ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԻՆ
ԺՊԻՏԸ
Վերջին
շաբաթներու
ընթացքին
իր
տեսակին
մէջ
աննխնթաց
գողութեան
մը
հետեւանքով
Լէօնար
տը
Վինչիի
գլուխ
գործոցը
նկատուած
պատկերը,
Ժօգօնտը
աղմկալի
այժմէութիւն
ստացաւ.
այդ
չարաբաստիկ
դէպքէն
առաջ
անիկա
մոռցուած
չ’էր
սակայն.
իր
ներկայացուցած
արուեստի
կատարելութիւնով
եւ
արտակարգ
գեղեցկութիւնով,
անիկա
Լուվռի
թանգարանին
գլխաւոր
պատկերն
էր
ու
իրեն
կ’երթային
ինչպէս
կ’երթան
ուխտի,
ջերմառանդութիւնով
եւ
կանխակալ
հիացումով։
Կնոջ
մը
պատկերն
էր
անիկա.
Մօնա
Լիզա
Ժօքօնտի
պատկերը։
Ցցուած
եւ
սեպ
ապառաժներու
ատամներու
մէջէն
կ’անցնի
օձապտոյտ
առու
մը.
մութ
կապոյտ
երկինք
մը.
չարչրկուած
ու
ճնշիչ
բան
մը
կայ
այդ
հեռանկարին
վրայ
որ
պատուհանէ
մը
երեւցած
գիւղանկարի
մը
համեմատութիւնը
ունի
եւ
ահա
այդ
fond
ին
վրայ,
պաշտուած
կնոջ
պատկերը,
խաղաղ,
համեստ
եւ
ժպտուն։
Նուրբ,
շղարշային
քող
մը
կ’իյնայ
անոր
մազերուն
վրայէն
որոնք
կ’ողորկանան
առանց
ծածկուելու.
հագած
է
մթագոյն
թաւշանման
հագուստ
մը,
խիտ
փոթերով
կուրծքին
վրայ
եւ
որուն
երանգը
կորսուած
է
դարերու
ընթացքին.
ձեռքերը՝
թագուհիի
ձեռքեր,
երկայն
մատներով
որոնք
նրբանալով
կը
հատնին,
իրարու
վրայ
խաչաձեւ
դրուած
են.
վիզը
ազատ
է
ու
ծնոտին
ձուաձեւը
քաղցր
եւ
տաք
շուք
մը
կը
ձգէ
անոր
մերկութեան
վրայ...
բայց
ինչ
որ
անզուգական
կը
դարձնէ
Վինչիի
գլուխ
գործոցը
այն
աստուածային
ժպիտն
է,
այն
անսահմանելի,
խռովիչ
եւ
առեղծուածային
ժպիտը
որ
կը
կենդանացնէ
յաւիտենականութեան
համար՝
դարեր
առաջ
ապրած
ու
մեռած
Իդալուհիին
անթերի
դիմագիծերը։
Աւանդութիւնը
կ’ըսէ
թէ
Վինչի
իր
ծերութեան
տարիներուն
մէջ
սիրած
է
այդ
կինը
անամոքելի
եւ
դառն
հրայրքով
մը.
սիրած
է
զայն
անյաղթելի
եւ
ճակատագրական
հաւատարմութիւնով
մը
ու
կարծես
դողալով
իր
սիրելիին
դիւրաբեկ
եւ
նրբին
հրապոյրներու
անհետացումի
գաղափարէն
պահպանած
է
անոնք
իր
անկորնչելի
եւ
յաւիտենական
հանճարի
միջոցաւ։
Մօնա
Լիզա
մեռած
է
Վինչիէն
առաջ։
Ֆրանսուա
Ա.
թագաւորը
գնած
է
այդ
պատկերը.
կը
պատմեն
թէ
Վինչի
չէ
ուզած
հեռացնել
Ժօքօնտ
ը
իրմէն.
Ֆրանսայի
մեծազօր
թագաւորին
Վինչիի
աշխատանոցը
այցելելու
օրը
հետեւորդներէն
մէկը
նշմարած
է
որ
պատկեր
մը
կայ
քողով
ծածկուած
եւ
երեւան
հանած
է
զայն։
–
Մեռած
կնոջ
մը
պատկերն
է,
ըսած
է
Վինչի
հեկեկալով։
–
Ճի՞շդ
է
որ
մեռած
է,
հարցուցած
է
արքան,
աչքերը
սեւեռաց
հրաշագեղ
պատկերին,
բոլորովին
ճի՞շդ
է,
Վինչի՛...
Նկարիչը
այլ
եւս
չկարենալով
պատասխանել
կը
շարունակէր
արտասուել.
այն
ատեն
Ֆրանսուա
Ա.
դառնալով
սգաւոր
եւ
անմխիթար
նկարիչին
կը
պատասխանէ.
–
Եթէ
մեռած
է,
դուն
զայն
անմահացուցած
ես
արուեստովդ։
Մօնա
Լիզաի
պատկերը
կուգայ
Բարիզ
ու
այլեւս
կը
մնայ
հոն.
անիկա
Լուվռի
միւզէին
փառքն
էր,
անհամար
գլուխ
գործոցներու
եւ
նկարչական
հոյակապ
արտադրութիւններու
մէջ
անզուգական
հրաշալիք
մը...
բոլոր
արուեստի
դպրոցները,
բոլոր
հակընդդէմ
ձգտումներով
շինուածները,
բոլորն
ալ
խոնարհած
են
եւ
կը
խոնարհէին
իր
առաջք
ու
անոր
կատարելութեան
մէջ
ապացոյցներ
կը
գտնէին
իրենց
ընտրած
ուղղութեան.
անիկա
անսահմանօրէն
բարձրաթռիչ
գեղեցկութիւնն
էր,
անչափելի,
անորակելի,
պարունակելով
իր
մէջ
բոլոր
տարրերը
ուրոյն
ճաշակներու
եւ
ուրոյն
գեղեցկագիտութեան։
Վինչի
արտակարգ
հանճար
մը
եղած
է
եւ
իր
ժամանակին
ամենէն
համայնագէտ
միտքը.
անիկա
այն
հազուադէպ
ընտրեալներէն
էր
որոնց
ստեղծագործող
հանճարը
գերմարդկային
դրոշմ
մը
ունի
եւ
որոնք
կարծես
կը
ծանուցանեն
մարդկային
սեռին
գերագոյն
ճակատագիրը։
Անիկա
ազատագրուած
ծնած
էր
խարխափումներէ
եւ
կաշկանդումներէ.
օժտուած
մտային
անսովոր
բնազդով
մը,
կարծես
անծանօթ
զգայարանքով
մը,
կարելիութիւնը
ունեցած
է
գերազանց
եւ
կատարեալ
հասկացողութեան
մը
հասնելու.
անիկա
այն
անդրաշխարհային
պայծառատեսութիւնը
ունի
իր
բոլոր
արտայայտութիւններուն
մէջ
ինչ
որ
մասնակի
կերպով
ունեցած
են
սուրբերը
եւ
միսդիքականները։
«Մարդուս
նպատակը
միայն
սորվիլ,
զգալ
եւ
երեւակայել
չէ,
կ’ըսէ
Ռընան,
այլ
ըլլալ
մարդ՝
բառին
բովանդակ
նշանակութեամբ
եւ
անհատական
տիպարի
մը
մէջ
ընծայելով
հանուր
մարդկութեան
համառօտ
պատկերը՝
զօրաւոր
միութեան
մը
մէջ
հաւաքուած
ցոյց
տալ
կեանքի
այն
բոլոր
ուժերը
որոնք
մարդկութիւնը
ուրուագծած
է
զանազան
ժամանակներու
եւ
տեղերու
մէջ»։
Այդ
բարոյական
եւ
մտաւորական
վիճակին
մէջ
էր
դարեր
առաջ
ապրող
հռչակաւոր
նկարիչին
համայնագիտական
կարողութիւններուն
գաղտնիքը
որ
մինչեւ
մեր
օրերը
չդադրիր
զարմացում
եւ
հիացում
պատճառելէ։
Այլ
սակայն
իր
նկարչական
ստեղծագործութիւնները
ամենէն
շատ
ծանօթները
եղած
են
եւ
մարդոց
մեծամասնութեան
համար
Վինչի
գլխաւորապէս
նկարիչ
է.
երբէ՜ք
գյոնի
եւ
գիծի
նիւթական
միջոցներով
մարդկային
հոգին
չէ
ճառագայթած
այնքա՜ն
կատարեալ
եւ
գրեթէ
անշօշափելի
վերացականութեամբ
մը։
Technique
կատարելութիւններու
մասին
խօսիլ
անպատեհ
պիտի
ըլլար
մէկու
մը
կողմէ
որ
արուէստէն
չէ.
բայց
ես
հոս
պիտի
ջանամ
նշանակել
այն
անանցանելի
եւ
համամարդկային
դրոշմը
որ
կայ
Վինչիի
բոլոր
գործերուն
մէջ
եւ
որ
արտակարգ
կերպով
մը
շեշտուած
էր
Ժօքօնտ
ին
վրայ։
Ի՞նչ
է
Ժօքօնտ.
պատկեր
մը՞
միայն.
անիկա
ամբողջ
կանացիութիւնն
էր.
անիկա
աստուածային
ժպիտն
էր
սիրելի
կնոջ
մը
շրթներուն
վրայ...
այդ
ժպիտը՜...
դարերէ
ի
վեր
շատ
բան
ըսուած
է
անոր
մասին
եւ
այսօր
ալ
դեռ
շատ
բաներ
կ’ըսեն
այնպէս
որ
դժուարացած
պիտի
ըլլար
խօսիլ
այդ
հրաշալիքին
վրայ.
բայց
Ժօքօնտ
ի
միայն
գլխաւոր
առաւելութիւններէն
մէկն
է
նաեւ
ամէն
մէկուն
թելադրել,
իր
ուրոյն
հոգեկան
վիճակին
համեմատ՝
նոր
զգացում
մը.
եւ
այդ
իսկ
պատճառաւ
գալիք
դարերու
ընթացքին
մարդիկ
միջոցը
պիտի
գտնային
նոր
բան
մը
զգալու
եւ
ըսելու։
Ի՜նչ
է
այդ
ժպիտը.
հրաւէր
մը,
խոստում
մը
եւ
միանգամայն
նրբամիտ
հեգնութիւն
մը...
անիկա
առեղծուած
մըն
է
ինչպէս
կանացի
հոգին.
առեղծուած
մը՝
որուն
գաղտնիքը
խոր
եւ
անլուծելի
է
նոյն
իսկ
կնոջ
համար։
Անիկա
շնորհն
է,
լոյսը
գեղեցկութեան
իր
անհունօրէն
արագ
թրթռացումին
մէջ
բիւրեղացած,
խորհրդաւոր,
տխրագին
եւ
խաղաղ՝
անանցանելի
զգացումներու
ճառագայթովը։
Մօնա
Լիզայի
ժպիտը
լուսաւորած
է
ամեն
կանացի
դէմք
խուսափուկ
եւ
թանկագին
րոպէներու
մէջ
եւ
անիկա
ընդհանուր
եւ
յաւիտենական
կնիք
մը
ունի.
ամեն
մէկը
կրնայ
այդ
ժպիտին
մէջ
ճանչնալ
իր
սիրելին,
անոր
հոգին,
անոր
գերագոյն
իսկութիւնը...
ու
ամեն
կին,
ինքզինքը՝
իր
սարսուռներուն,
իր
խուսափուկ
եւ
մշտափոփոխ
զգայնութիւններուն,
իր
ներքին,
անճանաչելի
եւ
խորհրդաւոր
էութեան
համադրական
ուժին
մէջ,
որովհետեւ
այդ
ժպիտը
կը
նշանակէ
այն
րոպէներէն
մէկը
որուն
միջոցին
մարդկային
թեւատ
ձգտումները
հաղորդակցութեան
կը
մտնան
տիեզերական
խռովքին
հետ,
կը
բաբախեն
ու
կ’սպառին
յարատեւող
տխրութիւն
մը
պահելով
իբրեւ
յիշատակ։
Ինչպէս
բնութիւնը,
հանճարի
ստեղծագործութիւնը
պարզ
է
եւ
իմանալի
ամենուն.
Ժօքօնտ
ը
չվրդովեր
նոր
եւ
անծանօթ
զգայնութեան
մը
յայտնութիւնովը.
անիկա
չխանգարեր
ներքին
էութեան
յատուկ
ներդաշնակութիւնը.
անկա
կարծես
կը
թափառէր
արդէն
քու
խռովքներուդ,
ցանկութիւններուդ
մէջ,
լսած
երգերուդ
եւ
վայելած
լոյսիդ
մէջ.
ինչպես
խոստացուած
ուրախութիւն
մը
որուն
կը
յուսայիր
երկար
ատենէ
ի
վեր
անիկա
յառաջ
կը
բերէ
մտաւորական
տեսակ
մը
յուզում
որուն
կը
կարծես
թէ
ընտանի
է
հոգիդ,
որը
կար
գոյութեանդ
սկզբունքին
մէջ
եւ
որուն
կ’անդրադառնաս
ինչպէս
անյեղլի
եւ
անսկիզբն
իմաստութեան։
Ես
առաջին
անգամ,
Ժօքօնտ
ի
պատկերին
առաջ
ինչպէս
Վէնիւս
տը
Միլօի
դիմաց,
գերագոյն
մեծ
վայելչութեան
եւ
կատարելութեան
զգացումէն
խորապէս
դրդուած՝
արտասուած
եմ
յուզմունքէս։
Հիմակ
չեմ
կրնար
հաւատալ
թէ
այդ
պատկերը
անհետացած
ըլլայ...
ի՞նչ
տեսակ
ձեռքերու
մէջ
է
անիկա...
ի՞նչ
աչքեր
կը
նային
Մօնա
Լիզաի
ժպիտին։
Հասարակ
գողութիւն
մը
անկարելի
է
երեւակայել
որովհետեւ
այդ
աշխարահռչակ
էջը
մարդկային
հանճարին
հանրածանօթ
է
ամեն
կողմ
եւ
կարելի
չէ
ո
եւ
է
կերպով
անոր
նիւթական
արժէքը
շահագործել.
ես
աւելի
տարուած
եմ
մտածելու
թէ
անիկա
նորատեսակ
սիրահարի
մը,
Մօնա
Լիզայի
ժպիտէն
խենդեցած
մէկու
մը
գործն
է
որ
չարաբաստիկ
գաղափարը
ունեցած
է
միմիայն
իր
աչքերուն
սեփականացնել
անոր
զմայլելի
արտահայտութիւնը։
Բայց
ինչքա՛ն
ալ
ջերմ
եւ
ցնորական
հրայրքի
մը
արդիւնքը
ըլլայ
այս
անհետացումը,
անսահման
տխրութիւնով
է
որ
միայն
կրնանք
մտածել
Մօնա
Լիզաի
պատկերին
գողութեան
վրայ։
Ո՞ւր
կը
ժպտի
անիկա,
հիմակ
իր
առեղծուածային
ու
աստուածային
ժպիտովը,
մարդկային
կիրքերու
ի՞նչ
սեւ
անդունդի
մէջ
ծածկուած
է
այն
լոյսը
որ
ճառագայթած
էր
Վինչիի
հանճարէն
եւ
սէրէն։