Դէպի վեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ժամանակէ մը ի վեր սրտի զարգացումը կամ բարոյական հասկացողութիւնը շատ ինկած փիլիսոփայութեան մը վրայ կը հիմնուի։

Արդարութիւնը, ճշմարտութիւնը, ուղղութիւնը եւ ուրիշ կարգ մը բարոյական ընտիր յատկութիւններ, որոնք հին Յունաց եւ Հռոմայեցւոց այնքան թանկագին փառք կը կազմէին, հետզհետէ դասական հնութիւններու կարգը կ՚անցնին կարծես։

Կը կարծուի առհասարակ թէ՝ բարոյականութեան դարը անցած է այլեւս, եւ թէ նիւթի, շահու դարն է հիմա։

Նուիրականութիւն, սրբութիւն, խիղճ չկան իսկապէս. ատոնք նախապաշարումներ են զորս պէտք է մարդ թօթուէ վրայէն, եթէ կ՚ուզէ ապրիլ, յարմարիլ ժամանակի ոգւոյն եւ ամէ՛ն դէպքի, ամէ՛ն պարագայի, ամէ՛ն առիթի մէջ փնտռէ միմիայն իր եսին շահն ու օգուտը։

Սա՝ գաղափարներու անիշխանութիւն է, մարդկայնական զգացումներու այլասերում է, կեանքի կռիւին նախնական ու անասնական կողմն է. ու շատեր իյնալով ազգերու բարոյական բնաջնջումը պատրաստող այս սարսափելի բրօբականտին ազդեցութեանը տակ, իրենց կարգին իրենց շահերը, իրենց դիրքը փնտռեցին շահադիտական յեղափոխութեան, այդ անձեռնմխելի սրբութեան պղծումին մէջ։

Գիտակից յեղափոխականութիւնը տեղի տուաւ անհատական ստոր շահերու, եւ այս պատճառաւ ահա՛ հայ յեղափոխութիւնը վիժեց։

Իսկ ունի՞նք արդեօք դեռ եւս հայ ցեղին մէջ բացարձակապէս հակայեղափոխական ձգտումներով մարդիկ…։

Դժուար է ասոր հաւատալ, վասն զի հակայեղափոխական ըլլալ՝ կը նշանակէ հակաբնական մարդ ըլլալ. քանի որ բնութեան մէջ կայ մի՛շտ յեղափոխութիւնը։ Հակայեղափոխական ըլլալ՝ կը նշանակէ յետադիմական մարդ ըլլալ, որովհետեւ յառաջդիմութիւնը կը ստեղծէ յեղափոխութիւնները, եւ յեղափոխութիւններն ալ իրենց կարգին լայն ճամբայ կը բանան յառաջդիմութեան ու անոր կատարելագործուելուն կ՚օգնեն։

Հակայեղափոխական ըլլալ՝ կը նշանակէ անբարոյական մարդ ըլլալ, վասն զի անբարոյականութիւններու է՛ն պժգալին է իր «ես»ին հանգիստն ու հաճոյքներն ամէն բանէ գերազանց համարիլ, անտարբեր ու անգութ հանդիսատեսը միայն ըլլալ իր ցեղին ցաւերուն ու արցունքներուն եւ ինձմէ ետքը «ջրհեղեղի»ի սկզբունքովը առաջնորդուիլ, մինչ կրնար գուցէ իր ցեղին ապագայ կեանքին բարելաւմանը գործին մէկ հիմնաքարն ալ ինքը դնել…։

Արմատապէս բարոյական մարդ չենք կրնար դաւանիլ նոյն իսկ ան՝ որ թէպէտ իր քսակը իրօք բաց կը պահէ մասնաւոր ու ընդհանուր ողորմութիւններու համար, եկեղեցիներ, դպրոցներ, հիւանդանոցներ կը շինէ, անոնց յատկացնելով միանգամայն իր սեփական միջոցներէն մասնաւոր եկամուտներ, եթէ այդ բարեգործը լուռ ու անկարեկիր մնայ ի լուր իր հեռաւոր եղբայրներուն ցաւագին հառաչանքներուն. եթէ թափուած հայ արեան ծովերուն ի տես, ցեղին ձայնը չի խօսիր իր մէջը եւ ըմբոստացումի ազնիւ խոյանքով մը չի նետուիր անոնց հետքերուն վրայ, ցեղին հետ ապրելու կամ ցեղին հետ մեռնելու վսեմ վճռողականութեամբ։

Դիտուած է որ հակահեղափոխականները ընդհանրապէս ստոր նիւթի մարդիկը եղեր են միայն։

Հայութեան մէջ քանի՞ յեղափոխականներ ունեցանք որոնք յօժարէին բաժնուիլ իրենց քաղքենի պերճ կեանքէն եւ նուիրումի ճամբէն քալել։

Տանջուած ու զրկուած դասակարգերը միշտ բարձր պահած են սակայն յեղափոխութեան դրօշը ամէն ազգերու եւ ամէն ժողովուրդներու մէջ, ուրեմն եւ տանջուած դասակարգերու կրած երկարատեւ դժնդակ երկունքէն պիտի ծնի վերջապէս ազատագրութեան ու եղբայրութեան երանաւէտ օրը։