Աղջկան մը յիշատակարանը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

2 Հոկտեմբեր

Այսօր քոյրս հիւանդացաւ. բժիշկները վտանգաւոր բան մը չունենալը յայտարարեցին. ա՜խ այս բժիշկներուն խօսքերը եթէ միշտ ճշմարիտ ըլլային… իրենց յայտարարութիւնները մտահոգութիւնս երբեք փարատած չեն, վասն զի միեւնոյն խօսքերը կրկնեցին միշտ հոգելոյս մօրս հիւանդութեան ատեն ալ, մինչեւ որ գերեզման իջաւ…։

Ահա այս անորոշութիւնը, բժիշկներուն կեղծիքը ինձ եւ հօրս մեծ մտահոգութիւն կը պատճառէ. այսօր եկեղեցի երթալով քրոջս առողջութեանը համար ջերմօրէն աղօթեցի։

 

3 Հոկտեմբեր

Քրոջս վիճակը աւելի ծանրացաւ. բժիշկները բան չկայ ըսելով թոքատապ մը ունենալը կը յայտնեն. այս բժիշկները ի՜նչ տարօրինակ մարդիկ են։

Հայրս գործի չգնաց, սիրտ չունի աշխատելու։ Ինչպէս որ մօրս, նոյնպէս քրոջս հիւանդապահի պաշտօնը ես կը կատարեմ. բժիշկներուն պատուէրները ամենայն զգուշութեամբ կը գործադրեմ, որոնց մէջ ի զուր փրկութեան յոյս մը տեսնել կ’ուզեմ…։

 

10 Հոկտեմբեր

Քրոջս հիւանդութեան իններորդ օրն է, վիճակը բաւական բարւոքեցաւ, տաքութիւն եւ զառանցանքը անհետացան. եթէ ճիշդ է բժիշկներուն յայտարարութիւնը, հիւանդութիւնը բոլորովին անցած կրնայ համարուիլ։

Գիշերները կանոնաւորապէս չկրնալ քնանալուս, ինքզինքս քիչ մը տկար կ’զգամ. այս գիշերը թերեւս հանգիստ պիտի կրնամ քնանալ եւ վերստանալ կորուսեալ ոյժերս։

 

23 Հոկտեմբեր

Քոյրս թէեւ բաւական լաւ է, սակայն դեռ անկողինէն չկրցաւ ելլել։ Ծայրայեղ նիհարութիւն եւ չոր հազ մը ունի, թէեւ առաջուան պէս այնքան շատ խուխ չի թքներ։

 

5 Նոյեմբեր

Քոյրս ինձմէ խնդրած էր որ նոր վէպեր բերելու տալով իրեն կարդամ. բժիշկները կարդալը արգիլեցին։ Այսօր սկսայ կարդալ Արլէնքուրի Մենակեացը. շատ հաճոյք զգաց։ Վաղը Վ. Հիւկօի Պօղոսիկը պիտի կարդամ. փոքրիկ տետրակ մըն է, բայց անշուշտ իր ծաւալէն անհամեմատ բարձր նիւթ մը կը պարունակէ. հեղինակին անունը ըսածիս գրաւական մըն է։

 

28 Նոյեմբեր

Քրոջս վիճակը երթալով կը ծանրանայ. երեւելի բժիշկներու խորհրդածութիւնները ապարդիւն մնացին։ Երէկ գիշերը ծանր տագնապ մը ունենալով քիչ մնաց որ շնչահեղձ ըլլար. անմիջապէս թաղին բժիշկը կանչեցինք։

 

6 Դեկտեմբեր

Ո՜հ, գրիչս առաջ չերթար տխուր իրականութիւնը գրելու. քրոջս հիւանդութեանը վրայ՝ դրացիներու միջոցաւ բժիշկներու կարծիքը հարցնելով անբուժելի հիւանդութիւն մը՝ թոքախտ ըլլալը հասկցայ. սոսկալի ախտ մը, որ անշշուկ ամէն օր հազարաւոր կեանքեր կ’աճիւնացնէ։

Բժիշկները Գատըգիւղ օդափոխութեան տանիլ պատուիրեցին։

Հայրս անոր սիրուն համար ամէն բան զոհել աչքը առած է. մեր Սկիւտարի տունը գոցելով Գատըգիւղ տուն մը պիտի վարձենք։

 

Գատըգիւղ 2 Յունուար 1876

Հինգ օրէ ի վեր Գատըգիւղ փոխադրուած ենք. կահ կարասիներէն փոքրիկ մաս մը միայն հետերնիս բերելով Մօտա տուն մը վարձեցինք։

Այսօր քրոջս հազը քիչ մը թեթեւցաւ, բժիշկները կը շարունակեն դարմանել կատարելապէս եւ ապաքինելու մեծ յոյս կուտան։

 

5 Յունուար

Երկու օրէ ի վեր գիւղին բարձր դասին պատկանող հիւրերու այցելութիւնը կը վայելեմ. շատերուն հետ ծանօթացայ որոնց անունները միայն լսեր էի։ Հայրս գրեթէ չճանչցող չկայ։ Ազգ. պաշտօններու մէջ գտնուիլը եւ Ճեմարանին հոգաբարձութեան պաշտօնը զինքը շատերուն ծանօթ կ’ընծայէ, մանաւանդ իր ալեւոր, երկար, վայելուչ մօրուքը եւ լուրջ դէմքը ամենուն պատկառանք եւ համակրանք կ’ազդէ։

Քոյրս ալ այս այցելութիւններով բաւական իր ցաւը կը մոռնայ. նորանոր դէմքերու եւ ազնիւ հոգիներու ծանօթանալով կը մխիթարուի։ Վաղը իրեն Կէօթէի Վէրթէրը պիտի կարդամ. սիրային վէպերը շատ կը սիրէ, իւթօբիներով կ’ապրի։

 

15 Յունուար

Եղբայրներս Գատըգիւղի Ազգ. վարժարանը սկսան յաճախել. մէկը գալ տարի շրջանաւարտ պիտի կրնայ ելլել։

Այսօր ուրախութիւնս չափազանց է. քոյրս սենեակին մէջ պտտիլ սկսաւ, ախորժակն ալ բացուած է։

 

31 Յունուար

Մեր դրացիներէն Ս…եան Ֆ…եան եւ Ա…եան ընտանիքները խիստ ազնիւ են. իրենց յաճախակի այցելութիւններով մեր մխիթարիչները եղած են. քոյրս եւ ես իրենցմէ շատ կ’ախորժինք։

Երէկուան Սկիւտարի հրդեհէն մեր տունն ալ իր կահ կարասիով մոխիր դարձեր է. հայրս չափազանց ցաւեցաւ, իսկ ես քրոջս առողջանալէն զգացած ուրախութենէս՝ այդ նիւթական կորուստին վրայ ո՛չ կը մտածեմ եւ ոչ ալ կը ցաւիմ։

 

2 Փետրուար

Այսօր քրոջս հետ մօտաւոր դրացիներու փոխադարձ այցելութեան գացինք. ուրախութիւնս անսահման է։

 

4 Փետրուար

Այսօր քրոջս եւ մեծ եղբօրս հետ կառքով հեռաւոր բարեկամի մը այցելութեան գացինք։ Կ…եան բազմաճիւղ ընտանիքին կը պատկանի. մեծ տղանին Պ. Մ… անցեալ տարի Րօպէրթ Քօլէճէն շրջանաւարտ ելած տաղանդաւոր եւ համակրելի երիտասարդ մըն է. իր ստիպման վրայ քրոջը Օր. Ս…ի հետ դաշնակին վրայ անգլիերէն քաթրըմէն մը երգ զարկինք։

Նաեւ դաշնակի վրայ՝ առանձինն Հօմ սուիթ հօմը երգեցի. Պ. Մ… իր հիացումը եւ շնորհակալութիւնը յայտնեց։

Շատ համակրեցայ իրեն եւ այս տպաւորութեանս տակ տուն մեկնեցանք։

 

10 Փետրուար

Այս գիշեր Ս…եան ընտանիքը ի պատիւ մեզ երեկոյթ մը տուաւ, որուն ներկայ էին գիւղին բարձր դասին պատկանողներէն շատերը. երկսեռ երիտասարդութիւնը դաշնակի, ջութակի եւ սրինգի ընկերակցութեամբ լաւ նուագախումբ մը կազմեց, որուն ներդաշնակ եւ հոգեյոյզ թրթռումներուն տակ հաճելի գիշեր մը անցուցինք։

Պ. Մ… ալ ներկայ էր. երկու անգամ զիս պատուեց պարի հրաւիրելով. թռչունի մը պէս թեթեւ էր։ Իր ընկերութենէն շատ կ’ախորժիմ, մանաւանդ նրբիմաստ կատակաբանութիւններէն. գրեթէ երեկոյին հոգին էր։

 

11 Փետրուար

Այս կիրակի Պ. Մ… ի այցելութիւնը վայելեցի. ժամերով երէկ գիշերուան երեկոյթին ներկայ եղողներուն վրայ հեգնական կատակաբանութիւններ ըրաւ. խիստ զուարճախօս երիտասարդ մըն է, քոյրս ալ իրեն շատ կը համակրի։

Օրուան խնդիրներու, բանաստեղծութեան եւ ամերիկեան բարքերուն վրայ խօսելով անմեղօրէն երկար ժամեր անցուցինք։

Երէկոյին դրան առջեւ կայնած էի. Պ. Մ. փողոցէն կ’անցնէր. ինձի մոտենալով ձեռքս սեղմեց ու ֆրասներէն լեզուով ա վու մա բանսէ ըսաւ։ Կարմրեցայ. ի՞նչ կը նշանակէին այս խօսքերը, պարզ սիրային արտայայտութիւններ չէի՞ն։ Շփոթելս նշմարելով անմիջապէս խնդածաղիկ (բանսէ) մը նուիրեց եւ աւելցուց.

Այս ծաղիկին ֆրանսերէն անունն ալ հայերէնին չափ սիրուն ու խորհրդաւոր է։

Իր կատակաբանութիւններուն բաւական վարժ էի, ըրածին բառախաղ մը ըլլալը զգացի։

Գիշերը ընդերկար իր այս կատակին վրայ մտածելով անքուն անցուցի. չափազանց յուզուած էի. տարօրինակ նոր յուզում մը որ կեանքիս մէջ երբեք զգացած չէի։

 

18 Փետրուար

Շաբաթ մը կայ որ տեսած չեմ Պ. Մ… ը. կարծես ինքը հոգիիս անհրաժեշտ պէտքերէն մին դարձեր է, գիշեր ցերեկ միշտ անոր վրայ կը մտածեմ, ու կ’զգամ թէ կը սիրեմ զինքը։

Սէրը միթէ այսպէ՞ս պիտի սկսէր, իր գալը կանխաւ չպիտի՞ զգայի։

Այսպէս կը խորհիմ հիմա պատուհանիս առջեւ նստած՝ անհուն ծովային հորիզոնը դիտելով։

Մարմարայի ջինջ ջրերուն մէջ կապոյտ երկնային կամարը կը նշմարեմ. օդը թէեւ ցուրտ եւ ձիւնը ամէն ինչ սպիտակցուցած է, ընդհակառակը՝ բնութիւնը հանդարտ է, արեւուն շողշողուն ճառագայթները ջրին հարթ մակերեւոյթէն անդրադառնալով հայելիի նման լուսաւոր ցոլքեր կ’արձակեն։ Սրտիս կրակէն՝ արտաքին ցուրտը չեմ սեպեր, ու բաց պատուհանիս առջեւ նստած՝ օրագիրս կը շարունակեմ։