ԴԻՄՈՒՄ
ՄԸ
Տիկին
Զեփիւռեան
՝
մէկէն
ի
մէկ
հարստացած
գոհարավաճառի
մը
կինը՝
շատ
տարիներէ
ի
վեր
կը
բնակի
Բարիզի
առեւտրական
թաղերէն
մէկուն
մէջ
ուր
հայ
գոհարավաճառները
իրարու
մօտ
բնակութիւն
հաստատած
են.
ասիկա
կը
հասկցուի
փողոցին
մասնաւոր
չեմ
գիտեր
ինչէն
որ
մեզի
ծանօթ
է
եւ
հոն
գտնուող
ճաշարանի
մը
խոհանոցէն
արտաշնչուող
հոտերէն.
իր
բնակած
աբարթըմանին
մէջ
ալ
անսահմանելի
հոտ
մը
կը
սաւառնի
որուն
մէջ
մասնաւորաբար
կարելի
է
որոշել
տապկուած
ձէթի
հոտը։
Տիկին
Զեփիւռեան
պզտիկ
սեւուլիկ
կին
մըն
է,
յարաշարժ
եւ
շատախօս,
այնքան
որ
շրթունքներուն
անկիւնները
ճերմկած
են
լորձունքի
յաճախումէն.
տարիքով
բաւական
յառաջացած,
մասնաւոր
կերպով
կը
փայլի
իր
պոռոտ
արդուզարդներով
եւ
մանաւանդ
գլխարկներով
որոնցմով
շատ
կը
պարծենայ։
Սալօնին
մէջ
թիկնաթոռները
եւ
աթոռները
հագուած
են
ճերմակ
ծածկոցներով
եւ
շմինէին
վրայի
զարդեղէնները
խնամով
պահուած
են
դեղին
թափանցիկ
մոմլաթներու
մէջ,
իբրեւ
պատի
զարդարանք
խաւաքարտ
մը
կը
տեսնուի
որուն
վրայ…
ճիշդ
կիներու
յատկացուած
վակոններուն
պէս
դրուած
է,
ծխելը
արգելուած
է.
դուրսը
բազմամարդ
փողոցին
մէջ
երթեւեկութեան,
կառքերու,
շոգեշարժ
եւ
ելեկտրական
թրամուէյներու
ժխորը
կայ,
բայց
այս
միջոցին
բան
մը
չի
լսուիր
որովհետեւ
Տիկին
Զեփիւռեան
կը
խօսի
իր
գլխարկներուն
վրայ
երիտասարդ
աղջկան
մը
որ
ուրիշ
մեծահարուստ
գոհարավաճառի
մը
տղոց
վարժուհին
է։
Տիկին
Զեփիւռեան.
–
(Հինգ
մատները
բանալով
վարժուհիին
երեսին)
Հինգ
հատ
շինել
տուի
այս
շաբթու,
հինգ
գլխարկ,
տեսնես
ի՞նշ
աղուոր
եղաւ…
Վարժուհին.
–
(Անհամբերութեամբ).
Իրաւ
որ
Տիկին
կարծեմ
տղաքը
ինծի
կը
սպասեն,
եկաւ
ձեզի
իմացնելու
որ
…
Տիկին
Զեփիւռեան.
–
Բայց
ինչ
աղուոր
տեսնաս,
մէկը
մանիշակագոյն,
եկո՛ւ
ցուցնեմ…
Վարժուհին.
–
Ժամանակ
չունիմ
կը
խնդրեմ…
Տիկին
Զեփիւռեան.
–
(թեւէն
քաշելով)
Եկո՛ւ
կʼըսեմ
կօր
…
ահ,
կը
պաշտեմ
գլխարկները
(մէկէն
խօսքը
փոխելով)
ինծի
նայէ՛,
Օրթագիւղէն
նամակ
առա՞ւ
հանմըդ։
Վարժուհին.
–
Տիկին
Սահակեանը
այդ
մասին
բան
մը
չխօսեցաւ։
Տիկին
Զեփիւռեան.
–
Արդէն
անոր
բերնէն
լուր
առնելը
դժուար
բան,
քիթէն
իյնողը
հազար
կտոր
կʼըլլայ։
Վարժուհին.
–
…
Տիկին
Զեփիւռեան.
–
Ինծի
նայէ՛,
հանգի՞ստ
ես
գոնէ,
լակոտները
շատ
նեղութիւն
կուտա՞ն
կոր,
ի՛նչ
ալ
շփացած
են։
Վարժուհին.
–
Ոչ
ալ
այնքան,
լաւ
կրթուած
տղաք
են։
Տիկին
Զեփիւռեան.
–
Հըմ,
իմ
աղջկանս
չեն
հաւնիր,
գիտե՞ս,
ինքզինքնին
մեծէն
կը
ծախեն։
Տիկին
Զեփիւռեան
ինքզինքէն
կʼելլէ
եւ
շատ
մը
հայհոյութիւններ
կը
համեմեն
իր
խօսքերը։
Վարժուհին.
–
Ներեցէք
Տիկին,
բնաւ
ժամանակ
չունիմ,
կը
խնդրեմ
որ…
(Դուռը
կը
զարնուի.
Տիկին
Զեփիւռեան
բնազդական
շարժում
մը
կʼընէ
դէպի
դուռը,
յետոյ
կը
կենայ)։
Տիկին
Զեփիւռեան.
–
Գիտե՞ս
աղէկ
effet
չըներ
ես
բանամ
նէ
դուռը,
Բարիզի
մէջ
ասանկ
է,
դեռ
կը
սորվիս։
Սպասուհին
կʼուշանայ.
Տիկին
Զեփիւռեան
անհամբերութեան
շարժումներ
կʼընէ
վերջապէս
չդիմանալով
դէպ
ի
դուռը
կը
վազէ.
կիսաբաց
դուռնէն
երիտասարդ
մը
կʼերեւայ
բարձրահասակ
եւ
չափազանց
թխագոյն,
իր
սեւ
հագուստներուն
եւ
գլխուն
մէջ
կեղծ
օձիքի
բարձրադիր
ճերմակութիւնը
միայն
կը
տեսնուի
պահ
մը.
Տիկին
Զեփիւռեան
հետաքրքրութենէն
դռանը
մօտ
գտնուող
վարագոյր
մը
կը
բանայ
լուսաւորելու
համար
եւ
երիտասարդը
նոյն
միջոցին
առիթէն
օգուտ
քաղելով
ներս
կը
մտնայ.
պահ
մը
կʼընկրկի
Տիկին
Զեփիւռեանի
տարապայման
տգեղութեան
առաջք,
բայց
ինքզինքը
կը
գտնայ
եւ
կը
հարցնէ
ֆրանսերէն.
Երիտասարդը.
–
Տիկին
Զեփիւռեան
կրնա՞մ
տեսնալ։
Տիկին
Զեփիւռեան.
–
Եկո՛ւր,
ի՞նչ
կʼուզես։
(Սալոն
կը
մտնան,
երիտասարդը
վայրկեան
մը
յուսաբեկ
շուրջը
կը
նայի,
իր
արտայայտութենէն
կը
գուշակուի
սա
խօսքերը.
գէշ
գործ
)։
Տիկին
Զեփիւռեան
ձեռքերը
կը
շփէ
եւ
երբեմն
լեզուն,
սուր
եւ
մանիշակագոյնի
գացող
լեզուն
շրթունքին
վրայ
կուգայ
եւ
արագօրէն
ներս
կը
քաշուի։
Երիտասարդը.
–
Տիկին…
Տիկին
Զեփիւռեան.
–
Դուն
որի՞ն
տղան
ես…
Երիտասարդը.
–
Տիկին…
ես
Պօլսոյ
մէջ
բժշկութեան
հետեւած
եւ
հօս
եկած
եմ
քանի
ամիսէ
ի
վեր
զայն
կատարելագործելու
համար։
(Տիկին
Զեփիւռեանի
յօնքերը
կը
պռստին
վայրկեան
մը.
բայց
մէկէն
դէմքը
կը
պայծառանայ)։
Տիկին
Զեփիւռեան.
–
Դուք
ո՞ր
թաղը
կը
բնակէիք։
Երիտասարդը.
–
(Սիրտ
կʼառնէ
եւ
ընտանեբար
կʼըսէ,
ցուցամատը
կեղծ
օձիքին
եւ
վզին
մէջ
մտցնելով
անոր
կարծրութենէն
մորթը
վայրկեան
մը
պաշտպանելու
համար)։
Մենք
Գում-Գաբուցի
ենք.
հայրս…
Տիկին
Զեփիւռեան.
–
(յուսախաբ)
Օրթագիւղ
չէի՞ր
երթար
բնաւ։
Երիտասարդը.
–
(կացութիւնը
հասկնելով)
Հապա՛,
ամէն
օր
գրեթէ
հոն
էի……
Տիկին
Զեփիւռեան.
–
Ըսել
է
տեղեկութիւն
ունիս
աղջկան
խնդրէն։
Երիտասարդը.
–
Ո՞ր
աղջկան։
Տիկին
Զեփիւռեան.
–
Տա՛,
Գրիգորեաններուն։
Խօսակցութիւնը
կը
դառնայ
աղջկան
մը
շուրջը
որ
պիտի
ամուսնանայ
եղեր,
եւլն.
վարժուհին
մելամաղձոտ
եւ
տխուր
կը
սպասէ,
թեւերը
կախ,
nostalgie
կայ
աչքերուն
մէջ.
երիտասարդը
խօսակցութեան
միջոցին
միշտ
կը
ձգտի
իր
սեւեռուն
գաղափարին,
վերջապէս
հոն
կը
յանգի։
Երիտասարդը.
–
Տիկին,
ձեզի
համար
ըսին
որ
շատ
բարեսիրտ,
շատ
առատաձեռն
էք,
թէ
Բարիզի
շատ
մը
կարօտ
ուսանողները
ձեր
շնորհիւը
կʼապրին,
կը
խնդրեմ,
կը
պաղատիմ
որ
ինծի
ալ
չմերժեք…
Տիկին
Զեփիւռեան.
–
(որ
պահ
մը
շողոքորթիչ
խօսքերէն
ուռած
է,
վերջին
բառերուն
տեղէն
կը
ցատկէ).
Տէր
ողորմեա,
աս
քանի՞
մէկին
է,
բարա
չունիք
նէ
հէքիմ
մըլլաք,
մեր
վզին
պա՞րտքն
է
ձեզ
ամսական
կապելը։
Երիտասարդը.
–
Ոտքդ
պագնեմ…
Տիկին
Զեփիւռեան.
–
Պարապ
խօսքե՛ր,
քեզի
պէս
ուսանողներ
շատ
եկան
գացին.
ալ
մինչեւ
վիզս
է։
(քիչ
մը
թուլցած)
Տղաս
բան
մը
չեմ
կրնար
ընել։
Երիտասարդը.
–
Մʼըսէք,
յոյսս
ձեր
վրայ
դրած
էի…
Տիկին
Զեփիւռեան.
–
Ամա
ինչո՞ւ
յոյսդ
վրաս
դրած
էիր,
թոհաֆ,
քեզի
լո՞ւր
ղրկեցի
որ
բարիզ
գաս։
Երիտասարդը.
–
Ոչ
անշուշտ,
բայց
ձեր
եւ
ձեզի
պէս
հարուստ
եւ
բարեսիրտ
անձերու
համբաւը
լսելով…
Տիկին
Զեփիւռեան.
–
Պօշ
բան
կʼընեք
կոր,
կը
հասկնա՞ք,
հոս
անանկ
բարա
տուող
չկայ,
ձեզի
ո՞վ
է
նէ
սխալ
լուրեր
տուեր
է.
(վարժուհիին
դառնալով)
հասնողը
ասանկ
կʼըսէ
աղջիկ,
դուն
ալ
իմացա՞ծ
էիր
որ
կեցած
տեղերնին
ամէնուն
ստակ
կուտան
Բարիզի
մէջ…
Վարժուհին.
–
(նեղացած)
Կը
խնդրեմ
Տիկին,
վայրկեան
մը
մտիկ
ըրէք
ինծի
երթամ…
Տիկին
Զեփիւռեան.
–
(որ
անպատկառօրէն
կը
խեղաթիւրէ)
Դո՞ւն
ալ
կը
խնդրես,
տահա
ո՞վ
կայ
նայինք
ասոր
վերջը,
գործերնիս
կարգին
է
շիտակը…
Վարժուհին.
–
Բայց
Տիկին…
Տիկին
Զեփիւռեան.
–
Բայցը
մայցը
չգիտեմ,
աս
ամէն
օր
է,
դիմանալիք
բան
չէ։
Երիտասարդը
վարժուհիին
անձին
մէջ
վիճակակից
մը
գտնել
կը
կարծէ
եւ
ի
զուր
ժպիտներ
կʼուղղէ
անոր
հասցէին.
բայց
մէկ
եւ
միւս
կողմէն
ճարահատ
վերջին
միջոցներուն
կը
դիմէ։
Երիտասարդը.
–
(Ոտքի
ելնելով
եւ
որոշապէս
խօսելով)
Հիմակ
տեսէք
Տիկին,
եթէ
դուք
ինծի
օգնութեան
չհասնիք
անօթի
պիտի
մեռնիմ,
կʼուզէ՞ք
որ
ըլլայ
այս
բանը,
ո՛չ,
այնպէս
չէ՞,
ձեզի
պէս
բարեսիրտ
տիկին
մը
չպիտի
ուզէր
որ
իր
դուռը
զարնողը
պարապ
հանէր,
չէ՞։
Տիկին
Զեփիւռեան.
–
Պարապ
խօսքե՜ր։
Երիտասարդ.
–
Կը
պաղատիմ…
ձեր
պաշտպանեալը
պիտի
ըլլամ։
Տիկին
Զեփիւռեան.
–
Ալ
ի՛նչ,
սա
հասակիդ
նայէ,
այդ
պօյը
պաշտպանեալ
կʼըլլա՞յ։
Երիտասարդը.
–
Կը
պաղատիմ…
զիս
յետին
թշուառութենէ
պիտի
ազատէք,
ո՞վ
գիտէ
թերեւս
այս
քաղաքին
մէջ
յիմարութիւն
մը
ընեմ
առանց
ձեր
նեցուկին…
Տիկին
Զեփիւռեան.
–
(Մէկէն
ի
մէկ
փոխուելով)
ա՜հ
իրաւ
ես,
ի՞նչ
դժոխք,
ինչպէս
կʼապրինք
կոր
հոս,
Աստուած
իմ
ամէն
անգամ
որ
դուրս
ելլեմ,
աղօթք
կʼընեմ
որ
առանց
փորձանքի
տուն
դառնամ,
չար
մէկը
դիմացս
չելլայ,
մանաւանդ
կիներու
համար
խնդիրը
բոլորովին
տարբեր
է՜,
չէք
գիտեր…
Այս
անգամ
վարժուհին
եւ
երիտասարդը
իրարու
կը
ժպտին,
մինչ
Տիկին
Զեփիւռեան
խանդավառած
կը
պատմէ
իր
անձին
եղած
հետապնդումներէն
մէկ
քանին
եւ
կʼեզրակացնէ.
Տիկին
Զեփիւռեան.
–
Անոր
համար
շատ
դուրս
ելնել
չեմ
ուզեր։
(Երիտասարդը
ճարտարութեամբ
խնդիրը
իր
վրայ
կը
բերէ)։
Երիտասարդ.
–
Կը
տեսնէք,
ա՜հ
կը
տեսնէք
Տիկին
որ
անկարող
էք
ինծի
պէս
մինակ
մնացած
երիտասարդ
մը
մերժելու…
Տիկին
Զեփիւռեան.
–
(Պահ
մը
սեւեռուն
ադքերով
կը
նայի,
յետոյ
կը
մրմնջէ)
բան
մը
կʼընենք։
Երիտասարդ.
–
(Լուսաւորուած)
Ահ
Տիկին,
ինչպէս
երախտապարտութիւնս
յայտնեմ։
Տիկին
Զեփիւռեան.
–
(Քսակը
կը
բանայ
եւ
հանդիսաւոր
ձեւով
մը
5
ֆրանքնոց
մը
կը
կարկառէ
երիտասարդին
ու
վարժուհիին
դառնալով)։
–
Ի՞նչ
ընենք,
վերջապէս
սրտերնիս
չըլլար,
աս
ի՛նդ
խեղճութիւն
է,
մարդ
կը
դիմանա՞յ,
անոնք
ալ
մեզմէ
զատ
ո՞վ
ունին,
հէ՛,
հոս
օտար
տեղ
են
գտնուեր
նէ
որի՞
դիմեն,
մենք
չհասնինք
նէ
ով
հասնի
իրենց։
Երիտասարդը
յուսախաբութենէն
շուարած
կը
մնայ
հինգ
ֆրանքնոցը
ձեռքը.
յետոյ
ինքզինքին
գալով
կʼաճապարէ
դուրս
ելնել.
Տիկին
Զեփիւռեան
ուսը
կը
շոյէ
եւ
ընտանութեամբ.
Տիկին
Զեփիւռեան.
–
Մի
յուսահատիր
տղաս,
ամէն
բան
մարդոց
համար
է,
տահա
աղօթք
ըրէք
որ
Աստուած
մեզի
տայ
մենք
ալ
ձեզի
հոգանք
(մեկնելու
պահուն)
ինծի
նայէ,
Օրթագիւղի
ազգականներուդ
գրես
նէ
ան
խնդիրը
հասկցիր…
Դուռը
աղմուկով
կը
գոցուի
եւ
Տիկին
Զեփիւռեան
վարժուհիին
կը
խօսի
երկար
ատեն
լալագին
ձայնով,
բարեգործութեան,
իր
ըրած
զոհողութիւններուն,
տուած
դրամներուն
վրայ
մինչեւ
որ
գլխարկները
միտքը
կʼիյնան։