ԴԵՂՆԱԾ
ԷՋԸ
Ամառնային
ծանր
առաւօտ
մը՝
երբ
արեւը
կարծես
իր
նայուածքը
կը
սեւեռէր
երկրիս
վրայ
եւ
անշնչելի
դարձած
օդը
մօտալուտ
փոթորիկի
մը
զգացումը
կը
ներշնչէր
Երուանդ
Գառնիկեան
աշխատութեան
սեղանին
առաջք,
ձեռքերը
կողերն
ի
վար
կախ,
թոյլցած
եւ
տրտում,
տարտամօրէն
կը
նայէր
սկսուած
էջի
մը
վրայ.
խորին
լռութիւն
կը
տիրէր
տան
մէջ
մինչ
պարտէզին
հեռուներէն
հեղձուցիչ
օդէն
անհանգիստ
աքաղաղները
գրեթէ
անընդհատ
իրենց
ջինջ
եւ
երկարաձգուող
երգը
կ’երգէին։
Յոգնաց
էր
անիկա
ու
տաղտկացած.
տժգունութեամբ
կը
կարդար
ընդհատուած
էջին
վրայ
արդէն
գրուած
հատուածը,
բայց
միտքը
կը
մերժէր
աշխատիլ
ու
իր
մտածումները
անիմաստ
ու
գեղեցկագիտական
արժանիքէ
զուրկ
կը
թուէին
իրեն։
Ոտքի
ելաւ
եւ
միջոց
մը
պտտեցաւ
սենեակին
մէջ.
իր
քայլերուն
ներքեւ՝
գետինը
ծածկող
փսիաթը
թեթեւ
մը
կը
ճարճատէր
ու
իր
ուշադրութիւնը
կը
ցրուէր
մինչ
անորոշ
եւ
ներքին
զգացում
մը
կը
ճնշէր
իր
սիրտը։
Խուսափելու
համար
իր
այդ
հոգեկան
անձկութենէն
սթօր
ները
բարձրացուց
եւ
բոլոր
պատուհանները
բացաւ։
Հեղձուցիչ
եւ
արեգնաւէտ
օդը
անշարժացած
էր
դուրսը
ու
թրթռացում
չունէր.
փողոցին
նոյն
իսկ
մօտիկ
առարկաները
լուսեղէն
մշուշի
մը
մէջ
աղօտացած
էին.
դիմացի
պարտէզներուն
մէջ
ցից
կանգնած
ծառերը
համր
էին
ու
անոնց
քաղցր
ու
ներդաշնակ
սօսաւիւնը
չէր
օրօրեր
վաղեմի
պուէտին
յոգնած
մտածումը։
–
Ահաւասիկ
թէ
ինչո՞ւ
չեմ
կրնար
շարունակել
ըսաւ
Երուանդ
Գառնիկեան.
մխիթարուած
իր
վայրկենական
նկատողութենէն
սիկարէթ
մը
վառելով
եկաւ
նստաւ
բաց
մնացած
տետրակին
առաջ։
Գառնիկեան
հին
սերունդի
բանաստեղծ
մըն
էր
որուն
թարմ
եւ
եռանդուն
երեւակայութիւնը,
զգացումներու
եւ
տպաւորութիւններու
ուժգնութիւնը
խրտչեցնելէ
ետքը
իր
ժամանակակիցները,
մեծ
վարպետ
մը
դարցուցած
էր
զայն
նորերու
քով։
Իր
հոգեկան
տրամադրութիւնները
միշտ
երիտասարդութեան
հետ
եղած
էին
եւ
անիկա
յարատեւ
կերպով
համբաւաւոր
մնալէ
զատ
ստացած
էր
փորձուած
եւ
գիտակ
վարպետի
հեղինակութիւնը։
Եթէ
նոր
կեանքի
աղմկալի
յորձանքներու
մէջ
սկսած
էին
քիչ
քիչ
մոռնալ
զինքը
միւս
կողմանէ
կը
բաւէր
որ
անիկա
յայտնուէր
իր
անունին
արժանի
յարգանքը
ու
հիացումը
վերստանալու
համար։
Անիկա
արդէն
տարեց
մարդ
մըն
էր,
բայց
մոխրագոյն
մազերը
առատ
էին
ու
իր
յոգնած
ճակատը
կնճիռ
չունէր.
իր
երբեմնի
առնական
գեղեցկութենէն
պահած
էր
աչքերուն
լուսեղէն
եւ
վճիտ
նայուածքը
որուն
մէջ
բարձր
իմացականութիւնը
կ’արտայայտուէր
անաղարտ
պայծառութեամբ
մը։
Համեստ
բայց
կոկիկ
ժառանգութիւն
մը
զինքը
զերծ
պահած
էր
նիւթական
նեղութիւններէ
եւ
մտաւորական
մտահոգութիւններէ
դուրս՝
ուրիշ
տաղտուկ
չէր
ունեցած
անիկա
կեանքին
էջ.
ամուրի
ու
անհոգ
մնացած
մարդոց
յատուկ
միամտութիւն
մը
իր
շարժումներուն
եւ
ամբողջ
անձին
կուտար
հաճելի
անճարակութիւն
մը
եւ
պարզութիւն
մը
որ
ծիծաղելիութեան
պիտի
փոխուէր
անգութ
ժամերու
մէջ։
Իր
առանձնացած
ապրիլը
վերագրած
էին
սրտի
վիշտերու
եւ
անիկա
միջոց
մը
ուրիշներու
հետաքրքրութեան
առիթ
դառնալէ
ետքը
սկսած
էր
մոռցուիլ։
Ամէն
պարագային,
իր
դէմքը
կը
կրէր
յուսաբեկ
բայց
իր
տխրութեան
համակերպած
մարդու
ազնուական
թախծութիւնը։
Թերեւս
անիկա
պարզապէս
յոգնած
էր
բազմամարդ
թաղերու
եւ
ամարանոցներու
թեթեւ
հաճոյքներէն,
կամ
գրական
մեծ
փառքի
մըկը
հետամտէր
երբ
որոշած
էր
իր
պառաւ
մօրը
հետ
քաշուիլ
Սկիւտարի
հօրենական
տան
մէջ
ուր
այլ
եւս
պատահական
եւ
ցիր
ու
ցան
աշխատութիւնները
մէկ
կողմ
ձգելով
ձեռնարկած
էր
գրական
ծանր
եւ
իր
միտքը
բոլորովին
գրաւող
երկի
մը։
Անոր
հոգին
դեռ
քաղցր
էր
ու
խանդավառ,
միտքը
դանդաղացած
բայց
պայծառ
եւ
գեղեցկագիտական
զգացումները
ստացեր
էին
իր
խառնուածքին
յատուկ
այն
վերջնական
եւ
անաչառ
սահմանումները
որոնք
թէ
իր
փառքը
եւ
թէ
չարչարանքները
կը
կազմէին։
Անիկա
երկար
ատեն
դիւրին
յղացումներու
եւ
անճիք
ու
բնական
արտայայտութեան
հեշտանքը
ունենալէ
ետքը
հիմակ
կզգար
իր
տաղանդին
բռնաւոր
լուծովը
տանջուելու
դառն
եւ
նրբին
հաճոյքը.
անիկա
երբեմն
կը
պայքարէր,
կը
զայրանար,
կը
յուսահատէր,
կ’աշխատէր,
բայց
միշտ
տեղի
կուտար
ինչպէս
ճշմարիտ
galantմարդ
մը
իր
սիրուհիին։
Այս
պատճառաւ
էր
թերեւս
որ
իր
արտադրութիւնները
ցանցառ
կը
դառնային
եւ
անիկա
շատ
բան
ջնջած
էր
իր
անտիպ
գործերէն։
Գառնիկեան
ի
սիկարէթ
էն
արձակուած
թանձր
ծուխին
մէջէն
կը
նայէր
սկսած
էջին
ու
կարծես
չէր
հասկնար։
Բայց
կանոնաւոր
եւ
հանդարտ
աշխատութեան
վարժ
մէկու
մը
պէս
անիկա
չէր
յուսահատեր
եւ
թոյլօրէն
բայց
յամառօրէն
կը
ճգնէր.
յանկարծ
իր
ուղեղը
պատող
մշուշին
մէջ
մտածումի
փայլակ
մը
ճաճանչեց.
ուրիշներ
յաջորդեցին.
յաղթանակի
մեծ
եւ
ներքին
ուրախութիւն
մը
արիացուց
իր
ջլատուած
անձը.
կարծես
խորհեր
եւ
զգայնութիւններ
երկարօրէն
կազմուելէ
եւ
հոգիին
մէջ
ունենալէ
ետքը
լռին
եւ
խորհրդաւոր
կերպով
մը՝
յանկարծ
կը
յայտնուէին
իրեն
զինքը
շլացնելով
իրենց
անսպասելի
կատարելութեամբը։
Ներշնչման
արբեցութիւնը
զինքը
վերացուց
բայց
նոյն
պահուն
իսկ
երբ
գրիչը
ձեռքը
առած
էր
դուռը
զարնուեցաւ։
Պահ
մը
ետքը
սպասուհին
եկաւ
իրեն
իմացնելու
թէ
հիւրեր
իրեն
կ’սպասէին։
Արդէն
լսեր
էր
սանդուղներուն
վրայ
երիտասարդ
եւ
ոստոստուն
քայլերու
աղմուկը
եւ
զուարը
ձայներ
որոնք
զիրար
կը
խափանէին
հաճելի
շփոթութիւն
մը
յառաջ
բերելով։
Դուռը
բացաւ
ու
սրահ
հազիւ
թէ
ոտք
կոխած
էր
երբ
զինքը
շրջապատեցին։
Հեռաւոր
ազգականներ
էին
որոնք
Սկիւտար
եկած
էին
ամառը
անցնելու
եւ
առաջին
այցելութիւնը
կուտային
համբաւաւոր
բանաստեղցին։
–
Մեզի
չէի՞ք
սպասէր,
չէ՞...
խանգարեցինք
ձեզ...
–
Բայց
ո՛չ,
բայց
ո՛չ,
հրամմեցէք
խնդրեմ
կ’ըսէր
Գառնիկեան
հիւրերուն
բազմոցը
առաջարկելով։
Պառաւ
մայրը
իր
քթանի
պէս
ճերմկած
գլուխը
դողդոջելով
շուարած
կը
նայէր
բայց
շուտով
ճանչցաւ
նորեկները
որոնք
իր
ձեռքը
համբուրելէ
եւ
զինքը
խլացնելէ
ետքը
երիտասարդութեան
յատուկ
եռանդուն
եւ
աղմկալի
արտայայտութիւններով
տեղաւորուեցան
սրահին
ճակատը
երկարող
բազմոցին
եւ
թոռներուն
վրայ։
Զուարթութիւն,
շարժում,
շնորհ
եւ
ակնախտիդ
երանգներ
կը
շլացնէին
Գառնիկեանը.
երկու
երիտասարդուհիներու
ուսերուն
վրայ
ծածանող
շղարշներէն
զգլխիչ
բուրում
մը
կը
թռչկոտէր
սենեակին
տաք
մթնոլորտին
մէջ.
երազկոտ
եւ
հրայրքոտ
աչքեր
կը
վառէին
թարմ
դէմքերու
վրայ
եւ
շրթներ
կարմրած
էին
հասուն
պտուղներու
պէս։
Անոնց
եղբայրը
բարձրաձայն
կը
խօսէր
եւ
կը
բացատրէր
թէ
ինչպէս
այդ
օրիորդները
ուզած
էին
առաջին
անգամ
վարպետը
տեսնել։
Դեռատի
եւ
նրբամարմին
աղջիկ
մը
հիացումով
եւ
պաշտամունքով
կը
նայէր
իրեն.
–
Արփինէն
ձեզի
սիրահարուած
է
ըսաւ
եղբայրը
խնդալով։
–
Արփինէ՜...
որքա՛ն
մեծցեր
ես...
Գառնիկեան
զայն
տեսակ
էր
դեռ
շատ
պզտիկ
եղած
ատենը.
բայց
որովհետեւ
ծնողքը
իրենց
հետ
արտասահման
տարեր
էին
փոքրիկը,
մոռցեր
էր
զայն.
երկու
ամիս
առաջ
վերադարձեր
էին
Պօլիս։
Մոլեռանդ
հիացումով
մը
երկու
քոյրերուն
կրտսերը՝
Արփինէ,
կը
նայէր
իրեն
ու
յուզմունքին
սաստկութենէն
Գառնիկեանի
նայուածքին
առաջք
անոր
շրթները
կը
տժգունէին
հետզհետէ.
շատ
փափուկ,
շատ
թափանցիկ
մորթը
կ’արտացոլար
արիւնին
արագ
շրջանը.
ձայնը
դողդոջուն
էր
երբ
ըսաւ.
–
Դուք
մեր
ընտանիքին
փառքն
ու
պարծանք
էք։
Այդ
արտասովոր
յուզմունքը
ուժգնօրէն
ազդեց
Գառնիկեանին
ու
սրտին
մէջ
զգաց
ցարդ
անծանօթ
զգայնութիւն
մը.
միանգամայն
զգաց
որ
ատիկա
իր
շողոքորթուած
փառասիրութեան
զգացումը
չէր
այլ
տարբեր
եւ
խռովեալ
դրդում
մը...
բայց
միւսները
թոյլ
չտուին
որ
անիկա
վայելէր
այդ
ներքին
եւ
հաճելի
վրդովմունքը.
առաջարկութիւններ
կ’ընէին
օրը
զուարճալի
անցնելու
համար։
–
Պարոն
Գառնիկեան
կը
յուսամ
թէ
պիտի
ընկերանաք
մեզի...
–
Սիրով,
բարեկամներս
սիրո՛վ...
–
Ձեր
թանկագին
ժամերէն...
–
Բոլոր
ժամերս
ձերն
են...
Յիմարական
խանդավառութիւն
մը
կը
գրաւէր
զինքը.
երթալ
օր
մը
զուարճանալ
երիտասարդութեան
հե՜տ...
վերապրիլ
անցած
անփոյթ
եւ
գերագրգռուած
ժամերու
մէջ...
ի՜նչ
հեշտանք
ու
Գառնիկեան
շուտով
կարգի
դնելէ
ետքը
իր
սեղանին
թուղթերը,
պատուհաններկ
գոցեց
որպէսզի
անոնք
չցրուին.
աչքերը
գրեթէ
անտարբերութեամբ
յառելէ
վերջը
կիսատ
մնացած
էջին
վրայ,
պահ
մը
կեցաւ,
մտածեց
ու
բաց
ձգեց
զայն...
–
Վերադարձիս
կը
շարունակեմ
աշխատութիւնս
եթէ
շատ
ուշ
չդառնամ
տուն
ըսաւ
ինքնիրեն։
Ոչ
այն
օրը
եւ
ոչ
յաջորդող
օրերը
բանաստեղծը
իր
աշխատութեան
սեղանին
չմօտիկցաւ։
–
Է՜հ...
այնքա՛ն
ալ
հանգիստի
պէտք
ունէի
կ’ըսէր
ինքնիրեն
չքմեղացնելով
իր
անգործութիւնը
երբ
օրն
ի
բուն
կը
դեգերէր
իր
ազգականներուն
հետ,
հեռաւոր
եւ
գեղջկական
զբօսատեղիները.
անոնք
քաղաքի
կեանքէն
ձանձրացած
եւ
սպառած
պէտք
ունէին
բաց
օդին
եւ
բնութիւնը
կը
վայելէին
անյագ
ծարաւով
մը.
բայց
ինքն
ալ
միթէ
պէտք
չունէ՞ր...
միտքը
սկսեր
էր
դանդաղիլ
մտածումը
կը
յամենար
անորոշ
եւ
տարտամ
զգայնութիւններու
շուրջ...
Պէտք
էր
թարմանալ
եւ
ի՜նչ
սքանչելի
առիթ,
երբէ՜ք
ինքնիրենը
այդքան
հեռուները
չպիտի
երթար
ինք։
Գառնիկեան
իր
մէջ
կ’զգար
երիտասարդական
աւիւն
մը
ու
զւոարթութիւն
մը.
իր
լաւագոյն
օրերուն
մէջ
իսկ
այդքան
ւորախ
չէր
եղած.
կարծես
նոր
արեւ
մը
ծագեր
էր
իրեն
համար...
բայց
երբ
ուզեր
ինքզինքը
քննել
հասկնալու
համար
ինչո՞ւն
եւ
ինչպէս
մտածումը
յանցապարտի
պէս
կը
խուսափէր
հեշտագին
ու
թերեւս
կամաւոր
տարտամութիւն
մը
կը
շպարէր
իր
մտահոգութիւնը։
Երեկոյները,
շատ
ուշ,
յոգնած
ու
ֆիզիքապէս
ջլատուած
կը
վերադառնար
տուն.
յիշողութեան
մէջ
երկար
ատեն
կը
թնդար
երիտասարդներու
աղմկալի
զուարթութիւնը.
երգի
ծուէններ
կը
կառչէին
իր
ուղեղին
եւ
թարմ
ու
գեղեցիկ
ծիծաղի
մը
հնչուն
նօթերը
կը
շփոթեցնէին
զինքը…
–
Կարծես
նոր
արեւ
մը
ծագած
է
ինծի
համար
կ’ըսէր
անիկա
ու
կը
մտաբերէր
անմիջապէս
զոյգ
մը
պայծառ,
երկնագոյն
աչքեր,
այնպիսի
աչքե՜ր,
որոնց
նայուածքին
շողը
կը
ներդաշնակուէր
իր
հոգեկան
խռովքին
հետ,
այնպիսի՜
աչքեր,
որոնք
իր
յուզումին
կշռոյթը
ունէին
երբ
հիացումով
կը
սեւեռէին
իր
վրայ
եւ
որոնց
լոյսը
կարծես
թափանցելով
մինչեւ
իր
սիրտը
կը
տաքցնէր
զայն։
Այդ
քաղցր
եւ
զգլխիչ
զգայնութեամբ
յուզուած
ոչ
իսկ
կը
մտաբերէր
իր
աշխատութեան
սենեակը
մտնալ.
«վաղը
առաւօտ»
կը
մտածէր,
խղճահարելով
իր
ծուլութենէն.
բայց
կանուխէն
իր
ազգականները
կուգային
աղմուկով
կը
լեցնէին
հնամենի
եւ
լռութեան
վարժուած
տունը,
պառաւ
մայրը
իր
տարիքէն
պղտորած
աչքերով
կը
ժպտէր
եւ
իր
ակռաներէ
զուրկ
բերանը
կը
կծկէր
գոհունակութեամբ։
Երբեմն
Վահան,
օրիորդներուն
եղբայրը,
ստիպողական
գործէ
մը
մղուած,
քաղաք
կ’երթար
եւ
բանաստեղծը
պարտական
կ’զգար
հիւրասիրելու
օրիորդները
անոնց
ընկերանալով
առաւօտեան
պտոյտին։
Նուարդ՝
մեծ
քոյրը
արդէն
հակամէտ
շուտով
յոգնելու
կէս
օրերէ
ետքը
թոյլատուութիւն
կը
խնդրէր
հանգչելու
եւ
Արփինէ
առանձին
կը
շարունակէր
թափառիլ
Գառնիկեանին
հետ։
Մէկ
եւ
միւս
կողմէն
այդ
առանձնութեանը
կը
ցանկային
եւ
ինչ
անսահման
երանութեամբ
կը
բաբախէր
իրենց
սիրտերը
երբ
ձեռք
ձեռքի
կը
բարձրանային
ժայռոտ
եւ
ցից
զառիվերներէ,
շնջասպառ,
գլուխնին
վառուած
արեւին
ջերմութենէն
որ
մասնաւոր
արբեցութիւն
մը
կը
պատճառէր
իրենց։
Բայց
մինչ
խմբովին
ամէնքն
ալ
զուարթ
էին,
մասնաւոր
տխրութիւն
մը
լռին
եւ
մտածկոտ
կը
դարձնէր
զիրենք
երբ
առանձին
կը
մնային։
Կը
խօսէին
շատ
լուրջ
եւ
յաճախ
շատ
հեռաւոր
բաներու
վրայ
կարծես
խեղդելու
համար
իրենց
սիրտերը
վրդովող
զգացումը։
Գառնիկեանի
հոգեկան
դրութիւնը
ստացեր
էր
այնպիսի
անկայուն
վիճակ
մը
որ
զինքը
պատանիի
մը
պէմ
երկչոտ
կը
դարձնէր.
երբեմն
կը
ջանար
կարգ
մը
դնել
իր
տրամադրութեանց
մէջ,
անդրադառնալ
իր
յուզմունքին
իսկական
նշանակութեան
բայց
այդպիսի
ստուգութիւն
մը
կ’ահաբեկէր
զինքը.
միւս
կողմէ
Արփինէ
շատ
մանուածապատ
եւ
հակասական
կը
թուէր
իրեն.
անոր
հիացումը
կ’ընդունէր
պարկեշտ
մարդու
պարզամտութեամբ
որովհետեւ
կուզէր
համոզիլ
թէ
անիկա
իր
գրական
տաղանդին
ուղղուած
էր.
բայց
հեգնական
«արդեօ՞ք»
մը
կը
պղտորէր
զինքը...
ու
ահա
անձնատուր
կ’ըլլար
այդ
թարմ
եւ
գեղեցիկ
աղջկան
ներշնչած
հրապոյրին.
զայն
կը
սիրէր
մաքուր
գողտր
սիրով
մը
ու
իր
աչքերը
կը
ժպտէին
անոր
ներդաշնակ
եւ
շնորհալի
գիծերուն
եւ
շարժումներուն։
Յաճախ
Արփինէ
կը
խօսէր
իրենց
այն
բանաստեղծութիւններուն
վրայ
որ
Գառնիկեան
երիտասարդութեանը
հեղինակած
էր.
իր
ցաւերուն
եւ
յոյսերուն
երկունքովը
ծնած
բառերը
Արփինէի
շրթներուն
վրայ
ցաւագին
եւ
խոր
զգացում
մը
կը
ներշնչէին
բանաստեղծին.
երբեմն
կ’ատէր
զանոնք
եւ
երբեմն
ալ
սիրազեղ
գորովանքով
կը
յիշէր
այն
խուսափուկ
վայրկեանները
որոնց
արձանագրութիւններն
էին
անոնք։
Բայց
ներքին
անվիճելի
զգացում
մը
կ’ազդարարէր
իրեն
որ
անոնք
զինքը
կը
քօղարկէին,
իր
անձը
կը
շպարէին
եւ
կ’օտարացնէին
Արփինէին։
Այն
հիացումը
որ
կը
ներշնչէր
իր
դեռատի
ազգականուհիին
շատ,
շատ
կը
հեռացնէր
զինքը
անկէ...
բայց
երբ
անոր
պայծառ
ու
գորովագին
աչքերը
իրեն
կը
դառնային,
երբ
կ’զգար
այդ
ջերմ
նայուածքին
փայփայանքը
իր
ճակատին
վրայ,
Գառնիկեան
քաղցր
եւ
անսահման
գորովանքով
մը
լեցուն
կ’զգար
ինքզինքը։
Քանի
օրերը
կ’անցնէին
այնքան
իրենց
մտերմութիւնը
կը
սերտանար.
հետզհետէ
Արփինէ
իր
բնական
սրատեսութեամբ
ընդնշմարեց
այն
կանացի
սիլուէդը
որ
նացեր
էր
բանաստեղծին
կեանքին
մէջէն.
նախանձեցաւ
անոր
ու
հետաքրքրուեցաւ
ու
թերեւս
ուզեց
փառքը
ունենալ
զայն
մխիթարելու
որովհետեւ
Գառնիկեանի
յարատեւող
տխրութիւնը
վերագրեց
դժբաղդ
յիշատակներու.
իր
պատանեկան
սլացող
եւ
արագաթռիչ
հոգին
չէր
կրնար
ըմբռներ
առանձնակեաց
մտաւորականի
մը
զգացումները
որոնք
բանաստեղծին
համար
ալ
յստակ
չէին
թերեւս։
Բայց
քանի՛
Արփինէ
գողտր
կը
դառնար
Գառնիկեանի
համար
այնքա՛ն
անիկա
կը
կորսնցնէր
իր
յստակատեսութիւնը։
Իրիկուն
մը
որոշուած
ժամէն
առաջ
Վահան
վերադարձաւ
երբ
Գառնիկեան
երկու
օրիորդներուն
հետ
կը
խօսակցէր։
–
Նորեկ
մը
պիտի
ունենանք,
գուշակէ
Արփինէ՛
թէ
ո՞վ
է։
Երիտասարդ
աղջկան
այտերը
կարմրեցան
անսովոր
կերպով
մը,
անկա
աչքերը
գետին
յառեց.
բայց
երբ
քիչ
ետքը
զանոնք
բարձրացուց
եւ
մէկիկ
մէկիկ
նայեցաւ
շուրջը
եղողներուն,
յոյսը
եւ
հաւանական
երջանկութիւնը
կ’երգէին
անոնց
մէջ...
իր
թափանցիկ
պլուզին
ներքեւէն
կուրծքը
կ’ելեւեջէր
յուզմունքով...
Ամէնքն
ալ
ուրախ
էին,
Նուարդ
խանդաղատանքով
համբուրեց
իր
քոյրը.
Գառնիկեան
հասկցաւ
ու
ժպտեցաւ
անոնց.
ուրախ
էր
ինքն
ալ
ու
գորովանքով
կը
խորհէր
իր
ազգականուհիին
երջանկութեան
վրայ
«ինչպէս
եթէ
քոյրս
ըլլար»
կը
կրկնէր
մտքէն
յամառութեամբ
մը...
։
Ժամեր
ու
ժամեր
մնաց
հոն,
անոնց
քով
շարունակելով
խօսիլ
ու
խանդով
մտիկ
ընելու
Արփինէն
որ
իր
ամենէն
զգացուած
մէկ
բանաստեղծութիւնը
կ’արտասանէր...
։
–
Ահաւասիկ
թէ
ինչո՞ւ...
իմ
արիւնէս
ու
իմ
նեարդերէս
խլելով
գրեր
եմ
ատիկա
կը
մտածեր
ինքնիրեն,
ահաւասիկ
թէ
ինչո՞ւ...
որպէսզի
իմ
սրտիս
բաբախումներովը
տրոփեն
անոնց
սիրտերն
ալ
ու
շրթներուս
վրայ
եկած
վանկերով
արտասանեն
իրենց
սէրը...
Անսահման
եւ
անմխիթարելի
տխրութիւն
մը
կը
ծածանէր
իր
հոգւոյն
մէջ
բայց
անիկա
կը
շարունակէր
ժպտիլ
ու
երբ
ոտքի
ելաւ
մեկնելու
համար
կարծեց
թէ
իր
անդամները
խորթացած
են,
ու
տարբեր
կամք
մը
շարժման
մէջ
կը
դնէր
զանոնք...
։
–
Երթա՜ք
բարով,
երթա՜ք
բարով
կը
գոչէին
իր
ետեւէն
կարծես
յայտնապէս
ըսելու
համար
իրեն
թէ
երիտասարդութիւնը
անդառնալի
կերպով
կը
հեռանար
իրմէն։
Երկու
ամիս
անցեր
էր
ու
վաղեմի
բանաստեղծին
մոխրագոյն
մազերը
աւելի
ճերմկած
էին.
քունքերուն
վրայ
արծաթեայ
սպիտակութիւն
մը
կ’երեւէր.
դարձեա՛լ
պառաւ
մօրը
հետ
առանձնացած
անիկա
այլ
եւս
մերժեր
էր
իր
ազգականներուն
ընկերանալ.
նորեկը
հասեր
էր
արդէն
ու
զինքը
մոռցեր
էին։
Իրիկուն
մը
բազմոցին
անկիւնը
նստած
մօրը
դանդաղ
շարժումները
դիտելով
Գառնիկեան
կը
մտածէր
իր
«յիմարութեան»
վրայ։
Մեծ
բարեմտութեամբ
մը
կ’անդրադառնար
իր
միամտութեանը
եւ
Արփինէի
զգլխիչ
շնորհին.
որքա՜ն
պիտի
ուզէր
զայն
անգամ
մըն
ալ
տեսնել
քաղցր
ու
անդորր
հոգիով
մը...
կը
խորհէր
անոր
իր
մասին
ունեցած
հիացումին,
անոր
սիրազեղ
ու
գորովագին
զգացումներուն
եւ
իրաւամբ
կը
մտածէր
թէ
իր
քէնոտ
ցրտութիւնը
վիրաւորած
ըլլալու
էր
զայն,
քանի
որ
ոչ
մէկ
անգամ
այլեւս
չէր
կեած
անիկա
դէպի
իրեն
երբ
վերջին
անգամ
մերժած
էր
իրենց
ընկերանալ
աշխատութիւնը
պատճառ
բռնելով։
Ճշմարտութիւնը
այն
էր
որ
ինքը
տեսակ
մը
հոգեկան
խեղանդամութեան
ենթարկուած
էր
ու
չէր
կրնար
աշխատութեան
մասին
մտածել...
։
–
Եթէ
անգամ
մը
փորձեմ...
ըսաւ
ինքնիրեն։
Տենդոտ
արագութեամբ
ելաւ
տեղէն,
գնաց
իր
աշխատութեան
սենեակը
ու
ամէն
բան
գտաւ
այնպէս
ինչպէս
թողած
էր
այն
օրը
երբ
առաջին
անգամ
Արփինէ
եկած
էր
իրենց
տունը։
Միայն
բաց
նմացած
տետրակին
վրայ
ընդհատուած
էջը
դեղներ
էր
ու
անդառնալի
կերպով
անցած
ու
թառամած
բանի
մը
տպաւորութիւնը
կ’ընէր
իր
վրայ։
–
Արուեստը
զիս
փառաւորեց,
զիս
գեղեցիկ
ու
ցանկալի
դարձուց
եւ
հիմակ
ժամանակը
եկած
է
որ
զիս
մխիթարէ
մտածեց
տխրօրէն
Գառնիկեան
եւ
մտադրեց
աշխատութեան
վերսկսիլ։
Բայց
իր
դառնացած
մտածումը
երկար
տաեն
կանգ
առաւ
դեղնած
էջին
վրայ։