Առաջին սէրը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԹ.

Կէս օրը շատոնց անցեր էր։ Ժամանակին անցնիլը մոռցեր էին։

Հիմա, թեւ թեւի, եղեւիններու անտառին մէջէն, էն կարճ ճամբէն տուն կը դառնային քոյր եղբայր, կամաց կամաց։

Տաք էր։ Երկնքին վճիտ կապոյտը իր անծայրածիր խորութիւնը կը տարածէր վերը։

Առտուն թարմ ու կեանքոտ շունչը չկար հիմա օդին մէջ, տաք մեղմութիւն մը կը ծածանէր անոր տեղ, ծառերը յոգնած կենդանիներու պէս անշարժ կը կենային հիմա։

Պօլսոյ կողմը, հեռուն, հորիզոնին մօտ, սիրուն ճերմակ ամպիկ մը կար, միսմինակ, կապոյտին միօրինակութիւնը խանգարող՝ ովկէանին մէջ փայլող պզտիկ սառնակոյտի մը պէս։

Սա ամպիկին պէս հեռուէ՜ն հեռուէն կ’ուզէի զմայլիլ իր վրայ, կ ’ուզէի պաշտել զինքը, միշտ այսպէս, անելանելի բարձրութեան մը մէջ, վճիտ անեզրութեան մը մէջ։