Ազգային սահմանադրութիւնը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ

Ա.

Ազգին ամէն մէկ անհատը առ Ազգը պարտաւորութիւններ ունի. Ազգն ալ իր կողմէն առ ազգային ամէն մէկ անհատ պարտաւորութիւններ ունի. դարձեալ ամէն մէկ անհատ իրաւունքներ ունի ազգէն եւ ազգն անհատներէն:

Ուստի ազգն ու ազգայինք փոխադարձ պարտեօք կապուած են իրարու հետ, անանկ որ մէկին պարտաւորութիւնքը միւսին իրաւունքն են:

Բ.

Ազգայնոց պարտականութիււն է՝ ազգին պիտոյիցը պահանջած ծախքերուն մասնակից ըլլալ իւրաքանչիւր իր կարողութեան չափովը. ազգին խնդրած ծառայութեանցը յօժարակամ յանձնառու ըլլալ, եւ անոր ըրած տնօրէնութեանցը սիրով հնազանդիլ:

Ազգայնոց այս պարտաւորութիւնքը ազգին իրաւունքն են:

Գ.

Ազգին պարտականութիւնն է՝ ազգայնոց բարոյական, մտաւորական եւ նիւթական պիտոյիցը հոգ տանիլ, Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ դաւանութիւնն ու աւանդութիւնքը անարատ պահել. մարդկութեան հարկաւոր եղած անհրաժեշտ գիտելեաց ուսումը՝ ամէն աստիճանի թէ՛ մանչ եւ թէ՛ աղջիկ տղայոց հաւասարապէս ծաւալել, ազգային հաստատութիւնքը պայծառ պահել, հասոյթներն օրինաւոր կերպով աւելցնել, եւ ծախքերն իմաստութեամբ տնտեսել. ազգին ծառայութեանը մշտնջենապէս նուիրեալ անձանց կացութիւնը բարոքել եւ ապագայն անդորրել. կարօտելոց խնամք տանիլ հայրաբար. ազգայնոց մէջ ծագած վէճերն արդարասիրութեամբ խաղաղել, եւ վերջապէս ազգային յառաջդիմութեան անձնանուէր աշխատիլ:

Ազգին այս պարտաւորութիւնքը ազգայնոց իրաւունքն են:

Դ.

Զազգը փոխանորդաբար ներկայացնող, եւ այս փոխադարձ պարտեաց կանոնաւոր կատարմանը տեսուչ ու մատակարար կարգեալ իշխանութիւնը, ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ կը կոչուի, որում յանձնուած է Օսմանեան Տէրութենէն յատուկ արտօնութեամբ, եւ Սահմանադրութեան միջոցաւ, Թուրքիոյ Հայոց ներքին գործերու տնօրէնութիւնը:

Ե.

  Վարչութիւնը՝ ազգային ըլլալու համար, պէտք է ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ըլլայ:

Զ.

Երեսփոխանական վարչութեան հիմը՝ ԻՐԱՒԱՆՑ ու ՊԱՐՏԵԱՑ սկզբունքն է, որ արդարութեան սկզբունքն է, իր ոյժը ձայնից բազմութեան մէջ կը կայանայ, որ օրինաւորութեան սկզբունքն է: