Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Law  

1.
ԱԶԳԱՅԻՆ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԿԱՄ
«ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ԿԱՆՈՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ»

Աչքի առջեւ ունիմ 1863ի Ազգային Սահմանադրութեան հայերէն եւ հայատառ թուրքերէն բնագիրը, որ Պատրիարքարանի պաշտօնական հրատարակութիւնն է:

Այս բնագրին սկիզբը կայ Հիմնական Սկզբունքներ կոչուած մաս մը, որուն ճակատը գրուած է «Նիզամնամէի Միլլէթի Էրմէնեան», «Հայ Ազգի Կանոնագրութիւն»: Բայց դրուած հայերէնն է Ազգային Սահմանադրութիւն Հայոց, որուն չի համապատասխաներ թրքերէն տառացի թարգմանութիւնը:

Այս թարգմանութիւնը ոչ միայն չի համապատասխաներ հայերէն բնագրին, այլ եւ Պետութենէն հաստատուած եւ Բ. Դռնէն հաղորդուած Սահմանադրութեան մասն ալ չի կազմեր։

Կանոնադրութիւնը՝ որ մտցուած է Պետական օրինագրքերու երկրորդ հատորին մէջ, ո՛չ մէկ ընդհանուր վերտառութիւն չի կրեր եւ միայն ցուցուած են գլուխներու բաժանումները, իսկ նոյն հատորի  938րդ էջը «Ընտրութիւն Պատրիարքի» գլուխէն կը սկսի: Օրինագրքի կամ հատորին վերջը դրուած ցանկի մէջ ալ «Հայոց Պատրիարքարանի Կանոնադրութիւնը» անունով է նշանակուած:

Ակներեւ է ուրեմն որ Պետութենէն հաստատուած եւ չհաստատուած մասերու թուրքերէններուն միջեւ ալ Սահմանադրութիւն բառը կամ բացատրութիւն գոյութիւն չունի:

Պետութեան համար կամ օրէնքը կամ կանոնադրութիւնը Հայոց Պատրիարքարանի, առ առաւելն Թուրքիոյ հայ ազգի կանոնադրութիւնն է:

Իւրաքանչիւր օրէնք իր բովանդակութեամբ կը բնորոշուի: Այս տեսակէտէն՝ մեր Ազգային Օրէնքը կամ Կանոնը՝ հիմնուած ըլլալով հանդերձ սահմանադրական սկզբունքներու վրայ, զուտ սահմանադրական-վարչական հիմքը դնող հիմնական օրէնք չէ:

Քաղաքական լեզուի մէջ Սահմանադրութիւն բառը ընդունուած է իբր բացատրութիւն պետութեան մը, ժողովուրդի մը, երկրի մը, ազգի մը կազմակերպման հիմնական օրէնքներու:

Այն օրէն՝ երբ սանձարձակ միապետներու, միապետութիւններու դէմ ժողովուրդները կռիւ մղելով, դասակարգերը միապետէն կամ միապետութենէն խլեցին կարգ մը իրաւունքներ, իշխանութիւնը բաժնեցին միապետութեան եւ իրաւատիրած դասակարգերու միջեւ, այդ բաժանումը կամ իրաւատիրութիւնը, փոխ-յարաբերութիւնները, անոնց սահմանները որոշող հիմնական օրէնքներ գծուեցան, որոնք յատկանշուեցան Սահմանադրութիւն բառով:

Ընդունելով որ ազգի մը քաղաքակրթական-կրօնական կեանքի վարչութիւնն ալ կը կազմէ Պետութեան քաղաքական յօրինուածքին մէկ մասը, ընդունելով որ այդ վարչութիւնը կամ ըսենք նոյն իսկ իշխանութիւնն ալ կրնայ միապետական, սանձարձակ կամ սահմանաւորեալ—սահմանադրական ըլլալ, ինչպէս եղած են Պատրիարքարաններու կամ Պատրիարքներու հեղինակութիւնը, երբ այդ սանձարձակութիւնը, այդ միապետութիւնը սահմանափակող, իշխանութիւնը բաժնող կամ չէզոքացնող իրաւունքներ կը խլուին՝ ինչպէս եղած է դարձեալ Պատրիարքարաններու, Պատրիարքներու մասին, բնական է՝ որ իշխանութեան, հեղինակութեան այդ բաժանումը կամ չէզոքացումը որոշող, սահմանաւորող, հիմնական օրէնքն ալ կոչուի Սահմանադրութիւն, իսկ ռէժիմը սահմանադրական:

Բայց մեր Սահմանադրութիւն կոչուած Ազգային Օրէնքը կամ Կանոնադրութիւնը հազիւ թէ կարելի է համարել այդպիսի հիմնական օրէնքի մը խմբագրութիւնը: Ան կազմուած է ա՛յն ոգիով ու զօրութեամբ՝ թէ արդէն հիմնական օրէնքները, Սահմանադրութիւնը էապէս գոյութիւն ունին: Իսկ այդ գոյութիւն ունեցածն ալ կարելի է համարել այն հիմնական սկզբունքներն ու պատմութեան ընթացքին ազգին նուաճուած իրաւունքները, որոնք մաս չեն կազմեր թուրքերէն բնագրին:

Թերեւս շատերու համար մեր Ազգային Սահմանադրութիւնը խառնուրդ մըն է հիմնականի ու կազմական կանոններու։ Եւ իսկապէս այդ խառնուրդն աստիճան մը գոյութիւն ունի: Բայց հիմնականին պատկանող չնչին խառնուրդը ապահովաբար հետեւանք է առանձնապէս խնամուած խմբագրութեամբ վաւերացեալ Սահմանադրութեան մը չգոյութեան:

Թէ ինչո՞ւ այդպէս է եղած, ինչո՞ւ հիմնական օրէնքները առանձնապէս չեն կազմուած: Այդ մասին մեզ աւանդուած ոչինչ չգիտենք: Եւ այս անոր համար որ Թուրքիոյ Հայոց ո՛չ միայն մեր՝ Ազգ. Կանօնագրի բազմակողմանի լուրջ ուսումնասիրութիւնն ու համապատասխան պատմութիւնը կը պակսի, այլ եւ չկան կամ մեզ ծանօթ չեն յիշատակագիրներ շարք մը իրադարձութիւններու, փաստաթուղթեր որոնց վրայ հնարաւոր ըլլար ճշգրտապէս հիմնաւորել տեսութիւնները:

Ալպօյաճեան (Ընդարձակ Օրացոյց Սբ. Փ. Հիւանդանոցի, 1910) իր պատմական տեսութեան մէջ մեր Ազգ. Օրէնքի շարք մը թերութիւնները, սրբագրութիւնները, ապա ուրեմն հիմնական օրէնքներու եւ կազմական կանոններու խառնուրդը կը վերագրէ պետական ա՛յն շրջանի տրամադրութեան, օրէնքի հիմնուած թուականներու, 1860-1863ի ոգիին՝ որ ըլլալով միապետական, չէր կրնար հաշտուիլ սահմանադրական կարգերու հետ: Անշուշտ այս պարզ ենթադրութիւն է:

Եթէ Բ. Դուռը որոշ բացատրութիւններու, օրինակ, Սահմանադրութիւն, Սահմանադրականութիւն բառերու դէմ ըլլար, եւ կամ դէմ կ’ըլլայի կասկածանքով ու հաւանականութեամբ այդ բառերու գործածութիւնը անյամար դատուէր, իմ կարծիքով,, ո՛չ մէկ անպատեհութիւն եւ դժուարութիւն, ընդդիմութիւն չէր ներկայացներ «հիմնական օրէնք», «հիմնական կանոններ» բացատրութեան գործածումը, ուստի եւ օրէնքի ըստ այնմ խմբագրութիւնն ու դասաւորումը: Այդպէս վարուելով, թէեւ Սահմանադրութիւն բառը գործածուած չէր ըլլար, բայց հիմնական օրէնք բացատրութիւնը ատոր կը փոխարինէր, պաշտօնական լեզուի մէջ կը մտնէր եւ դասաւորումը բնական կ’ըլլար:

Լուսաբանող արձանագրութիւններ չունենալով, կրնայինք օգտուիլ օրէնքի խմբագրութեան մէջ պաշտօնական կամ անպաշտօն գործնական մասնակցութիւն ունեցող, եւ կամ անոնց շատ մօտ անձնաւորութիւններու բերանացի վկայութիւններէն, յուշատետրերէն:

Տարաբաղդաբար դեռ կը պակսին այդ կարգի վաւերական վկայութիւններ, հաւաքածոներ, հրատարակութիւններ:

* * *

  Ես կը կարծեմ թէ, ընդունելով որ օրէնքի հաստատութեան թուականին, պետութիւնը՝ իբրեւ բացարձակ միապետութիւն, հեշտութեամբ չպիտի հաւանէր Սահմանադրութիւն բառին գործածութեան, բայց աչքի առաջ ունենալով որ նոյն բացարձակ միապետական կառավարութիւնը թոյլատրած է հպատակ ոչ-մահմետական ազգերու ներքին կեանքի ինքնավարութեան համար էապէս սահմանադրական կարգերու օրէնսդրութիւնը, որ նոյն ժամանակի ղեկավար պետական գործիչները՝ Րէշիտ, Ֆուատ եւ Ալի փաշաները շատ աւելի լայնամիտ էին կամ կ՚ուզէին երեւալ հպատակ ազգերու հանդէպ եւ այն ժամանակի պայմանները շա՛տ աւելի նպաստաւոր էին քան այժմ, անկարելի չպիտի ըլլար այդ նոյն կառավարութեան ընդունիլ տալ օրէնսդրուած կարգերու յատկանիշը Սահմանադրութիւն բառի գործածութիւնը: Դժուար չպիտի ըլլար մանաւանդ, այդ բառին հիմնական սկզբունքներու թուրքերէն թարգմանութեան, այսինքն պաշտօնական բնագրին մէջ ներմուծումը:

Անս նկատումներով, մենք կը մղուինք ենթադրելու թէ օրէնքի հայերէնի ու թուրքերէնի թարգմանութեանց մէջ եղած տարբերութիւնը աւելի մտավախութեան արդիւնք է, քան պետական լուրջ ընդդիմութեան:

Օրէնքի, այսինքն Սահմանադրութեան խմբագրիչ կազմը՝ որ խառն Յանձնաժողով մըն է եղած, կէսը Պատրիարքարանէն եւ կէսը Բ. Դուռնէն ընտրուած, սակայն բոլորն ալ Հայերէ բաղկացած, մեզ չի կրնար կասկածիլ տալ որ օրէնքի բնագիրը հայերէն է խմբագրուած եւ թուրքերէն թարգմանութիւնն է վաւերացման ենթարկուած. հետեւաբար թարգմանութիւնը հայերէն բնագրին պիտի հպատակէր, բնագրին հաւատարիմ պիտի մնար՝ եւ ոչ թէ բնագիրը թարգմանութեան:

Այդպէս է եղած Յունաց Պատրիարքարանի օրէնքը: Այդ օրէնքի յունարէն բնագրին թուրքերէն թարգմանութեան հաւատարիմ մնալուն այնքա՛ն է հոգ տարուած, որ զանազան գլուխներու վրայ առանձնապէս յիշատակուած է յունարէն բնագրէն վաւերական թարգմանութիւն ըլլալը:

Ամէն պարագայի մէջ, ինչ որ ալ ըլլան մեր նկատած տարբերութեանց պատճառները, մինչեւ միջազգային բանակցութեանց լեզուին մէջ ընդունուած «Հայոց Սահմանադրութիւն» յատկանունը այնքա՛ն է կրկնուեր եւ գործածուեր  աւելի քան կէս դարէ ի վեր, որ թղթի վրայ տարբերութիւնը էապէս ջնջուած է եւ «Սահմանադրութիւն» յատկորոշումը նուիրագործուած եւ քաղաքացիական    իրաւունք է ստացած:

Ասկէ զատ, այս ներքին ինքնավարական օրէնքը դարերու ընթացքին հայ ժողովրդի նուաճած բնական իրաւունքներու նուիրագործումն ըլլալով, այդ օրէնքին հիմնական եւ կազմական մասերու խմբագրութիւնը կամ ամբողջականութիւնը ինչքան ալ թերութիւններ ունենան. էութիւնը անբռնաբարելի է, ուստի եւ հայ ժողովուրդը լիակատար իրաւունք ունի իր օրէնքի «Սահմանադրութիւն» յատկորոշումը պահպանելու, պայմանաւ որ պետական Սահմանադրականութեան այս շրջանի մէջ սրբագրուին տարբերութիւնները եւ դարմանուին թերութիւնները։ Եւ եթէ մենք այսքան կանգ եռինք այս պարագաներուն կամ տարբերութեանց վրայ եւ դեռ եւս մեր ուսումնասիրութեանց ընթացքին պիտի զբաղինք, մեր նպատակն է միայն վերլուծումներու միջոցով հարթել ճանապարհը սրբագրութեանց ու լրացումներու:

Եւ արդէն օրէնքի մէջ գոյութիւն ունեցող թարգմանական տարբերութիւնները միայն Օրէնքի այս որոշիչ անուանումին մէջ չեն: Ինչպէս ըսինք, առիթը պիտի ունենանք ցոյց տալու որ մեր այն շրջանի գործիչներուն համար այդ կարգի զանցառութիւններ կամ շեղումներ ինքնաթոյլատու են եղած օրէնքի կարգ մը կէտերու մասին ալ, որոնք անկասկած վնասած են օրէնքի կիրառութեան ընթացքին:

Այս զանցառութիւնները կամ շեղումները անշուշտ չարամտութեամբ չեն եղած: Կասկած չկայ որ անոնք թէեւ կատարուած են մտավախութեամբ՝ այլ գաղափարական յատուկ բարեմտութեամբ մը, որ ուրիշ բան չի՛ կրնար ըլլալ, բայց եթէ կազմել տալ ազգային մտայնութիւնը հայերէն թարգմանութեան իմաստովը եւ ո՛չ օրէնքի պաշտօնական տառական ըմբռնումովը:

Սակայն նոյն նպատակին հասնելու միջոցն ու ճանապարհը այդ չէր: Ու այդ սխալն է որ բնականաբար իրեն հետ բերած է ձախող հետեւանքներ: