Առաջին սէրը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա.

Երեք տարի ետքը 1880ին Իզմիրի մէջ ճանչցայ Տիգրանը. Միս Իզապէլին հոն հաստատուելովը ինքն ալ փութացած էր հոն գալ։

Բարեկամացանք, հետո մտերմացանք։ Քոյրը ամուսնացած ու Ֆրանսա գացած էր։

Երկու տարի միասին ապրեցանք Իզմիրի մէջ, երբեմն առիթ կ’ունենար տեսնելու զայն, եւ ատիկա կը բաւէր իրեն։

Երկրորդ տարւոյն վերջերը՝ ընտանեկան գործերը ստիպեցին զինքը Պօլիս մեկնիլ։

 

Քարափին վրայ արտասուալից աչքերով բաժնուեցանք իրարմէ։ Երկու ժամ ետքը, ծովախորշին մէկ անկիւնէն, ետեւէն փրփրող ակօսը ձգած շոգենաւին անհետանալը կը դիտէի, հսկա դատարկով մը սրտիս մէջ. այնչափ սիրած էինքզիրար։ Այդ դատարկը մասամբ լեցնելու համար իր նամակներուն սպասեցի. ատոնցմէ առաջինը որ «ճամբու նօթեր» խորագրին տակ իր իտէալ սիրոյն մէկ գեղեցիկ էջը կը պատկերացնէ, անզգալաբար անշուշտ կ’ընդօրինակեմ հոս կէտ առ կէտ։

Սիրեցեալ Բարեկամս,

Քարափին վրայ, երբ բաժնուեցանք իրարմէ, երբ զիս շոգենաւ տանող նաւակը սկսաւ քիչ առ քիչ հառանալ ծովեզերքէն, կեանքիս մէջ երկրորդ անգամ ըլլալով եւ այս առաջինէն աւելի դառն զգացի թէ օդէն, աւելի անհրաժեշտ, կեանքէն աւելի թանկագին բան մը խոյս կուտար ինձմէ, նաւակին ընթացքին հետ, կամաց կամաց։

Թիակին ամէն մէկ հարուածը կը խլէր, կը տանէր ինձմէ, սրտիս խորէն, յոյսերս ու երազներս, յամր յամր, մաս առ մաս։

Ա՛խ բարեկամս, ինչ տանջանք այդ քառորդժամուան ճամբան, քարափէն մինչեւ շոգենաւ, շոգեվա՛րք, հոգեվարք մը սակայն որուն չհատնիլը կը բաղձայի։

Կը տեսնէի քեզ թեւերդ խաչաձեւած, անշարժ հո՛ն, մաքսին հսկայ չէնքին մէկ անկիւնը, հետզհետէ կը պզտիկնայիր, դէմքդ հետզհետէ կ’անորոշանար։ Ամբողջ քաղաքին համայնապատկերը, հեռադիտակին հակառակ կողմովը դիտուած տեսարանի մը հանգամանքը կ’առնէր տակաւ առ տակաւ։ Ո՜հ, մանաւանդ այդ ամէնէն վեր, այդ ամէնուն վրայ, այդ ամէնուն իշխող բանը անո՜ր, Միս Իզապէլի անբիծ պատկերն էր, ճեբճերմակ, որ երկնքին վրայէն սահող քնքոշ ամպի մը պէս կը հեռանար ինձմէ։

Ո՜րքան զղջացի մեկնելուս, որքան տառապեցայ։ Քանի անգամ փորձուեցայ «կեցի՛ր» կամ «ետ դարձի՛ր» պոռալ անզգայ նաւավարին՝ որ կ’աճապերէր հոգեվարքս վայրկեան մը առաջ վերջացնելու գիտակից դիտումովը կարծես։ Բոլոր կեանքիս մէջ, այսպիսի դատարկ մը մէկ անգամ միայն զգացած եմ, եւ այդ ալ իրեն համար դարձեալ, դպրոցէն շրջանաւարտ մեկնելուս պահուն։

Առանց անոր հրեշտակային, ճաճանչափայլ պատկերին՝ որ հիմա ամէն բանի վրայ կը տիրապետէր, տուներուն զանգուածերը, քաղաքին բոլոր մանրամասնութիւնները անհետացնելով իր ջինջ միօրինակութեանը մէջ, առանց անոր եւ առանց քեզի, եւ ոչ իսկ պիտի դառնայի թերեւս նայելու համար այդ քաղաքին՝ ուրկէ կը մեկնէի երկու տարի ապրելէ յետոյ։

Սակա՜ն…։ Կ’ուզէի որ կատաղի հակառակ հոսանք մը ետ մղէր մեր նաւակը եւ կամ նաւավարին ոյժը գէթ հաւասարակշռէր մեզ հոն կեցնելու համար, որպէսզի չհատնէր այդ հոգեվարքը։

Երեւակայէ՛, ամբողջ երջանկութեանդ, երազներուդ, իտեալիդ, մոգական լապտերի մը մէկ տեսարանին պէս, աչքիդ առջեւէն սահիլը, փախչիլը, անհետանալը տեսնելեը թերեւս անդարձ ու չկրնալ բռնել զայն…։ Ի՜նչ տագնապ։

Արցունքս չի կրցի զսպիլ, կամ մանաւանդ չզսպեցի։ Եւ ինչո՞ւ զսպէի։ Նաւավարէ՞ն պիտի ամչնայի տղու մը պէս լալու համար։ Պա՜հ, ինծի ինչ փոյթ ամբողջ աշխարհը այդ պահուն, միայն ձեռ երկուքը, ո՜հ միայն զայն ներէ ինծի բարեկամս՝ միայն զայն եթէ կարող ըլլայի հետս տանիլ, նմացածը հոգս է՞ր միթէ։

Հասանք վերջապէս շոգենաւ։

Համրուած օրերուս մէն մի վայրկեանը ըմբոշխնել ուզող հիւանդի մը պէս, որ աչքերը անցնող կեանքին կը յառէ, ես ալ աչքերս ինձմէ փախչող քաղաքին վրայ յառած վեր ելայ սանդուղներէն եւ նաւավարին վարձը վճարելէ ետքը կանգ առի հոն, առանց փոյթ ընելու պայուսակներս։ Քիչ յետոյ սակայն ճամբորդներուն, բեռնակիրներուն, նաւաստիներուն անցուդարձը, ժխորը ստիպեցին զիս հեռանալ անկէ եւ յետսակողմեան բարձրաւանդակին վրայ առանձին անկիւն մը գտնելով, հոն շուրջս անցած դարձածին անուշադիր ու անտեղեակ, մնացի, անչափ ատեն չեմ գիտեր։

Միշտ աչքիս առջեւն էր անոր կենդանի պատկերը, երկնագոյն անուշ աչքերը ինծի յառած, այն կուռ ճառագայթումով, բարութեան այն հոգեթով արտայայտութիւնով, զոր ուրիշ ո եւ է նայուածքին մէջ չեմ տեսած։

Տարտամօրէն լսացի խարիսխը վերցնող մեքենայի ժխորը երջանկութեան կործանումին վճիռը։

Խարիսխը այնքան ամուր փակա՜ծ ըլլար ծովին յատակին։ որ երբէք չկարենայի տեղէն խախտել, երբէք… կ’ըսէի ինքնիրեն։

Յետոյ դարձանք կամաց կամաց, ես ալ դարձայ քայլ առ քայլ, կողմնացոյց մըն էր շոգենաւը կարծես՝ որուն սլաքը ես էի եւ բեւեռն ալ Իզմիրը։

Սկսանք քալել, նախ համր համր, ետքը շուտ, հետզհետէ աւելի շուտ։ Սրտիս տրոփիւնն ալ, շնչառութիւնս ալ շոգենաւին մեքենաներուն շարժումին զուգընթաց, սկսան արագանալ։ Արիւնս կ’եռար, պոռթկալ, դուրս խուժել կ’ուզէր երակներէս։

Պուճայի ճամբուն ան ցած բլրակը՝ ուր միշտ պտոյտի կ’երթայինք քեզ հետ, երբեմն ա՜ն ալ միասին, կամաց կամաց անհետացաւ, հալեցաւ վերջալուսային լուրթ մշուշին ծալքերուն տակ։ Մութը հետզհետէ կը թանձրանար եւ ամէն բան կը ծածկէր, երկնքէն մինչեւ ծով։ Բայց այդ մութը ոչինչ բան մըմ կը թուէր ինծի, բաղդատելով այն թանձր ու ճնշող խաւարին հետ, որ նաւակը մտած վայրկեանէս ի վեր անկէ առաջ անհաւատալի կուգար մեկնումի գաղափարը կ’իջնէր սրտիս վրայ։

Քիչ մըն ալ ետքը, լոյսերը սկսան պլպլալ վա՛րը, ծովեզերքը, խիտ, շատ քիչ ընդհատոած երկայն գիծ մը, քարափին մէկ ծայրէն մինչեւ միւսը, որ այնքան ցանցառ կը դառնար որքան մօտենար դէպի վեր ծայրը քաղաքին, եւ հո՛ն ալ երկինքին հետզհետէ ծլող լուաւորներու հետ շփուելով կը հատնէր։

Շոգենաւկ սակայն սկսաւ դառնալ դէպի բացը Միջերկրականին եւ լոյսերը կորսուեցան մէկիկ մէկիկ, ցամաքին երկնած մասին ետեւէն։

Հո՜ն, շոգենաւին ետեւի ամէնէն ծայրագոյն կէտը, ճիշտ դրօշակին տակը կեցած, վերջին լոյսին անհետանալն ալ դիտեցի…։

Լմնցա՜ւ, ըսի ինքնիրենս, թերես յաւիտեան իտի չտեսնեմ զայն։

Այդ վայրկեանին, կեանքը, առանց իր ներկայութեան, այնքան չնչին, այնքան անարժէք բան մը թուեցաւ ինծի, որ նոյնիսկ զայն ատելու նեղութիւնը չէր արժեր, նոյն իսկ չէր յիշեր թէ կ’ապրիմ։ Գիտես բարեկամս, թէ ես ո եւ է բան մը չէի սպասեր իրմէ, միակ բաղձանքս, իտէալս, երազս, երջանկութիւնս կը կայանար զայն երբեմն գէթ տեսնելու եւ հեռուէ՜ն, հեռուէ՜ն պաշտելու մէջ։ Գիտես թէ ինչ զոհողութիւններով կարող եղեր էի Իզմիր գալ հաստատուիլ, իրեն մօտ ըլլալու համար։ Եւ ատիկայ, այդ պաշտումը, զինքը երբեմն տեսնելը, այնպիսի պէտք մը եղած էր սրտիս եւ հոգիիս համար՝ որմէ զրկուելէ ետքը կարելի չէր յիշել թէ աշխարհ մը կար ուր մարդիկ կ’ապրէին։

Աստեղոտ գիշեր մըն էր ճիշտ հակապատկերը սրտիս վրայ տիրող աղջամուղջին, ուր ոչ իսկ նշոյլ մը, ցոլք մը կար պլպլացող։

Ինչ որ զգացի, ինչ որ անցաւ հոգիիս խորէն, հոն մնացած պահուս, անկարելի է բացատրել, բացարձակապէս անկարելի։ Չեմ փորձեր։ Ես իսկ չեմ հասկցած արդէն, գիտակցութիւնս կորսնցուցած էի մասամբ։

* * *

Չեմ գիտեր որչափ ետքը, յանկարծ, շոգենաւին մէկ ուժգին սուլումը վայրկեան մը սթափեցուց զիս այն ցաւագին արբշռութենէն. ալ մոռցած էի ինքզինքս, եւ աչքերս անդին դարձուցի։

Աստուած իմ… ա՜ն… ան էր… Միս Իզապէ՜լը, հոն, ինձմէ երկո՜ւ քայլ անդին, յենարանին կրթնած, աչքերը ծովուն յառած, մինա՜կ…

Երա՜զ. իր պատկերն է անշուշտ, երեւակայութեան մէջ գծուած իր ստուերը, իր ուրուականը, ժանեկաւոր պարզ պլուզին, նուրբ շրջագեստին մէջ, մազերը ամփոփած խսիրէ պարզ կարսօնէ գլխարկին ներքեւ։

Ոհ, ըսի մտքէ՛ս, չարթննայի սա երազէն երբե՜ք։

Ծնրադրեցի հոն, կարծր տախտակամածին վրայ, եւ աննշմար, մութ ու նսեմ անկիւնէս, դիտեցի պաշտեցի զայն երկիւղած, աչքերս արցունքով լեցուն։

Երբէք չեմ յիշեր որ այնքան երկիւղածօրէն ծնրադրած ըլլամ Աստուածածնի պատկերին առջեւ։

Քիչ մը ետքը սկսաւ շարժիլ, դէպ ի սանդուղը գնաց, յետոյ ետ դարձաւ կրկին։

Թանթին պէս արագ գաղափար մը լուսաւորեց միտքս։ Ուրե՞մն… երազ չէ՞ր, երեւակայութեանս մէջ չէ՞ր այդ երկնային պատկերը, պատկեր չէ՞ր… ինքն էր… ինքը, հոն, քովս, ինձմէ երկու քայլ անդին, ինծի հետ միեւնոյն շոգենաւին մէջ, ա՛հ…։

Արիւնս պահ մը դադրեցաւ շրջան ընելէ, յետոյ, յանկարծ, խենդի պէս, թումբը խորտակող հեղեղի մը պէս խուժեց երակներուս մէջէն դէպ ի սիրտս, իր կարողութեան բոլոր թափովը բաբախեցնելու համար զայն։

Ակնթարթի մէջ վշտի, տառապանքի էն խորունկ անդունդէն, մինչեւ ուրախութեան, երջանկութեան էն բարձր աստիճանը փոխադրուածէի։ Կեանքէս, աշխարհէն աւելի թանկագին բան մը կը գտնէի ճիշտ այն վայրկեանին երբ ալ զայն յաւիտեան կորսնցնելու տխուր գիտակցութիւնը կը ճնշէր սրտիս վրայ։ Սրտիս դատարկը կը լեցուէր յանկարծ եւ հոն տիրող քաոսային մութը կը լուսաւորուէր արեւներուն էն շողշողոնովը։ Գիշեր չէր ալ ինծի համար, այդ էակէն վճիտ, մեղմ, մաքուր ու կեանքոտ լոյս մը կը բղխէր յորդառատ եւ իմ բոլոր էութիւնս կ’ողողէր։

Գիտես բարեկամս, թէ երբէք մտքէս չեմ անցուցած սիրոյս վրայ խօսիլ իրեն, ինք ինծի համար այնպիսի էակ մըն էր որուն մահկանացուներ չեն կրնար մօտենալ , որոշ սահմանէ մը անդին։ Հետեւաբար ասիկա, իրմէ երկու քայլ անդինծնրադրելը, շնորհներուն էն անակնկալը, էն անսպասելին էր ինծի հա։ար։

Ինք կ’երթեւեկէր շարունակ, ջինջ աչքերովը ադամանդէ ցոլքերով ծովը կը դիտէր, անհունը կը չափէր, երկնից լուսաւորներուն հետ կը խօսէր, անձայն մտամփոփ, առանց մտքէն անցնելու թէ հոգի մը իր կրթած հարիւրաւոր պզտիկներուն հոգիներէն զատ, տարբեր նոյն պահուն յանկարծ բռնած ու դժոխքէն Եդեմ փոխադրած էր։

Երկնի լուսաւորներուն շողալը կը տեսնէի հիմա, անոնք կը փալփլէին, հանդիսաւոր անքթիթ փողփողումով մը, իր ներկայութիւնը առսշռած էր կարծես զիրենք ալ ու կը շողային։

Ջուրը, սիրուն պզտիկ պղպջակներով կը փախչէր շոգենաւին երկու քովերէն կէս մութին մէջ, ուախ ու կայտառ հիմա։

Բաւական պտտելէ ետքը վար իջաւ, ես ալ ստիպուեցայ աղօթատեղիս ձգել ու իր ետեւէն սրահ իջնալ։

Դո՜ւք հո՞ս, պարոն, ըսաւ, անսեթեւեթ զարմանքով մը, իր ներդաշնակ ու անուշ ձայնովը, երբ ոտնաձայնս լսելով ետին դարձաւ ու զիս տեսաւ։

Ճիգ մը ընել ստիպուեցայ, «Այո՛ Օրիորդ» կարենալ պատասխանելու համար, խօսիլը մոռցած էի կարծես։

Յետոյ ըսի թէ Պօլիս կ’երթայի եւ ցաւ յայտնեցի որ մեկնումս շատ անակնկալ ըլլալուն, չէի կրցեր հրաժեշտ առնել իրմէ։ [1]

Պատասխանեց թէ իրենք ալ տասնի չափ Անգղիացի տիկիններ ու այրեր Զատկի արձակուրդէն օգտուելով, պզտիկ ճամբորդութիւն մը ընել որոշած էին մինչեւ Պօլիս եւ ճիշտ ատոր համար շուտ դառնալնուն համար ինքն ալ հրաժեշտի քարդ չէր ղրկած ինծի։

Շատ ուրախ եմ ձեզ պէս հին ծանօթ մը գտնելուս իբր ճամբու ընկեր, յարեց յետոյ։

Միասին ճաշեցինք։ Այս երկրորդ անգամն էր, առաջինը, հոն, գաւառին անկինը, իր սենեակին մէջ, ուրիշ ընկերոջ մը հետ, անուշ յիշատակ մըն էր հիմա։ Աս ալ յիշատակ մը պիտի երթա՜ր ըլլալ իր կարգին, անոնցմէ որոնք հոգիին խորը կը մնան անեղծ մինչեւ վերջը կեանքիդ։

 

* * *

Ճաշէն ետքը վեր ելանք դարձեալ եւ բաւական ատեն նստանք լուսնի լոյսով ողողուած ծովուն ծփանքը դիտելով ու խօսելով զանազան նիւթերու վրայ անցեալին վրայ, Իզմիրի վրայ, ճամբուն վրայ։ Իր ընկերներն ու ընկերուհիներն ալ հոն էին։

Շոգենաւը, անզգալի երեւումով մը, պայծառ մութին մէջ կը սահէր մեղմիւ, ջուրը հեշտիւ, իր կամքովը կը բացուէր, տեղի կուտար, կը ձգէր որ անցնինք կարծես։ Կ’ուզէի որ անիւին թիքթաքը, հոսանքին խոխոջը, նաւաստիներուն աղմուկը ու ճամբորդներուն շաղակրատութիւնները լռէին բոլոր, լռութիւնը տիրէր բացարձակ ու այնպէս իրեն մօտ նստած մնայի միշտ անձայն եւ անշշուկ, առանց իսկ շարժելու, վախնալով որ շարժումներս ժամանակին անցքը պիտի փութացնեն։

Արդէն կեանքը հատնում մըն է ծայրէ ի ծայր, ինչո՞ւ այսպէս չհատնիլ, ինչո՞ւ երջանիկ հատնումով չսպառիլ գոնէ, կ’ըսէի ինքնիրենս։

Վերջապէս գնաց պառկելու։

Ես ալ խցիկս քաշուեցայ ու պառկեցայ։

Մինչեւ առաւօտ աչքերս չփակեցի սակայն, իրեն հետ միեւնոյն յարկին ներքեւ գտնուիլը այնպիսի թովիչ հմայք մը, այնպիսի անստգիւտ երանութիւն մը ունէր ինծի համար, որ չուզեցի նոյն իսկ մէկ վայրկեանը քնոյ թմրութեան մէջ անցնել անգիտակից։ Արթուն երազեցի մինչ լոյս։ Դպրոցական կեանքս բոլոր, յետոյ մեր պտոյտները, մեր partyները սա երկու տարուան մէջ, վերջապէս այն բոլոր մանրամասնութիւնները կեանքիս որոնց մէջ բաժին ունեցած էր ինք, այն ամէն գլուխները, էջերը կեանքի սեւ հատորին, զորս իր ներկայութիւնը ոսկեզօծած էր, աչքիս առջեւէն անցան կարգաւ, պատկերներու անընդհատ շարքի մը պէս, կենդանի, որոշ ու գունագեղ։ Յետոյ աչքիս առջեւ եկաւ կեցաւ իր քիչ մը առաջուան դիրքը, վեհափառ կեցուածքը ծովուն դէմ, նայուածքը՝ որ մութը կը փարատէր, կ’իշխէր անոր։

Երեւակայութիւնը, որ սահման չի ճանչնար իր արշաւներուն, որ սանձ չունի, որ ծովեզր չունի իր ալիքներուն թափը կասեցնող, այդ բոլոր նկարներուն առջեւէն զիս անցընելէ ետքը, կ’առնէր կը տանէր զիս մինչեւ դուռը անոր պառկած խցիկին, բայց հոն կը կենար, կը կասէր, երբէք չէր համարձակեր զիս աւելի առաջ տանիլ, քայլ մըն ալ առնել, իրմէ շատ աւելի մեծ զօրութիւն մը ուժաթափ կ’ընէր զինքը հոն։ Կը փակէր ճամբան, եւ ես, պատկառանքով, երկիւղածութեամբ կը ծնրադրէի հոն, համբուրելու համար սեմը այն խորանին՝ որ զինքը կը պարունակէր։

Երբ արշալոյսը իր թարմ ու շիկնոտ շառագունանքը սկսաւ խառնել մութին համայնասքօղ միօրինակութեան, վեր ելայ արեւուն ծագումը դիտելու։ Դէպի լեռներուն գոգը կ’երթայինք, քունէն արթնցող կայտառ փոքրիկ ալիքներուն վրայէն սահելով։ Արեւելքէն, լեռներուն ետեւէն, լոյսէ աննիւթ ժապաւէններ կը ցայտէին, իրենց փողփողումին մէջ կամաց կամաց ծածկելով գիշերուան գորշ շրջազգեստը։

Հազիւ թէ արեւը սկսած էր տեսնուիլ, ան ալ վեր ելաւ սանդուղներէն, բրդէ վերարկուի մը մէջ ամփոփուած, գլուխը ծածկուած այն մոշտակի նման պէրէ գլխարկով՝ որ այնքան սիրուն ներդաշնակութիւն մը կը կազմէր իր դեղձան մազերուն գոյնին հետ։ Պէտք է զինքը այդ պահուն, հոն, տեսած ըլլալ, համոզուելու համար թէ նորածագ արեւը անկէ աւելի փայլուն, անկէ աւելի զմայլելի ու անկէ աւելի կեանքոտ չէ՛ր բնաւ, ընդհակառակն։ Ո՜հ մանաւանդ այն հոգեթով հրապոյրը որ կը ցայտէր իր ժպիտէն ու աչքերուն բարութեան, անկեղծութեան, անբծութեան, ճառագայթող նայուածքէն. այս հրապոյրը արեւներու ամբողջ հավաքածոյ մը չէր կարող արտագրել։

Կանո՛ւխ էք ելեր, ըսի, երբ քովս գալով բարեւեց։

Միշտ կանուխ կ’ելլամ, պատասխանեց, երբ մանաւանդ այսպէս տեսարան մը կայ վայելելու։

Եւ մատովը ցոյց տուաւ այն ադամանդէ ճաճանչաւէտ ուղին որ ծովուն մէջէն կ’երկարէր, արեւէն մինչեւ մեզի եւ որուն ալ աւելի հմայող չեմ գիտեր ինչ մը կուտար հիմա իր դիւթական մատին ուղղութիւնը։

Ալեակները, ուղիին մէջի ալեակները, որքան արեւուն լոյսը, նոյնքան ալ նայուածքը վայելելնուն գիտակցութիւնովը երջանիկ, միւսներէն անհամեմատ կերպով աւելի արագ ծփանքով մը կը խայտային, իրենց ճամբուն մէկ ծայրէն մինչեւ միւսը սուրալով, ուրախութենէն խենդեցած պզտիկ տղաքներու պէս, որք տեղ մը չեն կրնար կենալ։

Տարտանելի մօտ էինք, քանի կը յառաջանայինք եզերքները իրարու կը մօտենային։ Բլրակները, երկու կողմերէն կը փայլէին առտուան ցօղին տակ թարմ կանանչով մը, թեթեւ ու թափանցիկ մշուշ մը կը ծածանէր օդին մէջ։

Բերդերուն առջեւէն անցնելէ յետոյ, Տարտանելին առջեւ կանգ առաւ շոգենաւը, նաւակներէ շրջապատուած, պաշտօնական ձեւակերպութիւնները կատարելու համար։ Իբր տեղական արտադրութիւն հողէ գոյնզգոյն ամաններ բերեր էին անցորդներուն ծախելու համար, մենք ալ գնեցինք քանի մը հատ, յետոյ ճամբայ ելանք վերստին։ Եւ երբ նեղուցին օձապտոյտ դարձուածները հատցնելով Մարմարա մտանք՝

Իջնանք, ըսաւ, նախաճաշելու։

Վարը դէմ առ դէմ նստանք թէյի գաւաթները առջեւնիս։

Ինչպէ՞ս, ըսի, գո՞հ էք ձեր ճամբորդութենէն։

Այո, նկատելով մանաւանդ որ պատուական ճամբու ընկեր եղաք ինծի, յարեց։

Աշխարհի ամէնէն չարամիտ մարդն իսկ անկեղծութեանէ, ազնուութեանէ ու քաղաքավարութենէ տարբեր բան մը պիտի չգտնէր այդ խօսքերուն մէջ։

Անգղիացի ընկերներ ու ընկերուհիներ ունէր, բայց, ինչպէս միշտ, ճամբորդութեան մէջ ալ շատ չէի յարմարեր անոնք իրեն, գրեթէ առանձին ձգած էին զինքը։ Հոգիիս խորէն որչա՜փ կ’օրհնէի անոնց այդ անտարբերութիւնը իրեն հանդէպ՝ որ զինքը ինծի կը ձգէր մինչեւ ճամբորդութեան վերջը։

Վե՜րջը…։ Ո՜հ, այդ վերջը… մոռցեր էի բոլորովին։ Եւ սակայն հարկ եղաւ յիշել։

Նաւապետը նախաճաշին գալով յայտնեց թէ բաւական կանուխ կը յուսար Պօլիս հասնիլ, չմութցած ճամբորդները կարենալ դուրս հանելու համար. եթէ սակայն հիւսիսային հովը, որ արդէն կը փչէր քիչ մը աւելի չսաստկանար։

Մտածե՜լ թէ իրիկուան վերջակէտը, անգութ վերջակէտը պիտի դնէր այս կեանքիս, երջանկութեանս…։

Լոյտին «Տաֆնէ»ն որ մեզ կը տանէր բաւական սրընթաց շոգենաւ մըն էր, ժամը մինչեւ մղոն կրնայ առնել։

Կ’ուզէի որ աշխարհի ամէնէն դանդաղ շոգենաւին վրայ, նախապատմական նաւակի մը վրայ ըլլայինք, այնպէս որ ամիսներ պէտք ըլլային Մարմարան անցնելու համար եւ կամ մեքենաները աւրուէին, շարժելու միջոցները պակսէին մեզի, տեսնող ալ չըլլար ու մնայինք հոն, տատանէինք։ Կ’ուզէի որ Մարմարան մեծնար, անծայրածիր ովկէանի մը փոխուէր, լայննար, տարածուէր, մինչեւ անսահմանը եւ կամ մենք սխալ ճամբու մը հետեւած ըլլայինք ճամբու մը որ ծայր չունենար, ճամբու մը՝ որ չի հատներ երբէք, ո՜հ երբէք, յաւիտեան չի հատներ…

Կէս օրուան մօտ վեր ելանք դարձեալ։ Հեռուէն, շատ հեռուէն ցամաքը կ’երեւար տարտամ, ստուերի մը պէս, ստուեր մը որ կը թանձրանայ հետզհետէ, պտուտակին ամէն մէկ դարձին, անզգալաբար։

Ա՜խ, սա անպիտան պտուպակը, փրփուրոտ ճերմակ ակօսը ձգած ետեւէն, ի՜նչ արագ կը դառնար։ Մարմաջ մը ունէր կարծես երջանկութիւնս գողնալու։ վայրկեան մը առաջ հատցնելու…։ Ակօսին փրփ, ուրներուն ամէն մէկ խուրձին մէջ կարծես անոր երջանկութեանս մէկ մասը կը փախչէր կ’երթար ինձմէ հեռու։

Սիրտս կը տրոփէր։ Արդեօք… կանո՞ւխ պիտի հասնէինք, արդեօք… գիշեր մը աւելի պիտի չկրնա՞յի վայելել այսչափ մեծ երջանկութիւն մը որ դեռ առաջինն էր կեանքիս մէջ ու վերջինն ալ պիտի ըլլար թերեւս, հաւանականաբար։

Ալիքները, անթիւ ալիքները կուգային կը զարնէին մեզ տանող հսկայ զանգուածին, դիմացէն կուգային անոնք, ի նպաստ ինծի կարծես, կասեցնելու համար անոր սէգ ուո հպարտ ընթացքը, եւ սակայն չէին կրնար։ Խեղճ փոքրիկ ալիքներ, կը փլչէին իրարու ետեւէ, անոր սուր քիթը կը պատռէր, կը բաժնէր, կտոր կտոր կ’ընէր զիրենք, մի առ մի, անխնայ, եւ այդպէս յաղթուած, ճերմակ պղպջակներով իրենց փոքրիկ զայրոյթին փրփուրը իրենք իրենծ վրայ կը գալարուէին։ Կ’ընկրկէին, կը նահանջէին երկու կողմէն՝ տեղի տալով անոր լայն իրանին՝ երթալ իրենց զսպուած զայրոյթին թափը նետելու համար հեռաւոր ափունքներու աւազներուն կամ ժայռերուն վրայ։

Հովը շարունակ կը փչէր ալիքներուն դաշնակից, բայց պիտի սաստկանա՞ր արդեօք։

  Ինչե՜ր պիտի զոհէի այդ կեանքը տասներկու ժամ, ո՜հ լոկ երկու ժամ կարենալ երկարելու համար։

Կէս օրից, հովը քիչ մը աւելի սաստկացաւ, պզտիկ ալիքները քիչ մը աւելի խոշորցան։ Գացի նաւապետին հարցնելու։

Տեսնենք, ըսաւ, եթէ երթալով ալ աւելի չսաստկանայ, դարձեալ կը յուսամ հասնիլ։

Ես ալ ձեզի չափ անհամբեր եմ, յարեց յետոյ, կանուխ հասնելու եթէ կարելի ըլլայ։

Ինծի՜չափ անհամբեր կանուխ հասնելո՜ւ…

Խելքդ սիրե՛մ ըսի մտքէս։

Աջ կողմէն Իշխանաց կղզիները կ’երեւային ծփուն մակերեսին միօրինակութեան վրայ, երեք փոքրիկ սիւներու պէս։

Ճաշին ատեն թեթեւապէս կ’երերայինք, ինծի այնպէս կուգար թէ հովին ամէն մէկ սուլումը՝ իր նախորդէն աւելի ուժգին, եւ եկող ամէն մէկ ալիքը առաջինէն աւելի խոշոր էր, այլ սակայն ապահով չէին։

Թերեւս՝ ես այնպէս կը տեսնեմ, կ’ըսէի։

Մէկ ալիքին անցնելէն ետքը, ջուրը կլոր պատուհաններուն ապակիներէն վար կը սահէր ծուիկ ծուիկ, մինչեւ որ միւսը հասնէր ետեւէն։ Եւ այդ միջոցը շատ երկայն կ’երեւար ինծի, կ’ուզէի որ շուտ գար ալիքը միշտ, առանց միջոց ձգելու հասնէր միւսին ետեւէն։

Նաւապետը յայտնեց թէ կանուխ հասնելու հաւանականութիւնը պակսելու վրայ էր տակաւ։ Այս յայտարարութիւնը բոլոր ճամբորդներուն դժգոհութեան առիթ եղաւ, հո՛գս սակայն։

Ճաշը աւարտելով երբ դարձեալ վեր ելանք, նաւապետը հրամայեց որ շոգենաւին արագութիւնը չափեն։

Ծայրագոյն սրընթացութիւննիս է աս, ըսաւ, հոգը պիտի չնուազի. տեսնենք՝ ենթադրելով իսկ որ չաւելնայ՝ կարելի պիտի՞ ըլլայ մութը կոխելէ առաջ հասնիլ այս ընթացքով։ Երկրորդ նաւապետը ժամացոյցի պէս գործիք մը հաստատեց անւուն յետնակողմը, այդ գործիքը չունաով մը կը հաղորդակցէր ծովուն մէջ նետուած գունտի մը հետ որ ակօսին հոսանքին մէջ կը դառնար։ Տասը վայրկեան ետքը, գործիքին թեւերը համրեց եւ արդիւնքը եկաւ իմաց տալ առաջինի։ Հաշիւ ըրին մնացած մղոնները։ Սիրտս կը տրոփէր, անձկալից կը սպասէի արդիւնքին։ Վերջապէս տեսնուեցաւ թէ անկարելի էր հասնիլ եւ շոգենաւին ընթացքն ալ յարմարցուցին անօգուտ ածուխ չվատնելու համար։

Ալ սիրտս հանգիստ էր։ Լայն շունչ մը առի, կարծես թէ «վաղը» չկար ալ, կարծես թէ այդ օրը յաւիտեան պիտի տեւէր։

* * *

Հովը կը սուրար, այտերս կը գգուէր ուժգին թափով մը «բաղձանքդ կատարեցի» ըսելու պէս ինծի, ու ես, կը համբուրէի զայն իր խօլ վազքին մէջ, որչափ ատեն որ կենար շրթունքներուս վրայ, վարձատրելու համար զինքը, որ այնքան լաւ դիմագրաւած էր շոգենաւին ու մարդիկներուն յամառ բաղձանքին՝ զիս կէս օր աւելի երջանիկ ընելու համար։

Ինքն լալ զգալով թերեւս թէ կեանքիս միակ երջանկութիւնը պիտի ըլլար ասիկա։

Ջերմ բաղձանք մը կը զգայի ձեռքով փայփայելու այն սիրուն, աղուոր ալեակները որոնք, ինծի համար, միշտ փշրուելով, միշտ ետ մղուելով, միշտ կոխկրտուելով հանդերձ՝ վերջապէս յաղթած էին հսկային յամառութեան, անխոնջ աշխոյժով մը, ամէն անգամ վերակազմուելով ու դարձեալ կրկնելով յարձակումը, մինչեւ որ յաջողէին։

Հիմա, ամպերը, կտոր կտոր, հովին առջեւ ինկած կը սահէին երկնից կապոյտին վրայէն, գայլերէ հալածուած ոչխարի հօտերու պէս ցիրուցան։ Հիւսիսէն կուգային եւ անցնելով՝ կ’երթային դէպ ի հարաւ, մինչեւ հորիզոնը, ու հոն կը կենային, իբր թէ զիրենք բռնող արգելք մը ըլլար հոն, իբր թէ հոն իրաւցնէ, տեսնուածին պէմ ծովը միացածըլլար երկնքին կը խմբուէին, իրարու վրայ կը դիզուէին, կը կուտակուէին, հետզհետէ աւելի թանձր, աւելի գորշ, աւելի անթափանց խաւեր կազմելով մեր ետեւ ձգած ճամբուն վերեւը։

Շոգենաւին ծուխը, ոլորտ ոլորտ սե՜ւ ու երկայն, ակօսին ուղղութեամբը երկարաձգուած, միութեան գիծ կ’երթար կազմել այդ սպառնալից ամպի դէզերուն ու մեր մէջ։

Աջ ու ձախ կողմը, հոս հոն, ճերմակ առագաստներ կ’երեւային, կապոյտին միօրինակութեանը վրայ։ Երբեմն ալ, շովենաւին երկու կողմերէն դլփիններ կը ցցուէին ջուրին մէջէն ու խենդ ոստումներով կրկին կը խորասուզուէին կապոյտին ծալքերուն տակ։ Ծովին գոյնը, changeante կերպասի մը պէս մերթ կը փալփլէր ու մերթ կը գորշանար, վերէն անցնող ամպերուն քմահաճոյքին համեմատ, որք կուգային ատեն ատեն խափանել արեւին շողշողուն լոյսը։

Այս ամէնքը անոր համար ուշադրութիւնս գրաւեցին՝ որովհետեւ ինք կը դիհէր, որովհետեւ ինք կը դիտէր, որովհետեւ իր նայուածքը կ’ուղղուէր այդ ամէնուն վրայ ու իմս ալ կը քաշէր իր ետեւէն։ Ժամերով հոն վերն էինք, բոլոր ճամբորդները, ոմանք կը շաղակրատէին, ոմանք կը մրափէին շոգենաւին շարժումներով օրօրուած, ոմանք կը պատըտէին շարունակ, բարձրաւանդակին մէկ ծայրէն միւսը կը վազէին, ամէն բան տեսնելու, ամէն բան քննելու մարմաջով մը։ Միս Իզապէլ ընդհանրապէս հանդարտօրէն նստած, կը դիտէր, երբեմն ալ խօսելով, ձեռքը փոքրիկ հեռադիտակ մը ունէր, զոր տեղ մը ուղղելէ ետքը ինծի ալ կուտար անպատճառ։ Երբեմն ալ, ձանձրացած, ոտքի կ’ելլար իր թեթեւօրէն ոստոստող սիրուն քալուածքով մի քանի անգամ երթեւեկելու համար բարձրաւանդակին վրայ։

Վերջալուսին Պօլիս սկսաւ տեսնուիլ հեռուէն, սեւ երկայն գիծի մը պէս, որուն վրայ բոցավառ կետեր կը նշմարուէին մի քանի բարձր շէնքերու ապակիները արեւուն հուսկ փողփողումովը վառուած։

Արեւմուտքը հանդիսաւոր ու մելամաղձոտ հոգեվարքով մը կը տժգունէր հետզհետէ, ամպերուն ծիլերը արեւագոյնէն բաց կարմիրի, յետոյ վարդագունի, յետոյ դեղինի, յետոյ կաթնագոյնի եւ հուսկ յետոյ, մութին հետ շաղախուելով, գորշի փոխուեցան կամաց կամաց։ Քիչ մըն ալ, եւ արեւը Մարմարային մէջ կանգնած բոցէ կղզի մը եղաւ, կլոր ու կանոնաւոր գիծերով կղզի մը՝ որ ընկղմեցաւ կամաց կամաց, խորասուզուեցաւ ջուրերուն խորը, իր բոցավառ զանգուածէն կտոր փրդուճ հետքեր միայն թողլով, ամպերուն վրայ։ Յետոյ այդ հետքերն ալ իր ետեւէն քաշեց ծովուն վրայ շիթ առ շիթ, որ քիչ մը ատեն ալ այրող նաւու մը բեկորներուն պէս տատանող ալիքներուն վրայ պլպլաէ ետքը, մարեցան մէկէկ մէկէկ։ Արեւելքէն, Իշխանաց կղզիներուն վրայէ բարձրացող սեւ քօղը նախ նուրբ ու թափանցիկ հետզհետէ գոլորշիի պէս թանձրացաւ տարածուեցաւ մթութեան փոխուեցաւ ու ամէն բան ծածկեց։

Հիմա, դիմացէն, հեռուէն, Վոսփորին մուտքը ցոյց տուող երկու փարոսները կը փայլէին ալ մութին մէջէ աջակողմեանը անշարժ, իսկ միւսը մերթ հազիւ հազ նշմարելի, մարելու մօտ կանթեղի մը պէս եւ մերթ յանկարծ բռնկող բոցի նման շողշողուն։

Երբ, նեղուցին երկու կողմէն, քաղաքին անթիւ լոյսերը շողալ սկսան, հովը որ մինչեւ այն ատեն խենդի պէս կը փչէր յանկարծ դադրեցաւ, ձգելով ամպերը որ ազատ համարձակ պարպեն մեր վրայ իրենց ջուրի բեռը։ Ստիպուեցանք վար իջնել ու զարկուիլ նաւահանգիստի մուտքին գիշերային տեսարանէն։ Երբ «զրկուիլ» կ’ըսեմ, Միս Իզապէլին խօսքերն է որ մէջ կը բերեմ, ապա թէ ոչ ինծի համար ի՞նչ զրկում կրնար գոյութիւն ունենալ՝ քանի որ ինք քովս էր, Ճաշէն յետոյ մինչեւ պառկելու ժամը, տիկիններ ու օրիորդներ դաշնակ զարկին։

Երբ ան գիշեր սարի ըսելով քաշուեցաւ, ես վեր ելայ հակառակ տեղատարափին ու վրան պատսպարուած անկիւն մը գտնելով հոն կծկուեցայ։ Մութ էր, կատարեալ մութ մը՝ որուն միօրինակութիւնը միայն մօտը գտնուող մի քանի շոգենաւերուն լոյսերը կը խանգարէին անոնք ալ վարագոյրի մը ետեւէն երեւցող կանթեղերու պէս աղօթ, անձրեւին խիտ կաթիլներուն մէջէն։

Նոյնպէս լռութիւնը ոչինչ կը խզէր բացի ջուրի կաթիլներու անկումին յառաջ բերած միօրինակ ու լալկան շառաչիւնէն

Բաւական ատեն կեցայ հոն, այդպէս։

Գաղափարներս, անձրեւի կաթիլներուն պէս անթիւ ու անոնց պէս ալ անկապ, կը թաւալէին կ’անցնէին ուղեղիս մէջէն, հեղեղի մը պէս, ամէն բան քշել տանելով իրենց ընթացքին մէջ, վերջ ի վերջոյ դատարկութիւնը սիայն ձգելու համար հոն։ Տխուր էի, կը դողայի վախէս։ Այդ մութը չէր որ կը տխրեցնէր, կը վախցնէր զիս, ո՛հ, երբէք. մութ չէր արդէն՝ քանի որ հոն, վարը ինծի մօտ էր ան։ Տխուր էի, վախէս կը դողայն խորհելով վաղուան վրայ որ կը մօտենար ամէն վայրկեան, խորհելով արեւին ծագումին վրայ, որ հսկայ մութով մը պիտի գար պատել էութիւնս լոյսին վարժուած էութիւնս բոլոր։ Արեւը երանի թէ ալ չի ծագէ՜ր, երբեք, մարա՜ծ ըլլար, այդ անձրեւը չի դադրէ՜ր ալ, այդ մութը չի փարա՜տուէր։

Երջանիկ պիտի ըլլայի այդպէս, խորհելով թէ միեւնոյն յարկին տակ էինք ինքն ու ես։ Իրեն մօտ ըլլալու երջանկութեան մէջ ինքնին պիտի հալէին սրտիս բոլոր ուրիշ բաղձանքները, զգացումները, տենչանքները, մտքիս բոլոր ծփանքները, գաղափարները, ձգտումները, հոգիիս բոլոր խայտանքները, երազները, յոյզերը։ Վերջապէս, ուղեղս գաղափարներու այս անկապ, անզուսպ, խօլ թաւալումէն պրկուած, յոգնած, ու մարմինս կէս մը թրջուած, ընկճուած ացի պառկեցայ։ Քունը՝ առջի գիշերուան ծանրութիւնն ալ ամփոփած՝ անմիջապէս փակեց արտեւանունքներս հակառակ արթուն մնալու բաղձանքիս։

Երազ տեսայ։

Ամպերուն մէջն էր ան, աղւոր, փափուկ, փեբճերմակ հոգի ամպերուն մէջ, հեռո՛ւն, հոն, վերը, վճիտ կապոյտին անծայրածիր տարածութեանը մէջ։ Եւ ես վարէն, ծնրադիր, կը պաշտէի զինքը, կը պաղատէի որ զիս ալ հոն, քովը առնէ։ Ինք կը ժպտէր, անհունապէս բարի հրեշտակային ժպիտովը, անբիծ աչքերը միջոցին մէջէն ինծի ուղղած, կը ժպտէ՛ր քնքուշ մատը կոյս շրթունքներուն վրայ, լռութիւն պատուիրելով ինծի, ու. Համբերէ՛, կ’ըսէր ինծի մեղմիկ, համբերէ՛, բարի է Աստուած։

Եւ աւելի քան երբէք կը հաւատայի Աստուծոյ բարութեան։

Առտուն բաւական ուշ արթնցայ. սթափումս, այս երազէն ետքը, տխո՛ւր եղաւ, անհունապէս տխուր. դառն յուսախաբութիւն մը կրեցի, կ’ուզէի որ ատիկա ըլլար իրականութիւնը, եւ կեանքը երազ։

Ինչո՞ւ, ինչո՞ւ այնպէս չըլլար։ Աչքերս փակեցի, շարունակելու, յաւիտեան շարունակելու համար այդ հոգեթով երազը, եւ սակա՜յն… պատրանքը երբ անգամ մը փարատի, իրականութիւնը իր զլացող ընթացքին մէջ չկասիր այլեւս։

Անկողնէն դուրս ցատկեցի եւ հապճեպով հագուեցայ ու վար վազեցի։ Արեւը ծագած էր եւ օդը պայծառ։ Ուրիշ ատեն այդ ժամուն տեսած եմ Պոլիսը շոգենաւին մէջէն, շքեղ է, իրիկուան անձրեւէն ետքը մանաւանդ, սակայն այն օր մտքէս իսկ չանցաւ դիտել զայն։

Զինքը փնտռեցի։ Հոն էր անդիի անկիւնը։

Մե՜ղք, ըսաւ երբ քովը գացի ու բարեւեցի, մեղք որ աւելի կանուխ չելաք, հիանալի էր տեսարանը արեւածագին, իրիկուընէ շատ աւելի շքեղ։

Հիմա մտքէս կ’անիծէի քունը, որ զարկած էր զիս, չ թէ այդ տեսարանէն որ փոյթս անգամ չէր այլ զինքը քիչ մը աւելի վայելելէ։

Բաւական ատեն խօսեցանք հոն, հարցումներ կ’ուղղէր ինծի զանազան տեսարաններու վրայ, եւ ես կը պատասխանէի՝ տրոփ ի սիրտ, վախնալով թէ ժամանակին անցնիլը կը փութացնեմ։

Վայրկեանները, չա՛ր վայրկեանները, որքան՝ որքա՛ն շուտ կը սահէին հիմա։ Կը դողայի՝ կ’զգայի թէ մօտ է վերջակէտը եւ այդ գիտակցութիւնը շնչելու անգամ կը վախցնէր զիս, խորհելով թէ շնչած օդիս մէջ վայելքս աւելի շուտ պիտի հատնի, աւելի շուտ պիտի ցնդի երջանկութիւնս։

Քիչ յետոյ իր ընկերներէն մին գալով ըսաւ թէ մեկնելու ժամանակն էր։ Վար իջանք, գոյքերնիս ժողուելու։ Սիրտս կը սեղմուէր պողպատէ ցանցի մը մէջ։

Տասն վայրկեան ետքը նաւակին մէջն էինք։

Զինքը տեսած վայրկեանէս մինչեւ շոգենաւէնն իջնալնիս, 36 ժամուան միջոցը՝ կազմով ոսկեզօծ, իմաստով շքեղ ու ոճով հրապուրիչ հատոր մըն էր հատոր մը զոր մարդ աձանձրոյթ կ’ուզէ կարդալ մինչեւ կեանքին վերջը, յաւիտեա՜ն…։ Իսկ այս նաւակը, վերջաբանը այդ աննման հատորին վերջաբա՛նը, զոր կարդացած ատենդ կը վախնաս առաջ երթալու՝ որովհետեւ գիտես թէ ալ շուտ պիտի հատնի, էջերը դարձուցած ատենդ ձեռքերդ կը դողան՝ այն մտածումով թէ տխուր «վերջ»ը պիտի ցցուի աչքերուդ դիմաց։

Նաւակը դէպ ի Ղալաթիոյ քարափը կը տանէր մեզ։

Հսկայ Անգղիացի մը նստեր էր մէջերնիս։

Ազգականներ ունիք կարծեմ, ըսաւ դէպ ի ինծի ծռելով մէջտեղի մարդուն ետեւէն։

Այո՛, եւ բաւական շատ։

Ուրախ պիտի ըլլաք ուրեմն զանոնք տեսնելով։

Արդեօք ինքն ալ կը գուշակէ՞ր թէ տխուր էի հիմա եւ կը յուսար որ անոնց տեսքը տխրութիւնս պիտի փարատէ։

Ի՞նչ բարի էր Աստուած իմ եւ ինչ ալ փափկանկատ։

Եթէ գիտնա՜ր թէ իր բացակայութեան սրտիս մէջ անալիք դատարկը բան մը չէր կրնար լեցնել աշխարհի վրայ, գթէ գիտնա՜ր… բայց պիտի չգիտնա՛ր, երբէք։

Քարափին վրայ բաժնուեցանք։ Հազիւ գլխու շարժումով մը կը յիշեմ պատասխանած ըլլալ իր «մնաք բարով, յուսամ թէ կրկին կը տեսնուինք»ին։ Եթէ բառ մը արտասանել փորձէի հեծկլտուքս հեղեղի մը պէս պիտի պոռթկար անշուշտ։

Լմնցա՜ւ։ այս երկրորդ անգամ եւ ո՞վ գիտէ թերեւս ալ վերջին ըլլալով, բաղդը զիս իրեն մօտ բերելէ ետքը կը բաժնէ դարձեալ։

Այն իր ճամբան պիտի երթայ այլեւս կեանքի մէջ եւ ես ալ իմս, երկու ճամբաներ պահ մը իրարու քով գալէ յետոյ, կը հեռանայի կրկին անծանօթ ճամբաներ, որոնք ո՞վ գիտէ ո՛ւր պիտի տանէին ամէն մէկերնիս։ Իմ ճամբաս սակայն հիմա կեանքիս ճամբան այնքան մութ, այնքան սեւ, այնքան արհաւրալից էր որ քայլ մը իսկ առնելու կը վախնայի…։

* * *

Չորս օր է հոս եմ։ Մինչեւ հիմա, գաղափարներս այնքան խառնափնթոր կերպով դուրս կը խուժէին մտքէս, որ անկարելի եղաւ գրիչը ձեռք առնել։ Երէկ եւ այսօր, ընդհատ, ընդհատ, այս երկայն նամակը զոր ահա կ’աւարտեմ գրեցի քեզի։ Ճամբուս մանրամասնութիւններէն հազիւ մէկ փոքրիկ մասն է այս թուղթին վրայ նետած։ Չեմ գիտեր թէ ի՜նչ գրեցի, այդ գործն ալ քեզի, բայց վախնամ ըսելիք այնքան շատ բան ունէի որ բան մըն ալ չկրցի ըսել։

Մութին մէջ, փայլակէն ետքը, մարդ ալ աւելի գէշ կը տեսնէ։

Երջանկութիւնը փայլակի պէս շողաց յանկարծ կեանքիս մէջ, շլացուց զիս, եւ սակայն, շուտ մը մարեցա՛ւ, անհունութեան մէջ կորսուեցաւ դարձեալ, լուսածիր յիշատակ մը միայն ձգելով, իր ետեւէն յիշատակ մը այնքան խորունկ, այնքան ամրապէս դրոշմուած հոգիիս խորը, որ ոչ մէկ զօրութիւն երբէք կրնայի չնչել անկէ։

Սրտիս մէջ անհուն կարօտ մը կ’զգամ, ոչ թէ՛ այն կարօտներէն որք կ’այրին, վայելած չըլլալու զսպուած տենջանքով, այլ կարօտը անսահման, մաքուր պաշտումիս։

Սիրելի բարեկա՛մ, դուն քանի մը օրէն պիտի տեսնես զինքը, հոն պիտի վերադառնայ։ Իսկ ե՞ս, պարտաւոր եմ հոս մնալու, ո՞վ գիտէ որչափ ատեն, թերեւս ընդ միշտ։ Ո՛հ, պարտականութիւնը ի՜նչ ծնար բեռեր ալ կը դնէ մարդուս սրտին վրայ։

Կ’աղաչեմ եղբա՛յրս, գրէ իր վրայ, էջերով, հատորներով գրէ՛, պիտի լափեմ զանոնք։

Կ. Պոլիս, 8 ապրիլ 1890

Քոյդ ՏԻԳՐԱՆ



[1]           Տիգրան հրաժեշտի չէր գացած Միս Իզապէլի՝ գիտնալով թէ անկարելի պիտի ըլլայ իրեն բաժանումին յուզումը զսպել։