Երեք թատերախաղեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա. ԱՐԱՐ

Միջնակարգ տան մը սենեակը։ Փողոցին նայող պզտիկ պատուհանին առաջին Օրդ. Փիշթօֆ տանթէլ կը հիւսէ, վիզէն անցուցած ճերմակ թելը։

Դիմացը, բազմոցին վրայ, ֆէսը քովը դրած կը նստի Պ. Մարգարեան։

 

ՓԻՇԹՕՖ Մի նստիր ատանկ կծիկ կծիկ մտմտար։ Դուն կնիկ մարդ չես։ Գնա հարցուր. փնտռէ՛։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Ի՞նչ հարցնեմ, որո՞ւ։

ՓԻՇԹՕՖ Մինակ խանութիդ ճամբան ես սորվեր։ Հիմա սոթտուիմ, մէջտեղ իյնամ, ես անոր ճակատը կը չափեմ։ Էրիկ մա՛րդ, նա՛։ Քեզի պէսին ալ ըսեն նէ։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Սիրտս նեղ է, դուն ալ էվէլ կու գաս կոր։

ՓԻՇԹՕՖ Ադ լեզուդ կնկանդ դէմ սուրցուր որ բան արժէ։ Չելլա՞ս գտնաս Սուքիաս էֆէնտին։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Անկէ ինչ կ՚ելլայ որ։

ՓԻՇԹՕՖ Մեղա՜յ։ Ասկէ ինչ կ՚ելլայ, անկէ ինչ կ՚ելլայ։ Քու ադ բնաւորութիւնդ չէ՞ր որ մեզի աս օրերուն հասցուց։ Ամբողջ Պոլիսին բերանն ինկանք։

ՄԱՐԳԱ ՐԵԱՆ Սուքիասով ինչ կ՚ըլլայ։ Կը բարկացնես կոր ինծի։

ՓԻՇԹՕՖ Այսչափ տարուան պաշտօնեայ է պատրիարքարան։ Գոնէ դրացի չըլլայ։ Դուն աչքովդ կը տեսնես, հոս եղած ժամերուդ, ինտոր իրկուն առտու խումբով մարդեր, կիներ կը մտնեն կ՚ելլեն։ Ամէնուն ալ գործը կը լմնցնէ։ Դուն տակաւին ասանկ տնտնաս նէ, անիկա Պատրիարքն ալ տոպրակը կը դնէ, տղաքն ալ ձեռքէդ կ՚առնէ տունն ալ, կարասիններն ալ։ Շէնք շնորհք երկուքս ալ դուրս կ՚ընէ։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ— Ատանկ բան չըլլար եա։

ՓԻՇԹՕՖ Դո՛ւն ադ գլուխով պտտէ տակաւին։ Մի՞տքդ է։ Չորս տարի առաջ ալ, ասանկ էր քեզի իմացուցի փորձանքը։ Դուն էիր, ատանկ մարդ չէ ըսելով թողուցիր որ երթայ գայ։ Հիմա ձեռքերդ գլխուդ կը զարնես։ Ան ատեն ինծի մտիկ ըրած ըլլայիր, ան անամօթ սրիկային դուռը կռնակին կը գոցէիր, աս անպատուութիւնն ալ եկած չէր ըլլար։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Անկէ չգար ուրիշէն գար պիտի։ Կաթին մէջ քանի որ կայ։

ՓԻՇԹՕՖ Կաթը ինչ պիտի ըլլայ։ Ատիկա պարապ խօսք է։ Կաթ ըսուածը տասնըհինգ տարի կը դիմանա՞յ։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Տասնըհինգ տարի՜։ Ըսել է կարգուելնիս քսանի կը մօտենայ կոր։ Քսան օր հանդարտ չենք ապրած հետը։

ՓԻՇԹՕՖ Կռիւը ուրիշ, աս ուրիշ։ Կռիւը տունին պէտք է։ Առանց անոր սուս փուս անհամ բան մը կ՚ըլլայ նէ։ Բայց պատի՞ւը։ Անոր դպելու չի գար։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Հիմա անոր ալ շատ նայած չունին եա։

ՓԻՇԹՕՖ Ադ ինչ սախաթ խօսք ըրիր, գիտնաս։ Քեզի պէսնե՛րը, նայէ, ճիշդ է։ Ուրիշ էրիկ ըլլար անիկա ծեծին տակը կը մեռցնէր։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ— Ետքն ալ կ՚երթար կը պառկէր։ Է՜, խանո՞ւթը, տղա՞քը։ Կը մտմտա՞ս։ Ո՞ւր կ՚երթայ ծայրը։

ՓԻՇԹՕՖ Ադ վախկոտութիւնդ չէ՞ր որ գործը հոս թափեց մինչեւ։ Տակաւին սկսած ժամանակը դուն կրնայիր առաջքը առնել։ Մտիկ չըրիր։ Քեզի պէս մարդ տեսած չեմ ես ոչ մէկ տեղ։ Մի՞տքդ է, ինտոր կը վախնայիր որ քու գիտնալդ կ՚իմանայ։ Ես ալ կնիկ ըլլամ, քեզի պէս մէկը էրիկ ունենամ, նայէ ինչ չուան կը կտրտեմ։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ— Քեզի ատանկ ըսել կ՚իյնայ։ Աստուծմէ ղրկուած փորձանք է անիկա։ Կանուխ ըլլար, առջի տարիներուն։

ՓԻՇԹՕՖ Ըլլալիքը նորէն ան չէ՞։ Նորէն պիտի չբաժնուի՞ս։ Ալ ինչո՞ւ տարիներով քաշեցիր։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Ան ատեն ուրիշ էր, Փիշթօֆ, տղաքը չէին ըլլար։ Հինցած բալթոյիս պէս կրցի կռնակէս նետել, առանց ցաւի։ Հիմա ուրիշ է։ Բայց նորէն սկսած ժամանակը քիչ մը խիստ բռնէի, թերեւս ուրիշ ըլլար։ Հոտ իրաւունք ունիս։ ( Ֆէսը գլուխը կը դնէ

ՓԻՇԹՕՖ ( Դառն ծիծաղելով ) Երբ չունիմ, չեմ ունեցեր։ Դուն իմ խօսքս նուuխայի պէս կախելու ես ճիտէդ։ Հիմա մի տնտնար։ Սուքիաս էֆէնտին գտիր։ Նորէն նոր աղերսագիր պիտի գրուի, վկայ պիտի ճարուի, ինչ պիտի ըլլուի նէ ըլլայ լմննայ։ Անգամ մը երթայ տուներնուս աս անպատուութիւնը։ Նշանած աղջիկ ունիս, խելքդ քեզի կանչէ։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Այսօր դատավարութիւն կար։ Չկրցի երթալ։

ՓԻՇԹՕՖ Է, եկուր տէ մի բարկանար։ Քա, ան կնիկը հիմա ով գիտէ ինչեր տուած է լեզուին։ Դատաստանական Խորհուրդին մէջինները հրեշտակ չեն եա, երկինքէն իջած։ Ով գիտէ ինտոր գրաբար խօսելէն, բարձր բարձր նետելէն իր բոլոր ուզածները ձեռք ձգած է անիկա` վախ եմ ըսեր։ Տուներնիդ մարի պիտի։ Քա, ինչո՞ւ չգացիր, ի՞նչ ունէիր։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ— Կարեւոր գործ։

ՓԻՇԹՕՖ Քու գործերուդ որր կարեւոր չէ զատ։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ— Քանի եղաւ գիտես, գործը կը ձգեմ ժամերով կը սպասեմ, այսօր գրագիրը չի կայ, ուրիշ օր մը երկու անգամ կը պակսի, օր մը կնիկը չեկաւ, օր մը փաստաբանը։ Աս չէ՞ եղածը։ Տարի մըն է շէնք շնորհք նիստ մը ըրած չունին։ Ով գիտէ նորէն ինչ կար պակաս։ Դատավարութիւնը լմնցած ըլլալու չէ։

ՓԻՇԹՕՖ Եթէ լմնցած ըլլայ։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ— Առանց ինծի, անկարելի է։

ՓԻՇԹՕՖ Ան կնոջը լեզուն շատ բան կ՚ընէ։ Ուրկէ իմանանք։ Հա, շուտ, Սուքիաս էֆէնտին, վազէ՛։ Դուն օր առաջ աս կնիկդ, աս քանկրէնը նետէ տունէդ։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Ախ, դուն չի կաս մի, դուն։ Միշտ ադ կողմը կ՚երթաս։ Օր մը հաշտութեան համար չխորհեցար։

ՓԻՇԹՕՖ Քա դուն ինտոր մարդ ես։ Ես ամօթ կը զգամ կոր քեզի քոյր ըլլալուս։ Ալ ասոր կողմը, աջը ձախը կա՞յ։ Կնիկդ առտուն կ՚ելլայ կոր. բարի լոյս չըսած դուրս կը նետուի, սիրողին հետ շոգենաւ կը նստի կոր։ Շաբաթով ջուրերը կ՚ապրին կոր։ Ու ինտոր ապրիլ։ Եւրոպաները քիչ կ՚ըլլայ ատանկ։ Էրիկ մարդու պէս հագուած, հրացանը ուսին որ ուշադրութիւն կ՚ընէ կոր։ Ասիկա կը մարսուի՞։ Ետքէն կ՚ելլայ կու գայ կոր։ Դուն չըլլաս, ես անոր դո՞ւռ կը բանամ։ Ասիկա չգիտցող չի կայ։ Ինչ կրնաս կոր ըսե՞լ։ Ալ ինտոր սիրտ ըլլալու է որ գիտնալով ընդունի աս խայտառակութիւնը։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Դուն դիւրի՞ն գիտես տուն քրքրելը։ Առաջնիս հարսնիք կա։

ՓԻՇԹՕՖ Տունին կը մտածէ։ Քու տունդ արդէն չի կայ։ Երեք տարի է էրիկ կնիկ զատ կը պառկիք։ Տարի մըն է սեղան չի նստիր հետերնիդ։ Երեք տարի է տղաքը գլուխնին կախ կը վազեն փողոցներէն։ Եթէ աղջկանդ ալ բախտը ելաւ, ատիկա Աստուծոյ ողորմութիւնն է։ Գիշեր ցերեկ չեմ մոռնար աղօթքիս մէջ։ Անգամ մը երեսի ջուրով սա աղջիկը հանէինք տունէն, տիրոջը յանձնէինք։ Ալ բան չեմ ուզեր։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Մէկալնե՞րը։

ՓԻՇԹՕՖ Տղա՞քը։ Անոնք տղայ են, վաղը միւս օր կը մեծնան, արդէն մայրերնին ծերացած պառաւ կ՚ըլլայ, կը մոռցուի։ Ամէն մէկը մէյ մէկ գործի, մէյ մէկ աղջիկ առած, իրենց գլխուն ճարը կը նային։ Դուն մտածէ հմա քու պատիւդ փրկելու։ Ականջս ինկածներուն շատ չեմ հաւնիր կոր։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ— Ի՞նչ, նոր բան կայ նորէն։

ՓԻՇԹՕՖ Տիկին Արոզանեանը առջի օր հրապարակաւ նախատեր է կնիկդ։ Լսածիս նայելով այսօր վաղը քեզի լուր պիտի գայ որ թողուիս կնիկէդ։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ— Անո՞նք ինչ կը խառնուին իմ տունիս։

ՓԻՇԹՕՖ Անպատիւ կնիկը ամէնուն լեզուն է։ Ով կայ հիմա որ չխառնուի քու տունիդ։ Անիկա ալ աւելի։ Աղջիկդ կ՚առնէ կոր։ Անոր ձայնը չըլլայ տէ որունը ըլլայ։ Կատարելապէս իրաւունք ունի։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Աղջիկս կ՚առնէ կոր նէ, ձրի չէ։ Հազարներով ոսկի կու տամ կոր։

ՓԻՇԹՕՖ Ոսկի։ Ըսիր վերջապէս։ Ժամ մըն ալ խօսինք ու դուն դրամը մէջտեղ չդնես։ Եղա՞ծ բան է։ Քու հոգիդ է նէ։ Ատոր սիրուն չէ՞ր որ այս փորձանքը բերիր տունին։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ— ( Իր մտածումը շարունակելով ) Բժիշկ է նէ իրեն է։ Անօթի շատ։ Ես այնչափ դրամ համրելէս ետքը, ձեռքը պագնողին կու տամ աղջիկս։

ՓԻՇԹՕՖ Դուն կամ խելքդ կերեր, կամ բարկութենէդ ի՛նչ ըսելդ չես գիտեր կոր։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Սո՞ւտ է ըսածս։ Տղան ի՞նչ է որ։

ՓԻՇԹՕՖ Քու գիտցածդ այդքան է։ Ելիր, Սուքիասը գտիր կ՚ըսեմ քեզի։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ— ( Իր մտածումը շարունակելով ) Հինգ հազար ոսկի է աս։ Կատակով քով քովի չի գար ատ դրամը։

ՓԻՇԹՕՖ Կնիկներուն առաջին օժիտը դրամն է։ Ան է որ կնիկ կ՚ընէ։ Բայց երկրորդը ու աւելի կարեւորը՝ արցունքը։ Ասիկա չգիտցողը չի կայ։ Բայց զարմանալին այն է որ ամեն մարդ ուրիշի հաշիւին գիտէ ատիկա։ Երբ իր հաշիւին ըլլայ, միամտութիւն ու սուտ կ՚ըլլայ։ Սուտ է, սուտ է պոռացիր ամիսներով իմ գլխուս։ Ամիսներով երես երես չեկանք քեզի հետ, մինչեւ որ բախտը ուզեց որ օր մըն ալ աչքովդ տեսնաս իրար համբուրելնին։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Միտքս մի բերեր ադ օրը։

ՓԻՇԹՕՖ ( Միշտ նոյն դառն ծիծաղը ) Խե՜ղճ մարդ։ Աւելի գէշ օրե՜րը։ Անո՞նք ինչպէս մարսեցիր։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Ան օրուանը ուրիշ էր։ Ետքէն վարժուեցայ տէ…։

ՓԻՇԹՕՖ Աղէկ որ մէկը չի կար քովերնիս։ Վարժուիլը ի՞նչ է. չե՞ս խպնիր դուն։ Օր մը սանկ շնորհքով մը չկրցար բարկանալ։ Ուրիշներ տեղն ու տեղը կը խղդէին ատանկ կնիկը։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Դուն ատիկա թատրոններուն մէջ կը տեսնես։ Հիմա անցած է անոր մօտան։

ՓԻՇԹՕՖ Տէր Աստուած։ Ատիկա մօտա չէ որ անցնի։ Ատիկա յաւիտենական է, մա՛րդ։ Ամէն օր թերթերուն մէջ մէկ մը երկուք դուն կը կարդաս գոնէ։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ— Քու ըսածիդ մօտան անցած է, Փիշթօֆ։ Պատրիարքարանը ուրիշ գործ չի կայ հիմա։

ՓԻՇԹՕՖ Աղէկ։ Գոնէ ատ ըրէ, լմնցուր։ Գիտեմ որ վախկոտ ես, բայց ատոր համար առիւծի սիրտ ունենալու չէ մարդ։ Սուքիաս էֆէնտին, ես աղէկ համոզուած եմ քանի մը ոսկիով, ադ կնիկը դուրս կ՚ընէ աս տունէն ու աղտն ալ կ՚ելլայ մէջտեղէն։ Ինչ վիճակ է մերը, գիտե՞ս։ Մեծով պզտիկով չենք կրնար ձայներնիս քիչ մը բարձր հանել։ Ազատէ մեզ աս գերութենէն։ Գոնէ մեղք ունենայինք։ Ան հոն, քէֆին նայի, ասդին մենք տապկուինք։ Ուր տեսնուեր է ասանկ բան։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ ( Հեռուն նայելէն ) Ասիկա քանի մը ոսկինոց գործ չէ քու ըսածիդ պէս։

ՓԻՇԹՕՖ Ամօթ է եղբայր։ Ամէնէն առաջ ոսկի տեսար։ Ո՞ր սատանան քեզ ատանկ կապեց դրամին։ Չունէիր, աւելի լայն էիր։ Ունեցար, կը դողաս կոր տասնոցին վրայ։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ ( Միշտ իր մտածումին ) Դուն անոնք չես ճանչնար։ Բերաննին չորս բացած կը սպասեն։ Դրամն ալ տեղին տալու է, եթէ ոչ կը բարկանայ։ Ու մէյ մը երես ընել բռնեց մի, ալ դուն խերը տեսնես։ Նայէ՛, խելքը, վարպետութիւնը, պատրաստը օգուտ կ՚ընէ՞։

ՓԻՇԹՕՖ Դուն ըսել է անկարեւոր կը նկատես կոր սա խնդիրը։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Ատանկ բան չ՚ըսի։ Բայց ադ Սուքիաս էֆէնտին ի՛նչ ընէ պիտի։ Աղերսագիր մը չէ՞ գրելիքը։ Ատկէ անդին։ Ատանկ գործի մը համար կէս ոսկին կ՚օգնէ, կ՚աւելնայ։ Դուն մօտեցիր անգամ մը, նայինք յիսունէն վար կ՚իջնա՞յ։ Է, ինչո՞ւ տամ։ Աւելորդ է, անարդար է ատիկա։ Ես նախապաշարուած մարդ եմ, չեմ կրնար դրամը հովին տալ։ Ետքէն երեսը դարձնէ նէ։

ՓԻՇԹՕՖ Խօսք բացա՞ծ ես որ ատանկ վստահութիւնով կը դատապարտես։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Ես չ՚իյտե՞մ։ Ազգային գործ է։ Շիտակը եթէ նայիս, պարտականութիւննին է ադ ամէնը՝ ձրի ընել։ Բայց` ձգէ ձրին. ելլաս սանկ էսնաֆճա բան մը տաս ալ, քիթերնին չեն դներ։ Է, տուր, տուր։ Տաճկին՝ տուր, գաղիացիին տուր, անգլիացիին տուր։ Հայու մը կտորի՞ն ալ։ Ատիկա չի տարուիր։ Նայէ, շատ կու գայ։ Ես Սուքիասին ըրածը կրնամ ընել. փառք Աստուծոյ, գրել ալ գիտեմ։ Ինչո՞ւ տամ։

ՓԻՇԹՕՖ Եղբայր, անիկա մինակ աղերսագիրին համար կարեւոր չէ։ Ներսէ մարդ է, Պատրիարքին հետ քիթ քիթի։ Անոր խօսքը, միջամտութիւնը, հետապնդումը ուրիշ է։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Ադ անօթիին ալ խօսքը բան արժէ նէ։

ՓԻՇԹՕՖ Քեզի համար դրամ չունեցողը մա՞րդ է որ։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Հարկաւ։ Խելք ունի եղեր։ Թող թթուն դնէ որ չհոտի։ Խելք ունեցողը դրամ ունեցողն է։ Ասկէ անդին իմ գլուխս բան չի մտներ։ Խելք ունեցողը ատանկ չանթան մինակ թուղթ լեցուցած տո՞ւն կու գայ, ատանկ պապունի պէս կը հագո՞ւի. շատ բան գիտէ եղեր։ Սանթիմ չարժեր անօթի ձգող գիտութիւնը։ Ես ոչ անոր կ՚երթամ ոչ ալ ձրի դրամ կու տամ մարդու։

ՓԻՇԹՕՖ Անանկ է նէ, նորէն մարգարէութիւն մը ընեմ քեզի, տեսնաս պիտի կնիկդ պիտի բաժնուի, ճիշդ ուզածին պէս մեզ ջուլի վրայ՝ նստեցնելով։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Աշխարհին վերջը չենք։ Փողոցին տղան անգամ գիտէ անոր ինչ ապրանք ըլլալը։

ՓԻՇԹՕՖ Դուն տեսնաս պիտի։ Անպատիւ, բոզ, բայց դուն անիրաւ ելլաս պիտի։ Եւ անիկա իր ամբողջ ուզածները առնելէ ետքը քաշուի պիտի։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Աշխարհին վերջը չէ կ՚ըսեմ քեզի։

ՓԻՇԹՕՖ Դուն քեզ ատանկ մխիթարէ։ Դուն տակաւին մի երթար Դատաստանական Խորհուրդին, Պատրիարքին ականջը մի սխմեր։ Թող անիկա վճիռը ձեռքը գայ, ինտոր որ կը պարծենայ նէ, ան ատեն կը տեսնուինք։ Այ սիրտ չունիմ։ Դուն խօսքով չես հասկնար։ Ես իմ պարտականութիւնս կատարեցի։ ( Կը կենայ ոտքի։ Ձեռագործին կծիկը կը դնէ գոգնոցին գրպանիկը եւ կը շտկուի դուրս

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Ո՞ւր։

ՓԻՇԹՕՖ Սենեակս։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Կանուխ է, նստէ՛։

ՓԻՇԹՕՖ Յոգնեցայ խօսելէն։ Կը բարկացնես կոր ( Ժամացոյցին նայելով Արդէն հիմա Միւսիւ Տինանեանն ալ կու գայ։ Դուն հոգի պիտի չկրնաս տալ։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Ինչո՞ւ։

ՓԻՇԹՕՖ Ինտոր զատուիս պիտի դրամէն։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Փարան պատուհանէն դուրս նետելը մեղք է։

ՓԻՇԹՕՖ Միւսիւ Տինանեանին տրուածը ըսել է պատուհանէն դուրս նետուած դրամ է։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Ի՞նչ է հապա։

( Դուռը կը զարնեն կամաց )

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Մտէք:

( Կը մտնէ Տինանեան )

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Օ՜, հրամմեցէք, Միւսիւ Տինանեան, ինչ կայ չի կայ նայինք։

ՏԻՆԱՆԵԱՆ Ի՛նչ կենայ։ Ժամանակները յայտնի են։ Սանկ նանկ կ՚երթանք։ Այսօր քեզի շատ սպասեցին։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Ո՞ւր։

ՏԻՆԱՆԵԱՆ Պատրիարքարանը։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Թէլէֆոն ըրի որ չեմ կրնար գալ։

ՏԻՆԱՆԵԱՆ Աղէկ բայց, վերջին դատավարութիւնն էր։

ՓԻՇԹՕՖ Ըսել է եղաւ ու դուն չգացիր։ Տէր Աստուած, խենդանամ պիտի։ Ի՛նչ ունէիր։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Ըսի քեզի քիչ առաջ, կարեւոր գործ մը։

ՏԻՆԱՆԵԱՆ Որչափ ալ կարեւոր ըլլար, կրնայիք յետաձգել։ Փաստաբան ալ չունիք։

ՓԻՇԹՕՖ Դուն տակաւին մի բաժնուիր մաղազայէդ։ ( Տինանեանին ) Իրա՞ւ, եղա՞ւ։

ՏԻՆԱՆԵԱՆ Գործով Պատրիարքին գացեր էի: Հոն ըսին որ ատ ալ եղաւ լմնցաւ։

ՓԻՇԹՕՖ Է, շլխթին հոն էր։

ՏԻՆԱՆԵԱՆ Տիկի՞նը։ Այո՛, փաստաբանին հետն էր։

ՓԻՇԹՕՖ Ով գիտէ ինչ ուրախ է։

ՏԻՆԱՆԵԱՆ Այո՛, բոլոր իր պահանջները գոհացուցեր են։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ։ Ինչ անարդարութիւն էֆէնտիմ. կը բողոքեմ։

ՓԻՇԹՕՖ Դուն տակաւին քանի մը ոսկիի խնայողութիւնը մտմտայ։ Անդին թող հազարները կորսուին։ Ով գիտէ ինչպէս աղէկ աղէկ պայմաններ անցուցած է։

ՏԻՆԱՆԵԱՆ ( Կամաց ու գրեթէ քիթին տակէն ) Այդպէս կը ստեն։ ( Դռան մէջտեղէն Անժէլը )

ՏԻՆԱՆԵԱՆ Կամաց, աղջիկդ։

ՓԻՇԹՕՖ Կամացը ինչ է, չէ որ իմանայ պիտի։

ՏԻՆԱՆԵԱՆ Ամէն բան յարմար եղանակովը։ Մօրը չափազանց կապուած է։ Մէկէն ի մէկ աղէկ չի փախիր։ ( Անժէլ դուռին մէջն է արդէն Ժամը եկած է, Անժէլ։

ԱՆԺԷԼ ( Կէս ոտքը սեմէն ներս ) Այո՛, Միւսիւ, քիչ մը անցած նոյնիսկ։

ՏԻՆԱՆԵԱՆ Հոգ չէ, քիչ մը աւելի ուշ կը վերջացնենք։ Դուն հիմա գնա սա իմ սուրճս պատրաստէ։ Ես կը հասնիմ ետեւէդ։ Շաքարը շատ չփախցնես։ ( Անժէլը կը քաշուի Ինծի նայեցէք։ Աս աղջիկը պէտք է լաւ գործածէք։ Այնքան զգայուն է որ կը վախնամ որ բան մը կ՚ըլլայ։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Բան մըն ալ չըլլար։

ՏԻՆԱՆԵԱՆ Բան չըլլար ըսելով չեն անցնիր Մարգարեան էֆէնտի։ Ասիկա սովորական մէկը չէ։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Ձգէ դուն ադ խօսքը հիմա։ Պատրիարքարան ուրիշ ինչեր խօսեցան։

ՏԻՆԱՆԵԱՆ Շատ բաներ։ Բայց միտքս չէ։ Արդէն Տիկինը հիմա կու գայ։

ՓԻՇԹՕՖ Հո՞ս պիտի գայ։

ՏԻՆԱՆԵԱՆ Հապա ո՞ւր։

ՓԻՇԹՕՖ Չեմ ընդունիր, դուռը չեմ բանար։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Ոտքերը կոտրտին։

ՏԻՆԱՆԵԱՆ Բայց սխալ կը հասկնաք կոր կարծեմ։ Չէ որ բաժնուիք պիտի։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Է, այո՛։

ՏԻՆԱՆԵԱՆ— Ճիշդ ատոր համար պիտի գայ ինծի թուղթ ալ ցուցուց։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Որ թուղթը։

ՏԻՆԱՆԵԱՆ Դատաստանական Խորհուրդին վճիռը։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Կարդացի՞ր։

ՏԻՆԱՆԵԱՆ Ո՛չ, բայց պարունակութիւնը յայտնի է, չէ՞։

ԱՆԺԷԼ— ( Դուրսէն կէս մը ներս հակած ) Հրամմեցէք, Միւսիւ։

ՏԻՆԱՆԵԱՆ— Ինծի ներողութիւն ( կ՚ելլէ դուրս

ՓԻՇԹՕՖ ( Բարկացած ) Հիմա հանեցար ըրածիդ։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Կեցիր նայինք, հասկնանք ինչ է եղածը։

ՓԻՇԹՕՖ Ի՞նչ պիտի ըլլայ։ Ես չըսի՞ քեզի, չըսի՞։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Չէ որ չի կրնար ամուսնանալ։

ՓԻՇԹՕՖ Նա՜, խելքիդ մեռնիմ։ Անոր ալ հոգը պիտի ըլլար ամուսնանալ։ Կ՚առնէ կը նստի։ Պատրիարքդ պիտի չերթար թեւէն բռնէր դուրս նետէր մարդը։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Չէ որ չի կրնար ամուսնանալ։

ՓԻՇԹՕՖ Նորէն կը կրկնէ։ Ո՜վ է հարցնողը, ամուսնացեր է թէ ոչ: մինչեւ հիմա հարցո՞ւց քեզի։ Քեզմէ հրաման առա՞ւ։ Կարեւորը անոր շահածն է։ Անիկա աս տունը կ՚ուզէր։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ ( Գլուխը շարժելով ) Աս տո՞ւնը, աս տունը։ Գամ մը անգամ չեմ տար իր մարդուն։

ՓԻՇԹՕՖ Տունն ալ, կարասիներն ալ, կարասիները։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Կոտրած աւել մը անգամ չեմ տար իր մարդուն։

ՓԻՇԹՕՖ Ողորմած Հոգի մօրս գորգը կայ։ Ան ազատէինք։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Քուրջի կտոր մը անգամ չեմ տար ես մարդուն։

ՓԻՇԹՕՖ Վերի պռօն իմս է։ Դուն գիտես ա։ Դուք չամուսնացած ես անիկա շինել տուեր եմ իմ դրամովս։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Տախտակի կտոր մը անգամ չեմ տար իր մարդուն։

ՓԻՇԹՕՖ Դուն նորէն չեմ տար ըսելով տուիր ամէն բան։ Կնկանդ ատենն ալ ատանկ կը պոռայիր պատերուն։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Չեմ տար։ Ասիկա դրամ է, ասիկա ապրանք է, ոսկի է. կնիկ չէ ասիկա, չեմ տար։

ՓԻՇԹՕՖ Մարդ, խպնէ կտոր մը։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Չեմ տար։ Թող ամբողջ աշխարհ գիտնայ։ Ես ճակտիս քրտինքով եմ վաստըկեր։

ՓԻՇԹՕՖ Գիտեմ։ Մանուկեաններն ալ բաժնուեցան։ Թուղթին մէջ ինչ որ գրուած էր, կէտ առ կէտ գործադրեցին։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Ո՞վ, ո՞վ պիտի առնէ ձեռքէս։ Ես եմ անոնց տէրը: Ես Մանուկեան չեմ։

ՓԻՇԹՕՖ Անոր չափ ըլլայիր։ Երկու ամսուան մէջ մաքրեց աղտոտութիւնը։ Քեզի պէս ասանկ երեք տարի, սատկած շունի պէս փողոց, փողոց չքաշեց քաշքշեց։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Ես տասնոց չեմ տար մարդու։

ՓԻՇԹՕՖ Պատերուն դէմ, հարկաւ։ Հիմա կու գան։ Այն ատեն տեսնաս պիտի։ ( Կեցած եւ ուժերը հաւաքողի մը ձեւով ) Ես ան բոզին սորվեցնեմ պիտի, թող դպի իմին ունեցածներուս։ Մատներովս քրիկ քրիկ քրքրեմ պիտի մազերը, թող չտալիք ընէ իմիններս։ Ինծի Փիշթօֆ կըսեն։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Ինծի Մարգարեան կ՚ըսեն, ես զռնըխ չեմ տար մարդու։

ՓԻՇԹՕՖ ( Թեւերու արհամարհական շարժումով Դուն, դուն, գոնէ պատկերներն ալ չեն հաւատար։ ( Փողոցին դուռը կը զարնուի։ Վերէն նայելով ) Աման ա՛ն, է, բոզն է, ան է։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Ա՛ն է։ Մինա՞կ է։

ՓԻՇԹՕՖ Մարդ մը կայ հետը։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Մի բանար։ ( Դուռը նորէն կը զարնուի, աւելի ամուր

ՓԻՇԹՕՖ Նայէ կ՚ամչնայ։ Նայէ ինտոր ամուր կը զարնէ, զանգը կոտրէ պիտի։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Չբանանք:

( Դուռը դարձեալ կը սկսի, աւելի ամուր, երկարաձիգ, արհամարհոտ ու անընդհատ

ՓԻՇԹՕՖ Ի՞նչ ընենք պիտի։

( Դուրսէն Անժէլին ձայնը )

Չէ՞ք լսեր, հայրիկ ( Սանդուխներէն կ՚իջնայ վար: Կը լսուի դուռին բացուելուն ու գոցուելուն ձայնը

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Դուռը բացաւ։

ՓԻՇԹՕՖ Աղջիկդ էր, ես չէի ես։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ— Ես անոր կը սորվեցնեմ։

( Կը մտնեն փաստաբանը, Տիկին Մարգարեան եւ Անժէլ

մտա

ՓԱՍՏԱԲԱՆ Բարեւ ձեզ։

( Պատասխան չի կայ

Տ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Աւելորդ է բարեւը, Պ. Տէրտէրեան։

ՓԱՍՏԱԲԱՆ Պատկառելի Դաստանական Խորհուրդի վճիռովը…

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Ես ատանկ Խորհուրդ չեմ ճանչնար։

ՓԱՍՏԱԲԱՆ Կեցիր նայինք, դեռ բան չեմ ըսած։ ( Թուղթին նայելով ) Վճիռովը կու գամ ձեզի յայտարարելու որ լուծուած է ձեր ամուսնութիւնը։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Հինգ տարի է, մենք զատ կը պառկէինք։

ՓԱՍՏԱԲԱՆ Ատ տարբեր հարց։ Բայց այսօր, 1927 Յունիս 19ի կէսօրին, ժամը երեքը տասնըչորս անցածէն սկսեալ, գոյութիւն չունի ձեր ամուսնութիւնը։ Առաջ կրցիք զատ պառկիլ, բայց չէիք դադրիր, օրէնքին համար, ամուսնացեալներ ըլլալէ։ Կարծեմ կրցայ հասկցնել։ Աս կէտը շատ կարեւոր է։

ՓԻՇԹՕՖ Ատոր կարեւորը ո՞րն է։

ՓԱՍՏԱԲԱՆ ( Դառնալով անոր ) Օ, խնդրեմ. Տիկի՞ն թէ օրիորդ։

Տ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Օրիորդ։

ՓԱՍՏԱԲԱՆ Խնդրեմ, օրիորդ, կեանքին մէջ թիւերը, թուականները շահեկան են գերազանց կերպով մը։ Բայց ներողութիւն, մի ընդմիջէք, աւարտեմ ընթերցումը։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Մտիկ չեմ կրնար ընել։

Տ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Ուզես չուզես։

ՓԻՇԹՕՖ Գոնէ դուն լռէ՛, անպատկառ, լիրբ անպատիւ բոզ։

Տ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ ( Անժէլին նայելով ) Վեր, դասիդ գնա։ Ասոնք նոր չես ճանչնար դուն։

ԱՆԺԷԼ ( Կը նայի, լուռ, տխուր ու գլուխը կախ մէկ կողմէն

Տ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Քեզի կ՚ըսեմ, վեր գնա, դասիդ։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Հոս կեցիր, կեցիր ու իմացիր:

ՓԱՍՏԱԲԱՆ Բայց Պ. Մարգարեան, լաւ չէ որ անմեղ աղջիկներ ասանկ գայթակղեցնող տեսարաններու հանդիսատես ըլլան։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Տղոցը հայրը դուք չէք, Փաստաբան էֆէնտի։ Ես կ՚ուզեմ որ անիկա ներկայ ըլլայ, համոզուելու համար որ իր մայրը ինչ տեսակ ճիւաղ մը եղած է։

ՓԱՍՏԱԲԱՆ Ատկէց ինչ օգուտ, վնասէն զատ։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Ադ իմին գիտնալիքս է։ Դուն չես կրնար խառնուիլ։

Տ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Վեր ելիր, Անժէլ։

ԱՆԺԷԼ ( Արցունքը աչքին դուրս կ՚ելլէ

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ ( Դուրս նետուելով ձեռքէն բռնած ներս կը բերէ ) Կեցիր կ՚ըսեմ քեզի։ Ես քու հայրդ եմ ու օրէնքը քեզ ինծի կը ձգէ։

ՓԱՍՏԱԲԱՆ Այո՛։ Օրէնքը բացորոշ է ձեզի համար։ Բայց հոգեբանօրէն, իբր հայր, լաւ կ՚ըլլար որ խնայէիք անոր այս տեսարանը։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Ինծի դաս տալու չափ առաջ մի երթար։ ( Աղջկանը ) Հոս կեցիր աղջիկս, կեցիր ու լսէ։ Տե՛ս ադ աչքերովդ ու ա՛լ կեանքիդ մինչեւ վերջը մի մոռնար աս կնիկը։

Տ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Անխիղճ մարդ, ինչո՞ւ կը չարչարես աղջիկը։ Չես տեսնար, հիմա գետին իյնայ պիտի։

ՓԻՇԹՕՖ Դուն, աներես կնիկ, դուն չես խառնուիր։ Դուն անոր մայրը չես որ։ Մայր ըլլայիր, կը մեղքնայիր քիչ մը։ Նշանած աղջիկ է. ինտոր աս կրակները բերիր գլխուն։

Տ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Քեզի չեմ զիջանիր պատասխանելու։

ՓԻՇԹՕՖ ( Փրփրած ) Չես զիջանիր, չես զիջանիր։ Ես քու տեղդ ըլլամ, մեծ քար մը կը կախեմ ճիտիս, կ՚երթամ ծով կը նետեմ ինքզինքս։ Քեզմէ վար կնիկ ալ ո՞ւր կայ։ Բերանս բանա՞լ պիտի տաս։ ( Աղջկան նայելով ) Անժէլ, վեր ելիր աղջիկս։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Թող կենայ։

ՓԻՇԹՕՖ Դո՛ւն լռէ։ Չես գիտեր։ Ելիր զաւակս։ Աւելի լաւ է որ աղջիկները բնաւ չի լսեն աս խօսքերր։ Աստուած քեզի հեռու պահէ ասանկ օրերէ ու սնանկ մօրմէ։

Տ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Ելիր վեր, Անժէլ։

( Անժէլ կ՚ելլայ։ բուռ ու գլխահակ

ՓԻՇԹՕՖ ( Դուռը ետեւէն գոցելէ ետք ) Բա դուն բերան բանալիք տեղ ունի՞ս։

ՓԱՍՏԱԲԱՆ Խնդրեմ, ասոր կռիւը եղած վերջացած ըլլալու է։ Նորէն նոր ինչ հարկ սկսելու։

ՓԻՇԹՕՖ ( Փաստաբանին ) Դուն ո՞վ կ՚ըլլաս կոր։ Գործիդ նայէ։ ( Տիկինին դառնալով ) Քա, քեզի կ՚ըսեմ, դուն բերան բանալիք տեղ ունի՞ս։

ՓԱՍՏԱԲԱՆ Խնդրեմ, ատոնց ատենը չէ հիմա։ Եղածը եղած է։ Գանք մեր գործին։

ՓԻՇԹՕՖ Ի՞նչ է քու գործը:

ՓԱՍՏԱԲԱՆ— Շատ որոշ։ Վճիռը գործադրենք պիտի։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Ես ատանկ վճիռ չեմ ճանչնար։ Չեմ թողուր ուր որ բերանդ բանաս։

ՓԱՍՏԱԲԱՆ Այդպէս կ՚ըսուի. գրեթէ սովորութիւն է ալ։ Ես վարժուած եմ։ Բայց իրար կը հասկնանք, կը կակուղնաք։ Աւելի աղէկ է երթամ քանի մը պատուաւոր ազգայիններ հրաւիրեմ, թող անոնք համոզեն ձեզ։

ՓԻՇԹՕՖ Գնա կորսուէ. ով կուզես ան բեր։ Մինակ ձգէ մեզի։ Գնա դուրս։ ( Ձեռքովը կռնակէն կը հրէ

ՓԱՍՏԱԲԱՆ Օ, խնդրեմ, դուք շատ կրակոտ էք։ Մենք օրէնքի մարդերն ենք ու անձեռնմխելի։

Տ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Պ. Տէրտէրեան, պիտի երկննայ։ Դուք իջէք վար, բերէք քանի մը մարդ, Սուքիաս էֆէնտին ալ մի մոռնաք։

ՓԻՇԹՕՖ— Քա վույ, ձիւնը գլխուս։ Ան ալ բռներ է։ Սուքիաս էֆէնտին պէտք չէ մտնէ աս դուռնէն։

Տ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Քու ըսելովդ ըլլայ, աղէկ։ ( Փաստաբանին ) Դուք գործերնուդ։ ( Փաստաբանը կ՚իջնայ վար

ՓԻՇԹՕՖ ( Ակռաները կճրտելէն ) Բոզ, բո՛զ, բոզ։ Ակռաներովս բզկտեմ, նորէն չի պաղիր սիրտս։

Տ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Հարկաւ. փատցած աղջկան սիրտ է։ Դիւրին դիւրին կը պաղի՞։

ՓԻՇԹՕՖ ( Վրան բարձրանալով ) Տակաւին երե՞ս ունիս մարդու վրայ խնդալու։ Պոլիսին մէջ չեղածը, չլսուածը ըրիր, անաստուած կնիկ։ Երիտասարդութեանդ ըլլար, այնքան պիտի չվառէի։ Քառասունին մէջ, ո՞ւր տեսնուեր է, ո՞ւր։

Տ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ ( Հանդարտ ) Քեզի չեն հարցներ, դուն իմ էրիկս չես։

ՓԻՇԹՕՖ ( Մարգարեանին ) Էրիկդ հոս է։ Չե՞ս լսեր` դուն խօսէ. սըւոր երկու կտոր կծու բան ըսէ, քիչ մը զովանայ հոգիս։ ( Կը նստի, թաշկինակով հով տալով երեսին

ՏԻՆԱՆԵԱՆ ( Յանկարծ աղմուկով ներս վազելով ) Աղջիկը անդին նուաղեցաւ. դուք հոս իրար կ՚ուտէք։

Տ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ— ( Կը նետուի դէպի դուռ

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ ( Բռնելով ) Կեցիր, անոր ձեռք չեն կրնար մօտեցնել, կը պլշկի Փիշթօֆ. գնա, Միւսիւ Տինանեանի հետ արթնցուցէք:

ՓԻՇԹՕՖ Չէ, ես անոր հետ չափուիմ պիտի։

ՏԻՆԱՆԵԱՆ Ժամանակ կայ չափուելու. եկէք տղան արթնցնենք առաջ. ետքը կանգունը ես կը բերեմ։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Գնա կ՚ըսեմ քեզի ( Փիշթօֆ կատաղի ու կողմնակի ակնարկով մը կը քաշուի դուռը կամաց մը գոցելով Հիմա սիրտդ բան մը չըլլա՞ր։

Տ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Քեզմէ չեն հարցներ ատիկա։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Ձգէ ադ կատուի ձայնը։ Եղիր, ինծի պէս։ Կը հարցնեմ քեզի, կտոր կտոր չըլլա՞ր ադ սիրտդ։

Տ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Ախ, հիմա՞ կը հարցնես սիրտին տեղը, հիմա՞։ Այն չափ տարի ես աշխատեր եմ՝ անոր տեղը գուշակելու, երեւան հանելու քու մօտդ ու չեմ գտեր, մարդ, չեմ գտեր։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Վերէն մի խօսիր։ Հարցումիս պատասխանը մինակ տուր։ Ինտոր վրայ կ՚երթայ քու ադ սիրտդ։ Ինտոր խիղճդ թողուց քեզի որ ինծի ասանկ քաղաքին լեզուն ձգես, զաւակներուդ վրայ ասանկ անպատուութիւն մը նետես։ Ինտոր։

Տ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Կուշտ եմ այդ բոլորէն։ Ուրիշ բան գիտե՞ս։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Չէ, տակաւին քեզի ուղղակի չեմ բացուած։ Երեք տարուան քէնը արգիլեց որ ես քեզի հետ խօսիմ։

Տ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Քոյրդ երկուքնուդ տեղն ալ խօսեցաւ ու պէտք եղածէն շատ աւելի։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Դուն ձգէ քոյրս։ Ինծի ուղղակի պատասխան տուր։

Տ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Քեզի պատասխանելիք չունիմ։ Վերջին օրն է ասիկա ու դուն կ՚ուզես սկիզբները իջնալ։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Բան մը կայ որուն խելք չեմ հասցուցած։ Ան ալ ինչո՞ւն է, ինչո՞ւ ըլլար ասիկա։

Տ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Ինչո՞ւ։ Կը զարմանամ որ գոնէ ատիկա կը հարցնես։ Մտքէդ անցա՞ւ, ամբողջ տասնըհինգ տարի օր մը գոնէ ինծի հարցնել թէ ինչպէս ապրեցայ ես քու քովդ։ ( Կը կենայ։ Ծանր ու թախծոտ շեշտ ) Հիմա ատենը անցած է ալ։ Ամէն բան վերջացած է մեր մէջ։ Նայէ որ զաւակներդ մարդ ըլլան ու քեզի պէս չմեծնան։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Ի՞նչ ունիմ որ։

Տ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Դուն ի՛նչ ունիս, կը հարցնես։ Դուն ինքզինքդ մարդու տեղ կը դնես ըսել է։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Մինսկ ես չեմ, ամբողջ քաղաքը գիտէ իմ ով ըլլալս։

Տ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Ամբողջ քաղաքը մարդերուն դուրսը կը տեսնայ։ Ինչ որ ես կը տեսնեմ տեսայ քու հոգիէդ ներս, անիկա ամբողջ աշխարհէն՝ հեռու կը մնայ։ Ու տեսա՞ծս։ Թող երթայ ու չգայ։ Ինչո՞ւ կը բանաս, ինչո՞ւ ես ալ քեզի յարմարելով ետ կ՚երթամ։ Ադ օրերն ալ կը նմանին ինծի համար գէշ երազի մը որ գնաց։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Առջի տարինե՞րն ալ։

Տ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Ամուսնութեանս երկրորդ իրիկունէն կը սկսի այդ երազը։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Ես ինչպէս լուր չեմ ունենար։

Տ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Դուն ինչէ՛ն լուր ունեցար որ։ Դուն քու մաղազայէդ դուրս, քու ապրանքներէդ դուրս ինչ բան է լուր ունիս։ Քեզի պէս մա՜րդ։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Ես ինչի՞ պէս եմ որ։

Տ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Ինչպէ՞ս։ Դուն քալող վաճառատունն ես. դուն երկաթի տէբօ ես, փարայի քասա։ Ասոնցմէ դուրս ոչինչ ես եղած։ Սանկ, կեցիր ու նայէ անգամ մը ետ։ Օր մը, գոնէ ժամ մը, հոգիդ բացիր իմ վրաս. տաք, անուշ աչք մը կրցա՞ր նետել իմ վրաս։ Մտածէ ու պիտի տեսնաս որ ոչ։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Ուրիշներո՞ւնը եղայ։

Տ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Ուրիշներո՜ւն։ Ատոր համար սիրտդ տարբեր նիւթէ պէտք է շինուած ըլլայ։ Վերջապէս ատ ալ սիրելու մէկ ուրիշ ձեւն է։ Մինչդեռ քու ճիւաղութիւնդ հոն է որ սիրել չես գիտեր։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Զաւակնե՞րը։

Տ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Գիտէի թէ ատ պիտի պատասխանէիր անմիջապէս։ Բայց սէրը անկողինէն դուրս է։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Ատոր խելքս չի հասնիր։ Քեզի չափ չեմ կարդացեր։

Տ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Կարդալու պէտք չի կայ ատիկա զգալու համար։ Սերը դուրս է անկողինէն ու քեզի կրնամ հաստատապէս ըսել որ աշխարհի ամէնէն դժբախտ մարդը դուն ես մինակ։ Ամէնէն աղքատը, ամէնէն տգեղը, ամէնէն յուսահատը սիրել գիտէ ու ասիկա ամէնէն մեծ փոխարինութիւն մըն է։ Դուն քու նմանը չունիս Աստուծոյ արարածներուն մէջ։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Ըսել է ես եմ յանցաւորը։

Տ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Քեզի յանցանք ու յանցաւոր հարցնող չի կայ։ Ես քեզի կը ցուցնեմ քու

հոգիդ, այնպէս ինչպէս որ է անիկա։ Քու հոգիդ ծայր չունեցող սառնարանն է ուր ձիւնէն զատ ոչինչ կ՚իյնայ։ Քու հոգիդ երկաթէ հիւսուած բանտ մըն է, զոր շինողը ձգեր է դարերով եւ որուն պատերուն ոչ մէկ շունչ ու ոչ մէկ լոյս կու գայ, հանգչելու։ Հէքիաթ է ասիկա, բայց իրաւ, ահաւոր կերպով իրաւ հէքիաթ մը։ Մեղք որ կարդացող չես։ Այն ատեն կը հասկնայիր իմ սարսափիս աստիճանը։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Ադ կարդալը չէ՞ր որ գլուխդ կերաւ։

Տ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Եթէ կարդալը չըլլար, մեռած կամ մեռցուցած կ՚ըլլայի։ Քեզ անանկ եմ ատեր, այնքան ուժով որ ակռաներս վրայ եմ տուեր ետեւէդ կճրտեցնելով։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Մեղք ինծի։

Տ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Մեղք քեզի՜։ Քարին անձրեւն ինչ օգուտ։ Դուն գութէ, յուզումէ դուրս մարդ ես։ Ու մեծ է զարմանքս այս պահուն երբ քեզ քիչ մը փոխուած կը գտնեմ։ Ետ դարձիր, մա՛րդ, եւ անցած քսան տարիները, մէկ օրուան պէս, մեծ թուղթի մը պէս փռէ քու առջեւդ։ Նայէ։ Կէսը շուք է այդ քարտէսին, վերջալոյս մը որ նիւթը տուաւ իմ ցորեկներուս։ Իմ ցորեկնե՜րս. անարձագանգ, սառն, մռայլ ու միօրինակ։ Երկաթէ այս տունին մէջ, ամէն օր կրկնուող մահուան մը պէս եղերական, իմ ցորեկներս։ Ու այդ ստուերին մէջ տեսիր զիս, հէքիաթի աղջկան մը պէս, մազերովս փաթթած մարմինիս ամօթը երբ ետեւէս քոյրդ, քու ուրականիդ պէս քու չարչարանքդ կը շարժէ գլխուս վերեւ։ Ես ասանկ եմ ապրեր իմ ցորեկներս։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ ( Կ՚ուզէ ընդմիջել ձեռքովը, արգիլելով որ խօսի

Տ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Մի ընդմիջեր։ Ալ բացի, պէտք է որ վերջացնեմ։ Իմ գիշերներս։ Միւս մասն է քարտէսին։ Ինչ կայ այդ սեւութեան խորը։ Երկաթէ մահճակալ մը նորէն, անոր մէջ քու հոգիիդ կմախքը, քու հոգիէդ աւելի տգեղ քու մարմինդ։ Մտիկ ըրէ, մի արգիլեր։ Ու այդ կմա՛խքը, որ պարբերաբար կ՚ելլէ գերեզմանէն ու կու գայ իր սառոյցը, իր մեռելութիւնը փռելու իմ կուրծքիս։ Ամէն համբոյրդ սառոյցէ գամէ մը աւելի խոր է մխուած սրտէս ներս։ Ու դուն չես կրնար ըմբռնել թէ ինչ պէտք է ըլլայ սարսափը որ կրկնուած է տարիներով երբ դուն, այդ մեռել մարդը, առանց բերնէն բառ մը արտաբերելու երկնցուցած է իր մատները իմ միսիս ու կերած, գրեթէ լափած է անոնց շնորհը, ամէն օր կրծուող բայց ամէն օր բուսնող այն թարմութիւնը որ երիտասարդութիւն կը կոչուի։ ( Կը կենայ ) Ես այսպէս եմ ապրեր քու մօտդ։ Հիմա գոնէ հասկցիր։ Ու եթէ այդ մարդը բերած չըլլայիր, նորէն կ՚ըսեմ, ես համակերպած ճակատագրիս, պիտի երթայի վերջին գերեզմանին։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Ես չբերէի, դուն գտնայիր պիտի։

Տ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Տգէտ ես, անսիրտ ըլլալու չափ։ Փնտռողը կը գտնար աւելի կանուխէն երբ մարմինը տակաւին չէ յոգնած։ Ու ես տարեր եմ այդ ամայութեան տարիները, ակռաս սեղմած, ես ինծի տուած կտոր մը կապոյտին որ ամէն հոգիի մէջ պէտք է մնայ։ Առանց այդ ապաստանին ու առանց սիրո՞յ։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Ինչու ոչինչ յայտնած ես այդ ամէնէն։

Տ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Ասոնք ըսուելիք բաներ չեն։ Մենք անդադար կռիւ ենք ըրած, սիրելու տեղ։ Ինչո՞ւ կը կռուէի հետդ, օր մը չհարցուցիր դուն քեզի։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Փիշթօֆն էր պատճառը. ալ ի՞նչ փնտռել։

Տ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Փիշթօֆը դուրսէն երեւցածն է, Փիշթօֆ խրտուիլակ մըն է։ Կռիւը առանց քու գիտութեանդ, կը փրթէր քեզմէ երբ տուն կը դառնայիր անիծեալ մաղազայէդ։ Ճաշի սեղանին կը կարդայիր քու թերթդ։ Կռիւը կը փրթէր այն վայրկեանէն երբ դուն սպասուհիէն սուրճդ կ՚առնէիր, առանց կնոջդ վրայ նայուածք մը նետելու եւ աչքերդ կը գոցէիր երկու բառ անգամ չփոխանակած ինծի հետ։ Կռիւը կար նորէն գիշերուան լռութեան մէջ երբ քու անկողինիդ մէջէն կը բարձրանար քու խռչտուքդ ահաւոր, սարսուռ նետելով պատերուն եւ հոգիիս էն խորունկ անկիւններուն։ Քանի քանի անգամ, բռունցքս սեղմած, փորձուեր եմ խեղդելու քու ատ կոկորդդ որ խորդալ միայն գիտցաւ ու չհանեց ոչ մէկ գորովի վանկ։ Հասկցա՞ր հիմա թէ կռիւը ուրկէ կը փրթէր։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Ինչո՞ւ չըսիր ատոնք, ան ատեն։

Տ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Նորէն հին հարցումդ կը կրկնես։ Ի՞նչ շահ։ Ի՞նչ կրնայի սպասել քենէ։ Անկարելի էր քեզ դարձնել սիրոյ կեանքին. այնքան մինչեւ մազերդ մխրճուած էիր գործերուդ մէջը։ Զաւակներուս մէջ աշխատեցայ ինքզինքս նետել։ Անոնք ալ ուզեր ես քեզի պէս կաղապարել։ Ինծի չխօսեցար, չխօսեցար դարձեալ աղջկանդ հետ որ շուկան կը հեռացնէր քեզմէ։ Բայց Զաւէնդ երեք տարեկանին, աղիւսակը կը ջանայիր գոց սորվեցնել ու ծունկերուդ առած թուաբանութեան դաս կու տայիր։ Ասկէ ահաւոր ոչինչ կար։ Ինչո՞ւ կը յիշեմ։ Դառն է այս պատկերը։ Գոցէ այդ օրերը, որովհետեւ, նայէ, նոյն զգացումները ոտքի կ՚ելլան իմ մէջս ու կը տարուիմ ատելու քեզի, երբ ալ ինծի համար գոյութիւն չունիս:

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Քեզի համար մեռա՞ծ է աս տունը:

Տ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Մեռած ես դուն ալ, տունդ ալ, քեզ յիշեցնող բոլոր բաներն ալ։ Անշուշտ լաւ կ՚ըլլար եթէ առաջին օրէն այսքան քաջութիւն ունեցած ըլլայի։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Քեզի հետ անկարելի է խօսիլ։

Տ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Անանկ հանգիստ եմ ես, գիտնաս, նախանձիս պիտի։ Չըլլային տղաքը նորէն կը սկսէի ապրիլ ( կը մտնէ Փիշթօֆ

ՓԻՇԹՕՖ Հազիւ արթնցուցինք։ Մայր ըլլայ պիտի, օտարինն ըլլայ, մարդ կը հետաքրքրուի. քարէ սիրտ. ինչ մարդ է բերեր քեզ։

Տ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Քեզմով զբաղելու ատենն ա՛լ անցած է, գիտես։

ՓԻՇԹՕՖ Ես դիւրին դիւրին ռաֆը դրուելիք չեմ։ Չես ազատիր իմ ձեռքէս։

Տ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Հոս եկած էի չբարկանալու, չյուզուելու երդում ընելով։ Բայց քար ձայնդ, քու կռնծած պառաւի ձայնդ անկարելի կ՚ընէ կոր ատիկա։

ՓԻՇԹՕՖ Պառաւը դուն ես։ Ես տակաւին աղջիկ եմ, աղջիկ։ Նայէ, աչքերուդ եզերքը կաշիդ փոթ է կապեր` տարիէն կը տեսնանք քեզի։

Տ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Քեզմէ չեն հարցներ ատիկա։ Դուն ձայնդ կտրես, լաւագոյն բանը կ՚ընես։

ՓԻՇԹՕՖ Ես կտրեմ։ Պոռացող մը կայ նէ, ան ալ ես եմ, ուրիշ մարդ չգիտնաս։ Ասիկա նորէն գորտի պէս առտուն երթայ իրիկունը գայ պիտի։ Իմին կեանքս պոռալով պիտի անցնի։ Պոլիսին բոլոր թաղերը պտտիմ պիտի։ Բոլոր դռները երեսիդ գոցել տամ պիտի։ Լրագիրներու մէջ պատկերդ անգամ, իմ ծախքովս, դնել տամ պիտի։ Օր մը հանգիստ պիտի չունենաս։ Քու ամօթդ քեզի պիտի դառնայ հազար բերնէ մեծցած ու ծերութեանդ հիւանդանոց, ծերանոց իյնաս։ Էյ, երկնքի Աստուածը։ Ասոր պատիժը մեր ձեռքէն դուրս է. դուն ըրէ, անանկ ըրէ որ աշխարհքին օրինակ դառնալ։

Տ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Կախարդ ըլլալու ոչինչ մնաց։

ՓԻՇԹՕՖ Դուն ես կախարդը։ Դուն ես ուրիշներուն խելքը գլուխէն առնողը, տուն աւրողը, տուն։ Աստուած գայ խախէդ։

Տ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ ( Մարգարեանին ) Դուրս հանէ, ջիղերուն կը դպի կոր։

ՓԻՇԹՕՖ Ջիղերուդ կը դպիմ կոր, Հէ։ ( Ակռաները սեղմելէն ) Քու հոգիիդ պիտի դպիմ։ Ամէն շարժումիդ, ամէն քալելուդ, ամէն ելլալուդ ու իջնալուդ, քու ետեւէդ պիտի պտտիմ քու շուքիդ պէս։ Քու խղճիդ կարթը պիտի ըլլամ ու աշխարհին չըրածը ընեմ պիտի հոգիիդ։ Կը վախնա՞ս։ Դեռ նոր կը սկսի։

( Կը մտնեն փաստաբանը, Սուքիաս էֆէնտի, երկու պատուաւոր թաղեցիներ, ակնոց ու վայէլ զգեստ ):

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ ( Փիշթօփին ) Կտրէ ձայնդ։

ՓԱՍՏԱԲԱՆ Խնդրեմ, ունկնդրութեան ատեանը բացուած է։

ՍՈՒՔԻԱՍ Նիստը ապօրէն է։ Տղաքը ո՞ւր են։ Անոնք ներկայ չեղած անկարելի է ընթերցումը։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Տղաքը ինչ գործ ունին ասոր մէջ։

ՓԱՍՏԱԲԱՆ Այո։ Անոնց համար ալ յօդուած կայ վճռագրին մէջ։ Պէտք է անոնց ալ ներկայութիւնը։

ՓԻՇԹՕՖ Ատիկա գրողին բարեւ զրուցէ ինձմէ ու ըսէ որ երբ իր գլխուն գայ ասանկ բան մը ան ատեն տղաքը խառնէ։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Չեմ ուզեր գան։

ՍՈՒՔԻԱՍ Չըլլար, Մարգարեան էֆէնտի, ետքէն, խնդիրը դատարան իյնայ, պատասխանատու է փաստաբանը։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Դատարան գացողը ով, պատասխանատուն ով։ ( Փաստաբանին ) Տէ, շուտ կարդա, լմնցուր։

ԹԱՂԵՑԻ ՄԸ Մարգարեան էֆէնտին հում մարդ չէ։

ԹԱՂԵՑԻ ՄԸ Հա՛։ Հա՛։

ՓԱՍՏԱԲԱՆ Ըսել է հարկ չէք տեսներ տղաքը։ Այն ատեն մտիկ ըրէք։ Պատկառելի Կեդրոնական Վարչութեան Դատաստանական Խորհուրդը իր ԼՃ նիստին մէջ, վերջնական դատավարութենէ զկնի, լուծեալ համարեց Տէր եւ Տիկին Մարգարեան ամուսնութիւնը, զրկելով կինը վերամուսնութեան իրաւունքէն։

ՓԻՇԹՕՖ Oխ։ Աշխարհի վրայ արդարութիւնը չէ մեռեր ըսել է։

Տ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ— ( Ժպտալով ) Սպասէ:

ՓԱՍՏԱԲԱՆԸ ( Շարունակելով ընթերցումը ) Միւս կողմէն կը պարտաւորէ Պ. Մարգարեանը Տիկին Մարգարեանին վերադարձնելու Մագրի-Գիւղ Նաւամատոյցի ճամբուն թիւ տասնըհինգ տունը։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Ա՞ս տունը։

ՓԱՍՏԱԲԱՆ ( Իր ընթերցումը շարունակելով առանց թէմբոն աւրելու ) Թիւ տասնըհինգ տունը իր ամբողջ ( շեշտով ) կարասիներովը։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Ա՞ս տունը։ Ա՞ս կարասիները։

Տ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Անշուշտ։ Ասիկա իմ հօրս տունն է։ Դուն ինչ ունիս մէջը։

ՓԻՇԹՕՖ Անիկա, դրամօժիտը։ Ո՞ւր տեսնուեր է որ դրամօժիտը ետ տրուի։

ՓԱՍՏԱԲԱՆ Երբ ծախսուած ըլլայ, բնականաբար անիմաստութիւն պիտի ըլլար ատանկ պահանջ մը։ Բայց երբ, ներկայ պարագային նման, կը մնայ անշարժ, օրէնքը կը տրամադրէ որ իր նախնական տէրոջը յանձնուի։ Ասիկա պետական օրինագիրքերէն ներշնչուած կարգադրութիւն մըն է որուն դէմ ձեր բոլոր բողոքները ու առարկութիւնները ի սկզբանէ կանչուած են անզօր մնալու։ Այնքան վճռական է այդ յօդուածին հեղինակութիւնը։

Տ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Ինչու պաղած պաղած կը նայիս ինծի։ Պապայիս տո՞ւնն ալ քեզի պիտի տայի։

ՍՈՒՔԻԱՍ Մարգարեան էֆէնտի, ասիկա օրէնք է, ամէնուն համար ալ։ Մինակ քեզի չէ որ ցաւիս։ Քսան տարի է սա գործերուն մէջն եմ ես. յիսուն անգամ պատահած եմ ասանկին։

ՓԱՍՏԱԲԱՆ Տունի եւ կարասիներուն առարկութիւնը ձայն բարբառոյ յանապատի է։ Սկսինք կարասիներու ցանկը պատրաստելու։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Ինչո՞ւ։

ՓԱՍՏԱԲԱՆ Շատ պարզ պատճառով մը։ Այս ժամուն, երբ վճիռը վկաներու ներկայութեան հաղորդուեցաւ ձեզի, կը դադրիք այս տունին մէջ որեւէ բան ըլլալէ։ Օրէնքով հիմակ իսկ ձեր գլխարկը եւ հովանոցը առած դուրս պէտք է ելլաք։

ՓԻՇԹՕՖ Ո՞ւր տեսնուեր է ասանկ անարդարութիւն ( կատաղի

ՓԱՍՏԱԲԱՆ ( Ինքզինքը չաւրած ) Բայց թաղին մէջ ձեր վայելած յարգանքը մեզի կը թելադրէ աւելի պատուաւոր լուծում մը։ Ձեզի միջոց կը տրուի տուն մը գտնելու չափ։ Մինչեւ այդ ատեն կրնաք հոս մնալ։ Բայց որպէսզի օրէնքը տառ առ տառ գործադրուի, հարկ է որ բոլոր կարասիները մակագրենք, ցանկը անցընենք որպէսզի վերջէն անպատեհութիւնները խնայուած մնան։

ՓԻՇԹՕՖ ( Միշտ պոռալով ) Կարասիները պապային տունէն չէ բերած։

ՓԱՍՏԱԲԱՆ Անշուշտ աս տունը պարապ չյանձնուեցաւ ձեզի։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Ան ատենը ինչ կ՚արժէր։ Հիմա է որ ոսկիի տեղ կ՚անցնի կարասին։

Տ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Բայց ոչինչ է աւելցած հոս քսան տարիէ ի վեր։ Մարգարեան էֆէնտին իր մաղազայէն դուրս տուն չէ ճանչցած։

ՓԻՇԹՕՖ Անամօթ կնիկ, աս աթոռները ե՞րբ առինք, այս նկարները երբ. աս գորգերը երբ։

Տ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Բայց ատոնց տեղը արդէն ուրիշներ կային որոնք հիմա չի կան քանի որ հինցան։

ՓԱՍՏԱԲԱՆ Արդէն օրէնքը կը հարկադրէ որ յանձնումները տեղի ունենան նոյնութեամբ ու dégatները դարմանուին։

ՓԻՇԹՕՖ Degat-ն ինչ է։ Հայերէն չխօսի՞ս։

ՓԱՍՏԱԲԱՆ Ներողութիւն, իրաւունք ունիք ( խնդալով Այսինքն աւրուած բաները նորոգուին ու այնպէս դարձուին սեպհականատիրոջ։

ՓԻՇԹՕՖ Ես իմ սենեակիս գորգը կախէք չեմ տար, է իմ դրամովս գնած եմ։

ՓԱՍՏԱԲԱՆ Տիկինին գիտնալիք բանն է։

Տ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Քա դրամդ ուրկէ ըլլայ։ Աշխատանք չունիս, տեղէ մը առնելիք չունիս, պանքայի դրամը մինչեւ յիսուն տարեկանիդ քեզի օգուտ չունի։ Նորէն տունին դրամն է։ Երկինքէն դրամ չիյնար եա հոս։

ՓԻՇԹՕՖ Քու էրիկդ հինգնոցը կշռող մարդ է։ Անիկա մէջտեղները դրա՞մ կը ձգէ։ Ես իմ հալալ դրամովս գներ եմ անիկա։ Կը մեռնիմ նորէն չեմ տար:

Տ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Մեռնի՜լ, չքաշած։

ՓԻՇԹՕՖ Հէյ ողորմութեանդ մեռնիմ, Տէր Աստուած, որերնի՞ս քա, լկտի կնիկ, որերնի՞ս։

ՍՈՒՔԻԱՍ Կռիւը ետքէն, հիմա գործի ատեն է։ Սկսէ գրել։

ՓԻՇԹՕՖ Առաջ իմիններս դատեցէք։ Տող մը գրել չեմ թողուր։ Վերի պոան, սենեակիս գորգը, անկիւնի բարձը, ժամացոյցը, երկու շունի պատկեր, պոային սըրմալը ծածկոցը, մահճակալս եւ անկողինները, երեք խմելու երեք ալ սուրճի գաւաթ…։

ՍՈՒՔԻԱՍ Աճուրդի չենք ելած։

ՓԻՇԹՕՖ Դրամը դուն չես համրողը որ սիրտդ ցաւի։ Վերի սենեակին բոլոր կարասիները իմն են ու ինծի գրուին պիտի։ Մնացածը ինչ կ՚ուզէք ըրէք։ Մարդ է նէ թող պաշտպանէ իրաւունքը։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Ես աստեղէն բան մը չեմ տար քեզի ( կնոջը

ՓԱՍՏԱԲԱՆ Տղայական է ձեր ըսածը, Մարգարեան էֆէնտի։ Եթէ քիչ մըն ալ յամառիք, կը բերեմ կառավարական պաշտօնեայ եւ ըստ օրէնքին ամէնամեկին տրամադրութեան, կօշիկնիդ միայն առած, առանց հովանոցի կը մեկնիք աս տունէն։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Որ իրաւունքով։ Ուր իրաւունքով։ Դուն գիտես թէ գիները ինչ են հիմա։ Խազնա կ՚առնէ կոր։

ՓԱՍՏԱԲԱՆԸ Պարզ վճիռին իրաւունքովը։ Ձեր առարկութիւնները կրնայիք այսօր գալ ու ընել։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Գործ ունէի։

ՓԱՍՏԱԲԱՆ Ասիկա աւելի կարեւոր գործ էր։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Երկու տարիէ կը քաշէք, կը քաշէք։ Հարիւրէ աւելի անգամ գացի եկայ ու մէկ անգամ չերթալուս լմնցուցիք։ Ասիկա յայտնի կողմակցութիւն է, չեմ ընդունիր։

Տ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Նորէն մի ընդունիր։ Շուտ ըրէք, նեղութիւն կու գայ կոր։ Ինչ պիտի ըսես, ըսէ։ Եթե անգամ մըն ալ ընդդիմանայ, գնա կանչէ կառավարութեան մարդը։ Գոնէ խայտառակութիւնը կատարեալ ըլլայ։ Ելլան քէօռ քէօռ երթան տէ սորվին։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Պայմանաժամ չունի աս ձեր օրէնքը։

ՓԻՇԹՕՖ Իմ սենեակս դուրս է, գիտցած ըլաք։

Տ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Դո՜ւրս. ամէնէն առաջ քուկդ կնքել տամ պիտի։ Ցաւի հոգիդ, եթէ զգալ գիտէ։

ՓԻՇԹՕՖ Ինծի կը մորթէք, անանկ ներս կ՚անցնիք սենեակէս։ Ասիկա գիտցած ըլլաք։ Աս ի՞նչ աշխարհք է։ Տէր Երկնաւոր, ինչո՞ւ չես զարներ, փոշի չես ըներ աս մարդիկը։

Տ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Տունը ձգեցէք ու ելէք։ Ասանկ կ՚ուզեմ ես։ Մինչեւ վաղը ցերեկ ժամանակ ունիք։ Բոլոր կարասիները կը մնան իրենց տեղերը։ Եթէ պզտիկ զեղծում մը, աւեր մը, գողութիւն մը պատահի, փաստաբանը գիտէ ընելիքը։

ՓԱՍՏԱԲԱՆ Այո, ինչպէս Տիկինը հաստատեց։ Անոր կամքը օրէնք է, ըստ վճռագրի չափազանց կտրուկ ու վերջնական տրամադրութեան։

Տ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Դաշնակս մինակ կը ձգեմ աղջկանս։ Ատիկա կրնաք տանիլ։

ՓԻՇԹՕՖ Քեզի ըլլայ։ Աղտոտ յիշատակ մը մահէն ալ գէշ է։ Չենք ուզեր։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Ինչո՞ւ չուզենք։

ՓԻՇԹՕՖ Է, Տէր Աստուած։ Քեզի պէս մարդ, դրամ չի տայ տէ, ինչ կ՚ուզէ ան ըլլայ։

Տ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Ատիկա գիտեմ։ Բայց առնեմ տանիմ, ալ դաշնակի երես տեսնալիք չունի աղջիկը։ Կատակ չէ, սրտին ցաւէն կը մեռնի։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Հիմա ելեր զաւակ կը մտմտայ։

Տ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Զաւակները, անոնք երբեք քուկդ չէին եղած։ Իմն են անոնք։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ ( Կատղած ) Թո՛ւղթը։ Ինչ կ՚ըսէ թուղթը։

Տ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Թուղթը քեզի կը ձգէ անոնք։ Բայց ես քեզ կը ճանչնամ։ Անոնց տէրը պիտի չըլլաս։ Տղաքը խանութ թխմես պիտի։ Աղջիկն ալ նշանած չըլլար, մէկ երկուք չէ, խանութ կը քշէիր։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Ամօթ է որ։ Հիմա քասաները ամբողջ աղջիկներուն կ՚անցնին կոր։

Տ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Որեւէ ատեն որեւէ ձեւով չփորձես ատանկ բան մը, կը մեռնի, գիտցած եղիր։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Ինչո՞ւ մեռնի։

Տ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Այնքան գէշ կը ճանչնաս դուն քու աղջիկդ, ինչպէս նաեւ աշխարհին բոլոր այն մասը ուր երկաթ եւ ոսկի չի կայ։ Դուն մեռցնես պիտի անիկա:

ՓԻՇԹՕՖ Սըւոր նայեցէք։ Հիմա ալ աս մարդերուն առջեւ զաւակ հոգացող է եղեր։ Աղջիկը սիրողը ասա՞նկ կ՚ընէր։

Տ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Դուք մեռցնէք պիտի ան աղջիկը։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Զաւակները իմն են։ Ալ չես կրնար միջամտել։ Ես աղէկ տեղէն հասկցած եմ։ Քեզի արգիլուած է անոնց հետ տեսնուիլ։

Տ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Գիտեմ։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Դուն անոնց համար մեռած քարէ մը տարբեր բան չես ալ։

Տ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Գիտեմ ( յուզում կայ ձայնին մէջ

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Մօտէն կամ հեռուէն պիտի չերթաս ետեւնուն։ Պիտի չանցնիս անոնց շատ առջեւէն։ Անոնց հետ խօսիս, օրէնքը պատրաստ է գլխուդ։ Բանտը կ՚առնես շունչդ։

Տ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Մայր եմ ես, չես կրնար արգիլել որ հեռուէն չնայիմ տղոցս ետեւէն։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Մօտէն կամ հեռուէն, լաւ միտքդ պահէ. երբ իմանամ որ կը հետաքրքրուիս անոնցմով, առանց մէկ երկուքի ոստիկաններուն կու տամ քեզի, ինչպէս գրուած է արդէն կառավարութեան գրքին մէջ։ Աս ալ իմ պատիժս քեզի։ Բոլոր տունը, բոլոր կարասիները՝ հիմա առ, հալալ ըլլայ։ Գոնէ կէտէ մը կը պատժուիս կոր, ասիկա կ՚օգտէ ինծի։

Տ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ ( Զարմացած ու տխուր ) Դո՛ւն։ Ինչպէս դրամ, ապրանք կրնաս կոր ձգել ուրիշին առանց մեռնելու։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Ինչո՞ւ կը զարմանաս։ Սիրտն ալ իր օրը, իր ժամը ունի։ Ինծի ըրածդ դուրս է աշխարհի բոլոր ոսկիներէն։ Հա, մտիկ ըրէ լաւ։ Արգիլուած է քեզի թղթակցիլ գաղտնի տղոցը՝ մանաւանդ աղջկան հետ։ Աղջիկը հարս ելլալէն ետքն ալ նորէն պիտի չտեսնուիս հետը։

Տ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Ատոր դուն չես խառնուիր։ Ասոր ամուսինը կայ։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ— Բացարձակ պայման է ասիկա։ Ուզէ նէ թող առնէ, ուրիշին պիտի տամ։ Տղաքը հիւանդանան, նոյնիսկ Աստուած հեռու ընէ մեռնին, պիտի չերեւաս անոնց գլխուն վրայ։

Տ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ   Ի՛նչ ճիւաղ է, Տէ՛ր Աստուած։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ ( Այնքան յուզուած է որ մօտ է լալու ) Նոյն իսկ մեռնին, պիտի չի գաս, պիտի չերեւաս, պիտի չլաս։ Պիտի չպագնես անոնք դագաղին մէջ դրուելէն ետքը։ Ու անոնց գերեզմանին անգամ ոտք պիտի չկոխես։ Օ՜ֆ ( Կը նստի։ Ընդհանուր լռութիւն։ Ամէնքն ալ ըսելիք չունին

ՓԻՇԹՕՖ Կանչէ տղաքը։ Առջեւնին ըսէ որ իմանան։ Ես աղջկանդ չեմ հանիր։ Բոլոր խայտառակութիւնները գիտնալէն ետքը, նորէն մամաս մը կ՚ըսէ, մամա՛ս մը կ՚ըսէ կարծես սուրբի անուն մը կը հանէ բերնէն։

Տ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Ախ աղջիկ, աղջիկ, ինչ ձեռքերու է իյնաս պիտի ( յուզուած է ու աչքերը լեցուն

ՓԱՍՏԱԲԱՆ Հիմա լմնցած է ամէն բան։

Տ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Տղաքը կ՚ուզեմ տեսնել։

ՓԻՇԹՕՖ Չըլլար։

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Չըլլար, չըլլար։ Ատանկ երթաս պիտի։

Տ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Տղաքը կ՚ըսեմ ձեզի, քարէ մարդեր։ Դուք չէք բերեր, չէք մեծցուցեր տղաքը։ Կ՚ուզեմ ( ամուր, յուզուած բայց վճռական

ՓԻՇԹՕՖ Չըլլար, չըլլար, պիտի չտեսնես։ Ատանկ կորսուիս պիտի։

ՍՈՒՔԻԱՍ Էֆէնտիմ, չի վայլեր։ Թող տեսնէ, մայր է նէ։ Աստուած մինակ գիտէ ինչ կրակ կայ հիմա անոր ներսը։

Տ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Ատոր համար կ՚ուզեմ. անսիրտ, ապառաժ մարդեր, տղաքս կ՚ուզեմ, տեսնամ ( արդէն թաց է ձայնը

ՓԻՇԹՕՖ Դուրս, կեղծաւոր սատանայ, հիմա լայ պիտի։

Տ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Ախ, Աստուած իմ, անաստուած մարդեր, բերէք տղաքը, կ՚ուզեմ, կ՚ուզեմ։ Բերէք տղաքս ( յուզուած Բերէք, չէ՞ք լսեր։ Տղաքս։ Ո՞ւր էք, Անժէլ, ո՞ւր էք։

ԱՆԺԷԼ ( Ներս վազելով ) Մամաս, մամաս ( գիրկ գիրկի։ Լուռ են, մայրը կարօտով, կատաղութեամբ կը համբուրէ, վերջը մեղմ, մեռեալ, համբուրածի պէս կուրծքին կը սեղմէ։

Դռան ներսէն Միւսիւ Տինանեանի շուքին տակ երկու տղաք, 14-16 տարեկան, լաւ հագուած, կը սպասեն որ մայրիկը իրենց ալ տեսնայ

ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ ( Աղջիկը գիրկը, աչքերը կը վերցնէ դէպի դուռ ) Դուք ալ, եկէք դուք ալ, եկէք։

( Տինանեան կամացուկ մը կը հրէ տղաքը առաջ: Կը մտնեն, կը մօտենան մայրիկին որ երկուքն ալ գրկելու տեղը կը գտնէ։ Ու երեքը մէկ կը փաթթուին իրենց մօր։ Վայրկեան մը լուռ է. ոչ ոք կը շարժի։ Մարդերը կու լան։ Յետոյ, գլուխը վեր առնելով տղոցը գլուխէն, կը նայի Մարգարեանին որ գլխահակ կու լայ։ Կամաց ) Մայրերո՛ւ սիրտ, ով չափեց քեզ ( Ոտքի է։ Նորէն կը համբուրէ տղաքը ու թաշկինակը բերնին սեղմած, գրեթէ դանդաչելով, չիյնալու համար պատերուն բռնածի պէս կը յառաջանայ խորքի դուռը ու նորէն նայելով ետ ) Մնաք բարով, տղաքս ( Արդէն դուրսն է

ԱՆԺԷԼ ( Սարսափած։ Ետեւէն վազելով ) Մամաս, մամաս։ Որո՞ւ կը ձգես մեզի։ Մամաս որու կը ձգես:

( Տղաքը կու լան։ Աղջիկը կը փախի ձեռքերուն ու կը կծկուի գանաբէին վրայ։ Ներկաները չեն շարժիր

Վարագոյր