Առաջին սէրը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Է.

Նուարդ դէպ ի անոր ծռեցաւ, երիտասարդին այտերը վարդագուներ էին, այնքան կենդանի գոյներով նկարագրած էր որ ինքն ալ յուզուած էր։ Նուարդ՝ աչքին առջեւը ունէր հիմա Միս Իզապէլին պատկերը՝ Տիգրանին ելեւէջող ձայնին խազերով գծուած՝ եւ ինք ալ Նուարդ կը սիրէր զայն հիմա։

Եթէ կը տխրեցնէ քեզ պատմութիւնդ մի շարունակեր, ըսաւ, քիչ յետոյ անոր կարմրած այտերը շոյելով, քրոջական գորովալից հոգածութեամբ մը, հակառակ մինչեւ վերջ մտիկ ընելու ջերմ բաղձանքին։

Ո՛չ քոյրս ոչ, պատասխանեց Տիգրան, այս յիշատակը կը յուզէ, բայց չի տխրեցներ, լուսնակին մեղմ շողերէն բիւր անգամ աւելի յուզող, անուշ հմայք մը ունի անիկայ իր մէջ, մտիկ ըրէ եւ պիտի համոզուիս ըսածիս։

Եւ Տիգրան շարունակեց.

«Վերջին տարին անհամեմատ կերպով աւելի բեղուն է անոր յիշատակներվ՝ քան միւս չորսը։ Որովհետեւ, նախ բախտը ունեցայ իրեն հետ արձակուրդին պզտիկ ճամբորդութիւն մը ընելու եւ երկրորդ «Սինեըր» (բարձրագոյն) կարգին մէջ առաւելութիւնը ունէի դպրոցական ժամերս մինչեւ աստիճան մը ըստ հաճոյս գործածելու եւ դպրոցական շատ մը օրէնքներէ ազատ մնալու։

Ճամբորդութիւն ըսածս՝ պզտիկ գիւղամնացութիւն մըն էր, որ շաբաթ մը տեւեց։

Անգղեւամերիկեան պզտիկ գաղութին անդամներուն ու անդամուհիներուն մեծագոյն մասը մասնակցեցան ատոր։ Խմբովին, ձիերով ու կառքերով ճամբորդեցին, առտուն կանուխ բլրակներու եզերքէն, թարմ կեանքոտ հմայքովը արշալոյսին։ Ցորեկուան տապին ատեն լեռան մը կողը, շուքին մէջ գետնին վրայ տարածուեցանք մեղմօրէն։ Իրիկունները հանդարտ վերջալոյսներու վրայ զմայլեցանք դաշտին մէջ՝ ուր անբիծ կոյսի մը հոգեվարքին պէս մեղմիկ կը մարին արեւին հուսկ ճաճանչները։

Ի՞նչ երջանիկ ժամեր անցուցի։ Քանի քանի անգամներ, քով քովի ոտքով բլուր մը մագլցած ատեննիս, ճերմակ նուրբ պլուզին տակէն փափուկ լանջքին ելեւէջը դիտեցի պատկառոտ ակնածանքով։

Շատ անգամ շքեղ տեսարանի մը առջեւ իր հայրենիքին այն ինչ տեղը, իր հոնտեղի սիրելիները կը չիշէր։ Իրենց երկրին բարքերուն վրայ խօսած ատեն՝ չմոռնալով սակայն առաւելութիւններուն հետ անոր յոռեմասնութիւններն ալ թուելու։

Այնքան քիչ տեւեց այս ճամբորդութիւնը շաբաթ մը ընդամէնը որ դեռ վայելելս ըմբռնել չկրցած սահեցաւ գնաց երազի մը պէս աղւոր անուշ երազի մը պէս՝ որմէ տարտամ գիծեր միայն մնացած կ’ըլլայ արթնցած ատենդ։