելին իսկ. - իր ամբո՛ղջ գոյութիւնը խօսակցութիւն մըն է, անկապ, անիմաստ, աննպատակ ու անորակելի, ինչպէս իր գրականութեան մեծագոյն մասը։ Ինքն իսկ, իր մէջ իսկ, իրեն եւ ուրիշներու համար իսկ խօսակցութիւն մըն է միայն։ Բացայայտ ապացոյցը այս հաստատումին, իր օրաթերթային մտայնութիւնն է, որ օրաթերթային հոգեբանութեան մը վերածուած է գրեթէ ինչպէս իր գրականութիւնը՝ օրաթերթային գրականութեան մը։ Ու օրաթերթային մտայնութիւնը այն մտայնութիւնն է որ ո՛չ միայն անկարելի կ’ընէ մտածելու արարքն ու մտածումին գոյութիւնը, այլ կ’ատէ զանոնք, իբրեւ իր գոյութեան սպառնացող ոխերիմ թշնամիները։ Անշուշտ, մէկ դարէ ի վեր հայ- մարդը միշտ ալ օրաթերթային մտայնութիւն մը եւ օրաթերթային գրականութիւն մը ունեցած է, բայց երբեք այս տարածութեամբ եւ խորութեամբ։ Այն որ, գոնէ երեք քառորդ դարէ ի վեր հրատարակուած մեր օրաթերթերուն հաւաքածոները կը թղթատէ - չեմ ըսեր կ’ուսումնասիրէ - ինքզինքը կը գտնէ այս անդունդին առջեւ, ինչպէս այս տողերը գրողը։ Ու առանց այս օրաթերթերը ճանչնալու, ինչպէս առանց հայ-տղուն ու պատանիին բնախօսութիւնն ու հոգեբանութիւնը ճանչնալու, կարելի չէ ներկայ հայ-մարդը ճանչնալ, իր բազմածուփ, բազմահոս ու բազմախոց խառնուածքին մէջ։ Հայ-մարդը՝ որ օրաթերթ կը կարդայ, բայց գիրք չի կարդար։ Հայ- մարդը՝ որ ճառախօսութիւններ, բանախօսութիւններ եւ քարոզներ լսելու կ’երթայ, վազն ի վազ ու մտիկ կ’ընէ զանոնք բերանաբաց ու մտափակ, բայց գիրք չի կարդար։ Գիրքը, որ ձայն մըն է մինչ օրաթերթը, ճառն ու քարոզը՝ աղմուկ։ Հայ-մարդը, ինչպէս բոլոր նախնական մարդերը- չըսելու համար վայրենիները - ցոյցը, ինքնացուցադրութիւնն եւ աղմուկը կը սիրէ։ Եւ ով որ աղմուկը կը սիրէ, կը սիրէ վէճը։ Խօսակցութեան մէջ միշտ աղմուկ կայ ու տրամախօսութեան մէջ՝ ձայն - մարդկային ձայն մը միշտ։ Մնաց որ խմբագիրները, ինչպէս ճառախօսներն ու քարոզ տուողները, գրեթէ միշտ կը խօսին իրենց մինակութեան մէջ, այսինքն՝ պարապի մը մէջ։
       Անշուշտ, ամէն մարդ կը խօսի ինքզինքին հետ ալ, ինչ որ ներքին մենախօսութիւն կամ ինքնախօսութիւն կը կոչուի։ Բայց մարդը որ կը խօսի ինքզինքին, կը խօսի լեզուին միջոցով դարձեալ, որ ինքզինքէն չէ սորված այլ ուրիշ մարդոց հետ ունեցած իր յարաբերութիւններուն ընթացքին։ Ու յետոյ, երբ նոյնիսկ մարդը ինքզինքին կը խօսի, ինքզինքին հետ յարաբերութեան մէջ կը մտնէ լեզուին միջոցաւ, որովհետեւ մարդ ինքզինքին հետ կը խօսի իբրեւ թէ ուրիշ մարդու մը հետ խօսէր եւ ընդդիմանալով ինքզինքին։ Ու մարդ կ’ընդդիմանայ ուրիշ մարդու մը եւ երբեք ինքզինքին։ Ու անմիջապէս որ մարդը կ’ընդդիմանայ ինքզինքին, իր մէջ երկուութիւն մը ստեղծուած է արդէն, բաժանում մը յառաջ եկած է ու երկու մարդեր կան, իր մէջ իսկ, որ կը վիճին իրարու հետ։ Ուրեմն, ինքնախօսութիւնը, տարբեր ձեւի մը ներքեւ, տրամախօսութիւն մըն է ու իրական տրամախօսութիւն մը։ - Առանց ընդդիմութեան, ուստի պայքարի, տռամը գոյութիւն չունի եւ չի կրնար ունենալ։ Ու ամէն տրամախօսութիւն՝ տրամախոհութիւն մը կ’ենթադրէ։ Ու տրամախոհութիւնը կազմակերպուած տրամաբանութիւն մըն է։