Աղջկան մը յիշատակարանը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

20 Փետրուար

Այս գիշեր մեր բարեկամներուն երեկոյթ մը պիտի տանք. քրոջս հետ սենեակները եւ պարասրահը ճաշակաւոր կերպով զարդարելու զբաղեցանք. լաւ ընդունելութեան մը համար ամէն բան պատրաստ է։

Երբ կը մտածեմ թէ Մ… ալ ներկայ պիտի գտնուի, անսահման ուրախութիւն կ’զգամ, կարծես աշխարհ իմս պիտի ըլլայ։

 

21 Փետրուար

Երէկ գիշերուան երեկոյթը յուսացածէս աւելի փայլուն եղաւ. այցելուները շատ գոհ մնացին. մանաւանդ Մ… ը. կարծես հրեշտակ մըն էր, նրբաճաշակ հագուստը բարձր հասակին շատ վայլած էր։ Կիրակի ցերեկին կրկին այցելել խոստացաւ։ Աստուած իմ, գիշերները ի՜նչպէս պիտի լուսցնեմ։

 

22 Փետրուար

Չգիտեմ թէ ուրիշներու սէրը ի՞նչպէս կը ծնի. կարճ միջոցի մը մէջ ան ինձմէ բոլոր մտածումներս կորզեց, վայրկեանի մը մէջ բոլոր հոգիիս տիրեց։ Եթէ աղջիկներու համար սիրոյ մէջ նախայարձակ ըլլալը ամօթ չսեպուէր, այսօր սիրտս իրեն բանալով զինքը սիրելս պիտի յայտնէի. բայց աւա՜ղ, պատշաճութեան օրէնքը վրաս կ’իշխէ եւ սրտիս ձայնը կը մարէ։

Այսօր ուրախութիւնս մեծ է. իր այցելութիւնը վայելելով զիս սիրելը կռահեցի։

Առջի օրուան երեկոյթին մէջ քոյրս պաղ առնելով այսօր քիչ մը տկար է, բժիշկը կատարեալ հանգիստ պատուիրեց։

 

26 Փետրուար

Քրոջս հիւանդութեան վրայ անհանգիստ եմ, անպիտան չոր հազը դարձեալ սկսաւ. գիշերները ամբողջ կուրծքը պաղ քրտինք մը կը պատէ։ Վաղը երեք երեւելի բժիշկներ պիտի խորհրդակցին. հայրս այս հիւանդութիւններուն եւ հրդեհներուն պատճառաւ գրեթէ փճացաւ. իր 12 ոսկի ամսականը ներկայ ծախքերուն չի բաւեր։

 

3 Մարտ

Երեւելի բժիշկներուն խորհրդակցութիւններն ալ ապարդիւն մնացին. քրոջս վիճակը միշտ ծանրանալու վրայ է։ Պ. Մ… է շնորհակալ եմ, այս նեղ օրերուս մէջ միակ մխիթարիչս եղած է։ Խնդրեցի որ յաճախ այցելէ. իրմով շատ երջանիկ պիտի ըլլայի, եթէ քրոջս հիւանդութիւնը չպատահէր, սիրտս կոտրած է։ Թէեւ ինքը համարձակեցաւ վարպետութեամբ մը զիս սիրելը յայտնել, սակայն ես փոխարինելու համարձակութիւնը չունեցայ։ Սիրոյ մէջ անկասկած զիս շատ ցուրտ եւ անտարբեր գտաւ. այս անտարբերութիւնը աւելի վշտահար վիճակիս հետեւանքն էր քան թէ սրտիս… եւ արդէն իր մեկնելէն յետոյ ըրածիս վրայ շատ զղջացի։

 

7 Մարտ

Այսօր կեանքիս էն հաճելի օրն է. սիրտս իրեն բացի, ուրախութենէն պիտի խենթենար։

Երկու շաբաթէ ի վեր քու վրադ մտածելով կը չարչարուէի, ըսաւ, ձեռքս բռնելով, առանց քեզ տեսնելու անցուցած վայրկեաններս կեանքիս ամենատաժանելի օրերը կազմեցին. երբ մօտդ ըլլայի՝ անհուն գոհունակութիւն մը կ’զգայի…։

Կը ցաւիմ որ երէկ սրտիս նեղութենէն քեզի նկատմամբ անտարբեր գտնուեցայ, պատասխանեցի։

Պատճառը աւելի մտքիդ վերագրեցի քան թէ սրտիդ։

Զղջացի, բայց ուշ էր։

Սէրդ արդէն նշմարեր էի, բայց երէկ միայն կրցի սիրտս քեզի բանալ, որուն դժբախտաբար չի պատասխանեցիր։

Շիտակը, նոյն միջոցին քրոջս ծանր վիճակը ուղեղս խանգարած էր. միեւնոյն ցրտութիւնը, առաջին անգամ խնդածաղիկ մը նուիրած միջոցիդ եւս ցոյց տուի եւ անոր վրայ քեզ աւելի ջերմօրէն սիրել սկսայ։ Միեւնոյն անկեղծ սէրը այսօր ինձ նուիրելուդ՝ ինքզինքս ամենէն բարեբախտը կը համարիմ։

Հապա ե՞ս… քեզ նման հրեշտակ մը ունենալուս երջանիկ եմ. եթէ կը հաճիս՝ լուսանկարնիս փոխանակենք. ահաւասիկ իմս ըսելով մինեօն մը ներկայացուց։

Շնորհակալ եմ. մինեօն լուսանկար չունենալուս՝ շատ կը ցաւիմ, բայց կը խոստանամ հօրմէս գաղտնի հանելով հատ մը նուիրել քեզի։

Լուսանկարը մէտալիօնիս մէջ դնելով իրեն ձեռագործ թաշկինակ մը նուիրեցի։

 

18 Մարտ

Մինեօն լուսանկարէս Մ… ի հատ մը նուիրեցի. համբուրելով գրպանատետրին մէջ դրաւ։

Կեանքիս մինչեւ վերջին վայրկեանը քեզ պաշտելով հետդ ապրիլ կ’ուխտեմ. մեր տնեցիք ալ կը համակրին քեզ. ամուսնանալով երջանիկ միութիւն մը պիտի կազմենք, ո՜հ, այդ երանելի օրը ե՞րբ պիտի գայ որ քեզ համարձակ վայելեմ, ըսաւ, ձեռքս ձեռքին մէջ առնելով։

Սրտիս յուզումէն՝ ձեռքերս կը դողային, վրաս նեղացուցիչ տագնապ մը գալով իսկոյն նուաղեցայ։

Քրոջս վիճակը յուսահատական է։

 

25 Մարտ

Այսօր կեանքիս ամենէն աւելի տխուր օրերէն մին է, սուգ ու լացի սեւ օր մը։ Ո՜հ, քանի որ մահ կայ, կեանքը ինձ խաղալիք մը կերեւայ, աննպատակ չարչարանք մը։

Պաշտելի հոգեհատորս, սիրելի քոյրս երէկ գիշեր մեռաւ, այսօր յուղարկաւորութեան տխուր հանդէսը կատարեցինք։

Մահուան եւ սիրոյ երկու ծայրայեղ ու հակառակ յուզումներու մէջ կը տառապիմ, վիճակս արգահատելի է։

Ջղային տագնապներս վերսկսան, չափազանց նիհարցայ. կ’երեւայ թէ այսչափ ծանր վիշտերու չպիտի կրնամ տոկալ…։

Եւ կը խորհիմ թէ ի՞նչ է կեանքն ու իր նպատակը, ո՜հ, եթէ ոչ՝ հեծկլտանքի շարունակութիւն մը…։ Վայրկենական հաճոյքի մը համար կարժէ՞ միթէ տարիներով անոր տաժանելի բեռը կրել…։

Այս սեւ օրերը կեանքիս գարունը խամրեցին. մօրս մահը, քրոջս մահը իրարու յաջորդելով ժամանակէն առաջ զիս ծերացուցին։

Ո՜հ, միեւնոյն տարուան մէջ երկու սրտահատորներս ալ յաւիտենականութեան անյատակ անդունդը գլորեցան, անծանօթ երկիր, ուրկէ ճամբորդի մը վերադարձը երբեք տեսնուած չէ, ինչպէս ըսուած է «Համլէթ»ի մէջ։

 

26 Մարտ

Հօրս զգացած վիշտը շատ խորին է. մէկ տարուան մէջ բոլորովին ծերացաւ, դրամական անձուկ վիճակն ալ աւելորդ հոգ մը։

Թէ՛ ծախքերը թեթեւցնելու եւ թէ քրոջս մահուան տխուր պարագաները մոռնալու համար, տուներնիս փոխել հարկ եղաւ. մէկ երկու շաբաթ վերջը Մէօհիւրտարի կողմերը տուն մը պիտի վարձենք։

Խեղճ Մ… ինքն ալ ինծի հետ սուգի մէջ է, երեսս նայելու համարձակութիւն չունի։ Այս անմխիթար վիճակիս ու առանձնութեանս մէջ կարծես ա՛լ աւելի զինքը կը փնտռեմ։

Սակայն քրոջս նուիրական յիշատակը սրտիս հոսանքին հետեւելէ զիս կ’արգիլէ. աւելի կ’ընտրեմ օրերով սուգի եւ տխրութեան մէջ թաղուիլ, քան թէ անոր խնկելի յիշատակը պղծել…։

 

13 Ապրիլ

Հայրս այսօր իր տոմարակալի պաշտօնէն հրաժարագիր տուաւ, ամսականին անբաւականութիւնը առարկելով, եւ երեք ոսկիի յաւելում մը խնդրելով։

Առանց դիտողութեան հրաժարականը ընդունեցին եւ իր տեղը աւելի նուազ ամսականով նոր հասնող սերունդէն մէկը դրին։

Շիտակը, այդ համբաւաւոր տան՝ հօրս նկատմամբ հետեւած ընթացքը պարսաւելի է. տասնըհինգ տարիէն աւելի է որ իրենց քով խղճի մտօք եւ կատարեալ ուղղամտութեամբ կը պաշտօնավարէր. այսպիսի վաղեմի աշխատաւոր մը փոխան վարձատրելու, իր վերջին անկեալ օրերուն մէջ երեք ոսկիի յաւելումի մը համար մէկէն ի մէկ ճամբելը խղճի բացակայութիւն կը նշանակէ։ Եւրոպական նմանօրինակ հաստատութիւններ իրենց այս կարգի պաշտօնեաներուն ամսականները տարուէ տարի կ’աւելցնեն եւ ապագանին կ’ապահովեն, նիւթական պարգեւներ եւ կամ հանգստեան թոշակներ յատկացնելով։

Այդ վաճառատունը հօրս ամսականին վրայ երեք ոսկիի յաւելում մը ընելով ոչինչ կը կորսնցնէր, մանաւանդ հօրս տասնը հինգ տարուան մատուցած ծառայութեանը փոխարէն այդ յաւելումը մեծ բան մը չէր։

Բախտին անողոք հարուածները իր խնայողութեամբը հաւաքած հարստութիւնը կորսնցնելէն վերջը, հօրս նման ուղղամիտ եւ փորձառու պաշտօնեայի մը չօգնելը, աշխարհիս վրայ գործուած ամենէն մեծ ապերախտութիւնն է…։

Մեր մէջ ե՞րբ պիտի ծնին Թափառական Հրեային մէջ յիշուած գործարանատէրին նման տիպար ու բարեսիրտ վաճառականներ…։

 

25 Ապրիլ

Հայրս հին պաշտօնը ձգելէն ի վեր զանազան վաճառատուններու մէջ այցելու տոմարակալի պաշտօնը վարելով նախկին վիճակէն աւելի գոհ է։

Մեծ եղբայրս այսօր Փարիզ մեկնեցաւ, Բօն է շօսէ վարժարանը մտնելու համար. բաւական խելացի ու ճարպիկ է. իր աշխատասիրութեամբը կը յուսամ թէ ապագային լաւ դիրք մը պիտի կրնայ գրաւել, որուն ի սրտէ յաջողութիւն կը մաղթեմ։ Բայց հօրս այս անկեալ վիճակին մէջ մեծ բեռ մը պիտի ըլլայ. հայրս որչափ որ իր նախկին նիւթական կարողութիւնը չունի, սակայն եւ այնպէս մեծ բացած դուռն ալ պզտիկցնել չուզեր. գիշեր ցերեկ չարաչար աշխատելով իր անկեալ վիճակը ուրիշներէն ծածկել կը ջանայ եւ իր նախկին արտաքին փայլը անփոփոխ կը պահէ։

Դժբախտ հայրիկ, իր ծերութեան վերջին օրերուն մէջ միթէ արժանի է՞ր այս զրկանքներուն եւ սիրտհատնումներուն։