Դէպի վեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿԵՍՈՒՐԸ
(ԳԱՒԱՌԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷ)
4


Այս տարի հողը արգասաւոր չէր եղեր. գրեթէ արդիւնք չէր տուեր, եւ Գրգօէնք պարտական մնացեր էին գիւղին Ռէս Խէչօին։

Տունորդօք տխուր էին. եւ կեսուրը աւելի՛ մռայլ ու դաժան դարձեր էր այն օրէն՝ երբ Ռէս Խէչօն եկեր էր վերջնապէս իրենց յայտնելու որ, եթէ երեք ամսուայ ժամանակամիջոցին մէջ պարտքը չհատուցանեն, պիտի գրաւէ անմիջապէս իրենց արտն ու այգին։

Իրիկուն էր. տնեցիք սեղանին շուրջը բոլորուած կը ճաշէին. Ալմաստ կ՚սպասաւորէր։

Ծերունի տատին դէմքը սովորականէն աւելի տխուր էր։

Տղա՛յ, ըսաւ նա յանկարծ Գրգօին դառնալով, ճար մը մտածեցի՞ր մեր օձիքը սա շանորդի Խէչօին ձեռքէն ազատելու համար։

Ի՞նչ մտածեմ, հա՛յր, դուն ինձմէ լաւ կը խորհիս, թոթովեց Գրգօն։

Ես մէկ ճար միայն գիտեմ, որդի՛, պատասխանեց ծերունին դողդոջուն ձայնով մը. դուն ուժով ու կտրիճ ես. վաղուընէ մայրդ թող կապէ անկողինդ, պանդխտութեան ելիր քանի մը ամսուայ համար. աշխատէ՛, ջանա՛ դրամ շահիլ, եւ մեր արտն ու այգին ազատել Խէչօին ճանկերէն…։

Գրգօն դեղնեցաւ եւ անգիտակցաբար աչքերը դարձուց Ալմաստին վրայ, որը այդ միջոցին հաց կը կտրէր։

Մէկէն արեան լայն շիթեր թրջեցին հացին շերտերը…։

Աղջի՛կ, ի՞նչ եղար, գոչեց տատը, արիւնը տեսնելով։

Դժբաղդ աղջիկը, յուզումէն ու սրտադողէն հացը կտրելու պահուն՝ ձեռքը կտրեր էր։

Ահա ծունկերը դողդղացին ու չոքեցաւ գետնին վրայ…։

Այդ իրիկունն իսկ երկունքի տագնապներուն մէջ ինկաւ ան. եւ մեծ դժուարութեամբ ծնաւ իր առջինեկ զաւակը. աղւոր ու քաջառողջ աղջիկ մը…։

Աղջի՜կ… օտարի մալ. աւելորդ ուտող բերան…

Եւ կեսուրը զայրոյթէն խենդի պէս վազվռտելով սենեակներուն մէջ.

Քա՜ծ է բերեր, քա՜ծ… կը գոռար, սեւանա՜յ օրը… ճինսը կտրուի, ջահիլ տղուս օրը սեւացուց…։

Է՜հ, բան չկայ, որ մի անգամ ալ քած բերէ, տունէն դուրս կ՚ընենք զինքը կ՚ըսէր տատը իր կինը հանդարտեցնելու համար այնպէս չէ՞ Գրգօ։

Ես գոհ եմ Աստուծոյ պարգեւածէն, աղջիկ կամ տղայ ինձ համար նոյնն է, կը պատասխանէր Գրգօն. եւ այդ սառն ու լուրջ պատասխանը աւելի՛ ես կը հրահրէր իր մօրը կատաղութիւնը։

Մի քանի օր ետքը Գրգօն դողդոջուն համբոյր մը դրօշմելով իր մանկան ճակտին վրայ, եւ գաղտագողի սիրավառ նայուածք մը նետելով իր կնոջ, ձեռք կ՚առնուր պանդխտութեան գաւազա՛նը, ու կը հեռանար տունէն…։