1
Սեպտեմբեր
Վերջապէս
այնքան
անհամբերութեամբ
սպասած
հիւրս
այսօր
եկաւ.
երբեք
չէի
յուսար
թէ
ասանկ
լուր
օր
մը
կ’այցելէ։
Ս…եան
էֆ.
ի
քովն
էի,
երբ
սպասուհիս
եկաւ
իմացնել
Տօքթ.
Բ…եանի
այցելութիւնը.
անմիջապէս
ցատկեցի.
կեանքիս
մէջ
այսօրուան
չափ
յուզուած
չեմ.
տիկին
Ս…եան,
որուն
խնդիրը
բացած
էի,
սրտանց
յաջողութեանս
համար
կ’աղօթէր։
Հագուստներս
փոխելով
հիւրասենեակ
մտայ։
Աստուա՜ծ
իմ,
ինչ
տեսնեմ…
անուշ
աչքերով,
փոքր
շրթունքներով,
սեւ
մազերով,
գեղեցիկ
կլորիկ
մօրուքով
եւ
նուրբ
պեխերով,
համակրելի
եւ
գրաւիչ
տեսքով
բարձրահասակ
երիտասարդ
մըն
էր
հիւրս։
Ներս
մտնելուս
պէս՝
ոտքի
ելաւ
եւ
ձեռքը
երկնցնելով,
լուրջ
այլ
խիստ
քաղաքավարի
ըսաւ.
—
Տօքթ.
Տ…եան
էֆ.
ի
շնորհիւ
պատիւ
ունիմ
ձեզի
ներկայանալու
եւ
ներկայացնելու
իր
մէկ
գիրը։
Ձեռքս
սեղմել
եւ
թող
տալէ
վերջը
գրպանատետրէն
նամակ
մը
հանելով
ըսաւ.
—
Աւասիկ։
—
Շնորհակալութիւնս
կը
յայտնեմ,
ըսի։
Յետոյ
մեքենաբար
նամակը
բացի
եւ
կարդալէ
վերջը
ըսի.
—
Շատ
ուրախ
եմ
որ
հաճեցաք
ձեր
այցելութեամբ
զիս
պատուել։
—
Նոյնպէս
եւ
ես,
ըսաւ
Տօքթ,
Տ…եան
էֆ.
ձեր
վրայ
շատ
գովեստով
խօսեցաւ
եւ
ես
ալ
նոյնը
հաստատելու
բարեբախտութիւնը
ունենալուս
շատ
գոհ
եմ։
—
Այդ
ձեր
ազնուութիւնն
է,
ըսի։
Այնպիսի
լուրջ
դէմք
մը
ունէր
որ
կարծես
թէ
պարզ
այցելութեան
մը
համար
եկած
էր.
իր
ներքին
նպատակը
երբեք
չէր
մատներ
իր
խօսակցութիւնը,
թէեւ
պարզ՝
այլ
շատ
հմտալից
եւ
նպատակաւոր
էր։
Ընկերական
խնդիրներու
վրայ
գաղափար
փոխանակեցինք.
ինձ
հետ
գրեթէ
միեւնոյն
համոզումները
եւ
միեւնոյն
կարծիքը
կը
յայտնէր.
գաղափարներու
եւ
մտածումներու
զարմանալի
նոյնութիւն
մը
ունէինք։
Վեհ
զգացումներով
եւ
ազնիւ
մտածումներով
լցուած
էր
իր
հոգին,
մարդկային
թշուառութեանց
վրայ
անսահման
գութ
ունէր.
յառաջդիմական
եւ
բարոյական
բարձր
սկզբունքներու
կատարեալ
սիրահար,
վերջապէս
ամենաբարձր
նկարագրի
տէր
մէկն
էր,
գէթ
ինծի
համար…։
Երկու
ժամու
չափ
նստելէ
վերջը,
կիրակի
կրկին
այցելելու
խոստումով
մեկնեցաւ։
5
Սեպտեմբեր
Այս
կիրակի
Տօքթ.
Բ…եանի
այցելութիւնը
կրկին
վայելեցի։
Համակրութիւնս
եւ
սէրս
երթալով
կ’աւելնայ.
անկեղծօրէն
կը
խոստովանիմ
թէ
մինչեւ
հիմա
անոր
նման
համակրելի
դէմքի
մը
երբեք
պատահած
չեմ։
Մեկնիլ
ուզեց.
խնդրեցի
որ
գիշերը
մնայ
եւ
հայրիկիս
հետ
տեսնուի։
Գիշերը
մնալու
անկարելիութիւնը
յայտնեց։
—
Գատըգիւղ
մինակ
չեկայ.
քոյրերս
եւս
միասին
են.
բարեկամի
մը
այցելութեան
գացինք,
եւ
ես
խոստումս
կատարելու
համար
միջոց
մը
անոնցմէ
բաժնուելով
ձեզ
տեսնել
եկայ,
ըսաւ։
—
Շնորհակալ
եմ.
աւելի
ուրախ
պիտի
ըլլայի,
եթէ
ազնուուհի
քոյրերնիդ
եւս
միասին
բերէիք,
ըսի։
—
Խիստ
լաւ,
անկէ
քիչ
մը
կանուխ
մեկնելով
ձեզ
ներկայացնելու
պատիւը
կ’ունենամ,
ըսաւ։
—
Չափազանց
գոհ
պիտի
ըլլամ,
ըսի։
Արդարեւ,
ժամը
իննին
միջոցները
երկու
քոյրերը
եւ
քեռդուստրերը
միասին
առած՝
դարձեալ
այցելեց։
Այս
այցելութեան
ներքին
նպատակը
պարզ
աղջիկտես
մը
ըլլալը
զգացի։
Սակայն
նպատակնին
ի՛նչ
որ
ալ
ըլլար,
ես
բոլորովին
պարզ
եւ
անկեղծ
կերպով
վարուեցայ,
իրենց
նպատակը
չհասկցած
ձեւանալով։
Քոյրերը
ամուսնացած
են,
ուսում
չունին,
բայց
բարեսիրտ
եւ
համեստ
կ’երեւան։
Գալով
քեռդուստրերուն,
խիստ
գեղեցիկ
եւ
բաւական
զարգացած
են.
մեծ
օրիորդը
հայերէնէն
զատ
ֆրանսերէն
եւ
յունարէն
կարդալ
գրել
գիտէ,
եւ
փոքրը
հայերէնի
հետ
միայն
ֆրանսերէն.
զիրենք
շատ
սիրեցի։
Մեր
խօսակցութիւնը
լոկ
բարեկամական
եղաւ.
ծանօթ
խնդրոյն
վրայ
ո
եւ
է
ակնարկութիւն
չըրին։
Վերջին
շոգենաւով
մեկնեցան։
Չեմ
գիտեր
թէ
իմ
վրաս
ի՞նչ
գաղափար
կազմեցին.
անշուշտ
իրենց
կարծիքը
եղբօրնուն
վրայ
մեծ
ազդեցութիւն
պիտի
ունենայ։
7
Սեպտեմբեր
Բարեբախտաբար
սպասուհիս
անոնց
ծանօթ
ելաւ.
տասը
տարի
առաջ
միեւնոյն
թաղը
կը
բնակի
եղեր։
Այսօր
հօրս
խորհուրդովը
սպասուհինիս
անոնց
տունը
ղրկեցինք,
գաղափարնին
շօշափելու
համար։
Քոյրերը
թէեւ
հաճութիւն
տուեր,
սակայն
500
ոսկի
դրամօժիտ
պահանջեր
են.
սպասուհիս
ալ
պատասխաներ
է։
—
Գուցէ
300
ոսկի
կրնան
տալ,
այն
ալ
աւելորդ
կահ
կարասիները
ծախելով,
սակայն
մեծածախս
օժիտ
մը
պատրաստ
ունի
որմէ
շատ
գոհ
պիտի
մնաք։
—
Ես
եղբայրս
գետնէն
գտած
չեմ,
1000
ոսկի
դրամօժիտ
տուող
ալ
կայ.
ինքը
նոր
խելքի
ծառայելուն՝
չհաւնեցաւ,
ուսեալ
կը
փնտռէ.
հոգ
չէ
սակայն,
քանի
որ
սիրտը
ան
սիրեր
է՝
թող
առնէ,
բայց
500
ոսկիէն
պակաս
դրամօժիտով
կարգուիլը
իրեն
ամօթ
է.
հասարակ
դեղագործներ
500-600
ոսկի
դրամօժիտով
կարգուեցան,
իմ
եղբայրս
անոնցմէ՞
ալ
վար
է…
պատասխաներ
է
մեծ
քոյրը։
Սպասուհիս
ըսեր
է.
—
Ձեր
եղբայրը
խնդրուած
դրամօժիտէն
շատ
վեր
արժանիք
ունի.
շիտակը
եթէ
հայրը
դրամ
ունենայ՝
հազարներով
կուտայ.
այսօր
աղքատ
ինկեր
է,
բայց
ազնուական
պատուաւոր
գերդաստան
մըն
է.
աղջիկը
առնելով
չէք
խաբուիր։
—
Գիտցողին
իմ
եղբայրս
գանձ
մըն
է,
աւելցուցեր
է
փոքր
քոյրը։
Ահա
դարձեալ
մէջ
մտաւ
դրամօժիտի
անիծեալ
խնդիրը,
բայց
այս
անգամ
անյոյս
չեմ,
կարծես
թագուն
եւ
խորհրդաւոր
ձայն
մը
ինձ
կ’ըսէ.
—
Դիմացինդ
ազնիւ
հոգի
մը,
բարի
սիրտ
մը
ունի,
շահամոլ
եւ
եսական
չէ.
քանի
որ
քեզ
սիրեց,
ան
քուկդ
պիտի
ըլլայ…։
Իցի՜ւ
թէ
այս
ձայնը
զիս
խաբած
չըլլար.
հայրս
հոգւով
մարմնով
գործին
յաջողութեան
կ’աշխատի։
10
Սեպտեմբեր
Այսօր
չափազանց
յուզուեցայ.
ցերեկէն
սկսեալ
մինչեւ
ներկայ
վայրկեանս՝
աչքերէս
արցունքները
չդադրեցան.
սրտիս
նեղութենէն՝
սենեակիս
մէջ
առանձինն
հեծկլտալով
կ’արտասուեմ։
Աշխարհիս
վրայ
արդեօք
ինձ
նման
տարաբախտ
եւ
թշուառ
մը
եւս
կա՞յ…։
Երէկ
գիշեր
Պօյաճըգիւղ
ազգականներէս
մէկուն
հիւր
էի.
այս
առաւօտ
Վոսփորէն
մեկնող
երկրորդ
շոգենաւով
կամուրջ
իջայ.
ցերեկուան
դադարէն
առաջ,
Գատըգիւղ
մեկնող
վերջին
շոգենաւը
կրցի
մտնել։
Շոգենաւը
Գըզգուլէսիի
առջեւէն
անցած
պահուն
գլուխս
մէկ
կողմ
դարձնելով
Տօքթ.
Բ…եանը
կողմնակի
խցիկներէն
մէկուն
մէջ
տեսայ։
—
Ո՜հ,
ան
ալ
Գատըգիւղ
պիտի
ելլէ,
անշուշտ
մեզ
այցելելու
համար,
ըսի
մտովի։
Ուրախութիւնս
անսահման
էր։
Կօշիկ
ներկող
տղայ
մը
ղրկեցի
ու
զինքը
քովս
հրաւիրեցի։
Անմիջապէս
քովս
եկաւ.
բաւական
յուզուած,
շնորհալի
կերպով
մը
ձեռքս
սեղմեց։
—
Անշուշտ,
մեզի
այցելելու
միտք
ունիք,
միասին
կ’երթանք,
բարեբախտ
հանդիպում
եղաւ,
ըսի։
—
Կը
ներէք
որ
այսօր
ձեզ
չպիտի
կրնամ
այցելել,
ուրիշ
բարեկամի
մը
խօսք
տուած
եմ,
ըսաւ։
—
Պիտի
գիշերէ՞ք,
հարցուցի։
—
Ոչ,
վերջին
շոգենաւով
պիտի
մեկնիմ։
—
Ուրեմն,
անկից
քիչ
մը
կանուխ
մեկնելով,
կրնաք
ձեր
այցելութեամբը
մեզ
ալ
պատուել։
—
Եթէ
միջոցս
ներէ,
կը
խոստանամ,
ըսաւ։
Յետոյ
ոտքի
ելլելով
աւելցուց.
—
Կը
ցաւիմ
որ
ձեզմէ
բաժնուելու
ստիպուած
եմ,
ընկեր
ունիմ։
Եւ
արդէն
նոյն
պահուն
շոգենաւը
Գատըգիւղի
մօտեցած
էր։
Երբ
Գատըգիւղի
նաւամատոյցը
ելայ,
նշմարեցի
որ
ընկերներէն
մին
կին
եւ
միւսը
էրիկ
մարդ
էր։
—
Անոնց
հետ
բարեկամի
մը
այցելութիւն
տալ
ի՞նչ
կը
նշանակէ,
ըսի
ինքնին։
Մանաւանդ
իրեն
ընկերացող
կնոջ
հագուստէն
ու
կապուստէն
կը
կասկածէի։
Երեքը
միատեղ
կառք
մը
վարձելով
Ս.
Թագաւոր
եկեղեցիին
առջեւէն
քշեցին։
Կառապանը
ինձ
նախածանօթ
հայ
մըն
էր.
երեկոյին
զինքը
կանչելով
հարցուցի։
—
Այսօր
ցերեկին
կառքին
մէջ
տարիքոտ
կին
մը
եւ
երկու
էրիկ
մարդ
առիր,
անոնք
ո՞ւր
տարիր։
—
Փ…եաններու,
պատասխանեց։
Կասկածս
կամաց
կամաց
կ’իրականանար.
այդ
ընտանիքը
կը
ճանչնայի։
—
Այցելութեան
նպատակնին
հասկցա՞ր,
ըսի։
—
Ինչպէս
չէ,
պարզ
աղջիկտես
մըն
էր,
ըսաւ
խնդալով։
Վերջին
խօսքը
զիս
շանթահարեց։
—
Հասկցա՞ր,
աղջկան
հաւներ
է՞,
ըսի։
—
Չէ
հաւներ։
Դարձիս
կառքին
մէջ
կը
խօսէին.
լսեցի
որ
երիտասարդը
աղջկան
չէ
հաւներ։
Այս
յայտնութեան
վրայ՝
գոհունակութեան
մեծ
շունչ
մը
առի։
—
Ի՞նչ
պատճառաւ,
թրախօմայի՞
համար,
հարցուցի,
աւելի
հետաքրքրուելով։
—
Չէ՛,
աղջիկը
պանքան
600
ոսկի
ունի
եղեր,
բայց
ուսեալ
չըլլալուն
համար
չէ
հաւներ։
—
Քովի
տարիքոտ
կինը
ո՞վ
էր։
—
Խըլավուզ
է
եղեր.
միշտ
աղջիկը
կը
գովէր,
բայց
երիտասարդը
դիւրաւ
խաբուող
մէկը
չէր
երեւար.
ասոր
դէմ
«դուն
գիտես
որ
Ճ…եանին
աղջիկն
ալ
1,
000
ոսկի
ունէր,
ուսեալ
չըլլալուն
համար
չառի»։
Կառապանին
շնորհակալութիւնս
յայտնելով
ճամբեցի։
Խնդիրը
գիշերը
հօրս
բացի։
—
Աղջիկս,
ըսաւ,
քանի
որ
նիւթականէն
աւելի
բարոյականը,
արտաքինէն
աւելի
ներքինը
կը
փնտռէ,
ան
քուկդ
է.
վաղը
իրեն
նամակ
մը
գրելով
գրասենեակս
կը
հրաւիրեմ
եւ
գործը
կը
վերջացնեմ.
յաջողութեանս
մասին
փոքր
կասկած
մը
իսկ
չունիմ։
—
Ո՜հ,
հայրիկ,
յաւիտեան
երախտապարտ
պիտի
մնամ,
եթէ
յաջողիս,
ինձ
վերստին
կեանք
տուած
պիտի
ըլլաս,
ըսի,
վիզը
նետուելով։
—
Անհոգ
եղիր,
աղջիկս,
պատասխանեց
խեղճ
հայրիկս,
աչքերը
թրջելով։
Հիմա
ուրախ
եւ
գոհ՝
անկողինս
պիտի
մտնեմ։