Աղջկան մը յիշատակարանը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

5 Փետրուար

Պ. Մ… առաջին անգամ ըլլալով այսօր տունէն դուրս ելաւ. պատուհանէն գալը տեսնելով ուրախութեամբ դուռը վազեցի. իր նախկին առողջութիւնը վերստացեր է։

Զիս տեսնելուն պէս՝ առաջին շարժումը անոյշ ժպիտ մը եղաւ, մին այն սիրատարփ ժպիտներէն որ մարդ կ’զգլխեն։

Առաջին այցելութիւնս քեզի կուտամ, ըսաւ, ձեռքս սեղմելով. անշուշտ սրտիս մէջ առաջին տեղը դուն բռնած ես։

Շատ ուրախ եմ, պատասխանեցի, ոչ միայն առաջին այցելութիւնդ ինձ տալուդ, այլ ցանկալի առողջութիւնդ վերստանալուդ համար։

Զառանցանքներուս մէջ միշտ քեզմով զբաղելուս, մայրս զարմանքը կը յայտնէ. մինեօն լուսանկարդ ժամացոյցի շղթայիս միտալիօնին մէջ տեսեր է, բայց ինծի բան մը չըսաւ։

Հապա ե՜ս, վիճակդ մտաբերելով, օրերով անքուն անցուցի։

Կը հաւատամ, եւ այդ գիտնալովս աւելի հոգ կ’ընէի. ինձմով ո՛ր աստիճան անհանգիստ ըլլալդ կը զգայի, բայց փա՜ռք Աստուծոյ, այսօրն քեզ ողջագուրելու բարեբախտութիւնն ունեցայ։

Երկար գրկախառնութենէ մը վերջ մեկնեցաւ. սիրտս, կեանքս ու ամէն բան ինձմէ կորզելով իրեն հետ տարաւ։

 

24 Մարտ

Այսօր սիրելի քրոջս մահուան տարին բոլորեցաւ. անցեալ տարի ճիշդ այսօր հոգին աւանդեց. ո՜հ, այդ օրը ի՜նչ սեւ օր էր. այդպիսի օրեր երթան ու չգան։

Ազգականներս ու բարեկամուհիներս այսօր զիս բաղնիք տանելով սուգէ հանեցին. տարի մը ամբողջ քրոջս յիշատակը սեւեր հագնելով պահեցի։

Միայն թէ իր նուիրական յիշատակը սրտիս փոթորիկներուն հետեւելով պղծեցի։ Տէրը մեղք չհամարէ։

Յիշատակը օրհնեալ ըլլայ։

 

25 Մարտ

Դաշնակի աշակերտուհիս սուգէ ելլելուս համար, ինձ թաւշապատ եւ փղոսկրազարդ լուսանկարի ալպօմ մը նուիրեց. խիստ հռչակաւոր արուեստական գործ մըն է, որուն առաջին բաժանման մէջ զետեղած է իրենց ընտանեկան համախումբ մեծ լուսանկարը։

 

15 Մայիս

Երեկոյին, աշակերտուհիիս եւ եղբօրս հետ Մէօհիւրտարի պարտէզը շրջագայեցանք. ծովը, երկինքը ու մերկ բնութիւնը դիտելով չէի կշտանար։

Պ. Մ… պատահելով մեզ բարեւեց. փոխադարձաբար զինքը բարեւեցինք. աշակերտուհիս մէկէն ի մէկ կարմրեցաւ եւ խօսակցութիւնը իսկոյն ընդհատեց. դէմքին այլափոխութիւնը սրտին յուզումը կը մատնէր։ Իր այս տարօրինակ եւ առանց պատճառի յուզուիլը ինձ զարմանք պատճառեց։

Ի՞նչ եղար, ըսի։

Ո՜հ, ոչինչ, բան մը չունիմ, պատասխանեց վրդովեալ ձայնով մը։

Չէ, անշուշտ բան մը ունիս եւ ինձմէ կը ծածկես, ըսի։

Վերջը կը պատմեմ, ըսաւ գլխովը եղբայրս ցուցնելով եւ ստորին շրթունքը խածնելով. աս կը նշանակէր. եղբայրդ չեմ ուզեր որ լսէ, երբ առանձին ըլլանք, կը պատմեմ։

Աշակերտուհիիս այս զգուշական վարմունքը զարմանքէ աւելի հետաքրքրութիւնս շարժեց։

Այս դէպքին վրայ, առանց ակնարկութիւն մը ընելու, ժամերով պտտեցանք։

Գիշերը քունս չտարաւ. կասկած մը միտքս կը չարչրկէր. երբեմն կասկածիս անտեղի եւ անհեթեթ ըլլալը կ’զգայի, եւ կ’ուզէի մտքէս վանել, բայց յամառաբար նորէն կը ներկայանար։

 

16 Մայիս

Այսօր դասախօսելու համար աշակերտուհիիս հետ առանձինն մնալով, երէկուան դէպքին վրայ խօսք բացի, ըսելով.

Երէկուան յուզումդ անշուշտ շատ մեծ գաղտնի պատճառ մը ունենալու է։

Այո՛, ազնիւ բարեկամուհիս, ըսաւ, սրտի խոստովանանք մը՝ որ ձեզ նման մտերիմ ու սրտակից բարեկամուհիի մը միայն կրնամ հաղորդել։

Կասկածս վերստին ծնաւ. բան մը կռահել չտալու համար, անտարբեր ձեւանալով ըսի.

Հետաքրքրութեամբ պիտի լսեմ։

Թէեւ շատոնց կ’ուզէի խօսքը ձեզի բանալ, սակայն կը քաշուէի. դիպուածին շնորհիւ մասամբ իմացաք գաղտնիքը։

Ես բան մը չեմ գիտեր, պատասխանեցի, յուզումս եւ անհամբերութիւնս ծածկել ջանալով։

Կը կարծէի թէ քիչ մը հասկցած էք. լաւ ուրեմն, ինձ կը թուի թէ ձեզ պատմելովս, սրտիս վրայէն մեծ բեռ մը պիտի վերնայ. չգիտեմ ի՜նչ զարմանալի զգացում մըն է ան որ զիս կը մղէ շատերէն գաղտնի պահել ուզած մէկ բանս քեզի յայտնելու։

Է՜հ, բնական է ատ, մարդ չկայ որ գաղտնիք մը, այն ալ սրտի գաղտնիք մը ունենայ եւ ուրիշի մը հաղորդել չուզէ։

Կարծեմ թէ մտերիմ ու սրտակից բարեկամուհի մը ունենալը այս պարագային մեծ բարեբախտութիւն մըն է։

Անտարակոյս, պատասխանեցի։

Համբերութիւնս կ’սպառէր։

Խորին հառաչ մը արձակելով ըսաւ.

Ա՛խ, սիրելիս, կը սիրեմ զինքը, յիմարի մը պէս կը սիրեմ։

Ո՞վ, հարցուցի զարմացմամբ։

Պ. Մ…ը, պատասխանեց, արտասուքի երկու կաթիլներ այտերէն վար հոսեցնելով։

Նոյն պահուն կարծես վրաս կուժ մը պաղ ջուր թափեցին. ո՜հ, այդ բառը, այդ անո՜ւնը…։ Ելեքտրական ցնցումի նման վայրկենապէս ամբողջ մարմինիս մէջ շրջան ըրաւ։

Վրաս ջջղային սարսուռ մը գալով նուաղեցայ։

Քիչ մը վերջ նուաղումս անցաւ։

Աշակերտուհիս գունաթափ եղած էր։

Զիս շատ վախցուցիք, ինչո՞ւ այդպէս եղաք, հարցուց սրտադողով մը։

Ինքզինքս ժողուելով պատասխանեցի.

Այս օրերս ջիղերս շատ գրգռուած են. մերթ ընդ մերթ այսպիսի տագնապներ կ’ունենամ. տուշէն բաւական օգտուած էի, երէկ արդէն ինքզինքս տկար կ’զգայի, այսօր հետեւանքը կրեցի։

Ըսածիս համոզուեցաւ. տուշ ընելս գիտէր եւ կանխաւ պատճառը հարցուցած էր։

Ներքին յուզումս իրմէ ծածկելով ամէն բան իմանալ ուզեցի։

Լսածիս հաւատալս չէր գար։

Կասկածս հաստատելու համար, հարցուցի.

Ան ալ քեզ կը սիրէ՞։

Խենթի պէս։

Ե՞րբ սկսաք զիրար սիրել։

Տասը ամիս եղաւ։

Ճիշտ տասը՞ ամիս է որ զիրար սիրել սկսած էք, ըսի, զարմանքս չկրնալով ծածկել։

Այո, տասը ամիս առաջ իրարու բացուեցանք, ըսաւ։

Ու խանդավառ ժպիտով մը աւելցուց, ժպիտ մը որ թունալից նետի մը պէս սրտիս մինչեւ խորերը մխուցաւ…։

Ինչպէ՜ս, ընտրութիւնս լաւ չէ՞, շատ գեղեցիկ երիտասարդ մըն է։

Չպատասխանեցի, եւ ի՞նչպէս կրնայի պատասխանել. զինքը հաստատելու համար, բոլոր սէրս, ամբողջ կեանքս ոտնակոխելու էի։

Լռութիւնս զգացնել չտալու եւ կասկածս աւելի հաստատելու համար, անմիջապէս հարցուցի.

Իրարու յիշատակ մը, սիրոյ կապ մը նուիրա՞ծ էք։

Անշո՛ւշտ, տեսէք սա լուսանկարը, կը ճանչնա՞ք զինքը…։

Վերջին խօսքը կատակաբար արտասանելով ոսկի միտալիօն մը ներկայացուց։

Ա՜հ, Աստուած իմ, տեսածս արդեօք երազ մը չէ՞…։ Ինձ նուիրած լուսանկարին նման իր մինեօն լուսանկարն է։

Ա՛լ չկրցի ինքզինքս զսպել. ինձ տուածն ալ իրեն ցուցնելով ըսի.

Դուն ալ աս կը ճանչնա՞ս։

Երբ միտալիօնիս մէջի մինեօն լուսանկարը տեսաւ, սոսկալի ճիչ մը արձակելով գոչեց.

Աստուա՜ծ իմ…։

Ու սկսայ մի առ մի իրեն պատմել, իմ ու Մ…ի միջեւ անցած բոլոր սիրային դէպքերը։

Զարմացաւ, բայց տակաւին չէր հաւատար։

Պատահմամբ իր վերջին նամակներէն մին քովս էր. անմիջապէս յիշելով իրեն ցուցուցի։

Այս գիրը կը ճանչնա՞ս…։

Ո՜հ, ճիշդ անոր գիրն է, գոչեց, դէմքը մարմարիոնի նման ճերմկանալով։

Եւ աճապարանօք գրասեղանին դարակէն նամակ մը հանելով ըսաւ.

Միեւնոյն յուզումները, միեւնոյն սէրը արտայայտող իր մէկ գիրն է աս։

Արդարեւ միեւնոյն սէրը միեւնոյն ժամանակ աշակերտուհիիս ալ ուխտած է։

Ալ մեր մէջ գաղտնիք չմնաց. վատին բոլոր կեղծիքները, բոլոր խորամանկութիւնները պարզուեցան։

Անշուշտ մեր երկուքէն մին ճշմարտապէս կը սիրէ, եւ ո՞վ է ան, ե՞ս թէ աշակերտուհիս…։ Բայց ինչո՞ւ անշուշտ կ’ըսեմ. չի կրնա՞ր ըլլալ որ անոր նման ցածհոգի եւ կեղծաւոր մարդը եւ ո՛չ մէկերնիս ալ ճշմարտապէս չսիրէ…։ Այս վերջին ենթադրութիւնս աւելի հաւանական, աւելի ճշմարտանման է…։

Այնքան երկիւղածութեամբ, այնքան եռանդով պաշտած սէրս, այս տեսարանէն վերջը, ծայրայեղ ատելութեան փոխուեցաւ. վրէ՜ժ, սոսկալի վրէժ մը լուծել կ’ուզեմ։ Նոյն ատելութիւնը ունեցաւ նաեւ աշակերտուհիս։

Աշակերտուհիիս հետ երկար բարակ խորհելէ վերջը, որոշեցինք անոր մէյմէկ նամակ գրելով վաղուան համար Մէօհիւրտարի պարտէզը ժամադրութիւն մը տալ։ Այս պարտէզը, առաւօտները, մանաւանդ լուր օրեր բոլորովին ամայի ըլլալուն, մեր նպատակին ամենէն լաւ կը յարմարէր։