Առաջին սէրը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԷ.

Ձայնըմարեցաւ Տիգրանին, երկու արցունքներ թրջեցին աչքերը։

Կը բաւէ տղա՛ս, ելիր ալ երթանք, ըսաւ Նուարդ արտասուագին համբոյր մը դրոշմելով եղբորը ճակտին։ Ես լալ կը սիրեմ, ես ալ պիտի սիրեմ զինքը, Միս Իզապէլը, օն ելի՛ր.

Ոչ, ձգէ պառկիմ քիչ մը, ըսաւ երիտասարդը գլուխը քրոջ ծունկին վրայ դնելով։

Յետոյ ճակատը շոյեց քիչ մը՝ ու շարունակեց։

«Գիշերը պարտէզ իջայ իր մութ պատուհանը դիտելու, այդ լոյսը մէյ մըն ալ պիտի ծաթէ՞ր արդեօք վրաս բոլոր կեանքիս մէջ, պէտք ունէի անոր՝ կեանքի ճամբաս տեսնելու համար, ինչո՞ւ մարեր էին։

Պառկած ատենս, ինչպէս միշտ աղօթեցի իրեն համար, իրեն աղօթեցի։

Առտուն, արթննալուս պէս, զինքը ալ չտեսնելու գաղափարը եկաւ սեւեռեցաւ մտքիս առջեւ։

Աստուած իմ յուսահատութիւն է անոր ներկայութենէն զրկուիլը, ըսի։

Յետոյ իր «Աստուած բարի է» խօսքերը միտքս եկան՝ զոր այնքան ատեն կրկնած էր։ Եթէ ամբողջ աշխարհ հակառակը պնդէր, փոյթս, մինակ իսկ խօսքը կը բաւէր ինծի, հաւատալու համար Աստուծոյ բարութեանը։

Ո՛չ, ըսի, ոչ, Աստուած իմ, խենդ եմ ես, դուն բարի ես։

Անկէ ի վեր քանի՛ քանի անգամներ երբ ըմբոստ սիրտս կը վարանէր ծնրադրալու գերագոյն էակին առջեւ, իր յիշատակը, ինքը միշտ ներկայ քովս միջնորդներուն էն պատկառելին եղած է իմ ու Աստուծոյ միջեւ։

Իր յիշատակը ճե՛բ—ճերմակ մնացած է հոգիիս խորը, երկնից ջինջ կապոյտին խորը պահուած աղւոր, սիրուն ամպիկի մը պէս։

Պաշտումի անո՜ւշ, մեղմ ու մաքուր վերյուզում մը, որուն վրայ բոլոր էութիւնս կը գուրգուրայ։ Մտքիս մէջ՝ վերը, վերը, անհասանալի բարձրութեան մը մէջ, կեցած է միշտ իր ջինջ պատկերը, որուն առջեւ միշտ երկիւղածութեամբ կը ծնրադրեմ նոյնիսկ ամենէն փոթորկայոյզ վայրկեաններուս մէջ։

Միշտ պիտի օրհնեմ զինքը»։