15.
ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ
ԵՐԳ
Կսկիծ
կայ
սրտիս
մէջը
վիրաւոր`
Զոր
արեւին
լո՜յսն
անգամ
չի
բուժեր.
Խորունկ
ու
ցաւոտ
մորմոքում
մը
որ`
Ա՜հ,
պիտի
լայննա՜յ
երբ
իջնէ
գիշեր:
Կը
հիւծին
ցոլքերն
լոյսին
հեռաւոր,
Խարոյկի
մը
պէս`
որ
վաղ
է
մաշեր .
Բայց
դեռ
կը
յուզէ
զիս
տեսիլք
մ'աղուոր`
Զոր
ինձ
կը
բերեն
անցեալին
յուշեր:
Ու
պիտի
ապրի՜մ,
վիշտը
նոր
ուժեր
Կը
բերէ
յանկարծ
հոգւոյս
սիրաւեր ,
Կեանքին
կը
դառնամ
դեռ
չըրած
գիշեր:
Փուշեր
նետուեցան
օրէ
օր
վէրքիս ,
Ու
հոն
հեծեծանք
մը
բերին
հովեր,
Բայց
սիրոյ
յոյս
մը
կ'արեւէ
հոգիս: