Աղջկան մը յիշատակարանը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

17 Մայիս

Երէկ գիշեր, սրտիս նեղութենէն, աչքս քուն չմտաւ։

Այս առաւօտ աշակերտուհիիս տունը երթալով որոշած նամակնիս գրեցինք. միայն իմ ստորագրելս յարմար դատեցի, որպէս զի կասկածի տեղի չտամ։

Ժամադրութիւնը ժամը երկուքին որոշած էի։

Ժամը մէկին մեր ծնողքներէն գաղտնի մեկնեցանք. աշակերտուհիս անկիւն մը ծառին ետին պահուըտեցաւ։

Իսկ ես ծառին տակ սեղանի մը առջեւ նստայ, սիրտս սաստիկ կը բաբախէր եւ քանի՛ անոր վատ վարմունքը միտքս կ’իյնար, ձեռքս ու ոտքս դող կ’ելլէր։

Ժամը երկուքին տասը մնացած, Մ… պարտէզին դռնէն ներս մտաւ, ու զիս տեսնելով, ուրախ իմ կողմս դիմեց.

Կամացուկ մը ընկերուհիիս ըսի.

Վատը եկաւ, պատրաստ կեցիր։

Կոտրտուելով մը մօտեցաւ եւ իր կեղծ շաղակրատութիւնը ձեռք առաւ։

Այս ինչ բարեբախտութիւն է. շիտակը այս բացառիկ շնորհը չէի յուսար…։

Դեռ խօսքը չաւարտած, աշակերտուհիս երեւան ելաւ։

Երբ զայն տեսաւ, դեղնեցաւ եւ ետ ետ երթալով ըսաւ.

Դուն ալ հո՜ս…։

Վա՜տ շուն, ըսինք, երկուքնիս մէկ բերան, եւ երեսը թքնելով, պարտէզէն մեկնեցանք։

Կեցած տեղը արձանացած մնաց։

Պարտէզին դռնէն արհամարհանքի վերջին ակնարկ մըն ալ ձգելով տուն դարձանք։

Այսպէս լուծեցինք մեր վրէժը։

Երկուքնիս ալ գոհ մնացինք։

Երեկոյին, նախատալից եւ արհամարոտ նամակ մը գրելով երկուքնիս ալ ստորագրեցինք. մեզի տուած սիրային յիշատակները սոյն գիրին կցելով իրեն վերադարձուցինք։

Ահա այսպէս վերջացաւ ինձ երջանկութիւն եւ ապագայ խոստացող սէր մը։

Կը խորհիմ թէ աշխարհիս վրայ նմանօրինակ վատութիւն մը, նմանօրինակ հրէշային զեղծում մը արդեօք գործուա՞ծ է…։ Մաքուր եւ անկեղծ սէր մը խաղալիկ ընել, կոյս ու անարատ սիրտ մը ցեխերու մէջ թաթխել… ի՜նչ անազնուութիւն, ի՜նչ վատութիւն եւ ի՜նչ ցածոգիութիւն…։

Լոկ ժամանց մը ունենալու, վայրկենական եւ գազանական հաճոյք մը վայելելու համար, մեր երկուքին պատիւը իր աղտոտ ձեռքերուն մէջ առած, երկար ատեն մեզ խաբեց. ի՜նչ սրիկայական սիրաբանութիւն, ի՜նչ անգթութի՜ւն…։

Կեղծիք, խաբեբայութիւն, վատութիւն, անխղճութիւն կը տեսնես չորս կողմդ։

Արժանապատուութիւն եւ պատւոյ նախանձախնդրութիւն չեղած տեղ մը մարդ հազիւ իրաւունք ունի ապրելու։ Եւրոպական բարքերուն եւ կենցաղավարութեան միայն արտաքին ձեւը (Ֆօրմ) կապկաբար ընդօրինակած ենք, ան ալ իրար խաբելու, իրարու աչք շլացնելու համար, եւ ընդհակառակը հիմը (Ֆօն) անտեսած ենք։ Այս պատճառաւ հաւասար կը պատուենք ու կը յարգենք վատն ու ազնիւը, խղճամիտն ու անխիղճը, արժանաւորն ու անարժանը, ուղղամիտն ու խաբեբան, բարեսիրտն ու չարասիրտը, տգէտն ու գիտունը, եւ այլն. իրենց արժանիքնուն համաձայն չենք վարուիր, յարգելու մարդը կ’ատենք եւ ատելու մարդը կը սիրենք։

 

4 Յուլիս

Աշակերտուհիս դաշնակի մէջ շատ յառաջադիմեց. մեր սրտերը խոցող այն դժբախտ օրէն ի վեր ամենաջերմ մտերմութիւն մը հաստատեցինք։

Այսօր մոռցուած հին բարեկամուհիի մը այցելութիւնը վայելեցի. իրեն հետ Հօմ-Սքուլին մէջ դասակից էինք. վեց տարիէն աւելի կայ որ իր վրայ լուր մը առած չէի, յանկարծ երեւան ելաւ։

Բժիշկի մը հետ ամուսնանալով Ամերիկա գացեր է, եւ այժմ Պոլիս մնալու փափագ ունի։

Ամուսինը Տօքթ. Տ… եան խիստ նրբացած եւ զուարճախօս մէկն է. կատարեալ եանքի մը որ բոլորովին կորսնցուցեր է իր գաւառացիի յատկութիւնը։

Բայց քիչ մը պարծենցող երեւցաւ ինձ։

Իրենց այցելութենէն շատ գոհ մնալով լաւ ընդունելութիւն մը ըրի։ Երկու փոքրիկ մանչ զաւակները հրեշտակներու կը նմանէին, այնչափ սիրուն, այնչափ քնքշիկ որ համբուրելով չէի կշտանար։

Արդեօք Աստուած ինձ պիտի պարգեւէ՞ ասոնց նման գանձ մը…։

 

26 Սեպտեմբեր

Հայրս այս գիշեր սեղանին վրայ ամուսնութեան կարեւորութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը թուելով՝ իր ծերութիւնը, գալիք բնական մահը եւ մեռնելէն վերջը այս փորձանաւոր աշխարհիս մէջ անպաշտպան մնալս ինձ յիշեցուց։

Աղջի՛կս, ըսաւ հայրս, վերջին պարտականութիւնս է քեզ պաշտպանի մը ապահով ձեռքերուն յանձնել. իմ մեռնելէս վերջ չեմ ուզեր որ որբ եւ անօգնական մնաս. ուրեմն, քանի որ յարմար ժամանակն է եւ մանաւանդ ձեռքդ խնդրող մը ներկայացած է, խոստացիր որ զիս չմերժելով այդ անձին հետ ամուսնանաս։

Սիրելի՛ հայր, պատասխանեցի, այս յայտնութենէն շատ յուզուած, մինչեւ այսօր կամքդ միշտ յարգեցի. ինձ արժանի տեսածդ միթէ կրնա՞մ մերժել…։

Օրհնեա՜լ ըլլաս, աղջիկս, այս կիրակի աղջիկտես պիտի գան. բոլորովին կամքիդ հակառակ վարուիլ չեմ ուզեր. ազատ ես, եթէ հաւանութիւնդ տաս՝ կը վերջացնենք։

Լաւ կ’ըլլայ, ըսի եւ զիս խնդրողին անունը եւ արհեստը հարցուցի։

Պէշիկթաշ կը բնակի, պատասխանեց հայրս՝ կաշիի վաճառական Գ. Ս…եան, բաւական զարգացած երիտասարդ մը՝ որ ճաշակիդ լաւ կը յարմարի։

Գիշերը անկողինիս մէջ, ամուսնանալու համար աղջիկտեսի հին՝ այլ ամենէն պարզ եւ գործնական եղանակին վրայ խորհելով զայն սիրա-վիպային կամ իտէալական ամուսնութեանց հետ կը բաղդատէի… եւ առաջինը աւելի յուսալից ու աւելի հաստատուն կը գտնէի։

Եւ մեր մէջ մինչեւ հիմա ամուսնացողներէն շատերը միթէ այդ գործնական վաղեմի միջոցին դիմած չե՞ն. անոնցմէ ո՞րը ապերջանիկ եղած է, եւ քանիներ կրնա՞ն համրուիլ որոնց միութեան կապը վիպային կամ իտէալական սէրն եղած է…։

Ուրեմն, ինքզինքս ամենայն սիրով աղջիկտեսի բոլոր պատահականութեանց պիտի պատրաստեմ։

 

1 Հոկտեմբեր

Այս կիրակի, Գ. Ս…եան իր մօր հետ աղջիկտեսի եկաւ։ Ամենէն ճաշակաւոր շրջազգեստը հագնելով ըստ սովորութեան ձեռքերովս սուրճ եւ անուշ հրամցուցի. սուրճին գաւաթը առած միջոցիս քաղաքավարի ջուր մը խնդրեց։

Ջուրը հրամցնելով հեռացայ։

Քիչ վերջը իրենք ալ մեկնեցան։

Անոնց մեկնելէն վերջը հայրս եւ ես մինակ մնալով, հայրս հարցուց.

Ի՞նչպէս գտար, հաճելի չէ՞…։

Ինծի հաճելի ըլլալը ի՞նչ օգուտ ունի, քանի որ ինքը զիս չհաւնեցաւ, ըրի տխուր շեշտով մը։

Կը սխալիս, ըսաւ հայրս զարմանալով։

Է՜հ, եթէ հաւնած ըլլար, իբր խօսք-կապ մատանի մը կուտար։

Անգէտ աղջիկ մատանին նշանատութիւն եւայլն վերջէն ըլլալիք բաներ են. մեր սովորութեանց մէջ հաւանութեան նշանը տարբեր է, դուն միայն եւրոպական սովորութիւնները կարդացեր ես ու գիտես։ Քեզմէ ջուր մը չուզե՞ց…։

Այո՛ ուզեց։

Ահա մեր մէջ հաւանութեան նշանը ատ է, ըսաւ հայրս, միամտութեանս վրայ ծիծաղելով։

Ի՜նչ տարօրինակ սովորութիւն, պատասխանեցի իր բացատրութենէն ուրախ. շէնք շնորհք երիտասարդ մըն է, ընթերցասէր կ’երեւի։

Այո՛, առաջ դասատու է եղեր, հիմա նոր գործէն լաւ կը շահի։

Ուրեմն, ըսի, ձեռքը չպիտի մերժեմ. Աստուծոյ կամքը ինչ որ է՝ ան թող ըլլայ։

Թէեւ հաւանութիւնը տուաւ, սակայն տեսնենք դրամօժիտի խնդիրը ի՞նչ պիտի ընենք. բուն դժուարութիւնը հոտ է, սիրելի աղջիկս, ա՜խ եթէ ունենայի, քեզ երջանիկ ընելու համար հազարներով պիտի տայի, ինչպէս որ կրթութեանդ համար չխնայեցի։ Բայց, ափսո՜ս, մայրիկիդ ու քրոջդ հիւանդութիւնները եւ հրդեհը զիս փճացուցին։

Պատուական հայր, երբեք դժգոհ չպիտի ըլլամ, ճակատագրիս առջեւ անտրտունջ պիտի խոնարհիմ. եթէ ամէն բան կարգադրելով «ձեռքդ տուր» ըսես, պիտի տամ. հակառակ պարագային՝ առանց ցաւելու, սեւ բախտիս պիտի համակերպիմ, ըսի, խեղճ հայրս մեղքնալով։

 

16 Հոկտեմբեր

Գործնական եղանակով ամուսնանալու յոյսս ալ ջուրը ինկաւ։

Աստուա՜ծ իմ, այս ո՛րչափ տառապանք եւ սիրտմաշուք է որ կուտաս ինձ. երիտասարդական ծաղիկ հասակիս մէջ եւ կեանքի գարունը չվայելած, գրեթէ պառաւցայ։

Ձեռքս խնդրող Գ. Ս… եանը 500 ոսկի դրամօժիտ պահանջեր է. հայրս որչափ որ պարտք ընելով 100 ոսկի կանխավճար մը ընել եւ մնացածն ալ տարին 50 ոսկի վճարելով գոցել խոստացեր է, սակայն չէ ընդուներ։ Շահամոլ եւ անձուկ մտքի տէր, հոգիի ազնուութիւն չունի եղեր…։

Ա՜խ, այս անիծեալ դրամօժիտը… ինձ նման քանի՜ ծաղիկ կեանքեր արդեօք ցուրտ գերեզման առաջնորդեր է…։

Միթէ ժամանակիս երիտասարդութեան համար ստացած լաւ եւ լուրջ կրթութիւնս մեծ դրամօժիտ մը չէ՞… տան մը բարոյական եւ նիւթական հիմը միթէ կնոջ մը դաստիարակութենէն կախեալ չէ՞։

Չեմ ըսեր թէ դրամականն ալ մեծ տեղ մը չի բռներ, բայց քիչ շատ կարողութիւն ունեցող երիտասարդներ, ինչպէս Գ. Ս…եանը, կնոջ մը բարոյական արժանիքը նախապատուելու չե՞ն…։

Այս ընթացքով՝ ամուսնանալու երբեք յոյս ունենալու չեմ։ Միակ գործնական ճամբայ մը մնացած է, ան ալ իմ գործիս չի գար, այսինքն պարզ արհեստաւորի մը հետ ամուսնանալ։ Իմ ճաշակս, կրթութիւնս, զարգացած ու նրբացած դաստիարակութիւնս երբեք չեն համաձայնիր արհեստաւոր դասու կարգին պատկանող եւ միջակ կրթութիւն ստացող երիտասարդի մը հետ. անհաւասար եւ աններդաշնակ կենակցութեան մը մէջ հաճոյք եւ երջանկութիւն փնտռելը յիմարութիւն է, եւ այդ կեանքը նահատակութիւն մը…։

 

20 Նոյեմբեր

Նախկին դասընկերուհիս, Տիկին Տօքթ. Տ…եան, այսօր այցելութեան գալով եւ ամուսնութեանս անյաջողութիւնը լսելով շատ ցաւեցաւ։

Մեր ապրած միջավայրէն ինքն ալ դժգոհ է. ի մօտոյ ամուսինին հետ Ամերիկա վերադառնալ կը փափաքի։

Ամուսինը Փոքր Ասիոյ կողմերը պտոյտ մը ընելէն վերջը պիտի դառնայ. ամուսնոյն բացակայութեանը, աւելի յաճախ այցելութիւններ տալ խոստանալով մեկնեցաւ։