ԻՏԷԱԼԸ
(ՏԵՂԱԿԱՆ
ԿԵԱՆՔԷ)
Շոգենաւը
թաւ
եւ
երկարաձգւող
ձայնով
մը
սուլելէ
ետքը
ճամբայ
ելաւ.
մեղմօրէն
կը
հեռանար
քարափէն
մինչ
երրորդ
կարգի
բազմաթիւ
ճամբորդներ
կ’շտապէին
հանգիստ
անկիւն
մը
գրաւել,
շոգենաւը
պիտի
հանդիպէր
միայն
Պօլսոյ
մօտակայ
քաղաքներ
եւ
այդ
պատճառով
գրեթէ
բոլոր
բազմութիւնը
տեղացիներէ
կազմուած
էր.
առաջին
եւ
երկրորդ
կարգի
հազուադէպ
ճամբորդները
քաշուած
էին
իրենց
խցիկները
եւ
միայն
կ’երեւային
կամրջակի
ուղեւորները.
առաջին
ակնարկով
այլեւայլ
դասակարգի
եւ
տեսակի
մարդոց
համախռնում
մը
կը
ներկայացնէր
պատկերը.
շոգենաւի
պաշտօնեայները
եւ
նաւազները
կարծես
վարը
այս
տեսարանին
ոչ
մէկ
կերպով
չէին
ջանար
կարգի
դնել
այս
բազմերանգ
ժողովուրդը
այլ
անտարբերութիւնով
կ’անցնէին
կը
դառնային
կոխոտելով
բեռերը,
ցրուած
հագուստները,
պտուղներով
եւ
հացով
լեցուն
կողովները։
Շոգենաւը
անգամ
մըն
ալ
սուլեց
աւելի
երկարաձգուած
ձայնով
որուն
պատասխանեցին
ուրիշ
մեկնող
կամ
ժամանող
շոգենաւներ
եւ
հասաւ
գրեթէ
Սարայ
Պուրնուի
առաջ։
Վերջալոյսին
ցոլքերը
կը
մարէին
թեթեւ
մը
մշուշապատ
մթնոլորտին
մէջ.
Սկիւտարի
եւ
Գատըգիւղի
վրայէն
կ’անյետանար
նուրբ
վարդագոյն
երանգը
արեւին
վերջին
ճառագայթներուն.
Եւրոպական
եզերքին
վրայ
ճերմակ
պալատներուն
պատկերները
հետզհետէ
կը
տժգունէին
Վոսփորի
կանանչորակ
ջուրերուն
մէջ.
քաղաքին
հեռաւոր
բուսականութիւնը
հոծ
եւ
մթին
կը
դառնար
իսկ
միւս
կողմէն
Սթամպօլ
կ’աննիւթանար
երազային
եւ
մշուշանման
տարտամութեան
մը
մէջ։
Միջոց
մը
ճամբորդներէն
շատերը
երեսի
վրայ
ձգելով
իրենց
գործերը
եւ
շոգենաւին
եզերքին
կրթնելով
սկսան
դիտել.
անսահմանելի
եւ
զգլխիչ
գեղեցկութիւն
մը
կ’արտաշնչուէր
ամեն
բանէ
եւ
շատերը
արբեցածի
պէս
այդ
երանգներու
եւ
ձեւերու
ներդաշնակութենէն
գերագրգռուած
մարդու
արտայայտութիւններ
ունէին,
ոմանք
կը
հառաչէին,
ոմանք
կը
ժպտէին,
իսկ
մէկ
երկուքը
քաղցր
եւ
հանդարտ
տխրութիւնով
մը
տոգորուած
կը
թուէին։
Երեք
հոգիէ
բաղկացած
երիտասարդներու
խումբ
մը
կ’երթեւեկէր
կամրջակին
մէկ
եզերքէն
միւսը.
զուարթ
էին
եւ
խանդավառ
ու
մասնաւոր
կերպով
յափշտակուած
կը
թուէին
զմայլելի
շրջապատներէն.
իրարու
կը
մատնանշէին
հետզհետէ
յայտնուող
կէտեր.
յարափոփոխ
գեղեցկութիւնը
վերջալոյսի
կարմիր
ցոլքերով
վառուած
գիւղերուն,
թաղերուն,
պալատներուն
եւ
մզկիթներուն։
–
Ինչպէ՛ս
կարելի
է
որ
ըսաւ
իրենցմէ
մէկը
գաւառացիի
թեթեւ
շեշտով,
այսպիսի
երկրի
մը
մէջ,
այսքան
հրապուրիչ
եւ
շնորհալի
մթնոլորտի
մը
մէջ
մարդիկ
մնան
առհասարակ
գործին,
շուկային,
եւ
միայն
հետամուտ
առեւտուրի
գծուծ
եւ
ստորնացնող
հաշիւներու։
–
Չեն
տեսնար,
պատասխանեց
ուրիշ
մը,
նախ
որ
ժամանակ
չունին
տեսնալու
եւ
յետոյ
աչքերնին
վարժ
չէ
գեղեցկութիւն
վայելելու
եւ
անկէ
ազդուելու.
տնտեսական
գրեթէ
յարատեւ
տագնապը
զիրենք
բեռնաւորած
է
այնպիսի
հոգերով,
իրենց
միտքը
պատած
է
այնպիսի
հաշիվներով
որ
մարդիկ
բանտարկուած
են
իրենց
մտատանջութիւններուն
մէջ։
Խօսակցութիւնը
տեւեց
այսպէս
միջոց
մը.
յանկարծ
դիտեցին
որ
իրենց
քով
կեցեր
էր
յոգնած
դէմքով,
ալեխառն
մազերով
եւ
մօրուքով
տարեց
մարդ
մը
որ
ուշադրութեամբ
կը
հետեւէր
իրենց
խօսքերուն.
անիկա
հեռուէն
բոլորովին
ծերունիի
տպաւորութիւն
կրնար
ընել,
բայց
իր
մանր
եւ
նուրբ
կնճիռներով
թառամած
դէմքին
վրայ
գեղեցիկ
եւ
մութ
աչքերը
պահեր
էին
երիտասարդական
հուրքը,
նայուածքի
քիչ
մը
տխուր
բայց
քաղցր
անդորրութիւնը
եւ
ակնարկի
արագութիւնը։
Երիտասարդները
հրապուրուած
այդ
աչքերուն
մտացի
եւ
լուրջ
արտայայտութենէն
մօտեցան
իրեն.
խօսակցութիւնը
ընդհանուր
դարձաւ.
վիճաբանութիւնը
տեւեց
պահ
մը
եւ
տարեց
մարդը
կը
խօսէր
զարգացած
եւ
փորձառու
մէկու
մը
համոզիչ
շեշտով.
իր
նայուածքին
զեղուն
եւ
վեհանձն
ջերմութիւնը
վճռականութիւն
կուտար
իր
խօսքերուն
եւ
կը
յայտնէր
բնականէն
զուարթ
եւ
եռանդոտ
խառնուածք
մը։
Արեւը
բոլորովին
մայր
մտած
էր
եւ
մանիշակագոյն
ստուեր
մը
կը
պարուրէր
քաղաքը
իր
եթերային
ծալքերուն
մէջ.
դեռ
մութ
չէր,
բայց
հեռաւոր
սիլուէթները
մինարէներուն,
գմբէթները
մզկիթներուն,
եւ
բլուրներու
կողերուն
վրայ
դիզուած
տուները
կը
կորսուէին
տարտամ
գորշութեան
մը
մէջ.
հետզհետէ
երիտասարդներուն
խօսակցութիւնն
ալ
կը
մարէր
թոյլ
վիճաբանութիւններով.
կարծես
ամեն
մէկը
տեղի
կուտար
եւ
հակառակ
իր
կարծիքին
կը
համաձայնէր
իր
խօսակցին
հետ
մտքի
հակընդդէմ
ո
եւ
է
ճիգէ
խուսափելով։
Քաղցր
եւ
արբեցուցիչ
ծուլութիւն
մը
կը
մեղմացնէր
ամենուն
եռանդը,
հրայրքները,
մտածումները
տարտամ
եւ
անկայուն
դարձնելով
ո
եւ
է
որոշ
եւ
վճռական
կարծիք.
կարծես
մթնոլորտին
կէս
երանգները
եւ
թերաստուերները
կը
մտնային
իրենց
հոգիներուն
մէջ
եւ
կը
տարուբերէին
իրենց
մտքերը
հաճելի
եւ
ներողամիտ
օրօրումով
մը։
Դիմացը
կը
տարածուէր
Մարմարայի
կապոյտը.
անիկա
կը
պսպղար
հետզհետէ
վառւող
երկնային
անհամար
լոյսերով
եւ
իր
մանր
կոհակները
կը
բարձրանային
եւ
կ’իջնային
մեղմօրէն,
գրեթէ
նազանքով։
Այլեւս
բոլորովին
ծովին
բացերն
էին
երբ
տարեց
մարդը
խզեց
լռութիւնը։
–
Տեղ
պատրաստած
է՞ք
գիշերելու
համար,
հարցուց.
Երիտասարդները
անփութութեամբ
խնդացին։
–
Այսպէս
թէ
այնպէս
կ’անցնենք
հարկաւ։
–
Ես
կապերտ
ունիմ
եւ
եթէ
տարածենք
ամենուս
համար
ալ
կրնայ
ծառայել։
Այս
հրաւէրին
վրայ
փութով
յարմար
տեղ
մը
փնտռեցին
ու
կապերտը
փռելով
տեղաւորուեցան
հանգիստ
կերպով։
Ծովը
հանդարտ
էր
լճակի
մը
պէս.
հեռաւոր
տափարակ
հողի
սեւ
գիծեր
կ’երկարէին
աստղերէն
թեթեւ
մը
լուսաւորուած
ծովին
վրայ.
անսահմանելի
խաղաղութեան
զգացում
մը
կը
ծածանէր
մթնոլորտին
մէջ.
ճամբորդները,
ամենքն
ալ
մէյմէկ
անկիւն
կզկտած
ո
եւ
է
ժխոր
չունէին
այլեւս.
կը
լսուէր
միայն
շոգենաւին
մեքենաներուն
համաչափ
հեւքը
եւ
ասդին
անդին
հաստատուած
վրաններու
կտաւներուն
թափահարուիլը
հովին
հարուածներուն
ներքեւ.
երբեմն,
երբեմն
կը
լսուէր
նաեւ
պատանիի
սուր
ձայն
մը
որ
կ’երգէր
արեւելեան
տխուր
եւ
տարփաւէտ
երգեր։
Այդ
պահուն
երիտասարդները
յիշեցին
որ
նախազգուշութիւնը
չէին
ունեցեր
ընթրիքի
համար
հարկ
եղածը
առնելու.
բայց
իրենց
ճամբու
հաճոյակատար
ընկերը
յօժարակամութիւնը
ունեցաւ
իր
ընթրիքը
մէջտեղ
դնելու.
պզտիկ
լապտերով
մը
լուսաւորուած,
ամենքն
ալ
բոլորուեցան
ճերմակ
անձեռոցի
մը
շուրջը
եւ
ճաշելով
սկսան
կրկին
խօսիլ.
աւելի
տաք
զգացում
մը
զիրենք
կապած
էր
անծանօթ
տարեց
ճամբորդին.
համարձակեցան
հարցնել
անոր։
–
Ինչո՞ւ
համար
կը
ճամբորդէք։
–
Առեւտուրի
համար.
իսկ
դո՞ւք
հարցուց
իր
կարգին
համակրելի
աչքերը
պտտցնելով
կէս
մութին
մէջ
երիտասարդներու
դէմքերուն
վրայ։
–
Մե՞նք...
ոչի՛նչ.
կ’երթանք
այնպէս.
այդ
տեղերու
ազգակիցներուն
մօտիկնալու,
զանոնք
ճանչնալու
եւ
իր
հարկին
բանախօսութիւններ
ընելու։
Իրենց
առաքեալի
եւ
իտէալիստի
մաքուր
դէմքերուն
վրայ
ժպիտը
կ’ուրուագծուէր
բարութեամբ։
Անծանօթ
ճամբորդը
հառաչեց
եւ
ճաշը
վերջացած
ըլլալով
տարածուեցաւ
ու
կրթնելով
իր
բեռերուն
սկսաւ
ծխել։
Խօսեցան
Պօլսոյ
եւ
պօլսական
բարքերու,
հայկական
միջավայրներու
եւ
զանազան
դասակարքերու
վրայ.
ի
հարկէ
այլեւս
երիտասարդները
զգուշաւոր
էին
եւ
հոգ
կ’ընէին
չվիրաւորել
իրենց
առեւտրական
ընկերը.
բայց
այսպէս
թէ
այնպէս
կը
վերադառնային
պօլսական
բարքերու
ամենամեծ
յատկանիշին,
շուկային
դրոշմին,
առեւտուրի,
մանր
թէ
մեծ
վաճառականութեան
համար
տեղացիներու
ցոյց
տուած
նախասիրութեան
վրայ։
–
Այնպէս
որ,
եզրակացուց
երիտասարդներէն
մէկը.
նոյն
իսկ
դպրոցներու,
նոյն
իսկ
գրականութեան
մէջ
մտած
են
այդ
բարքերը։
–
Մենք
դարձած
ենք
այն՝
ինչ
որ
մեր
կիները
փափաքած
են
որ
ըլլանք
պատասխանեց
առեւտրականը...
մենք
կը
ներկայացնենք
մեր
կիներուն
իտէալը։
Երեքն
ալ
բողոքեցին...
կիները
միշտ
աւելի
գերազանց
եղած
են,
աւելի
փափուկ
նկարագրով
օժտուած,
աւելի
զգայուն,
աւելի
բանաստեղծական,
որքա՛ն
նորահաս
օրիորդներու
կապոյտ
երազները
ցնդած
են
բիրտ
իրականութեան
հանդէպ,
իրենց
ամուսնութենէն
ետքը...
եւ
անոնց
գաղափարապաշտ
ձգտումները
գոհացած
են
դարձեալ
հակառակ
ամեն
բանի,
հակառակ
որ
թերեւս
երբէք
համապատասխան
զգացում
չեն
գտած
իրենց
հայրերուն,
եղբայրներուն,
ամուսիններուն
մէջ։
–
Առօրեայ
կեանքի
քննութիւնը
յուսախաբ
պիտի
ընէր
քեզի
ըսաւ
առեւտրականը.
քաղցր
եւ
գեղեցիկ
բան
է
հաւատալ
կնոջ
բարերար
ազդեցութեան.
չեմ
գիտեր
նոյն
իսկ
թէ
աւելի
լաւ
է՞
որ
ձեր
պատրանքները
պահէք
երկար
ժամանակ
թէ
իրականութեան
վրեահասու
ըլլաք
երբ
դեռ
շատ
ուշ
չէ՛։
Պահ
մը
լռեց
ու
մնաց
մտածկոտ.
յետոյ
աւելցուց.
–
Իբր
ապացոյց
իմ
խօսքերուս,
պատմեմ
ձեզի
իմ
կեանքս։
«Շատ
երիտասարդ
էի
եւ
նոր
աւարտած
քաղաքին
երկրորդական
վարժարաններէն
մէկը.
հօրս
նիւթական
վիճակը
թոյլ
կուտար
ինծի
ազատօրէն
երազելու
ո
եւ
է
ասպարէզի.
բնականէս
խանդավառ,
դիւրագրգիռ
եւ
եռանդով
զեղուն
պատրաստ
էի
նետուելու
ո
եւ
է
գաղափարական
եւ
մեծ
գործունէութեան
մը
մէջ.
սքանչելի
կերպով
կազմուած
էի
յիմարութիւններ
ընելու
համար.
բայց
մէկ
կողմէն
միջավայրի
պակասը
միւս
կողմէն
զիս
ղեկավարող
ձեռնհաս
եւ
կարող
անձի
մը
չգոյութիւնը
շփոթ
եւ
հակասական
կը
դարձնէին
զիս.
երիտասարդ
էի
եւ
անփորձ
ու
բոլոր
իմ
մէջս
անգործ
մնացած
ուժերը
զիս
մատնած
էին
չափազանց,
գրեթէ
հիւանդագին
դիւրազգածութեան
մը։
Այդ
պահուն
էր
որ
ընտանեկան
երեկոյթի
մը
մէջ
հանդիպեցայ
Արուսեակին.
առաջին
անգամէն
անիկա
գրաւեց
իմ
սիրտս.
լաւ
ընտանիքի
աղջիկ
էր
եւ
խնամքով
դաստիարակուած
բայց
մանաւանդ
որքա՛ն
գեղեցիկ
էր.
իր
կաթնագոյն
մորթին
փափկութիւնը
հրաշք
մըն
էր,
իր
խիտ
եւ
երկայն
թարթիչներուն
ծանրութենէն
էր
որ
կարծես
սովորաբար
արտեւանունքը
հակած
էին
բայց
երբ
խօսած
ատեն
զանոնք
բարձրացնէր՝
իր
կապոյտ
աչքերուն
գեղեցկութիւնը
երեւան
կուգար
անակնկալի
շնորհի
մը
պէս.
եւ
ի՜նչ
նայուածք.
կարծես
անոնք
արեւէն
չէ
որ
լոյս
կ’առնէին
այլ
կը
վառէին
ներքին
եւ
իմացական
լոյսով
մը.
իր
փափուկ,
եւ
ծաղկի
թերթերու
պէս
դողդոջուն
ռնգունքը
ցոյց
կուտային
շատ
զգայուն
հոգի
մը.
ինծի
կը
թուէր
որ
անիկա
հոգիով
եւ
մարմնով
իմ
կնոջական
կատարելութեան
համար
ունեցած
մտատիպարս
կը
ներկայացնէր.
–
որքա՜ն
մեր
գաղափարներէն
գեղեցիկ
բաներ
փոխ
կուտանք
սիրելի
կնոջ
մը՜,
անհաւատալի
է–.
անիկա
ոչ
միայն
կը
մարմնացնէր
իմ
գեղեցկութեան,
շնորհի,
բարութեան
եւ
մտացիութեան
համար
ունեցած
վերացական
զգացումներս
այլ
կարծես
իր
իսկ
գոյութեամբ
նոր
հորիզոններ
կը
բանար
իմ
մտքիս.
իր
շրթունքին
անթերի
ձեւը
ու
ջերմ
կարմիրը
ինծի
կուտային
վեհանձնութեան
եւ
անձնազոհութեան
ձգտումներ,
այդ
կինը
կարող
էր
զիս
հուրի
եւ
սուրի
մէջ
մղելու,
կարող
էր
ամենամեծ
արկածներու
ընդառաջ
դնելու...
ես
խենդի
ու
գինովի
պէս
էի։
Նշանուեցանք
եւ
երջանկութեանս
չափը
չկար...
ժամանակին
սովորութեան
համեմատ
շատ
քիչ
անգամ
եւ
այն
ալ
ուրիշներու
ներկայութեան
առիթը
ունէի
զինքը
տեսնելու.
ինչպե՜ս
կ’սպասէի
այդ
ցանկալի
օրերուն,
այդ
հազուադէպ
առիթներուն.
ընտանիքի
անդամներուն
ուշադիր
հսկողութեան
ներքեւ
չէի
համարձակէր
իսկ
իրեն
մօտենալ.
անիկա
հեռուէն
կը
ճաճանչէր
իր
խարտեաշ
մազերուն
մէջ,
թեթեւ
մը
տժգունած
իմ
ներկայութեանս
առթած
յուզումէն,
մատները
ջղագրգիռ
հովահարին
կոթին
վրայ.
անիկա
իտէալ
մը,
անմատչելի
պատուանդանի
մը
վրայ
զետեղուած
աստուածութիւն
մըն
էր
ինծի
համար.
իր
քայլերուն
հետքերը,
իր
շնչած
օդը
նուիրական
կը
դառնային
եւ
յուզմունքով
կը
խորհէի
թէ
արդեօք
անիկա
ի՞նչ
կ’սպասէր
ինձմէ
ի՞նչ
իտէալ
կը
ներկայացնէի
իրեն
համար.
ու
ջերմեռանդութիւնով
երդում
կ’ընէի
ինքզինքիս
որ
ինչքա՛ն
ալ
բարձր
ըլլար
իր
կատարելութեան
գաղափարը
պիտի
ճգնէի
հասնիլ
անոր,
ամեն
գինով...
իմ
մէջս
կային
տրամադրելի
կարողութիւններ,
իմ
մէջս
կար
անսպառելի
եռանդ,
ես
կ’սպասէի
դրդումի
մը,
ներշնչման
մը...
ես
կ’սպասէի...
աւելի
ճիշդը
կը
ցանկայի
այդ
դրդումին
եւ
այնքան
աւելի
կը
պաշտէի
Արուսեակը
որքան
ջերմապէս
կը
հաւատայի
թէ
այդ
դրդումը
կնոջմէս
պիտի
գար։
Մեր
ընտանիքներուն
մէջ
որոշուած
ժամանակը
լրանալէն
ետքը
ամուսնացանք։
Երկար
ատեն
իմ
իսկ
երջանկութենէս
մոլորուած
ապրեցայ
արուեստակեալ
եւ
երեւակայական
աշխարհի
մը
մէջ.
կնոջս
միամտութիւնը,
անփորձութիւնը,
զիս
խանդաղատանքով
կը
լեցնէր.
անչափահաս
տղու
մը
պէս
էր
եւ
ստիպուած
էի
հսկել
նոյն
իսկ
ամենօրեայ
եւ
առտնին
խնդիրներու
վրայ։
Թէեւ
այս
երեւոյթը
անակընկալ
մը
ըլլար
ինծի
համար,
մասնաւոր
քաղցրութիւն
մը
ունէր
եւ
ես
այնքան
հրապուրուած
էի
որ
չէի
խորհեր
իսկ
կացութեան
անպատեհութիւններուն
վրայ։
Առաջին
ամիսները
անցան.
ես
եթէ
անմիջապէս
չէի
գտնար
երազած
տիպարս
իմ
կնոջս
մէջ
գոնէ
հակառակն
ալ
չէր
երեւար.
երջանկութիւնը
կը
քնացներ
զիս
եւ
չէի
անդրադառնար
թէ
այդ
դեռատի
եւ
շնորհալի
կնոջ
խօսքերը
որքա՛ն
պարապ
էին
որովհետեւ
աւելի
մտիկ
կ’ընէի
անոնց
երաժշտութիւնը,
ու
այդ
քիչ
բան
չէր.
Արուսեակ
հազուադէպ
կերպով
օժտուած
էր
այդ
տեսակէտով.
իր
ձայնը
մանկական,
քմահաճ
եւ
երգող
բան
մը
ունէր
եւ
ահա
յանկարծ,
չես
գիտեր
ինչո՞ւ,
անիկա
կ’ստանար
դողդոջուն
եւ
յուզուած
շեշտ
մը.
կարծես
թէ
արցունք
կար
ձայնին
մէջ
ու
ինքը
կը
շարունակէր
ժպտիլ
մեղմօրէն
ու
այդ
ժպիտը
կը
լուսաւորէր
իր
դէմքը
գարնանային
արեւի
ճառագայթի
մը
պէս։
Ինչե՜ր
չէի
խորհեր
այդ
րոպէներուն.
կը
մտածէի
թէ
յոյզերու,
զգացումներու
թանկագին
գանձ
մը
կայ
ծածկուած
այդ
գեղեցիկ
մարմնին
մէջ…
կը
մտածէի
թէ
խելքով
եւ
աշխուժով
օժտւոած
ըլլալու
էր
ունենալու
համար
այդ
խոհուն
երազող
եւ
վճիտ
աչքերը…
իր
հոգեկան
անբծութիւնը
ու
իր
նկարագրին
անխարդախ
անաչառութիւնը
գրուած
էր
իր
շրթունքներուն
վրայ.
ի՜նչ
երազատես,
ի՜նչ
յիմար,
ու
դեռ
ինչե՜ր,
ի՜նչ
ընդունակութիւններ
յաւակնութիւնը
ունէի
գտնելու
կնոջս
գեղեցկութեան
մէջ։
Բայց
ժամանակը
կ’անցնէր.
այն
պահուն
որ
իմ
միտքս
կը
թալկոտէր
երազանքներու
մէջ
անիկա
կ’այլափոխուէր.
բուն
կինը
կը
կազմուէր,
կը
հասուննար
իր
մէջ։
Նախ
երկչոտութիւնով
բայց
հետզհետէ
երես
առած
տղու
համարձակութիւնով
սկսաւ
հեգնել
իմ
գաղափարական
ձգտումներս։
Մտադիր
էի
Եւրոպա
երթալ
իրեն
հետ
եւ
մեր
ապագա
կեանքի
համեմատ՝
որուն
ծրագիրը
կը
խորհէի
իրեն
հետ
կազմել,
պատրաստուիլ
այդ
կեանքին
համար։
Մէկ
օրէն
միւսը
այդ
բոլոր
երազներս
իր
ոտքերուն
կոխան
տեսայ,
երբ
անդրադարձաւ
իմ
մեծ
տխրութեանս,
դադրեցաւ
հեգնելէ
բայց
այն
ատեն
ձեռք
առաւ
աւելի
կանացի,
աւելի
համբերատար,
աւելի
նենգամիտ
միջոցներ.
Ի՞նչպէս
եղաւ,
ի՞նչպէս
ըրաւ
չեմ
գիտեր
մէկիկ
մէկիկ
հրայրքս,
եռանդս
մարեցան,
կամաց,
կամաց
սկսայ
անտարբեր
դառնալ
զիս
խանդավառող
հարցերու.
անզգալաբար
հեռացայ
իմ
մէկ
քանի
սերտ
բարեկամներէս
ու
տակաւ
առ
տակաւ
առտնին
հոգեր,
նիւթական
մտատանջութիւններ
մեղմացուցին
երեւակայութիւնս,
թռիչքս
կոտրեցին
ու
զիս
դարձուցին
բարի
ընտանիքի
հայր
մը։
Եկաւ
ատեն
մը
ուր
վճռական
քայլ
մը
առնել
անհրաժեշտ
դարձած
էր.
հօրմէս
մնացած
ժառանգութիւնը
սպառած
ըլլալով,
պէտք
էր
գործի
ձեռնարկել.
մեծ
եղբայրս
կը
վարէր
հօրս
առեւտրական
տունը.
հաւատարիմ
մարդու
պէտք
ունէր,
միւս
կողմէ
տանը
պահանջքները
շատցեր
էին.
երկրորդ
զաւակս
մայրը
չ՛էր
կրցած
սնուցանել
«առողջական
պատճառներով»
կ’ըսէին
ինծի.
ես
խլացած
էի
արդէն
«այս
պէտք
է,
այն
պէտք
է»
յարատեւ
գանգատներէն.
կնոջս
յուզուած
եւ
դողդոջուն
ձայնը
յաճախ
կը
թրթռար
հիմա
ականջիս
իր
անհամար
գանգատները
մրմնջելու
համար.
իսկ
այն
աստուածային
ժպիտին
տեղ
կար
դժգոհ
եւ
խոժոռ
դէմք
մը
որուն
վրայ
կապոյտ
աչքերուն
պայծառութիւնը
անյատակ
վիհերու
փոխուած
էին…
Այն
դրդումը,
այն
ներշնչումը
որ
կ’սպասէի
եկաւ
վերջապէս
կնոջմէս,
զիս
նետելու
համար
շուկայի
կեանքին,
առեւտրական
մտահոգութիւններու
մէջ։
Տխրութեամբ
համակերպեցայ
եւ
այլ
եւս
կեանքը
ծանր
լուծ
մը
թուեցաւ
ինծի.
երբեմն
երեկոյները
գործէ
վերադարձիս
դղրդււած
բնութեան
գեղեցկութենէն
կը
վերյիշէի
իմ
երիտասարդական
խանդավառութիւնս.
մտքովս
կը
թուէի
բոլոր
այն
ազնուագոյն
վիճակները
որոնց
մէջ
կրնայի
մտած
ըլլալ.
զզուանքով
եւ
խղճալով
կ’անդրադառնայի
ներկայ
անձիս,
ամենահասարակ
շուկացիին
վրայ
եւ
երբ
փնտռէի
միակ
պատասխանատուն
կինս
կը
գտնէի
ու
կ՛ատէի
զայն
թէ՛
բնազդով
թէ՛
գիտակցութեամբ»։
Ճամբորդը
միջոց
մը
լուռ
մնալէ
ետքը
կարծես
զղջալով
իր
բուռն
արտայայտութեանը
վրայ,
ուզեց
մեղմացնել
զայն։
«Կ’ատէի
ու
կը
խղճայի
իր
վրայ,
ինչպէս
կիներու
մեծամասնութիւնը
փառասէր
էր,
ցուցամոլ
եւ
գլխաւորապէս
կ’ապրէր
արտաքինն
աշխարհին,
կամ
աւելի
ճիշդը
դրացիներուն
համար.
իր
բոլոր
ջանքերը
կը
կեդրոնանային
փայլելու
այդ
փոքր,
աննշան
աշխարհին
մէջ
եւ
իր
բոլոր
կնոջական
ազդեցութիւնը
կը
գործածէր
զիս
մղելու
որ
այդ
ապաշնորհ
փառասիրութիւնը
գոհացնելու
գործիք
մը
ըլլամ…
ու
երբ
կին
մը
կը
տրամադրէ
նպատակի
մը
հասնիլ,
սարսափելի
բան
է.
որքա՛ն
նպատակը
սնոտի
է,
այնքան
յամառ
կը
դառնայ.
անիկա
ամեն
օր,
ամեն
ժամ,
անդադրում
կը
մրմնջէ,
կը
գանգատի,
կը
դժգոհի,
կը
թունաւորէ
հանգիստդ,
կը
խանգարէ
ճաշդ.
կը
պղտորէ
ինքնամփոփումի
րոպէներդ
եւ
այս
բոլոր
բաները
ընելէ
ետքը
չդադրիր
ուրիշներու
աչքին
յարգելի
եւ
պարկեշտ
ընտանիքի
մայր
մը
նկատուելէ…
հաւատացէք
ինծի
սարսափելի
բան
է…»
Կրկին
լռեց,
սիկառէթ
մը
վառեց
ու
վերջացուց։
«Հինգ
տարի
առաջ
կորսնցուցի
կինս.
տղաքս
որբ
մնացին
ու
ես
հակառակ
կրած
յուսախաբութիւններուս
դառն
վիշտի
մը
մէջ
ինկայ.
բայց
անմիջապես
որ
ընտանիքի
գործերս
կարգադրեցի,
փորձեցի
թողուլ
առեւտուրը
շուկան
եւ
դրամի
վերածելով
ունեցածս
երթալ
օտար
երկիր
ու
ապրիլ
այլ
եւս
մտաւորական
եւ
մաքուր
կեանքով,
միջավայր
պատրաստելով
նաեւ
տղոցս,
բայց
առաջին
փորձիս
իսկ
տեսայ
թէ
ինչպէս
բարոյապէս
ջախջախուած
եւ
փճացած
էի
եւ
անկարող
ո
եւ
է
վերականգնումի»։
Ժամը
կը
յառաջանար
եւ
հովը
աւելի
զօրաւոր
կը
հարուածէր
վրանները
եւ
կ’առնէր,
կը
տանէր
վշտացած
ճամբորդին
խօսքերը.
ստիպուած
լռեցին.
քիչ
յետոյ
երիտասարդները
խորունկ
քունով
կը
քնանային
բայց
պօլսեցի
առեւտրականը
կը
հսկէր
եւ
դառնութեամբ
կը
խորհէր
իր
բաղդին
վրայ։
Երբեմն
հակառակ
իրեն,
մտածումը
կ’ընդհատուէր
եւ
միտքը
կը
մոլորուէր
հաշիւներու,
կատարելիք
գործերու
հոգերու
մէջ.
բայց
կրկին
կ’սթափէր
եւ
կը
դառնար
իր
երիտասարդական
երազներուն
մինչեւ
որ
վերջապէս
օրօրուած
ծովուն
դաշնակաւոր
մրմունջէն
եւ
շոգենաւին
տատանումէն,
իր
կարգին
քնացաւ
յոգնած
մարդու
ծանր
քունով։