Երեք թատերախաղեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Դ. ԱՐԱՐ

Բեմը Նոյն

 

ԱՐՄԻՆԷ ( Դուրսէն վազելով, բարձրաձայն, ուրախ ) Ելմոն, տեսայ։

ԵԼՄՈՆԷ ( Նստած պատուհանին անկիւնը, ձեռքը ծնօտին, ցատկելով ) Տեսա՞ր։ Վերջապէս։ ( Յուզումէն կու լայ

ԱՐՄԻՆԷ Տեսա՛յ, տեսա՛յ։

ԵԼՄՈՆԷ Լացա՞ւ. երբ տեսաւ մէկէն։

ԱՐՄԻՆԷ Ուզեց. չկրցաւ։ Աւելի լաւ եղաւ։ Աչքերը շատ կարմիր էին։

ԵԼՄՈՆԷ— Չխնդա՞ց։

ԱՐՄԻՆԷ Ան ալ ուզեց. նորէն չկրցաւ։ Բայց շատ աւելի լաւ եղաւ։

ԵԼՄՈՆԷ Ինչո՞ւ։

ԱՐՄԻՆԷ Փորձած ատենը, երեսին գիծերը անանկ խառնուեցաւ։ Սիրտս գէշ եղաւ։

ԵԼՄՈՆԷ Նիհարցած է, անանկ չէ՞։

ԱՐՄԻՆԷ Այո՛։ Գոյնը դեղներ։ Թարթիչները խոշորցեր են։

ԵԼՄՈՆԷ Ի՞նչպէս խօսեցաւ։

ԱՐՄԻՆԷ Կտոր, կտոր։ Փրթուկ չուանի պէս բան մը, բերնէն վար։

ԵԼՄՈՆԷ Ի՛նչ խօսեցաք։

ԱՐՄԻՆԷ Շատ, շատ բան։

ԵԼՄՈՆԷ— Մարդ կա՞ր քովերնիդ։

ԱՐՄԻՆԷ Առաջ պահապան մը կեցաւ, բաւական ատեն:

ԵԼՄՈՆԷ Պահապանը ի՞նչ է։

ԱՐՄԻՆԷ Մեծ խենդի տեղ կը դնեն կոր։ Տնօրէնը վախցաւ:

ԵԼՄՈՆԷ Է՛, դուն չըսե՞ս։

ԱՐՄԻՆԷ Չիյտես, ինչ rapportներ գրուեր են։ Տնօրէնը կը զարմանայ կոր։

ԵԼՄՈՆԷ Շատ նեղուա՞ծ է։

ԱՐՄԻՆԷ Առջի երեք օրը չափազանց։ Շղթաները չեն քակեր։

ԵԼՄՈՆԷ Տէր Յիսուս, շղթայի՞ զարկեր են։

ԱՐՄԻՆԷ Այդպէս տարեր են։ Ինծի ալ արգելարան պատճառը բժիշկն է եղեր։ Ինչ լաւ եղաւ խմբագիրներուն երթալս։ Անոնք չըլլային, տակաւին երեսը տեսնալիք չունէի։

ԵԼՄՈՆԷ Ըսել է ատոնք մեծ մարդեր են։

ԱՐՄԻՆԷ Ինչ մեծ պիտի ըլլան։ Բայց գործ կը փնտռեն քիթերնին խոթելու։ Ամէնն ալ ուրախութենէն ցատկեցին։ Եթե տղան չարձակեն, տեսնաս դուն գայթակղութիւնը։ Տնօրէնը կը վախնայ կոր։ Պոռալ պոռացի, տեսնայիր, պարտէզին մէջ գլուխս հաւաքուեցան։

ԵԼՄՈՆԷ Դուն քաջ ես, Արմինէ։ Ես բերանս չէի կրնար բանալ։ Ըսել է գործը գէշ է։ Խալֆան մէջէն կ՚ելլայ։ Ամէնուն ալ բերանը կը գոցէ։

ԱՐՄԻՆԷ Ձգէ սա խալֆադ։ Աս անգամ չազատիր, տեսնաս պիտի, ինչ վրէժ պիտի լուծեմ։ Հիմա ուր է նէ կու գայ։

ԵԼՄՈՆԷ Ախ, նորէն կռի՞ւ։

ԱՐՄԻՆԷ Այս անգամուանը կռիւ չէ՛։ Պատուհանները պիտի բանամ, բոլոր ուժովս պոռամ պիտի. աս դիմացուելիք բան չէ։

ԵԼՄՈՆԷ Ի՛նչ ընենք։ Աս ալ կ՚անցնի։ Դուն ան ըսէ, ինչեր խօսեցաք տղուն հետ։

ԱՐՄԻՆԷ— Ան ակնոցով բժիշկը չի կա՞յ. ուր է հոս եկաւ։ Բոլոր անոր տեղեկագրովը եղեր է։

ԵԼՄՈՆԷ— Անոնք ձգէ։ Ըսէ թէ ինչ կ՚ընէ տղան։

ԱՐՄԻՆԷ— Քիչ մը մինակ ձգէ ինծի։ Յուզուած եմ։

ԵԼՄՈՆԷ— Ինչո՞ւ խօսիլ չես ուզեր։ Կը վախնաս որ ուրիշ բաներ կը հարցնեմ։

ԱՐՄԻՆԷ Ինչ վախնամ։ Դուն գիտես արդէն։ Յիմարանոցին մէջ համբուրուելու չէինք։

ԵԼՄՈՆԷ ( Լուրջ ու փնտռելով ) Ի՞նչպէս նայեցաք իրարու:

ԱՐՄԻՆԷ— Ինչպէս որ կը նային մարդիկ։

ԵԼՄՈՆԷ Շիտակ չէ ըսածդ։ Այսքան օր իրար չէք տեսեր։ Ինտո՞ր մէկէն իրարու աչք ինկաք։ Ցաւեցա՞ւ աչքդ։

ԱՐՄԻՆԷ Ուրիշ բան գիտե՞ս։

ԵԼՄՈՆԷ Աղջի՛կ, չար մի ըլլար։ Ի՛նչ շահ պահելէդ։ Ձեռքէդ առնելու չեմ որ վախնաս։

ԱՐՄԻՆԷ Ինչո՞ւ ատանկ վիրաւորող շեշտ կայ ձայնիդ մէջ։

ԵԼՄՈՆԷ Քեզ վիրաւորե՛լ։ Ինչ ալ աղէկ կը ճանչնաս քոյրդ։ Աղջիկ, հոգ մի ըներ։ Ես երբ եմ խնդացեր։ Ճակտիս գիրն է, գիտեմ։

ԱՐՄԻՆԷ Ելմոն, քեզի հարցում մը ընեմ, բայց ուղիղ պիտի պատասխանես։ Դուն կը սիրե՞ս ադ տղան։

ԵԼՄՈՆԷ Ի՞նչ գիտնամ։ Դուն ներսէդ անցածները գիտես դուրս հանել։ Ես խեղճ կնիկ եմ, ներսէս կը բանիմ։

ԱՐՄԻՆԷ Կը սիրե՞ս, կը հարցնեմ քեզի։

ԵԼՄՈՆԷ Ես ի՞նչ գիտնամ։ Կ՚ըսեմ քեզի։ Ատիկա անանկ բան է որ մեզի պէսները չեն գիտեր գործածել։

ԱՐՄԻՆԷ Աղէկ։ Անոր վրայ կը մտածե՞ս։

ԵԼՄՈՆԷ Խե՛նդ ես դուն։ Ուրիշ ի՞նչ կ՚ընեմ որ։

ԱՐՄԻՆԷ Չէ անանկ միտքդ եկած ատենը։

ԵԼՄՈՆԷ Որ գործին տակն ալ ըլլամ։ Ամէն վայրկեան։ Կու գայ, ինչպէ՞ս։

ԱՐՄԻՆԷ Ինչպէ՞ս։

ԵԼՄՈՆԷ Բոլոր բաները մէկդի ընելէն, լեռնէն իջնող մեծ քարի պէս։ Անոր բան չի դիմանար։ Կերակուր եփեմ, հոն է, ալեմ հոն է, կարեմ քովս է։

ԱՐՄԻՆԷ (Քիչ մը ասդին դարձած) Ի՛նչ նմանութիւն, Աստուած իմ։

ԵԼՄՈՆԷ Ի՛նչ ըսիր։

ԱՐՄԻՆԷ Ոչի՛նչ։ Անոր մտածած ատենը ցաւ կ՚ունենաս։

ԵԼՄՈՆԷ Միշտ չէ։ Երբեմն։

ԱՐՄԻՆԷ ( Քիչ մը աւելի շեշտով ) Ե՞րբ, ե՞րբ:

ԵԼՄՈՆԷ Տարուելէդ ետքը։ Ուր է միտքովդ խենդ բաներ կընես, թեւերը կը բռնես, երեսը կը շոյես։ Դուրսէն մէկը քեզ խանգարեց, ան ատեն սուր ծայրով բան մը կ՚անցնի սրտէդ։ Ցաւը ադ է։ Իրաւ դանակ բռնածի պէս կուլայ։

ԱՐՄԻՆԷ Ուրիշ երբ կայ առ ցաւը:

ԵԼՄՈՆԷ Ուրի՛շ։ Չիյտեմ։ Հարկաւ կայ։

ԱՐՄԻՆԷ Ե՛րբ մինակը դուրս ելլա՞յ։

ԵԼՄՈՆԷ Ան ատեն ցաւ չի կայ։ Հանգիստ, թեթեւ բան մը կ՚ունենամ։ Երազը կը սկսի։ Կ՚իյնանք կ՚ելլանք իրարու հետ։

ԱՐՄԻՆԷ Կռիւ կ՚ընէ՞ք։

ԵԼՄՈՆԷ Կռի՞ւ։ Ես կրնա՞մ։

ԱՐՄԻՆԷ Իմ վրաս կը խօսիք։

ԵԼՄՈՆԷ ( Ցաւոտ շեշտով ) Քու վրադ ի՛նչ խօսիմ։ Ադ ատենը ան իմս է բոլորովին։ Քու վրադ կը խօսիմ երբ երկուքդ ելած ըլլաք։

ԱՐՄԻՆԷ Այն ատեն ցաւ կա՞յ։

ԵԼՄՈՆԷ Ան ցաւը ուրիշ մէկ բանի չի նմանիր: Տուն մը կրակուի, ինտոր տաքութիւնը դուրսը կը դառնայ, անանկ մուխի մէջ կը մնամ։ Ոչ լալս, ոչ աշխատիլս կը գիտնամ։ Ալ կրակէ կնիկ եմ, բոցը կը վազէ բերնէս։ Ինծի կու գայ որ մոխիր ըլլամ պիտի մէկէն ի մէկ ու վար թափիմ։ Բայց կրակը կ՚այրէ, ես կու լամ ու կը զարմանամ ինչու չեմ իյնար։

ամբ

ԱՐՄԻՆԷ Երբէ՞ն ի վեր ասանկ ես։

ԵԼՄՈՆԷ Սեղան նստած օրէն։

ԱՐՄԻՆԷ Ինչ տարօրինակ է կեանքը։ Մտքէդ կ՚անցնէ՞ր որ ատոր տակը արժէքով մարդ մը կենար պիտի։

ԵԼՄՈՆԷ Արժէքին խելքս չի հասնիր։ Դուն գիտես ատիկա ու նորէն չեմ գիտեր որ ի՛նչ է գրածդ։ Սա ճիշտ է որ երկու տարի անիկա չի կար։ Ու հիմա անկէ դուրս ուրիշ բան չի կայ։ Ինչուս պէտք անոր խելքը։ Չէ՞ որ երիտասարդ է։ Ա՛խ, զզուանք բան է ծերերուն անկողինը։

ԱՐՄԻՆԷ Բայց անիկա քեզ չի սիրեր։

ԵԼՄՈՆԷ Ըսելու պէտք չունիս։ Ինչ կրնամ ընել։ Աստուած իմ ճակտիս ալ ասանկ է գրեր։

ԱՐՄԻՆԷ Ինծի դէմ ցա՞ւ ունիս։

ԵԼՄՈՆԷ Երկուք եղաւ կը հարցնես։ Բախտ ունենայի այսպէս չէի ըլլար։ Մինակ ատեն ատեն մեռնիլս կու գայ։ Ինչո՞ւ քենէ գար այս կրակը։

ԱՐՄԻՆԷ Ինձմէ չըլլար, ուրիշի մը գար պիտի։

ԵԼՄՈՆԷ Ով գիտէ։ Կրնար չգալ։ Կարելի է կը տեսնէր տապկուիլս։ Կարելի է պիտի ներէր ինծի ալ, իրեն ալ, քանի որ այս մեղքը իր կրակով ըրինք: Սանկ երեւած ատենս թշնամիի պէս կու գաս աչքիս։

ԱՐՄԻՆԷ Թշնամի՞։

ԵԼՄՈՆԷ Ախ, աւելի գէշ, աւելի գէշ։ Ինչո՜ւ պահեմ, խղդուիմ պիտի։ Ես քեզի համար մինակ քեզի համար յանձն առի անպատիւ ըլլալ մարդերուն առջին. քեզի համար հոգիս դժոխքին գրեցի. հաց մը հանելը կարելի էր. քու հանգիստիդ, ուսումիդ համար ես ինծի այրեցի։ Հիմա՛։

ԱՐՄԻՆԷ Ելմոնէ դուն շատ ես լեցուած. բայց մտածէ, պիտի տեսնաս որ անիրաւ ես։

ԵԼՄՈՆԷ Անիրա՛ւ։ Որու համար ես տարի գարշելի մարդուն ամօթը։ Դուն չես գիտեր ինչ տառապանք է հոտած մարմին մը, դիակի պէս քովդ ի վեր երկնցած տեսնալը։ Դուն չես գիտեր, ինչ ասեղի պէս արիւն կը հանեն անոր կտրած, անոր ճերմկած պեխերը։ Ասիկա մարմինին չարչարանքն է։ Թուքը կը շատնայ բերնիդ մէջ, երբ անոր հոտած շրթունքները կը մօտենան քեզի։ Ատոնք ըրեր եմ, ես, անշուշտ քու բարիքիդ համար, բայց նորէն յոյս մըն ալ ունեցեր եմ միշտ։ Ու այդ յոյսը այսօր կու գայ ու դուն մէկէն առանց երկու կողմդ նայելու ձեռքդ կ՚երկնցնես առնելու։ Քեզի երիտասա՞րդ կը պակսի։ Օժիտ, դրամ, ամէն բանդ պատրաստ։ Երկու ամիսէն դուն ուզած տղուդ տէր կ՚ըլլաս։ Ինչո՞ւ եկար գացիր աս կրակը բացիր գլխուս։ Ինչո՞ւ։

ԱՐՄԻՆԷ Անանկ մը կըսես, կարծես թէ ես ուզեր եմ։ Ասիկա ուզելով չըլլար։ Դուն ինչպէս որ կ՚ըսես, գրուած է։ Ես ալ անանկ կը հաւատամ։ Առաջին օրէն անոր անունը տակնուվրայ ըրաւ զիս։ Խռովող, անհանգիստ ընող բան մը կար վրան։ Չէի յուսար որ ատիկա հոս պիտի իջնար։ Բայց սիրտին ճամբաները շատ մութ են։ Ես կուզե՞մ որ տառապիս։ Գիտեմ որ խալֆան փտտած ժայռի կը նմանի, իյնայլը մօտ է։ Մտքէս կ՚անցնի որ կրնաք օր մը ներել իրարու ու իրար սիրել։ Բայց ե՞ս։ Ես ո՞ւր երթամ, հիմա երբ ամէն բան դուրս է ձեռքէս։

ԵԼՄՈՆԷ Ամէն բան ձեռքիդ մէջն է։ Այսօր եթէ ուզես, կրնաս երկու բառով միտքդ հասկցնել։ Անիկա այնքան հպարտ է որ կրկնել պիտի չտայ։ Վստահ եմ ատոր։

ԱՐՄԻՆԷ Գիտեմ, գիտեմ, բայց ադ երկու բառը անոր ըսելէ առաջ, ինծի պէտք էր ըսէի։

ԵԼՄՈՆԷ Ըսէի՛ր։

ԱՐՄԻՆԷ Կը կարծե՞ս որ չըսի։ Կը կարծես որ մինչեւ այսօր չեմ ըսեր։ Բայց մենք բառերը մտքով կ՚ըսենք ու միտքին տեղը այն ատեն կը փնտռենք երբ անօգուտ է։ Ամէն բան լմնցած է ալ։

ԵԼՄՈՆԷ Ինչո՞ւ այդպէս կը խօսիս, աղջիկ, քսան տարեկան չի կաս ու աշխարհը կը գոցես։

ԱՐՄԻՆԷ  Գոց է, լեցուած բաժակն է աս սիրտը ուր դուրսէն ոչ մէկ կաթիլ իյնալու չէ ալ։

ԵԼՄՈՆԷ Աղջկան հոգի. ես ալ քեզի պէս եմ եղեր։ Ամուսինս երբ մեռաւ, սիրտս գերեզմանի կը նմանցնէի։ Երկու տարին բաւական եղաւ որ ուրիշի մը երթամ ու ինչպէս երթամ։

ԱՐՄԻՆԷ Մենք ուրիշները միշտ մեզի պէս կը չափենք։ Ատոր համար է որ այս խնդիրը` այնքան արցունք բերաւ, թէ քեզի թէ ինծի։

ԵԼՄՈՆԷ Քեզի արցունք։ Ինչո՞ւ լաց… լա՛յ թող քուրիկդ լայ։ Ամէն բան կ՚երթայ կոր անկէ։ Ասկէց ետքը նոր կեանք չէ որ կը սկսի։ Ապրի՞լ։ Աշխատանքի համար դիմացկուն պէտք է ըլլալ։ Իմ սիրտս տակէն հիմերը փախած տունին կը նմանի։ Ու մտածել որ քսանը հինգը նոր եմ մտած։ Ու մտածել որ կարելի էր երջանիկ ըլլալ, այնքան արցունքէ ետք ( Կու լայ

ԱՐՄԻՆԷ Ինծի՞ է այս մեղադրանքը։

ԵԼՄՈՆԷ Որու կ՚ուզէ ըլլայ։ Քաշուելիք տեղ չունիմ աշխարհէն։ Ամէնէն շատ սիրածէն, ամէնէն խորունկը կը վիրաւորուի։

ԱՐՄԻՆԷ Բայց, ինչ կու գայ ձեռքէս։ Մի ըսեր ատանկ։ Անիկա չուզեր մտիկ ընել քու խօսքդ, անունդ անգամ։ Քեզի մեռած տերեւի կը նմանցնէ

ԵԼՄՈՆԷ— ( Յուզումով ) Մի ըսեր, աղջիկ։ Իր բառերն ալ ըլլան, մի ըսեր, պահէ։ Իմ լեղիս կ՚օգտէ ինծի։ Քեզի պահէ ատոնք։ Դուն կրնաս օր մը անուշնալ, անուշցնել։ Ես ինչ ընեմ, ուր երթամ, որ քարին տամ աս գլուխը, ո՞ր։

ԱՐՄԻՆԷ Դուն ես ըսողը որ գոնէ հինգ տարեկան ես։ Ինչո՞ւ կը գոցես աշխարհը քեզի դէմ։

ԵԼՄՈՆԷ Աշխարհը գոցուած է ինծի դէմ, վերջնականապէս։ Քիչ մը մտածէ, պիտի գտնես որ ճիշտ խօսիմ։ Երկու տարի այս կեանքը, այս տունին մէջ, աս մարդուն հետ պիտի չներեն երբեք մարդերը։ Իրաւ է, կրնաք նոր խալֆաներ, քիչ մը վար կամ քիչ մը վեր։ Ատոնք տանիլը ալ ուժերէս դուրս է։ Գերեզմանը աւելի հաճելի է ինծի քան վաթսուննոց ծերունիի մը անկողինը։ Ասիկա թող գիտնան աշխարհի բոլոր աղջիկները։ Ուրի՛շ, կայ ուրիշ ճամբայ, սպասուհի երթալ։ Անոր ալ համը առնողները գիտեն։ Կայ բոզանոցը որ գերեզմանէն ալ գէշ ըլլալու է։ Ահա ինծի մնացածը։ Ասոնցմէ դուրս ինչ կը ձգես ինծի։ Հա, 25 տարեկան եմ, աղուոր ինչպէս կ՚ըսես։ Բայց ինչ ընեմ այս երիտասարդութիւնը, աս ազատութիւնը։ Որո՞ւ։

ԱՐՄԻՆԷ Բնաւ իրաւունք չունիս ատանկ ամէն քան սեւ տեսնալու։ Աշխարհք է աս։ Տարիներուն գաղտնիքը Աստուծմէն մեծ է։

ԵԼՄՈՆԷ Գիտես որ դժբախտները միշտ հեռուն կը նային։ Քեզի ըլլայ պարապ մխիթարանքը։ Դուն կ՚ուզես որ ան քուկդ բլայ։

ԱՐՄԻՆԷ Անիրաւ մեղադրանքէն ինչ շահ։ Քու անունդ չուզեր լսել ըսի քեզի։

ԵԼՄՈՆԷ Թող ըլլայ։ Ինչը տեւական է հոս։

ԱՐՄԻՆԷ Այդպէս երբ կը խօսիս ինծի լռել կը մնայ։ ( Կը կենայ քիչ մը ) Բայց ուրիշ հարցում։ Դուն ինծի ըսելիք ունի՞ս։

ԵԼՄՈՆԷ Քեզի ինչ մտածեմ։

ԱՐՄԻՆԷ Ոչ ատանկ դժկամակ։ Սանկ մեծ քրոջ մը պէս, մօր մը պէս կը մտածես ինծի։ Ես անիկա կը սիրեմ քենէ հազար անգամ ուժով։ Անիկա իմ ամէն բանս է։ Գիտցիր թէ ես կը դադրիմ ապրելու երբ ան չըլլայ։

ԵԼՄՈՆԷ— Մենք ամէնքս ալ ատանկ ենք եղեր։ Էրիկըս հոգեվարք էր, ինծի անանկ եկաւ որ ես ալ կղպէի պիտի կզակներս։ Կեցաւ անոր շունչը զարմանքով տեսայ որ ես կը նայէի։

ԱՐՄԻՆԷ Առաջին սէրն է ասիկա։

ԵԼՄՈՆԷ Ամէն սէր առաջին է։

ԱՐՄԻՆԷ Աղջկան սէրը, ուրիշ է։ Մի պնդեր։

ԵԼՄՈՆԷ Աղջի՛կ, ես ալ աղջիկ եմ տակաւին։ Աղջիկ են բոլոր ինծիպէսները որոնք չգիտեն թէ ինչու իրենց սիրտը կը դողայ։ Աղջիկ են ինծի պէս մուրատնին չառնողները, ես քենէ շատ աւելի աղջիկ եմ, քանի որ քեզի պէս գիրքերուն մէջը գոնէ չեմ կրնար աղջիկ ըլլալ։ Մեր ալ կեանքը։ Բայց երբ պէտք եղաւ, կնիկ դարձայ։ Հաւաքեցի բոլոր լաւ բաները, ծրար մը ըրած, թաղեցի ինձմէ առաջ ու նետուեցայ սա տունին մէջ, հոս, գիտես, ծերութիւն ու աղտը կ՚ապրին։

ԱՐՄԻՆԷ Նո՛ր է որ կըսես այս ամբողջը։

ԵԼՄՈՆԷ Բնաւ։ Բնաւ, դուն իրաւունք չունիս այդչափ առաջ երթալու։ Ես գաղտնի որքան եմ լացեր, այս պատուհաններուն ետին, գլուխս բարձին։ Դիւրին չէ։ Ես զգացեր եմ առաջին օրէն իր ըրածին ամբողջ ծանրութիւնը։ Ու ահա հաշիւ կ՚ուզես։ Ձգէ ալ մի խօսիր։ Իրարու սիրտ կը ծակենք ասկէց վար։ Դուն ինծի պատմէ անոր վրայ։ Ալ չեմ ուզեր որ բնաւ խօսք բանաս։ Աստուծոյ ուզածը կ՚ըլլայ։ Երբ պիտի թողուն։

ԱՐՄԻՆԷ Տնօրէնը բժիշկին կը սպասէր։ Եթէ բժիշկը վտանգ չի տեսնէ, այսօր պարտէզ պիտի հանեն։

ԵԼՄՈՆԻ Բայց բժիշկին rapportը կայ նէ։

ԱՐՄԻՆԷ Նոր բժիշկ ղրկեցին թերթերը։

ԵԼՄՈՆԷ Տուն ե՞րբ կու գայ։

ԱՐՄԻՆԷ Չեմ գիտեր։ Բայց այսօր վաղը։

ԵԼՄՈՆԷ Գայ նէ ի՞նչ ըլլայ պիտի։

ԱՐՄԻՆԷ Ո՞վ գիտէ։

ԵԼՄՈՆԷ Փորձանք բան։ Մինակը ձգելու չէ։ Կը սպաննեն իրար ( Պատուհանին տակէն Կու գան կոր։

ԱՐՄԻՆԷ Ո՞վ են։

ԵԼՄՈՆԷ Խալֆան, Տիգրան էֆէնտին, երկու կնիկ, ինչ բազմութիւն է։

ԱՐՄԻՆԷ Աստուածդ սիրես, հոս մի բերեր։ Վարը, հիւրանոց տար։ Սանկ քիչ մը հանգչիմ։ Գլուխս սաստիկ կը ցաւի։ ( Ելմոնէ կ՚իջնայ։ Արմինէ գլուխը բարձին կը դնէ։ Բարձը կարծր կու գայ. կը շարժի ոտքի։ Գիրք մը կ՚առնէ ձեռքը։ Նորէն չի կրնար կարդալ։ Անձկութիւն ու լքում։ Յետոյ կ՚իյնայ մազերը ձգած, բազմոցին։ Ոտքերը կէս մը գետին մէկ ոտքովը ծեծելով գորգը։ Դուռին կ՚իյնայ Խալֆան, շատ զգոյշ։ Ներս կը մտնայ։ Արմինէ կը զգայ անոր մուտքը, կը շտկի մէկէն ու լուռ է

ԽԱԼՖԱ Ո՞ւր գացիր այսօր։

ԱՐՄԻՆԷ Ուր ուզեմ կ՚երթամ։ Քեզի չեն հարցներ։

ԽԱԼՖԱ Ի՞նչպէս ինձմէ չեն հարցներ։ Պատրիարքարանի հրամանով դուք երկուքդ ալ իմ պաշտպանութեանս տակն էք։

ԱՐՄԻՆԷ Ատ հրամանները քեզի պահէ։

ԽԱԼՖԱ Ճանըմ, դուն գառնուկի պէս աղջիկ էիր։ Դե՞ւ մտաւ ներսդ մէկէն, ի՛նչ է աս։ Ձայնին մէջ քար կայ կ՚ըսես։ Անանկ ամուր կը զարնէ։

ԱՐՄԻՆԷ Ախ, գիտնաս, քու ձայնիդ մէջ աս քաղաքին ամբողջ աղտոտութիւնը կայ ըսեմ քիչ է նորէն։ Դուն ինծի հետ պիտի չխօսիս։ Ինչ երեսով նորէն ելեր կու գաս, հիւրերդ վարը ձգած։

ԽԱԼՖԱ Օրէնքով ես քու հօրդ տեղն եմ։ Ես չխօսիմ, ո՞վ խօսի պիտի. ձայնս կարճ ընեմ, գործիդ կու գայ հէ։

ԱՐՄԻՆԷ Է՛, մարդերուն ցեխը, ի՞նչ կ՚արժէ քու ձայնիդ երկայնութիւնը, ի՛նչ կ՚արժէ կարճութիւնը։

ԽԱԼՖԱ Տեսար ինչ կ՚ընեմ։ Ան ալ քեզի պէս վերէն թռաւ։ Թեւերը կոտրտեցի։

ԱՐՄԻՆԷ Ինչ ստորին մարդ ես դուն։ Ոճիրն ալ ընեն, քիչ մը համով, սիրտով, քաջութիւնով կ՚ընեն։ Ոչ թէ քեզի պէս ատանկ սողալէն։

ԽԱԼՖԱ Ոճի՜ր։ Ես բարիք ըրի, բարիք։ Կ՚ուզէիր որ թողէի տէ ադ խենդին ետեւէ՞ն երթայիր։

ԱՐՄԻՆԷ Ինծի մի գրգռեր։ Դուրս ելիր։ Ինչ ապրանք է առ երեսդ, մարդ։

ԽԱԼՖԱ Կը կարծես որ պիտի դիմանայ քու սուտէ շէնքդ։ Իմս պիտի դիմանա՛յ։ Դուն ետքէն կը համոզուիս։ Անիկա ջիմէնթոյէ Է։

ԱՐՄԻՆԷ Արդէն իսկ կը փլի, հիմնայատակ կը փլի ու քեզի մարգարէութիւն, քեզ ալ մէջը պիտի թաղէ։

ԽԱԼՖԱ Դուն ատանկ մալուզիա ըրէ։

ԱՐՄԻՆԷ Շատ խօսեցար։ Կռնա՛կդ։

ԽԱԼՖԱ Ինչո՞ւ այդքան լեցուն ես ինծի։ Ի՞նչ ըրի քեզի։ Երկուքդ ալ մարդ ըրի, մարդու կարգ անցուցի, ա՞դ էր մեղքս։

ԱՐՄԻՆԷ Կռնա՛կդ, ըսի, քեզի։ Հիւրերդ վարն են։ Ամօթ է։

ԽԱԼՖԱ Աղջիկս, ծեր մարդ եմ, մի այդպէս չարչարեր։

ԱՐՄԻՆԷ Նորէն ադ դե՞րը։ Պատուհանը կը բանամ կոր։

ԽԱԼՖԱ Ի՛նչ կ՚ըլլայ քու պատուհանէդ։ Ես թելիդ չեմ դպած։ Ինչո՞ւ պոռաս պիտի։

ԱՐՄԻՆԷ Քեզի բացարձակ արգիլած եմ որ չխօսիս ատոր վրայ։ Ամէն մէկ բառդ կոյանոցէ ելած զգեստի պէս կ՚իյնայ վրաս։ Ախ, քեզի ըլլան քու տասը հազար ոսկիներդ։ Քեզի ըլլան քու երկու տուներդ։ Ոչ մէկ բանիդ աչք չունիմ։ Դուրս ելի:

ԽԱԼՖԱ Աղջիկ, ես փորձառու եմ եղած։ Դուն հիմա սրդողած ես, բայց կ՚անցնի ատիկա։ Դուն մտիկ ըրէ իմ խօսքիս։

ԱՐՄԻՆԷ Մի, մի, պոռամ պիտի։ Մի խօսիր։

ԽԱԼՖԱ Պոռամ պիտի, պոռամ պիտի։ Տէ պոռայիր։ Ատով վախցնե՞ս պիտի ինծի։ Աչքերուս ալ բանի տեղ չի գար լման աշխարհը։ Քեզի, իմ ամբողջ կարմիր ոսկիներս։ Ուրիշ ըսելիք։ Ոսկի ջուրի մէջ խեղդեմ պիտի արդ յամառութիւնը։

ԱՐՄԻՆԷ  Ինչ պլշկող բան ես դուն։ Ամբողջութիւնովդ ալ ոսկի կտրիս, թող ձեռքս փրթի եթէ քեզի մատիս ծայրը երկնցնեմ։

ԽԱԼՖԱ Շիշլիի աբարթըմանն ալ։

ԱՐՄԻՆԷ Լման Պոլիսին ալ տէրը ըլլաս, ոտքերս կոտրտին եթէ քեզի գալու համար քայլ փոխեմ վրան։

ԽԱԼՖԱ Դու ետքէն զղջաս պիտի։

ԱՐՄԻՆԷ Ինծի ձգէ, ինծի։ Բնաւ մի հետաքրքրուիր։ Ու եթէ քիչ մը մարդկութիւն կայ քովդ, ելիր կորսուէ աչքիս առջեւէն։ Կենալդ աս սենեակին մէջ բեռ է։ Կարծես սրտիս վրայ կը կոխես։

ԽԱԼՖԱ Ինչ ըրեր եմ ատանկ…

ԱՐՄԻՆԷ Դեռ կը հարցնէ։ Ի՞նչ ըրեր։ Խելքը կը դառնայ մարդուն երբ մտածէ։

ԽԱԼՖԱ Անվարժ աղջիկ։ Ես ատիկա իրի քու բարիքիդ համար։ Խենդերը յիմարանոցը կը վայլեն։

ԱՐՄԻՆԷ— ( կատաղութեամբ ) Դո՛ւրս, անպատկառ սրիկայ։ Դուրս կը պոռամ քեզի։ Ինչ լիրբ աշխարհ է աս աշխարհը։ Ամբողջ քաղաք մը քու փարայիդ համար քեզի դաւակից եղաւ։

ԽԱԼՖԱ ( Քաղցր ) Դուն պզտիկ ես։ Ձեր սիրտը մոմի պէս կակուղ կ՚ըլլայ։ Որ կողմէն դիւրին գայ, ան կողմէն կը ծռի։

ԱՐՄԻՆԷ— Դաս տալդ սիրեմ։ Դուն սիրտ ունեցեր ե՞ս։

ԽԱԼՖԱ ( Քիչ մը հեգնական ) Մինակ կարդացողները չէ որ ունին։

ԱՐՄԻՆԷ Աս տարիքիդ եկար, օր մը սա սրտերը, կուրծքիդ տակի բանի մը զարնելը լսեցի՞ր։

ԽԱԼՖԱ Շատ չեմ հասկնար։

ԱՐՄԻՆԷ ( Շարունակելով ) Օր մը դուն քեզի հետ սիրտիդ ականջ տուի՞ր։ Անոր հարցուցի՞ր որ ինչու կը զարնէ։

ԽԱԼՖԱ Եղա՞ւ ատիկա։ Եղա՞ւ: Ամէն օր հարցում կու տամ անոր, ադ քու չհաւնած սրտին։

ԱՐՄԻՆԷ Ի՞նչ կը հարցնես։

ԽԱԼՖԱ Կը հարցնեմ որ ինչու ատանկ ամուր ամուր կը զարնէ։

ԱՐՄԻՆԷ Իմ գիտցածս, հիմա քար է անոր տեղը։

ԽԱԼՖԱ Քար չէ՛, աղջիկ։ Քու դէմդ ելածին պէս հոն պահուողը կ՚արթննայ ու փոթորիկը կը սկսի։ Ինծի ատանկ բան չէ պատահած։ 

ԱՐՄԻՆԷ Ըսել է հոդ հիմա շարժող, խօսող բան կա՞յ։

ԽԱԼՖԱ Կա՛յ։ Ատիկա չես սպասեր։ Բայց կայ։

ԱՐՄԻՆԷ ( Հեգնութեամբ ) Ի՞նչ կայ։

ԽԱԼՖԱ Չէ՞ որ դուն ըսիր։

ԱՐՄԻՆԷ Ես բան չըսի։

ԽԱԼՖԱ Ըսես կամ չըսես, աս տեղը կրակ կայ, աս տեղը կրակը դրեր կը վառեն ըսեմ, սուտ չեմ։

ԱՐՄԻՆԷ Ինտոր կրակ է ադ։

ԽԱԼՖԱ– Կրակի պէս կրակ։ Խորվիլը կ՚իմանամ տեղին։ Աս քանի օ՜ր է։

ԱՐՄԻՆԷ— Է՛, մոխիր չըլլար կոր։ Մեր գիտցածը կրակը քիչ կը դիմանայ։

ԽԱԼՖԱ Չըլլար կոր. քանի կ՚երթայ հատնելու տեղ կ՚ուժովնայ։ Հիմա քեզ ատանկ անուշ դէմս չեմ տեսներ, մէկը փքոցը ձեռքը բոց կու տայ կ՚ըսես, անանկ մեծ է։

ԱՐՄԻՆԷ Ըսել է ինձմէ է կրակը։

ԽԱԼՖԱ Աղջիկ, մի՛ խնդար։ Ես մեղքցուելիք մարդ եմ:

ԱՐՄԻՆԷ Օ՛, ինչդ է պակաս։

ԽԱԼՖԱ Ես խեղճ մարդ եմ։ Փողոցի մուրացկանը աղէկ է ինձմէ։

ԱՐՄԻՆԷ Աս նոր բարի լուս։ Ինչ ծիծաղելի ես գիտնաս հիմա. մէկը տեսնելու է վիճակդ։

ԽԱԼՖԱ Մէկուն չեմ հարցներ։ Ես գիտեմ իմ վիճակս, մինակ եմ։ Աստուած ամէնէն գէշ թշնամիիս չտայ սա օրը։ Կրակը առեր կ՚երթայ. դուն կը խնդաս։

ԱՐՄԻՆԷ Իմ ինչուս պէտք։ Վաթսունէն ետք սիրահարը փրկիչցու է ալ։

ԽԱԼՖԱ Աղջիկ, սիրտը տարիք չունի։

ԱՐՄԻՆԷ Բայց դուն ունիս։ Հայելին նայա՞ծ ես։ Երեսիդ վրայ գիծէն զատ բան չիկայ։

ԽԱԼՖԱ Երեսով չեն սիրեր։ Ես հիմա մոռցեր եմ իմ ամէն բանս, ամէն տեղս, մինակ հոս ( սիրտը ցուցնելով ) ողջ բան մը կայ։

ԱՐՄԻՆԷ Կեանքիդ մէջ բնաւ ասանկ եղա՞ծ ես։

ԽԱԼՖԱ ( Անվարան ) Երբե՛ք։

ԱՐՄԻՆԷ Դուն սիրա՞ծ ես։

ԽԱԼՖԱ ( Կը նայի, անպատասխան

ԱՐՄԻՆԷ Չխօսի՞ս։ Քեզի կ՚ըսեմ, մէկուն ըսա՞ծ ես բերանովդ քեզ կը սիրեմ։

ԽԱԼՖԱ ( Անվարան ) Չէ՛։

ԱՐՄԻՆԷ Նորէն ալ ճիշդ ըսիր։ Հիմա՞։

ԽԱԼՖԱ Աղջիկ, ամէն հոգի իր ժամը ունի։ Որունը կանուխ կու գայ, որունը՝ ուշ։

ԱՐՄԻՆԷ Քուկդ անանկ ուշացած է գիտնաս։

ԽԱԼՖԱ Սխալ, բոլորովին սխալ է։ Ես հիմա անանկ թեթեւցած եմ, անանկ երիտասարդ։ Ինծի այնպէս կու գայ որ քեզ թեւերուս մէջ առնելով, օդէն պիտի կրնամ թռչիլ։

ԱՐՄԻՆԷ Կամաց, կ՚իյնաս կտոր կտոր կ՚ըլլանք։

ԽԱԼՖԱ Մի խնդար։ Ինծի անանկ կու գայ որ աս սիրտը մինակ քեզի համար շինուած է։

ԱՐՄԻՆԷ— Ով գիտէ ինչե՛ր պառկեցուցիր այդ աղտոտ խշտիկին մէջ։

ԽԱԼՖԱ Պարապ տունն է աս սիրտը։ Մէկը չզարկաւ դուռը։

ԱՐՄԻՆԷ ( Չարութեամբ ) Հիմա՞։

ԽԱԼՖԱ Հիմա ներսը տաղաւարով ժամուն պէս լուս կայ։

ԱՐՄԻՆԷ Խալֆա, ադ լեզուն ուրկէ՞ սորվեցար։

ԽԱԼՖԱ Քեզի չափ կարդալ գիտնայի, ան ատեն ատանկ խնդալով մտիկ չէիր ըներ։ Ան ատեն մեղքնայիր պիտի, լայիր պիտի, սիրտերը քարէ չեն ըլլար։

ԱՐՄԻՆԷ Ըսել է կու լաս ալ։

ԽԱԼՖԱ Աղջիկ, դուն կը տեսնաս ատիկա։ Ես բառ չունիմ. գտածներս ալ քեզի համար խենդ կը սեպուին։ Դուն իմ հոգիիս տունն ես։

ԱՐՄԻՆԷ ( Հեգնութեամբ ) Լա՛ւ, ուրի՛շ։

ԽԱԼՖԱ Դուն իմ հոգիին ջահն ես։

ԱՐՄԻՆԷ Ադ ալ լաւ։ Ուրիշ։

ԽԱԼՖԱ Դուն իմ հոգիիս արեւն ես։

ԱՐՄԻՆԷ Ասոր վերջը չի կայ։ Կարգով գան պիտի, լուսինը, ետքէն երկինքը…

ԽԱԼՖԱ Դուն ինծի համար օ՛րն ես։ Առանց քեզի ես չեմ ապրիր։

ԱՐՄԻՆԷ Հիմա չեղաւ։ Ալ ատիկա խենդի լեզու է։

ԽԱԼՖԱ Ըսէ խենդ, ըսէ խելօք: Ծերուկի սէր է ասիկա։ Ասիկա յուսահատ սէրն է։ Երիտասարդ ները թող չըսեն որ սէրով կը մեռնին. կեցիր, մի խօսիր։ Տեղը եկած է ու դուն գիտնալու ես։ Անոնք նորէն սկսելու ատենը ունին։ Ե՛ս։

ԱՐՄԻՆԷ— Ծերունիները գերեզմանին ճամբան կը փորձեն։ Սիրե՞լը։

ԽԱԼՖԱ Բայց ես չեմ սիրած, չեմ սիրած։ Ինծի տուին աղջիկներ, ինծի տուին կնիկ. ինծի մէկը չտուաւ ինչ որ քենէ կու գայ հիմա՝ տակաւին մօտիկդ չեկած։ Ինծի մէկը չնայեցաւ ինչպէս դուն կ՚ըսես։ Մէկը չառաւ ինձմէ մէկ անգամէն այնչափ ուժ, այնչափ արիւն, ինչպէս կ՚ըլլայ ատիկա քու դէմդ։ Քու մէկ շարժումը, մատիդ մէկ երերալը իմ մէջս տարիներ կը կոտրտէ։ Ամէն վռնտելուդ իմ մէջս պալատներ կը փլին։ Բայց սոսկալին այն է, որ նորէն կը քաշուիմ քենէ։ Ես ասանկ չեմ եղած։

ԱՐՄԻՆԷ Հիմա լաւ է կրնաս շարունակել։

ԽԱԼՖԱ Դուն խնդա՛։ Բայց մի կասկածիր որ ըսածներս խոշորցուած բառեր են։ Ես քեզ կ՚ուզեմ, կ՚ուզեմ աշխարհի բոլոր ուժերէն դուրս ուժով մը ( Կ՚ուզէ մօտենալ

ԱՐՄԻՆԷ Ե՛տ, ատանկ հեռուէն։ Քայլ մը առնես գլուխդ կտոր կտոր կ՚ընեմ։

ԽԱԼՖԱ Բարկացի՛ր, նախատէ՛, հայհոյէ՛։ Բոլոր բառերդ ալ մետաքսի պէս կու գան ինծի։ Քու զարկած տեղդ վարդ կը բուսնի։

ԱՐՄԻՆԷ ( Աւելի խիստ ) Աւելի հեռու, աւելի հեռու։ Բառերդ տաքցան։

ԽԱԼՖԱ Կը տեսնաս ըսել է։ Մինակ բերնէս ելածը չէ, որ տաքը տաքը վարն է. հա ( սիրտը կը ցուցնէ ) Քեզի ըսի, հոն կրակի գիւբ կայ, Արմինէ։

ԱՐՄԻՆԷ ( Զարմացած ) Ոչ իմ անունս, ուրիշ բառ, ուրիշ բառ գտիր, պիտի չըսես։ Կ՚աղտոտի։ Ոչ իմ անունս։

ԽԱԼՖԱ ( Ձեռքերը երկարած ու լայն շարժումով մը ) Մինակ քու անունդ, մինակ քու անունդ։ Կարելի ըլլար վերցնել աս տախտակը, անխելք աղջիկ, ան ատեն տեսնէիր պիտի, ի՛նչ է սէրը։

ԱՐՄԻՆԷ Քու բերնէդ ալ ադ բառը։ Ինչպէս կ՚ըլլայ։ Ինչ տարօրինակ է։

ԽԱԼՖԱ Նայէ՛, չըսիր խենդ, չըսիր պաղ, չխնդացիր. կը զարմանաս։

ԱՐՄԻՆԷ Բայց քեզի չի վայելեր ադ բառը։

ԽԱԼՖԱ Ոսկին ոսկի է ցեխին մէջ ալ, քեզի պէս աղջկան մը մատին ալ մէջը։ Մարդերուն միսը մէկ հողէ շինուած է։ Չես հաւատար, գերեզման գնա, ծերունիէն ալ, երիտասարդէն ալ նոյն ծաղիկը կը բուսնի։

ԱՐՄԻՆԷ Խելք ալ ունիս։

ԽԱԼՖԱ Իրաւունք չունիս ծաղրելու։ Ի՜նչ կ՚ուզէի։ Կ՚ուզէի որ Աստուածային ուժ մը մէկէն քեզի ատ տարիքիդ մէջ ընէր ինծի չափ ծեր։

ԱՐՄԻՆԷ Ի՞նչ կ՚ըլլայ որ։

ԽԱԼՖԱ— Ան ատեն տեսնայիր որ սիրտն է մինակ որ փոխուած չէ քու մէջդ։ Ան ատեն պիտի զգայիր որ ամէնէն արցունքոտ բանն է ադ տարիքիդ մէջը սիրելը։ Պիտի հասկնայիր որ աշխարհքէն բաժնուելու ցաւէն աւելի կսկծալի բան մը կար քու ներսդ ցաւը կարօտը չառնուած բաներուն։ Երթալն է ասիկա։ Ատոր համար կ՚ըսեմ քեզի մեր սիրտը չի նմանիր ձեր տղայ սիրտերուն։ Քեզի երդում կ՚ընեմ որքան ատեն որ աս ձեռքերը շարժին, պիտի չթողում որ անոր վազես։ Քեզի պիտի չտամ անոր։ Պիտի անցնիս մեռելիս վրայէն։ Բայց ո՞ղջ…։ Ատիկա չըլլայ պիտի։

ԱՐՄԻՆԷ Մէկը լսէր ըսածներդ, պիտի վախնար, եթէ քեզ չի ճանչնար։

ԽԱԼՖԱ Դուն ալ չես ճանչնար ինծի։ Երկու օր է, ես ալ հին մարդը չեմ։ Դուն անոր յոյսը ունիս։ Ելլայ չելլայ, անիկա ետքի խնդիր է։ Դուն իմս ըլլաս պիտի. իմս ( ակռաները կճրտեցնելով ) ես պիտի ծամեմ քու ադ թեւերդ, երեսները, ես պիտի խմեմ քու շունչդ, քու գինովութիւնդ։ Ես պիտի հատցնեմ քու գեղեցկութիւնդ ու անկէ ետքը մեռնիլը թող գայ։ Աչքերս գոց կը մտնեմ դժոխք։ Բայց, ուզես կամ չուզես, քու ձեռքդ չէ։ Արթուն կամ քուն, ես պիտի ունենամ քեզ։ Աս գիտցած րլլաս։

ԱՐՄԻՆԷ Ամէնուն կրնամ ըլլալ ( հեգնելով Քեզի, երբե՛ք։

ԽԱԼՖԱ Ամէնէն առաջ ինծի՛, ինծի։ Պիտի ունենամ քեզի։

ԱՐՄԻՆԷ Ի՛նչ երկար ըրիր։ Հիւրերը վարն են, ի՛նչ կ՚ըսեն հիմա։

ԽԱԼՖԱ Քեզի առաջ ըսի. աշխարհքէն դուրս եմ ես:

ԱՐՄԻՆԷ ( Սաստիկ գրգռուած ) Ի՛նչ ըսել կ՚ուզես։

ԽԱԼՖԱ ( Հանդարտ ) Ա՛, պէտք չունիս խիստ ըլլալու։

ԱՐՄԻՆԷ Քեզի կ՚ըսեմ յոգնած եմ, մինակ ձգէ զիս։

ԽԱԼՖԱ Մինչեւ Եէտի-Գուլէ։ Թող չերթայիր։

ԱՐՄԻՆԷ ( Զայրացած ) Միտքս ձգեցիր։ Դեռ առջիս կեցեր կը խօսի. մոռցեր էի։ Դո՛ւրս։

ԽԱԼՖԱ Մի՛ վռնտեր, տունին շունն անգամ մեղմութեամբ դուրս կ՚ընեն։

ԱՐՄԻՆԷ Սիրտ խառնուուք կու գայ կոր բառերէդ, ներկայութիւնէդ։ Կարծես թէ դիակ մըն ես որ քալելու ելեր ես։ Անանկ կը հոտի հոգիդ։ Դուրս։ Ալ դիմանալու տեղ չիկայ ( ձեռքովը կը հրէ

ԽԱԼՖԱ ( Անկարող ինքզինքը բռնելու կ՚իյնալ գետին։ Ոտքէն կը բռնէ ու պաղատելով ) Անսիրտ մի րլլար, աղջիկ. ոտքերուդ եմ փաթթուեր։

ԱՐՄԻՆԷ ( Ոտքը ազատել ջանալով ) Ի՞նչ աներես մարդ ես դուն։ Կորսուէ՛։

ԽԱԼՖԱ Զարկ, կոխկրտէ, բայց դուրս մի ըներ։ Ես չեմ ապրիր։

ԱՐՄԻՆԷ Գնա դուրս, ուր որ կ՚ուզես։ ( Դուռին մօտենալով, բոլոր ձայնովը ) Ելմոնէ՛։

ԽԱԼՖԱ ( Ոտքը թող տուած ) Կանչէ՛, ալ անցաւ մարդերէն քաշուելու ատենը։

ԱՐՄԻՆԷ Գոնէ ոտքի։ Ի՞նչ փռուեր ես գետինը։

ԽԱԼՖԱ Ըսէ, ելլամ ( Կ՚ելլայ, կը դողայ, նորէն պատրաստ է փլչելու։ Ելմոնէ կը վազէ ներս

ԵԼՄՈՆԷ Աս ի՛նչ է։ Հիւրերը ձգեր էք, ի՞նչ կ՚ընէք հոս:

ԱՐՄԻՆԷ Առ տար սա մարդը` ոտքերուս կը փաթթուի։

ԵԼՄՈՆԷ Խալֆա, տարիքիդ չե՞ս նայիր։

ԽԱԼՖԱ ( Կատղած ) Ամէնքդ ալ ադ կըսէ՛ք։ Տարիք, տարի՛ք։ Հարցուցած փնտռած ունիք հոս։ Ո՛վ ըսաւ ձեզի թէ սիրտը կը հիննայ։ Ո՞վ ըսաւ: Դուք չէք գիտեր որ մեռնելիք էշը փայտէն չի վախնար։ Հօրս գերեզմանին վրայ երդում. այ խայտառակ, աղտոտ, հոտած աղջիկ, ուզես չուզես, պիտի ունենամ քեզի։ Իմս պիտի ըլլաս։ Իմս։ Նորէն կ՚ըսե'մ, նորէն կ՚ըսեմ։ Ես քեզի մարդու չեմ տար։ Մեռնիլ է նէ, մեռնիլ։ Ապրիլ է նէ ապրիլ։ Ասկէ անդին ունի՞ս ըսելիք։ Սուրբի՞կը եկաւ։

ԵԼՄՈՆԷ— Վա՛րն է։

ԽԱԼՖԱ ( Արմինէին ) Հիմա դուն կը հասկնաս աշխարհին չորս ծայրը։

ԵԼՄՈՆԷ Տիգրան էֆէնտին, Էֆթիկ հանըմը, ամէնըն ալ կը սպասեն. ելիր վար երթանք։

ՍՈՒՐԲԻԿ ( Արդէն դուրսէն նորս երկնցնելով գլուխը ) Մեղայ, ի՛նչ աղմուկ է աս։ Հիւր ենք եկեր, երեսնիս նայող չի կայ։

ԽԱԼՖԱ ( Դողդղալէն ) Ալ քեզի։ Դո՛ւն խօսք հասկըցուր։ ( Միւսներն ալ ներս կը մտնեն )

ԱՐՄԻՆԷ Ինչո՞ւ եկաք, ո՞վ էք դուք։ Ամէնքդ ալ դո՛ւրս, չեմ ուզեր։

ԽԱԼՖԱ Որո՞ւն տունէն ով կը վռնտես կոր։ Ասիկա քուկդ չի գիտնաս։

ԱՐՄԻՆԷ Ինծի ձգեցէ՛ք, ելլամ, փախիմ ես ձեր մէջէն։ 

ԵԼՄՈՆԷ— Հանդարտէ, աղջիկ, ամօթ է. փողոցէն մարդ վրանիս խնդան պիտի նորէն։

ԷՖԹԻԿ ( Շատ գէր, շատ քսուած, շատ թափօն, վիզին տակը միսերը խաւ խաւ ընելով ) Ամա, օրիորդ, փէք ադանկ պոռալու իրաւունք չունիս, գիտես քի։ Դուն չես ուզեր նէ քու տեղդ հազարը կը բերեմ։

ԱՐՄԻՆԷ Դո՞ւն ով ես։ Ո՛ւրկէ կու գաս։

ՏԻԳՐԱՆ Մի՛ բարկանաք ճանըմ։ Հիմա կ՚անցնի փոթորիկը, ասանկ բաներ պատահական են։ Քիչ ետքը կը կարգադրենք:

ԱՐՄԻՆԷ— Բայց ի՞նչ կ՚ուզէք, ո՞վ կանչեց ձես հոս։ Ինչո՞ւ չէք երթար տեղերնիդ։ Հիմա պատուհանները բանամ պիտի ( Կը շտկի դէպի փողոց

ԵԼՄՈՆԷ— ( Վազելով ) Ինքզինքիդ եկուր։

ԽԱԼՖԱ Սուրբիկ, չեղա՛ւ։ Կը տեսնաս կոր եա։ Ալ քեզի անցաւ։

ՍՈՒՐԲԻԿ ( Աչքով կը խօսի խալֆային հետ

ԽԱԼՖԱ (Աչքով) Այո՛։

ՍՈՒՐԲԻՆ Դուք սանկ քաշուեցէք։ Ձգեցէք անիկա ինծի։

ԱՐՄԻՆԵ Դուն ո՞վ կ՚ըլլաս։ Ի՞նչ է ուզածդ։

ՍՈՒՐԲԻԿ Ախ, պօյըդ սիրեմ, այդ ինչ սէվլի հասակ է։ Այդ ինչ սէվլի հասակ։

ԱՐՄԻՆԷ ( Մեղմացած ) Ի՛նչ ըսել կ՚ուզես։

ՍՈՒՐԲԻԿ Քա, ըգւիներդ սիրեմ։ Սիրտմէ է ի՛նչ է։ Ով գիտէ Աստուած քանի օր աշխատեցաւ վրան։

ԵԼՄՈՆԷ Հա՛, յօնքերը գեղեցիկ են։

ՍՈՒՐԲԻԿ ( Մօտենալով ) Մինակ յօնքե՞րը։ Աս ինչ փէմպէ փէմպէ միսեր էն։ Թօմպուլ, թօմպուլ։

ԽԱԼՖԱ Կերածը մէկը չունի։

ԱՐՄԻՆԷ ( Ցատկելով ) Լռէ՛ սրիկայ, հիմա կը սատկեցնեմ քեզի։ Դո՛ւրս ( Կը թօթուուի

մ

ՍՈՒՐԲԻԿ ( Խալֆային ) Սուս դուն, հին խազ։ Քա աչքս ելլայ, աս ի՛նչ աղուոր մազեր։ ( Կ՚առնէ մազերը, կը շոյէ, փոշի մը սրսկելով մեծ քանակութեամբ ) Աստուած նազարէն պահէ։ Ելմոնէ, աս ինչ քումրուի պէս մեծցեր է։ Շատոնց է չէի տեսեր, երնեկ քեզի։

( Խումբը կը բաժնուի երկուքի։ Ելմոնէ քրոջը թեւը մտած կը նստի հեռուն, բազմոցին անկիւնը աչքերը գոց։ Խալֆային շուրջը Տիգրան եւ կինը

ԽԱԼՖԱ   ( Կամաց, ականջին տակը ծռելով ) Եղա՞ւ։

ՍՈՒՐԲԻԿ Եղա՛ւ։ Քառորդէ մը մեռելի պէս իյնայ պիտի։

ԽԱԼՖԱ— Հապա չըլլա՛յ նէ։

ՍՈՒՐԲԻԿ Խե՞նդ ես դուն։ Երկու հեղ դուն ալ գործածեցիր ադ դեղը։

ԽԱԼՖԱ Սխալ ըրած ըլլաս նէ։

ՍՈՒՐԲԻԿ Խելքդ տուն կանչէ։ Հայտէ փարան։

ԽԱԼՖԱ Կեցի՛ր. երթան անոնք։

ՍՈՒՐԲԻԿ Մտիկ չեմ ըներ. փարան։

ԽԱԼՖԱ Գրպանս չունիմ։

ՍՈՒՐԲԻԿ ( Ինքզինքը ցուցնելով ) Քու գրպանդ փարան պակաս կ՚ըլլա՞յ։ Շո՛ւտ…։

ԽԱԼՖԱ Ազդելու չըլլայ նէ։

ՍՈՒՐԲԻԿ Քեզի պիլէ կը քնացնէ ադ դեղը. ուր մնաց մատղաշ աղջիկը։

ԽԱԼՖԱ Սուտ ըլլաս նէ, մեռած օրդ է։

ՍՈՒՐԲԻԿ Երկան կ՚ընես կոր։ Փարան կ՚ըսեմ. չէ նէ հիմա իմաց տամ պիտի։

ԽԱԼՖԱ Ինչ սատկելիք պառաւ ես դուն։

ՍՈՒՐԲԻԿ Ինչ խորթլամիշ ըլլալիք ծեր ես դուն։

ԽԱԼՖԱ ( Դրամը տալով ) Սիրտէս կ՚երթայ։ Կրակի գին է ըսեր։ Շուն շանորդի պառաւ։

ՍՈՒՐԲԻԿ Դուն երթայիր տէ մինակդ ընէիր։

ԽԱԼՖԱ Քաշուէ տէ, սըւոնք ալ ետեւէդ տար։

ՍՈՒՐԲԻԿ Կեցիր քանի մը վայրկեան։  

( Նոյն վայրկեանին դուռին մէջէն կը ցցուի երիտասարդին դէմքը, գլուխը բաց, աչքերը զարհուրագին կատաղութեան մը մէջ: Խալփան տեսածին կը խոյանայ վրան։ Խալֆան կը կծկտի, յարձակում կրած աւանակի պէս կ՚ընկրկի, պոռալով կրցածին չափ ուժով։

Երիտասարդը կը բռնէ կոկորդէն, կը բարձրացնէ, ոտքերը կը զատէ գետնէն, յետոյ մէկէն կը ձգէ, երկու երեք անգամ ցնցելէ ետքը։ Խալֆան կ՚իյնայ գետին անշունչ։

Տիգրան էֆէնտին աթոռին վրայէն ցատկելով դուրս կ՚իյնայ։ Դուռին մէջէն տագնապով կինը կանչելով։

Ելմոնէ սառած կը նայի անոր։

Արմինէ դժուարութեամբ ոտքի է եւ կ՚իյնայ երիտասարդին ձեռքերուն մէջ։ Սուրբիկը կը պահէ իր պաղարիւնը Քա մարդը ի՛նչ եղաւ։ Ելմոնէ, ո՛ւր ես։

ԵԼՄՈՆԷ ( Ձեռքերը երկու կողերուն վերցրած կը նայի երկու փաթթուողներուն

ՍՈՒՐԲԻԿ ( կը մօտենայ խալֆային, բազկերակը կը նայի ) Քա կեցած է ( Ուժով Ելմոնէին ) Շո՛ւտ, քիչ մը եթեր ( կը ծռի սրտին մտիկ կ՚ընէ ) Կեցեր է։ ( Ելմոնէ կը բերէ սրուակը։ Կը դնեն քիթին . շարժում չի կայ )

ԵԼՄՈՆԷ Մեռած չըլլայ։

ՍՈՒՐԲԻԿ Սուս մեռած է։ Պզտիկ հայելի մը բեր։

ԵԼՄՈՆԷ ( Կը բերէ պռոյին մէջէն պզտիկ հայելի մը ):

ՍՈՒՐԲԻԿ Տուր շուտ ( Կ՚առնէ եւ կը բերէ բերնին, յետոյ կը վերցնէ ) Նայէ՛, շոգի կայ։

ԵԼՄՈՆԷ Չէ։

ՍՈՒՐԲԻԿ Մեռած է։ Մեռած: ( Արդէն Տիգրան եւ Էֆթիկ հեռացած են։ Ոտքի նետուելով ) Տուր աղջիկը ինծի։

ԳՐԻԳՈՐ— Ի՞նչ կայ։

ՍՈՒՐԲԻԿ Մեռաւ։ Աղջիկը։ ( Ելմոնէին ) Հայտէ մի կենար։ Տասը խովա ջուր պիտի լեցնես աղջկան գլխուն։ Շատ մի կենար հոս։ Տասնէն պակաս չըլլայ։

ԵԼՄՈՆԷ— Ի՞նչ ունի որ։

ՍՈՒՐԲԻԿ Ինչո՛ւդ պէտք ( Գրիգորին ) Դուն ալ փախիր. շո՛ւտ։

ԳՐԻԳՈՐ— Ո՞ւր փախիմ։

ՍՈՒՐԲԻԿ Ուր կ՚ուզես հոն. շուտ հիմա բոլիսները գան պիտի։

ԳՐԻԳՈՐ ( Լուռ կը նայի

ԵԼՄՈՆԷ Ո՞ւր պահեմ ես քեզի, ո՛ւր։

ՍՈՒՐԲԻԿ ( Ելմոնէին ) Դուն գործիդ ըսի ( Ելմոնէ դուռին մէջտեղը կեցած է

ԱՐՄԻՆԷ ( Պզտիկ մը կը հազայ, խորունկէն. աչքերը միշտ գոց

ԳՐԻԳՈՐ ( Վազելով ) Ի՞նչ ունիս։

ԱՐՄԻՆԷ ( խոր հառաչանք մը

ԳՐԻԳՈՐ Բայց ի՞նչ ունի ( Սուրբիկին

ՍՈՒՐԲԻԿ Ոչինչ։ Սիրտը անցաւ, հատած է։ Դուն շուտ վար։

ԳՐԻԳՈՐ Վար, ո՛ւր։`

ՍՈՒՐԲԻԿ Ուրկէ եկար։

ԳՐԻԳՈՐ Փրկիչէն։

ՍՈՒՐԲԻԿ ( Մտածկոտ ) Նորէն հոն, գնա՛։ Շուտ Փրկիչ։

ԳՐԻԳՈՐ Ինչո՞ւ։

ՍՈՒՐԲԻԿ Տղայ, չէ նէ բանտ կերթաս։ Մեռել կայ մէջտեղը, խաղալիք չէ։

ԳՐԻԳՈՐ Կ՚առնեն։

ՍՈՒՐԲԻԿ Զոռով մտիր, իրաւ խենդ եղիր, մինչեւ փոթորիկը անցնի։ Հայտէ կ՚ըսեմ քեզի։ ( Կ՚ելլայ դուրս։ Ելմոնէ կը նայի ետեւէն ) Դո՛ւն ալ աղջիկը տար։ Երկու ամիսէն դուրսն ես տղաս։ Առաջ չելլաս։ Աստուած հետդ ըլլայ ( Կը դառնայ խալֆային։ Գլուխը կը դնէ բարձին, վրան կը ծածկէ պաթանիայով, յետոյ տխուր Ջուրին փարջը ջուրին ճամբան կը կոտրի։

Վարագոյր