ՄԱՅՐԵՆԻ
ՏՈՒՆ
Բոլոր
անոնց,
բարեկամ
թէ
թշնամի,
որ
լքած
իրենց
մայրենի
տունը,
օտարական
եւ
վտարանդի,
կը
թափառին
ինչպէս
տանջոուղ
հոգիներ։
Ա.
Ի՜նչպէս
յայտնուեցաւ
ինձ
եւ
ո՞ր
տարիքին,
մայրենի
տունը,
դժուար
է
ճշդել։
Մանկական
անգիտակցութեան
մշուշը
դժնդակ
ճիգով
մը
դանդաղօրէն
կը
նօսրանար։
Կայի
եւ
չի
կայի
որովհետև
թութիւնս
ցրիւ
էր
շղթայագերծ
ուժերու
մէջ
եւ
մշտատեւ
շարժումով
մը
կը
տարածուէր
եւ
կ՚ամփոփուէր,
ամէն
անգամուն
քիչ
մը
աւելի
խտանալով
անորոշ
կորիզի
մը
շուրջ
որ
կը
կազմուէր
խուսափուկ
եւ
կրկնւող
տպաւորութիւններով
եւ
իմացական
նշոյլներով։
Երբ
յետադարձ
ակնարկ
մը
կը
նետեմ
այդ
այնքան
հեռաւոր
օրերու
վրայ,
որոնք
կարծես
տարբեր
ժամանակներու
եւ
տապալուած
շրջաններու
կը
պատկանին,
անոնք
ինձ
կը
թուին
լիքը
խոհուրդով
եւ
գաղտնիքներով
որոնք
առյաւէտ
անլուծելի
պիտի
մնան։
Կարծես
թէ
իմ
սեպհական
կեանքս
դեռ
իր
սահմանները
չէր
գտած,
ինքն
իր
մէջ
չէր
խտացած,
անիկա
դեռ
անկայուն,
անձեւ
եւ
կոյր
զօրութիւն
մըն
էր
որ
անսահմանելի
քաօսի
մը
մէջ,
խառն
թշնամի
եւ
բարեկամ
տարերքներով,
կ՚երթար
ու
կուգար,
ինչպէս
ծովի
մը
ալիքները
ափի
մը
աւազներուն
վրայ
եւ
ամէն
անգամուն
քիչ
մը
գիրտ
եւ
խլեակ
կը
թողուր
այնտեղ։
Յիշողութիւննե՞ր…
երբ
կ՚ուզենք
հաւաքել
ինչ
որ
մնացած
է
այդ
հրաշալի
ժամերէն,
կարող
ե՞նք
ուրիշ
բան
ընել
բայց
եթէ
հաւաքել
այն
քիչ
մը
դիրտը
եւ
խլեակները
որ
սկսուող
կեանք
մը ,
անսահման
ու
զօրեղ,
դեռ
շատ
մօտ
եւ
մասնակից
աւելի
լայն
կեանքի
մը,
դուրս
նետած
է
իր
ծոցէն
իբր
սահմանաւոր
եւ
անկենդան։
Բայց
նաեւ
այդ
աւելորդ
եւ
անկենդանն
է
որ
կարող
ենք
միայն
իւրացնել,
մերը
դարձնել
եւ
անոնցմով
ստեղծել
հանգրուաններ,
որոնք
հանգոյցներու
պէս
իրարու
կը
կապեն
այն
սարդի
թելերը
որոնք
կը
կամարանան
մեր
ծնունդին
եւ
մահուան
միջեւ։
Խումբ
մը
երախաներ
էինք
զանազան
տարիքէ
եւ
աղմուկով
ու
շարժումով
կը
լեցնէինք
հնամենի
տունը
ուր
ծնողքս
եկեր
ապաստաներ
էին
անյաջողութիւններէ
եւ
դժբաղդութիւններէ
ետքը։
Ի՞նչ
էին
այդ
դժբաղդութիւնները,
չէինք
գիտեր,
անոնք
մեզ
համար
գոյութիւն
չունէին
եւ
կարծես
ոեւէ
առնչութիւն
չունէին
մեզ
հետ։
Կը
յիշեմ
թէ
ի՞նչպէս ,
անդուլ,
անդադար
Մեծերը
կը
ջանային
պահպանել
տանը
լռութիւնը։
Կարծես
թէ
կը
հետապնդէին
այդ
լռութիւնը
լսելու
համար
իրենց
ցաւերուն
արձագանքը,
մինչ
մենք
մշտատեւ
եւ
յամառ
ջանքով
կը
խանգարէինք
զայն։
Կը
յիշեմ
նաեւ
այն
օտարութիւնը,
պիտի
ըսեմ
անհաշտելիութիւնը
որ
կար
մեր
եւ
Մեծերուն
մէջ։
Ամէն
ինչ
որ
զիրենք
կը
հետաքրքրէր.
կ՚ոգեւորէր,
վիշտ
ու
հոգ
կը
պատճառէր,
մեռած
էին
մեզ
համար,
անգոյ
եւ
անիրական։
Կարծես
կաշկանդող
բեռ
մւ
ունէին
իրենց
ուսերուն,
թիպարտի
շղթայ
մը
կապուած
իրենց
ոտքին,
մինչ
մենք
ազատ
էինք
թիթեռնիկներու
պէս
եւ
չէինք
ճանչնար
ու
կ՚ուրանայինք
իրենց
հոգերը։
Աւելի
ուշ
միայն
հասկցայ
որ
անցեալի
բեռն
էր
որ
կը
քաշքշէին
այդպէս
տաժանելիօրէն։
Բայց
այն
ատեն
ոչ
անցեալը
գոյութիւն
ունէր
մեզ
համար
եւ
ոչ
ապագան։
Կ՚ապրինք
ներկային
մէջ
արեւով
եւ
լոյսով
արբեցած,
լիքը
անբար
ցնծութեամբ
լիանալով
մեր
շարժումներէն,
խենդեցած
մեր
ձայներէն,
աւերելով
եւ
քանդելով
ինչ
որ
ժամանակը
կուտակէր
էր
մեր
շուրջը։
Կարծես
անշէջ
խաբոյկ
մը
վառեր
էինք
մեզմով
եւ
ամէն
բան
կը
լափէինք
եւ
հրաշալին
այն
էր
որ
Մեծերու
դէմ
այդ
թագուն
խոժոռ,
յոգնած
եւ
ծանբախոհ
դէմքերուն
վրայ
ժպիտ
յառաջ
բերել
եւ
երբեմն
ալ
մեր
դաշնակիցը
դարձնել
զիրենք։
-
-
-
-
-
-
Երբ
եւ
ի՞նչպէս
հմայքը
խզուեցաւ
եւ
դուրս
եկայ
մանկութեան
առաջին
շրջանի
շողշողուն
անգիտակցութենէն։
Բարոյական
բաղխում
մը
ինձ
սթափեցուց
թերեւս
կամ
ֆիզիքական
հիւանդութիւն
մը։
Տեսակ
մը
անճար
տխրութիւն
կայ
կապուած
իմ
առաջին
յիշողութիւններուս
հետ
որուն
պատճառը
մթութեան
մէջ
կը
մնայ։
Անմիջապէս
որ
առագաստներս
ծալլեցի
եւ
ինքզինքիս
մէջ
ամփոփուեցայ,
սկսայ
իմ
տպաւորութիւններս
տեղաւորել
եւ
անանոցմէ
քաղել
անորոշ
զգացումներ
որոնց
անկայուն
եւ
ծփուն
գիծերը
կը
յանգէին
զիս
շրջապատող
իրերուն
եւ
դէմքերուն։
Այդ
պահէն
է
որ
աստիճանաբար
ծանօթացայ
մայրենի
տան
հետ
եւ
իմ
կեանքս
կապեցի
անոր
հետ։
Ամէն
ինչ
որ
կարող
էի
յուսալ
եւ
երազել
կը
սահմանափակուէր
անոր
շրջանակին
մէջ։
Իմ
մտերիմ
կեանքի
ոստայնիս
թելերը
հիւսեցի
անոր
պատերուն
եւ
իմ
առաջին
երազներս
հիւսեցի
այն
մթնոլորտին
մէջ
ուր
այնքան
երազներ
ծաղկեր
ու
թառամեր
էին
եւ
որոնցմէ
յուսաբեկութեան
անշօշափելի
հետք
մը
մնացած
էր
միայն։
Տուն
մը
ուր
ծնած
ենք
եւ
մեր
մանկութիւնը
անցուցած,
նոյն
իսկ
հեռու,
նոյն
իսկ
քանդուած
երբէք
ամբողջովին
չէ
կորսուած
մեզ
համար։
Չենք
գիտեր
թէ
ի՞նչ
թողած
ենք
այնտեղ
եւ
չենք
գիտեր
մանաւանդ
թէ
ի՞նչ
առած
ենք
անկէ
մեզ
հետ,
մեր
անդարձ
մեկնումի
պահուն,
երբ
ամէն
ինչ
թողած
կը
կարծէինք,
եւ
որ
մեզ
պիտի
ընկերանայ
երբեմն
խօսուն,
երբեմն
անշշուկ
մեր
կեանքի
եւ
գործունէութեան
ամբողջ
ընթացքին։
Ահա
թէ
ինչո՞ւ
մայրենի
տան
կերպարանքը
ինձ
կ՚Երեւայ
նման
անհետացած
սիրելիի
մը
պատկերին։
Կը
ճանչնամ
իր
ուրախութիւնները
եւ
տխրութիւնները,
կը
յիշեմ
ժամեր
երբ
անիկա
ընկճուած
կ՚երեւէր
անյոյս
տխրութեան
տակ,
երբեմն
նման
անառիկ
միջնաբերդի
ուր
կը
քաշուէինք
ամրանալու
եւ
մեր
բարոյական
ուժերը
ամփոփելու
համար,
եւ
երբեմն
ալ
ցնծուն՝
ինչպէս
եթէ
յաղթութեան
դրօշ
մը
շառաչէր
իր
կտուրին
վրայ։
Սկիւտարի
բարձունքին
վրայ,
Սէլմասըզի
եւ
Պազար
Պաշրի
մէջտեղ,
թուրք
գերեզմանոցին
վերին
սահմանին
դիմաց,
շինութեան
սովորական
քարերով
կազմուած
գորշ
պատ
մը
կ՚երկարէր։
Անոր
փլփլած
մասերէն
դուրս
կը
խուժէին
մշտադալար
դափնիի
ուռճացումներ։
Աշնան
այդ
դալարիին
հետ
գեղեցիկ
ներդաշնակութիւն
մը
կը
կազմէր
վայրի
որթատունկերու
կարմիր
գահավիժումը
որ
պատը
կը
ծածկէր
ծիրանիի
մը
պէս
մինչ
շատոնց
ի
վեր
չորցած
ճիւղերու
վտիտ
կմախքները
խուրձ
խուրձ
կը
կախուէին
դուրս
ցցուած
քարերն
ի
վար,
պատին
մերկ
մասերուն
վրայ,
որովհետև
ոչ
մէկ
հոգածու
ձեռք
զանոնք
չէր
խլած
տարիներու
ընթացքին։
Պատը
անձրեւներու
խոնաւութենէն
պաշտպանելու
համար
զետեղուած
կըղմինտրները
խախտած,
կոտրած
էին
եւ
հազիւ
թէ
իրենց
նախկին
գոյութիւնը
կը
յայտնէին
գունատ
աղիւտի
բեկորներով։
Ժամանակը
ու
եղանակներու
ազդեցութիւնը
փտտեցուցած
էին
քարերու
շարքին
մէջ
իբե
յենակ
ծառայող
գերանները
եւ
անոնք
կքած
էին
մասնակի
փլուզումներու
տեղի
տալով.
բայց
տարօրինակ
հաւասարակշռութիւն
մը
որ
բնականօրէն
ստեղծուած
էր,
ոչ
միայն
դեռ
կանգուն
ու
բարձրադիր
կը
պահէր
այս
պատը
այլ
նաեւ
տեսակ
մը
համաչափութիւն
յառաջ
կը
բերէր,
զուգահեռաբար
Թուրք
գերեզմաննոցի
պատին,
իր
գորշորակ
երանգով,
իր
դալարագեղ
ծառերով
եւ
իր
վրայ
կրած,
ինչպէս
նաեւ
ծերպերէն
դուրս
խուժած
զանազան
տեսակի
վայրի
բոյսերով։
Երբեմն,
պատին
մէջտեղը
գտնուող
փայտեայ
զոյգ
մը
ծանր
դռները
իրենց
ժանգոտած
ծխնիներուն
վրայ
կը
դառնային
որով
կ՚երեւէր
սալայատկուած
եւ
բաւական
լայն
անցք
մը,
երկու
կողմէն
եզերուած
հնամենի
կնձնիներով
եւ
թմբիներով։
Ամառը՝
այդ
վայրի
եւ
խոշոր
ծառերուն
դալարագեղ
գագաթներուն
ետեւէն,
երբ
հիւսիային
հովը
զանոնք
կը
շարժէր
կոհականման
օրօրումներով,
տանը
ճակատը
երեւան
կուգար
իր
յառաջացած
քիւով
եւ
վերնայարկի
շարք
մը
պատուհաններով։
Յանցառ
եւ
փլփլած
մէկ
քանի
ուրիշ
տուներ,
մեծ
մասով
անբնակ
պարտէզներու
հեռաւորութիւններու
մէջ
երեւալով
հազիւ
թէ
կը
մեղմացնէին
մեր
տան
առանձնութիւնը։
Այդ
առաջին
դռնէն
ներս
մտնալէ
ետքը,
ծառուղիին
վերջաւորութեանը,
կը
տարածուէր
մարգագետին
մը
ուրկէ
մէկ
ակնարկով
կը
տեսնէինք
մայրենի
տունը
իր
փայտաշէն
կառուցուածքով։
Անիկա
բաժնուած
էր
երկու
մասի
եւ
իւրաքանչիւր
մասը
առանձին
տունի
մը
տպաւորութիւնը
պիտի
ընէր
եթէ
պատատուկ
բոյսերով
զարդարուած
պատշգամը
չի
կապէր
երկու
մասերը
իրարու
դալարայեղ
գօտտի
մը
նման։
Ասկէ
զատ,
միակ
դուռ
մը
կը
բացուէր
երկու
մասերուն
մէջտեղ
որուն
վրայ
գմբեթաձեւ
հովանի
մը,
կազմուած
իրարու
մէջ
անցած
ձողիկներէ
եւ
ծածկուած
վարդենիով
ամառը
կը
պաշտպանէր
տանը
մուտքը
արեւին
կիզիչ
ճաճանչներէն։
Ժամանակը
եւ
արեւը
գունատած
էին
տանը
ներկը
որ
կարմիր
եղած
ըլլալու
էր
եւ
որ
արդէն
կը
կրէր
անցնող
եւ
թառամող
բանի
մը
դրոշմը։
Յառաջացող
քիւին
ներքեւ
ուր
շատ
տեսակ
թռչուններ
բոյն
դրած
էին,
մասնաւոր
խորշիկներու
մէջ
կը
բնակէին
տատրակներու
յարաճուն
ընտանիքներ,
որոնք
երբեմն
ըմբոստ
թեւ
առնելով
ճերմակ
եւ
գորշ
երամներով
կը
ծածկէին
տանը
ճակատը։
Անոնց
երբեմն
քնքուշ,
երբեմն
ցաւագին
մնջիւնը
կը
լսուէր
հեռուներէն,
մշտնջենապէս
հեծեծող
արտունջի
մը
պէս։
-
-
-
-
-
-
Ընդարձակ
պարտէզը
որ
տանը
ետեւէն
կը
տարածուէր
մինչեւ
հեռուները
զայն
շրջապատելով,
ծաղկանոց
մը
կը
կազմէր
դրանը
առաջք։
Սարենիներու
թաղարներ
կը
զարդարէին
ցանկապատը
իր
ամբողջ
երկայնքին։
Ցանկապատի
դռնակէն
մինչեւ
տանը
դուռը
սեւ
եւ
ճերմակ
խճաքարերով
կազմուած
ճամբայ
մը
կ՚երկարէր
որ
շատոնց
կորսնցուցած
էր
իր
կանոնաւորութիւնը
որովհետեւ
բեղմնաւոր
հողին
տակ
ծածկուած
վայրի
խոտերու
սերմերը,
դանդաղ
եւ
յամառ
աշխատութեամբ
խախտած
էին
խճաքարերը
եւ
իրենց
ուռճացումի
ուժովը
տեղ
բացած՝
իրենց
համար։
Այլ
սակայն
այդ
անխնամ
մնացած
ճամբուն
երկու
կողմերը
կը
տարածուէին
զանազան
ծաղիկներու
ածուներ։
Այդ
ծակիներուն
մէջ
առաջին
տեղը
կը
բռնէին
վարդենիներր
որ
հայրս
անձամբ
կը
խնամէր
մասնաւոր
եւ
գորովոտ
ուշադրութեամբ։
Մայիս
ամսուան
մէջ
տեսարանը
հիանալի
կը
դառնար։
Վարդենիները
իրենց
ծաղիկներու
գոյներով
խումբերու
բաժնուած
ճերմակ,
դեղին,
վարդագոյն
եւ
կարմիր
դողդոջուն
եւ
բարդ
բարդ
թերթերու
անսահման
երանգաւորում
մը
կը
կազմէին։
Անոնք
կարծես
աստիճանաբար
կը
մօտենային
տունին,
կը
մագլցէին
դրան
երկու
կողմէն,
հոծ
բեռով
մը
կը
ծանրանային
անոր
հովանիին
վրայ,
կը
յորդէին,
կը
գահավիժէին
անոր
ճակատէն,
միւս
կողմէ
կը
բարձրանային
պատշգամը,
կը
խուժէին
անոր
երկաթեայ
վանդակին
վրայ
ու
կարծես
առկախ
ու
տարուբերուող
ոստերով
կը
ձգտէին
գրաւել
նաեւ
երկրորդ
յարկը,
քիւը
եւ
տանիքը։
Անսահման
զեղում
մը
նորածիլ
տերեւներու,
քաղցր
կանանչի
եւ
վարդային
երանգներու
կը
թրթռար
օդին
մէջ։
Երբ
արեւի
ճառագայթներ
սարդի
անտես
թելերու
վրայ
կը
խաղային
ու
ամենուրեք
կայծկլտումներ
կը
վառէին,
հնամենի
փայտաշէն
տունը
մոգական
պալատի
մը
երեւոյթը
կ՚ստանար
որովհետեւ
նոյն
իսկ
փողոցէն
մաղւող
փոշին
որ
կրնար
աղօտել
բուսականութեան
թարմ
գոյները,
արեւին
ճաճանչներէն
կ՚ոսկեղօծուէր
եւ
վարդագոյն
քօղի
մը
կը
փոխուէր։
Բ.
Հակառակ
որ
տունը
խափանուած
կը
թուէր
զինքը
շրջապատող
հոծ
եւ
կենսալիր
բուսականութենէն,
պատշգամէն
իսկ
կարելի
էր
վայելել
բնական
տեսարաններու
յանկուցիչ
յաջողութիւն
մը։
Մօտակայ
թուրք
գերեզմանոցին
նոճիներէն
անդին
Զիլիֆտար
պաղչէի
հովիտը
մեղմօրէն
կ՚իջնար
իր
կողերուն
վրայ
կրելով
հայ
եւ
թուրք
խիտ
թաղերը
որոնցմէ
կը
բարձրանային
նախ
յունական
եւ
հայ
եկեղեցիներու
խաչակիր
գմբէթները
եւ
յետոյ
յաջորդաբար,
սլացիկ
ճերմակ
մինարէները
գեղեցկաշէն
մզկիթներուն։
Զմայլանքի
անսպառ
աղբիւրներ
կը
կազմէր
առաւօտներու
մեղմ
ու
անդորր
մթնոլորտին
մէջ
մզկիթներու
կապարագոյն
գմբէթներուն
վերեւ
թրթռացող
նրբօրէն
երանգաւոր
օդը,
որուն
մէջ
արեւին
առաջին
ճաճանչները
կ՚իյնային
սուր
սլաքներու
պէս,
առանց
իրենց
լոյսը
ցրուելու։
Միջօրէին,
կապտորակ
եւ
լուսեղէն
մշուշ
մը
կը
քօղարկէր
հորիզոնին
ակնախտիղ
եւ
աներանդ
պայծառութիւնը։
Իսկ
վերջալոյսի
պահերուն,
արենագոյն
ամպեր
կը
պարզուէին
ոսկեղէն
հորիզոնին
վրայ
ուր
ճերմակ
շոգիի
ծուէններ
կը
ձեւափոխուէին
յամրօրէն։
Ի՜նչքան
հեռու
էինք
քաղաքէն
որ
հետզհետէ
կը
խուսափէր
մեզմէ
եւ
որուն
սեւ
ուրուագիծը
կ՚աղօտանար
իրիկուան
մանիշակագոյն
ստուերներուն
մէջ։
Տանը
ներքնամասը
նման
էր
քաղաքին
հայ
հին
տուներու
սովորական
ներքնամասին։
Ընդարձակ
մարմարեայ
բակի
մը
վրայ
կը
բացուէին
երկու
սրահներ
որոնք
հին
ժամանակներու
մէջ
կիներու
եւ
արանց
առանձին
հիւրասենեակներ
էին
անշուշտ։
Առաջինը
ընդարձակ
սրահ
մըն
էր,
գետինը
փսիաթով
ծածկուած
որ
իր
լոյսը
կ՚առնէր
ճակատին
վրայ
բացուած
երեք
բարձր
եւ
վանդակապատ
պատուհաններէ։
Սրահին
թէ
ճակատը
եւ
թէ
աջ
ու
ձախ
կողմերը,
պատերուն
երկայնքին
կը
տարածուէին
լայն
բազմոցներ։
Դուրսի
պայծառ
եւ
թափանցող
լոյսը
սպրդելէ
ետքը
վանդակներու
ճեղքերէն,
հազիւ
կ՚անցնէր
վարագոյրներէն
եւ
տկար
ճաճանչներով
կը
դողդղար
գետնին
փսիաթին
վրայ։
Ամառը՝
տաքին
եւ
ձմեռը՝
ցուրտին
դէմ
պատսպարուած,
այդ
սրահը
իր
յարատեւ
կիսաստուերին
մէջ
հաճելի
եւ
գաղջ
մթնոլորտ
մը
կ՚ունենար
ուր
տնեցիները
շատ
քիչ
անգամ
ոտք
կը
դնէին։
Տարին
միայն
մէկ
երկու
անգամ,
հանդիսաւոր
եւ
տօնական
օրերուն,
երբ
հազուադէպ
ազգականներ
կը
համախմբուէին,
պատուհաններու
վանդակները
կը
բացուէին,
ձմեռը
պղինձէ
կրակարանը
կը
մտնար
հոն
ու
կը
գրաւէր
իր
տեղը,
սրահին
մէջտեղը
եւ
իրենց
առանձնութենէն
ու
մութէն
դուրս
կ՚ելլէին
հանդիպակաց
պատերուն
վրայ
կախուած
երկու
մեծադիր
իւղաներկ
կենդանագիրներ։
Ո՞վ
էին
այդ
այր
ու
կինը
որոնց
մասին
շշուկով
կը
խօսէին,
որոնց
կը
նայէին
ցաւով
ու
սիրով
եւ
որոնց
յիշատակը
սակայն
չէին
ուզեր
կենդանացնել
մեր
ներկայութեան։
Աւելի
ուշ
իմացայ
որ
հեռաւոր
ազգականներ
էին
որ
այդ
տունը
հիմնած
էին
առաջին
անգամ
եւ
որ
սակայն
չէին
կարողացած
վայելել…։
1830ի
եւրոպական
տարազոց,
աչքերը
երազուն,
պատկերներէն
մէկը
կը
կրէր
այն
տխրագին
եւ
խոհական
դէմքերէն
մէկը
որ
առանց
գեղեցիկ
ըլլալու
յանկուցիչ
են։
Նրբին
պեխերուն
եւ
ծնօտը
շրջապատող
մօրուքին
մէջտեղ
շրթները
կը
գծագրուէին
երեւան
բերելով
տխրած
արտայայտութիւն
մը։
Երկուքի
բաժնուած
մազերուն
մէջէն
երեւան
կուգայն
լայն,
գեղեցիկ
ու
մտացի
ճակատը
որ
իւղաներկին
գունատութենէն
դեղնորակ
դարձած
էր
այլեւսլ
Դիմացի
պատկերը
կը
ներկայացնէր
գեղեցիկ
կին
մը։
Անիկա
խրոխտ
կեցած
էր
մէկ
քովին
եւ
դէմքը՝
դէպի
դուրս
դարձուցած։
Սեւ
եւ
խոր
աչքերուն
վրայ
թաւ
յօնքեր
կը
կամարանային։
Թեէեւ
մը
արծուային
բայց
նրբին
ռունգերով
քիթը,
այտերուն
ողորկ
գիծը,
ծնօտին
նրբութիւնը,
թէ՛
զմայլանք
եւ
թէ՛
տխրութիւն
կ՚ազդէին։
Այդ
պատկերը
հակառակ
իր
ներշնչած
հրապոյրին
կարծես
անկատար
բան
մը
ունէր։
Արդարեւ,
անկարելի
էր
երեւակայել
այն
կինը
որ
եղած
էր,
երբ
աչքերուն
մէջ
լոյսը
կը
կայծկլտար,
երբ
յուզումի
եւ
գոռոութեան
ալիքներ
կը
գունատէին
ու
կը
կարմրցնէին
ճակատը
ու
այտերը,
երբ
կեանքը
կը
բաբախէր
այդ
կուրծքին
ներքեւ
եւ
շարժումը
կը
լրացնէր
իր
ձեւերուն
ներդաշնակութիւնը։
Ընդհանրապէս,
այդ
հանդիսաւոր
օրերէն
դուրս,
հիւրասենեակի
վանդակները
փակ,
վարագոյրները
իջած
կը
մնային
ու
կէս
մթութեան
մէջ
ուրուականներու
երեւոյթը
կ՚առնէին
այդ
երկու
պատկերները
որոնց
մասին
տնեցիները
հազիւ
կ՚ակնարկէին
երախաներու
ներկայութեան։
երկրորդ
սրահը
բակին
միւս
կողմը
կ՚իյնար
եւ
պատուհանները
կը
բացուէին
պարտէզին
արեւմտեան
կողմը,
մրգաստանին
վրայ։
Պարզ
եւ
համեստ
կարասիներ
եւրոպական
ճաշասրահի
մը
երեւոյթը
կուտային
անոր
որուն
միակ
պերճանքն
էր
մարմարեայ
կոնքով
եւ
քանդակեալ
ճակատով
լուացարան
մը։
Յայատնի
էր
որ
այդ
ճաշասրահը
առօրեայ
հաւաքատեղին
չէր
ընտանիքին
որովհետեւ
անմիջապէս,
չի
գործածուած
սրահի
եւ
առարկաներու
յատուկ
հնութեան,
փոշիի
եւ
բորբոսի
հոտ
մը
զգալի
կ՚ըլլար
երբ
դուռը
կը
բացուէր։
Սեղանին
ծածկոցը
տոգորուած
էր
երկար
օրերէ
ի
վեր
անարգել
եւ
հանդարտօրէն
նստող
փոշիէն։։
Այստեղ
ալ
մթնոլորտը
մթնշաղի
մէջ
էր
թանձր
եւ
ինկած
վարագոյրներուն
պատճառաւ
հակառակ
որ
տանը
այս
կողմի
պատուհանները
վանդակներ
չունէին
եւ
միայն
կը
կրէին
երկաթեալ
ձողեր
որոնց
ամէն
մէկը
ծածկոիած
էր
պլլուող
վարդերու
եւ
յասմիկներու
ճկուն
ճիւղերով։
Հակառակ
շրջապատող
կենսունակ
եւ
պերճ
բուսականութեան,
դամբանական
տխրութիւն
մը
կը
ներշնչէին
այդ
երկու
դէմ
դէմի
սրահները
որոնց
ժավանակաւ
բնակուած
եւ
այժմ
անբնակ
վայրերու
յատուկ
տխրութիւնը
ունէին։
Եթէ
մարդկային
աճիւններ
չի
կային
հոն,
կար
անցած
ու
մարած
հրայրաքներու,
վառուած
ու
այժմ
հանգած
լոյսերու,
գեղեցիկ
կամ
տխրագին
շարժումներու,
արտասանուած
եւ
այլ
եւս
մոռցուած
խօսքերու,
գորովագին,
հանդիսաւոր
եւ
միանգամայն
ցրտին
մթնոլորտը։
Այս
էր
պատճառը
թերեւս
որ
մերկ
բակը,
իր
լոյսով
ողողուած
մարմարեայ
գետինով
եւ
նարնջենիներուն
դժուարաւ
աճող
թուփերով,
զուարթութեան
եւ
պայծառութեան
մթնոլորտ
մը
ունէր
եւ
ուր
ընտրած
էինք,
տանը
երախաներս
բանակատեղին
ձմեռուան
երկարաշարք
օրերուն,
նահանջելով
պարտէզէն
եւ
ուր
նաեւ
կը
շարունակէինք
անխոնջ
խանդով
ստեղծել
կեանք
ու
շարժում
եւ
փարատել
մթին
ու
տխուր
սրահներէն
դուրս
երկարող
ուրուականները։
Տնեցիները
կ՚ապրէին
առաջին
յարկի
սենեակները
որոնցմէ
մէկը
վերածուած
էր
ճաշասրահի։
Երբ
մութը
կոխէր
մէկիկ
մէկիկ
կը
բարձրանայինք
սանդուղներէն
եւ
կը
հաւաքուէինք
մեծ
սեղանին
շուրջ։
Մեր
պարզ
ներկայութեամբ
կը
խզէինք
տիրապետող
լռութիւնը
եւ
լրջախոհ
ու
ամփոփուած
դէմքերու
տխրութիւնը։
Պատէն
կախուած
ժամացոյցը
աղմուկով
կը
մը
ճօճէր։
Յախճապակիէ
կապտորակ
ջերմոցը
հազիւ
կը
զօրէր
տաքցնելու
սրահը
եւ
ձեղունէն
կախուած
հին
լամբարի
մը
դեղնագոյն
ցոլքին
տակ
մեր
մատղաշ
գլուխները
միացուցած
կը
շարունակէինք
մեր
վէճերը,
ցասումները
եւ
կատաղութիւնները,
Մեծերուն
լուրջ
եւ
ծանր
նայուածքին
ներքեւ
որոնք
չէին
հասկնար
թէ
ինչո՞ւ
անկարեկիր
անտարբերութեամբ
չէինք
ուզեր
բաժնել
իրենց
հոզերը
եւ
մանաւանդ
լռութեան
տենչանքը։
Այդ
բնակարակը
կրնար
առանձնարանը
ըլլալ
մարդկային
ժխորէն
խուսափող
մէկու
մը։
Անիկա
կրնար
ապաստարանարանը
ըլլալ
անցեալ
փառքերով
միայն
հարուստ,
բայց
իր
արժանապատուութեան
հոգածու
եւ
նախանձախնդիր
ընտանիքի
մը։
Անիկա
վերջին
կայանը
կրնար
ըլլալ
հրայրաքներու
եւ
կիրքերու
փոթորիկէ
մը
անցած
ուժասպառ
եւ
ջլատուած
մարդիկներու
որոնք
ծաղիկներով
ու
գեղեցիկ
բնութեամբ
շրջապատուած
սպասէին
համբերութեամբ
որ
մահը
գար
զիրենք
առնելու։
Բայց
այդ
առանձնացած
տան
տխրաբոյր
մթնոլորտը
անհաշտ
էր
կեանքի
ծարաւի
մատղաշ
սերունդի
մը։
Հետզհետէ
սակայն,
քանի
եղբայրներս
եւ
քոյրերս
մեծցան,
դուրսի
կեանքը
ողողեց
տունը,
վանդակները
եւ
դռները
բացուեցան,
ու
մեր
շուրջը
բարձրացող
խանդի
ու
ոգեւորութեան
ալիքներու
մէջ
տնեցիները
սկսան
նաւարեկեալի
անձկալի
երեւոյթը
առնել։
Ու
այն
պահուն
որ
ես
ալ
իմ
թռիչքս
պիտի
առնէի ,
դիւրաբեկկ
առողջութիւնս
զիս
զամեց
տխուր
եւ
ստուերոտ
անկիւններուն
եւ
ինձ
հարկադրեց
մտնել
Մեծերու
կեանքին
մէջ։
Բանտարկուած
հնամենի
տան
մէջ,
երբ
իմ
տարեկիցներս
կը
դիմէին
իրենց
ճակատագրին,
անգործ
եւ
եռանդուն
ժամերու
ընթացքին,
երբ
լռութեան
բզզիւնը
կը
լսէին
միայն,
առաջին
անգամ
զգացի
որ
կը
յաջողէի
գիծ
մը
տալ
մտածումիս,
ձան
մը
տալ
անբարբառ
զգայնութիւններու,
եւ
առաջին
անգամ
գիտակցեցայ
որ
ներքին
հայեցողութեան
արբեցութեան
մէջ,
զմայլանքով
եւ
տանջանքով
ինքզինքս
կը
ցրուէի
հազար
կեանքերու
եւ
հազար
ժամերու
մէջ,
յաւերժութիւն
տալով
ամենէն
խուսափուկ
տպաւորութիւններու։
Մայրենի
տունը
մոռցուած
եւ
լքուած
առ
յաւէտ,
կը
յայտնուի
ինձ
ինչպէս
անհետացած
սիրելիի
մը
պատկերը։
Կը
տեսնեմ
իր
գունատ
երեւոյթը
քօղարկուած
պատատուկ
բոյսերու
պերճանքով,
կքած
տարիներու
բեռին
տակ,
ներքին
լոյսերը
հանգած,
եւ
ձայները
լռած
եւ
որուն
քիւին
ներքեւ
ապաստանած
տատարկներու
երբեմն
քնքուշ,
երբեմն
ցաւագին
մնջունը
կը
լսուի
տակաւին
հեռուներէն,
մշտնջենապէս
հեծեծող
տրտունջի
մը
պէս։