Դէպի վեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Կտրեց ծով ու ցամաք, քալեց դաշտ ու ձոր, մագլցեցաւ լեռ ու սար եւ հասաւ հոն՝ ուր կ՚ուզէր հասնիլ…։

Սիրեց, հաւատաց, յուսաց եւ գործեց։

Աշուղները իրենց ամենէն գեղեցիկ երգերը նուիրեցին անոր, եւ ժողովուրդը իր սրտին ու բաղձանքներուն է՛ն մօտիկ հէքիաթներու մէջ խառնեց, հիւսեց անոր կեանքը, ցոյց տալով զայն փոխն ի փոխը մերթ մարմնացեալ գեղեցիկ հրեշտակի մը, մերթ ճերմակ մօրուս հրաշագործ սուրբի մը, մերթ քաղցր, արդարասէր եւ ողորմած թագաւորի մը պաշտուած կերպարանքին տակ։

Եւ սակայն խաւարի որդիքը կը թափառէին անոր շուրջը։

Եւ եղաւ որ ուզեցին սեւցնել անոր գործքերը։

Միթէ՞ լոյսը կը սեւնայ։

Նա շարունակեց գործել, եւ դիւցազնօրէն մղեց մաքրագործումի եւ յառաջդիմութեան պայքարը լուսոյ թշնամիներուն դէմ։

Նա քարոզեց շարունակ եւ ամէն տեղ բարին, ճշմարիտը, գեղեցիկը։

Մի՛շտ ու ամէն տեղ նա բարեկամը մնաց աղքատին, պաշտպանը՝ զրկուածին, մխիթարիչ հրեշտակը՝ տառապեալին։

Ու երբ կը խօսէր անառակին, գողին, ոճրագործին հետ նոյնքան քնքշութեամբ, իր անուշ նայուածքը յառած անոնց կարմիր աչքերուն, կը բամբասէին զինքը իր թշնամիները թէ՝ չարերն են իր ընկերները։

Բարիները ինծի պէտք չունին, կը պատասխանէր ան, եւ կը շարունակէր իր ճամբան։

Նա Մեծ Վարդապետին կեանքը կ՚ապրէր։