Մանանայ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ա
       Վանայ այգեստանք, որ տեղական բարբառով կ՚ըսուին էգէստար, բնութեան եւ բնակչաց ձեռքով վայելչագեղ զարդարած երանաւէտ վայրեր են, ուր իւրաքանչիւր տունը իրեն կից ունի ծառաստան, այգեստան, բուրաստան եւ իր դռան առջեւի փողոցին երկու եզերքը՝ առուներ ջրալից, որոց ափերը կարգաւ տնկուած են սաղարթախիտ մանրատերեւ ուռիներ, տեղ տեղ եւս բարդին, կաղամախ, հացենին, թեղին։ Փողոցներու մէջտեղը՝ հասարակաց ընդարձակ ուղին, եւ ճղազարդ ծառոց թեւերն ու տերեւները այսեւայն կողմէն իրարու գրկուած խռնուած, սքանչելի հովանոց կը կազմեն անցորդաց. որոց մէջէն արեւու ճառագայթները մանր մանր հողմածփիկ աստղերու նման կը ծագի գետնին վրայ, անցնողին կամ նստողին գլխուն ու երեսաց վրայ ծածանելով, ինչպէս խաղաղ գիշերուան մը մէջ լուսնոյ հով ճաճանչները կը փայլեցնէ զեփիւռը ծովուն ափանց մօտ եղած նօսր ջրերուն ծոցիկ։ Նոյն ծառերը, որոց կանանչ ու դալար վարսեր կ՚օծանին օդին ցօղով եւ արեւուն ջերմով, իրենց արմատները ի գնացս ջուրց կ՚ուռճանան, ջուրք խոխոջելով, գըլգըլալով կ՚անցնին՝ լզելով այն ծառոց ոտները, ոռոգելով իւրաքանչիւրին սահմանեալ այգին, պարտէզն ու բուրաստանը, մատակարարելով առհասարակ տանց ի լուացումն, ի յըմպելիս եւ առ ամենայն պէտս։
       Այնտեղի առաւօտը ո՛չ արեւածագումն է եւ ո՛չ քաղաքակրթեալ տեղերու պէս՝ արեւածագումէն քանի մը ժամ ետքը, այլ՝ երբ Լուսոյ աստղը իր գլուխը կը բարձրացնէ Վարագայ Գալիլիայէն, վայրիկ մի եւս, եւ ահա կը հորիզոնանայ Շուշանից գագաթան Ձիաթռնուկին վրայ, ուր Կարմրւորայ վանից գմբէթի խաչն առաջին անգամ բարի լոյս կուտայ կ՚առնու եւ մթնանշմար կը փէլկտայ. այս վայրկենիս Այգեստանեայց եկեղեցեաց ժամհարները, տանիքն ելած, երեսները երիցս կը խաչակնքեն. «Գողու ժամ» կը զարնեն. գողերը կ՚անհետանան, դեւերը կը հալածուին, եւ գազանները որջերը կը քաշուին։ Ժամհարը, ժամին դուռը բանալով, երեք բերան «Օրհնեալ ես Աստուած» կ՚ըսէ, ու կ՚սկսեն, ձեռաց կոչնակները դըգըլ-դըգըլ հնչեցնելով, թաղէ թաղ շուրջ գալ, ամէն հայ քրիստոնէի դրան ճկիկը զարնել եւ «Ողորմի՜ Աստուած» կանչել։ Երբ, իրենց շրջանը լմնցնելով, ետ կը դառնան, իրենց ետեւը ձգելով՝ կը բերեն խուռներամ մանկտիները, անոնք, որ հայր կամ մեծ եղբայր չունին տան մէջը. իսկ որք ունին, կը ստիպեն, կը յարուցանեն ծնողք կամ եղբարք, որք, ձեռքերէն բռնելով, կ՚երթան դէպ եկեղեցին՝ «Զարթիք» կարդալու։
       Արուսեկին ծագումը եւ ժամհարի կոչնակն ընդհանուր ազդեցութիւն կ՚ընեն մեր աշխարհի բնակչաց, ընդհանուր նշան է այդ կէտը, այդ պահը՝ սթափելու ի քնոյ։ Ճիշտ այն րոպէին երկրագործի գոմէշն ու եզն, իր խոնջանքը անցուցած լինելով, ընկողմնած տեղէն փքալով‚ փնքփնքալով յոտին կը կանգնի, կովն իր բառաչը կ՚արձակէ, այծը կը մկմկայ, մաքին կը բըռայ, ձին կը տրոփէ եւ կը վրնջէ, էշն իր անճոռնի զուռնան կը փչէ։ Աւագ մշակն արդէն ելած է, մշակները՝ իրենց արզէլէն (չուանէ եւ փայտէ կազմուած մահիճ) վար կ՚իջնեն, ջուր‚ խոտ եւ դարման կը մատակարարեն։
       Ճիշտ այն րոպէին, երբ Վանայ երկոտասան եկեղեցեաց կոչնակները որոտալիր կը հնչուին, ագլօրն, իր թեւերը թափ ու ծափ տալով, իր «Կուկլուկուկուն» կը կանչէ. որովհետեւ տուն չկայ որ ագլօր չունենայ, ագլօր, որ Արարչի շինած ու լարած ոգեւոր եւ կենդանի ժամացոյցն է, որ անվրէպ իր վայրկեաններուն կը հսկէ ու իր պահուն կը կանչէ եւ իր իմաստութեան հետ ունեցած գեղեցկակերտութեամբն ալ փառք անձին կը համարի, պարտք բնութեան կը համարի անսխալ եւ անթերի կատարել իր պաշտօնը, որով եւ իր Արարիչը կը փառաւորէ։ Այսպէս խուռն բազմութեամբ ձայնից, ագլօրներուն ընդհանուր աղաղակաւ կը լնանի բնակչաց տունն ու թաղը, եւ կը դղրդին ականջները։
       Մեր Այգեստանեայց ծառերու ոստերէն կախուած կամ անոնց ճղերու արմունկներուն վրայ հաստատուած են բոյներ զանազան թռչնոց‚ որք իրենց ձագերով ծուարած կը թառին հոն. զեփիւռը կ՚երերէ զիրենք, եւ ի ներքուստ զղզղալով՝ գնացող առուին ջուրը քաղցր օրօր կը սուլսուլէ։ Լուսոյ աստղ իր շառաւիղը կը ծագէ չծագեր. իսկոյն կը բացուին ասոնց բիբերը. հաւկոր կեղեւը կ՚իյնայ անոնց աչերէն, ծագման շողէն կը շողշողայ կէծելի պէս անոնց լոյս պտուղը, մեր այս քնացած քնարներ կը սկսին գեղգեղել հազար ու բիւր եղանակները։
       Տուներու մէջէն ընդհանուր շարժման ձայներ եւ նշաններ կ՚ելլեն։ Մանկիկը արթնցեր կուլայ. մէկին մայրը կաթ կուտայ, մէկ կ՚օրօրէ` դար դար ասելով։ Ճոչ մամէն չախմախ եւ կայծքար իրար կը զարնէ, որ կրակ հանէ, ճրագ վառէ։ Քեռ մամէն շապիկ մխմէլ (սպիտակ սաւան) հագեր, կ՚ելնէ ժամ երթալու։ Տանտիկին թոնիրը կպուցեր, կը վառէ։ Հացթուխը, թոնիրի շուրթը նստած, հաց կը կողէ, թազէ հացի եւ գիշերաեփի հոտը չորս կողմը բռներ է։ Մէկ թաղ հաց կը բաժնեն փողոցէն անցուդարձին, մէկալ տեղը՝ մատաղ, ուրիշ տեղ մը՝ հարիսայ։ Դեռ Լուսոյ աստղը մեր ցոյց տուած հորիզոնին վրայ կեցած՝ այս ամէնը տեղի կ՚ունենան։
       Տունէ մը ճախարակ մանելու ձայն կուգայ, տեղ մը կտաւ կը գործեն։ Փողոցէն ջուրըվեր երթացողներ կ՚անցնին. եթէ հայ են, շատ մեղմիկ կը մրմնջան, իսկ եթէ տաճիկ՝ մեծ ձայնով մանի կը կանչեն։
       Ամէն դուռ մէկ աղջիկ կամ հարս կ՚երեւան, որոնք ձեւ-ձեւ ջրջանք (ջրցանք) ըրած են եւ ներսի բակերը աւլելէն զկնի` եկած են փողոցներն աւլելու, ժամանակ մը, երբ իբրեւ զարդ Երուսաղէմէն բերած շիշ ապարանջաններ կը շարէին իրենց բազուկները ամէն նորահարսներ, մի նոր ներդաշնակութիւն ալ ասոնց աւել ըրած ժամանակ այն շիշերու շընկշընկոցէն կը յօրինուէր։ Ամէն առուներու եզերքը լի են արք, կանայք մանկտիք, որք իրենց երեսները կը լուանան եւ իրենց անգիր աղօթքներ կը մրմնջեն` դէպ՚ աղօթրան դառնալով եւ խաչակնքելով։
       Եթէ օրն ուտիք է կամ տօն է, գլխաւոր փողոցներու հրապարակները, զոր տեղացիք Փօղնիգլօխ կ՚անուանեն եւ փողոցը՝ Փօղան, մեծ լուսով ճրագներ կ՚երեւին, ուր ճրագուն կը վառեն մսագործները եւ ճիշտ ժամհարի ժամուն կը զենուն պատրաստեն միսերը, որպէսզի թոնէր վառելուն հասնի եւ մինչեւ ժամէն ելնելը եփուի։ Ուրեմն դի՛ր վեր նկարագրածիս կարգին նաեւ Փօղնի գլուխներու շանց հաչիւնն ու շառաչիւնն եւ կատուներու բազմութեան մլավունները, հոն արդէն եկեր պաշարեր են ագռաւները, ցիները, անծեղները` դաս-դաս, երամ-երամ, ո՛ր յիսուն, ո՛ր հարիւր. մորթածէն ասոնց բաժիններն կան։ Սարսափելի յարձակումներ կ՚ընեն մորթողին‚ որ շատ սոսկալի եւ սխրալի տեսարան կը դառնայ, շունն իրեն համար կ՚ուզէ խլել` իրար հրելով‚ լեզուներով իրենց շրթները լզելով եւ մերթ գռմռալով, մերթ հաչելով եւ պոչը շարժելով. կատուն թագնաբար թոքէն կ՚ուզէ յափշտակել, անծեղն ուր որ հասնի, կտուցը կը զարնէ, եւ մորթողն ո՛չ իր հաստ ձայնով, ո՛չ իր դանակով, ո՛չ վաղակաւորով եւ ո՛չ տապարով չկրնար այս բանակին յաղթել, ամէն կողմ կը դառնայ զարնելու, ոչ մէկին կրնայ զարնել։ Ե թէ մէկին տարածին ետեւէն վազէ, մէկալոնքը մնացեալն աւար կ՚ընեն, ղասաբը կը բօռայ, եւ իր չորս կողմն գռմռոց, գվգվոց տիրած է։
       Ջրբաշխ քար մը դրեր գլխի տակ եւ, իր ձեռքի փայտը գրկած, պառկեր փողոցի ծառերու մէջ, ականջ տուեր ջրի ձայնին՝ կը խորդայ, եւ իր վրայէն, ոստերու անտառէն կը լսուի սոխակին դայլայլիկը, ճախրակմանիկն (թռչուն է) «ճի՛վի ճի՛վի» փափուկ ձայն կ՚արձակէ, ծիծեռնակը «ծի՛ծռ ծի՛ծռ» ծըլվլալով՝ հողմոց չափ արագաթեւ անցուդարձ կ՚ընէ, եւ սարեկը իր ամենարուեստ եղանակաւ հրեշտակաց նախանձը կը շարժէ։
       Ահա ելաւ ուսթա Ումրշատն, կուգայ առուն` չիթերը լուանալու։ Խիաք (ջուլհակ) ուսթա Պատուրն ստեծները (գետին ցցուած փայտեր) կը շարէ՝ հինած հինելու։ Սարակները, բահը թեւերուն վրայ դրած, կ՚երթան ժամու դուռը` այգի փորելու համար վարձուելու։ Պատ շարողներ, աղիւս կտրողներ ետեւէն ետեւ կ՚երթան ժամ` քանի մը ծունր աղօթք ընելու եւ երթալու իրենց գործին։ Հատ-հատ ձիաւորներ կը տեսնուին, որ կ՚երթան գեղերը ` իրենց արտերուն նայելու։
       Իսկ գեղացիները արդէն սթափած են այն փոքրիկ թռչնիկի ազդաձայնէն, որ կուգայ կը նստի երդիքներուն վրայ, կը կանչէ «լծէ՛ լծէ՛». արդէն պատրաստած են իրենց հարօրներ եւ լուծերը, երկիրը բաւական հերկեր են։ Տուներու մէջ մատակներ, կովերը կթեր են եւ ծծում կը զարնեն։ Ոչխարի հօտ գիշերուան ցօղով թրջած մատղաշ արօտներէն քաղցր նախաճաշ մը ճարակեր է, եւ տանտիկին Մամիկը տան մեծին ու պզտիկին ակրատ (խահվալթի) բաժներ է ուտելու, եւ ահա նախիրն ու որթիկները կը հանէ։
       Գայլն ու գազան փախեր են դաշտէն ու լեռներէն, հովիւներու եւ հօտաղներու հետ գնացող շուներու ոտն ու հոտն հալածական ըրեր է զանոնք։
       Գեղի աղջիկներ մէզարներ (շալէ բօղչայ) կապած, երամ-երամ կը քալեն դէպի մարգահովիտները` ծաղիկները կոխելով, ծաղիկներ քաղելով եւ իրար ու վրայ ցանելով, ծիծաղելով, խայտալով։ Կը պատահին կաքաւներու երամին, լորին, արտուտիկին, որք իրենց ձագերով կը գվգվան եւ խոտերու տակէն կը թռչտին թուփէ թուփ, տերեւէ տերեւ` նմանել ուզելով իրարու. - Դու ասա, թէ ո՞ր որոց, աղջկո՞ւնք թեւաւոր թռչնոց, թէ թռչո՞ւնք՝ ոտնաթռիկ աղջկանց։ - Եւ կ՚անցնին կ՚երթան յառաջ՝ բանջարները ժողվելու , իրենց արձագանք տալով առնելով զեփիւռին, աղջկունք՝ «քա՛, քա՛, քա՛», կաքաւունք՝ «գա՛վ, գա՛վ»։
       Կռունկն երամով կարաւան է կազմեր սլաքաձեւ, բարձր օդերէն ի վեր կ՚անցնի ` «կռո՜ւ, կռո՜ւ» կանչելով, ծառայ եմ ձայնին։
       Կօտ- կօտ Առագէլ, որ է արագիլն, երկան սրունքները քշտած, կտուցը սրած, «հօ՜դ, հօ՜դ» ձայնելով, իր բունէն ելեր ի դաշտ կը վազէ՝ ջրի եւ ցամաքի օձերը ձերբակալելու եւ սպաննելու ` իբրեւ ոստիկան եւ իբրեւ դատաւոր։
       Չորթան տարուկ գողի պէս շինականի տանիքներու վրայ եւ բակերուն մէջ պահկտուեր, որպէսզի չորթան մը յափշտակէ։
       Կոր բուն այս ժամուս իրեն համար բոյն մը կ՚որոնէ, որ ծածկուի, ծուարի այնտեղ ` դադրեցնելով իր գուժարկու «վա՜յ վա՜յ» ձայնը, զոր կը հնչեցնէր՝ չորցած ծառի մը կամ գերեզմանաքարի մը վրայ նստած։
       Ցին ի վեր եւ ի վայր կը խորանայ, կը խոյանայ` սուր ձայնիւ «ցի՜նն ինինի» կանչելով, եւ ձկնկուլն՝ գետերու ափերը կը դիմէ, եւ «ձըկ, ձըկ» ձայն հանելով ` ձուկ-մուկ կ՚որոնէ կլլելու։
       Արօս, բադն ու ղազ, ջրերու վրայ նստած , կայտառ նաւաստիներու պէս կը թռվռան եւ կ՚եղանակեն։
       Սանդրակատար բուբուն անհանգիստ կ՚ոստոստէ եւ անդադար կ՚աղաղակէ ` «բո՜ւ, բո՜ւ»։
       Դեղնապորտիկն, եւրոպացի օրիորդաց նման փափուկ եւ մաքուր շղարշներ հագած` ճերմակ ու դեղին, եւ Հայաստանի հարսներու նման իր աչքերը թուխ դեղով ծարուրած , մանր մացառներու մէջէն կամ խիտ խոտերէն իր ձայնը կը լսեցնէ, իր դէմքը կը ցուցնէ ու կը թագուցանէ, բուլբուլին անճանաչ եղողներուն ինքզինքն իբր բուլբուլ կը ծախէ։
       Բուլբուլին ձայնը ամէն եղանակողաց ձայնին հետ կը լսուի. նորա շունչը բնութեան համայն երաժշտական գեղգեղանաց զսպանակն է։
       Բարբարոս բազէն, որոտընդոստ ձայնիւ եւ շեշտակի սաւառնմամբ օդէն ի վար, օդէն ի վեր սաւառնաթեւ կը սլանայ ` անմեղ ու անզգոյշ աղաւնի մը կամ տատրակ մը պատառելու։
       Անգղերը, լօռ (ձրի) ուտող քիւրդերու պէս, ընկեր-ընկեր կ՚անցնին . հոտ առած են մեռածի մը կամ մեռուցածի մը, աւարելու կ՚երթան եւ կողոպտելու անոր դիակին միսերը։
       Արծիւն հազիւ ուրեք կ՚երեւի, անոր հզօր թեւոց բաղխումէն, օդը շառաչմամբ պատռելէն բոլոր թռչունք կը լռեն վայր մի, մինչեւ անցնի այդ ահեղ եւ փառահեղ արքայն։
       Շինական հարսները, երեսները փաթաթած , բազուկները բաց, սափոր մի ուսին եւ սափոր մի ի ձեռին, կ՚երթան աղբիւրէն ջուր առնելու, իսկ պառաւ դադէն, քարի կտորի մը վրայ կրակ դրած, վրան պտուղ մը խունկ, խաչքարի մը առջեւ կը տանի եւ, ինքն իր երեսները հողին վրայ դնելով, ի ծունկս նստելով, երերալով, մաղուելով, բռամբ իր կուրծքը կը ծեծէ եւ , խիստ սրտառուչ մորմոքելով մը՝ «Տէր ողորմեա» կ՚ըսէ։
       Այս կերպն է աղօթից այն ամէն գեղերն ու տեղերը, ուր կա՛մ եկեղեցին աւեր է, կա՛մ տէրտէր չունին։ Մամիկն հարսներով ու աղջիկներով, պապիկն երիտասարդներով ու ճժերով կը դիմեն խաչքարերը կամ եկեղեցւոյ շէն ու աւերակ պատերուն մէջն ու քովերը, իւրաքանչիւր իր սրտէն բղխած կամ իր մեծէն ուսած աղօթք մը կ՚ըսէ ու կ՚երկիրպագանէ Աստուծոյ։