Երեք թատերախաղեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ. ԱՐԱՐ

( Երկու տարի ետքը )

Բեմը՝ նոյնը ։

 

ԵԼՄՈՆԷ ( Կարը ձգելով ) Ալ կ՚օգտէ. մթնեց։ Աչքերդ կ՚աւրուին։ Ատ ինչ կարդալ է։

ԱՐՄԻՆԷ ( 18... նուրբ, թեթեւ ձայն ու խառնուածք։ Կրակոտ ձեւեր: Պարզ հագուստ խանդավառ ու սիրուն ) Է, լմնցաւ։ ( Կ՚ելլէ պատուհանին տակէն, կը յօրանջէ, աչքերը կը շփէ եւ կը պրկուի։ Ելմոնէ արդէն սկսած է բազմոցներուն ծածկոյթները, բարձերը շտկելու

ԵԼՄՈՆԷ Հիմա ուր է նէ կու գայ։

ԱՐՄԻՆԷ Գրողը տեսնէ երեսը։

ԵԼՄՈՆԷ Ձայնդ Աստուած լսէ։ Գրողէն ալ գէշ կու գայ կոր աչքիս։

ԱՐՄԻՆԷ Յանցանքը որո՞ւնն է։ Քու տեղդ ըլլամ մտիկ կ՚ընե՞մ ադ խռթածը։

ԵԼՄՈՆԷ Մեծ մի զրուցեր, աղջիկ։ Աստուծոյ գէշին կ՚երթայ։

ԱՐՄԻՆԷ Շիտակ, քոյրիկ, աս ասանկ ալ չի քալեր։ Փողոց չեմ կրնար կոր ելլել։ Կարծես ամեն մարդ ետեւէս կը փսփսայ։

ԵԼՄՈՆԷ Աման դուն ալ։ Քեզի ատանկ կու գայ։ Չես տեսնար ի՛նչ պատիւ կու տան։ Ատիկա չես կրնար ուրանալ։

ԱՐՄԻՆԷ Ինչ մեռած ես դուն։ Էրիկ մարդերը քեզի պատիւ կու տան չի գիտնաս որ քու ցնդած խալֆայիդ համար է։ Ատոնք ամէնքն ալ իրենց հաշիւները ունին։ Քեզի պէս աղուոր կնիկը ձեռքի վրայ կը պտտցնեն։ Դուն չես գիտեր։ Կիներուն աչքերուն մէջ նայած ունի՞ս։

ԵԼՄՈՆԷ Իրենք ինէ աղէկ ըլլան։

ԱՐՄԻՆԷ Ատիկա հարցնողը չի կայ։ Իրենք ամէն բան կրնան ընել։ Բայց քու վիճակը բացառիկ է։ Ուրիշներուն սիրողները մութին մէջ կը մնան ուզած ատեննին կը թաղուին։ Քուկդ ծերացած եզի պէս ամէն վայրկեան աչքի է։ Ատ է որ ծանր կու գայ ընկերութեան։

ԵԼՄՈՆԷ Ի՞նչ ընեմ, դո՛ւն ըսէ։ Եկար, կը տեսնաս կոր։ Որ դին դառնամ փուջ է առջիս։ Աս ծերուկը ասանկ չէր։ Քանի եկած ես տունէն դուրս չուզեր ելլել։ 

ԱՐՄԻՆԷ Առաջ ալ ասանկ չէ՞ր։

ԵԼՄՈՆԷ Ո՞ւր ասանկ։ Առտուն կանունաւոր գործի կ՚երթար։ 5-ի չոգենաւով ամէն իրիկուն կու գար։ Պտոյտ աջ շատ չէր ուզեր։ Հիմա փոխուեցաւ։ Չիյտեմ ինչու:

ԱՐՄԻՆԷ Ես գիտեմ ատիկա։ Մի՞ւսը։

ԵԼՄՈՆԷ Որը, շուքէ մա՞րդը։ Անոր բան չեմ կրնար ըսել։ Երկու տարի է կայ թէ չկայ, յայտնի չէ։ Երկու հեղ ձեռքը չեմ բռնած ըսեմ սուտ չըլլար։ Մէկ մը աղէկ միտքս է, պսակին օրն էր։

ԱՐՄԻՆԷ Ձեռքը բռնեցի՞ր։

ԵԼՄՈՆԷ Ուրիշ ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ եա։

ԱՐՄԻՆԷ Ի՞նչպէս էր, տաք էր թէ պաղ։

ԵԼՄՈՆԷ Կրակի կտոր։ Կ՚այրէր, խօսք չէ։ Նայէ դեռ չեմ մոռցեր ադ թաց տաքը։

ԱՐՄԻՆԷ Հանդա՞րտ էր։

ԵԼՄՈՆԷ- Հանդա՜րտ։ Կը դողար անանկ սաստիկ որ դողը ինծի անցաւ։

ԱՐՄԻՆԷ Իրարու նայեցաք։

ԵԼՄՈՆԷ Ի՛նչ ըրի, չկրցայ աչքը վրաս դարձնել։ Միշտ առջին նայեցաւ։ Պսակէն ետքն ալ չի կրցայ նայիլ։

ԱՐՄԻՆԷ Անկէ ասդին։

ԵԼՄՈՆԷ Անկէ ասդին, գիտցածիդ պէս է։ Երեսը տեսած չունիմ։ Առաջները մութը չկոխած կու գար, փողոցին ծայրէն ստուերի պէս փրթիլը կը տեսնայի, բան մըն էր նորէն:

ԱՐՄԻՆԷ Բան մըն էր նէ, քիչ մը սանկ կը թօթուէիր։

ԵԼՄՈՆԷ Է, քիչ մը։ Մայթին վրայ երեսը մինչեւ չափեմ ըսէի դուռին առջեւը գտած է։ Քիչ մը։ Անանկ շուտ, անանկ գլուխը առջին, չես գիտեր որքան սրտիս ցաւ է այս գործը։ Ինչո՞ւ ասանկ է աս մարդը։ Իրեն պէս ուրիշները շատ կան, հոգերնին չէ։ Կ՚ուտեն, կը խմեն, կը խօսին, կը խնդան, բան մը չեղածի պէս։ Իրարու կու գան, կ՚երթան։ Թաղին մէջ պատիւ ունեցող մարդեր են։ Աս մինակ ասանկ եղաւ։ Ինչո՞ւ։ Իմ բախտէս։ Հիմա անկարելի է տեսնելը։ Մութին կը մտնէ ու հասակին տեղ շատ անգամ շուքն ալ չերեւար։

ԱՐՄԻՆԷ Առտուները ինչու կանուխ կ՚երթայ։

ԵԼՄՈՆԷ Ո՞վ գիտէ, կարելի է կ՚ամչնայ։

ԱՐՄԻՆԷ Այցելութիւններու կու գա՞յ։

ԵԼՄՈՆԷ Մէկ անգամ։ Ան ալ փողոցէն ելած չելած, ձգեց գլուխը գնաց։

ԱՐՄԻՆԷ Գիշերները հիւր տեսնելու։

ԵԼՄՈՆԷ Չէ՛, Չէ՛։ Քանի մը անգամ մարդեր եկան, Խալֆան ինչ որ ըրաւ չկրցաւ վեր բերել։ Տարօրինակ տղայ մըն է։

ԱՐՄԻՆԷ Շատ տարօրինակ։ Կը խնդա՞ ադ տղան։

ԵԼՄՈՆԷ Ո՞վ գիտէ։

ԱՐՄԻՆԷ Կու լա՞յ։

ԵԼՄՈՆԷ Ի՛նչ, կեցեր ես կը հարցնես։ Դուն ինձմէ շատ գիտես։ Դուն նորէն սպասուհիներուն հարց ու փորձ կ՚ընես։ Ինձմէ աւելի բան ես սորված։

ԱՐՄԻՆԷ Ես այսօր սենեակը գացի։

ԵԼՄՈՆԷ (Դող ելած) Ի՞նտոր բացիր. բանալին սպասուհիին քովն է նէ։

ԱՐՄԻՆԷ Ուզեցի։

ԵԼՄՈՆԷ Ինչ ըսելով։

ԱՐՄԻՆԷ Սենեակս պիտի փոխեմ ըսի։

ԵԼՄՈՆԷ Այս գիշեր նորէն տեսարան կայ։ Սպասուհին ականջը պիտի դնէ. ալ տես փոթորիկը։

ԱՐՄԻՆԷ Ինչ վախկոտ կին դարձեր ես։ Ատոր ինչէ՞ն կը քաշուիս։

ԵԼՄՈՆԷ Աման, պոռալը, կանչելը, դրացիները իրար կ՚անցնին. արդէն աչքերնին հոս է։

ԱՐՄԻՆԷ Ատանկ գռեհիկ բաներ ալ կ՚ըլլան կոր ըսել է։

ԵԼՄՈՆԷ Կեցիր նայինք։ Դուն նոր ես։ Առիթը չեկաւ։ Տեսնելիք, լսելիք շատ ունիս։

ԱՐՄԻՆԷ Կը զարմանամ քեզի։ Չես կակուղցեր։ Կնիկ ըսածդ ամէն բան ուզածին պէս կը դարձնէ։ Ադ ծերուկն ալ դուն չես կոկեր տէ։

ԵԼՄՈՆԷ Մի ըսեր ատանկ։ Ըլլալիք բան չէ։ Ձայն մը ունի որ գամբանայի պէս կը գոռայ։

ԱՐՄԻՆԷ Ըսի եա։ Քուկդ է բոլոր մեղքը։ Մոմի պէս կ՚ընեմ ես անիկա, երկու շաբաթ ձեռքիս տակը մնայ։ Դուն կնիկ չես որ։

ԵԼՄՈՆԷ Դուն գիտցածդ ըսէ։ Ինչ գազան մարդ ըլլալը չես գիտեր։

ԱՐՄԻՆԷ Ինչ որ ալ ըլլայ քենէ է։ Ինտոր ադ լխկած մսին կտորը կ՚առնես անկողինդ կը պառկիս։ Թո՛ւ։

ԵԼՄՈՆԷ Մեծ մի խօսիր ճակտիս գիրն է։

ԱՐՄԻՆԷ Ո՞վ գրեր է, թող աւրէ։ Տասը տղով մէջտեղները չես մնացեր։ Երիտասարդ կին ես։ Աւելի լաւ է սպասուհի երթալ, քան ատանկ հոտածի մը տէրտը քաշել։

ԵԼՄՈՆ Է Ատ միշտ կ՚անցնի միտքէս։ Բայց քեզի համար սեղմած եմ ակռաս:

ԱՐՄԻՆԷ Ինծի համար, ես ի՞նչ կապ ունիմ այս վիճակին հետ։

ԵԼՄՈՆԷ Խօսք է տուած քեզի լաւ տեղ մը ամուսնացնել։

ԱՐՄԻՆԷ Ատո՞ր ճաշակովը, ուզելովը ամուսին ընտրեմ պիտի. վայ է եկեր գլխուս։

ԵԼՄՈՆԷ Քանի խօսք է եղած, միշտ ալ բարի եղած է աղուորիկ քենիին ապագային համար։

ԱՐՄԻՆԷ Ինծի քենի ըսէ՛։ Ինչ աղտոտ բառ է։ Ո՞ւրկէ գտաք։

ԵԼՄՈՆԷ Դուն ալ։ Թող դրամօժիտդ տայ, դուն սանկ ուզածիդ պէս լաւ տուն մը տեղաւորուիս, ալ բան չեմ փափաքիր աշխարհի վրայ։ Անկէ ետքը սպասուհի չէ, մարապետ ալ կ՚ըլլամ։

ԱՐՄԻՆԷ Կը ցաւիմ խելքիդ։ Ինչո՜ւ այդքան միամիտ է, Աստուած իմ։ Ադ մարդու գտած փեսացո՛ւն։ Չե՞ս խորհիր…

ԵԼՄՈՆԷ Քեզի ատանկ կու գայ։ Դուն դուրս ելիր տէ լսէ։ Ամբողջ Գատը-Գիւղցին կը յարգէ։ Աս տարի թաղական պիտի ըլլայ։ Մէկ խօսքը երկուք չըլլար։

ԱՐՄԻՆԷ Ախ, մարդոց յարգա՜նքը։ Աւելի ցած է ան քան հագուելիք առարկան։

ԵԼՄՈՆԷ Դուն ալ նորգլուխութիւն մի ծախեր։ Դպրոցականներդ ատանկ վերէն կը թռիք։ Ինչո՞ւ։ Ուսումդ ո՞վ տուաւ։

ԱՐՄԻՆԷ Ախ երանի թէ ղրկած չըլլար։ Հիմակուան խելքս ըլլար, քեզ ալ կը թողուի՞ այս գազանին ճանկը։

ԵԼՄՈՆԷ Քեզ շատ կը սիրէ։

ԱՐՄԻՆԷ Քեզ չեմ հարցներ անոր սիրտը։ Բայց ատանկներուն բարեւէն անգամ վտանգ կու գայ։ Նայէ՛։ Վճռական կ՚ըսեմ քեզի։ Ոչ մէկ գինով կ՚ընդունիմ անոր դրամն ալ դրամօժիտն ալ։ Ինծի համար ըրած ծախքն ալ պիտի վճարեմ, թող աղէկ գիտնայ։ Ասիկա աս գիշեր իսկ ըսես պիտի իրեն։ Յետոյ, աւելի կարեւորը, պէտք է վերջ գտնայ այս վիճակը։

ԵԼՄՈՆԷ Ինչեր կ՚ըսես։

ԱՐՄԻՆԷ Ոչինչ։ Շատ խելօք խօսքեր։ Ախ Տէր Աստուած, ինտոր կը դիմանաս, ես որ հեռուէն մէջն եմ, խենդանամ պիտի։ Հապա միւսը, հապա միւսը։ Ան բոլորովին ուրիշ բան է։

ԵԼՄՈՆԷ Միւսին ի՛նչ կրնամ ընել։

ԱՐՄԻՆԷ Քեզի բան մը ըրէ չեմ ըսեր։ Բայց ի՞նչպէս չես զգար անոր արտակարգութիւնը։ Քոյր (կամաց) քեզի բան մը ըսեմ, միւսը իրաւ մարդ է։

ԵԼՄՈՆԷ Ատանկ ըսելս կու գայ, բայց չեմ կրնար։

ԱՐՄԻՆԷ Ինչո՞ւ։

ԵԼՄՈՆԷ Կը հարցնե՞ս։ Ինչպէս կը տանի կոր։

ԱՐՄԻՆԷ Է, ( գլխու շարժում ) գաղտնիք կայ։ Տեսնաս սենեակին գիրքերը։ Բոլորն ալ սքանչելի։ Ատոնք կարդացող մը քու գիտցած մարդը չի կրնար ըլլալ։ Ասիկա իմ համոզումն է։

ԵԼՄՈՆԷ Թող այդպէս ըլլայ։ Բայց ի՞նչ է այդ մարդը։

ԱՐՄԻՆԷ Հարկաւ գաղտնիք մը ունի։ Դուն ինքդ կ՚ըսես որ իրեն պէս ուրիշներուն չնմանիր։

ԵԼՄՈՆԷ Է հա։ Ես ալ կասկածած եմ, բայց շիտկէ շիտակ ոչինչ գիտեմ։ Երկու տարի աս տունին մէջ կ՚ապրիմ, մէկ անգամ հիւր ունէինք, սանդուխին ծայրը լսեցի ձայնը։ Յոգնած եմ կ՚ըսէր։

ԱՐՄԻՆԷ— Ձայնը լսեցիր։ Ինչո՞ւ չըսիր մինչեւ հիմա։ Ինտոր էր։

ԵԼՄՈՆԷ Հա, մեր գիտցածէն դուրս բան մըն է, խորունկ, կտրուած՝ բայց անուշ։

ԱՐՄԻՆԸ Անո՛ւշ էր հէ։

ԵԼՄՈՆԷ— Սանկ, կակուղ, բամպակի մէջ փաթեթուած բան մը։ Ես ատանկ ձայն ուրիշի բերնէն լսած չեմ։

ԱՐՄԻՆԷ Ինչո՞վ կը զբաղի։

ԵԼՄՈՆԷ Մէկը չի գիտեր։ Ամսականը կ՚առնէ սպասուհիին ձեռքէն։ Կը զգուշանայ երեսի գալու։ Հիւր եղած ատենը անգամ չի խօսիր։

ԱՐՄԻՆԷ Հիւրերուն չէր գար ըսիր, կը մոռնաս։

ԵԼՄՈՆԷ Մինակ Տիգրան էֆէնտիին ատենը կու գայ։ Ան ալ ինչ դժուար։

ԱՐՄԻՆԷ Արդեօք մէկը կը սիրէ՞:

ԵԼՄՈՆ Ո՞վ գիտէ։ Չեմ կրնար իրմով հետաքրքիրուիլ։

ԱՐՄԻՆԷ Ինչո՞ւ։

ԵԼՄՈՆԷ Որո՞ւ հարցնեմ։ Ամէնն ալ ծերուկին լրտեսներն են։ Ինչ ընեմ, ան իրիկունը նոյնութեամբ կը լեցնեն անոր ականջը։ Տիգրան էֆէնտին ալ չեմ գիտեր ինչ տեսակ մարդ է։ Քանի մը հեղ ոտքիս կոխեց։ Անոր ալ բացուիլ չըլլար։

ԱՐՄԻՆԷ Քա, ան մէկ աչքը փուտ է նէ։

ԵԼՄՈՆԷ Աչքին փուտը չի նայիր։ Խալֆայէն մեծ է։

ԱՐՄԻՆԷ Որմէ՞ կարելի է հասկնալ եա։

ԵԼՄՈՆԷ Դժուար է։ Հանելուկ է ադ տղան։

ԱՐՄԻՆԷ Ինչ ալ երիտասարդ է։

ԵԼՄՈՆ Է Ան օրը որ իրեն խորհիմ, սիրտէս արիւն կ՚երթայ։ Քունիս մէջ հետը կը խօսիմ։

ԱՐՄԻՆԷ Խալֆա՞դ։

ԵԼՄՈՆԷ Կռի՛ւ, կռի՛ւ։ Ալ ախորժակս կը փախչի։ Հիւանդ կ՚ըլլամ։ Երազներուս ալ կը հայոյեմ, աշխարհին ալ։ Խալֆան կը կռահէ կոր։

ԱՐՄԻՆԷ Ինչո՞ւ։

ԵԼՄՈՆԷ Ամէն անգամ նոյն երազները, նոյն խօսքերը։ Ծերուկը փորձառու է. թէեւ դարձուցի կասկածները։ Բայց ճիշդ գուշակած էր։

ԱՐՄԻՆԷ ( Մէկէն ) Ինծի նայէ։ Ես այս գիշեր անոր սենեակը պիտի երթամ։

ԵԼՄՈՆԷ Խենդ ես դուն։

ԱՐՄԻՆԷ Խենդ չեմ ես։ Երբ դուք պառկելու ըլլաք, ես պիտի կանչեմ անիկա հոս ու պիտի խօսիմ։

ԷԼՄՈՆԷ Բա, տունը վրանիս կը փլցնէ։

ԱՐՄԻՆԷ Ծերուկը, ան ինծի ձգէ դուն։ Անիկա իմ առջեւս կատուի չափ ուժ չունի։ Նայէ ինտոր ես անոր ձայնը կտրել կու տամ։

ԵԼՄՈՆԷ Ես կը դողամ նէ։

ԱՐՄԻՆԷ Քեզի ինչ կը նայիս։ Դուն ալ քեզի կնիկի տեղ ես դրեր։ Մարդ ունենամ ասանկ երիտասարդ ըլլամ… ծեր քիւթիւկի պէս մէկը ծունկերուս տակը չսողացնեմ։ Անիկա մոմէն ալ թոյլ է։

ԵԼՄՈՆԷ Հա ատ շիտակ է, կը բռնկի, բայց շուտ կ՚իջնէ՝ տղու պէս է։

ԱՐՄԻՆԷ Ես լաւ եմ ճանչցած։ Ձայն մը հանէ պիտի, բայց մէկէն տեղը նստի պիտի։ Ես տղան պիտի կանչեմ։

ԵԼՄՈՆԷ Եթէ չգայ։

ԱՐՄԻՆԷ Պիտի գայ։

ԵԼՄՈՆԷ Ուրկէ գիտես:

ԱՐՄԻՆԷ Ներսէս կ՚ըսեն, պիտի գայ, ու տեսնես պիտի ինչ զմայլելի տղայ մը դուրս պիտի գայ անկէ։

ԵԼՄՈՆԷ Խենդ ես դուն, իրաւ որ։

ԱՐՄԻՆԷ Խենդ մենդ։ Ես անոր պիտի աղաչեմ որ վերջ տալ այս վիճակին։

ԵԼՄՈՆԷ Խելքիս կու գայ։ Անոր դրամը ո՞ւր է։ Տուն պահելը դիւրին չգիտնաս։ Երբեք։ Կ՚արգիլեմ քեզի բացարձակ։ Ետքէն մէջտեղը կը մնանք։ Խալֆան թոյլ գիտես, բայց ադ կէտին, ապառաժէ գլուխ ունի։

ԱՐՄԻՆԷ Ձգէ աս խալֆադ կ՚ըսեմ։ Եթէ ադ տղան իմ երազած տղաս է, պիտի կրնայ մեզ ազատել, քեզ ալ ինծի ալի։

ԵԼՄՈՆԷ Ինչո՞ւ այդպէս կը մտածես։ Ատանկ մէկը ըլլար նէ, կանուխէն յանձն կ՚առնէր։ Մինչեւ հիմա ինչո՞ւ ատանկ քայլ մը չըրաւ։

ԱՐՄԻՆԷ Ատ կէտն է միակ կասկածելին։ Ախ անգամ մը լուսաբանուէի։ ( Կը վախնայ ) Աս մարդը կամ սրիկայ մըն է, որդ մը, սողացող մըն է, կամ հերոս մը։ Երկուքէն մէկը։

ԵԼՄՈՆԷ Որն ալ ըլլայ, ըլլայ։ Ամէնէն կարեւորը կայ, խալֆան գէշ մարդ չ՚ընես, մանաւանդ կասկածը չարթնցնես։ ( Դուռը կը զարնուի ) Եկաւ, ան է։ Ոտքդ պագնեմ, ատանկ խենդութիւն չ՚ընես։

ԱՐՄԻՆԷ Ես գիտեմ ընելիքս։

ԵԼՄՈՆԷ Կանչե՞ս պիտի։

ԱՐՄԻՆԷ Հարկաւ։

ԵԼՄՈՆԷ Տէր Յիսուս։ ( Խաչ կը հանէ ) Ի՞նչ պիտի պատահի արդեօք։

ԱՐՄԻՆԷ Ըլլալիքը կ՚ըլլայ, քուրիկ։ Տէրն ողորմած է։ Սա հանելուկը լուծուի հեղ մը։ Անկէ անդին հոգդ։ Կ՚աշխատինք, կ՚ապրինք։

ԵԼՄՈՆԷ Աղէկ ամա, պատրաստ ապագայ ունիս նէ։ Ետքէն ի՞նչ գիտես ըլլալիքը։ Ուշացաւ։ Սպասուհիէն rapportը կ՚առնէ կոր։ Տէր Աստուած դուն ողորմիս։ ( Դուրսէն ոտքի ձայներ հաստ ու հատիկ հատիկ։ Արմինէ պատուհանին անկիւնը կը քաշուի, դէմքը դուրսին։ Ելմոնէ դուռին մանտալը բռնած, յարգալիր

ԽԱԼՖԱ Բարի իրիկուն։

ԵԼՄՈՆԷ Աստուծոյ բարին։

ԽԱԼՖԱ Արմինէն չլսեց, բարեւ ըսի։

ԱՐՄԻՆԷ Բարեւ։

ԽԱԼՖԱ Երեսդ ինչո՞ւ կախ է։

ԱՐՄԻՆԷ Քիչ մը անհանգիստ եմ։

ԽԱԼՖԱ Առտուանց ալ կար։

ԵԼՄՈՆԷ Հա, առտուընէ ի վեր է։

ԽԱԼՖԱ Դուն սուս։ Քեզի բան չեմ հարցներ: Ան թող պատասխան տայ։

ԱՐՄԻՆԷ ( Բարձր ) Այո՛, անհանգիստ եմ, առտուընէ ի վեր։

ԽԱԼՖԱ Պառկա՞ծ էիր։

ԱՐՄԻՆԷ Պառկեցայ ալ։

ԽԱԼՖԱ Սուտ կ՚ըսես, չես պառկած դուն։

ԱՐՄԻՆԷ ( Բարձր, պչրանք ու բարկութիւն ) Քեզի ո՛վ իրաւունք տուաւ որ նախատես զիս ատանկ։

ԽԱԼՖԱ Քեզ նախատողը ո՞վ է։

ԱՐՄԻՆԷ Դուն ինքդ։ Հիմա։ Ինչո՞ւ ստախօս կ՚ըսես ինծի։

ԽԱԼՖԱ Հապա ինչո՞ւ պառկեցայ կ՚ըսես երբ չես պառկած։

ԱՐՄԻՆԷ Ի՞նչ ըրի ուրեմն։

ԽԱԼՖԱ Վարի սենեակը պտտեցար։

ԱՐՄԻՆԷ ( Բարկացած ոտքի ցատկելով ) Ինծի նայէ աս լրտեսութիւնը պէտք է վերջ գտնէ ալ։ Ադ սպասուհիներդ վռնտես պիտի։ Ինչ տուն է աս։ Համիտէն ալ գէշ է։ Կը խօսիս, կը քալես, կը նստիս, կը պառկիս ժուռնալ կ՚ընեն։ Ինչ կեանք է աս։

ԽԱԼՖԱ Չես հաւնիր կոր, կրնաս երթալ։

ԱՐՄԻՆԷ— Հարկաւ պիտի երթամ։ Չըլլայի քու կիւզէլիմ երեսիդ մնայի։

ԵԼՄՈՆԷ Ինչո՞ւ իրարու սիրտ կը ծակէք ատանկ. օտար չէք նէ։

ԽԱԼՖԱ Չըսես քա, մէջ չմտնա՞ս։ Նայէ ինչեր կը զրուցէ կոր, ես իրեն համար ինչեր մտածեմ, ինչ փափաքներ ունենամ, ելլայ երեսիս ինչեր դուրս տայ։

ԱՐՄԻՆԷ Պ. Գրիգոր Փէքմէզեան, ես ձեր ոչ մէկ հոգածութեան պէտք ունիմ, շնորհակալ եմ որ դպրոցիս համար ծախք ըրիք։ Բայց գիտցած ըլլաք, ան ալ պիտի դարձնեմ ձեզի։ Անկէ դուրս ոչ մէկ կապ ու կախում։

ԵԼՄՈՆԷ Արմինէ՛, ըսածդ գիտե՞ս։

ԱՐՄԻՆԷ Շա՛տ լաւ գիտեմ։ Ես չեմ հանդուրժեր որ աս տունը հիմակուան ձեւովը շարունակէ դառնալ։ Աս լրտեսութիւնը անպատճառ պէտք է վերջանայ։

ԽԱԼՖԱ Որ ուզածնիդ խաղաք, հա՞։

ԱՐՄԻՆԷ Մարդ, ինչ կ՚ուզենք որ ինչ խաղանք։ Խաղանք նէ քեզի հարցնելու չէինք։ Դուն խղճմտանք չունիս։

ԽԱԼՖԱ Ինչո՞ւ վարի սենեակը գացիր:

ԱՐՄԻՆԷ Տեսնելու։ Եթէ հաւնիմ, հոն կ՚իջնամ։

ԽԱԼՖԱ Հոնի մա՞րդը։

ԱՐՄԻՆԷ Հոն մա՞րդ կայ որ։ Հա։ Աւելի լաւ է չըլլար տունդ պահելուն տունէդ դուրս ըրէ։ Գոնէ աղտոտութիւն մը պակաս կ՚ըլլայ։

ԽԱԼՖԱ Դուն շատ երկան կը կտրես կոր։ Տագա երէկ եկար կը խառնուիս մեր գործին։ Անիկա մեր գիտնալիք բանն է։ ( Ելմոնէին ) Լեզուն չքաշես աս լակոտին։ Ինչ է աս։ Երէկուան խլէզը։

ԱՐՄԻՆԷ Լաւ խօսէ։ Եթէ աղտոտ բերան պիտի բանաս, տեղդ հոս չէ։ Մեղք տարիքիդ։

ԽԱԼՖԱ Տարիքիս յանցանքը ի՞նչ է, հէ՞։

ԱՐՄԻՆԷ— Յանցա՞նքը։ Ամբողջութիւնդ դուն յանցանք ես, մա՛րդ։ Գտեր ես լեզու չունեցող կնիկը, գտեր ես լեզու չունեցող մարդը ուզածդ կը խաղաս։ Մարդ յանցանքն ալ այսքան լրբութեամբ, անիրաւութեամբ գործածելու չէ։ Կարծես աշխարհի ամէնէն սուրբ ծերուկը ըլլայ։

ԽԱԼՖԱ ( Ելմոնէին ) Դուն, դուն տիկ հանեցիր ասիկա։

ԵԼՄՈՆԷ Արմինէ, լեզուդ կարճ ըրէ, կ՚ըսեմ քեզի։

ԱՐՄԻՆԷ Դուն մի խօսիր, մտիկ ըրէ։ Իսկ դուն Խալֆա, Գատը Գիւղի մեծ խալֆա, մտիկ ըրէ…։

ԽԱԼՖԱ Շուտ դուրս ելիր աչքէս։ Չտեսնամ, կորսուէ։ Ձեռքէս փորձանք պիտի ելայ հիմա։

ԱՐՄԻՆԷ ( Արհամարհոտ ու կեցած ) Դո՞ւն։ Կեանքիդ մէջ թիզ մը չբարձրացող մա՛րդ։ Հիմա պիտի համարձակիս թեւ բարձրացնել։ Ես Ելմոնէ չեմ։ Քեզի պէս շատեր տեսեր եմ։ Քեզի ամէն բան չեն ներեր, քու դրամիդ համար։ Զզուելի մարդ, գործած ես ոճիր մը որ նմանը քիչ ունի։ Լեզուդ կարճ ըլլալու տեղ աւելի գլուխ կը բռնես։ Դուն խոտէն ալ կակուղ պէտք է ըլլաս, մարդերուն աղբը։ Ալ փլած տունն ես դուն ու տակաւին փոթորիկին դէմ կը վազես։ Ուր տեսնուեր է այսքան անիրաւութիւն։

ԽԱԼՖԱ Հիմա խենդանամ պիտի։ Կնիկ, սըւոր լեզուն կամ կտրէ, կա՞ դուրս նետէ առջեւէս։

ԱՐՄԻՆԷ Անոր մի ուղղեր խօսքդ։ Ես հոս եմ, պատրաստ քու բոլոր կայծակներուդ։ Իմ առջեւս ատանկ պոռալ պոռպրալ օգուտ չունի։ Եթէ աւելի առաջ երթաս, կրունկներուս տակ պիտի ճզմեմ քու հարստութիւնդ ալ, անունդ ալ, քու գարշելի հոգիդ ալ, գիտցած ըլլաս։

ԵԼՄՈՆԷ ( Արմինէին թեւէն բռնած գրեթէ քաշելով դուրս կը հանէ

ԱՐՄԻՆԷ ( Դուռին սեմին ետին դարձած ) Լզես պիտի կրունկներս, լզես։

ԽԱԼՖԱ Աշխարհք շինողը գետինն անցնի։ Դուն աչքիդ լոյսին պէս դողացիր վրան, դուն ամէն զոհողութիւնէ մի քաշուիր, տարիներով դպրոց դիր, խմորի պէս ոսկի թափէ որ մարդ ըլլայ, իր անունին պանգան հազարներով ոսկի նետէ, դուն բոլոր շնորհքով երիտասարդները փէյլէմիշ ըրէ ու եկուր տէ այսօր մտիկ ըրէ։ Աշխարհք, որ մեղքիս համար։

ԵԼՄՈՆԷ ( Ներս մտնելով ) Շատ յուզուած ես, Գրիգոր էֆէնտի, վնաս կ՚ընէ քեզի։

ԽԱԼՖԱ ( Աւելի խիստ Յուզուածն ալ խօսք է ըրիր։ Հէ։ Դուն ես աս ամէնուն պատճառը։ Գառան պէս աղջիկ էր։ Եկած օրը ինչ խելօք էր։ Երեք օր չանցաւ գայլ դարձուցիր։ Աս բոլորը տակէն են։ Չիյտեմ չըսես։

ԵԼՄՈՆԷ Մեղք կը վաստակիս, Գրիգոր էֆէնտի։ Բառ մը չէմ խօսեր ես անոր այս ամէնուն վրայ։

ԽԱԼՖԱ Հա, ատ ո՞րտեղէն կը սորվի կոր ադ խտար լախըրդը. ո՞վ դրաւ այդ խելքը։ Ինչո՞ւ վարի սենեակը կը մտնէ կոր։ Ի՞նչ ունիք անոր հետ։

ԵԼՄՈՆԷ Ինչ ունենանք պիտի։ Տղայ է մտեր է։

ԽԱԼՖԱ Ինծի կլլեցնէք պիտի նէ։ Երկուքդ չէ, չորս ալ ըլլաք, չէ քուզում, խալֆան չէք կրնար խաբել։ Ես չաթըր չաթըր սակարկութիւն եմ ըրեր։ Ես օտար տղայ, անօթի վարժապետին կտորը ինծի կնքահայր չեմ ուզեր։ Ջուրի պէս ոսկի կը վազէ կոր։ Տասնոց մը վաստակած ունի՞ք։ Անոր հետ խօսելու ըլլաք նէ, գործ չունիք այս տունին մէջ։ Ելէք ուր կ՚ուզէք հոն գացէք։

ԵԼՄՈՆԷ (Վախկոտ) Գրիգոր էֆէնտի պարապ խօսքեր կ՚ընես կոր։

ԽԱԼՖԱ ( Աւելի տաքցած ) Ի՛նչ պարապ խօսք։ Ես ըսածս գիտեմ։ Ինչո՞ւ չամուսնացայ։ Գիտէի ասանկ ըլլալը։ Յիսունէն ետքը կիները փարայիդ համար առջեւդ, քեֆերնուն համար ետեւէդ պույնուզ կը դնեն։ Չէ՛, օղլում, չէ, պապամ, ես ատանկ տէգի չեմ գար։ Դուք անպատճառ բան մը ունիք անոր հետ։ Ուրկէ ո՜ւր։ Ինչո՞ւ սենեակը կ՚երթայ։ Դո՛ւն ղրկեցիր։

ԵԼՄՈՆԷ Տէր Յիսուս։

ԽԱԼՖԱ Ինչո՞ւ վրան կը խօսիք, ձայնը սանկ է, ձեռքը տաք է, շուքը սանկ է։ Ես այս պատերուն մէջ ալ ականջ եմ դրած։ Աւելի առաջ երթաք նէ գլուխնուդ մէջն ալ ապակի պիտի անցնեմ որ անցած դարձածը տեսնեմ։

ԵԼՄՈՆԷ Այսքան բարկացած չունէիր, քեզի մեղք կ՚ընես։

ԽԱԼՖԱ Պարապ պատասխան չեմ ուզեր։ Սանկ եկո՛ւր։ Ըսէ նայիմ, շիտակը զրուցես պիտի։ Չէ նէ այս գիշերուընէ փողոցն էք։ Աստուած վկայ մաս պատարագ, երկուքդ ալ շունի պէս կը վռնտեմ։ Ծo՛, ինչ կարկուտ է աս։ Ես այս մազերը այդ վախին մէջ ճերմկցուցի։ Չամուսնացայ եղջիւր չունենալու համար։ Բան մըն էր ըրինք։ Գետինն անցնի այդ Տիգրանը։ Նայէ տակէն ինչ կ՚ելլայ կոր։

ԵԼՄՈՆԷ Դուն միշտ նոյն բանը կ՚ըսես կոր։ Գրիգոր էֆէնտի, ինքզինքիդ եկուր քուզում։ Մէջտեղի եղածը ընկույզի կեղեւ չի լեցներ։ Անոր համար այս փոթորիկը։ Տէր Աստուած, աս ինչ դժբախտ եմ ծներ։ Ինչո՞ւ։

ԽԱԼՖԱ ( Աւելի գրգռուած ) Եկուր տէ մի կատղիր։ Մարդ եղիր մի ճաթիր։ Քա, ուտող ուրացող կնիկ։ Ի՞նչդ պակաս է։ Ի՞նչ էիր դուն առաջ։ Կօշկակարի մը կնիկ։ Անկէ ասդին ապերա՛խտ, քեզի ինչ ըրի, գիտե՞ս։

ԵԼՄՈՆԷ Շատ լաւ գիտեմ։ Դուն ինծի հարցուր թէ ինչ գինով։

ԽԱԼՖԱ ( Քիչ մը մեղմ ) Կ՚ըսես կ՚ըսես ադ կ՚ըսես։ Ի՛նչ կայ այդքան գէշ։

ԵԼՄՈՆԷ Դուն գիտես բայց չգիտնալու կը տանիս։

ԽԱԼՖԱ— ( Աւելի բարձր ) Ինծի աւելի մի բարկացներ։ Ատ տեղս է եկած։ Տղայ չէիր։ Դուն գիտէիր։ Քեզի աղաչանք ալ չըրինք։ Սուրբիկդ քանի քանի ըսաւ։ Քու տեղդ գալիք կը պակսէր։

ԵԼՄՈՆԷ Գետինն անցնի ադ Սուրբիկը։ Աղէկ օր չտեսնէ։

ԽԱԼՖԱ Ըսել է դժգոհ ես։

ԵԼՄՈՆԷ Գրիգոր էֆէնտի, երկու տարի է, ամէն օր լեզուիս ծայրը կու գայ, ամէն օր ետ կը ղրկեմ։ Ես այս կեանքին համար ծնած չեմ։ Դուն ալ ինքդ ալ գիտես։ Քու բերած բոլոր գոհարներդ, մատանիները կ՚այրեն իմ մատներս։ Կարել տուած բոլոր զգեստները կրակէ շապիկի պէս կ՚իյնան վրաս։ Ես այս փարային ու կերուխումին համար մարող մէկը չեմ։

ԽԱԼՖԱ Դուն ինքդ կ՚ըսես։

ԵԼՄՈՆԷ ( Քիչ մը ետքը ) Դուն ալ լաւ կ՚ընես որ մտիկ ընես։ Մարդ երկու հեղ աշխարհ չի գար։ Առջի էրկանս հետ քրոջ պէս ապրեցայ։ Օր մը իրարու գէշ չըսինք։ Նեղն էինք բայց իրարու վրայ կը դողայինք։ Սակայն քեզի պէս երկաթի, բալլիքի տակ չէր պահեր։

ԽԱԼՖԱ Իմ բնաւորութիւնս է։

ԵԼՄՈՆԷ Աստիճան մը իրաւունք ունենայիր պիտի եթէ պսակը հետդ եղած ըլլար։ Աստուծոյ առջեւ ոչ մէկ մեղք ունիմ, որդիս։ Աս գիտցած ըլլաս։ Ասիկա չի տարուիր։ Մանաւանդ աս սպասուհիներուդ ըրածները։ Ինչ արժէք ունին քու մետաքսը, սնտուկ պահուելիք բոլոր հարստութիւնները, երբ ես սպասուհիէն անգամ պիտի ամչնամ։ Ատկէ դուրս ինծի գերիի պէս կը գործածես։ Անկողինէդ դուրս ինչ կապ ունիս ինծի հետ։ Մարդս սենեակին ու անկողնին համար ծնած չէ։ Ո՞ր օրը դուրս մը հանեցիր. ջուրեր մը տարիր. օդ մը առնել տուիր։

ԽԱԼՖԱ Դուն ես չուզողը։

ԵԼՄՈՆԷ Առջեւէդ միւսը գլուխը կախ, դուն աքաղաղի պէս ետեւէս։ Երկուքնուդ մէջտեղը ես։ Ի՞նտոր չամչնամ։

ԽԱԼՖԱ Ի՞նչ ըսել կ՚ուզես հիմա, բացէն ըսէ։

ԵԼՄՈՆԷ Ես գիտեմ։ Ասոնք ըսի նէ չգիտնաս որ մտածեր տէ հիմա կը զրուցեմ։ Մէկէն ի մէկ փրթաւ։ Աստուած նորէն երկար օր տայ քեզի։ Վաստակը պակաս չընէ։ Գէշ չեմ ըսեր։ Մինակ քեզի աղաչանքս, աղջկան հետ լաւ ըլլաս։ Խնդամ նէ անկէ պիտի խնդամ։ Երիտասարդութիւնը գնաց։

ԽԱԼՖԱ Ինտոր կ՚ուզես որ ատանկ մէկու մը բարիք ընեմ։ Դո՛ւն ըսէ, կը վայլէ՞։ Ի՛նչ լեզու է ադ։

ԵԼՄՈՆԷ Անոր ամէն ըսածին կարեւորութիւն չես տար։ Անոնք նոր գլուխ են, դպրոց գացած են, քիչ մը ատանկ հովոտ կ՚ըլլան։

ԽԱԼՖԱ Գրած չըլլայի։ Ինչ կը զղջամ։ Ըսածիդ պէս հով է ադ։ Դուն ուզես նէ ան շատ կակուղկէկ մը ճամբու կու գայ։

ԵԼՄՈՆԷ Մեղայ տէր, ես կ՚ուզեմ որ դուք խռո՞վ ըլլաք։ Անոր ապագան քու ձեռքդ է նէ։

ԽԱԼՖԱ Ասանկ խօսելու ըլլայ նէ, անիկա ալ կ՚ազդուի, քար չէ եա։ Աս տունէն ալ խրսը կ՚երթայ։

ԵԼՄՈՆԷ Գրիգոր էֆէնտի, աս միւսին համար ալ բան մր ըրէ։

ԽԱԼՖԱ Անոր խօսքր բանաք նէ կրակ կը կտրիմ, ճանըմ։ Հազար անգամ ըսեր եմ. անիկա չիկայէն սեպեցէք, մեռած, սատկած սեպեցէք։

ԵԼՄՈՆԷ Կայ սակայն, մեռած չէ, կը պտտի։

ԽԱԼՖԱ Վռնտե՞մ։

ԵԼՄՈՆԷ Ի՛նչ գիտնամ, ուզածդ ըրէ։ Աչքս չտեսնայ, հեռու տեղ մը ղրկէ։ Ես ալ գիտնամ որ մէկու մը հետ կ՚ապրիմ, ամա առանց պսակի։ Ատ մեղքն ալ այն ճիտին։ Ի՛նչ ընեմ, թող ամուսինս չառնէր ձեռքէս։ Ինչո՞ւ չես հանւեր։ Գիշերանոցդ նոր արդուկ ըրի։

ԽԱԼՖԱ Գործ ունիմ. պիտի երթամ Տիգրան էֆէնտիին։ Կարելի է ուշ կու գամ։ Դուն նայէ, բանի մը կապէ։ Ատանկ սէրթութիւնով իրեն կը վնասէ։ Ես անիկա Պոլսոյ մէջ ամէնէն իւղոտ տեղը պիտի դնեմ, թող գիտցած ըլլայ։

ԵԼՄՈՆԷ Աստուած սրտիդ չափ տայ։

ԽԱԼՖԱ Ուշանամ նէ հոգ մի ընէք. սա սիկառին տուփը լեցուր։ Գացածիս նորէն վրան իյնայ պիտի ( Դուրս կ՚ելլէ կամաց, գլուխը թօթուելէն։ Ելմոնէ, պատուհանները կը բանայ, կը շտկէ քիչ մը հո՛ս ու հոն, դռան ձայնը կը գոցուի։ Արմինէ կը վազէ ներս

ԵԼՄՈՆԷ Խենդ ես, հաւատա, խենդ ես դուն, կապելիք տեսակէն։

ԱՐՄԻՆԷ Սպասեցի։

ԵԼՄՈՆԷ Երթալո՞ւն։

ԱՐՄԻՆԷ Գալուն։

ԵԼՄՈՆԷ Հա՛, տեսա՞ր։

ԱՐՄԻՆԷ Տեսայ։ ( Խորհուրդ կայ ձայնին մէջ ) Շուքի պէս եկաւ։ Ի՛նչ, կամաց կը կոխէ կոր։

ԵԼՄՈՆԷ Երանի թէ լոյս ըլլար. երկար կը տեսնայիր։

ԱՐՄԻՆԷ Ինչ սրտառուչ բան։ Հիմակ իսկ երթամ։

ԵԼՄՈՆԷ Չէ, չեմ ուզեր։ Հազիւ քիչ մը կակուղցուցի։ Ետքէն քաշելիք ունինք։

ԱՐՄԻՆԷ Քա խալֆա՛դ։ Ես ան մոռցեր էի։ Ըսել է դեռ կը վախնաս։

ԵԼՄՈՆԷ Քեզի համար է։

ԱՐՄԻՆԷ— Ձգէ, հոգիդ սիրեմ։ Մարդու խօսք ըրէ։ Ես կ՚երթամ կոր։

ԵԼՄՈՆԷ— ( Թեւէն բռնելով ) Աղէկ մտածէ. վերջերնիս գէշ կ՚ըլլայ։

ԱՐՄԻՆԷ Որքան ալ գէշ ըլլայ, ասկէ գէշ չըլլար։

ԵԼՄՈՆԷ Դուն պզտիկ ես, ես ինչ սեւ օրեր տեսայ։

ԱՐՄԻՆԷ Չէ, անուշիկ Ելմոնէ, չէ։ Ալ սեւ օրեր չեն գար։ Նայէ, երիտասարդ ենք, թող ձեռքս որ երթամ։

ԵԼՄՈՆԷ Ես քովդ չեմ կրնար ըլլայ:

ԱՐՄԻՆԷ— Եթէ կ՚ուզես, քաշուէ ներս։ Վերջը կու գաս:

ԵԼՄՈՆԷ Անանկ կը դողամ։ Նայէ, ձեռքերս սառ կտրեցան։

ԱՐՄԻՆԷ Վախ, քոյրիկս, ես ալ ընդհակառակը տաքցայ։ Նայէ ( սրտին դնելով ) ինչպէս ամուր կը զարնէ։

ԵԼՄՈՆԷ Աղէկ կ՚ընենք թէ գէշ։

ԱՐՄԻՆԷ Բան մը կ՚ընենք:

ԵԼՄՈՆԷ Խալֆան ի՞նչ պիտի ընենք:

ԱՐՄԻՆԷ Խալֆան ինծի ձգէ կ՚ըսեմ քեզի։ Անիկա պզտիկներէն կը վախնայ։

ԵԼՄՈՆԷ— Ուրկէ՞ գիտես։

ԱՐՄԻՆԷ Աչքին մէջը գրուած է։ Աւելին կ՚ուզես, անիկա սիրահարուած է ինծի։

ԵԼՄՈՆԷ Տէր-Յիսուս։

ԱՐՄԻՆԷ Տէր-Քրիստոս։ Իմ բնազդս չի խաբեր։ Ախ ինչպէս գործը պիտի թափի հոտ։ Աղէկ քէյֆ մը, չէ Ելմոնէ։ Ատ՝ ցնդած սիրահարը մուկի պէս խաղցնելը. տեսնաս պիտի։

ԵԼՄՈՆԷ Աստուածդ սիրես, խենդ-խենդ խօսքեր մի ըներ։

ԱՐՄԻՆԷ Ելմոնէ, այնքան ճիշդ են ըսածներս ոչ։

ԵԼՄՈՆԷ Բայց ո՞ւրկէ գիտես կոր։ Բան մը ըրաւ կամ ըսա՞ւ։

ԱՐՄԻՆԷ Ասիկա սորվեցնողը Պոլիսն է։ Դուն ալ ինծի պէս բոլորովին հոս մեծցած ըլլայիր, պիտի զգայիր անմիջապէս։ Պզտիկ տղու պէս է անիկա աչքով կը յանդիմանեմ։ Անիկա ինծի կրնար բարկանալ։ Դեռ ինքն ալ աղէկ չի գիտեր։ Բայց երկու օրէն պիտի հասկնայ։ Նայէ ինչ ձիւն պիտի մաղեմ գլխուն։

ԵԼՄՈՆԷ— Ինչ օրերու հասանք, Տէր Աստուած։

ԱՐՄԻՆԷ Պարապ խօսքերով ժամանակ կր վատնես կոր ( ձեռքը հրելով Ես կ՚երթամ։ ( կը նետուի դուրս, սանդուխներուն վրայ վազքին ձայնը

ԵԼՄՈՆԷ— Ինչու ասանկ կը դողամ։ Տախտակները կակուղցեր են թէ ես բան մը կ՚ըլլամ կոր։ Ոտքերուս ինչ եղաւ։ ( Կը կենայ կռթնած մէկ ոտքին, մէկէն ցնցուելով ) Սենեակին դուռը։ Քայլե՛րը։ Ջուխտ են։ Տէր Աստուած, կու գան կոր։ ( Հազիւ դուրս կը նետուի

( Կը մտնեն Գրիգոր եւ Արմինէ։ Երիտասարդը լուրջ, ընկճուած, բայց ազնուական հով մը ունի քայլերուն մէջ։ Աղջիկը աճապարանք

ԱՐՄԻՆԷ Նստեցէք, խնդրեմ։

ԳՐԻԳՈՐ ( Կը նստի, լուռ

ԱՐՄԻՆԷ Նախ պիտի ներէք որ ձեզ անհանգիստ ըրի։

ԳՐԻԳՈՐ Խնդրեմ, ոչինչ, օրիորդ։ Չարժեր խօսիլ։

ԱՐՄԻՆԷ ( Եռանդուն ու անկեղծ ) Ոչ այդպէս։ Ուղղակի ձեր սրտէ՛ն։ Պիտի ներէք որ այդպէս ձեր չուզելովը մտայ ձեր սենեակէն ներս։

ԳՐԻԳՈՐ ( Քիչ մը հետաքրքրուած ) Խնդրեմ, օրիորդ, զիս անհանգիստ չէք ըրած։

ԱՐՄԻՆԷ Ո՛չ այդ թոնը, Պարո՛ն, ո՛չ պաշտօնականը։ Դուք կը հասկնաք թէ ինչպէ՛ս կ՚ուզեմ։

ԳՐԻԳՈՐ ( Քիչ մը կենալով, ձայնին մէջ աւելի անկեղծ ) Բայց ի՞նչ իրաւունքով։

ԱՐՄԻՆԷ Հա՛, ճիշդ այդպէս, աւելի ներսէ՛ն։ Ձեզի կրնամ գոհացում տալ։ Անշուշտ ոչ մէկ օրինական իրաւունքով։ Բայց գերազանց նուիրական իրաւունքով մը, սրտին իրաւունքովը։ Կը հասկնա՞ք։ Ո՞վ էք դուք, ուրկէ՞ կու գաք։

ԳՐԻԳՈՐ– ( Պաշտօնական ) Բայց բաւական յանդուգն էք, Օրիորդ։

ԱՐՄԻՆԷ Ա՛խ, կաղաչեմ, ոչ ադ թօնը, ոչ միւսը, ան որով քիչ առաջ խօսեցաք։ Որքան կ՚ուզեմ ճանչնալ ձեզի։ Ո՞վ էք դուք։

ԳՐԻԳՈՐ ( Զոր ու պաշտօնական ) Լսած էք հարկաւ։

ԱՐՄԻՆԷ Բայց կը պաղատիմ, Պարոն, այդ լեզուն ու այդ ձեւը ուրիշին, ինծի իմ ուզածս։ Ու դուք այդ լեզուն ունիք։ Ես ձեզ կը ճանչնամ։

ԳՐԻԳՈՐ ( Հետաքրքրուած ) Ինչպէս։

ԱՐՄԻՆԷ Ես այսօր մտայ ձեր սենեակը, թղթատեցի ձեր գիրքերը։ Ձեր գիրովը էջեր տեսակ։ Ասկէ առաջ ձեզ ճանչցած եմ ձեր շուքին մէջ։ Անծանօթ մը չէք ուրեմն։ Միայն պաղատանք նորէն– ինծի հետ պարզ եղէք այս գիշեր։

ԳՐԻԳՈՐ ( Տաք ) Կը խնայեմ աւելորդ բառերը։ Ինչո՞ւ սակայն ձեր հետաքրքրութիւնը իմ շուրջ։

ԱՐՄԻՆԷ Պիտի ջանամ ձեզ գոհացնել։ Ինչո՞ւ։ Անշուշտ, թուաբանական խնդիր մը չէ որ ձեզի կարենամ որոշապէս պատասխանել։ Բայց ունիմ, ինչպէս բացատրեմ, բաներ, տարտամ զգացումներ որոնք ինծի իրաւունք կու տան այս հարցը ձեզի ընելու։ Դուք այս տունին առեղծուածը եղաք ու իբրեւ կին, հարկաւ ամէնէն առաջ ձեր այդ հանգամանքովը պիտի տարուէինք։

ԳՐԻԳՈՐ   ( Հանդարտ ու տխուր ) Ինչո՞ւ յոգնակի կը խօսիք։

ԱՐՄԻՆԷ Ես չեմ խօսիր բոլոր կիներուն անունովը։ Ձեր անցեալը չեմ գիտեր, կը ճանչնաք կիները թէ ոչ։ Բայց կայ մէկը որ անհունապէս տարուած է ձեզմով։

ԳՐԻԳՈՐ Պիտի փափաքէի որ գոցէիք այդ էջը։

ԱՐՄԻՆԷ Ընդհակառակը։ Պիտի տեսնէք որ առանց ձեր գիտնալուն, ձեզ սիրած են հոս ու ի՛նչ սիրով։

ԳՐԻԳՈՐ ( Կը նայի խորազննին ու վարանոտ ) Ինչեր կ՚ըսէք, գիտէ՞ք։

ԱՐՄԻՆԷ Ինչ որ կիները կ՚ըսեն յուզումի պահերուն անկեղծ է, ատիկա ձեր գիրքերը հազար անգամ կրկնած են ձեզի։ Ու կեցէք, ես աճապարեմ։ Նախ ուրիշ հարցում մը։ Անշուշտ սրիկայ մը, որդ մը, սողացող մը չէք, ինչպէս կ՚ենթադրէ հասարակութիւնը։

ԳՐԻԳՈՐ ( Երախտագէտ յուզումով ) Օ՜, ո՛չ, օրիորդ, ո՛չ, հազար անգամ ո՛չ։

ԱՐՄԻՆԷ Օ՜հ, չէք գիտեր, ի՛նչ թեթեւացում հերիք ինծի։ Չէ՞ք, չէ, ի՛նչ որ բոլոր ուրիշները կը կարծեն։

ԳՐԻԳՈՐ , ո՛չ, ո՛չ։

ԱՐՄԻՆԷ Ձեր խորհուրդը ունեցող, թերեւս ձեր ցաւը ունեցող սիրտ մը։

ԳՐԻԳՈՐ Անշուշտ պիտի ուզէի որ շարունակէիք   խօսիլ։

ԱՐՄԻՆԷ Ա՜, ո՛չ։ Ես այս կանխումը ըրի որպէսզի վստահ ըլլաք թէ որո՞ւ հետ գործ ունիք եւ անոր համեմատ բանաք ձեր հոգին. Ա՛խ, խօսեցէք պարոն, խօսեցէք, կարօտը կայ ձեր ձայնին, այս պատերը, այս պատկերները, այս տախտակները անգամ, ինծի կու գայ թէ կը սպասեն անոր։

ԳՐԻԳՈՐ ( Լուրջ ) Ո՜վ էք դուք սակայն։ Կարգը իմս է հարցնելու։

ԱՐՄԻՆԷ Չէ՞ք ճանչնար։ Չէ՞ք տեսած բնաւ։

ԳՐԻԳՈՐ Անշուշտ ո՛չ:

ԱՐՄԻՆԷ Հասկնալի է։ Քոյրն եմ։

ԳՐԻԳՈՐ Քո՞յրը։ Միւսի՞ն։

ԱՐՄԻՆԷ Այո՛։ Ինչո՞ւ անունը չէք տար։

ԳՐԻԳՈՐ Իրարու խնայենք պիտի չէ՞։

ԱՐՄԻՆԷ Լա՛ւ։

ԳՐԻԳՈՐ Ինչո՞ւ այդպէս կը մտնէք խորհուրդէն ներս։

ԱՐՄԻՆԷ Ա՜խ, Պարոն, ձեր խորհուրդը անանկ տաք է, անանկ խռովիչ: Անկարելի էր սպասել։

ԳՐԻԳՈՐ Գրեթէ պզտիկ աղջիկ մըն էք, պարմանութենէ նոր ելած։ Ուրկէ՞ այս տագնապը որուն խռովքը կը կասկածիմ որ հասկնաք։

ԱՐՄԻՆԷ Մեր մէջ ամէնէն շուտ հասունցողը սիրտն է։ Ու ձեր ըսած տագնապն ալ հասունցող սրտին առաջին շապիկը։ Տառապանքը զգալու համար, պէտք չկայ հիննալու։ Իսկ դուք։

ԳՐԻԳՈՐ Մի բաղդատէք։ Կեանքեր կան որ դարերու չափ կը քաշքշուին, ու տարիներ կան որոնք շրջաններէ աւելի սուղի կը նստին մեզի։ Իմ տարիներս… ( Կը կենայ։ Յուզում կայ ձայնին ու ձեւին մէջ. գրեթէ լալու պատրաստ ) Բայց ինչո՞ւ կը խառնէք։

ԱՐՄԻՆԷ Չորս անգամ է որ նոյն հարցումը կ՚ընէք, տարբեր ձեւերով։ Ձեզի պատասխանեցի կրցածիս չափ։ Ու դուք ալ խնայեցէք ինծի։ Հոգիէ հոգի լեզու կայ։ Իրարու խնայենք եւ ուղղակի պատմեցէք դուք ձեզ։ Ինչո՞ւ ինկան այս լուծին տակ։ Զօրաւո՞ր էին ձեր պատճառները։

ԳՐԻԳՈՐ— Շատ զօրաւո՛ր։ Այնքան որ չէք երեւակայեր։

ԱՐՄԻՆԷ— Տարօրինակ է սակայն։

ԳՐԻԳՈՐ Դուրսէն նայողին, այո՛։ Բայց ներսը, կ՚այրի, օրերը կ՚այրին... ։ ( Կը կենայ կը նայի հեռուն, ետ ու առաջ։ կը կենայ նորէն. ճիգ կայ ) Օրիորդ ես մահէն կու գամ։

ԱՐՄԻՆԷ Ի՞նչ ըսել կ՚ուզէք։

ԳՐԻԳՈՐ Մահէն կու գամ. ատոր համար է կրցայ ձեր առաջարկը ընդունիլ։ Լաւ զուգադիպութիւն։

ԱՐՄԻՆԷ Այսինքն։

ԳՐԻԳՈՐ ( Ինքն իր վրայ ամփոփուած, շունչ առնելով ) Այսօր բժիշկը բաւական մը կը ներկէ ինծի համար մահը։

ԱՐՄԻՆԷ— Չեմ հասկնար կոր։

ԳՐԻԳՈՐ Պիտի հասկնաք քանի որ կ՚ւզէք։ Դուք հանդիպած էք, մեռնողներու, աւելի ճիշդը մեռնելիքները, անոնց, որ առջեւէդ կը քալեն կեանքին միսովը փաթթուած բայց որոնց ներսը մահը կը նստի, սկսող վերջալոյսի պէս, քիչ քիչ բարձրանալով։ Դուք կը ճանչնա՞ք այդ տղաքներէն։

ԱՐՄԻՆԷ Շարունակեցէք, մի հարցնէք։ Մեռելները գիտութիւն մը ունին անշուշտ եւ անիկա դեռ կանուխ է մեզի համար։

ԳՐԻԳՈՐ Այդ գիտութիւնը։ Շատ կանուխ կու գայ անիկա երբ չենք իսկ կասկածիր։ Ու յաճախ անոր սկիզբը վախճան մըն է։ Օրիորդ, ես ազատուած մըն եմ։

ԱՐՄԻՆԷ Հիւա՞նդ։

ԳՐԻԳՈՐ Ոչ պարզ հիւանդ մը, մահուան համար հասունցած մը ինչպէս կ՚ըսեն։

ԱՐՄԻՆԷ Հիմա՞։

ԳՐԻԳՈՐ Հիմա, ո՛չ։ Կեանքին կը դառնամ հիմա։ Երկու տարի առաջ մահուանն էի։

ԱՐՄԻՆԷ Աւելի պարզ կարելի չէ՞ որ խօսիք։

ԳՐԻԳՈՐ Չեմ գիտեր որ խօսքերը մութ կ՚ըլլա՞ն երբեք։ Երէկ հոգիս կրակի ծով մըն էր։ Երկու տարի դարձեալ կրակի ծով մըն էր ան։ Հրաբուխի պէս ես ինծի մխացի ու ոչ ոք տեսաւ ատիկա։ Այսօր, այդ կրակը կեցած է։ ( Կը կենայ ) Հիմա դուք կը կանչէք զիս երկրորդ կրակին։

ԱՐՄԻՆԷ— Որքան պիտի ուզէի որ աւելի բաց խօսէինք։

ԳՐԻԳՈՐ Ինչպէս որ կ՚ուզէք։ Երկու տարի ես չեմ խորհած այն ճահիճին որ կը շրջապատէր հոգիս։ Վասնզի ես աւելի բարձր մտահոգութիւններ ունէի։ Այսօր ձեզմով կը դառնամ այդ գաղտնիքին։ ( Կը կենայ, շունչը երկար է ու լուռ ) Գիտեմ թէ ընկերութիւնը ինչպէս դատեց զիս։ Եղան պահեր ուր այդ վճիռը թունաւոր խայթոցի նման ասեղտեց զիս եւ ես մահը փնտռեցի։ Բայց ուրիշ բնազդ մը աւելի զօրաւոր, կեցուց զիս եզերքին վրայ։ Պէտք էր ապրիլ։ Պէտք էր ապրիլ այն կեանքը որուն արժէքը անկարելի է որ դուք, Պոլսեցիները կարողանաք հասկնալ։

ԱՐՄԻՆԷ Բայց չհասկցողներու չէ որ կը խօսիք։

ԳՐԻԳՈՐ ( Կիսաժպիտ ) Ա՛խ, օրիորդ, դուք բառերը կը հասկնաք, դուք կեղեւը, կաղապարը, զգեստը կը հասկնաք։ Դուք պիտի չկրնաք ըմբռնել ամբողջովին թէ ինչ ըսել է այն կեանքը որ տարիներով մահուան մէջ, մահուան հետ ապրեցաւ։ Մի վրդովուիք որ առաջին տեսակցութեան մէջ իսկ ձեր մատաղութեան դէմ կը հանեմ մահը։ Եւ անկէ պահած եմ անանկ զգայնութիւններ, անանկ երանգ ու կտորներ որ ձեր ուղեղներուն համար գոցուած պիտի մնան միշտ։ Այդ կեանքը, սուրէն ու կրակէն գրեթէ բռնի, դիակներուն պաշտպանութեամբը գնուած այդ կեանքը պէտք էր պահել։ Ես Պոլիս կու գամ, գլուխս ողջ բայց կուրծքս փլած։ ( Երկար կը կենայ ) Երկու տարի առաջ էր ատիկա։ Դուք տարտամօրէն պէտք է յիշէք ինչ էր այդ օրերուն այս քաղաքը։ Ու ես հազալով, ու ես թքնելով ու դողդղալով պտտեցայ թաղէ թաղ, խորհուրդէ խորհուրդ։ Կայաններու մէջ պառկեցայ ու ինծի հաց տուին ու չտուին։ Բժիշկ մը ըսաւ որ կը մեռնիս։ Երջանիկ էր այդ մարդը։ Ան չէր գիտեր թէ ինչպէս բերած էի ես այս կմախքը։ Ուրիշ մը ըսաւ թէ կ՚ապրիմ եթէ լաւ դարմանուիմ։ Երկուքն ալ խեղճ էին անոնք։ Ու դառնութիւնը խեղդող, բերանդ գերեզման մը դարձնող արիւնին դառնութիւնը զիս ստիպեց որ ես լամ քիչ մը անսովոր տիպար։

ԱՐՄԻՆԷ Դրամ ունէի՞ք։

ԳՐԻԳՈՐ Սպասեցէք։ Ես որոշեցի այսքան սուղ գնուած այս գլուխը պահել։ Մէկ մը աւելի կամ պակաս, ասիկա պիտի չփոխէր անշուշտ մեր ցեղին ճակատագիրը։ Բայց ես աշխարհի մէջ չեմ տեսած ժողովուրդ մը որ մեզի չափ պէտք ունենար, նոյնիսկ իր տխեղծ, իր կիսատ հիւանդ զաւակներուն։ Ես պիտի ուզէի մեռելներուն ալ ոտքի կանչել։ Ատոր համար վճռեցի ապրիլ։

ԱՐՄԻՆԷ Ո՞ւրկէ ճանչցաք այս մարդը։

ԳՐԻԳՈՐ Մէկը ճանչցուց։ Այդ մէկը կը տեսնաք կամ պիտի տեսնաք։ Ոսկոր չունեցող մարդուկ մըն է։ Ան առաջարկեց ինծի։ Չէք կրնար երեւակայել, ինչ ուժով եղաւ ցնցումը։ Ըսի ձեզի թէ մտաւորական մըն էի, ըսի՞ թէ գոլէճ եմ աւարտեր ու կանուխէն երազեր մեր ցեղին ապագային վրայ։ Ըսի՞ տակաւին թէ գաղափարապաշտ մըն էի ու կիները անգլիական գիրքերէն կու գային ինծի, մաքուր, մեծ, աստուածային առհասարակ՝ ինչպէս կ՚ուզեն ընել անոնք։ Դուք ալ դատեցէք ընդվզումը որով դիմաւորեցի առաջարկը։ Բայց ես էի որ գործի համար իրեն դիմած էի։ Մարդուկը երեսս նայեցաւ, վախցաւ, գլուխը թօթուեց ու հեռացաւ։ ( Կը կենայ ) Ի՛նչ պատմեմ ատկէ ետքը։ Մօտա գացի։ Ժայռին տակ մութ ու քալող բան մը կար ջուրէն ներս։ Վայրկեան մըն ալ տեսայ ինքզինքս, զարնուած ծաղիկի մը պէս բացուած ջուրին մէջ։ Աչքերս վար կը քաշէին զիս։ Ետ դարձայ սակայն կայան։ Գիշեր մը ամբողջ լացի ու չափեցի։ Առտուն արիւնը բերնիս կը գտնէի մարդուկը ու մնացեալը գիտէք:

ԱՐՄԻՆԷ Մնացեալը։ Ո՛չ ոք գիտէ։ Մեր գիտցածը արդիւնքին վէրքն է, հրդեհին աւերակոյտը։

ԳՐԻԳՈՐ Ադ ալ ճիշդ է։ Բայց մարդերը աւելի հետաքրքրուելու պէտք չունին։ Մնացեալը ինծի կը պատկանի։ Ու այս ոսկեզօծ գորշութիւնը, պիտի պաղատիմ որ չխառնէք։

ԱՐՄԻՆԷ Բայց ես ձեզ ցաւցնելու ոչ մէկ նպատակ ունիմ։ Ընդհակառակը։ Դուք ըրիք պատմութիւնը ձեր ոգորումին, մահուան դէմ։ Ատիկա գեղեցիկ է ու կը բաւէ որ դուք մեծնաք, սրբանաք իմ առջեւս։

ԳՐԻԳՈՐ Մեծնա՜լ։ Ճահիճին մէջ խորք եւ բարձունք չեն փնտռեր։ Ու տխուր է անշուշտ որ ես տարի այդ փտութիւնը։ Բայց այն էր որ զիս ազատեց։

ԱՐՄԻՆԷ Դարմանուած է՞ք բոլորովին։

ԳՐԻԳՈՐ Բժիշկը կ՚ըսէ։

ԱՐՄԻՆԷ Ու ձեր երկու տարի՞ն։

ԳՐԻԳՈՐ Երկու տարի ես իմ զգացումներս, զարգացումս, պատիւս ու այսպէս ըսելու համար երազներս բզիկ բզիկ ըրի, կտոր կտոր նետեցի կուրծքիս կրակէն։ Ու` մարդկութեան դարձայ մարդկութիւնս սպառելէ վերջը։ Հիմա։ Ազատուած մարմին մը որուն հոգին կը պակսի։ Ու այս անգամ կը սկսի երկրորդ տագնապը։ Լա՞ւ ըրի արդեօք։ Ինչո՞ւ պէտք կ՚ըլլայ ալ աս կաւին կտորը։ Ինչ բանի գործածել այս ապականութեան խմորը, որուն ազնուական իսկութիւնը, էութիւնը, սրբութիւնը փախած են անվերադարձ։

ԱՐՄԻՆԷ Դուք շատ սեւ եւ շատ սխալ կը տեսնաք։ Ահաւասիկ մէկը ձեր դէմ որ ձեր հոգին կը տեսնայ ձեր բառերուն տակէն ոսկի գետի մը պէս աղուոր։ Անիկա չէ գացած։ Անիկա կայ, աւելի ազնուացած, աւելի սրբացած որքան չէ մարդերուն շատին մօտ որոնց խնայուած է ձեր ողբերգութիւնը։ Ու դուք, այդ ապականութիւնէն դուրս կու գաք դարձեալ ազնուական զրահով մը։ Ու ձեր խղճմտանքին առջեւ դուք կրնաք չկարմրիլ։

ԳՐԻԳՈՐ Է՜, չափով մը այո՛։ Այդ պարագան սրտապնդեց զիս։ Տիղմին մէջ յոյսին ճիւղը եղաւ անիկա ու երբեք չլքեց զիս։

ԱՐՄԻՆԷ Մտքերնուդ անցուցի՞ք որ այդ պարագան ձեզի համար լուսապսակի պէս բան մըն էր, գիտցողներուն աչքին։

ԳՐԻԳՈՐ Մարդը ատանկ նրբութիւններ չըմբռներ։

ԱՐՄԻՆԷ Ձգեցէք մարդը։ Ե՞ս եւ մի՞ւսը, ինչպէս կ՚ըսէք…։

ԳՐԻԳՈՐ— Միւսին հիմա կ՚անդրադառնամ։ Արդեօք ինչպէս…։

ԱՐՄԻՆԷ Մի աճապարէք։ Դուք անոր համար անհասկնալի էք։ Պարզ կին մըն է որ հեռու՝ այս զարտուղութիւններուն մատչելի ըլլալէ։ Բայց վստահ եղէք որ ան ալ հիացումէ դուրս ոչինչ ունի ձեր…։

ԳՐԻԳՈՐ Տարօրինակ է։ Ես ուրիշ կերպ կը կարծէի։

ԱՐՄԻՆԷ Անոր համար ըսի որ չաճապարէք։ Անիկա ու անոր քովիկէն ես մեր ամբողջ էութեամբը ապրած ենք ձեր ցաւը։ Ես վագանսներուն տունն էի։ Ձեզ տեսնելու համար մինչեւ ուշ ատեն կը գամուէի պատուհաններուն։ Կու գայիք։ Ա՛խ, ձեր գալը։ Կու գայիք սեւցած հրդեհի մը պէս, մարմին եղած տառապանքի մը պէս։ Ու քանի անգամ ես իմ սենեակէս, ականջներս փակցուցեր եմ տախտակին գոնէ լսելու համար քիչ մը աղմուկ, քիչ մը շարժում որ ձեր ցաւին, ձեր մարմինին մեռելութիւնը հակազդէր։ Անխափան ճիչը ձեր լուցկիին, խուլ, յետոյ երկու հազի կտոր, պատուհաններուն կողպումը ու յետոյ լռութիւնը անթափանց, բաբախուն ձեր գաղտնիքին պէս։ Այն ատեն կը նստէի մութին մէջ, ձեր վերեւը կը հանէի ձեր հոգին իր ամրափակ պատեանէն ու անհուն վարանումով, ձեզ կ՚ուզէի տեսնել տարբեր, հեռու, դուրս այն պատկերէն որով շրջանակած էր ձեզ մարդերուն բարոյականը՝ կը սպասէի որ գեղեցիկ ըլլար ձեր հոգին։

ԳՐԻԳՈՐ Կեցէ՛ք։ Առաջին անգամ երբ իմ անունս ու պարագաս ինկան ձեր ծանօթութեան, զզուանք չունեցա՞ք։

ԱՐՄԻՆԷ Անշո՛ւշտ։ Հարկ չի կայ ծածկելու։ Բայց քիչ ետքը, փոխուեցաւ ամէն բան։ Այն ազնուութիւնը որով դուք ձեր ամօթը կը կրէիք, այն ազատութիւնը հազուադէպ է դիւրավառ կիրքերու գերի մեր ընկերութեան մէջ, շուտով յեղաշրջեցին առաջին տպաւորութիւնը։ Ու դեռ չէինք գիտեր բուն ողբերգութիւնը։

ԳՐԻԳՈՐ Դժնդակն ալ հոդ է։ Դժուար է տանիլ պայքարը, պայքար մահուան որ կը սաւառնի ու կեանքին որ կը սողայ։ Ձեզի չըսի թէ երբեմն որքան գեղեցիկ էր ան, կապոյտ թեւերով անծանօթը որ մեր ցաւերը կ՚առնէ կը տանի։ Այդ երկու զարհուրելի տարիները ես անցուցի կղզի։ Ամէն առտու կանուխ, ստուերի մը պէս, ինչպէս կը սիրէք ըսել, ես այս տունին գերեզմանէն կ՚ելլէի ու կը սահէի մայթերէն։ Շոգենաւին մէջ միշտ տեղ եմ փոխած բայց կղզի չկրցայ անծանօթ մնալ։ Անշուշտ ինծի խենդ մը գիտեն սրճարանի, նպարավաճառի աշակերտները որոնք ետեւէս կը նայէին խնդալով ու գլուխնին շարժելով։ Ատիկա լաւ պաշտպանութիւն մըն էր։ Չեմ գիտեր խալֆան լրտեսե՞ց։ Ես երկու տարի ապրեցայ մայրիներուն տակ, հեռու, բարձրադիր կէտերու վրայ, կռնակս տուած հողին, փորձելով մեծ պառկելը, ինչպէս յանձնարարած էր կատակելով՝ բժիշկը։

ԱՐՄԻՆԷ Ձմե՞ռը,

ԳՐԻԳՈՐ Կղզիին ձմեռը ամառէն համով է։ Ես հիւանդ էի։ Ու լռութեան մէջ որ հովին տեւական սուլումէն կը շինուէր… մենութեան մէջ որ ինքըն իր հետ կը խօսէր, ես ականջ կու տայի մարմինիս բոլոր հեծքերուն։ Երբեմն կրակէ գիծեր կը մեկնէին ոտքերէս, երկու թեւերով ու կու գային միանալ սրտիս կեդրոնը։ Այն ատեն պաղ քրտինք մը կը դիպէր կուրծքիս, որպէս թէ մէկը դարձնէր անոր ծորակը, ու կոկորդէս տաք ու վատ բան մը, սողունի մը պէս, օղակ օղակ կը բարձրանար։ Յետոյ սպանդանոցի հոտ մը ու անմիջապէս ետքը կարմիր հեղուկը առջիդ, զուարթ, պղպջուն, երկինքէն յանկարծ ինկած ծաղիկի մը պէս։ Արցունքս զսպած կ՚ելլայի աւելի վեր։ Ու ասիկա այսպէս, պայմանադրական հազին հետ որ պահէ պահ արթնցող մահուան զանգակ մըն էր ես խօսեցայ ճակտիս մոխիրին ու ափերուս բոցին հետ։ Ես զգացի հասակն անգամ ոսկորներուս որոնք միսերէն դուրս թափելու կը սպասէին կարծես։ Այդ ատեն ինծի համար Պոլիսը, Գատը-Գիւղը ու այս տունը այնքան քիչ, այնքան պզտիկ, ներելի կու գային որ կը ժպտէի։ Հետզհետէ երբ կեանքը յաղթահարել սկսաւ, այլեւս նայուածքս ներսէն դուրս կրցայ պտտցնել։ Այն ատեն ալ վտանգաւոր շրջումը ծայր տուաւ։ Թունաւոր էր առողջանալը։ Եթէ չմեռայ անկէց ետքը, ատիկա պարտական եմ մտքիս ու զարգացումիս։

ԱՐՄԻՆԷ Չխորհեցանք բնաւ…։

ԳՐԻԳՈՐ Սուտ պիտի ըլլար հակառակը ըսել։ Հիւանդ ու անյոյս օրերուս կ՚ուզէի գոնէ դիմագծերը ճանչնալ, ձեւերը ունենալ։ Բայց ատիկա պարզ փափաք մը մնաց։ Աւելի վերջը կ՚ամչնայի։ Յետոյ խալֆային ինչ հաստ մէկը ըլլալը գաղտնիք մը չէր։ Աւելորդ էր կասկածները վերցնել մէկուն, որուն դրամը կեանքի աղբիւրի մը պէս իմ ճահիճիս մէջ կը վազէր։ Զգուշացայ։

ԱՐՄԻՆԷ— Իր լուսանկարն ալ չտեսանք:

ԳՐԻԳՈՐ– Ընդհանրապէս խալֆային հետ քաշուած այդ նկարներուն նայիլ բացայայտ նուաստութիւն մըն էր։ Ինծի կու գայ որ իմ ոճիրս հոն առարկայացած, յաւերժացած տեսնէի պիտի։ Մէկ անգամ միայն մեծուած լուսանկար մը բակին մէջ ուշադրութիւնս գրաւեց։ Կարմրեցայ աւելի խոր նայելու։ Յաջորդ օրը արդէն վերցուած էր։

ԱՐՄԻՆԷ Ես էի անիկա թելադրողը։

ԳՐԻԳՈՐ Ձեր ըսածներէն կ՚երեւայ թէ դուք բացառիկ հետաքրքրութիւն էք ցոյց տուած։

ԱՐՄԻՆԷ— Կարելի չէ ծածկել։ Իսկ երբ գիտնայի, ինչ որ պատմեցիք հիմա, երբ ձեր պայքարը գոնէ հեռուէ հեռու զգայի…։

ԳՐԻԳՈՐ Լաւ եղաւ որ ոչ ոք միջամտեց այդ կռիւին ու հիմա օրիորդ, յաղթական են մահուան վրայ… բայց…

ԱՐՄԻՆԷ Մի շարունակէք այդ մտածումը։ Անցեալը մեծ վարագոյր մըն է, արիւնոտ ու սեւ, եթէ կ՚ուզէք, բայց մեռած, տարուած վարագոյր մը։ Ասկէ ետքը։

ԳՐԻԳՈՐ Դեռ այս գիշեր հանդարտ սրտով պիտի դառնամ այդ հարցին։

ԱՐՄԻՆԷ Լաւ չըլլա՞ր որ միասին մտածենք։

ԳՐԻԳՈՐ Դուք պետք է որ կենաք հոս։ Ասկէ անդին ինծի կը պատկանի։

ԱՐՄԻՆԷ Ձեր հիւանդութիւնը մինակ տանելու պէս չէ ասկէ վերջինը։ Դուք կը նմանիք ճամբորդի մը որ շատ հեռու տեղէ մը կու գայ ու մոռցած է մեկնակէտը։ Եւ աւելի ճիշդը մենք, պիտի ձեր մօտիկը ըլլանք նոր ճամբորդութեան մը համար։

ԳՐԻԳՈՐ Բան մը միայն վճռական կրնամ ըսել, նոյնիսկ հիմա քանի որ ատիկա հասունցած մտածում մըն է։ Ձեր քոյրը ոչ մէկ գինով կրնայ դեր ունենալ ասկէ ետքը։

ԱՐՄԻՆԷ Ինչո՞ւ այս խստութիւնը։ Ինչո՞ւ այս մերժումը։

ԳՐԻԳՈՐ Ուրիշ կերպ անկարելի է:

ԱՐՄԻՆԷ Բայց ի՞նչ բան ձեզ կը տանի ձեր մտածումին։ Ո՞վ դրաւ ձեր չափերը։ Աւելի վերէն նայելու հաճո՞յքը։

ԳՐԻԳՈՐ Բառերու հետ լաւ չէ խաղալը։ Ես կ՚ուզեմ   մէկ անգամ փրցնել իմ կեանքէս այս արատը։

ԱՐՄԻՆԷ Ու ո՞ր ճամբով։

ԳՐԻԳՈՐ Շատ պարզ ճամբով մը, որ Ամերիկա կը տանի։

ԱՐՄԻՆԷ Ինչ տխուր մտադրութիւն է ադ ու մեծ պայքարէն ետքը ինչ գռեհիկ փախուստ։ Ի՞նչպէս պիտի ներէք որ երիտասարդութեան մը այդ խարխլումին ծոցը իյնայ ու այս անգամ ընդ միշտ։

ԳՐԻԳՈՐ Ուրիշ է ադ իրականութիւնը։

ԱՐՄԻՆԷ Նրբութիւն մը կայ սակայն։ Ու դուք է որ պիտի տեսնաք ատիկա ամէնէն առաջ։ Անիկա մարդերուն առջեւ ու հոգիով ձերն է։

ԳՐԻԳՈՐ Կրնաք այդպէս ըսել, բայց... ու այս բայցը խոշոր է այս անգամ։ Յետոյ անիկա իմ մէջ չէ ապրած նոյնիսկ վայրկեանի մը համար։

ԱՐՄԻՆԷ Խիստ տարօրինակ է ձեր ըսածը։

ԳՐԻԳՈՐ Բայց բացարձակապէս ճիշդ։ Այլապէս մարդերուն ամէնէն ստորինը կ՚ըլլայի։

ԱՐՄԻՆԷ Կը մոռնաք որ հիւանդ էիք։

ԳՐԻԳՈՐ Օ, դեռ շատ պզտիկ էք սիրոյ մասին վճիռ տալու համար։ Ձեզի չեմ ըսած որ սէրը մահէն ալ զօրաւոր է։

ԱՐՄԻՆԷ Բայց երբ անիկա ձեզ սիրէ։

ԳՐԻԳՈՐ Անկարելի բան է ըսածնիդ։ Ինչ սեւ պիտի ըլլար այդ դժոխքին մէջ ծաղկած սէրը։

ԱՐՄԻՆԷ Անիկա պարզ կին մըն է ու ձեզի պէս չկրնար մտքով տառապիլ։ Դիտած եմ որ խորապէս կը մեղքնար ձեր վրայ։ Ու կիներ երբ կը մեղքնան, հեռու չեն սիրելէ։

ԳՐԻԳՈՐ Ու դուք սէր կ՚ըսէք այդ արգահատանքը։

ԱՐՄԻՆԷ Խառնուածքէ խառնուածք տարբեր է պարագան։ Երբեմն պարզ կնկան մը համար կեանքը, ձեր բառերով արգահատանքը աւելի արժէք ունի քան բոլոր այն փոթորիկը որուն դուք վարժուած էք սէր անունը տալու, որ թերեւս պահի մը համար լոյս ու բռնկում կը նետէ սրտերէն ներս, բայց նոյնքան ալ արագ կը յաջորդեն ցուրտն ու մոխիրը։ Անոր խնկարկուները հանդարտ ու տեւական կը սիրեն։ Մեղքը իրենց չէ երբ չեն կրնար իրենց զգացումը հագուեցնել ուրիշ աւելի ճարտարներուն նման։

ԳՐԻԳՈՐ Ամէն պարագայի տակ, օրիորդ, ձեր քոյրը ինկած ծաղիկ մըն է ալ, ճակատագրին զոհը։

ԱՐՄԻՆԷ Այնքան շուտ մի թաղէք։ Գոնէ անուղղակի դեր է ունեցած ձեր հիմակուան կեանքի դառնալուն մէջ։

ԳՐԻԳՈՐ Այդ նկատումով խալֆան ալ նոյնքան դեր ունի։ Կրնաք պահանջել նոյն վերաբերումը։

ԱՐՄԻՆԷ— Օ՜, ո՛չ։ Անիկա պարզ շահագործող մըն է եւ ուրիշ ոչինչ։

ԳՐԻԳՈՐ Բայց դուք բառերուն տեղը միայն կը փոխէք ( Կը կենա յ) Կտրո՛ւկ։ Այո՛։ Պէտք է դադրի ալ այս վիճակը։ Ու ինծի համար շատ յստակ է ձեր քրոջը ճակատագիրը։

ԱՐՄԻՆԷ Մարդերը թող չչափեն մէկ կողմէն։ Դուք երկուքդ ալ երկու ծայրերն էք տրամին։ Այդքան դիւրութեամբ մարդ գետին չի նետեր վտանգի ու դժբախտութեան իր ընկերը։

ԳՐԻԳՈՐ Ի՛նչ ըսել կ՚ուզէք։ Պէտք է դառնալ իրականութեան։ Այս նիւթին շուրջ ձեզի հետ վիճաբանիլը անժամանակ է ու աւելորդ։ Թողեք զիս հանգիստ։ Երթամ, վասնզի յոգնած եմ ու պէտք ունիմ առանձին մտածելու։

ԱՐՄԻՆԷ Բայց ես ձեզի այնքան ըսելիքներ ունէի եւ ունիմ տակաւին։

ԳՐԻԳՈՐ Բան մը չըսիք սակայն։

ԵԼՄՈՆԷ ( Դուրսէն ) Արմինէ՛, կու գայ կոր։

ԱՐՄԻՆԷ ( Դուռը վազելով ) Ներս եկո՛ւր, աւելի լաւ է միասին տեսնէ։

ԳՐԻԳՈՐ Տեղ տուէք որ քաշուիմ։

ԱՐՄԻՆԷ Դուք ալ կը վախնաք ադ մարդէն։

ԳՐԻԳՈՐ ( Մէկէն ) Ներս եկէք, Տիկին:

ԵԼՄՈՆԷ ( Կը մտնէ ներս քրոջը թեւին կէս մը հակած ) Չեմ կրնար կենալ, նստիմ պիտի։

ԳՐԻԳՈՐ— Ինչո՞ւ յուզուած է։

ԱՐՄԻՆԷ Կը վախնայ։

ԳՐԻԳՈՐ Եկողէ՞ն։

ԱՐՄԻՆԷ Հապա որմէ՞ ( Խալֆային հազը սանդուխներուն վրայէն ) Ինչ աղտ կայ ձայնին մէջ կը տեսնա՞ք։

ԵԼՄՈՆԷ Միշտ ալ խենդ բաներ կ՚ըսէ։ Ձայնին ալ աղտը կ՚ըլլա՞յ։

ԱՐՄԻՆԷ Դուն չես հասկնար։ ( Խալֆան բաց դրան մէջն է։ Ձեռքերը ետին. նախ զարմանք, ափը բերանը։ Յետոյ սարսափ: Յետոյ կատաղութիւն

ԽԱԼՖԱ Աս ի՞նչ է։ Աշխարհին ետքն ենք։ Ծօ, ի՞նչ կընես դուն հոս։

ԳՐԻԳՈՐ ( Լուրջ ) Լաւ խօսեցէք։ Ինծի հետ ոչ յոգնակի։

ԽԱԼՖԱ Փախցուցե՞ր է աս մարդը։ Եզակին ի՞նչ է ծօ, ես քեզի հետ չսակարկեցի։ Աս ի՞նչ է, ուր տեսնուեր է ասանկ բան։

ԱՐՄԻՆԷ Անիկա չէ որ եկաւ։ Ես կանչեցի։

ԽԱԼՖԱ Դո՛ւն. դուն սուս կ՚ըսեմ քեզի։ Ծօ, ի՞նչ   կեցեր ես, վար ծակդ չերթա՞ս։ Ոտքդ չկոտրած, հայտէ նայիմ։ Դեռ տնկուած կը մնայ։ Սըւոր նայեցէք։ Ծօ դուն խօսքէ չե՞ս հասկնար։

ԳՐԻԳՈՐ ( Բուռն ու ցցուած ) Կիրթ խօսեցէք, աղտոտ մարդ։

ԽԱԼՖԱ Ծօ, աղտոտը ես եմ մի դուն մի։ Ըսածդ ուր երթալը գիտե՞ս։ Ի՞նչ գործ ունիս հոս, պատասխան տուր։

ԳՐԻԳՈՐ ( Կը յառաջանայ, կը բռնէ երկու ձեռքերէն ու կը սեղմէ խիստ ) Լաւ խօսի՞ս պիտի։

ԽԱԼՖԱ Աման, աման, ձգէ ձեռքս, կենդանիի չափ ուժ ունի։

ԳՐԻԳՈՐ Քեզի կըսեմ, խայտառակ մարդ։ Լաւ խօսի՞ս պիտի ( Կը սեղմէ ու կը գալարէ ձեռքերը։ Խալֆան կը դառնայ մէջքին վրայ

ԽԱԼՖԱ Աման աղբար թող տուր ( Ձայնը հանդարտ է

ԳՐԻԳՈՐ Ատենը եկաւ որ ալ հասկնաս թէ ով եմ ես։

ԽԱԼՖԱ Շատ աղէկ գիտեմ։ Եթէ Մշեցի չես գելլէս կը թռցնեմ։

ԳՐԻԳՈՐ Դուն պիտի գիտնաս Մշեցին ալ, Վանեցին ալ, Տիգրանակերտցին ալ։ Հիմա։ ( Տիկիններուն ) Գացէք դուք, մենք տեսնուինք պիտի։

ԽԱԼՖԱ Ծօ անոնց ինչո՞ւ կը խօսիս։ Ես սակարկութիւն եմ ըրած։

ԳՐԻԳՈՐ Հիմա կու գանք քու սակարկութեանդ։ Գացէք դուք։ ( Կիները կը քաշուին

ԽԱԼՖԱ ( Փրփրած ) Է՛, ո՞ւր կ՚երթաք։ Ձեր տէրը ան չէ պէ, ես եմ ես։ Անիկա ամսականով ծառայ անգամ չէ։ Ես եմ ձեզ նայողը. ինձմէ հրաման առնէք պիտի։ ( Կիները ետ կը նային. Ելմոնէ կը վարանի։ Արմինէ թեւէն քաշած կը տանի, բեմէն դուրս Ծօ ինչո՞ւ չէք լսեր ինծի ( Ոտքերը գետին զարնելով ) Աշխարհին ետքն է, հիչ ուրիշ բան չէ։ Հիմա խենդենամ պիտի։

ԳՐԻԳՈՐ ( Ձեռքէն բռնելով ) Կամաց, որ չխենդանաս։

ԽԱԼՖԱ Ատանկ մի խօսիր։ Ծօ աս իմին տունս է։ Սէնէտով հերճէթով։ Ադ կնիկն ալ իմս է բազարլըխով։ Դուն ինչենի՞ ես։ Ինչո՞ւ խօսքդ կ՚ուտես։ Վաղուընէ թէզը չի կայ, գործ չունիս աս տունին մէջ, դուրս, կորսուէ՛, աչքս չտեսնայ։

ԳՐԻԳՈՐ Հարկա՛ւ։ Բայց ատանկ բառերով մարդ դուրս չերթար։ Հովով չեմ եկեր որ հովով երթամ։

ԽԱԼՖԱ Ծօ տիք մի խօսիր ինծի դէմ։

ԳՐԻԳՈՐ Խալֆա, կրթուած խօսէ։ Ալ չեմ համբերեր ( Կը մօտենայ, ձեռքը կը սեղմէ ուժգին, կը հրէ բազմոցին անկիւնը։ Միշտ շարժումները չափաւոր

ԽԱԼՖԱ ( Ձայնը իջեցուցած ու հեւալէն ) Մի հրեր։ Ինչ է ըսելիքդ մարդու պէս ըսէ։

ԳՐԻԳՈՐ Հա, այդպէս կամաց։ Ըսելիքս շատ պարզ է։ Այդ կնիկը իրականին մէջ քուկդ է, չէ՞։

ԽԱԼՖԱ Հապա որո՞ւ ըլլար պիտի։

ԳՐԻԳՈՐ Լա՛ւ, հիմա կը պահանջեմ որ օրէնքով ալ քուկդ րլլայ։

ԽԱԼՖԱ ( Հեգնութեամբ ) Կնիկդ ինծի կը ծախես։

ԳՐԻԳՈՐ ( Զայրացած, ցատկելով ) Չեմ ներեր որ հեգնական, վիրաւորիչ ակնարկութիւններ ընես։ Երկու կտոր կընեմ գլուխդ գիտցած եղիր։

ԽԱԼՖԱ ( Կամաց ) Տղաս, կնիկը քուկդ է:

ԳՐԻԳՈՐ Քուկդ է։

ԽԱԼՖԱ Ժամ գնա, արձանագրութիւնը նայէ՛։ Իմ վրաս գրուած է նէ, ըսելիք չունիմ։

ԳՐԻԳՈՐ Նորէն կ՚ըսեմ, ալ չափը անցուցիր. մարդու պէս, առանց հեգնութեան ( Օձիգէն կը բռնէ

ԽԱԼՖԱ ( Ցած ) Աղէկ, աղէկ։ Ինչ կ՚ըսես։

ԳՐԻԳՈՐ ( Հատիկ հատիկ ) Այդ կինը իրապէս քուկդ է եղած։ Օրէնքով ալ քուկդ պէտք է ըլլայ։

ԽԱԼՖԱ ( Հանդարտ բայց առանց հեգնութեան ) Ես կնիկ առնել ուզէի նէ կնքահայր չէի ըլար։

ԳՐԻԳՈՐ ( Զուսպ բայց գրգռած ) Բաւական է կնքահայրութիւնը։ Հիմա ալ վերջացած է ադ շրջանը։

ԽԱԼՖԱ Տղայ, դուն ինծի հետ սակարկութիւն ունիս։

ԳՐԻԳՈՐ Ճիշդ է, բայց ես սակարկութեան դէմ չեմ մեղանչած։

ԽԱԼՖԱ Մեղանչելը ինտոր կ՚ըլլայ։ Դուն անոր երեսը պիտի չտեսնայիր։ Հիմա քովդ էր։ Ասկէ աւելի յայտնի ինչ կ՚ուզես։

ԳՐԻԳՈՐ Նիւթէն մի փախչիր։ Անոր երեսը տեսեր եմ չեմ տեսեր, ատիկա ինչով կը փոխէ այս տունին վիճակը։ Դուն հիմա ըսես պիտի ինծի, շատ յայտնի առանց այլ եւ այլի թէ կնիկը առնես պիտի։

ԽԱԼՖԱ Տղաս, այս տարիքէս վերջը կնիկ առնեմ, է ո՛ւր դնեմ։

ԳՐԻԳՈՐ— Մինչեւ հիմա ուր որ դրիր նորէն հոն կը դնես։ Եթէ այո՛, վաղն իսկ կը քաշուիմ տունէդ։

ԽԱԼՖԱ Կը քաշուիս մի, ես կը վռնտեմ կոր քեզի։ Ատանկ դուն քեզի գործէն չե՛ս կրնար ելլել։

ԳՐԻԳՈՐ Բայց գիտցած ըլլաս, ոտքս սեմէն դուրս պիտի չդնեմ մինչեւ որ որոշապէս չիմանամ թէ ինչ պիտի ընես անոր։

ԽԱԼՖԱ– Ատ իմ գիտնալիք բանս է։ Դուն գործիդ խառնուէ։ Սակարկութիւնը աւրեցիր, ալ տեղ չունիս հոս։

ԳՐԻԳՈՐ Ատ ալ իմ գիտնալիքս է, Հայտէ, մի տնտնա՛ր։

ԽԱԼՖԱ Ի՛նչ կը պոռաս։ Ես քեզի պատասխան տալու պարտական չեմ։

ԳՐԻԳՈՐ Խալֆա՛, մտիկ ըրէ՛։ Ոճիր մը գործեցիր, մի ընդմիջեր։ Մտիկ ըրէ, ( Խոշոր սաստուք ) ու հիմա դարմանում կ՚առաջարկեմ։ Դուն տկարները շահագործեցիր, կարծելով թէ իրերը միշտ պիտի մնային այդ վիճակին մէջ։ Հիմա տկարներէն մէկը ուժովցած է ու շատ։ Ու դարմանում կը պահանջէ։ Ինծի համար ոչի՛նչ։ Բայց ան կինը ալ հագնուած զգեստ մըն է։ Մէկը վրան չառներ։

ԽԱԼՖԱ Ատանկ կակուղ խօսիս նէ, կը հասկնամ։ Ամա ինչ զօռ ունիս, հանգիստդ մէկը չունէր։ Ինչո՞ւ երթալու կ՚ելլաս կոր։

ԳՐԻԳՈՐ Ադ գոցէ՛։ Իմ հանգիստիս վրայ դուն մի մտածեր։ Դուն անորինը մտածէ։

ԽԱԼՖԱ– Դուն անոր չես կրնար խառնուիլ ըսի։ Շատ շատ կնիկդ կ՚առնես կ՚ելլաս դուրս։

ԳՐԻԳՈՐ Ինծի մի բարկացներ։ Պատասխան տուր։

ԽԱԼՖԱ Քեզի պատասխան չեմ տար ըսի եա։

ԳՐԻԳՈՐ Հասկցայ։ Դուն խօսքէն չես իմանար ( Կը հանէ ատրճանակը, կը դնէ սեղանին վրայ Հիմա ասոր լեզուն քեզի կը հասկցնէ ամէն բան։

ԽԱԼՖԱ Ամա՜ն, ամա՜ն, ոտքդ պագնեմ ( Կ՚ուզէ դուրս քաշուիլ: Գրիգոր կը բռնէ ժագէթին ետեւէն

ԳՐԻԳՈՐ  Չես կրնար երթալ։ Պատասխան տուր ( զէնքը ձեռքն է

ԽԱԼՖԱ ( Դողալէն ) Զէնքը վերցուր` վերջը։

ԳՐԻԳՈՐ Լա՛ւ ( կը վերցնէ զէնքը

ԽԱԼՖԱ ( Վարանոտ ու վախկոտ ) Տղաս, քեզի վերջին խօսք։ Կնիկը կ՚ուզես առ, կ՚ուզես մի առներ։ Ատոր չեմ խառնուիր։ Պզտիկը ինծի է։

ԳՐԻԳՈՐ Որ պզտիկը` քո՞յրը։

ԽԱԼՖԱ Հա, անոր ապագան ինծի է: տասը հազար ոսկի պանգան ունի. երկու տուն ալ նոր ըրի վրան։ Շատ ստիպես նէ կ՚ամուսնանամ հետը։

ԳՐԻԳՈՐ Է՜։

ԽԱԼՖԱ Կ՚ամուսնանամ։ Մինչեւ հիմա չըսածս է ատիկա։

ԳՐԻԳՈՐ Խալֆա, դուն խենդեցեր ես։ Չե՛ս ամչնար։

ԽԱԼՖԱ— Ինչո՞ւ ամչնամ։ Կարգուիլը ամօ՞թ է։ Կնքահայր չեմ ըլար կոր։

ԳՐԻԳՈՐ ( Բռնկած զէնքը հանելով կրկին ) Քու գլուխդ կը ջախջախեմ անօրէն մարդ։

ան

ԽԱԼՖԱ ( Պոռալով ձայնին ն երածին չափ ) Վազեցէք կը սպաննէ կոր։

( Կիները ներս կը նետուին։ Երիտասարդը հանդարտ։ Զէնքը դրած է գրպանը։ Իրարու կը նային երիտասարդն ու խալֆան: Յետոյ երկրորդը կամաց դուրս կ՚ելլէ։ Կիները զարմացած կը նային։ Ոչ մէկ շարժում

Վարագոյր