Ազգային սահմանադրութիւնը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ը. ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԵՒ ԱՂԹԱՄԱՐԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Բ այց չարիքին մէկ ուրիշ պատկերն ալ կայ:

Օրէնքին հաստատուած թուականներուն ողջ էին Կիլիկիոյ եւ Աղթամարի երկու Կաթողիկոսները: Օրէնքի հեղինակներուն, այն ժամանակի սերունդին յայտնի էին այդ երկու աթոռներուն գոյութիւնը, բայց օրէնքին մէջ բաց ի Էջմիածնէն, անոնց մասին ոչինչ չէ յիշուած, ոչ մէկ տրամադրութիւն չկայ:

Ինչո՞ւ համար: Մոռացութեան արդիւնք է:

Երբե՛ք:

Որովհետեւ ատոնք աւելորդ հիմնարկութիւններ էին: Ատոնք Եկեղեցիի հաստատութիւնները չէին, այլ նոյն իսկ Եկեղեցիին հակառակ, հոգեւորականութեան աթոռախնդիր սադրանքները: եթէ քաղաքական մեծ փոթորիկներու հետեւանքով կաթողիկոսները ստիպուեր են փախստական թափառիլ, եթէ Կաթողիկոսը տեղ մը օթեւաներ է մինչու փոթորիկի անցնիլը եւ իր աթոռը վերադառնալը, իշխանախնդիր հոգեւորականութիւնը կա՛մ հետամտեր է կաթողիկոսական ժամանակաւոր բնակավայրին մէջ նոր հակաթոռ հիմնելու եւ կա՛մ կաթողիկոսութիւնը իրարմէ յափշտակելով, պարսիկ Շահերէն գնելով, մէկը միւսին հակառակ եւ միեւնոյն Հայրապետութեան համար ինքագլուխ գահակալ հռչակելու:

1441ին Էջմիածնի Կաթողիկոսը Կիլիկիայէն կը վերադառնայ Էջմիածին, բայց հոգեւորականութիւնը օգտուելով այդ տեղափոխութենէն, իբրեւ անհամաձայն փոխադրութեան, կը ստեղծէ Կիլիկեան ուրոյն Կաթողիկոսութիւնը: Հայ Եկեղեցիի պատմութեան հետեւողներուն անծանօթ չեն Ընդհանրական կաթողիկոսութեան եւ հակաթոռներու վէճերը: Հակաթոռներու գոյութիւնը ստեղծած է Էջմիածնի Կաթողիկոսութեան ընդհանրականութեան տիտղոսը:

Նպատակ չունիմ ընդհանրականի, հակաթոռներու պատմութիւնն ընելու, եւ ո՛չ ալ ընդհանրականի պաշտպանը կանգնելու: Կրօնքով, եկեղեցիով, աթոռներով չէ որ կը զբաղիմ: Կ’ուզէի միայն հակաթոռներու գոյութիւնը յիշելով, հասնիլ օրէնքի հեղինակներու նպատակին:

Այդ հակաթոռները կը վնասէին ազգային միութեան եւ կը ստեղծէին վարչական շփոթութիւններ:

ԺԷ. դարէն ի վեր Պօլիսը ընդունած էր արդէն էջմիածնի հետ իր միութիւնը, ուստի եւ ի վնաս ընդհանուր միութեան, հակաթոռները կը շարունակէին իրենց գոյութիւնը:

Եւ ո՛չ մէկ քաղաքական պատահականութիւն չէր կրնար արդարացնել Եկեղեցիի երեք գլուխ ունենալը:

Ուստի եւ նպատակայարմար պիտի համարուէր անշուշտ միութեան վաղեմի պայքարը լրացնելու համար, այլ եւս նոր ընտրութիւն չկատարել՝ երբ հակաթոռները թափուր կը մնային, առանց այդ աթոռները ջնջելու խնդիր յարուցանելու: Աթոռները թափուր ձգելով, ջնջումը ժամանակի ընթացքին ինքնիրեն տեղի կ’ունենար: Ահա՛ օրէնքի հեղինակներուն նպատակը:

Այդպէս ալ եղած է Աղթամարի կաթողիկոսութեան համար, եթէ կաթողիկոսական գաւազանի մարմաջը երբեմն վարակելով այս կամ այն եպիսկոպոսը, Աղթամարի կաթողիկոսական ընտրութեան խնդիր մը կը յուզէ:

Կը վախճանի Կիլիկիոյ Մկրտիչ Կաթողիկոսը, բայց չգիտեմ ի՞նչ ուժէ մղուած, 1890ական թուականներու սերունդը անուշադիր մնալով օրէնքի լռութեան, գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար կը կատարէ նոր ընտրութիւն:

Եւ սակայն պէտք է վերջինն ըլլայ այդ: