14.
ՑՆՈՐՈՏ
ԱՆԴՈՐՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հեշտ,
փալփըլուն
գիշերներու
անդորրութիւն
մը
ցնորական…
Դօդօշներու
մերթ
կեղերջներ
լուռին
սրբոյթը
կը
լլկեն.
Ծովախորշին
մէջ
ընկղմած
լոյսէ
աչքեր`
որ
կը
խոկան`
Յոգնա՜ծ,
մաշա՜ծ
իրենց
տարփոտ,
իրենց
բոցեղ
տրտմութենէն:
Ցայգն
է
ժայթքած
իր
շողակի
շատրըւաններն
անրջական,
Հեռուներէն
ուտի
մը
թաւ
հեծքը
կու
գայ
դողդըղալէն.
Այս
գիշեր
ջերմ
ու
երազուած
կայծեր
հոգւոյս
խորերն
ինկան,
Կը
մարեմ
լոյսը
լամպարիս,
ու
կ'երազեմ
մըրափելէն:
Շանթէ
աչքեր,
բոցէ
թեւեր
մըտածումիս
կ'անցնին
քովէն.
Եւ
հուրիներ`
նոր
հոլանած
ալապաստրը
իրենց
կուրծքին`
Որոնց
համար
շրթունքներըս
անթիւ
իղձեր
կը
թոթովեն:
Որմին
վըրայ
տրտմութիւն
մը
կը
ցանէ
բիլ
եղրեւանին,
Դաշտերուն
մէջ
հարսնուկներու
բոսոր
իղձերը
կը
ցամքին.
Մինչ
ես
կ'ըմպեմ
հաշիշն
անյագ
ցընորաբեր
այս
գիշերին: