Ազգային սահմանադրութիւնը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Է. ԱԶԳ

Պատրիարքութեան եւ ազգային օրէնքի ծագման ու զագացման պատմութեան ընթացքին, կարծեմ ապացուցի թէ տեղի ունեցած պայքարներու էական բովանդակութիւնը, առաջնորդող հիմնական գիծն էր հայութիւնը կրօնական համայնքի դրութենէն ազատելով, անոր մէջ զարգացնել անհատականութեան գիտակցութիւնը եւ մշակոյթի կեանքը:

Ինծի կը թուի թէ այդ ոգիով է որ օրէնքի գրեթէ իւրաքանչիւր տողին մէջ, լեզուական կանոններու պահանջով, տեղի եւ անտեղի կը կրկնուի ԱԶԳը:

Եւ մենք յաւակնութիւնն ունինք Գում-Գափուի Պատրիարքարանը համարել Թուրքիոյ Հայերու կեդրոնը, Կեդր. Վարչութիւնը:

Այս միտքը աւելի շեշտուած է օրէնքի 1869ի վերաքննութեան նախագծի Ա. յօդուածով եւ ազգ վերտառութեան տակ «Հայ ազգը Թուրքիոյ մէջ օսմանցի Հայերու կողմէ ընտրեալ ընդհանուր ժողովով մը կը ներկայանայ, գլուխն ունենալով Պոլսի Պատրիարքը նոյն իսկ ժողովէն ընտրեալ եւ Կայս. Հրովարտակով հաստատեալ»:

Եւ սակայն ինքնախաբէութիւն է այդ:

Որովհետեւ Գում-Գափուի Պատրիարքարանը Թուրքիոյ ամբողջ հայութեան կեդրոնը չէ՛:

Եթէ մենք մեզ չենք համարեր պարզ կրօնական համայնք մը, եթէ կ’ըմբռնենք մեր հաւաքական անհատականութիւնը իբր ազգ, չե՞նք ընդունիր որ կաթոլիկ Հայերը, բողոքական Հայերը, Հայ- Հոռոմները եւ դեռ չգիտեմ ո՞ր դաւանութեան պատկանող, նոյն իսկ մահմետականացած Հայերն ալ Հայ են, Թուրքիոյ հայութեան մէկ մասն են, ուրեմն եւ հայ անհատականութեան, հայ ազգի անդամներն են:

Եւ քրիստոնեայ այլադաւան Հայերէն իւրաքանչիւր մասն ալ ունի իր յատուկ վարչութիւնը, պատրիարքարանը, կաթողիկոսարանը, ազգապետարանը:

Կա՞յ տարակոյս որ անոնք ալ Հայ են:

Կա՞յ տարակոյս որ Գում-Գափուի Պատրիարքարանը Թուրքիոյ բոլոր Հայերը, ամբողջ հայութիւնը չի՛ ներկայացներ:

Հապա ինչո՞ւ այս ինքնախաբէութիւնը:

Որովհետեւ անոնք կը նկատուին դեռ իբրեւ կրօնական համայնք:

Որովհետեւ ազգ եւ դաւանութիւն՝ կրօնք հոմանիշ ըմբռնելու նախապաշարումէն մենք ալ բոլորովին չենք ազատուած:

Բայց քանի որ օրէնքը մեզ տուած է ազգային անտատականութեան իրաւունքը, ի՞նչ բան կ’արգիլէ մեզ նախապաշարումները բառնալու:

Ի՞նչ բան կ’արգիլէ որ մշակոյթի վարչութիւնը ըլլայ լրիւ ազգային:

Կրօնական խառնուրդը, հոգեւորականութիւնը անխտիր:

Բաժնե՛նք, զտե՛նք ուրեմն մշակականը կրօնականէն, եկեղեցիէն, դաւանութենէն:

Ո՛վ ի՞նչ կ’ուզէ թող դաւանի, ամէն մարդ իր խղճի ու դաւանութեանը տէրն է, ո՛չ ոք միջամտելու իրաւունք ունի:

Բաւական է որքան տուժեցինք «արտաքոյ եկեղեցւոյ չի՛ք փրկութիւն» իմաստով պատգամներէ:

Բաւական է ինչքան որ նախապաշարումներով, դաւանական, կրօնական վէճերով, ազգ ու կրօն շփոթելով, հոմանիշ ընբռնելով ազգը պատառ պատառ եղաւ:

Եւ ե՞րբ է որ Եկեղեցին պահեր, փրկեր է հայութիւնը:

Պատմութեան բոլոր շրջանները, նոյն իսկ մեր օրերուն, հակառակը կ’ապացուցանեն:

Ո՞ր գաղթավայրին մէջ է որ հայութիւնը չէ անհետացած եւ դեռ մնացորդներն ալ անհետանալու վտանգին չեն ենթարկուած, շնորհիւ այդ նախապաշարումին:

Լեհաստանի՞, Ռումանիո՞յ, Հունգարիո՞յ մէջ:

Նոյն իսկ առնենք հայրենի բնագաւառը:

Ֆրանսացի ճանապարհորդ եւ արեւելագէտ Թավէրնիէ 1755ին ուսումնասիրութեան համար երեք անգամ կը ճամբորդէ Թուրքիա, եւ կը պատմէ որ այդ թուականներուն Թոքատէն մինչեւ Թաւրիզ ամբողջ տարածութեան վրայ յիսուն Հայու դէմ մէկ կամ երկու մահմէտական միայն կային: Ո՞ւր է այդ ժողովուրդը այժմ. կոտորուեցա՞ւ, համաճարակներով ջնջուեցա՞ւ, գաղթե՞ց. ո՞ւր է փաստը, ապացոյցը:

Արաբը, Ալպանացին, Քիւրտը եւն. փոխելով կրօնը կամ դաւանութիւնը, կը փոխե՞ն ազգութիւնը:

Ո՞ր ազգին մէջ է տեսնուած այդ այլանդակութիւնը:

Ինչո՞ւ Հայուն վիճակուած պիտի մնայ այդ բնաջնջող նախապաշարումը:

Դարմանենք այդ չարիքը, օգտուինք օրէնքէն:

* * *

Այս աշխատանքի ձեռագիրը արդէն պատրաստ էր երբ կատարուեցաւ Հայ Տառերու գիւտի եւ հայ Տպագրութեան կրկնակ Յոբելեանի տօնախմբութիւնը: Այդ առիթով, 1913 Հոկտեմբերի 11ի Ուրբաթ օրը, Պոլսի Ազգային Ժողովի հանդիսաւոր նիստին մէջ, տեղի ունեցաւ պատմական շատ նշանաւոր դէպք մը: Ժողովը իբր սկզբունք ընդունեց եւ յայտարարեց թէ Ազգ. Ժողովի դռները բաց պիտի ըլլան բոլոր Հայերու համար, անխտիր կրօնի եւ յարանաուանութեան, թէ իւրաքանչիւր յարանուանութեան եւ կրօնի պատկանող հայութիւն պահելով հանդերձ իր կրօնական ինքնավարութիւնը, լիակատար իրաւունք պիտի ունենայ մասնակցելու ազգային մշակոյթի, սահմանադրական կեանքին, ու մարմիններուն անդամակցելու, ընտրելի եւ ընտրող ըլլալու:

Ասով Ազգային Ժողովը նուիրագործեց տարիներէ ի վեր մեր պաշտպանած սկզբունքը որ, պէտք է խոստովանիլ, արժանացաւ հայ լուսաւորչական հոգեւորականութեան եւ կաթողիկոսութեան հաւանութեանն ալ:

Հռչակուած սկզբունքը դեռ իրագործուած չէ: Տեղ տեղ միայն, մասնաւորապէս Երկրի մէջ, (Կարին, Մուշ, Տրապզոն), զանազան ժողովներու անդամ ընտրած են ոչ-լուսաւորչական Հայեր: Երեւի միւս հայ յարանուանութեանց մէջ դեռ եւս մտքերու լիակատար բարեշրջութիւն չէ գոյացած, սկզբունքի իրագործման համար նախապաշարումները տակաւին չեն ջնջուած։ Բայց եւ այնպէս, Ազգային Ժողովի որոշումը իր պատմական արժէքն ունի եւ նոր ուժ մըն է գաղափարական սերունդին համար, որպէս զի ազգին անունով պաշտօնապէս ընդունուած սկզբունքը պաշտպանելու եւ իրագործելու համար աւելի ինքնավստահ կերպով հրապարակ նետուի: