Դէպի վեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԶԱՒԱԿԸ


Երբ բաժունեցաւ ան իր առաջին ամուսնէն, դեռ հազիւ տասնութ տարուան էր. երիտասարդութեան է՛ն գեղածիծաղ, գեղեցկութեան է՛ն թարմ ու շքեղ փթթումին մէջ։

Ա՛լ չդիմացաւ վայրագ բնազդներուն անոր՝ որը ճակատագրին մէկ անգութ խաղովը իր ամուսինն էր եղեր. ա՛լ չկրցաւ տոկալ կոշտ ու կոպիտ վարմունքներուն անոնց՝ որոնք իր կեսուրն ու տալուըտանքն էին. եւ յուսահատութեան մէկ դժնդակ ժամուն, տառապանքի յիմարեցնող մէկ վայրկեանին աչքերը սեւցած, թողուց տուն ու տեղ, թողուց առա՜ղ, եւ իր միամեայ սիրուն Լէյլան, միա՛կ ծաղիկը իր կեանքի անապատին, միա՛կ սփոփանքը իր չարչրկուած սրտին, որը երկրին օրէնքը անողոք իր պաղատանքներուն ու արցունքներուն, չթոյլատրեց տանիլ իրեն հետ, եւ հեռացաւ գնա՜ց որոնելու նուազ խոժոռ բաղդ մը, գտնելու թերեւս աւելի՛ փափուկ ու կարեկից հոգի մը։

Իր Լէյլաէն բաժնուելուն սուր կսկիծը շուտով դալկացուց սակայն այտերուն վառ վարդերը, շուտով փոսացան նշաձեւ խոշոր աչքերը. ու երկա՜ր ժամեր կիսամերկ, փաթթուած միայն իր ցանուցիր մազերուն սեւ մետաքսին մէջ, կը մնար ոտքի վրայ իր խցիկին պատուհանին առջեւ դիտելով անթարթ հեռո՜ւն, կապոյտ ներկուած այն խոշոր տունը, իր երբեմնի տանջարանը, որուն պատերուն ետին թաղեր էր իր է՛ն դառն արցունքը ու միեւնոյն ժամանակ է՛ն երջանիկ ժպիտը։

Օ՜հ որքա՜ն կը զղջար հիմա. որքա՜ն կ՚անիծէր յուսահատութեան այդ յիմար վայրկեանը որ զինքը մղեր էր գործելու ոճիրներու աններելի՜ն, ոտնակոխ ընել տալով իրեն սրբագոյն պարտականութիւնը կնոջ, մայրութի՜ւնը… նուիրուելու ու զոհուելու վսե՜մ կոչումը։

Որո՞ւ թողեր էր արդեօք այդ զաւակը. չէ՞ որ այդ տան մէջ ինքը միակ սիրտն էր զայն սիրող ու անոր վրայ գուրգուրացող. չէ՞ որ ինքը միա՛կ պաշտպանն էր այդ հէքին։

Ինչքա՜ն պզտիկ հոգի մը, ինչքա՜ն անարժան մայր մը կ՚զգար ինքզինքը, որ չէր գիտցեր համբերել ու տառապիլ սիրոյն համար անոր՝ որը իրմէն կեանք չէր խնդրած, եւ որուն սակայն ինքը կե՛անք տուեր էր. եւ ատով՝ աւելի քան երբէք իր խղճին վրայ կը ծանրանար ահաւոր պատասխանատուութիւնը անոր կրած զրկանքներուն…։

Այդ տան մէջ կը տանջուէր, իրա՛ւ, բայց մի՞թէ հիմա չէ՞ր տանջուեր հազար անգամ աւելի՛ անգթօրէն…։ Իր մարմինը աւելի՛ պիտի խոշտանգուէր գուցէ. մի քանի լուտանքներ աւելի՛ իր երեսին պիտի նետուէին բայց ի՞նչ էին ատոնք բաղդատմամբ հիմակուայ կարօտի ու մա՛նաւանդ խղճի խայթի սուր տանջանքին՝ որը այնքա՜ն դաժանօրէն կը կրծէր իր սիրտը։

Ինկաւ անկողին, շա՛տ հիւանդ. ու երբ աղւոր օր մը բաղդը իրեն դէմ հանեց երիտասարդ Ֆուատը, որը իր հազարապետի ոսկեճամուկ համազգեստին մէջ անգամ մըն ալ սէգ ու գեղեցիկ, այնքա՛ն փարթամ գեղուհիներու եւ ազնուազարմ իշխանուհիներու սրտեր էր փոթորկեր, Ֆաթիմէի ստուերը միայն մնացեր էր։

Շատեր զարմացան Ֆուատի այս անկարելի ընտրութեանը վրայ. մէկէ աւելի պառաւներ ճիներու մատը տեսան այս գործին մէջ։

Ի զուր անոր մայրը լալով Ալլահին է՛ն սիրելի մօլլաներուն գրած նուիրական «նուսխաները» կարեց գաղտնապէս որդւոյն վերարկուին քղանցքներուն մէջ, զայն փրկելու համար չարին հմայքէն. «նուսխաները» ցոյց չէին տար իրենց հրաշքը, եւ Ֆուատ անդրդուելի կը մնար մօրը պաղատանքներուն եւ արցունքներուն դէմ։

Անիկայ թշուա՜ռ է, կ՚ըսէր, թո՛ղ մայր, քիչ մը գութ ու գորով, քիչ մըն ալ խնամք գուցէ կրնար դեռ զինքը փրկել։

Անկողնէն հանեցին Ֆաթիմէն «նիքեահին» արարողութիւնը կատարելու համար. այնքա՜ն տժգոյն էր ու դողդոջուն, կարծես մեռել մը ըլլար գերեզմանէն փախած։

Ֆուատ այդ իրիկունը տեսաւ համարձակ անոր բաց երեսը, ու գութէն դողաց։

Երբ հարսանիքի խրախճանքը վերջ գտաւ, նա բռնեց կնոջը ձեռքէն ու տարաւ մօրը քով։

Պահէ՛ այս խեղճ կինը, ըսաւ մեղմիւ. խնամէ՛ իբրեւ հարազատ զաւակդ. երբ կ՚առողջանայ, կը դառնայ իմ իսկական կինը, իսկ եթէ մեռնի՝ թող Ալլահը իր «ճէննէթին» հուրիներուն մէջ համրէ…։