Առաջին սէրը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա.

Օգոստոսին, առտու մը կանուխ, քալելով Հալքիին շրջանը ընելու ելած էին Տիգրան ու Նուարդ, քոյր եղբայր։ Յունաց Աստուածաբանական վարժարանին դիմացի բլրակին վրայի փոքրիկ տուներուն մէկէն դուրս ելած էին, երբ դեռ արեւը լոգանքէն ելած կոյսի մը պէս, շիկնոտ ճաճանչներ կ’արձակէր, հազիւ գրկաչափ մը բարձրացած Եագաճըգի լեռներուն վրայէն։ Դէպի Աստուածաբանական վարժարանը մագլցեր էին նախ, փութկոտ քալուածքով մը, քով քովի, թարմ թարմ ամէն մէկ քայլափոխին շնչելով առտուան զով ու կեանքոտ օդը։ Յետոյ դէպ ի ծովեզերքը իջեր էին, կարելի եղածին չափ երկնցնելու համար իրենց ճամբան։

Մէկ նայուածքով ոչ ոք պիտի վարանէր ըսելու թէ քոյր եղբայր էին ասոնք։ Թէեւ, երիտասարդը հազիւ քսանը անցած միջահասակ ու թուխ էր, մինչ աղջիկը կապոյտ աչուի եւ երկայնահասակ, սակայն իրենց քալուածքին, նայուածքին ու խօսուածքին մէջ չես գիտեր ինչ մը կար որ կ’ըսէր թէ քոյր եղբայր էին ասոնք։ Երբ ճիշդ ծովափը հասան վայրկեան մը կանգ առին, գիտենալու չորս դին։ Ծովը դիմացի եզերքէն զարթումի, կեանքի անուշ ողջոյն մը կ’առնէր կը բերէր մեղմիկ ծփանքներով ու եզերքի կոպիճներուն կը զարնէր զայն կամացուկ մը, գիշերուան թմրութենէն արթնցնելու համար Հալքին, խնամոտ մօր մը պէս՝ որ առտուան անուշ քունէն մեղմութեամբ արթնցնել կ’ուզէ իր զաւակը։ Ծովեզերքին մի քանի ցանցառ եղեւինները իրենց միօրինակ խլրտուքին միսթիք խաղը կը բերէին խառնել այն առաւօտեան ժամերգութեան որ ամէն օր ինքնիրեն կ’երգուի բնութեան չքնաղ տաճարին անեզրութեան մէջ։

Անդին, Պօլսոյ կողմը, շղարշ—մէգ մը կը ծածանէր, արեւելքէն դէպ ի արեւմուտք երկարաձգուած, հեռուէն ամպիկէ նուրբ քօղին ներքեւ իր գեղեցկութեան ամբողջական ցուցադրումը զլացող գեղուհիի մը կերպարանքը տալով Մայրաքաղաքին։

Քալե՛նք, ըսաւ Նուարդ քիչ մը ետքը, հիանալի տեղ մը գտած եմ. հոն պիտի տանիմ քեզի այսօր։ Այդ տեղը, հակառակ խենդենալու չափ սիրած ըլլալուս, շատ քիչ անգամ գացած եմ, որպէսզի քեզ հետ միասին ըմբոշխնենք անոր հրապոյրները։

Ո՞ր կողմն է այդ տեղը։

Անհամբեր մի՛ ըլլար, քալե՛նք, քիչ մը ետքը կը տեսնես։

Եւ խորտուբորտ ծովեզերքէն սկսան քալել։ Երբեմն ճամբան այնքան կը նեղնար որ կ’ստիպուէին քովէ քով չքալել։ Բնութեան քմահաճոյքին կը հետեւէին, անկապակից շրջաններ ընելով, մերթ փոքրիկ հրուանդանի ճիշտ քիթէն անցնիլ ուզելով, մերթ ծովախորշիկի մը առջեւ դարձեալ դէպ ի ներս կլոր պտոյտ մը ընել ստիպուելով։

Պիտի յոգնիս Նուա՛րդ, ըսաւ երիտասարդը երբ ծովու բաղնիքներուն քովէն դարձեալ դէպ ի ծովեզերք կ’իջնային, ջուրին ճիշտ քովէն քալելու համար, վերէն շիտակ ճամբէն երթալու էինք։

Չեմ յոգնիր քեզի հետ, ըսաւ Նուարդ եղբօրը թեւէն կախուելով կէս մը, փոքրիկ զառիվեր մը ելլելու համար։ Հասարակաց ճամբաները չե՛մ սիրած երբէք, ամենուն անցած ճամբէն ացնիլը հաճոյք մը չունի ամենեւին, տափակութիւն էատիկա։ Ի՞նչ կ’ըլլայ, կը յոգնինք քիչ մը, բայց պիտի տեսնես հիմա ինչպէս կուշտ ու կուռ պիտի վայելենք բնութիւնը եւ ինչ ախորժակով պիտի նախաճաշենք։

Քիչ մը անդին, ձկնորսներու լարած ուռկաններու մօտ, առեւտրական վարժարանին դիմացի ընդարձակ որմափակին քովէն վեր ելլել ստիպուեցան, որովհետեւ, հոն ալ ծովեզերքը գրեթէ անմատչելի է։ Անկոխ մարգագետնին վրայէն այդ վերելքը շատ դժուար էր. ամէն վայրկեան ոտքերնին սահելով ակամա երկրպագութիւն մը ընել կը ստիպուէին։ Եւ ամէն անգամ «հօ՜բ» կ’ըսէր Նուարդ ու կը խնդար. խնդուքը սիրուն ծալքեր կը գծագրէր իր կանոնաւոր դիմագծերուն վրայ. յետոյ մէկ ձեռքով, սեւ ու խիտ մազերուն ցնցումներէն ապստամբած սիրուն գանգուրները կ’ամփոփէր գլխարկին տակ։ Եւ երբեմն ալ.

Կամա՛ց տղաս, չիյնա՜ս, կ’ըսէր սիրուն շեշտ մը դնելով «տղաս» բառին վրայ ու ինքն ալ խնդալով Տիգրանին ունեցած ունեցած մէկ տարուան տարիքի առաւելութեան մէջ սղմեցնելուն համար այդ բառը։

Ճամբան հասան վերջապէս ու սկսան քալել երկու կողմի խիտ եզերքներուն մէջէն՝ որոնք արեւին ճաճանչները դեռ չէին ձգեր գալ գիշերուան տամկութիւնը ջնջելու։ Ծառերուն ու գետնին կանանչութիւնը, դեռ նոր ներկուած կարծես, կը ժպտէր ամէն կողմէն։ Երբեմն երբեմն տերեւներուն մէկ բացուածքէն սպրդած ճառագայթներ, երկար ու նուրբ վէտվէտումով մը կ’ոստոստէի ճամբուն վրայ, թեթեւ հովին քմահաճոյքին համեմատ։

Քիչ մը ետքը եղբօրը ձեռքի նուրբ գաւազանը առաւ Նուարդ ու ճամբուն փոշին ծեծելով անով.

Նա՛, ըսաւ, ամէն մարդ կ’անցնի ասկէ, այնքան անցուած է որ տե՛ս փոշիին մէջ կը թաղուի ոտքերնիս, ի՞նչ հաճոյք կայ ասկէ երթալու մէջ, պարզ ընդօրինակութիւն մը ամէնուն ըրածին, ինչ որ չեմ սիրած եւ չպիտի սիրեմ բոլոր կեանքիս մէջ, եկո՛ւր տղա՛ս, քիչ մը վերէն երթանք։

Եւ ծառերուն մէջ խորասուզուեցան դարձեալ։ Առանց ուշադրութիւն ընելու ճամբուն, խորասուզուեցան անտառին մէջ որոշ ուղղութեան մը հետեւելով միայն։ Երբեմն այնքան խիտ թուփերու մէջ շրջապատուած կը գտնէին ինքզինքնին, որ Տիգրան ձեռքի նախաճաշի փոքր ծրարը վար կը դնէր, երկու ձեռքերով կ’գրկէր մէկդի կ’առնէր մացառները որպէսզի Նուարդ անցնի առանց վրան գլուխը պատռելու։

Եւ ան, ժպտելով, միշտ ժպտելով, մատովը պզտիկ ապտակ մը կը զարնէր եղբօրը երեսին, շնորհակալութեան փայփայանքի պզտիկ ապտակ մը ու կ’անցնէր։

Արսէնիօս հոսանք, ըսաւ վերջապէս Տիգրան, դեռ հեռո՞ւ է ըսած տեղդ։

Եկուր, ըսաւ ան շրջան ընելով վանքին ետեւի կողմէն ու Չամ—Լիման տանող ճամբան ձախ կողմը ձգած դէպ ի ծովեզերք իջնելով։

Բաւական ատեն եղեւիններու մէջէն զիկզակող քարուտ նեղ արահետէ մը վար իջան։ Տիգրան Նուարդին կը հետեւէր քայլ առ քայլ։ Յանկարծ եղեւիններուն խիտ ցանցին մէջէն դուրս ելան ու ծովուն իշխող փոքրիկ դարեւանդի մը վրայ, արեւուն դիմացը, ընկողմանեցաւ Նուարդ,

Եկուր տղա՛ս, քովս եկուր, ըսելով Տիգրանին։

Դէպի Մեծ կղզիին վրայ բարձրացեր էր հիմա արեւը, եւ երկու կղզիներուն մէջտեղ՝ ծովուն մէջէն, ադամանդէ շողերով փողփողուն լուսեղէն ճամբայ մը շիներ էին ճաճանչները, ճամբայ մը որ կը ծփար, կը խայտար, կը վէտվէտէր ալիքներու տատանումովը։ Մեծ կղզիին ապարանքները կը փայլէին դիմացը։ Ասդին ձախ կողմը Մարմարան կը տարածուէր, հեռո՜ւն, հեռո՜ւն, տարտամօրէն սահմանափակուած, հորիզոնին մօտ, Պրուսայի ամպածրար լեռներովը։ Այդ ահագին միօրինակութիւնը հեղուկին, զով շունչ մը կը բերէր իր խորութիւններուն մէջէն, պղպջանքներուն ծոցը, հաւասարակշռելու համար ամրան տապը, Օգոստոսի առտուանցով, եւ գարնան հմայք մը տալու այդ տեղւոյն։ Աջ կողմը Չամ—Լիմանի սիրուն փոքրիկ ծովախորշը՝ որուն դրան սեմին մէկ կողման վրայ նստած էին կարծես քոյր եղբայր՝ իր սիրուն պզտիկութիւնովը գեղեցիկ հակապատկեր մը կը յօրինէր Մարմարային հետ։ Եւ կղզիին ամբողջ ծառերով զարդարուած այդ կլորութիւնը՝ որ խաւ խաւ վար կ’իջնէր մինչեւ ջուրին եզերքը՝ շքեղօրէն ցուցադրուած էր հոն, աչքերնուն դիմացը։

Ի՞նչպէ՜ս… ըսաւ Նուարդ, այդ մէկ բառին երկայնութեանը մէջ ամփոփելով իր հարցումը։

Հիանալի՛, գիւտ մը ըրեր ես քո՛յր, իմ աշխարհագրութեանս մէջ Նուարդի հրուանդան պիտի ըսեմ ասոր, յարեց Տիգրան խնդալով։

Եւ ըստ քմաց տարածուած՝ հողին վրայ, ու գլուխն ալ քրոջը ծունկին կռթնցուցած, մերթ կղզին շրջապատող ծովուն փալփլումը եւ մերթ երկնքի անբիծ կապոյտը դիտելով փոխն ի փոխ, լիաթոք սկսաւ շնջել անտառին առտուան մեղմ ու անուշաբոյր օդը։