Ազգային սահմանադրութիւնը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

3.
ԱԶԳ[ԱՅԻՆ] ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԳԻԾԵՐԸ ՈՒ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐԸ

Այսպէս, սեղմօրէն պարզուած ըլլալով ազգային օրէնքի ծագման ու զարգացման բնորոշ փուլերը կամ հանգրուանները մինչեւ օրէնքի պաշտօնական ձեւակերպման ու հաստատութեան թուականը, դիւրին է ըմբռնել, թէ ի՞նչ ոգիով առաջնորդուած, ի՞նչ սկզբունքներով հիմնաւորուած պիտի ըլլար այդ օրէնքը:

1856 Փետր. Իսլահաթի Ֆէրմանի առաջադրած բարեկարգութիւններէն մէկն ալ այն էր, որ Ֆաթիհի օրերէն Պատրիարքներուն եւ ոչ-մահմետական հասարակութիւններուն տրուած արտօնութիւններն ու առանձնաշնորհները յատուկ յանձնաժողովներու կողմէ քննուելով, ժամանակի ոգիին ու առաջադիմութեան պահանջներուն համապատասխան կանոններ սահմանուին:

Արեւելեան կամ Խրիմի պատերազմը, ինչպէս նախորդ եւ յետագայ պատերազմները որոնք կը մղուէին Թուրքիոյ քրիստոնեաներու իրաւազրկութեան պատրուակով ինչպէս եւ Վիեննայի մէջ մշակուած եւ Փարիզի մէջ կնքուած դաշնագրութիւնը նոյն ոգիով տրապադրութիւններ կը կրէին, այնպէս որ բնականօրէն անոր հետեւանք եղող Ֆէրմանն ալ համապատասխան առաջագրութիւններ ու յանձնառութիւններ պիտի բովանդակէր:

Բայց ի՞նչ կը նշանակէր «Ժամանակի եւ լուսաւորութեան առաջդիմութեամբը պէտք եղած բարեկարգութիւնները եւ փոփոխութիւնները պիտի առաջարկուին», ի՞նչ էր ժամանակի ու լուսաւորութեան ոգին, ի՞նչ բանի մէջ կը կայանար առաջդիմութիւնը, այդ մասին որոշ ծանօթութիւններ չկան, կան միայն քանի մը հիմնական կէտեր:

Ժամանակի ոգին ու պահանջները պիտի հասկցուէին բնականաբար իւրաքանչիւր ազգի մէջ ծագած շարժման, ձգտումներու, յուզուած խնդիրներու համապատասխան միտքերով:

Եւ այդպէս ալ եղած է: Յոյն, հայ եւ հրեայ ազգերու կամ Պատրիարքարաններու համար կազմուած են յանձնաժողովներ  մշակուած են կանոններ:

Այդ երեք ազգերու համար մշակուած եւ ընդունուած կանոնները կամ օրէնքները ուսումնասիրելով եւ բաղդատելով, կը տեսնենք որ իւրաքանչիւրը կը կրէ իր պատկանած ժողովուրդին հոգեբանութեան կնիքն եւ Պատրիարքարանի մինչեւ այն ատեն ստացած կազմակերպութեան եւ ձգտումներու բնոյթը:

Դիտելի է որ բացի յոյն եւ հայ պատրիարքութիւններէն եւ հրեայ խախամապետութենէն, նոյն շրջանին կային արդէն Հռոմէականներու Պատրիարքարանն ու Բողոքականներու Ազգապետարանը, առաջինը 1831 Յունուարէն, իսկ երկրորդը 1850 Նոյեմբերէն ի վեր: Եւ սակայն ատոնք դուրս թողուած են Իսլիհաթի կանոնադրութեան շրջանակէն:

Հաւանաբար ատիկա անոր համար որ Հռոմէական Պատրիարքարանն եւ Բողոքական Ազգապետարանը՝ իբրեւ նորագոյն հիմնարկութիւններ, դեռ չէին ունեցած իրենց ներքին կնճիռները, ժողովրդական խաւերու հետ վէճեր ու իրաւասութեանց եւ կազմակերպական հարցեր:

Որովհետեւ հայ եւ յոյն Պատրիարքներու, եպիսկոպոսներու կամ առաջնորդերու ընտրութեանց ու փոփոխութեանց մասին ո՛չ միայն ժողովրդական իրաւասութեան, այլ եւ պետական միջամտութեան վէճեր էին ծագած, ինչպէս եւ անոնց հաւատարմութեան, եկեղեցական կամ ազգային կալուածներու շինութեան, սեփականութեան, մատակարարութեան, տնտեսութեան, տուրքի եւն ի մասին բազմաթիւ խնդիրներ էին պատահած, Բ. Դրան ու Պատրիարքարաններու միջեւ բանակցութիւններու, գանգատներու եւ հրովարտակներու նիւթ կազմելով: Ուստի եւ Իսլահաթի Ֆէրմանն ալ գլխաւորաբար այս կէտերն ու պարագաները կը յիշատակէր իբր կանոնադրութեան նիւթ:

Թուրքիոյ, աւելի ճիշդը մայրաքաղաքի հայութիւնը նուաճած էր ընտրական-սահմանադրական սկզբունքի վրայ հիմնուած իրաւունքներ, աշխարհականացուցած էր Պատրիարքարանի իրաւասութիւնները, ընտրած եւ հաստատած էր ժողովներ:

Կը մնար այդ ամէնը աւելի կանոնաւորել եւ ընդլայնել:

Այդպէս ալ եղած էր:

Ազգային օրէնքի մէջ տիրող ոգին է սահմանադրականութիւն, վարչական ապակեդրոնացում, աշխատանքի բաժանում, բացարձակ աշխարհականացում, փոխադարձ պարտք եւ իրաւունք, պատասխանատուութիւն:

Իսկ այն ամբողջութիւնը միասին կը ներկայացնեն ԱԶԳԱՅԻՆ ՆԵՐՔԻՆ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԻՆՔՆԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ:

Այն ինքնավարութիւնը ո՛չ թէ առանձնաշնորհ մըն է, այլ բնական իրաւունք մը բոլոր կրօնի եւ ցեղի պատկանող հասարակութիւններու համար, ըլլայ սահմանադրական կամ միապետական, մահմէտական կամ քրիստոնեայ, եւ առանց քաղաքական կամ կրօնական ռէժիմի խտրութեան, նոյն իսկ այն երկիրներուն մէջ՝ ուր ազգաբնակութիւնը զանազան ցեղերու եւ ազգերու խառնուրդ չի ներկայացներ:

Ուստի, խոշոր թիւրիմացութեան, սխալ ըմբռնումի արդիւնք է մշակոյթի այդ ներքին ինքնավարութիւնները համարել արտօնութիւն կամ առանձնաշնորհ: Համայնքներու եւ ժողովուրդներու իրենց բնական իրաւունքը վայելելը ո՛չ արտօնութիւն կրնայ ըլլալ, ո՛չ ալ առանձնաշնորհ: Եթէ նկատի ունենանք սակայն այն շրջանի Թուրքիոյ իրաւական ըմբռնումի աստիճանը, շրջան մը ուր ոչ-մահմէտականները րայաներ էին եւ ոչ թէ իրաւատէր քաղաքացիներ, եթէ մտաբերենք պաշտօնական գրերու մէջ  գործածուած ստորացուցիչ, անարգական ածականները ոչ-մահմէտականներու մասին, այն ատեն միայն հասկնալի կը դառնայ հոգեբանութիւնը, որոմ տրուած բնական իրաւունքները նկատուեր են իբր առանձնաշնորհներու: Բայց մանաւանդ Իսլահաթի Ֆէրմանը հրատարակուելէ յետոյ, անհնար է առանձնաշնորհումի միտքը հաշտեցնել անկէ բխած իրաւական ո՛ եւ է սկզբունքի եւ ըմբռնումի հետ:

Տարաբաղդաբար, այդ առանձնաշնորհի թիւրիմացութիւնը թէ՛ պաշտօնական լեզուի մէջ եւ թէ՛ առհասարակ հպատակ ժողովուրդներու մտքին մէջ ա՛յնքան խոր արմատ բռնած է որ, ամէն անգամ երբ հարց կը ծագի այդ իրաւունքի շուրջ, փոխանակ պաշտպանելու իրաւունքը իբրեւ իրաւունք, այն ալ բնական իրաւունք, կը շարունակեն պաշտպանութիւնը հիմնել առանձնաշնորհի հիման վրայ:

Այս թիւրիմաց մտայնութեամբ է որ փոխանակ երեւոյթներուն իրենց յատուկ մեկնութիւնը տալու, երբեմն այնքան կը շեղին եւ կ’աղճատեն, որ առաջ կը բերեն քաոսային ու վտանգաւոր ազդեցութիւններ:

Այս կարգէն է եւ այն ենթադրութիւնը որ շատերու գրչին տակ սպրդած է իբր իրականութիւն, հաւատալի դառնալով նոյն իսկ հանրային միամտութեան թէ Օրէնքի 1857ի խմբագրութիւնը Բ. Դրան մատուցուելէ յետոյ, առանց վաւերացուելու վերադարձուեր է, առարկելով որ «պետութեան մէջ պետութիւն չի կրնար ըլլալ»:

Ազգային օրէնքը մշտապէս արգելքի է հանդիպած եւ երբեք իր ամբողջութեամբը չէ իրագործուած, իր նպատակին չէ՛ ծառայած միմիայն այն պատճառով՝ որ մատնանշուած է 1857-59 թուականներուն եւ անկէ յետոյ եւս, իր կոչման բարձրութեան վրայ կանգնած, դեռ եւս իր բարոյական արժէքը չկորուսած Մամուլին կողմէն: Կ. Իւթիւճեան որ այն շրջանի սերունդին ամէնէն աջ թեւը կը համարուէր, 1859ի Դեկտեմբերին իր Մասիսին մէջ կը գրէ այս մասին. - «Անկանոնութենէ օգուտ քաղելու սովրած կամ իրենց կամքը օրէնքի տեղ անցնելու վարժուած անձինքներու դժկամակութիւնը միայն կրնայ համարուիլ»:

«Պետութեան մէջ պետութիւն չի կրնար ըլլալ»ի միտքը ո՛ր կողմէն ալ գայ, նկատի ունենալով մեր Ազգային Օրէնքին բոլոր վաւերացուած եւ չվաւերացուած խմբագրութիւնները, որոնց մէջ ո՛չ մէկ քաղաքական միտք ու ձգտում կը գտնուի, պէտք է համարել հետեւանք տգիտութեան՝ պետական, քաղաքական-վարչական կազմակերպութիւններու էութեան ու բովանդակութեան մասին :

Ասիկա հետեւանք է նաեւ ուրիշ թիւրիմացութեան մը, թեթեւ, հարեւանցի ենթադրութեան կամ մտածողութեան: Այսինքն, շատերու համար ազգային այդ օրէնքը համարուած է իրապէս իբր նոր ստացուած իրաւունք, որ իր մէջ կը պարունակէ քաղաքական կեանքի սաղմեր: Պատմական ո՛ եւ է հիմէ զուրկ, քաղաքական կեանքի զարգացման եւ բարեշրջումի օրէնքներուն հետ անհաշտ այդ թիւրիմացութիւնը կամ անհեթեթութիւնը շատերու մէջ առաջ բերած է այն ենթադրութիւնը կամ յոյսը թէ՝ թերեւս քաղաքական այդ սաղմի զարգացումով Ազգային ժողովը ապագային դառնայ քաղաքական հիմնարկութիւն…

Աչքի առջեւ ունիմ 1860ի եւ1863ի խմբագրութիւնները: Երկուքն ալ կը պարունակեն հիմնական սկզբունքներու մասը, որ պետութեան վաւերացմանը չէ ենթարկուած, կամ առնուազն հաստատուած բնագրին մաս չի կազմեր, եւ սակայն երկու խմբագրութիւններուն մէջ ալ վեց հիմնական սկզբունքները իրենց խմբագրութեամբ կամ ձգտումով զգալի փոփոխութիւն են կրած, որ պէտք է արդիւնք համարել միայն խմբագրողներու մտածելակերպին:

Այդ սկզբունքներն են. -

Ա

Ազգին ամէն մէկ անհատը առ Ազգը պարտաւորութիւններ ունի. Ազգն ալ իր կողմէն առ ազգային ամէն մէկ անհատ պարտաւորութիւններ ունի, դարձեալ ամէն մէկ անհատ իրաւունքներ ունի ազգէն եւ Ազգն անհատներէն:

Ուստի ազգն ու ազգայինք փոխադարձ պարտեօք կապած են իրարու հետ, անանկ որ մէկին պարտաւորութիւնքը միւսին իրաւունքն են:

Բ

  Ազգայնոց պարտականութիւնն է Ազգին պիտոյիցը պահանջած ծախքերուն մասնակից ըլլալ իւրաքանչիւր իր կարողութեան չափովը: Ազգին խնդրած ծառայութեանցը յօժարակամ յանձնառու ըլլալ ու անոր ըրած տնօրինութեանցը սիրով հնազանդիլ:

Ազգայնոց այս պարտաւորութիւնքը Ազգին իրաւունքն են:

Գ

Ազգին պարտականութիւնն է՝ ազգայնոց բարոյական, մտաւորական եւ նիւթական պիտոյիցը հոգ տանիլ, Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ դաւանութիւնն ու աւանդութիւնքը անարատ պահել, մարդկութեան հարկաւոր եղած անհրաժեշտ գիտելեաց ուսումը՝ ամէն աստիճանի թէ մանչ եւ թէ աղջիկ տղայոց հաւասարապէս ծաւալել, ազգային հաստատութիւնքը պայծառ պահել, հասոյթներն օրինաւոր կերպով աւելցնել, եւ ծախքերն իմաստութեամբ տնտեսել, Ազգին ծառայութեան մշտնջենապէս նուիրեալ անձանց կացութիւնը բարւոքել եւ ապագայն անդորրել, կարօտելոց խնամ տանիլ հայրաբար, ազգայնոց մէջ ծագած վէճերն արդարասիրութեամբ խաղաղել եւ վերջապէս ազգային յառաջդիմութեան անձնանուէր աշխատիլ:

Ազգին այս պարտաւորութիւնքը ազգայնոց իրաւունքն են:

Դ

Զազգը փոխանորդաբար ներկայացնող, եւ այս փոխադարձ պարտեաց կանոնաւոր կատարմանը տեսուչ ու մատակարար կարգեալ իշխանութիւնը ԱԶԳ. ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ կը կոչուի, որում յանձնուած է Օսմանեան տէրութենէն յատուկ արտօնութեամբ եւ Սահմանադրութեան միջոցաւ, Թուրքիոյ հայոց ներքին գործերու տնօրինութիւնը:

Ե

Վարչութիւնը ազգային ըլլալու համար պէտք է ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ըլլայ:

Զ

Երեսփոխանական Վարչութեան հիմը ԻՐԱՒԱՆՑ ու ՊԱՐՏԵԱՑ սկզբունքն է, որ արդարութեան սկզբունքն է, իր ոյժը ձայնից բազմութեան մէջ կը կայանայ, որ օրինաւորութեան սկզբունք է:

Ահա՛ այս հիմնական սկզբունքներն են՝ որ երկու խմբագրութիւններուն մէջ ալ հաստատուած են եւ ընդհանուր գծերով անոնց համապատասխան է կազմուած օրէնքին ամբողջ բովանդակութիւնը, որուն մէջ ո՛չ մէկ քաղաքական ձգտում չկայ եւ հետեւաբար ո՛չ մէկ պատճառ չէր կրնար գտնուիլ Պետութենէն մերժուելու:

Դիտելի է որ այս հիմնական սկզբունքներուն մէջ պատրիարքական իշխանութեան մասին ո՛չ մէկ ակնարկ չկայ, ամէն ինչ հիմնուած է ազգային պարտքի եւ իրաւունքի եւ ազգային վարչական իշխանութեան ու երեսփոխանութեան վրայ:

Պատրիարքութեան Պոլիս հաստատուելու պատմութեան ընթացքին, յատկապէս կանգ առնելով շեշտեցի թէ Պատրիարքութիւնը ո՛չ կրօնական եւ ո՛չ ալ քաղաքական հանգամանք ունէր, թէ այդ հակառակ էր նոյն եսկ եկեղեցիի նուիրապետական, վարչական կարգերուն, ուստի եւ անոր ձեռք բերած արտօնութիւնները չէին կրնար հաշտուիլ ազգային կրօնական ու քաղաքակրթական աւանդութիւններու ու պահանջներու հետ:

Եւ ժամանակի ընթացքին, այդ անհաշտելի իրողութիւնը սրբագրուելով, շնորհիւ ազգային վերածնութեան ռահվիրաներու, եկեղեցական միահեծանութեան, եկեղեցական դասակարգի արտօնութիւնները վերածուեցան ժողովրդական մշակոյթի, ազգ. հաւաքական իրաւունքներու, գոնէ տեսականապէս:

Ինչ որ եկեղեցականի եւ եկեղեցիի կը վերագրուէր, փոխարկուեցաւ ազգի եւ աշխարհականացումի:

Թէ այս հիմնակէտը որքա՛ն կը համապատասխանէ Ազգ. Օրէնքը խմբագրողներու ձգտումին, համոզումին, ո՛չ մէկ կասկածի կամ առարկութեան տեղ չի՛ մնար, եթէ առաջ բերենք նոյն իսկ խմբագրողներու, հիմնադիրներու վկայութիւնը

Օրէնքը՝ պաշտօնապէս կազմուած Յանձնաժողովին կողմէ խմբագրուելէ յետոյ, կը ներկայացուի Բ. Դրան 16 Փետվար 1862 թուակիր յայտագրով մը: Բարեբաղդաբար այդ յայտագիրն ալ պաշտօնապէս հրատարակուած է Օրէնքի բնագրին հետ:

Այդ յայտագիրը՝ որ բացատրութիւնն է օրէնքի խմբագրութեան հետեւած ձգտումին, հայեցակէտներուն, իր Ը. յօդուածով կ’ըսէ:

«Եւ որովհետեւ կայսերական Տէրութիւնը Հայոց ազգին համար տալու հրամաններուն գործադրութեան բնական միջնորդ եւ Ազգ. Վարչութեան գլուխ Պատրիարքը կը ճանչնայ եւ անոր կ’ուղղէ իր հարցումները. եթէ Տէրութիւնը Պատրիարքին հրամայէ որ հարցուցած խնդրոյն վրայ իր (այսինքն Պատրիարքին) կարծիքը յայտնէ, Պատրիարքը՝ իր նախագահութեամբը գործող ժողովներուն որոշման համեմատ շարժի, իսկ եթէ ազգին կարծիքն առնելով Տէրութեան հաղորդել հրամայէ, այն ժամանակ Պատրիարքը Ընդհ. Ժողով հրաւիրէ, եւ այն Ժողովոյն վերջնական որոշմունքը յայտնէ Տէրութեան»:

Պարզ է ուրեմն որ Պատրիարքը Պետութեան եւ Ազգին միջեւ միջնորդ եւ Ազգ. Վարչութեան գլուխ կը ճանչցուի միայն անոր համար որ կայս. Կառավարութիւնը այդպէս կը ճանչնայ եւ իր հարցումները՝ իբր միջնորդ, Պատրիարքին կ’ուղղէ: Ազգը կը հաւանի Կայս. Կառավարութեան այդ հայեցակէտին, այն պայմանով որ Պատրիարքը միջնորդի դերէն չշեղի, առանց ազգ. վարչական եւ Երեսփ. Ժողովներու քայլ չառնէ: Ուրեմն, եթէ Տէրութեան հայեցակէտը, կամ ըսենք կամքը չըլլար, Ազգը Պատրիարքութեան, անոր միջնորդ դերին ալ չպիտի հաւանէր: Եւ ինչո՞ւ հաւանէր, քանի որ, համաձայն հիմնական սկզբունքի, ազգ. իշխանութիւնը կը ներկայանայ վարչութիւնով:

Իսկ թէ ի՞նչու Պետութիւնը կը ճանչնայ Պատրիարքները, այդ պաշտօնին կոչուած հոգեւորականը այն ալ եպիսկոպոսական դասէն ըլլալու պայմանով, պարզապէս անոր համար, որ ինչպէս բոլոր կրօնա-իշխանապետական կառավարութիւնները, թուրք մահմետական պետութիւնն ալ իր հիմնարկութեան, տիրապետութեան սկիզբէն հետամուտ է եղեր տիրապետած, հպատակեցուցած ազգերը նկատել միայն իբրեւ կրօնական համայնք. բան մը՝ որու նպաստած են յոյն հոգեւորականութեան կրօնա-քաղաքական ձգտումները:

Պոլսի հայ Պատրիարքներու կամ Պատրիարքութեան դէմ, առանց դասակարգային խտրութեան, ամիրաներու, էսնաֆներու եւ մտաւորականութեան կողմէ մղուած պայքարները, նուաճուած իրաւունքները ո՛չ միայն Պատրիարքական մենատիրութեան, սանձարձակութեան դէմ էին, այլ եւ կրօնականի ու աշխարհականի մրցման բնոյթն ունէին, կամ աւելի ճիշդը կրօնական համայնք նկատուելու դրութեան դէմ ազգային գաղափարի, իբր ազգ ապրելու ու իբր այդպիսին զարգանալու իրաւատիրութեան մաքառումներ էին:

Պայքարի այս ոգին թերեւս միշտ գիտակցական չէ՛ եղած, մանաւանդ ամիրայութեան եւ ստորադաս հոգեւորականութեան քահանայական դասուն կողմէ որ նոյնպէս իր կարեւոր դերն է ունեցած հակապատրիարքական շարժումներու եւ պայքարներու մէջ բայց կռիւը անզգալաբար եւ բնազդօրէն մղուեր է աշխարհական ոգիով, որու էն ցայտուն ապացոյցն է դեռ ԺԷ. դարէն աշխարհական տեղակալներով Պատրիարքարանի վարչութեան հաստատումը:

Իսկ ԺԸ. Դարու վերջերէն արդէն ազգային ոգին որոշապէս կ’արտացոլայ եւ ԺԹ. դարու սկիզբը գիտակցօրէն զարգանալով, իր յաղթական դրոշմը կը դնէ ազգային՝ յանուն ՀԱՅ ԱԶԳԻ օրէնսդրութեան եւ անոր հիմնակէտ սկզբունքներու վրայ:

Այդ յաղթութիւնը շահուած է բիւր տքնութիւններով, տառապանքներով եւ ռահվիրաներու կեանքի զնով: Պայքարի առաջնորդները տեսեր են աքսորը, բանտը եւ կախաղանը:

Յաղթանակի վերջնական ձեւակերպման մէջ մեծ դեր է ունեցած Ֆրանսական երկրորդ Յեղափոխութեան ոգիով սնած ու դաստիարակուած հայ մտաւորականութեան ընտրեալ դասը, որ սովորաբար կը կոչուի Սահմանադրութեան հեղինակներ, հիմնադիրներ: Բայց գերազանցօրէն աւելի բան կը պարտինք անոնց նախորդներուն որոնք ճանապարհը հարթած, հողը պատրաստած, եւ իրաւունքները արդէն ձեռք բերած են:

Սերվիչէններ, Ռուսինեաններ, Պալեաններ, Օտեաններ ու անոնց աւելի կամ նուազ գործակիցներ ունին իրենց դերը, մեր յարգանքի ու երախտագիտութեան բաժինը. Բայց ալ աւելի մեր հիացումին, պաշտումին արժանի են Աստուածատուր Խալֆաները, Խոճա Ռուհիջանները, Մաղաքիա Չէլէպիները, Ֆիզիքա Պօղոսները, Գինեպան Իսկէնտէրները, Կրճիկեանները եւ բազմաթիւ ուրիշները ու թերեւս աւելի շատ իրաւամբ այնպիսիներ՝ որոնք չեն յիշուած պատմութեան, տարեգրութիւններու մէջ, ինչպէս կռուի դաշտի վրայ նահատակուած  զինուորները, որոնց յաղթանակի փառքը զօրապետները կը վայելեն, իսկ իրենց անունները կը տրուին մոռացութեան:

Դիտելի է որ թէեւ Իսլահաթի Ֆէրմանով վերջնականապէս, գէթ տեսականօրէն, հպատակ ազգերը կրօնական համայնք նկատուելէ դադրեցան եւ Ֆէրմանը այլ եւս կ’արգիլէր պաշտօնական լեզուի մէջ գործածել ստորացուցիչ վաղեմի ածականները, բայց վարիչները չկրնալով լիովին թօթափել տիրապետող հոգեբանութիւնը, անխտիր կը գործածեն հասարակութիւն եւ ազգ բառերը: Հետեւաբար նոյն թուականէն յետոյ գործածուած այդ երկու բառերը պէտք է ընդունիլ իբրեւ հոմանիշ Ազգ բառի: Բայց եւ այնպէս, Ազգային Օրէնքի խմբագրութեան Յանձնաժողովը իր Յայտագրին մէջ երբեք գործածած չէ հասարակութիւն (ճեմա՚աթ) հոմանիշը եւ յամառաբար կանգնած է ազգ բառին եւ իմաստին վրայ:

Այդ յայտագիրը՝ յիշելով որ «Այս արտօնութիւնները թէպէտ եւ ըստ սկզբանց ամէն ազգաց համար միօրինակ, բայց միանգամայն ամէն մէկուն կրօնական սեպհական կանոնաց եւ սովորութեանց համեմատ տնօրինուած ըլլալով, իւրաքանչիւր ազգ զանոնք իր բնիկ սովորութեանց եւ ընթացից համեմատ գործ դնելով վայելած է» պատմականօրէն յիշատակութիւնը կ’ընէ թէ

«Հայոց ազգը ասկէ քսան տարուայ չափ առաջ՝ կայս. Տէրութենէն խնդրեց որ Պատրիարքարանի մէջ Պատրիարքին նախագահութեամբը երկու ժողով հաստատուին, մէկը կրօնական, միւսը քաղաքական գործոց համար, որպէս զի Պատրիարքին պաշտօնատարութեանը գործակից եւ օգնական ըլլան, եւ Ազգին՝ թէ՛ ըստ քաղաքականի եւ թէ՛ ըստ կրօնականի վաղեմի կանոններէն եւ սովորութիւններէն ո՛ եւ է խոտորմանց առաջքը առնուի»:

Այս յիշատակութենէն յետոյ՝ յայտնելով որ «Երբ այս ժողովները հաստատուեցան, ազգային մանրամասն գործոց տնտեսութեան համար ալ, քանի մը խորհուրդներ հաստատել հարկ եղաւ» կ’եզրակացնէ թէ այս ժողովներու եւ խորհուրդներու պարտականութեանց, իրաւասութեանց սահմանները որոշուած չըլլալով, ծագած վէճերու եւ շփոթութեանց առաջքն առնելու համար, ըստ կամաց եւ հրամանի կայս. կառավարութեան, կարգուած խառն յանձնաժողովին կանոնագիրը կը ներկայացնէ «ի վաւերացումն»:

Այնուհետեւ յայտագիրը յառաջ կը բերէ ինը գլխաւոր կէտեր՝ որոնք հիմքն ու առաջնորդն են խմբագրուած օրէնքին:

Յայտագրին մէջբերումները եւ ընդհանուր բովանդակութիւնը, կարծեմ, բաւական են հաստատելու վերը պարզուած հայեցակէտը` օրէնքի ղեկավար ոգիի մասին: Միայն թէ յայտագրին մէջ գործածուած արտօնութիւններ, ամէն մէկուն կրօնական սեփհական կանոնաց եւ սովորութեանց բառերը թերեւս պէտք է համարել աւելորդ, եւ մէկ մնացորդը պետական  վաղեմի մտայնութեան, նախապաշարման, քանի որ պարզ է` թէ օրէնքին մէջ ոչինչ կայ կրօնական կանոնի ու սովորութիւններու մասին:

Ես աւելին իսկ կ’ենթադրեմ: Թերեւս այդ ոճը աւելի ճիշդը հետեւանք էր մեր հոգեւորականութեան ազդեցութեանը, որու հանդէպ եթէ չըլլար ոճի ու արտայայտութեան այդ ձեւական, սնամէջ զիջումը, հոգեւորականութիւնը իր մտայնութամբ սնածներու հետ կրնա՜ր նոր բարդութիւններ ստեղծել, կանոնագրի վաւերացումը վիժել կամ յետաձգել տալու համար:

Ստոյգ է սակայն, ինչպէս բնական էր եւ Ֆէրմանով ալ նախատեսուած, որ երեք ազգերու կանոնագիրները հիմնովին կը տարբերէին իրենց ընդհանուր գծերովն ու ձգտումով:

Ամէնէն առաջ ուշագրաւ է որ, մինչդեռ մեր Ազգ. Օրէնքը քանիցս վերաքննութիւններէ կ’անցնի, պետական յանձնաժողովի խմբագրութեանը կ’ենթարկուի, ընդհակառակը կը թուի թէ յոյն Պատրիարքարանը չէ՛ զիջած այդպիսի վերաքննութիւններու, չէ՛ հաւանած ընդունիլ պետական սրբագրութեան, փոփոխութեան, վաւերացման իրաւունքը, եւ հիմնուած է միայն իր վաղեմի արտօնութիւններուն վրայ:

Մինչ այնպէս կը թուի որ մեր օրէնքի բնագիր-խմբագրութիւնը պետութեան պաշտօնական լեզուով, թուրքերէնով է կատարուած եւ հայերէնը թարգմանութիւնն է, յունականը, ընդհակառակն բացորոշապէս ցոյց կուտայ որ յունարէն բնագրի թարգմանութիւնն է:

Տիւսգերի մէջ   . Հատոր, 902երես) յունական օրէնքի ճակատը դրուած է հետեւեալ բացատրութիւնը. -

«Թարգմանութիւն ընդհանուր կանոնագրի որ կազմուած է Յունաց Պատրիարքարանի գործերու բարեկարգութեան համար, յիշեալ Պատրիարքարանին մէջ գումարուած յանձնաժողովին կողմէ, Պատրիարքական ընտրութեան մասին»:

Այս բացատրութեան տակ կան հետեւեալ գլուխները, -

Ա. Մաս կամ գլուխ Ընտրութիւն, 13 յօդուածէ բաղկացած:

Բ. գլուխ Պատրիարքական ընտրելիի յատկութիւնները 3 յօդուած

Գ. գլուխ Պատրիարքական ընտրութեան համար գումարուելիք ընդհանուր ժողովի կազմը. 3 յօդուած:

Յետոյ կուգայ հետեւեալ բացատրութիւնը. -

Եպիսկոպոսութեան արժանի հոգեւորականներու յատկութիւններն ու ընտրութիւնները պարունակող կանոնագրի թարգմանութիւնն է, բաղկացած 14 յօդուածներէ:

Ասոր ալ կը յաջորդեն Մետրապոլիտական Ժողովի կազմն ու գումարումը պարունակող կանոնի թարգմանութիւնը, որ կը բաղկանայ 12 յօդուածէ: Կ. Պոլսի Պատրիարքի եւ Մետրապոլիտական ժողովի փոխադրաձ յարաբերութեան կանոնի թարգմանութիւնը, մէկ նախաբանով ու 12 յօդուածով:

Սոյն հատուածին կցեր են յաւելուածական բացատրութիւն մը. «Այս կանոնը Բարձրագոյն Ժողովի մէջ եւս ընդունուեցաւ»: Ո՞րն է արդեօք այդ Բարձրագոյն Ժողովը: Գոնէ ինծի համար անծանօթ կը մնայ:

Բայց այդ յաւելուածին կը յաջորդէ նաեւ հետեւեալը.

«Այս կանոնագիրը կրկին քննուելէ յետոյ, բոլոր անդամներու հաւանութեան արժանացաւ միայն անդամներէն Լօղոֆէթ պէյը յայտնեց թէ Պատրիարքի հրաժարեցուցման մասին Մետրապոլիտական ժողովն ու Խառն Ժողովի անդամները պարտաւոր են խորհրդակցիլ ազգին Լօղոֆէթի աստիճանը ունեցող անձին եւ ուրիշ պատուաւոր անձերու հետ, ուստի եւ այս դիտողութիւնը արձանագրուեցաւ հոս»:

Սոյն յաւելուածէն ետք կուգայ Խառն Ժողովի կազմութեան օրէնքը, որ կը բաղկանայ 15 յօդուածէ, եւ որուն համար չէ ըսուած թէ յունականին թարգմանութիւնն է: յետոյ «Խառն Ժողովի անդամներու պարտականութիւնները», 16 յօդուած:

Վերջապէս, արձանագրուած է Կ. Պոլսի Պատրիարքին տարեկան 500, 000 եւ թեմական եպիսկոպոսներէ իւրաքանչիւրին որոշուած տարեկան ռոճիկներու քանակն ու Պոլսի եւ թեմերու վրայ բաշխումը ցոյց տուող լիակատար ցանկ մը, որու գումարը կը հասնի 6, 402, 040 ղշ. ի, նաեւ 4 յոդուածներ գանձումի մասին:

  Կանոնագիրը կը վերջանայ եպիսկոպոսներու մանր մունր եկամուտներու վերաբերող13, իսկ վանքերու վերաբերող 8 յօդուածներով:

Յունական օրէնքին այս բաժանումները քաղելով նպատակս էր աւելի բացորոշապէս պատկերացնել հոն տիրող կրօնա-իշխանապետական ոգին:

Յունականը ուսումնասիրած ատեն, կը տեսնենք Տիեզերական Պատրիարքի իշխանութեան ամրապնդումի ոգին, մետրապոլիտներու՝ այդ իշխանութեան դէմ անսաստումները արգիլելու ջանքը եւ նիւթական եկամուտները ապահովելու գործնական հոգածութիւնը:

Կրօնական համայնքնե՞ր թէ ազգային անհատականութիւններ, այդ կենսական հարցը ուսումնասիրած ատեն, մասնաւոր ուշադրութիւնս գրաւեց 1831ին Հռոմէականներու առաջին Պատրիարքին տրուած առաջին Պէրաթր: Այդ հրովարտակին մէջ ո՛չ միայն «Պատրիարք» բառը չի գործածուիր եւ միայն «Մանուէլի որդի Յակոբ եպիսկոպոս» կ’անուանուի, այլ եւ Պատրիարքութիւնը չի յատկացուիր Հայ Հռոմէականներուն, եւ ընդհանուր իմաստով կը վերաբերի արեւելեան եկեղեցիներէն Յոյներէն եւ Հայերէն բաժնուած կաթոլիկներուն, առանց ազգի խտրութեան զուտ իբրեւ կաթոլիկ կրօնական համայնք, եւ ո՛չ թէ իբրեւ Հայ-Կաթոլիկ կամ Հայ-Հռոմէական, ինչպէս թարգմանած է այն ժամանակ Յակոբ Չէլէպի Տիւզեան, ինչպէս կը վկայէ Աւետիս Վարժապետ Պէրպէրեան իր պատմութեան մէջ:

Այս նոյն ձեւով կատարուած է անշուշտ եւ Բողոքականներու բաժանումը: Թէ այս ապազգայնական կրօնական ոգին ի՜նչ ազդեցութիւններ եւ հետեւանքներ է ունեցեր թերեւս առիթը ունենանք անդրադառնալու: