32.
ՑԱՅԳԱՅԻՆ
Լուսնի
մահիկն
երբ
Սանդուխներու
վրայ
Մեղմով
կը
տեղայ
Լոյծ,
անձրեւակերպ
Սահանքն
իր
լոյսին:
Եւ
երբ
մանիշակ
Գոլորշիներուն
Մըշուշն
անապակ
Կը
ծաղկի
թրթռուն
Ծովերուն
վըրայ:
Խորն
իմ
սենեակիս
Կը
հանգչի
հոգիս.
Փակաչք
ու
անթարթ
Կը
ծըփամ
հանդարտ
Ըստուերի
գորշ
գորշ
Լըճակներուն
մէջ:
Հայելիներուն
Հոգին
պըրիսմակ
Կը
դողայ
համակ
Երբոր
սարսըռուն
Աշտանակներուն
Ծիրանի
ցոլքեր
Կը
սահին
անոր
Վըճիտ
ծալքերէն:
Հոգւոյս
ալ
մէջէն
Տակաւ
կ'երկարի
Փափուկ
արծաթի
Շաւիղ
մը
ձայնի:
Ու
ճառագայթներ`
Որ
զիս
կը
կանչեն
Հոգւոյդ
ալուցքէն
Կը
հասնին
ինծի:
Հապօ՜ն,
կը
մեկնին
Իմ
անրջանքին
Թիթեռներն
ամէն,
Ու
միջոցին
մէջ
Յուշիկ
կը
գըծեն
Շառայլ
թըռիչքին
Ակօսն
հեշտագին:
Ակօսն
հեշտագին`
Որ
ձայնիդ
կառչած
Կ'երկարի
մինչեւ
Քու
սրտիդ
արեւ…