Դէպի վեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Եւ նա երկար ատեն իր Տիրոջը պէս հրեշտակային համբերութեամբ եւ գերմարդկային արիութեամբ վերցուց այդ երկաթէ խաչը, մարդոց ապերախտութեան, վատութեան, չարութեան խաչը եւ գնաց մի՛շտ յառաջ։ Մտաւ շա՛տ գիւղեր, շա՛տ քաղաքներ. եւ ուր որ մտաւ, իրեն հետ մտան նաեւ Լոյսն ու Յառաջդիմութիւնը, Երջանկութիւնն ու Խաղաղութիւնը։ Դպրոցներ բացաւ, ընթերցարաններ հիմնեց, բարեգործական ընկերութիւններ կազմակերպեց, թշուառներու, անկարներու հոգատար, աղքատախնամ մարմիններ ստեղծեց։ Սիրեց, սիրուեցաւ ամէն տեղ՝ ուր որ գնաց, ամէն տեղ՝ ուր որ գործեց։

Ամեն տեղ հանդիպեցաւ սակայն սեւ երես վատերու, եւ ցած ու գձուձ հոգիներու։ Իր բարոյական կորովը երբէք չթուլցաւ, բայց ֆիզիքական ուժերը սպառեցան կատարելապէս։ Զգաց մահուան մօտալուտ գալուստը, եւ ուզեց հայրենի հողին վրայ, իր հօրենական տանը մէջ մեռնիլ։ Սրտի անհուն ցաւով մը թողուց այն տեղերն ու աշխարհները, որոնց նախախնամութիւնն էր եղեր։ Անցաւ անգամ մըն ալ բոլոր այն գիւղերէն ու քաղաքներէն, ուր լոյս եւ կեանք էր սփռեր։ Տեսաւ որ օրը օրին կը բարգաւաճէին, կը ծլէին ու կը ծաղկէին. խոպան երկրի վրայ սերմ չէր ցաներ. եւ անճառ ուրախութեամբ խայտաց իր հոգին։

Փա՜ռք քեզ, Աստուած, ըսաւ խորունկ երախտագիտութեան շեշտով մը, հունձքը շա՜տ առատ ըրիր մէկ մշակի համար։

Երբ հասաւ հոն, ուր առաջին անգամ իր գործունէութեան ասպարէզն էր ընտրեր, ա՛լ մնաց. կուրծքին ցաւը սաստկացեր եւ տկարութիւնը հսկայաքայլ յառաջդիմեր էր։ Ըմբռնեց թէ՝ անկարող պիտի ըլլար շարունակելու իր ճամբորդութիւնը. եւ ինկաւ անկողին, հոն այն սենեակին մէջ ուր երազեր, խորհեր, գործունէութեան իր առաջին ծրագիրները պատրաստեր էր մեծ իտէալներ իրականացնելու համար…։

Ժողովուրդը՝ զոր այնքան սիրեր էր, եւ որուն սիրոյն համար կը տուժէր իր թանկագին կեանքը, սենեկին դրանն առջեւ խռնուած, սրտմաշուք անձկութեամբ, եւ դառն արցունքներով կը հսկէր իր պաշտելի հովիւին վերջին վայրկեաններուն վրայ։ Եթէ բժիշկին խիստ պատուէրները չըլլային, արդէն հոն, անկողնոյն շուրջը պիտի թափուէին ամենքն ալ, գրկելու համար պաշտելի ոտքերն անոր, որ զիրենք կերակրեր էր՝ երբ անօթի էին, ջուր էր տուեր՝ երբ ծարաւի էին, մխիթարեր՝ երբ սգաւոր էին ու վշտացեալ։