Ազգային սահմանադրութիւնը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

2.
ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԾԱԳՈՒՄՆ ՈՒ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄԸ

Քիչ առաջ ըսի որ Ազգային Օրէնքը աւելի ճիշդը՝ արդէն գոյութիւնը ենթադրուած Սահմանադրութեան վրայ կրթնող օրէնսդրութիւն է:

Եւ արդարեւ այդ Սահմանադրութիւնը իրապէս, գոնէ կեդրոնը, Պատրիարքարանի շրջափակին մէջ շատոնց գոյութիւն ստացած է եղեր: Այդ սահմանադրականութիւնը 17րդ դարու առաջին կէսէն, 1641ական թուականներէն է գոյութիւն ստացեր նոյն իսկ գրաւոր, պետութենէն ընդունուած ու ճանչցուած կերպով:

Այդ Սահմանադրականութեան սկզբնական ծագումը կը ձգտի Պատրիարքներու սանձարձակ իշխանութեան սահման դնել, Պատրիարքներու ընտրութեան մէջ մայրաքաղաքի հայ գաղութէն որոշ դասակարգի մը մասնակցութեան իրաւունքը ապահովել, իրաւունք մը որ ժամանակի ընթացքին կը զարգանայ եւ կը նուաճուի կեանքի զարգացման հետ մայրաքաղաքի հայ առանձնաշնորհեալ կամ հարստացող, տիրող դասակարգերու կողմէ:

Պատրիարք կամ Պատրիարքութիւն հայ եկեղեցական կամ քաղաքական կեանքի, պատմութեան ծնունդը չեն: Հայ Եկեղեցիի եւ քաղաքական կեանքի պատմական շրջաններուն մէջ այդպիսի հիմնարկութիւններ գոյութիւն չեն ունեցած:

Հայ քաղաքական կեանքի անկումէն, հայութեան բզիկ բզիկ յօշոտուելէն յետոյ, անոր ստրկական շրջանին, հետեւելով օտար եկեղեցիներուն, լատինականին եւ մանաւանդ յունականին, հայ հոգեւորականութեան կողմէ ստեղծուած պաշտօն ու հիմնարկութիւն է Պատրիարքութիւնը:

Ֆաթիհի Կ. Պոլսին տիրելէն յետոյ, 1461ին մայրաքաղաքի մէջ  հաստատուած Պատրիարքութիւնը իր էութեամբ Առաջնորդութիւն կամ եպիսկոպոսական թեմ միայն եղած է: Փոքր Ասիոյ մէջ Օսմ. տիրապետութենէն առաջ, զանազան ժամանակներու մէջ հաստատուած են զանազան եպիսկոպոսական թեմեր կամ Առաջնորդութիւններ, որոնցմէ Կուտինայի եպիսկոպոսը օսմանեան պետութեան ընդարձակման. առաջխաղացման հետ կը տեղափոխուի, եւ Քէօթահեայէն Պրուսա, Պրուսայէն ալ Կ. Պոլիս փոխադրուելով Ֆաթիհէն կը ստանայ պատրիարքական տիտղոս եւ իրաւունք:

Այս տեղափոխութիւնը մէկ թեմի եպիսկոպոսի իր իսկ եպիսկոպոսական թեմի մէջ իր բնակութեան, աթոռի տեղափոխութիւնը չէ՛, այլ մէկ եպիսկոպոսի իրեն չպատկանող ուրիշ թեմի մը եպիսկոպոսական կամ առաջնորդական իրաւունքը գրաւելը, տիրանալը, աւելի ճիշդը յափշտակելն է, որովհետեւ բիւզանդական մայրաքաղաքի եւ իր արուարձաններու հայ գաղութը այդ ժամանակներուն կը պատկանէր Կիլիկեան թեմին:

Եպիսկոպոսութիւնն ալ ըստ եկեղեցական աւանդութեան ու կանոններու, եկեղեցական-վարչական նուիրապետութեան մէկ հեղինակութիւնն ըլլալով, եպիսկոպոսին իր թեմին հետ պսակումը, ընտրութիւնն ու օծումը ենթարկուած է թեմական ժողովրդի ընտրութեանն ու Եկեղեցիի Պետի՝ քահանայապետի կամ եպիսկոպոսապետի ձեռնադրութեան պայմաններուն եւ օրէնքներուն:

Կուտինայի Առաջնորդ Յովակիմ եպիսկոպոսի իրեն չպատկանող թեմի գրաւումը տեղի չէ ունեցեր այդ ընդունուած կանոններու եւ պայմաններու համաձայն, այլ իրագործուեր է Ֆաթիհի սուլթանական բարեհաճութեամբն ու հրամանովը:

Պարզ է որ Յովակիմ եպիսկոպոս՝ փոխադրուելով Պրուսա, Սուլթան Մուհամմէտ Բ. ի մայրաքաղաքը, աշխատած է գրաւել ու վայելել անոր համակրութիւնը որոշ նպատակով, եւ յաջողեր է իր հաճոյակատարութեան վարձատրութիւնը ստանալ  յաղթողէն:

Որքա՛ն ալ մեծ ըլլար Ֆաթիհի ձգտումը Հայերը գրաւելու, կրօնի ազատութեան երաշխիքներ տալու, անոր քաղաքագիտական նրբութիւնը չպիտի թոյլատրէր իրեն միջամտել Քրիստոնեայ Եկեղեցիի մը ներքին կեանքին ու կազմին եւ իր կողմէ նոր կարգեր սահմանել, պաշտօններ բաշխել, եթէ այդ միջամտութեան խնդրանքը չգար ուղղակի նոյն եկեղեցիի մէկ գլխաւոր ներկայացուցչէն:

Այդ պատրիարքական տիտղոսն ու հեղինակութիւնը ա՛յնքան օտար է եղած Հայերու համար որ, Յովակիմ եպիսկոպոսի Կ. Պոլիս հաստատուելէն յետոյ ալ, երկար ժամանակ գործածական չէ եղած ազգային տարեգրութիւններու մէջ, եւ միայն 1612էն կը սկսի իր իսկական կիրառութիւնն ու հեղինակութիւնը:

Ուրեմն մէկ դար ու կէս ժամանակամիջոց է պէտք եղեր, մինչեւ որ Կ. Պոլսի Պատրիարք տիտղոսաւոր առաջնորդները կրցեր են իրենց իշխանատիրական ձգտումները իրականացած տեսնել ու զանազան առաջնորդութիւններ իրենց ստորադասել:

Յունականի հետեւողութեամբ, Յովակիմ եպիսկոպոսի ոտնձգութեամբ ու խնդրանքով, կայսերական հրամանով ու ընտրութեամբ ստացուած իրաւունքները՝ որոնք յատուկ են եղեր եկեղեցիի Պետին վրաբերող նուիրապետական իրաւունքներուն, կը կայանան անոր մէջ որ Պատրիարքը կարենայ ընտրել, նշանակել, պաշտօնանկ ընել պատժել կամ վարձատրել բոլոր հոգեւորականներն եւ այդ բոլորին համար տուրքեր սահմանել ու գանձել, համաձայն իր կամքին ու քմահաճոյքին:

Ուշադրութենէ չպիտի վրիպեցնենք որ հայ եկեղեցիի իրաւական կարգը չէ՛ր թոյլատրեր իւրացնել այնպիսի իրաւունքներ որոնք եկեղեցիի Պետին՝ Կաթողիկոսին միայն կը պատկանին:

Պէտք չէ նաեւ ուշադրութենէ վրիպեցնել որ մայրաքաղաքը՝ իբրեւ գաղթավայր, եթէ առանձինն թեմ մը կազմելու հարկին մէջ իսկ գտնուած եւ արտօնուած ըլլար, թեմականէն աւելի եւ յունականի հետեւողութեամբ իրաւասութիւններ անոր յատկացնելը իրաւական չէր այն պարզ պատճառով որ, Յունական Պատրիարքութիւնը Կաթողիկոսութիւն, Օրթոտոքս Եկեղեցիի քահանայապետութիւնն է:

Պատմութեան հետեւողներուն ծանօթ է Հռոմէական կայսրութեան մայրաքաղաքի տեղափոխումէն եւ բաժանումէն յետոյ, Արեւելեան եւ Արեւմտեան Եկեղեցիներու մրցումները՝ գերիշխելու համար, Հռոմէական Եկեղեցիի ճիգերը եւ յաւակնութիւնները՝ քաղաքական իշխանութիւններն ու գահերը իրեն ստորադասելու համար, ինչպէս եւ Արեւելեան Եկեղեցիի յաւակնութիւնները՝ արեւմտեանի ամբողջ փառքն ու հեղինակութիւնը ժառանգելու համար:

Ահա՛ այդ ամբողջ ողբերգութեան պատմութեան մանրանկարին հետեւող Յովակիմ Պատրիարք եւ յաջորդները երկար ժամանակ ընտրուելով Պետութենէն, գնելով իրենց պաշտօնը կառավարութենէն նոյն կարգով կը վաճառէին, կը փոփոխէին, կը վարձատրէին միապետաբար առաջնորդները, վանահայրերը, վարդապետները, քահանաները, իրարու ձեռքէ կը խլէին, կը յափշտակէին եկեղեցական այս պաշտօնեաները: Ո՛վ որ շատ կը վճարէր, ան էր ընտրեալն ու արժանաւորը, եւ ի հարկէ այդ բոլոր կարգի վճարումները կ’ըլլային ի հաշիւ ժողովրդի, եկեղեցիներու եւ վանքերու, որոնք կը կեղեքուէին, կը թալանուէին ու կը յափշտակուէին անխնայ:

Օսմ. Տիրապետութենէն առաջ, Կ. Պոլսի հայ գաղութը Սսի Թեմի իրաւասութեան տակ է եղած, եւ իբր այդ Սսի Կաթողիկոսներն ալ մէկ կողմէ իբր յափշտակութիւն իրենց իրաւունքի եւ միւս կողմէ իբր իւղոտ պատառ նկատելով Պատրիարքութիւնը, երբ որ հնարաւորութիւնը գտեր են, գրաւեր են նաեւ Պոլսի Պատրիարքութիւնը: 1550էն մինչեւ 1600՝ յիսուն տարուայ շրջանին երկու անգամ իրենք են ուղղակի ձեռք ձգեր եւ հինգ անգամ իրենց եպիսկոպոսներուն են յանձնել տուեր:

1660էն 1715 յիսնամեայ շրջանին,   55 տարիներու ընթացքին, 21 եկեղեցականներ 34 պատրիարքական փոփոխութիւն են կատարեր իրենց անձին վրայ կռուով, վէճով, դաւով, կաշառով, թալանով:

Պատմութեան այս իրողութիւնները երեւակայութեան ծնունդ չե՛ն, յերիւրանքներ, թշնամի, հակառակորդ կողմերէ ամբաստանութիւններ, զրպարտութիւններ չե՛ն: Այնքան անվիճելի իրողութիւններ են եղած որ, պատմութեան ուսումնասիրողներն ու պատմութիւն գրող ու վերլուծողները ստիպուեր են արձանագրել ու ընդունիլ Պատմական բոլոր աղբիւրներն ու վկայութիւնները փոխանակ մէկ մէկ յիշելու եւ մէջբերումներ կատարելու, ես կը բաւականամ այդ ամէնը ամփոփող Ալպօյաճեանով (Ընդարձակ Օրացոյց Ս. Փրկչեան Հիւանդանոցի, 1910)։

Պատմական փաստերէ շատ քիչ բան յիշեցի. Միայն ընդհանուր գծերը տուի այն չափով՝ ինչ չափով որ անհրաժեշտ էր իմ տեսութիւններս հիմնաւորելու համար:

Փաստերու, իրականութեան մասին ուրեմն վէճ չի կրնար ըլլալ: Միայն այդ փաստերէն, իրականութենէն հանուելիք եզրակացութեան մէջ է իմ տարբերութիւնս որ առաջին անգամը ըլլալով հրապարակ կը դնեմ:

Մինչեւ հիմա ո՛չ մէկը չէ՛ քննադատած Յովակիմ եպիսկոպոսի ընթացքը, որ հակառակ է նոյն իսկ եկեղեցական-վարչական կարգերուն, նուիրապետութեան:

Էթմէքճիներու, ճէհէննէմ մէրտիվէնի յորջորջուած տգէտներու, ոճրագործներու պատրիարքական աթոռ բարձրանալը քննադատելով, կաշառումներն ու կաշառակերութիւնները յիշատակելով հանդերձ՝ այդ ամէնը վերագրուեր են միայն անոնց անհատական անարժանութեանը, տգիտութեանը: Ո՛չ մէկը չէ՛ անդրադարձած չարիքի արմատին: Չէ՛ պարզուած աթոռի ծագման դրդիչ հիմնապատճառը, տիրապետութիւնն ու շահագործումը եկեղեցիի, ժողովուրդի, բոլոր սրբութիւններու:

Ինչպէս առ հասարակ մեր պատմագիրներն ու ուսուցիչները, նոյնպէս եւ Ալպօյաճեան, յայտնելով հանդերձ՝ թէ «հոգեւոր տեսակէտով Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը իբր կրօնական նուիրապետութիւն չունի ո՛ եւ է նշանակութիւն…: Առաջնորդներու վրայ իրաւասութիւնը պետական կարգադրութիւն մ՚էր պարզապէս…», բնորոշելով հանդերձ՝ թէ «իրական պատրիարքութիւնը կը սկսի 1612էն երբ Կ. Պոլսոյ պատրիարքութիւնը իրն ստորադաս կ’ունենայ ուրիշ առաջնորդութիւններ, որոնց առաջնորդական հանգամանքը կառավարութեան առջեւ պաշտօնապէս միայն Կ. Պոլսոյ Պատրիարքին միռնորդութեամբը կրնար ճշդուիլ…», թէ՝ ԺԶ. դարէն մինչեւ ԺԹ. դարուն սկիզբը հետզհետէ կը շեշտուի Կ. Պոլսոյ Պատրիարքութեան նշանակութիւն իբր պետ առաջնորդութեանց, Կ. Պոլսոյ Պատրիարքութեան հաստատութիւնը կը վերագրէ միայն Ֆաթիհի մէկ բաղձանքին, Հայերը սիրաշահելու, մայրաքաղաքին մէջ Հայերու թիւը բազմացնելու, օսմանեան պետութիւն մէջ կրօնապէս անկախ հայ հասարակութիւն մը կազմելու քաղաքականութեան:

Հայերը սիրաշահի՜լ: Այո՛, բայց ուր։ Մայրաքաղաքին մէջ Հայերու թիւը բազմացնե՞լ: Այո՛ բայց ի՞նչպէս։ Հայրենիքէն դո՜ւրս…: Բիւզանդիոնի մէջ հաստատուած Պատրիարքութիւնը չէր կրնար պետութեան մէջ կրօնապէս անկախ հայ հասարակութիւն ստեղծել, որովհետեւ պետութեան մէջ այդ հասարակութիւնը արդէն գոյութիւն ունէր, կրօնապէս ուրիշէն կախուած չէր: Հայրենիքի մէջ գոյութիւն ունեցող այդ հասարակութիւնը ո՛չ թէ իր կրօնական անկախութիւնը ապահովեց Կ. Պոլսոյ գաղթավայրին մէջ հաստատուած Պատրիարքութեան շնորհիւ, այլ բնաջնջման վտանգի եզրը հասաւ:

Եւ այս ամենամեծ չարիքը աստիճանաբար առաջացաւ ու շեշտուեցաւ, իր սկզբնական ծագման մէջ սկսած Յովակիմ Պատրիարքէն, շնորհիւ հայ կղերի աշխարհային փառասիրական, տիրապետական տենչերուն:

Պատմութեան միջոցաւ վերլուծելով եւ առաջին անգամ հրապարակ դնելով այս չարիքը, բնաւ նպատակ չունիմ կրօնական խնդիր հանելու կամ Եկեղեցին քննադատելու։ Կրօն եւ եկեղեցի տարբեր հայեցողութիւններ են, ինչպէս տարբեր են եկեղեցի ու եկեղեցական: Մէկը  կրօնային բարոյական հիմնարկութեան մըն է, միւսը այդ հիմնարկութեան պաշտօնէութիւնը: Պաշտօնէին յատուկ քննադատութիւնը հիմնարթեան էութեան, վարդապետութեան հետ ոչ մէկ առնչութիւն չունի:

Եթէ Պատրիարքութիւնը իբր կրօնական նուիրապետութիւն նշանակութիւն չունէր, անիմաստ էր նաեւ քաղաքական-քաղաքակրթական տեսակէտով, քանի որ մշակոյթը գրեթէ գոյութիւն չունէր եւ Պատրիարքի իրաւասութիւնը սահմանափակուած էր եկեղեցականներու ու եկեղեցիներու վրայ, միայն վարչական հանգամանքով եւ նիւթական հասոյթներու գանձումի ու վայելումի մէջ:

Ահա՛ այդպիսի միապետական սանձարկութիւններու դէմ է որ ամէնէն առաջ բարձր հոգեւորականութիւնը եւ ամիրաներու, չէլէպիներու դասը ըմբոստացաւ եւ կառավարութենէն ձեռք բերաւ Պատրիարքի ընտրութեան մէջ մասնակցելու, ձայն ունենալու իրաւունքը:

Ո՛չ մէկ երկրի մէջ, ո՛չ մէկ ժամանակ ժողովրդական նուաճուած իրաւունքներ անխտիր բոլոր դասակարգերու սեփականութիւն չեն դարձեր:

Ուժեղները իւրացուցած են ժողովրդական անունը, շահագործած են տկարները: Իրաւունքներու նուաճումը, կամ աւելի ճիշդը վայելումը դասային կամ դասակարգային կը դառնայ աստիճանաբար, մինչեւ որ կը հասնի համաժողովրդական աստիճանին:

Այդպէս է եղած նաեւ Պատրիարքական սանձարձակութեան դէմ անդրանիկ իրաւական նուաճումը՝ որ առաջին աստիճանի վրայ տեղի ունեցաւ եղերական ու աշխարհական վերին դասերու համար:

Այդ դասերն ալ իրենց կարգին դառնալով նոյնքան եւ թերեւս աւելի հարստահարողներ որքան Պատրիարքները, երկրորդ ըմբոստացումը տեղի ունեցաւ անոնց դէմ եւ իրաւունքներ նուաճուեցան վարդապետներու, քահանաներու ու էսնաֆներու համար:

Նուաճուած իրաւունքները կը վերաբերին նախ Պատրիարքական ընտրութիւններուն մասնակցելու՝ եւ ապա եկեղեցական-զարգացողական մատակարարութեան, տնտեսութեան գործակցելու:

Մօտ չորս դար Թուրքիոյ հայութիւնը եւ մասնաւորապէս մայրաքաղաքի հայ գաղութը ո՛չ միայն զոհն է եղեր Պատրիարքներուն եւ Պատրիարքական թեկնածուներու, ամիրաներու ու չէլէպիներու կամայականութիւններուն ու տգիտութեանց՝ այլ եւ կրօնա-ծիսական վէճերուն ու լատինամօլութիւններուն: Այս լատինամօլութեան պարագան ալ երբեմն նուազ դեր չէ՛ կատարած ըմբոստութիւններուն մէջ:

Իսկապէս, ո՞ր թուականէն է որ հոգեւորականները կը սկսին ստանալ Պատրիարքական ընտրութեան մասնակցելու իրաւունքը, այդ կը մնայ պատմութեան մթութեան մէջ, ինչպէս եւ աշխարհական ազդեցիկներու մասնակցութիւնը: Բայց հոգեւորական թէ աշխարհական, վերին խաւերու մասնակցութիւնը արդէն որոշապէս կը յիշատակուի ԺԷ. դարու սկիզբներէն:

Ընտրական եւ վարչական իրաւունքներն ու մասնակցութիւնները աստիճանաբար նուաճուեր եւ իրագործուեր են հանրային եւ տնտեսական կեանքի զարգացման համեմատութեամբ:

Կայսրութեան անկման եւ նոր վերակազմութիւններու փորձի շրջանը սկսելէ յետոյ մանաւանդ, հայ ազգի իր  Հայրենիքին մէջ սիսդեմատիկ կերպով սպառման շրջանը եւս սկսած ըլլալով հանդերձ, ինչպէս մայրաքաղաքի ու ամբողջ երկրի կեանքը փոփոխութիւններու կ’ենթարկուէր, արեւմտեան յարաբերութիւնները, եւրոպական պետութիւններու հետզհետէ ձեռք բերած ազդեցութիւնները, կապիտիւլասիօնները, լատին եւ բողոքական միսիոնարական առաքելութիւնները ծնունդ կուտան նոր պահանջներու եւ պայմաններու: Եւ նոյն համեմատութեամբ ալ կ’ընդարձակուի Պատրիարքարաններու եւ Առաջնորդարաններու դերը: Մէկ կողմէ աննշան փոքրամասնութիւն կազմող զարգացած մտաւորական անհատներու պահանջը եւ միւս կողմէ բնակակից ազգերու հետ գոնէ նուազագոյն չափով մրցակցութեան ստիպողականութիւնը, եւ վերջապէս բնաշրջութեան օրէնքն ու պայմանները անհրաժեշտ կը դարձնեն վարժարաններ, հիւանդանոց, աղքատախնամ եւլն. հիմնարկութիւններ, ուստի եւ անոնց մատակարարութեան ու վարչութեան վերաբերող հարցեր:

Պատրիարքարանը աստիճանաբար կը դառնայ ազգային մշակոյթի վարչական կեդրոնը, գոնէ պաշտօնապէս եւ ձեւականօրէն, եւ առ նուազն Պօլսի համար:

Պետական աւագանիին, վէզիրներու եւ փաշաներու սեղանաւորներուն, անոնց գողութեան ու սիմոնականութեան միջնորդներուն, եւ այդ դիրքին շնորհիւ հարստութիւն ու ազդեցութիւն ձեռք բերող ամիրաներու կողքին յառաջ կուգան մայրաքաղաքին մէջ նիւթական բաւարար վիճակի հասած, կազմակերպուած արհեստաւորութիւններ, էսնաֆութիւններ, լոճաներ՝ որոնք այլեւս իրենց մէջ բաւական ուժ կը զգան ընդվզելու Պատրիարքական ու Ամիրայական իշխանութիւններու դէմ:

Իմ նիւթէս դուրս է զբաղիլ Կ. Պոլսի հայ-ազգային կամ աւելի ճիշդը Պատրիարքարանի շուրջը դարձած պայքարներու, զանազան փուլերու ու գոյներու, Կիլիկեցիներու եւ Էջմիածականներու, կամ Զահուկեցիներու եւ Հոռոմցիներու, Չէլէպիներու եւ Խոջաներու, Ամիրաներու եւ էսնաֆներու միջեւ ծագած երկարատեւ կռիւներու մանրամասնութիւններով:

Ազդեցութեան եւ իրաւունքի նուաճման, ընդդիմադիր եւ պահպանողական բանակներ՝ ոչ միայն դասային եւ դասակարգային ծագում են ունեցեր, այլ եւ հայրենակցական, աշխարհամասային։ Փոքր Հայքի եւ Կիլիկեան շրջաններէն, նոյն իսկ Սելճուքեաններու ժամանակէն գաղթողներու եւ ապա Մեծ Հայքէն, Ատրպատականի եւ Արարատեան շրջաններէն գաղթողներու միջեւ մղուած պայքարները ո՛չ միայն իրաւատէրի իրաւազուրկի հանգամանք են ունեցեր, (օրինակ՝ հին գաղթականը ինքզինքը տեղացի համարելով նորը իրաւազուրկ է նկատեր) այլ եւ կրօնական ու քաղաքակրթական բովանդակութիւն: Կիլիկեան կամ Չէլէպիականները համակուած էին լատինական ազդեցութիւններով ու ոգիով որու արմատը Խաչակիրներէն ու Ռուբինեաններէն ալ առաջ մուտք գտած էր անշուշտ, իսկ Զահուկեցիները, Խոջայական կամ Էջմիածականները համեմատաբար աւելի հակամէտ էին Ազգային Եկեղեցիին հաւատարիմ մնալու:

Կանգ չե՛մ առներ Պապականութեան յարողներու ծագումին ու կռիւներուն եւ վերջապէս բաժանումին վրայ, որ ԺԸ. Դարէն սկսած ամբողջ մէկ դար փոթորկած պառակտած է Թուրքիոյ, մասնաւորապէս Կ. Պոլսի հայութիւնը:

* * *

Այսպէս թէ այնպէս, հոգեւորականներէն յետոյ, աշխարհականներու եւս Պատրիարքարանի վարչութեան մէջ մասնակցութիւնը սկսելով 1613էն ազգային կամ պատգամաւորական ընդհանուր ժողով ունենալու գաղափարին իրականացումը կը յայտնուի 1725էն, Կարապետ Ծծկեր Ուլնեցիի ընդհանրական Կաթողիկոս ընտրութեան առիթով, որմէ յետոյ Պատրիարքարան ընտրութիւններն ալ կը կատարուին համանման ժողովներով:

Ազգային համարուող այս ընտրական ժողովները կազմուած են Պոլսի հնագոյն վեց թաղերու աւագ ու աթոռակալ քահանայապետէն քարոզիչ եպիսկոպոս կամ վարդապետներէն, ամիրաներէն եւ ապա արհեստաւորներու գլխաւորներէն:

Այդ ժողովներու կազմութիւնն ու ընտրական իրաւունքը պետութենէն ճանչցուած կը տեսնուի 1764 թուականին Գրիգոր Պասմաճեան Պատրիարքին տրուած Պէրաթով, որ ծանօթ է իբրեւ Պատրիարքական առաջին եւ հնագոյն Պէրաթը:

Այս Պոլսական Ազգային ժողովները իբր գերագոյն հեղինակութեան տէր մարմին կը սկսին նկատուիլ ԺԹ. դարու սկիզբներէն, 1810էն:

Թաղային ուսումնարաններու բացումը մանաւանդ, սկսած1790էն, իրեն հետ պիտի բերէր անոնց տնտեսական եւ ուսումնական հոգածութեան անհրաժեշտութիւնը, որ չէր կրնար այլ եւս իրագործուիլ Պատրիարքով եւ իր ներկայացուցիչ անհատներով:

1824էն կը տեսնուի արդէն Ուսումնական խորհրդի կազմութեան նմանող, կամ աւելի ճիշդը, անոր նախնական կազմը ներկայացնող մարմնի մը գոյութիւնը՝ ինչպէս եւ Տնտեսականի նախակարապետ մարմնի մը գոյութիւնը՝1829էն:

Վարչային կեդրոնական մարմնի հանգամանքը ներկայացնող առաջին մարմինը կը կազմուի 1834ին, Ստեփաննոս Աղաւնի Պատրիարքին օրով: Այդ առաջին կեդրոնական մարմնի ընտրութիւնը թէեւ կը կատարուի ամիրաներու ու էսնաֆի գլխաւորներէն բաղկացած ժողովին կողմէ, բայց ընտրուածները կ’ըլլան տասն ամիրաներ:

Անկասկած որ պետութեան կրած ցնցումները, արտաքին միջամտութիւնները, Եւրոպական Թուրքիոյ առանձնաշնորհեալ երկիրներու եւ յունական եգիպտական ապստամբութիւնները, Ֆրանսական Մեծ Յեղափոխութեան բերած ալիքները, Պոնափարդի եգիպտական արշաւանքը, ռուսական առաջխաղացումներն ու պատերազմները եւ վերջապէս պետութիւնը քայքայումէ ազատելու համար վերանորոգչական ձեռնարկները Թուրքիոյ հայկական կեանքին վրայ եւս ունեցած են իրենց ամենամեծ ազդեցութիւնները:

1827-30 Ռուսական պատերազմը կը վերջանար Անդրիանուպոլսի դաշնագրով որու գլխաւոր պայմաններէն մէկն էր նաեւ Թուրքիոյ հպատակ քրիստոնեաներու կրօնական ազատութիւնը:

Դաշնագրական այդ յանձնառութիւնը կը շեշտուի1839 Նոյեմ. Խաթթը Հիւմայունով, կայսերական հրովարտակով, որ պատմական է Կիւլհանէի Խաթթը- Հիւմայուն անունով: Այս հրովարտակը եւրոպական մտքով լայն սահմաններ կուտար Սէլիմ Գ. էն սկսած ու Սուլթան Մահմուտի կողմէ շեշտուած բարենորոգչական նախաձեռնութիւններուն եւ կը ստիպէր կատարել շարք մը օրէնսդրութիւններ որոնք ծանօթ են Թանզիմաթ պատմական անունով:

Պետութեան եւրոպական մտքով վերակազմութիւնը չէր կրնար անշուշտ կատարուիլ կրօնա-մէտրէսէական կրթութեամբ պատրաստուած սերունդով ուստի եւ բոլոր ներքին ու արտաքին բարգ պատճառները, քաղաքակրթութեան պահանջները ստիպեր էին պետութիւնը՝ պետական գործիչներ հասցնելու համար մէկ կողմէն Եւրոպա ուղարկել ուսանողներ եւ միւս կողմէ մայրաքաղաքին մէջ հիմնել բարձրագոյն ուսումնարաններ, որոնցմէ օգտուելու իրաւունքը տակաւին վերապահուած էր միայն մահմէտականներուն:

Կատարուած յեղաշրջումներուն ազդեցութիւնը, գոյութեան կռուի բնազդն ու մրցման անխուսափելի պահանջները պիտի ստիպէին գոնէ մայրաքաղաքի Հայերը ձգտիլ բարձրագոյն կրթութեան, եւ արդարեւ անհատական ջանքերով մէկ կողմէ արտասահման ուսանողներ ղրկելով, աստիճան մը կը լրացնէին եւ կը փոխարինէին պետական զլացումները, եւ միւս կողմէ կ’աշխատէին կեդրոնին մէջ ունենալ բարեկարգ վարժարաններ:

Այս աշխատանքի ու ձգտումներու արդիւնքներն են եղած Սկիւտարի Ճեմարանը, Խասգիւղի, Գումգափուի, Հիւանդանոցի վարժարանները:

Սակայն այդ ձգտումներն ու պահանչները չեն իրագործուիր խաղաղօրէն:

Եթէ պատմութեան ընթացքին կը գտնուին Խոճա Ռուհիճաններ, Միրիճանեան Մկրտիչ՝ Շնորհք յորջորջուած Ամիրաներ, Աստուածատուր Խալֆաներ, Մաղաքիա Չէլէպիներ, Յարութիւն Խազաղ Ամիրաներ եւ Յովհաննէս Կոլոտ (թէեւ լատինամիտ) Պատրիարքներ, այնուամենայնիւ ատոնք միայն անհատներ էին եւ իրենց պատկանած դասն ու դասակարգը չէին ներկայացներ: Օրուան հզօրները ստուար մեծամասնութեամբ եղած են այնպիսի չարիք ու փորձանքներ Թուրքիոյ Հայերու գլխին՝ որ մարդ կը փորձուի ընդունելու թէ գերազանցեր են նոյն իսկ ներքին ու արտաքին օտար բռնապետներն ու գիշատիչները:

Կարելի է ըսել որ առհասարակ մենք չունինք հայ ժողովրդի պատմութիւն, եւ մանաւանդ չունինք Օսմանեան տիրապետութենէն յետոյ Թուրքիոյ Հայերու ժողովրդական պատմութիւնը: Եղածը՝ գաւառային ցանցառ դէպքերու բացառութեամբ, Կ. Պոլսի Պատրիարքութեան, Պատրիարքարանի շուրջ, Կիլիկիան եւ Էջմիածնի կաթողիկոսութիւններու, Երուսաղէմի աթոռներու շուրջ, լատինական, կաթոլիկ, բողոքական ազդեցութիւններու, տեղացիի, դրսեցիի ազդեցութեան պայքարներու, աթոռի յափշտակութեան ու կողոպուտի պատմութիւնն է: Նոյն իսկ Պոլսի հայ ժողովրդի պատմութիւնը գրելու սիսդեմատիկ փորձ չէ եղած:

ԺԸ. դարու վերջերէն եւ ԺԹ. դարէն, մանաւանդ 1831 թուականէն յետոյ է միայն որ Պոլսի Պատրիարքի կամ Պատրիարքարանի շուրջ եղած կռիւներու եւ պայքարներու պատմութիւնը կը դրուի մշակոյթի, ներքին ինքնավարութեան համեմատաբար ժողովրդական աւելի լայն խաւերու իրաւատիրութեան խարիսխին վրայ:

Այդ թուականներէն յետոյ կռուի առանցքը այլ եւս չեն կազմեր կրօնա-դաւանական վէճերը, Կիլիկեան եւ Էջմիածնական ազդեցութիւններու մրցումները եւ Պատրիարքի իշխանութեան մարմաջը:

Պատրիարքի իշխանութիւնը արդէն կերպարանափոխուած, Պատրիարքարանը կը ստանայ կուլտուրական-կիսաքաղաքական հաստատութեան բնոյթ:

Դիտելի է սակայն, որ աթոռական ու կրօնա-դաւանական մօտ չորս դար տեւած այդ ահռելի ու կործանարար պառակտումներու, հալածանքներուն եւ խոշտանգումներու շրջանին իսկ, անխտիր դասակարգի, հայկական միտքը հրաշալի կերպով արտայայտած է իր մէջ թագնուած աշխարհական ոգին, հակառակ արեւելեան բոլոր եկեղեցիներու եւ ժողովուրդներու առանձնայատուկ մոլեռանդութեան:

Ամէն անգամ որ հնարաւորութիւնը տեսնուեր է՝ հայ ոգին ըմբոստանալով եկեղեցական տիրապետութեան, իշխանութեան դէմ, անոր տեղ հաստատեր է աշխարհական տարրը ու աշխարհիկ իրաւատիրութիւնը:

Դեռ 1641 թուականներէն սկսած, տասնեւութ տարուայ ընթացքին, ժողովուրդը ընդհատաբար եւ երեք անգամ մերժելով եկեղեցական Պատրիարքի ընտրութիւնը՝ աշխարհական Տեղակալներ ընտրած է, աշխարհականներ իրենք են ստանձներ Պատրիարքարանի իշխանութիւնը:

Սակայն եւ այնպէս, ինչքան ալ ժամանակի ընթացքին բնաշրջուեր է Պատրիարքարանի  հաստատութիւնը եւ Պատրիարքական իշխանութիւնը, ի՛նչքան ալ իրաւունքները ընդլայնուեր ու քաղաքակրթական նոր կեանքի պահանջներ են դրուեր, նոյն իսկ ԺԸ. դարու վերջերէն, ԺԹ. դարի ընթացքին ալ, մինչեւ թանզիմաթը եւ մինչեւ 1860-63 Ազգային Օրէնքի հաստատութիւնը, ինչպէս եւ անկէ յետոյ՝ ազգային մշակոյթի շարժումը կրօնա-պահպանողական տիրող տարրերու կողմէ ենթարկուեր է ամենաուժգին արգելքի եւ ընդդիմութիւններու, հալածանքի ու դաւերու։ Իւրաքանչիւր առաջդիմական քայլ ու ձեռնարկ կը համարուէր անկրօնութիւն, բողոքականութիւն, (հաւանականաբար կաթոլիկութեան մօտան, սուր կռուի շրջանը անցած ըլլալով, եւ մանաւանդ կաթոլիկութիւնը Պոլսական կղերի ու մտայնութեան համար շատ ալ տարամերժ չհամարուելով, կաթոլիկութիւնը չէր շահագործուեր իբր մեղադրանքի զէնք): Կը շահագործէին ամբոխին տգիտութիւնը, ու նախապաշարումները գրգռելով՝ ժողովուրդը կը մղէին իր իսկ զարգացումին ու շահերուն նուիրուած, սկզբունքի ու գաղափարի անհատներու, նախաձեռնողներու, անոնց օժանդակներուն դէմ: Ուստի եւ ազգային ինքնավարութեան կոչումն ստացած Պատրիարքական հիմնարկութիւնը երբե՛ք չէ կրցած իր կոչման համապատասխան եւ նուազագոյն չափով իսկ ծառայութիւն մատուցանել ո՛չ միայն հանուր Թուրքիոյ հայութեան, այլ նոյն իսկ մայրաքաղաքի ու շրջականերու գաղութին: Եւ ըսենք անգամ մըն ալ, որ հայրենիքէն դուրս հաստատուած ազգային կեդրոնական հիմնարկութիւնը բնականաբար պիտի ըլլար հայրենիքին համար խորթ, անօգուտ եւ մինչեւ իսկ վնասակար:

Չհաշուելով 1715 ին Յովհաննէս Կոլոտ Պատրիարքի Սկիւտար բացած եւ ապա Գումգափու փոխադրած կղերանոցը, որ պիտի ծառայէր իբրեւ բոյն լատինական հիմնական պրօպագանտի եւ զարգացման, եթէ 1790էն ասդին բացուած թաղային վարժարաններէն ոմանք երբեմն փայլեր են ասուպի նման, այդ անցողակի փայլի շրջանը ստեղծուեր է միայն շնորհիւ իւրաքանչիւրի գոյութեան հետ կապուած անձերու, ինչպէս էին Շնորհք մականունին արժանի Մկրտիչ, Սէրվէրեան Յովհաննէս, Գազազ Յարութիւն ամիրաներ ու Հովուեան Նիկողոս, Յակոբիկ Մանուէլեան, Բերայի Զաքարիա քահանայ, եւն:

Եթէ չըլլային այդ անհատները՝ ազգային կամ թաղային կոչուած վարժարաններէն ո՛չ մէկը Պատրիարքարանի մարմիններու կողմէ, Պատրիարքարանի նախաձեռնութեամբ, պաշտօնական ջանքերով ո՛չ կը հիմնարկուէին եւ ո՛չ ալ իրենց ոսկէ շրջանը կ՚ունենային: Ապացոյց. Անմիջապէս որ այդ անձնաւորութիւնները ուժասպառ լքեր են եւ այլեւս չեն կրցեր դիմագրաւել արգելքներուն, վարժարաններն ալ ասուպի նման մարեր են, կա՛մ փակուեր եւ կա՛մ միայն անուանական գոյութիւն են պահեր:

Հակառակ այդ ամէնուն, նոր մտքերու կորիզը, գիր ու գրականութիւն ստեղծուեր են, եւ սակաւաթիւ բայց որակով յարգելի կրթուած, մասնագէտ եւ գաղափարական սերունդ մը յառաջ եկեր է:

Քաղաքակրթութիւնը, մշակոյթը այնպիսի անդիմադրելի ուժ մըն է, որ դժուար է սահմանել եւ որոշել թէ որպիսի ազդակներով կը թափանցէ, արմատ կը ձգէ ու կը զարգանայ ժողովուրդներու, երկիրներու մէջ, հակառակ պաշտօնական հիմնարկութիւններու եւ նոյն իսկ հակառակ ժողովուրդներու կամքին:  

Շա՛տ են հայկական փոքրիկ մշակոյթի շարժման սատարները, թէ՛ ներսէն եւ թէ՛ դուրսէն, շարժում մը որ կ’արձագանգէր եւ կը զուգորդուէր մինչեւ հեռաւոր աշխարհներու խորը ցրցքնուած գաղթավայրերու մէջ, Հնդկաստանէն մինչեւ նազելի Վենետկի ափերն ու վեհապանծ Մասիսի ստորոտը:

Անկասկած, Մուրատ-Ռափայէլ երկու անմոռաց նուիրատուները եւ անոնց միջնորդ Մխիթարեան Միաբանութիւնը ամենամեծ ծառայութիւնն են մատուցեր. բայց իմ կարծիքով այդ ծառայութեան մեծագոյն բաժինը կը պատկանի մտքի անխոնջ այն մշակներու փոքրաթիւ դասին՝ որոնք կարծես հրաշքով մը սերունդ են պատրաստեր տեղ տեղ ինքնաստեղծ, իրենց սեփական ուժով, անկախ Պատրիարքարաններէն ու Առաջնորդարաններէն:

Ազգային վերածնունդի մեծագոյն ռահվիրաներ են Գէորգ Տէր Յովհաննէսեան, Գրիգոր Փեշտիմալճեան, Պալաթի Պաղտասար պատուելի, Սամաթիացի Խաչատուր Պարտիզպանեան, Նիկողոս Հովուեան, Ֆիզիքա Պօղոս, Չափրաստճեան Գէորգ, Զօրայեան Նիկողոս, Տէր Յովհան Միրզա Վանանդեցի, Ռուբէն Անդրէաս Փափազեան, Խաչատուր Միսաքեան, Մուրատ Վարժապետ, եւ մանաւանդ գաւառներու չոլախ վարժապետներ եւլն: (Տարօրինա՜կ զուգադիպութիւն է որ 19րդ դարու առաջին յիսնամեակէն, գրեթէ ամէն գաւառի մէջ երեւան կուգան քերականութեան, ճարտասանութեան մէկ մէկ ուսուցիչ, վարժապետներ, պատուելիներ՝ խեղանդամ, այնպէս որ ինծի թուի թէ ամէն գաւառ իր ՉՈԼԱԽ ՎԱՐԺԱՊԵՏԻ աւանդութիւնը ունի։ Որքան ցանկալի էր գրի առնել եւ հրատարակել ազգային վերածնունդի այդ առաջին եւ երախտաւոր մշակներուն կենսագրութիւնները, պատմութիւնը, աւանդութիւնները, որպէս զի բոլորովին մոռացութեան չմատնուէին)։

Անոնք էին որ հողը պատրաստեցին ազգային մեծ գաղափարի մը կաղապարման. զոր պիտի գային յետոյ մեզ աւանդելու Ֆրանսական առաջին եւ երկրորդ Յեղափոխութեան աշակերտները:

Խօսքս անշուշտ միայն թրքահայ գործիչներու մասին է: Հայկական վերածնունդի, ազգային գաղափարի կերպաւորման, մտային յեղաշրջումի շարժումն ու վարիչները կարենալ պատկերացնելու համար, պէտք է միացնել նաեւ Կովկասեան՝ ռուսահայ շարժումն ու գործիչները, Ներսէս Աշտարակեցի, Խ. Աբովեան, Մ. Նալբանդեան, Ս. Նազարեան, եւ ուրիշները:

Բայց ես աչքի առջեւ ունենալով միայն թրքահայերու Ազգ. Սահմանադրութեան հետ ուղղակի առնչութիւն ունեցող շարժումներն ու դէպքերը, ակամայ կը սահմանափակուիմ այս անձուկ գծերով:

* * *

1834ի Մարտի կազմուած առաջին Վարչական Ժողովը Էսնաֆութեան վերջնական յաղթանակը չէր: Ատով էսնաֆը մէկ իրաւունք մը նուիրագործած էր, Ամիրան կրնար կառավարել միայն էսնաֆէն ընտրուելով։ Այս ալ թէեւ էսնաֆին համար իրաւունքի նուաճում մըն էր, հանգրուան մը, բայց մեծ փոփոխութիւն մը չէր բերեր իրերու ընթացքին վրայ:

Պատրիարքութիւնը զիջած էր Ամիրայութեան համագործակցելու, իսկ ամիրայութիւնը հաւանած էր էսնաֆութեան ընտրելու իրաւունքն ընդունելու: Բայց ատով չէր փոխուեր ամիրայական գործելակերպը, եւ հասարակութիւնը տեսնելով իր զարգացման խափանարար արգելքները, ներշնչուելով, մղուելով, առաջնորդուելով հասած մտաւորական տարրերէն, պայքարը կ’ուղղէ ամիրայութեան դէմ:

Կռիւը կ’անցնի երկու ճակատի վրայ. հոգեւորական եւ աշխարհական երկու բարձր, տիրող դասի դէմ եւ գլխաւոր առանցքը կը կազմեն կրթական հիմնարկութիւնները:

Ազգային տուրք չկար, միլիոններու հասնող ազգային կալուածական հարստութիւնները, վանական եւ եկեղեցական եկամուտները տնտեսութիւն չունէին ու մեծ մասով անհատներու, տգէտ ու դատարկապորտ վանականներու, հոգեւորականութեան կոկորդը կը մտնէին: Ամիրաները կը զլանային իրենց յանձնառութիւնները, ուստի եւ Պատրիարքարան, Տնանկաց Սնտուկ, Հիւանդանոց, Սկիւտարի Ճեմարան չէին կրնար իրենց առօրեայ անհրաժեշտ ծախքերն հոգացող աղբիւր գտնել, պարտքեր կը դիզուէին եւ հիմնարկութիւնները փակուելու վիճակին կը հասնէին:  

Միւս կողմէ Թանզիմաթի եւ կեանքի պահանջած դատաստանական կազմակերպութիւնը պետութեան կողմէ իրագործուած չըլլալով, եւ աչքի առաջ ունենալով Շէրիի դատարաններու մասին տիրող ներքին ու արտաքին հոգեբանութիւնը, պետութիւնը խոհեմութիւն կը համարէր ո՛չ-մահմէտականներու վերաբերող մանր մունր վէճեր ու շարք մը դատաստանական խնդիրներ յանձնել Պատրիարքարաններու:

Իսկ ամուսնական, կտակային ու ժառանգական խնդիրները՝ իբր անհաշտ մահմէտական ըմբռնումին ու Շէրիի տրամադրութիւններուն, կարգադրութիւն կը պահանջէին ազգային շրջանակի մէջ:

Ուրիշ պարագայ մըն ալ: Թանզիմաթի տրամադրութիւններէն մէկն էր նաեւ տուրքերու արդար բաշխումն ու գանձումը: Ուստի, թանզիմաթէն յետոյ, իւրաքանչիւր հասարակութեան վիճակուած տուրքի գումարին անհատներու վրայ բաշխումն ու գանձումը յանձնուեցաւ Պատրիարքարաններուն, Առաջնորդարաններուն:

Ու թէեւ 1842ին ջնջուած է գանձման իրաւասութիւնը Պատրիարքարաններէն եւ Առաջնորդարաններէն, բայց ամէն հասարակութեան վիճակուած գումարի բաշխումը թողուած է նոյն հասարակութեան:

Ահա՛ այս նոր պարտաւորութիւնները, նոր պահանջները, դժգոհութիւնները, գանգատները կը ստիպէին Պատրիարքարանները համապատասխան կազմակերպութիւն ստեղծել:

Դիտելի է որ այս փոխանցման շրջանին մէջ՝ շնորհիւ ժողովրդական- մտաւորական խաւերու ազդեցութեան, ընտրուած Պատրիարքները համեմատաբար ժողովրդական դատի պաշտպաններ կ’ըլլային:

1834էն յետոյ, Պատրիարքի եւ Պատրիարքական թեկնածուներու շուրջ ամիրայութեան եւ էսնաֆութեան միջեւ պայքարին առանցքը կը կազմէր Պատրիարքի այս կամ այն հակամիտութիւնը:

Յակոբոս եւ Մատթէոս Պատրիարքներ կը համարուէին յառաջդիմասէրներ, եւ շնորհիւ այս զուգադիպութեան, էսնաֆութիւնը իրաւունքի նուաճումներ կատարելու նպաստաւոր օժանդակ ուժ կը ստանար:

Այս պատճառներուն բերումով, 1840ին Պատրիարքարանի կազմակերպութիւնը կը ստանայ նոր զարգացում։ Կը կազմուի Դատաստանական խորհուրդ մը, իսկ 1834էն՝ տասը ամիրաներէ բաղկացած վարչական մարմնի մը փոխարէն կ’ընտրուի էսնաֆներէ կազմուած եւ 24 անդամներէ բաղկացած մարմին մը:

Այսպէս, 1824ի, 1829ի, 1834ի եւ վերջապէս 1840ին ստեղծուած եւ հիմնուած մարմինները կը ներկայացնեն նախնական կազմաւորումը   1860-63ի Ազգ. Օրէնքով ձեւակերպուած Վարչական, Ուսումնական, Տնտեսական եւ Դատաստանական Մարմիններու:

Բայց ամիրաները զլանալով հանդերձ ո՛ եւ է աջակցութիւն այդ մարմնին, իրենց բոլոր միջոցները գործադրած են մարմնին հետ զայն հովանաւորող Յակոբոս Պատրիարքն ալ տապալելու, ճեմարանը փակելու: Եւ յաջողած են:

Կռիւը կը սաստկանայ, 1841ին կառավարական վաւերացումով կը վերահաստատուի նոյն մարմինը նախ 24 եւ ապա 27 անդամներով, որ նոյնպէս անյաջողութեան կը մատնուի եւ չափազանց վհատեցնող, վրդովիչ եղանակով կը տապալուի, եւ ամիրաները դարձեալ կը գրաւեն իրենց դիրքերը:

1844ին ամիրայութիւնը նորէն տեղի կուտայ եւ Աստուածատուր Պատրիարք տապալելով, Մատթէոս Պատրիարք կ’ընտրուի։ Սա Էսնաֆներու հետ համախորհուրդ 16 ամիրաներէ եւ 14 արհեստապետներէ բաղկացած 30 անդամով վարչութիւն մը կը կազմէ:

Եւ սակայն ատով կռիւ ու պայքարը չէր վերջանար: Երկիրը կ’անցընէր քաղաքական խոշոր արկածներ ու յեղաշրջումներ։ Ֆրանսա՝ Կաթոլիկներու, Անգլիա՝ Բողոքականներու եւ Րուսիա՝ Օրթոտոքսներու պաշտպանութեան ձեւով կը մրցէին իրարու դէմ, որովհետեւ այդ պաշտպանութիւնը միայն պատրուակ էր Թուրքիոյ ներքին գործերուն միջամտելու եւ քաղաքական ազդեցութիւն ձեռք բերելու: Այս մրցումը առաջնորդեց մինչեւ Խրիմի պատերազմը, գլխաւորաբար Ֆրանսայի եւ Անգլիոյ թելադրութեամբն ու զինակցութեամբը:

Այդ ամէնը կ’ազդէին երկրի վարիչներուն վրայ, որոնք արտաքին միջամտութիւնը չէզոքացնելու եւ գոհացումներ տուած ըլլալու համար, պարբերաբար կը շտապէին վերանորոգչական ֆէրմաններ հրատարակել, ոչ-մահմէտականներու հաւասարութիւնն ու կրօնական ազատութիւնը հռչակել:

Շարժումը, յուզումը, պայքարը գոյութիւն ունէր ո՛չ միայն պետական կազմի, պետական վարիչի, հպատակ ազգերու, դասերու եւ դասակարգերու միջեւ, այլ եւ նոր կեանքը, նոր պահանջներ դիմաւորել ձգտողներու, հին եւ նոր սերունդի, աւանդապահներու, ժամանակի ոգին չըմբռնողներու միջեւ, կամ ինչպէս յետոյ բնորոշեղին, Լուսաւորեալի ու Խաւարեալի միջեւ, թէեւ սահմանափակ շրջանակներով եւ կեդրոնացած գրեթէ միայն մայրաքաղաքի մէջ:

Պէտք է աչքի առջեւ ունենալ այդ շրջանի իրադարձութեանց ամբողջ պատկերը, մօտաւոր գաղափար մը կազմելու համար՝ թէ ինչպէս պետութեան մէջ եւ մանաւանդ հայ գաղութի մէջ բուռ մը մտաւորականներ ծրագիրներ կը կազմէին, ձգտելով պետութիւնը, ազգը քաղաքակրթութեամբ օժտել եւ ապահովել ներկան ու ապագան, միշտ ենթակայ պարբերական պատրանքներու եւ յուսախաբութիւններու:

* * *

Ինչպէս ուրիշ ազգերու, մասնաւորապէս Յոյներու, նոյնպէս եւ հայերու Պատրիարքարանի, ազգային մշակոյթի ինքնավարութեան կազմակերպուելու գործը, պայքարը կը շարունակուէր ելեւէջներով:

1844ի խառն տարրերէն ամիրայութիւն եւ էսնաֆութիւն կազմուած վարչական մարմնին մէջ գերակշիռ ամիրայութիւնը, եւ մանաւանդ անոր աջ թեւը կը ձգտէին Պատրիարքը ամբողջովին ենթարկել իրենց, իսկ Մատթէոս Պատրիարքն ալ օգտուելով հակամարտութենէն, կը հետամտէր մէկ կողմէ երեւութապէս գոհացնել երկու ծայրերն ալ, եւ միւս կողմէ անկախ ու ինքնուրոյն դառնալ իր որոշումներուն ու գործադրութեան մէջ։ Երկու կողմերու այս մրցումը կը հասնի վերջապէս բաղխումի եւ Մատթէոս Պատրիարք իրաւական տեսակէտին վրայ ձեւակերպելով իր ուղղութիւնն ու հեղինակութիւնը, բացարձակապէս կը յայտարարէ թէ ինք միակ իրաւասուն է ամուսնական, նուիրապետական եւ ուրիշ կրօնական հանգամանք ունեցող բոլոր հարցերու մէջ, իսկ խառն մարմնի միջամտութեան իրաւունքը կը սահմանափակուի միայն զուտ կրթական ու տնտեսական խնդիրներով:

Ամիրայական եսը կը վրդովուի, որմէ կ’օգտուին Լուսաւորեալ բանակին պատկանող տարրերը, թելադրութեամբ ու ղեկավարութեամբ Յակոբ Կրճիկեանի:

Դէպքերու պատմութիւնը ցոյց կուտայ որ Պատրիարքի անձնական ո՛ եւ է իրաւասութիւն չթողելու համար երկու կողմերը կը համաձայնին, որպէս զի ինչպէս կրթական ու ելմտական խնդիրներու համար աշխարհականներէ, նոյնպէս եւ կրօնական նկատուած խնդիրներու համար հոգեւորականներէ բաղկացած մարմին մը ստեղծեն: Այդպէսով թէ՛ կը չէզոքանար կրօնական հարցերու մէջ աշխարհականներու միջամտութեան դէմ եղած առարկութիւնը, որ հայ եկեղեցիի համար խորթ, նորամուտ, կաթոլիկ ուղղութիւն էր, եւ թէ՛ Պատրիարքը կը ստիպուէր հրաժարիլ ո՛ եւ է անկախ ու ինքնուրոյն իրաւունք գործադրելէ:

Կ’առաջաարկուի Պատրիարքին նոր ընտրութիւնով կազմել երկու ժողով, մէկը Հոգեւոր եւ միւսը՝ Գերագոյն Ժողով անուններով, ու դիմել կառավարութեան, արտօնութեան համար:

Կառավարութիւնը կ’ընդունի Պատրիարքի թագրիրով եղած այս առաջարկը:

Այն ժամանակի պետական բարենորոգիչները, Թուրքիոյ իսկական պետական մարդերն (Hommes d’Etat) էին Րէշիտ, Ալի, Ֆուատ, իսկ Յակոբ Կրճիկեան՝ իր ժամանակի խոշոր դէմքերէն մէկը, թարգմանն էր Րէշիտ փաշայի, Մեծ Եպարքոսին:

Ո՜րպիսի համեմատութիւն եւ ի՜նչ հակոտնէութիւն այն ժամանակի պետական հայ պաշտօնեաներու հակումներուն, ուղղութեան ու ջանքերուն եւ արդի պաշտօնեաներու միջեւ:

Ժամանակի ոգիին ու պահանջին հետ, Կրճիկեանի անձնական դիրքն ու կապերն ալ ազդած են կառավաութեան վրայ, որու շնորհիւ ձեռք կը բերուի կայսերական հաւանութիւն՝ եղած առաջարկի մասին:

1847 Մայիս 7ին, Արտաքին գործերու նախարար Ալի Էֆէնտիի (յետոյ յայտնի Ալի փաշա) բնակարանը կը հրաւիրուին Պատրիարք եւ Ամիրաներ ու այնտեղ անոնց կը հաղորդուի կայսերական հրովարտակը: Գերագոյն ժողովը պիտի ընտրուէր Ընդհանուր ժողովէն (ամիրաներէ, արհեստապետներէ եւ հոգեւորականութենէն բաղկացած ժողովը, որ կը հաւաքուէր Պատրիարքի ընտրութեան համար), իսկ Հոգեւոր Ժողովը պիտի ընտրուէր Գերագոյն Ժողովէն:

Գերագոյն Ժողովը պիտի բաղկանար 20 անդամէ, Հոգեւորը՝ 14, երկու ժողովներն ալ տարին մէկ անգամ պիտի վերանորոգուէին նոր ընտրութեամբ:

1847 Մայիսի 9ին Մատթէոս Պատրիարք կը գումարէ ընդհանուր ժողովը եւ կը կատարէ ընտրութիւնը Գերագոյն Ժողովի։ Լողոքէթ տիտղոսով դիւանական վարիչ կը նշանակուի Յ. Կրճիկրանը:

Կը կատարուի նաեւ Հոգեւորի ընտրութիւնը: Ընտրութիւններու ցանկը կը հաղորդուի Բ. Դրան եւ կայսերական հրամանով հաստատուելէ յետոյ, 1847 Մայիս 20ին տեղի կ’ունենայ Գերագոյն ժողովի առաջին նիստը:

Այս ժողովներն են՝ որ յետոյ անուանափոխութեամբ դարձան Ազգ. Սահմանադրական Կեդր. Վարչութեան Քաղաքական ու Կրօնական ժողովները:

   1848ի Ֆրանսական Յեղափոխութեան հայ մտաւորական երիտասարդութեան միջոցով յուզած ալիքներն ու Խրիմի պատերազմը,   1856ի Փարիզի Դաշնագրութիւնը, Իսլահաթի Ֆէրմանը նպաստեցին աւելի կանոնաւորելու, աւելի ընդլայնելու, եւ որոշ սկզբունքներու վրայ դնելու մեր ներքին ինքնավարական օրէնքն ու վարչութիւնը:

1853 Մայիս 26ին Պատրիարքարաններուն ու դեսպանատուններու կը հաղորդուի հրովարտակ մը, որ կը յայտարարէր թէ երաշխաւորուած է ոչ-մահմետականներու կրօնական պաշտամունքներու ու վարչութեան ազատութիւնը:

Մինչ Վիեննայի մէջ հաշտութեան պայմաններու ընդհանուր գծերը խորհրդակցութեան նիւթ կ’ըլլային պետութեանց պատուիրակներուն միջեւ, նոյն միջոցին1856 Փետրուար 6/18ին Պոլսի մէջ կը հրատարակուէր Իսլահաթ Ֆէրմանին:

1860 Մայիս 24ին կը հաստատուէր Ազգ. Սահմանադրութիւն կոչուած հայ-ազգային վարչական օրէնքը, առանց սակայն իբր պետական օրէնք կառավարական վաւերացման ենթարկուելու:

  1861 Հոկտեմբերին Երուսաղէմի անվե՜րջ ու մշտնջենական վէճին առթիւ, Բ. Դրան հրամանով գործադրութենէ կը դադրէր այդ օրէնքը եւ կայս. վաւերացումով օրէնքի կարգ կ’անցնէր սրբագրուած կանոնադրութիւնը, որ ենթարկուած էր Իսլահաթի Ֆէրմանի յատուկ տրամադրութեան համաձայն կազմուած Յանձնաժողովներու քննութեան: