Բ.
ԱՐԱՐՈՒԱԾ
(
Նոյն
սրահը։
Սարաֆեան
մինակ։
Ամենածանր
յուսահատութեան
արտայայտութեամբ
մը։
Նստած
է
գետինը
)։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Դժբախտութիւն
ըսուածն
ալ
չափ
մը
ունի։
(
Կ՚ելլէ
ծունկերուն
վրայ
)։
Որքան
ալ
մտքէս
հանեմ,
չեմ
կրնար
վարժուիլ։
Այսքան
դրամ
տալէ
ետք,
նորէն
սարսափի
մէջ
ապրիլ։
Ամէն
օր,
չեմ
գիտեր,
ինչ
նոր
փորձանք
պիտի
գայ
ինծի։
Չեմ
կրնար
վարժուիլ։
Բայց
դրամէն
ետք,
ուզուածը...
մարդուն
խելքը
ողջ
ողջ
կը
մեռնի
մէջը։
(
Դուռը
կը
զարնեն
)
Մտէք։
(
Կ՚ելլէ
ոտքի
)։
ՍՊԱՍԱՒՈՐ
—
Սուքիաս
էֆէնտին
եկած
է։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
(
Կատղած
)
Ինչ
հաստ
գլուխ
մարդ
ես
ծօ
դուն։
Քեզի
հազար
անգամ
չըսի՞
որ
եկածին
պէս
գրկես
վեր
բերես։
Ինչ
է
ադ
բարակութիւնը։
Դուն
Վանցի,
ես
Կեսարացի։
(
Սպասաւորը
կը
քաշուի
)։
Այսօր
ի՞նչ
լուր
կայ
արդեօք։
(
Դուռը
շտկելով,
սանդուխներէն
տեսնելով
Սուքիասին
ստուերը
)
Օ՜,
Սուքիաս
էֆէնտի,
աս
ինչքան
ուշացաք։
Ասանկ
վճռական
ժամերուն,
ներելի՞
է։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
(
Անյոյս
)
Գիտեմ,
բայց
ինչ
ընեմ։
Չրածըս
չմնաց։
Երկաթի
պէս
կը
կոխէ
կոր
ոտքը։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Թող
հազարները
տասնական
հազարի
բարձրացնէիր։
Քեզի
արտօնած
չե՞մ։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Դրամը
արժէքէ
ինկած
է։
Եթէ
ամբողջ
հարստութիւննիդ
տաք,
չէք
կրնար
ազատիլ։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
(
Քայքայուած
)
Ըսել
է
կ՚երթամ
կոր։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Այո,
եթէ...
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Եթէ
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Պէյին
ուզածը
չըլլայ։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
(
կրակ
կտրած
)
Չէ՛,
Սուքիաս
էֆէնտի՛,
չէ։
Պէյին
ուզածը
չըլլար,
պիտի
չըլլայ։
Մեռնիլ
մը
չէ՞։
Ատկէ՞
պիտի
վախցնէք
ինծի։
Հազարներով
կը
մեռնին,
հազարներով
մեռան։
Օր
մը
չէ
օր
մը
մենք
ալ
պիտի
մեռնինք։
Բայց
պատիւ
կ՚ըսեն
բան
մը
կայ:
Սուքիաս
Էֆէնտի՛։
Քանի
մէջքդ
ծռես,
հեծնողը
աւելի
աղէկ
կը
տեղաւորուի։
Ալ
հերիք
է։
Սը՛
տեղս
եկաւ։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
(
Անակնկալի
եկած,
բայց
առանց
շուարելու
)
Այդ
քաջութիւնը
շատ
լաւ
նշան
մըն
է։
Պէտք
եղած
ատենը
ամէն
բանի
դիմանալու
կ՚առաջնորդէ։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Անշուշտ
ապուշ
բան
է,
որ
մարդ
իր
փառքին
ու
հարստութեան
կատարին
վրայ
մէկէն
ի
մէկ,
առանց
վայլելու,
երթայ
շունի
պէս
սատկի։
Բայց
նորէն
արժանիք
կայ։
Ազգիդ
համար
կը
մեռնիս։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Ա՛,
Ա՛,
Ա՛,
ատ
ինչ
տղայական
խօսք։
Չեմ
ներեր
ձեզի
պէս
վաճառականի
մը։
Ազգը
ո՜վ՝
դուք
ո՛վ։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Չէ
Սուքիաս
Էֆէնտի։
Եթէ
սա
տեղը
պուտ
մը
արիւն
ունիս,
պուտ
մը
մաքուր
արիւն,
ինծի
պէս
խորհիս
պիտի։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Ինչ
խենդ
բաներ
կ՚ըսէք
այսօր։
Վաճառակա՛ն
մը,
տեսնուած
բա՞ն
է
որ
ազգին
համար
մտածէ։
Է՜,
մարդս։
Ասոր
մեռնիլ
կ՚ըսեն։
Իւղագին
տալու
չլմանիր
հոգի
տալը։
Ուրկէ՜
ուր
այդ
տղայութիւնները։
Անդին
ձեր
կեանքին
կամ
մահուան
կնիքը
թաց՝
կը
սպասէ
ձեր
որոշումին։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ի՛նչ
ի՛նչ։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Յեղափոխութեան
չը
նմանիր
մեռնիլը։
Այս
գիշեր
կամ
կ՚ազատիք
կամ
կ՚աքսորուիք։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Այս
իրկո՜ւն։
Այս
իրկուն։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Ժամ
մը
միջոց
անգամ
չունիք։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Սարսափելի
բաներ
կ՚ըսէք
կոր,
Սուքիաս
Էֆէնտի։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Դուն
գիտցածդ
կարդա։
Աշխարհ
կրակներու
մէջ
կ՚այրի
կոր։
Գոնիայի
ճամբան
թրէնները
երեք
ամիս
կայ
քսանը
չորս
ժամ
դիակնե
րու
մէջէն
կ՚անցնին։
Վեց
նահանգներուն
հայութիւնէն
քանի
մը
հարիւր
ծեր
կնիկ
մինակ
Հալէպ
է
իջած։
Հոսկէ
բոլոր
գացողներէն
հազարէն
մէկը
միայն
լուր
կու
տայ։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Գացողները
կը
մեռնի՞ն
անպատճառ։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Դուն
ինձմէ
լաւ
գիտես։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ճի՛շդ
է,
բայց
չեմ
կրնար
հաւատալ…
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Ինծի
նայէ,
ալ
պաշտօնական
չեմ
խօսիր։
Դուն
հարուստ
ես
ու
դուն
ամբաստանուած
ես
շատ
ծանր
մեղքերով։
Դուն
քու
դրամները
ռուսական
բանակին
կամաւոր
գրելու
համար
կը
գործածես:
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
(
Աչքերը
չորս
բանալով
)
Երա՞զ
կը
պատմես։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Այո,
պատմածս
երազ
է։
Բայց
գիտցիր
թէ
անգամ
մը
որ
բանտ
իյնաս,
բոլոր
վկայութիւնները
պատրաստ
են։
Գիտցիր
թէ
տունդ
խուզարկելու
ատեն
սնտուկով
պոմպա
պիտի
գտնեն։
Գիտցիր
թէ
ծախսած
դրամներուդ
ցուցակը
եւ
ղրկածներուդ
ընկալագիրը
ոստիկանութեան
քով
լուսանկարուած
կը
մնան։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
(
Ալ
աւելի
սարսափած
)
Ինչե՜ր
կ՚ըսես,
եղբայր
ինչե՛ր։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Դուն
խելացի
մարդ
ես
ու
դուն
գիտես
թէ
այս
բոլոր
անկարելի
բաները,
այս
երկրին
մէջ,
այս
մարդոց
ձեռքը,
կարելի
կը
դառնան։
Մեղք
ես։
Գոնիա
երթալու
ալ
հարկ
պիտի
չմնայ։
Հոս,
Պայազիտի
հրապարակը,
քու
մարմինդ
չուանին
պիտի
տան։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ի՞նչ,
ի՞նչ։
Չուա՞ն
մի։
Խելքիդ
եկուր
եղբայր։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Ինչ
կը
նայիս
խոշոր
խոշոր։
Չըրի՞ն։
Քսանը
մէկ
հատը
ինչպէս
կախեցին։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
(
Առջեւը
նայելով
ու
կամաց
)
ճիշդ
է,
բայց
անոնց
համար
Հնչակեան
է
ըսին։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Հասկնալի՞քդ։
Անոնք
հայ
էին
եւ
ուրիշ
ոչինչ։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Այդքան
անգո՞ւթ
է
այդ
մարդը։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Շատ
թուրքերու
հետ
ինկայ
ելայ։
Ամէնըն
ալ
շուն
են։
Բայց
այս
մէկ
հատը
ուրիշ
աշխարհէ
է։
Մարդերուն
մէջ
ասանկ
անխիղճ
քիչ
կը
պատահի։
Եթէ
մեծերը
չըլլան,
վաղն
առտու
իսկ
ամբողջ
պոլսեցիները
աքսոր
կը
թափ
է։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Չուտեր
պէ՞
այս
մարդը։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Այնքան
շատ
կերեր
է
որ
ալ
փորը
չառներ։
Թուլցնելիք
միակ
կէտը,
ըսածս
է։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
(
Մտածելով
)
Լա՛ւ,
եղբայր,
լա՛ւ.
խելքս
չի
պառկիր
կոր։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
(
Ոտքի
ելլելով
)
Հասկցայ։
Դուն
շատ
uoֆու
մարդ
կ՚երեւաս
կոր։
Ալ
խօսելիք
չունիմ։
Մնաս
բարով։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
(
Խելայեղ
)
Ո՞ւր։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Վա՛ր։
Չէ՞
որ
ըսելիքդ
լսիր։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ո՞վ
ըսաւ:
Ի՞նչ
ըսի։
Ես
դեռ
բան
մը
չեմ
ըսած։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
(
Արգահատող
շարժումով
մը
)
Կը
ցաւիմ
վրադ
եղբայր։
Մարդ
ես,
բայց
ասանկ
խնդիրները
չեն
ձգձգեր։
Ես
ալ
պատասխանատու
մարդի
եմ։
Գործերս
ունիմ։
Եթէ
այսչափ
գացի
եկայ,
պարզապէս
քեզ
ազատելու
անկեղծ
փափաքով
է
որ
շարժեցայ։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Շնորհակալ
եմ։
Ատիկա
շատ
լաւ
գիտեմ։
Բայց
ինչպէս
ընեմ։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Քեզի
քանի
անգամ
ըսի։
Այդ
կէտը
ձգէ
կնիկներուն։
Անոնք
կ՚ելլան
մէջէն։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ես
կնկանս
ատանկ
բան
չեմ
կրնար
ըսել։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Պէտք
չունիս
ըսելու։
Կը
բաւէ
մինակ
զգացնել
անոր
որ
իր
գեղեցկութիւնը
պատճառ
է
եղած
այս
ամէնուն,
անիկա
կը
հասկնայ։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ինչպէ՞ս։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Մա՛րդ
Աստուծոյ։
Ինչո՞ւ
չես
ուզեր
հասկնալ։
Ես
իմ
փորձառութիւնս
կը
զրուցեմ
քեզի,
դուն
առաջինը
չես,
ոչ
ալ
վերջինը։
Գիտե՞ս,
միւս
վաճառականները
ինչերով
կ՚ազատեն
իրենց
գլուխը։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ինչերով։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Իրենց
կնիկներէն
զատ,
աղջիկներն
ալ
կու
տան
կոր։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Սոսկալի
բաներ
կ՚ըսես։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Իմ
ըսածներս
երբ
սոսկալի
չեն
որ։
Չերկընցնենք։
Դուն
ադ
կէտը
կարգադրելը
ձգէ
ինծի։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ինչպէ՞ս։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Մարդու
պէս։
Հոս
չէ՞
Տիկինը:
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Այո,
վերն
է։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Կանչել
տուր։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ինչպէս
կանչել
տամ։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Տէ՛ր,
դուն
համբերութիւն
տուր
ինծի։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Մի՛
բարկանար,
Սուքիաս
Էֆէնտի։
Դուն
չես
գիտեր
մեր
ընտանեկան
բարքերը։
Ինչ
շնորհքով,
պատուաւոր
ընտանիք
է։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
(
Կէս
մը
հեգնական
)
Գիտեմ։
Բայց
ով
ըսաւ
թէ
մարդ,
իր
ընտանիքը
ազատելու
համար
անպատիւ
կ՚ըլլայ…:
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ի՛նչ
լաւ
տրամաբանութիւն
է
ատիկա։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Զոհողութիւն,
նոյնիսկ
հերոսութիւն։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Պատմութիւններու
մէջ
ասանկ
դէպքեր
շատ
եմ
կարդացեր։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Պատմութեան
ի՛նչ
կ՚երթաս։
Աչքդ
դարձուր
ու
տես։
Բոլոր
կիները
հիմա
հերոսներ
են։
Չես
կրնար
երեւակայել,
որքան
ցաւած
եմ
մեծ
աղջկանդ։
Եթէ
սպան
չփախչէր
անկէ,
փորձանքը
շատ
հաւանական
է,
այս
ձեւը
չէր
առներ։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Այո՛,
մենք
երբ
բախտ
ենք
ունեցեր։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Մի
դժգոհիր։
Բախտ
ունիս
որ
ինծի
պէս
բանիմաց
ու
անշահախնդիր
մէկը
մտած
է
գործիդ
մէջ։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
(
Չուզելով
)
Այո՛,
իրաւունք
ունիս։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Պզտիկ
աղջիկդ
ալ
կրնար
օգտակար
ըլլալ։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
(
Շատ
ուժգին
)
Ան
տարբեր
է,
տարբեր։
Կը
մեռնի
ու
ադ
բանը
չըներ։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Մեծ
մի
խօսիր։
Դուն
մտիկ
ըրէ
գաւառէն
հոս
փախած
կնիկներուն
պատմածները։
Այն
ատեն
լեզուդ
կարճ
կ՚ընես։
Բայց
այս
խօսքերուն
ատենը
չէ։
Կանչէ
Տիկինը։
Խօսիմ։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
(
Վարանելով
)
Ես
պիտի
կրնա՞մ
հասկցնել։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Լաւ։
Այն
ատեն
ես
կ՚երթամ։
Մէկ
ժամէն
Պէյը
կու
գայ։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Մէ՛կ
ժամէն։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Ինչ
կարծեցիր։
Մա՛րդ,
խորհէ
անգամ
մը։
Ինչ
բարիք
կ՚ընեմ
կոր
քեզի։
Անոր
կնի՞կ
կը
պակսի։
Քանի
օր
է
թուղթերդ
վար
դնել
տուի։
Այս
իրկուն
վերջինն
է։
Եթէ
մերժէիր,
ալ
ընելիք
չի
մնար։
Բայց
պնդեց
որ
պարապ
տեղը
արիւն
չի
մտնանք։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Այդքանն
ալ
ըսաւ:
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Հարկա՛ւ։
Աղբար։
Նորէն
դուն
ես
ասոր
պատճառը,
գիտցած
ըլլաս։
Եկած
իրկունը
մեծ
տէքօլթէով
դիմաւորել
ես
տուեր։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Հա՛,
կը
յիշեմ,
ատանկ
ապուր
մը
կերայ
վախէս։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Ատ
է։
Կարճ
ընենք։
Ես
միասին
կուգամ
(
Խիստ
ցած
ու
ծռելով
)
ձեւով
մը
կ՚ելլենք
մէջէն։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Կեցիր,
մի
երթար։
Ասիկա
գաղտնիք
կը
մնայ,
չէ՞։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Ըսելդ
աւելորդ
է։
Շատ
բարակն
ալ
մի
փնտռեր։
Վախնալու
տեղ
չի
կայ։
Մեծ
աղջկանդ
ամէն
մարդ
գիտէ։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ի՞նչ։
Ի՛նչ
եղած
է
որ։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Ի՛նչ
չգիտնալ
կը
զարնես։
Ամէն
մարդ
գիտէ
սպային
հետ
ըրածները։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ինչե՛ր։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Մարդիկ
ասանկ
են։
Իրենց
հաւտալ
չուզած
բաները
ուրիշներու
վկայութիւնով
ալ
կ՚ուզեն
հաստատել։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Յանուն
Աստուծոյ,
ոչինչ
գիտեմ,
մարդ։
Եթէ
Քրիստոնեայ
ես
հաւատա՛։
Ինծի
այդքան
թոյլ
մէ՞կը
կը
կարծես
կոր։
Կտոր
կտոր
կ՚ընեմ
ես
անիկա։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
(
Անտարբեր
)
Ատիկա
քու
գիտնալիք
գործդ
է։
Ես
երթամ
հիմա։
Ժամը
11ին
կու
գանք,
թղթախաղ
մը
սարքէ։
(
Կը
կենայ
)
Ինձմէ՛
խրատ,
պզտիկ
աղջիկը
թող
սեղան
չիջնայ։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Լա՛ւ,
լա՛ւ։
Շնորհակալ
եմ։
Վերջապէս
նորէն
հայու
սիրտ
կայ
մօտդ։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Մնաս
բարով։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
(
Ընկճուած
)
Երթաս
բարով
(
Սուքիաս
կ՚երթայ։
Վեր
վար
չափելով
)
Խելացի
մարդ
է։
Եթէ
ինծի
կախեն,
ընելիքնին
պիտի
չընե՞ն
նորէն։
Երկու
չարեաց
փոքրագոյնը։
Մեր
ծեր
տէրտէրն
անգամ
Կեսարիա
այդչափ
խելք
ունէր։
Բայց
աս
աղջկան
ըրածները
ի՛նչ
են։
Կանչեմ
(
Դուռը
բանալով
ամուր
)
Մելինէ
(
Պատասխան
չկայ
)։
Մելինէ՝
(
Աւելի
ամուր
ձայնով
)։
ՄԵԼԻՆԷ
—
(
Կէս
հագուած,
աչքերը
ուռած
ու
տխուր
)
Ի՛նչ
կայ,
հայրի՛կ։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ինչո՞ւ
լացեր
ես։
ՄԵԼԻՆԷ
—
(
Չոր
ու
առանց
նայելու
)
Չեմ
լացած։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Աչքերէդ
դեռ
կը
վազէ
արցունքը։
Սուտը
ի՞նչ
պիտի
ըլլայ:
ՄԵԼԻՆԷ
—
Տարօրինակ
ես,
հայրիկ։
Սուտը
ո՞ւր
տեղէն
գտար:
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Հոգ
չէ։
Ձգենք
ատիկա։
Ականջիս
բաներ
մը
հասան,
ինծի
կրնա՞ս
լուսաբանութիւն
տալ
քիչ
մը։
ՄԵԼԻՆԷ
—
(
Չոր
ու
պոչով
նայելով
)
Ի՞նչ
լուսաբանութիւն
կ՚ուզես։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Հարկաւ
դուն
ինքդ
գիտես։
ՄԵԼԻՆԷ—
Ես
մարգարէ՞
եմ։
Ուրկէ՞
գիտնամ
քու
ինչ
ուզել
ըսելդ։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ—
Ժողովուրդին
բերնին
մէջ
բաներ
մը
կը
դառնայ։
ՄԵԼԻՆԷ—
(
Շեշտ
նայելով
ու
շտկուած
)
Իմ
մասի՞ս։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Հարկա՜ւ։
Քու
եւ
Ֆրիցին
վրայ
է
խօսքը։
ՄԵԼԻՆԷ
—
(
Խիստ
կարծր
նայուածքով։
Մտածում
ու
վարանում.
յետոյ
բուռն
ու
վճռական
)
Դեռ
նո՞ր
կը
լսես։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Աղջիկս,
ինչո՞ւ
կը
բարկանաս։
Ինչ
շեշտ
է
ատիկա,
ես
ի՞նչէն
հասկնամ։
Օր
մը
բան
մը
ըսի՞ր
ինծի։
ՄԵԼԻՆԷ
—
Բայց
հայրիկ,
ինչո՞ւ
մարդ
կը
չարչարես։
Քանի
անգամ
դիմեցի
քեզի,
քանի
անգամ
մերժեցիր
իմ
աղաչանքս։
Դուն
չէ՞իր
որ
այդքան
դրամ
չեմ
կրնար
տալ
ըսելով
պատճառ
եղար
որ
մեր
ամուսնութիւնը
ջուրը
իյնայ։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Բայց
դուն
ե՞րբ
դրամի
խօսք
ըրեր
ես
ինծի։
ՄԵԼԻՆԷ
—
Ինչպէ՞ս։
Քանի
անգամ
ես,
քանի
անգամ
մայրիկը։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
(
Գլուխը
կը
թօթուէ
)
Նոր
կ՚իմանամ։
ՄԵԼԻՆԷ
—
Նո՜ր
կ՚իմանաս։
Բայց
մինակ
թերթերը
մնացին
չգրող։
Բարեբախտաբար
Կավրօշ
չի
տպուիր։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Վե՞րջը։
ՄԵԼԻՆԷ
—
Վե՞րջը։
Կը
հարցնե՜ս,
հայրի՛կ։
(
Կը
կենայ։
Սառն
աչքերով
վերէն
վար
կը
չափէ
)
Վե՞րջը։
Բայց
հայրիկ,
հայրիկ,
դու
գիտես
իմ
վիճակս։
(
Շատ
յուզուած,
մեծ
ջանքով
ինքզինքը
չձգելով
)
Գիտե՛ս
դուն
անպատուութիւնը
որ
անցաւ
իմ
երես։
(
Կը
կենայ,
քիչ
մը
մտածելու
ձեւով
)։
Գիտե՞ս
դուն
անպատուութիւնն
ալ
որ
տակաւին
կը
սպասէ
ինծի։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
(
Ետ
ետ
քաշուելով
)
Պարզ
կը
խօսի՞ս։
ՄԵԼԻՆԷ
—
Պարզ։
Կը
ծաղրե՞ս։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Պարզ
խօսէ՝
կ՚ըսեմ,
աղջիկ,
պարզ
խօսէ՛,
հօրդ
գլխուն
շատ
բան
կը
դառնայ,
պարզ
խօսէ՛։
ՄԵԼԻՆԷ
—
Բայց
գիտե՛ս,
գիտե՛ս,
գիտե՛ս.
ինչ
խօսիմ,
դուն
ուզեցիր,
դուն
ըրիր։
Քանի
մը
ոսկի
աւելի
կամ
պակաս
սնտուկին
մէջ։
Ատիկա
քեզ
աւելի
շահագրգռեց
քան
իմ
երջանկութիւնս,
իմ
պատիւս,
քու
պատիւդ։
Հայր
ամբողջ
Պոլիսը
այսօր
ականջները
սուրցուցած
օրեր
կը
համրէ։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Որպէսզի
աքսորուի՞մ։
ՄԵԼԻՆԷ
—
Քու
աքսորուի՛լդ։
Ոչ
մէկուն
մտքէն
կ՚անցնի.
ամէնքն
ալ
գիտեն
որ
քու
սնտուկներդ
կը
փրկեն
քեզ։
Բայց
այդ
սնտուկները
չուզեցին
փրկել…
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Հերիք
քալես
վրա՛ս,
աղջիկ,
իմ
բեռը
ծանր
է,
շատ
ծանր։
Քու
մտքէդ
չանցնիր
որքան
ծանր
է
իմ
բեռը։
ՄԵԼԻՆԷ
—
Աւելի
ծանր
քան
իմինս
(
Ձեռքը
փորին
վրայ
կը
դնէ
ու
նուաղուն
շունչ
մը
կ՚առնէ
)։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
(
Որ
մէկէն
նայուածքը
աղջկան
փորին
կը
ձգէ
ու
կայծակէ
բռնուածի
պէս
)
Աղջի՛կս։
ՄԵԼԻՆԷ
—
(
Իրական
լացով
մը
)
Հա՜յր,
հա՜յր,
գերեզման
բացէք
ինծի,
գերեզման
(
Հօրը
գիրկը
կ՚իյնայ
)։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
(
Կամաց
մը
աթոռին
վրայ
նստեցնելով
)
Զաւա՛կս,
աս
ինչ
մուր
բերիր
մեր
տան
վրան։
ՄԵԼԻՆԷ
—
(
Գլուխը
տուած
հօրը
ուսին,
կամաց
կամաց
կու
լայ
)։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Աս
ինչ
մո՛ւր,
ինչ
մուր,
ե՛ս
ալ
քեզի
պէս
(
Կը
դողայ
)։
Մամադ
գիտէ՞։
ՄԵԼԻՆԷ—
(
Ծանր
ու
անհասկանալի
)
Հարկաւ։
(
Աւելի
բարձր
)
Չգիտցողը
ո՞վ
է
որ։
Կը
վախնամ
սպասաւորն
ու
սպասուհին
ալ
գիտեն։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Անահի՞տը:
ՄԵԼԻՆԷ
—
Ամէնէն
առաջ
անոր
բացուեցայ։
Եթէ
ան
չըլլար
արդէն
մեռցուցած
էի
ինքզինքս։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
(
Դողալով
ոտքի
կ՚ելլէ,
կը
բռնէ
աղջկան
ճակատը,
յետոյ
մէջքը,
կամաց
կամաց
առանց
զգացնելու
կ՚իջնայ
փորին
ու
պզտիկ
ճնշումէ
ետք,
զարհուրած
բայց
վճռական
)
Մեռնիլ։
Ատեն
կայ
ատոր,
աղջիկ։
Ո՞ւր
է
հիմա
ադ
սպան։
ՄԵԼԻՆԷ
—
Հոս,
ուր
ըլլայ։
Հիմակ
ալ
Կիրակոսեաններուն
աղջկան
հետն
է։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Հապա
ըսիր
որ
ճակատ
գնաց։
ՄԵԼԻՆԷ
—
Այդպէս
խաբեց
զիս։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
(
Դառնալով,
չափելով,
անիմաստ
շարժումներ
)
հիմա
մինակ
ձգէ
զիս։
Կը
մտածեմ
որքան
որ
խելք
ունիմ
ու
հոս
եմ
(
Մելինէ
կամացուկ
կը
քաշուի
սրահէն:
Հայրը
կը
հետեւի
անոր
նայուածքով
եւ
երբ
աղջիկը
կ՚աներեւոյթանայ
կը
դառնայ
բեմին
ու
կատղած
երկու
թեւերը
գլխուն
կը
ծեծէ
)
Դրա՜մ,
դրամ։
Քեզ
ինչի՞
համար
վաստակեցայ։
Ո՛ր
օրուան
եմ
պահեր,
որո՞ւ
համար
եմ
դիզեր
ու
վրան
ուժով
ուժով
նստեր։
Ըսէք
ինծի։
Կեսարացի
ըլլալուս
մե՞ղքն
է
որ
կը
քաշեմ։
Գնաց
եկաւ
աս
աղջիկը։
Քանի
մը
հազար
թուղթի
գործ
էր:
Բայց
ինչո՞ւ
չտուի՝
ինչո՞ւ։
Հիմա
Գերման
սպայ
մը,
փեսա՜
ինծի։
Շիւքրի
պէյին
տեսնուողը
կ՚ըլլար։
Վա՛յ
իմ
շատ
հասկցող
գլխուս։
Բայց
մենք
ասանկ
ենք։
Չենք
ուտեր,
չենք
խմեր
ու
հովին
կու
տանք։
(
Կը
մտնէ
ներս
Տիկին
Սարաֆեան,
թարմացած
ու
աւելի
հրապուրիչ
)։
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ինչո՞ւ
աղջիկը
կու
լայ։
ԴԷ՞մը
կը
խօսիս։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
(
Կինը
չափելով
վերէն
վար,
զմայլած
ու
երիտասարդացած։
Մոռնալով
ամէն
բան,
կը
նետուի
վիզը
ու
արագ
արագ
կը
համբուրէ
)։
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Աս
ի՞նչ
է...
ի՛նչ
է
սա։
Ետ
կը
դառնաս
կոր։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Նստէ,
կնիկս
նստէ,
Սրբուհի,
դժբախտ
եմ,
շատ։
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Այնքան
ալ
լալու
տեղ
չկայ։
Քիչ
առաջ
Սուքիաս
էֆէնտին
չելաւ
քովէդ։
Անիկա
երբ
կայ,
վախենալու
տեղ
չի
կայ։
Երկու
ամիս
է
կու
գայ
կ՚երթայ։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
(
Պաղատագին
նայելով
)
Ձգէ
ատ
խօսքերը։
Նստէ,
քովիկս.
եթէ
կուզես
ծունկիս.
ծունկիս։
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
(
Ժպտալով
ու
անտարբեր
)
Տղայ
կը
դառնաս
կոր.
քսան
տարուան
չես
ալ։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Սրբուհի
ծունկիս
նստէ։
Ես
ալ
մարդ
եմ։
(
Կը
վարանի
)
Մարդ
էի,
մարդ։
Ծունկիս
նստէ։
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ա՛դ
ինչ
նոր
բաներ
են
ատոնք:
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Սրբուհի
նստէ
կ՚ըսեմ,
նայիմ
երեսիդ։
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Իրապէս
տղայ
կը
դառնաս
կոր։
Չե՞ս
ճանչնար
ինծի։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
(
Գրեթէ
վերացած
)
Սրբուհի,
նայիմ
երեսիդ։
(
Կը
բռնէ
երեսները,
կը
շոյէ
կուրծքը
ու
մէկէն
գլուխը
կնկան
ծոցը
թաղելով
)
Սրբուհի,
Սրբուհի։
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
(
Մեղմով
գլուխը
կը
վերցնէ
)
Բայց
ինչ
ունիս։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
(
Կը
շտկէ,
երկու
քայլ
կը
հեռանայ,
իր
յափշտակութեան
մէջ
յարատեւ
արտայայ
տութեամբ
մը
)
Սուքիաս
էֆէնտին
իրաւունք
ունի։
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ի՛նչ
իրաւունք։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Իրաւունք
ունի։
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ—
Բայց
ի՞նչ
բանի
իրաւունք։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ի՛նչ
անխելք
եմ
եղեր,
ինչ
անխելք։
Քեզ
ասանկ
ներկայացուցեր
եմ
ան
շունին։
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ո՞ր
շունին։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Շիւքրիին։
Կը
յիշե՞ս,
առջի
եկած
իրկունը։
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Հա՛։
Ատկէ
ի՛նչ
կ՚ելլայ
որ։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ան
իրկունը
քեզի
շատ
գեղեցիկ
է
գտեր։
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ի՛նչ
կ՚ըսես։
(
Խնդալով
)
Քիւտին
նայեցէք։
Ո՛ւրկէ
ուր։
Վե՜րջը։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Հիմա
կ՚ուզէ
մեր
տունը
գալ,
թուղթ
խաղալ,
քեզի
հետ
սինեմա,
թատրոն
երթալ…:
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Տէր
ողորմեա։
Խելքին
է
եկեր
այդ
մարդուն։
Ձեռք
թօթուել
անգամ
չի
գիտեր
անիկա։
Ինչպէս
կիներու
հետ
պտոյտի
պիտի
ելլայ։
Կատակ
չըլլա՞յ։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
(
Թուքը
կուլ
տալով
)
Կատակ
չէ։
Այս
գիշեր
պիտի
գայ։
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Է՛,
հիմա
խելքիս
կու
գայ։
Ան
ի՞նչ
կը
հասկնայ
տամա
մը
տանելէն։
Բայց
ո՞ր
հովը
կը
փչէ։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Այս
գիշեր
սեղան
պիտի
սարքես։
Թուղթի
խաղ
կայ։
Վերջը
պտոյտի
ելլանք
պիտի։
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Գիշե՞րը
կիսուն։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ի՛նչ
գիտնամ։
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Դուն
ալ
հետը
պիտի
չըլլա՞ս։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ո՞վ
գիտէ։
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
(
Ապշած
ու
ընկրկելով
)
Ինչպէս
ո՞վ
գիտէ։
Կարելի՞
բան
է։
Ինծի,
մինակ,
այդ
վայրենիին
հետ։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Սուքիաս
Էֆէնտին
պիտի
ըլլայ,
եթէ
ես
չգամ։
Տակաւին
կը
խորհինք
ատոր
վրայ։
Մինակ
Անահիտը
կանուխ
թող
պառկի։
Սուքիաս
Էֆէնտին
չուզեր
որ
անիկա
մասնակցի
խաղին։
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ինչո՛ւ
արդեօք։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Հարկաւ
բան
մը
գիտէ։
Մելինէն
արդէն
չի
գար։
Ա՛խ։
Սրբուհի՛։
Ինչո՞ւ
մինչեւ
հիմա
բան
մը
չըսիր
ինծի։
Ինչո՞ւ։
Ինչ
փորձանք
է
աս
մեր
գլխուն։
Ո՞ւր
մտնեմ,
որ
ծակը։
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Պիտի
ըսէի,
պիտի
ըսէի։
Աքսորի
խնդիրը
չելած
որքան
ըսի։
Քանի
անգամներ
աղաչեցի,
դուն
ատենը
չէ
կ՚ըսէիր,
դրամ
չեմ
տար
կ՚ըսէիր,
պատերազմը
լմննայ
կ՚ըսէիր
ու
ամէն
օր
պատրուակ
մը
կը
գտնէիր։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ե՞ս
եմ
ուրեմն
յանցաւորը։
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Անշո՛ւշտ։
Ո՞վ
պիտի
ըլլա՛ր։
Քեզի
պէս
հա՛յր։
Գլուխդ
կախել
քու
տափակ
լրագիրը
կարդալ
գիտես։
Առտուն
կանուխ
մաղազադ։
Իրկունը
կանուխ՝
կե՛ր։
Տարին
հեղ
մը
սինեմա։
Աս
չէ՞ր
քու
գծած
կեանքդ։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ատե՞նը
գտար
հիմա,
Սրբուհի։
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ատե՛նը։
Անշուշտ։
Գրիգոր
Էֆէնտի
Սարաֆեանը
կրնար
ամէն
բան
ընել,
բայց
անիկա
իր
մաղազան
այնքան
կը
սիրէր
որ
իր
տունը
արժէքէ
ինկած
էր։
Սխա՞լ
կ՚ըսեմ։
Ամէնեւին։
Աղջիկներուդ
դաստիարակութիւնը,
ով
վրան
առա՛ւ։
Ո՞վ
նայեցաւ
տանը։
Խնայողութիւն։
Խնայողութիւն։
Եթէ
վարպետն
ալ
քու
ազգականդ
չըլլար,
աս
շեմէն
ներս
խոհարար
մտնելիք
չունէր։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Կնիկ,
հիմա
կռուի
ատեն
չէ։
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Կռիւ
չէ
որ
կ՚ընեմ։
Բայց
մայր
եմ
ես։
Ու
անդին
երիտասարդ
աղջիկ
մը
ունիմ
որուն
ոտքերուն
փաթթուած
է
ամօթներուն
ամօթը։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Դո՛ւն
ես
պատճառը։
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ե՞ս,
ե՞ս։
Տէր
Յիսուս։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Այո՛,
դուն։
Ինչո՞ւ
թողուցիր
որ
երիտասարդ
աղջիկ
տեսնուի
ատանկ
շուներուն
հետ։
Ինչո՞ւ։
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
(
Կակուղցած
)
Այո...
Բայց
մօտա
է
հիմա
ատանկ
սպաները
տունէն
ներս
առնելը։
Փառք
Աստուծոյ
երկու
հեղ
ներս
չմտցուցի։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Անիկա
մտաւ
սակայն,
մտաւ
ու
դուն
չտեսար:
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Մտաւ
չմտաւ։
Այդ
ամէնը
կարգադրողը
դուն
պիտի
չըլլայիր։
Ինչո՞ւ
ժամանակին
դրամը
չտուիր։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Դրա՛մ,
դրամ,
դուն
կեանքիդ
մէջ
տասը
փարա
վաստակած
ունի՞ս։
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ես
քեզի
դրամ
շահեցնելու
համար
չեկայ։
Կիները
չեն
վաստկիր.
կ՚ուտեն։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Անոր
համար
ալ
առատ
առատ
կը
ծախսեն։
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ա՞դ
ալ
խօսք
է։
Հիմա
ըսէ
թէ
ինչպէս
պիտի
մաքրես։
Աղջիկդ
հոս
չեմ
կրնար
պահել։
Կը
մեռնի։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Կը
մտածեմ։
Առաջ
աս
աքսորէն
գլուխս
ազատեմ։
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Նորէ՞ն
աքսոր։
Կարգադրուած
չէ՞ր։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ի՛նչ
կարգադրուած։
Այս
գիշեր
կ՚երթայի
կոր։
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ինչպէ՞ս։
Այս
գիշեր։
Բայց
ինչո՞ւ։
Հապա
այնքան
դրա՞մները։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Այդ
բոլոր
դրամները
անօգուտ
են
եղեր։
Եթէ
այս
գիշեր
ընդդիմանայի
անոր
գալուն
այն
ատեն
գացած
էի։
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Թող
գա՛յ։
Մեզ
պիտի
ուտէ՞։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
(
Տխրութեամբ
ու
ընկճուած
)
Ալ
դո՛ւն
գիտես։
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ես
անիկա
ջուրի
կը
բերեմ.
դուն
աղջիկը
մտքէդ
չտանես։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ատիկա
ինծի
ձգէ։
Բայց
մարդուն
հետ
վարուելու
ձեւը…
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ադ
ալ
ինծի
ձգէ:
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Գիտես,
բայց
գիտցիր:
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Գիտեմ,
գիտեմ։
Ի՞նչը
գիտնամ։
Քիւրտ
մը
պիտի
նստի
սեղանին։
Երեսին
պիտի
խնդամ,
պիտի
խօսիմ։
Այդ
չէ՞
ըլլալիքը։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Եթէ
աւելին
պատահի։
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Աւելին
ի՛նչ
է։
Թատրոնը
գոց
է
կէս
գիշերէն
ետք՝
սինեմա
չի
կայ։
Այս
իրկուն
գոնէ
դուրսը
չենք։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Բայց
եթէ
պնդէ
որ
պտոյտի
ելլանք։
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Խենդ
ըլլալու
է
մարդ
կէս
գիշերին
պտոյտի
տանելու
համար։
Ցորեկ
աչքով
թող
տամա
մը
տանի
ան։
Ո՛ւր
մնաց
գիշերը։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ընդդիմութիւն
չես
ըներ,
չէ՞։
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ընդդիմութի՞ւնը
ինչ
է։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Անոնց
տամարը
քիւրտի
կ՚ըլլայ։
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Բան
մը
կայ
լեզուիդ
տակը։
Չեմ
հասկնար։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ախ,
Սրբուհի,
կ՚ուզեմ,
կ՚ուզեմ
որ
չհասկնաս։
Երբեք
չհասկնաս
ի՛նչ
ըսել
կ՚ուզեմ։
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Բայց
չեմ
կրնար
կոր
այս
գիշեր
միտքերդ
ըմբռնել։
Ինչ
ըսել
կ՚ուզես։
Ուր
կ՚ուզես
իջեալ։
Պարզ
կը
խօսին։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Բաներ
կան
որ
միշտ
քողով
կ՚ապրին։
Խօսքեր
որ
չեն
ըսեր…
չեն
ըսուիր։
(
Դուռը
կը
զարնեն
կը
մտնէ
սպասաւորը
)։
ՍՊԱՍԱՒՈՐ
—
Հանըմ,
Մուխթար
Էֆէնտին
քեզի
կ՚ուզէ։
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ինչի՞
կ՚ուզէ։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ինչո՞ւ
վեր
չեկաւ:
ՍՊԱՍԱՒՈՐ
—
Շատ
աշխատեցայ
որ
վեր
գայ։
Չեկաւ:
Ըսաւ
անպատճառ
հանըմը
կ՚ուզէ
տեսնել։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Գնա՛
նայինք,
հասկցիր
ու
եկուր
(
Տիկին
Սարաֆեան
դուրս
կ՚ելլէ։
Սպասաւորն
ալ
կ՚ուզէ
հետեւիլ
)։
Կեցի՛ր,
դուռը
դո՞ւն
բացիր։
ՍՊԱՍԱՒՈՐ
—
Այո՛։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Փողոցին
մէջ
նայեցա՞ր։
ՍՊԱՍԱՒՈՐ
—
Նայեցայ,
ի՞նչ
կայ
որ։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Կառք
եւայլն
տեսա՞ր։
ՍՊԱՍԱՒՈՐ
—
Կառք
չկար։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Մինա՞կ
էր
Սուքիաս
էֆէնտին։
ՍՊԱՍԱՒՈՐ
—
Մէկը
զատուեցաւ
դուռէն.
չճանչցայ
ով
էր։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Արդէն
աչք
ունի՞ս
որ.
կը
նայիս
ու
չես
տեսներ։
Քեզի
պէս
հաստ–գլուխ
մարդ
տեղ
մըն
ալ
կա՞յ։
ՍՊԱՍԱՒՈՐ
—
Էֆէնտի,
մութը
շատ
է։
Մատդ
աչքը
խոթես
չերեւար։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Հա՛
նա՛յ
է.
հազար
առուէ
ջուր
բեր:
Գնա
մ՚երեւար
աչքիս
(
Սպասաւորը
կը
շտկուի
դէպի
դուռ
)
Կեցի՛ր,
քեզ
կ՚ըսեմ,
ականջ
չունի՞ս
դուն:
Ինչո՞ւ
գլուխդ
քաշած
կ՚երթաս։
Ան
աղտոտ
շիշերը
կային,
ծախեցի՞ր։
ՍՊԱՍԱՒՈՐ
—
Ծախեցի։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Դրամը
ո՞ւր
է։
Ի՞նչ
ըրիր
դրամը
(
Վրան
շտկելու
պէս
)։
ՍՊԱՍԱՒՈՐ
—
Հանըմը
առաւ։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ինչո՞ւ
տուիր։
Քեզի
համար
հազար
անգամ
չըսի՞,
որ
ադ
ծախուած
բաներուն
փարան
ինծի
պառկի
պիտի։
Աս
տարի
շատ
խելքդ
գլուխդ
չէ։
ՍՊԱՍԱՒՈՐ
—
Ատի
շիտակ
է.
ինտոր
խելք
մնայ
մարդուն
գլուխ։
Ամէն
օր
լսուածները
իրարմէ
գէշ
են:
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ինչ
գէշ
պիտի
ըլլան։
Դուք
էիք
աս
փորձանքը
ածողը,
դուք
նորէն
կ՚ըսեմ,
նորէն
կ՚ըսեմ։
Կախելու
ալ
տանին
նորէն
չեմ
քաշուիր
պոռալէ։
Քեզի
պէս
գաւառացի
խըմպըլներուն
երեսէն
է
աս
քաշածնիս։
Մի
տիք
փիք
նայիր
երեսս։
Ես
ալ
Կեսարացի
եղած
եմ,
գիտեմ։
ՍՊԱՍԱՒՈՐ
—
Էֆէնտի
ինչո՞ւ
կը
տաքնաս
իմ
վրաս։
Ես
ինչո՞վ
եմ
մեղաւոր։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Մեղաւոր
էք,
մեղաւոր.
ամէնքդ
ալ։
Ձեզի
համար
ասանկ
եղաւ
մեր
վիճակը։
Յեղափոխութիւն
մը
հանեցիք
մէջտեղ,
ալ
կրնաս
նէ
մարդու
պէս
աշխատէ,
դրամ
վաստկէ,
շէնք
շնորհք
տուն
տեղ
կազմէ։
Ադոնք
ի՞նչ
կ՚արժեն
որ։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
(
Ներս
կը
մտնէ
չափազանց
տժգոյն
ու
յուզուած,
նշան
ընելով
Խիստ
սպասաւորին
)
Վար
գնա՛։
(
Սպասաւորը
կ՚երթայ
դողալով
)։
Գրիգոր
էֆէնտի։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ի՛նչ
կայ։
Ինչ
է
այս
վիճակը։
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Գրիգոր
Էֆէնտի
Սարաֆեան:
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
(
Ելլելով
տեղէն
ու
մօտենալով
)
Ի՛նչ
կայ
Սրբուհի,
ի՛նչ
կայ։
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Դուն
մարդկութիւն
ունի՞ս։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ի՞նչ
հարցում
է
ադ,
չեմ
հասկնար
քեզի։
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Դուն
կ՚ամչնա՞ս։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Աս
ի՞նչ
լեզու
է։
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Դուն
երեսի
կաշի
ունի՞ս։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Է՛:
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Դուն
ամօթ
ըսուած
բանէն
տեղեկութիւն
ունի՞ս։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Տէ՛ր
Աստուած։
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Բայց,
մարդերուն
աղտո՛տը,
մարդերուն
աղբը,
դուն
պատիւէն
կը
հասկնա՞ս։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
(
Գլուխը
կը
կախէ
)։
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Մարդերուն
uտորի՛նը,
գձուձը,
սինլքորը,
խայտառակը։
Դուն
կարմրիլ
գիտե՞ս։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ինծի
նայէ՛։
Լեզուդ
կարճ
կապէ։
Ես
ալ
ունիմ
իմ
ըսելիքներս։
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Տակաւին
բառ
ալ
ունի,
տակաւին
լեզու
ալ
կը
բանայ.
տակաւին
աչքերը
գետնէն
վրաս
վերցնելու
ալ
կը
համարձակի։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Կնիկ,
դուն
քեզի
եկուր
քիչ
մը։
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ես
ինծի՝
գամ։
Բայց
քեզի
պէս
մարդ
չի
կայ
Պոլսոյ
մէջ։
Քանի՞
հազար
ոսկիի
ծախեցիր
կնիկդ։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
(
Շատ
բուռն
)
Անիրաւ
ես.
սխալ
կ՚ըսես։
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Քեզի
կը
հարցնեմ,
քանի
հազար
ոսկիի
ծախեցիր
կնիկդ։
Չբաւեց
աղջկանդ
խայտառակութիւնը
ու
հիմա
ալ
կնիկդ
կու
տաս։
Մարդ
չլմանող
մա՛րդ։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Անիրաւ
ես
(
բուռն
)։
Անիրաւ
կ՚ըսեմ
քեզի։
Քեզի
համար
չորս
աբարթըմանները
տալ
յանձն
առի։
Քեզի
համար
ամբողջ
հարստութիւնս
վտանգեցի։
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Գրիգո՛ր
Էֆէնտի,
տղայ
չես
խաբեր։
Դո՛ւն,
դուն
աբարթըման
ծախե՛ս
կնոջդ
պատիւը
ազատելու
համար։
Տեսնեմ
չեմ
հաւատար։
Հինցած
կօշիկներդ
ալ,
չգործածուող
գուլպաներդ
անգամ
դուն
դրամի
կը
վերածես։
Ելեր
ես
պարապ
խօսքեր
կը
կարդաս։
(
Ծայրայեղ
արհամարհանքով
)։
Նա՛,
գլխո՞ւդ
կը
նայիս։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Սրբուհի,
ես
ալ
գիտեմ
խօսիլ
ու
քեզի
պէս
չեմ
խօսիր։
Ամօթ
է
որ
ասանկ
վայրկեանի
մը
այդ
լեզուով
մօտենաս
դուն
իմ
ցաւիս։
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ես
չեմ
հասկնար,
մարդ,
չեմ
հասկընար,
ինչպէս
խմորէ
շինուած
է
քու
սիրտ։
Որո՞ւ
հարցնելով
դուն
ելար
զիս
Քիւրտին
յանձնեցիր.
կ՚ըմբռնե՞ս,
Քիւրտին։
Քեզի
միջո՞ց
կը
պակսէր։
Թաղին
ոստիկանը
եղա՛ւ,
եղա՛ւ
տէ
Աստուա՞ծ
եղաւ
ալ.
անոր
մեծերը
չի
կա՞ն։
Գոնէ
մարդու
պէս
մարդ
մը
ըլլար։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
(
Սաստիկ
այլայլած
)
Եավրուեանին
պէս,
չէ՞։
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Եավրուեանին
պէս։
Դե՛ռ
հեգնութիւն։
Է՛։
Մարդ,
դուն
անոր
եղունգը
արժէիր։
Քու
բոլոր
դրամներով
ու
ոսկիներովդ
կենդանիէ
մը
զատ
ուրիշ
բան
չես։
Ինչպէ՛ս
ալ
մտքէդ
չես
հանած։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Այն
ատեն
ես
այդ
լեզուն
չունեցայ
քեզի
դէմ։
Մի՞տքդ
է։
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Չէիր
կրնար:
Ես
գիտէի
ընելիքս։
Այո՛,
գոնէ
սիրուելու
արժանի
մէկը,
կը
հասկնաս։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Կնիկ,
դուն
իմ
գիտցածէս
վեր
սրիկայ
մըն
ես։
Ես
խելք
չեմ
կրնար
պառկեցնել։
Դուն
քու
հաճոյքիդ
համար
ամեն
բան
կ՚ընես
ու
արդար
ես,
դուն
իմ
դրամովս
կը
հագուիս,
ներքիդ
կառք
կը
քաշես,
հաճոյքէ
հաճոյք
կը
թռչիս
ու
կը
խաբես
քու
էրիկդ,
բարակ,
բամպատակ
միւսիւի
մը
հետ
որ
Բարիզի
հոտը
բերած
է։
Դուն
բոզ
մը
կ՚ըլլաս
քեզի
համար
ու
երբ
ատիկա
գիտնալով
քեզ
տունին
մէջ
կը
պահեմ,
քեզ
աղջիկներէդ
չեմ
բաժներ,
քեզի
քու
դիրքիդ
ու
փառքիդ
բոլոր
պահանջներուն
մօտիկ
կը
բռնեմ,
մարդ
չեմ
ըլլար
հա։
Դուն
հիմա
քու
էրիկդ
ազատելու
համար
կը
փնտռես
քու
մարդդ,
գոնէ
սիրուելիք
մէկը
ըլլար։
Չէ՞:
Կը
լսէ՞ք
պատեր,
պատկերներ,
կը
լսէ՞ք։
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Աս
ինչ
ճարտասանութիւն
է։
Քարո՞զ
կու
տաս։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Լռէ՛,
լիրբ։
Լռէ
ու
լսէ։
Պիտի
չըսէի
աս
ամէնը։
Բայց
ով
գիտէ
վաղը
կրնամ
չըլլալ։
Դուն
իմ
կեանքիս
ցեցը
եղար։
Առաջին
տարին,
դուն
կապարի
պէս
կոկորդիս
ծայրը
թխմեցիր
իմ
տգիտութիւնս։
Քու
գեղեցկութիւնդ
ու
անգլերէն
գիտնալդ
քեզի
իրաւունք
տուաւ
ծաղրելու
իմ
գաւառացիի
անտաշութիւնս։
Բայց
այն
ատեն
ես
պզտիկ
մէկն
էի
ու
վարձքով
տուն
կը
նստէինք։
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ինչքան
պիտի
ուզէի
որ
անանկ
մնայինք
ու
դուն
մարդու
նմանող
մարդ
ըլլայիր,
ոչ
փա՛յտի
կտո՛ր։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ադ
ալ
բան
մըն
է
նորէն։
Փայտէն
ալ
խեր
կու
գայ։
Բայց
մի
կտրեր
խօսքս։
Երբ
տուները,
խանութները
եկան,
ես
ատոնք
քու
աստղիդ
տուի։
Ու
քեզ
շփացուցի։
Քեզի
տարի
ուզած
բոլոր
տեղերդ։
Ես,
ցերեկները
տասը
փարայի
հացով
ու
պանիրով
ժամանակ
անցուցի։
Ես
տասը
փարա
լրագրի
չի
տալու
համար
գրագիրներուս
անգամ
ծաղրելի
եղայ։
Օր
մը
թրամվայ
ոտք
չդրի։
Գիտես
ասոնք
ամէնքը
որո՞ւ
համար
էին։
Ու
դուն
սալոններու
մէջ
ոսկին
ջուրի
տեղ
կը
տանէիր։
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Հէքեաթ
են
ըսածներդ։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Լռէ
ու
մտիկ
ըրէ։
Հէքեաթը
հոս
չեն
պատմեր։
Դուն
խաբեցիր
ինծի,
ամէնէն
աղտոտ
ձեւովը։
Դուն
գլխէ
հանեցիր
ադ
անօթի
գրագիրը
որ
Բարիզէն
ձեռք
մը
զգեստ
մինակ
բերած
էր։
Դուն
խաբեցիր
ինծի
իմ
ծառայիս
հետ։
Դուն
չափ
ուզեցիր
խոհարարիս
հետ։
Ես
ասոնք
ամէնը
գիտնալով
քեզ
վար
եմ
դրեր։
Դուն
իմ
հարստութեանս
աստղն
էիր։
Հիմա
երբ
իմ
ամբողջ
շէնքս
կը
փլի,
դուն
քու
սիրականդ
կը
փնտռես։
Գնա՛,
հեռացիր
աչքէս։
Ես
պէտք
չունիմ
քու
զոհողութեանդ։
Ես
մեռնիլ
կ՚երթամ,
բայց
դուն
ալ
ոչինչ,
ոչինչ
կ՚ունենաս
աս
ամբողջ
հարստութենէն։
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Քեզի՛
ըլլայ,
քեզի։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ինչ
դիւրին
է
ըսել
է
(
Ծոցէն
կնքուած
պահարան
մը
հանելով
)
Կը
տեսնա՞ս։
Ասիկա
կտակս
է։
Ասեղ
մը
անգամ
չեմ
ձգած
քեզի։
Ամէնը
տղոցն
է։
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
(
Յարձակելով,
թուղթը
առնելով
):
Սրիկա՛յ։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ի՛նչ,
ցաւեցա՞ր։
Կը
սպասէիր
որ
մեռնէի։
Չէ՝
զաւակս,
չէ։
Ասոր
պատճէնը
վաւերացուած
է
ու
դուն
նոյնիսկ
սնտուկդ
եւ
պռօդ
պիտի
չկրնաս
վերցնել
աս
տունէն։
(
Դուռը
կը
զարնեն։
Կը
մտնէ
Սուքիաս
)։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Տիկին
աս
որքան
սպասցուցիք
ինծի։
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Մենք
կռիւ
կ՚ընենք
հիմա։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Կռիւի
ատեն
չէ
(
Սարաֆեանին
)։
Դուն
քիչ
մը
վար
գնա.
մէկը
քեզի
կը
կանչէ։
(
Սարաֆեան
կը
քաշուի
գլխիկոր
)։
Տիկին,
ասանկ
վիճակ
մարդուն
կը
պատահի,
առնել
երթալու
չէ։
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
ՉԷ՛,
բայց
ինչ
տեսակ
էրիկ
մարդ
է,
Սուքիաս
Էֆէնտի։
Ո՞ւր
տեսնուեր
է
որ
մարդ
իր
կնիկը
ձեռքովը
օտարին
յանձնէ։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Շա՜տ։
Դուն
ալ
գիտես,
ես
ալ
գիտեմ։
Յետոյ
ասոր
ֆորս
մաժէօր
կ՚ըսեն։
Ինչ
ընենք,
մինակ
ձեր
գլուխը
չէ։
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ինչպէ՞ս
չէ։
Պոլիսէն
մինակ
մեզի
կը
պատահի
կոր։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Կը
սխալիս։
Ես
մէջերնին
եմ։
Ամէն
գիշեր,
ամէն
գիշեր
Բերայի
բոլոր
հարուստ
ու
պատուաւոր
տուներէն
կնիկներ
ու
աղջիկներ,
գոց
կառքերով
կ՚երթան
գաղտնի
ոստիկաններուն
տուներր։
Ես
գիտեմ
ու
կ՚ըսեմ
ձեզի։
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Բայց
ատ
ինչ
աղտոտ,
ի՛նչ
սեւ
մարդ
է։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Ինչ
ընենք
ամէն
բան
ձեռքն
է։
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Եթէ
չերթամ
ինչ
կ՚ըլլայ։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Վաղը
կ՚աքսորուի
Գրիգոր
Էֆէնտին։
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Կալուածները
ի՛նչ
կ՚ըլլան։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Կալուածները
կը
մնան,
ինչ
պիտի
ըլլան։
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Հապա
կտակ
ըրած
ըլլայ
նէ։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Կտակը
ինչ
է։
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Կտակ,
կտակի
պէս
կտակ։
Չե՞ն
ըներ։
Կ՚անցնի՞։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Եթէ
օրէնքով
վաւերացուած
է,
անշուշտ
կ՚անցնի։
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
(
Ընկճուած
)
Այն
ատեն։
Ինչ
կ՚ուզես
որ
ընեմ։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
(
Կամաց
)
Ճանըմ,
դուն
գիտես։
Կու
գանք,
մէկ
երկու
ձեռք
թուղթ
կը
խաղանք։
Վերջը
սինեմա
է
կ՚ըսենք
դուրս
կ՚ելլանք:
Արդէն
անոր
տեղը
մտնողը
ելողը
անծանօթ
կը
մնայ։
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
(
Գլուխը
ծածկելով
)
Ինչ
սոսկալի
բան
է
չսիրած
մարդուն
երթալը,
ով
Աստուած։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Ինծի
մի
հասկցներ,
Տիկին։
Շատ
ալ
սոսկալի
չէ։
Նոր
ըրած
բանդ
չէ
եա։
Թոհաֆ
։
Չըսեմ
ըսի
չեղաւ։
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ով
ըսաւ
քեզի։
Ես
խօսուած
կնիկ
եմ։
Բայց
ես
չսիրած
մարդուս
չեմ
գացած։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Երբ
մարդ
կը
փոխես,
սիրած
չես
ըլլար։
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Սուտ
է,
սուտ
է:
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Թող
սուտ
ըլլայ։
Բայց
մեղք
է
ամուսինըդ։
Անանկ
մարդ
չի
գտնուիր
մոմերով
փնտռես։
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Հարկաւ։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Մի
ծաղրեր։
Անիկա
դրամին
ետեւէն
ինկաւ
ու
քեզի
ազատ
թողուց։
Ճիշդ
է
որ
ասանկ
թուրքի
մը
բերնին
չես
վայլեր։
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ճիշդ
է
սակայն։
Հէ։
Սուքիաս
Էֆէնտի։
Գոնէ
մարդ
մը
ըլլար։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Մարդու
պէս
մարդը
արդէն
այդ
պայմանը
կը
դնէ՞ր։
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ես
իրաւունք
ունիմ,
չէ՞։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Հարկաւ։
Ով
իրաւունք
չունի
հոս։
Չերկընցնենք։
Արդէն
գիշերը
բաւական
ուշացած
է։
Նայէ,
ազնիւ
Տիկին։
Վարպետ
եղիր։
Աս
օրերն
ալ
կ՚անցնին։
Ինչ
ընենք։
Մեր
ազգին
գլխուն
ասանկ
գրուած
է
եղեր։
Հերոսուհի
կ՚ըլլաս։
(
Կը
խնդայ
)
Մի
նայիր
խնդալուս։
Այս
պատերազմը
տակաւին
շատ
բան
պիտի
սորվեցնէ
մեզի։
Մնաք
բարով։
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Երթաք
բարով։
Վարագոյրը
կ՚իջնայ
հանդարտ
Բ.
ՊԱՏԿԵՐ
Նոյն
տունը։
Խոհանոց:
Աւելի
կողմնակի
սենեակ
մը
ուր
կայ
մահճակալ,
երկու
սեղան։
Պատէն
հին
փալթօ
մը։
Ելեկտրական
լոյս,
թէ
խոհանոցին,
թէ
ներքնամասին
մէջ։
Մահճակալին
երիտասարդ
մը,
թեւը
արմուկին,
քնացածի
պէս:
Առաջամասին
վրայ
Վարպետը
կը
քնանայ,
գոգնոցը
վիզը։
Կամաց
մը
երեք
հնչիւններ
դուռին։
Տղան
կը
ցնցուի,
մտիկ
կ՚ընէ։
Նշանը
կը
կրկնուի։
Տղան
կը
մօտենայ
Վարպետին
ու
կ՚արթնցնէ
։
ԽՈՀԱՐԱՐ
—
(
Ոտքի
ելլալով
)
Եկա՞ւ։
ՎԱՀՐԱՄ
—
(
Գլխով
)
Այո՛։
(
Խոհարարը
կ՚ելլայ
դուրս,
կղպանքը
կը
քակէ
անաղմուկ։
Դուռը
կը
բանայ
մեծ
զգուշութեամբ,
ներս
կ՚իյնայ
Անահիտ,
յուզուած,
գիշերային
մանթօ
մը
կը
ծածկէ
զինքը
վերէն
վար
)։
ԱՆԱՀԻՏ
—
(
Շիտակ
վազելով
տղուն,
կը
պագնէ
ճակտէն
ու
սիրտը
բռնելով
կը
սպասէ
որ
յուզումը
հանդարտի
քիչ
մը։
Երիտասարդը,
բերանը
բաց
կը
նայի
անոր
ժանիկաւոր
ու
ճերմակ
գիշերազգեստի
մէկ
կտորին
որ
անխորհուրդ
ու
անգիտակցաբար
դուրս
է
ինկած
մանթոյին
բացուածքէն
)։
Քիչ
մնաց
բռնուէի
պիտի։
ՎԱՀՐԱՄ
—
(
Ցնցուած
)
Ինչո՞ւ,
ի՛նչ
կայ.
ի՛նչ
եղաւ։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Մինչեւ
հիմա
կը
խաղան։
Մամաս
հակառակ
իր
սովորութեանը,
քանի
մը
անգամ
վեր
վար
պտտեցաւ,
սենեակները
բացաւ
գոցեց։
Մեկ
անգամէն
ելած
էի
գալու
համար,
հազիւ
կրցայ
անկողինս
բռնել։
ՎԱՀՐԱՄ
—
Ո՞վ
է
խաղցողը։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Շիւքրի
Պէյը։
ՎԱՀՐԱՄ
—
Շիւքրի
ՊԷ՞յը.
Սուքիաս
Էֆէնտին
ալ
անշուշտ։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Չեմ
գիտեր.
ով
կուզէ
ըլլայ։
Ինչո՞ւ
ուրիշին
վրայ
կը
խօսինք։
Գիտես
Վահրամ,
ցերեկները
ճաթիլս
կու
գայ։
ՎԱՀՐԱՄ
—
Իրա՞ւ։
Այդքան
նե՞ղ
է
այս
ահագին
տունը։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Տո՛ւնը։
Մեծ
է,
բայց
ես
ինչ
ունիմ
այս
տունին
մէջ,
բացի
այս
մութ
անկիւնէն։
ՎԱՀՐԱՄ
—
Նորէն
մեծ
խօսեցար։
Իմաստուն
մը
պիտի
չարտայայտուէր
այդպէս։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Վահրա՛մ,
դուն
միշտ
պզտիկ
կը
ձգես
զիս։
Քու
խելքիդ
ծանրութիւնովը
չէ
որ
կշռես
պիտի
աղջիկներուն
սիրտը։
ՎԱՀՐԱՄ
—
Դուն
իրաւունք
ունիս,
երբ
կեանքը
սիրտին
կը
կապես։
Մեզի
պէսներուն
համար
ապրիլը,
հիմա՛,
սա
ծակին
խո՛րը,
մահուան
գետը,
ուրիշ
բան
է։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Ապրի՜լը։
Ինծի
կու
գայ
որ
շատ
ալ
խորունկ
ըլլալու
չէ
ան։
Ասանկ
եղերական
օրերուն,
կեանք
մը
նժարին
մէջ,
գիտե՞ս
որքան
թեթեւ
կը
կշռէ։
ՎԱՀՐԱՄ
—
Կը
տեսնե՞ս։
Իմաստուն
խօսքեր
ալ
կ՚ելլեն
քու
բերանէդ։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Պարապ
տե՞ղն
է
որ
քու
հետդ
գիշերներ
կը
լուսցնեմ։
ՎԱՀՐԱՄ
—
Երանելի
են
գիշերները։
Խորհա՞ծ
ես
ցերեկներուն.
(
կը
կենայ,
տխուր
)։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Բայց
անկարելի
է
Վահրամ։
Քեզի
չեմ
կրնար
տունէն
դուրս,
Վարպետին
հսկողութենէն
դուրս
մէկուն
վստահիլ։
Գիտե՞ս
թէ
ինչ
է
դուրսի
աշխարհը։
Ա՜խ,
ամէն
օր
մարդ
կը
բռնեն,
ամէն
օր։
ՎԱՀՐԱՄ
—
Ի՞նչ
ապահովութիւն
կայ
հոս
ալ։
Չէ՞
որ
Բերայի
ամէնէն
մեծ
դաւաճանր
իր
տունին
պէս
կը
մտնէ
կ՚ելլէ
հոս։
Չէ՞
որ
հայերուն
ամենամեծ
դահիճներէն
մէկը
թուղթ
կը
խաղայ
հետը։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Ճիշդ
ատոնք
են
որ
վնասը
հեռու
կը
պահեն
տունէն։
Յետոյ
ես
ամէն
վայրկեան
պիտի
տառապիմ
երբ
ուրիշի
տունն
ըլլաս։
Արդեօք
ի՛նչ
կ՚ընէ
հիմա,
արդեօք
բռնուեցաւ,
արդեօք
պիտի
բռնուի՞.
չէ,
աս
չարչարանքը
տանելի
չէ
ամէն
օր։
(
Կը
մտածէ
)։
Ինչ
պիտի
ըսէի։
Հա՛,
գիտես,
արդէն
ճարը
գտած
եմ
սպասաւորին
ու
սպասուհիին
ալ
տունէն
դուրս
հանելու։
Այն
ատեն
ցերեկներն
ալ
միասին
կրնանք
ըլլալ։
Մայրիկս
միշտ
դուրս
կ՚ելլէ.
Մելինէն
արդէն
Պրուսա
կերթայ…
տունը
մեզի
է,
անուշիկ
զաւակս։
(
կը
պագնէ
նորէն
)։
ՎԱՀՐԱՄ
—
Լաւ,
լաւ,
դուն
քիթէդ
անդին
չես
ուզեր
նայիլ։
Դուն
գիտես
թէ
ես
գործեր
ունիմ։
Ու
մանաւանդ
կապը
դուրսին
հետ։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Ես
քեզի
պէս
յեղափոխական
չեմ։
Հիմա՛,
չեմ
ալ
կրնար
ըմբռնել
թէ
ինչո՞ւ
ասանկ
շրջանի
մը
դուն
կը
կապուիս
դուրսին
հետ,
այն
դուրսին
որ
քեզ
կ՚ուրանայ,
քեզ
ուրանալէ
զատ
քեզ
կը
փնտռէ
մեռցնելու
համար։
Եթէ
ինծի
հարցնես,
ասանկ
օրերը
վեր
կը
մնան
ձեր
բոլոր
սկզբունքային
խնդիրներէն։
ՎԱՀՐԱՄ
—
Բայց
քեզ
ո՞վ
հրաւիրեց
արդէն
կարծիք
յայտնելու
մեր
գործին
մասին։
Դուք
Պոլսեցի
էք,
եւ
դուք
մեծահարուստ
էք:
Ձեզի
համար
հայրենիքը
գոյութիւն
չունեցող
բառ
մըն
է։
ԱՆԱՀԻՏ
—
(Բերանը
բռնելով)
Հայրենի՛քը,
բա՜ռ։
Այո՛,
տղաս,
Հայրենիքը։
Բայց
մարդերը
երբ
գիտցեր
են
ուրիշներուն
սիրտը։
Ինչո՞ւ
կը
փորձես
նախատել
զիս։
Քեզ
սիրեցի,
գիտես,
միայն
անոր
համար
որ
այդ
բառին
դրօշակիրը
երեւցար
դուն
իմ
աչքերուս։
Քեզ
սիրեցի,
չտեսած,
թերեւս
երազով,
ու
խենդի
պէս,
մէկ
անգամէն,
վերջնական,
եղերական
եւ
մահացու
ձեւով
մը։
Օրերով
քու
պատկերդ
մտքիս
մէջ
շինեցի,
արեցի,
անոր
հետ
ապրեցայ։
Դրի
անոր
մէջ
իմ
երազս,
մեր
ցեղին
ամբողջ
երազը։
Ու
տակաւին
քու
գիրկդ
չինկած,
դուն
իմ
աստուածն
էիր,
լոյսէ
գանկով
աստուածը
միայն
անոր
համար
որ
տառապող,
անըմբռնելի
ձեւով
մը
մորթուող,
խելքէ
դուրս
չափի
մը
վրայ
արիւնող
մեր
հայրենիքին
մահապարտ
զաւակն
էիր։
Քեզ
տաղաւորող
մահն
էր
որ
քեզի
սիրելի
ըրաւ։
ՎԱՀՐԱՄ
—
Ինչ
բանաստեղծական
եւ
այսօր:
ԱՆԱՀԻՏ
—
Մի
հեգներ,
կիները
միշտ
բանաստեղծական
են
քիչ
մը։
Ես
տառապեցայ
քեզի
համար։
Տառապեցայ
մանաւանդ
աս
տեսակ
զգացումներու
առջեւ,
որոնց
հանդիպած
ըլլալս
չեմ
յիշեր։
Վարպետէն
սորված
էի
մեր
ազգը
սիրել։
Ու
գաղիացի
վարժուհիներուն
բոլոր
իմաստակութիւնները
չհասան
այդ
գեղացի
հոգին
պարուրող
հաւատքին։
Ես
ատած
եմ
կեանքը
որ
աս
տունինն
է։
Ես
կու
լամ
մամայիս
համար
որուն
անցեալը
մեղքերու
եւ
աղտեղութեան
վարագոյր
մըն
է։
Ես
կու
լամ
հայրիկիս
համար
որուն
դրախտ
ու
արքայութիւնը
իր
մաղազան
են
եւ
իր
կալուածները
կը
կազմեն։
Տակաւին
կայ
քոյրս
որ
իր
մեղքը
քաւելու
կ՚երթայ։
Մի
զարմանար
որ
այս
տունէն
երազի
ծաղիկ
մը
ինչպէս
կը
բարձրանայ։
ՎԱՀՐԱՄ
—
Ինչ
հարկ
այդ
խոստովանութիւններուն։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Եթէ
չընդմիջես
լաւ
կընես։
Այնքան
ժամեր
ես
քեզ
մտիկ
եմ
ըրած,
առանց
թարթելու։
Իմաստութիւնը
այրերուն
մենաշնորհը
չէ։
Շատ
անգամ
սէրն
է
որ
աւելի
խելք
ունի։
Ու
խորհէ
որ
ձեր
ճամբան
գալու
համար,
ուրկէ
ամէն
բան
զիս
հեռու
կը
տանէր,
ես
ձեզի
պէս
շատ
ցոյց
ու
թատերականութիւն
ալ
չըրի։
Այդ
ձեր
վարպետը
բաւեց
ինծի,
ցուցանելու
ձեր
ճամբան։
Կ՚ըսեն
թէ
կիները
տկար
են
ու
անոր
համար
տկարներուն
հետն
են
միշտ։
Այդպէս
թող
ըլլայ
եթէ
կ՚ուզէք։
Բայց
իմ
ցեղս
սիրելու
համար,
հարկ
կա՞ր
որ
ան
այսքան
արիւնոտէր,
կա՞ր…։
ՎԱՀՐԱՄ
—
Մի
հարցներ,
շարունակէ։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Մինակ
Պոլսոյ
մէջ
իմ
տեսածներս
պիտի
բաւեն
որ
անսրբագրելի
ձեւով
մը
հայ
դառնամ,
հա՜յ,
կը
լսե՞ս,
մի
զարմանար
որ
ջոջ
վաճառականի
աղջիկը
գիտակցութեան
կու
գայ։
Այդ
հրաշքը
սէրինը
չէ՛։
Վարպետին
հարցուր։
ՎԱՀՐԱՄ
—
Անահի՛տ։
ԱՆԱՀԻՏ
—
(
Շեշտ
նայելով
)
Կը
սպասեմ։
ՎԱՀՐԱՄ
—
Դուն
կը
սիրես,
չէ՞։
ԱՆԱՀԻՏ
—
(
Նայուածք
մը
միայն
)։
ՎԱՀՐԱՄ
—
Ես
պարտականութիւններ
ունիմ։
Ես
ինծի
չեմ
պատկանիր։
Ինծի
վիճակուած
չէ
այս
կղզիացումը
որուն
մէջ
բանտարկված
ես
զիս։
Մենք
մեր
գործը
ունինք
որ
պէտք
է
քալէ։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Աւելի
լա՛ւ
ձեռքեր
գիտե՞ս
որոնց
վստահիս
ատիկա։
ՎԱՀՐԱՄ
—
Դո՛ւն։
Բայց
դուն
չես
կրնար
քալել
մեր
ճամբէն։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Ձեր
ճամբա՞ն։
Բայց
տղայ,
քեզի
համար
քու
ճամբայէդ,
դժոխքն
ալ
կ՚երթամ
առանց
թարթելու։
ՎԱՀՐԱՄ
—
Ատիկա
գիտեմ։
Բայց
գործը
չի
սեղմիր
քու
մատներուդ։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Այդքան
անճարա՞կ
կը
գտնես
զիս։
ՎԱՀՐԱՄ
—
Այդ
ըսել
չուզեցի։
Դուն,
կի՛ն
ես։
Յարմարութիւնները
կը
պակսին
մերինին
պէս
վտանգաւոր
ձեռնարկներու։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Քեզի
համար,
ամէն
կաղապար
քիչ
կուգայ
ինծի։
ՎԱՀՐԱՄ
—
Դո՛ւն
յեղափոխականի
խառնուածքով
ծնա՞ծ
ես։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Ահա
յաւակնոտ
հարցում
մըն
ալ։
Կը
կարծէք
թէ
ձեզի
պէսները
շինուա՞ծ
կու
գան
երկինքէն։
Ինչ
է
յեղափոխութիւն
մը,
ծայրայեղ
բռնկումէ
մը
դուրս։
Եւ
ինծի
պէս
տկար
մը
քեզի
պէս
հզօր
ընելու
համար
սէրէն
զատ
ուրիշ
ուժ
կա՞յ
այս
աշխարհին
վրայ։
ՎԱՀՐԱՄ
—
Այս
գիշեր
լաւ
կը
տրամաբանես։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Դուն
պէտք
է
տեսած
ըլլայիր
իմ
մտքիս
կրակը
երբ
ես
վճռեցի
վարպետին
տունը
գալ,
քեզ
տեսնելու։
Քեզի
հոս
փոխադրելու
համար
կ՚արժէ
որ
ներկայ
ըլլայիր
Վարպետին
գլխուն
թափած
փաստերուս։
Ամէն
խորունկ
զգացում
քիչ
մը
ամենակարող
կընէ
մեզ։
ՎԱՀՐԱՄ
—
Անահի՛տ,
քոյր,
աղջիկ,
սիրուհի
կամ
մայր,
որը
որ
կուզես։
(
Ոտքի
ելլելով
)
Մտիկ
ըրէ
ինծի։
Անկեղծութիւնը
աչքով
տեսնուելիք
բան
մը
չէ,
բայց
անիկա
քիչ
մը
կը
նմանի
հոտի։
Կրնանք
հաւատալ
անոր
առանց
տեսնելու։
Քեզի
կը
բացուիմ
աւելի...
։
(
Կը
կենայ
)
Մենք,
մինչեւ
հիմա
չբռնուողները,
ունենք
մեր
ծրագիրները
եւ
մեր
մեծ
գործը։
Պէտք
է
ետ
նետուիմ
յորձանքին
մէջ,
կանգ
առնեմ
անանկ
տեղ
մը,
ուրկէ
կարենամ
տեսանելի
ըլլալ
բոլոր
ինծի
պէսներուն։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Ամէն
բան
րսէ,
բայց
տունէն
ելլելու
խօսքը,
երբեք,
Վահրամ,
երբեք։
Ատիկա
անկարելի
է.
քու
անձդ
ուրիշինն
է
հիմա։
ՎԱՀՐԱՄ
—
Քեզի
ըլլալէ
աւելի
անիկա
շատերունն
է.
ինծի
պէս
շատերուն
որոնք
այս
ու
ան
տանիքին
տակը,
հորերուն
ծոցը,
պարտէզներուն
մէջ
կամ
նոյնիսկ
չուներու
խշտիկին
մէջ
կը
կենան
կծկուած,
անմխիթար,
առանց
հրահանգի
ու
կարելի
է
շատ
անօթի՛
ալ։
Հոս
կազմակերպութիւն
կայ։
Անոր
բոլոր
գործերը
իմ
անձիս
վրայ
կեդրոնացած
են։
Անոր
համար
պետք
է
դուրս
ելլեմ։
Ձեր
տունէն
ամէն
հրահանգ,
ամէն
նպաստ,
ամէն
ցուցում
կասկած
ու
յուսալքում
առաջ
կը
բերէ։
ԱՆԱՀԻՏ
—
(
Տղուն
ձեռքերը
բռնելով
)
Վահրա՛մ,
հաւատա՛
խօսքիս,
գործելու
նոր
գետին
ցոյց
տուիր
ինծի,
հիմա։
Քեզի
պէսներ
շատ
կա՞ն
պահուած։
ՎԱՀՐԱՄ
—
Ի
հարկէ։
Կազմակերպութիւնը
կրնար
օգնել
անոնց
իմ
միջոցովս։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Դուն
նորէն
պիտի
օգնես
անոնց
առանց
կազմակերպութեան
միջոցներուն։
ՎԱՀՐԱՄ
—
Ինչպէ՛ս,
ինչպէ՞ս։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Ինչպէ՞ս։
Կը
մոռնա՞ս,
որ
հայրս
Պոլիսին
ջոջ
վաճառականն
է
հիմա։
Անգամ
մը
երբ
աքսորի
փորձանքէն
ազատի,
ափերով
չէ,
թիերով
դրամ
պիտի
առնեմ
իրմէն։
Բոլորը
բոլորը
քու
գործիդ
համար։
ՎԱՀՐԱՄ
—
Տղա՛յ,
դուն
հայրդ
չես
ճանչնար։
Անիկա
մեզի
համար
դրամ
չտալէն
զատ,
մեզ
ամէնքս
ալ
կառավարութեան
կը
յանձնէ։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Որքան
կը
վիրաւորես
զիս։
ՎԱՀՐԱՄ
—
Ես
գիտեմ
ըսածս։
Պարապ
տեղը
չէ
որ
անոր
գրագիր
եղած
եմ։
Անիկա
իր
հոգիէն
աւելի
կը
սիրէ
դրամը։
Խորհէ
որ
իր
ահաւոր
հարստութեան
մէջ
ցերեկները
կը
վախնար
ճաշարանէն
պնակ
մը
բան
բերել
տալու։
Յետոյ
արդէն,
բան
մը
չեղած
ատենը
դէմ
էր
մեզի։
Անդիմադրելի
ատելութիւն
մը
կը
լեցնէր
անոր
սիրտը
յեղափոխութեան
դէմ։
Հիմա՛։
Ազգը
զգետնող
այս
հարուածին
պատասխանատուութիւնը
անիկա
մեր
ճիտին
կը
բեռցնէ։
Եթէ
ոչ
իբր
մատնիչ,
գոնէ
արդարութիւնը
փնտռող
մարդ
մը,
ան
պիտի
ուզէր
որ
ցեղին
տունը
աւրողները
ողջ
չմնային։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Դուն
կրնաս
սխալիլ
ու
կը
սխալիս։
Ըսածներդ
ճիշդ
էին
այս
աղէտէն
առաջ։
Բայց
ասկէ
ե՞տքը։
Մարդ
մէկ
բան
է
միայն,
հա՛յ,
ու
մէկ
բան
չէ
միայն,
թո՛ւրք։
ՎԱՀՐԱՄ
—
Դուն
կին
ես
ու
այդքան
կը
տեսնես։
Ինչ
տեղը
կայ
այսքան
բարակները
փնտռելու:
Ես
կը
զմայլիմ
քու
խառնուածքիդ,
կը
զմայլիմ
քու
աղուորութեանդ
վրայ,
որուն
դիմանալու
անկարող
ըլլալս
խոստովանեցայ:
Կը
զմայլիմ
անոր
որ,
մահուան
ճամբուն
վրայ,
ես
հանդիպեցայ
քեզի,
քեզի,
որուն
մուտքը
վաճառատունէն
ներս
Աստուածի
մը
կը
նման
էր։
Դուն
չե՛ս
յիշեր,
հաւանական
է,
այն
խռովքը
որ
կը
բռնէր
զիս
երբ
հօրդ
քով,
հովանոցովդ
կը
խաղայիր
թուղթի
կտորներուն
հետ։
Ես
քեզի
ինչպէ՜ս
տարուեր
եմ
այդ
օրերուն։
Սիրել,
այն
ատեն
անիկա
երազ
մըն
էր,
շատ
վեր
մեր
միտքերուն
սահմաններէն։
Ոսկիներուն
աղջիկն
էիր։
Բայց
իմ
կուրծքիս
տակն
ալ
միսի
կտոր
չէր
նստած։
Ու
գիտես,
քանի
մը
ոտանաւորներ
տպեցի։
Անոնք
քեզմով
լեցուն
էին։
Հիմա։
Հիմա
խենդեցնող
բան
մը
կայ
քու
վրադ:
Ինծի
առնել
ուզեցիր
ու
առիր
հոս
բերիր։
Չե՞ս
գիտեր
որ
մահուան
գրուածներուն
արգիլուած
է
սէրը:
Չե՞ս
գիտեր
որ
մեզի
պէսներուն
համար
ուժով
երազ
մը
կը
բաւէ
շատ
անգամ։
Անահի՛տ։
Հոս
չեկած
ես
չէի
վախնար
մեռնելէն։
Քու
հմայքիդ,
քու
շնորհներուդ
ու
կախարդութեանդ
մէջէն
նորէն
ես
կը
մոռնամ
ատեն
մը
ինծի
սպասող
խաչը։
Բայց
ցերեկները
իմ
ծակիս
մէջը
ես
կը
խորհիմ։
ԱՆԱՀԻՏ—
Մի
խորհիր,
մի
խորհիր,
խօսէ,
խօսէ,
խօսէ
հիմա։
ՎԱՀՐԱՄ—
Իմ
ծակիս
մէջը
ես
կը
խորհիմ
այս
տարօրինակ
սէրին։
Ու
երկար
թափառումներէ
վերջը,
կը
տեսնամ
որ
քու
սէրդ
ողորմութիւն
մըն
է
ինծի,
կիներուն
մօտ
սովորական,
որոնք
աչքերնին
չեն
կրնար
չոր
բռնել…:
ԱՆԱՀԻՏ
—
Ողորմութիւն
ու
արցունք։
Ատոնք
գրողի
բառեր
են։
Իմ
սէրը
ինծի
համար
այնքան
յստակ
է,
որքան
գաւաթին
ջուրը
գաւաթին
համար
ու
այնքան
ալ
բնական։
Դուն
մահուան
անդունդին
վրայ
բացուած
ծաղիկն
ես։
Դուն
գեղեցիկ
ես
այն
գեղեցկութեամբ
որ
խաչուածներուն
կ՚ընկերանայ
պատկերներուն
վրայ։
Ու
ինչո՛ւ
չես
հասկնար
որ
մենք,
քիչ
մը
կրօնական
դաստիարակութիւն
տեսնողներս,
ասանկ
չեղումներ
ունենանք։
ՎԱՀՐԱՄ
—
Բայց,
ես
տէրը
չեմ
իմ
ճակատագրիս։
Ես
քար
կը
դնեմ
իմ
սրտիս
ու
իմ
մտքիս
վրայ։
Ես
տէրը
չեմ
այն
կեանքին
որուն
օրերը
ով
գիտէ
որ
աստուածը
համրած
է։
Ճամբա՛յ,
ճամբա՛յ
տուր
ինծի։
Ու
որքան
ատեն
որ
չեմ
խաչուած,
ես
միջոցը
կը
գտնեմ
հեռուէն
օգտակար
դարձնելու
քու
եռանդդ
ու
քու
հայրենասիրութիւնդ։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Ամէն
բան,
ըսէ,
այո՛,
ամէն
բան։
Բայց
այս
տունէն
բաժնուելու
խօսքը
մի
ըներ։
Քեզի
չեմ
կրնար
դուրսին
ձգել։
Դուրսը,
սոսկալի
է,
սոսկալի։
Դուրսը
ուրիշ
աշխարհ
է
հիմա։
Ու
յետոյ,
տղայ
մը
չէ
քեզի
հետ
խօսողը։
Այսքան
եղերական
պայմաններու
տակ
ծագող
սէրը
թաշկինակ
մը
չէ
որ
մէկ
գրպանէդ
հանես
միւսը
տանիս։
Ու
դուք
գրող
պիտի
ըլաք։
ՎԱՀՐԱՄ
—
Գրողներուն
դժբախտութիւնը
հոն
է
որ
կը
սիրեն
ու
կը
սիրուին
սուտ։
Անոնք
կը
սիրեն,
ինչպէ՛ս
սովորութիւն
է
կարծել,
թիթեռնիկի
պէս։
Անոնք
անընդունակ
են
խորունկ
ու
տեւական
յուզումի,
քանի
որ
ուրիշ
գետնի
վրայ
կը
սպառեն
իրենց
ջիղերը։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Վահրամ,
աւելորդ
խօսքեր
մի
ըներ։
Ես
կը
դողամ
իմ
սէրիս
վրայ
այնքան
որ
աշխարհը
անկէ
դուրս
ոչինչ
է
ինծի։
Կրնաս
ըսել,
քալէ
ինծի
հետ։
Ու
ես
աշխարհին
ծայրը
պիտի
երթամ
քեզի
հետ։
Մի
րսեր
ինծի
«ազատ
թող
զիս»,
ատիկա
վեր
է
ուժերէս։
ՎԱՀՐԱՄ
—
Այդ
ատեն։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Այդ
ատեն,
տուր
ինծի
գործերուդ
ծրագիրը,
նետուիմ
ես
քու
տեղդ
բոլոր
անկիւնները,
քենէ
լուր
տանելու
համար
բոլոր
անոնց
որ
պէտք
ունին։
Տուր
ինծի
անունները
այն
կիներուն
որոնց
նպաստ
կը
բաշխուի
ու
հասցէները
բոլոր
մարդոց
որոնք
տակաւին
քաջ,
տակաւին
հերոս
գիտցեր
են
մնալ,
տանելու
համար
մեծ
կազմակերպութիւնը
քաղաքներուն
ամէնէն
զարհուրելիին
մէջ։
ՎԱՀՐԱՄ
—
(
Պահ
մը
կեցած,
զմայլագին
դիտելէ
վերջ
)
Այնքան
հաւատք
կայ
բառերուդ
մօտ
որ
եռանդ
կը
փոխադրես
քեզ
մտիկ
ընողին։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Որոշուեցաւ,
չէ՞։
ՎԱՀՐԱՄ
—
Ի՞նչ
որոշուի
պիտի։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Ինչո՞ւ
կը
ձգձգես։
Ինչէ՞ն
յեղափոխականներուն
կարծիքները
պահպանողական
կ՚ըլլան։
ՎԱՀՐԱՄ
—
Ծանր
խնդիր
է։
Կը
խորհիմ
շատ
հեռուները։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Օրինակի
համար։
ՎԱՀՐԱՄ
—
Օրինակները
ունիմ
իմ
ետեւ։
Քանի՛
աղջիկներ
բանտ
գացին
ու
դուն
չես
գիտեր
թէ
անոնք
ինչե՜ր
տեսան։
Խոստովանութիւնները
երբեմն
մենէ
վեր
կը
մնան։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Չեմ
հասկնար
կոր։
ՎԱՀՐԱՄ
—
Այսինքն
թէ
կրնաք
մատնուիլ,
բանտ
երթալ
ու
տկարանալ։
ԱՆԱՀԻՏ
—
(
Վարանոտ
)
Գիտե՞ս,
այդ
պարագաները
առանց
մտածելու
կրնայի՞
այսքան
պատասխանատու
քայլով
մը
քու
կեանքդ
վտանգի
դնել.
քու
կեանքդ
որ
իմս
է
մանաւանդ։
ՎԱՀՐԱՄ
—
Որքան
զգուշաւոր
պէտք
է
ըլլալ։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Զգուշութիւն
պիտի
ընեմ
քու
կարծածէդ
աւելի։
Քեզ
չվտանգելու
համար
բոլոր
միջոցները
ձեռք
առնեմ
պիտի։
ՎԱՀՐԱՄ
—
Այդքա՛ն
վստահութեամբ։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Որքան
բառ
է
աս,
Աստուած
իմ,
որքան
բառ։
Տղայ,
տես
իմ
վիճակս։
Անգամ
մը
վերէն
վար
չափէ
զիս։
Ինծի
կու
գայ
որ
զգեստներս
անգամ
կը
դողան
քու
առջիդ։
Ինծի
կու
գայ
որ
իմ
կուրծքս
ապակիի
պէս
թափանցիկ
է
ու
դուն
կը
տեսնես
հոն
թփրտացող
չարչարուող
սիրտը։
Սիրտը,
օղակիդ
մէջ
ինկած
թռչունի
պէս
իմ
խեղճ,
իմ
տառապող
սիրտը։
Ու
տակաւին
կենալ,
խորհիլ,
կասկածիլ։
Ո՞վ
իրաւունք
կու
տայ
քեզի
այսպէս
վերաբերուիլ
սէրին
հետ։
Քեզի
հասնող
ամէն
չարիք
առաջ
ինծի
կը
գտնէ,
զիս
կը
զարնէ։
(
Դուրսէն
կառք
կը
կենայ
դուռին
առջեւ:
Դուռը
կը
բացուի,
կը
գոցուի,
կառքը
կը
հեռանալ,
աղմուկը
քիչ
քիչ
կը
հատնի
)։
Ի՞նչ
կայ
արդեօք։
Ինչո՞ւ
դուռ
բացին։
Վարպե՞տն
էր։
Ի՞նչ
է
ադ
կառքը։
ՎԱՀՐԱՄ
—
(
Այլայլած
)
Ի՛նչ
էր
ադ
կառքը։
Ինչո՞ւ
եկաւ
ու
գնաց։
Ո՛ւր
կրնայ
երթալ։
ԽՈՀԱՐԱՐ
—
(
Կամաց
մը
ներս
գալով
)
Ի՛նչ
կայ,
ինչո՞ւ
իրար
անցեր
էք։
ԱՆԱՀԻՏ
—
(
Մեծ
յուզումով
)
Ի՞նչ
կայ,
Վարպետ,
ի՞նչ
կայ,
ըսէ
շուտ,
շուտ:
ԽՈՀԱՐԱՐ
—
Ինչ
պիտի
ըլլայ։
Մի
վախնար,
Մամադ
էր
դուրս
ելլողը։
ԱՆԱՀԻՏ
(
Զարհուրած
)
Մամաս։
Ինչո՞ւ։
Հայրիկը
տարին։
ԽՈՀԱՐԱՐ
—
Չէ՛,
հայրիկդ
վեր
գնաց։
Տեսայ
որ
կու
լար։
ԱՆԱՀԻՏ
—
(
Աւելի
անձկալի
)
Է,
մամա՞ն։
Ո՞ւր
գնաց
մինակը։
ԽՈՀԱՐԱՐ—
(
Գրեթէ
լալով
)
Մինակը
չէր,
աղջիկս,
մինակը
չէր։
Շիւքրին
եւ
Սուքիասը
հետն
էին։
ԱՆԱՀԻՏ
—
(
Կայծակէ
զարնուած
)
Շիւքրիին
հետ.
մամա՜ն...
մինակը։
Տէր
Աստուած
(
Ձեռքերը
գլխուն
կը
տանի
ու
նուաղած
կ՚իյնայ
տղուն
գիրկը
)։
Վարագոյրը
կ՚իջնէ
Նոյն
Սրահը
Կը
մտնէ
Սուքիաս։
Սարաֆեանը
հոն
է
արդէն։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Գրիգոր
Էֆէնտի՛։
(Ձեռքերը
իրարու
շփելով
կը
կենայ)։
Նորէն
կարեւոր
գործի
մը
համար
եկած
եմ։
Բայց
դող
չելլաս։
Քու
առաջին
գրագիրդ
կը
փնտռեն։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ադ
ո՞րն
է։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Ես
գիտե՞մ։
Զորլու
տեսակէն
դաշնակցական
է
եղեր։
Անոնց
թերթերուն
մէջ
յօդուածներ
կը
գրէ
եղեր։
Ատիկա
ձեռք
եթէ
անցնենք,
այ
հանգիստ
քունդ
կրնաս
քաշել։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Առաջին
գրագիր
ըսիր։
Ո՛րն
է
բայց։
Քանի
քանի
հատը
եկեր
գացեր
են։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Վահրամ
կ՚ըսեն
կոր։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Վահրամ
մի՛
(
Ճիգ
մը
կ՚ընէ
)
Հա՛,
հասկցայ,
հասկցայ։
Խելօքիկ,
աղջկան
պէս
տղայ
էր
ատիկա։
Իմ
գիտցածս
ատանկ
յօդուած
եւայլն
գրելը
ուր,
ան
ուր։
Չսխալիս։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Չեմ
սխալիր։
Անիկա
կեղծանուն
կը
գործածէ
եղեր
գրած
ատենը։
Ինչ
կ՚ըսես
եղբայր,
շատ
ծանօթ
է,
շատ
ծանօթ։
Ոստիկանութիւնը
հիմա
անոր
հոտը
առած
է։
Երկու
շաբաթ
առաջ
աստեղերը
տեսնուեր
է։
Անգամ
մը
նոյնիսկ
փախեր
է
ոստիկաններուն
ձեռքէն
որոնք
ապուշի
պէս
զինուորական
փախստական
կարծելով
անհոգ
գտնուեր
են։
Հիմա
մեզի
մեծ
վարձատրութիւն
կայ։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
(
Վարանելով
)
Մեղք
չէ՞
կ՚ըսես։
Սիրտդ
դէմ
չի՞
տար։
Աղջկան
պէս
տղայ
է։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Ադ
ի՛մ
ինչուս
պէտք։
Ինծի
պէտք
եղածը
անոր
տեղն
է։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Շիտակը
իմ
խիղճս
կը
վախնայ։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Երբեմն
տղայ
կը
դառնաս
կոր,
գիտե՞ս։
Պէ
աղբա՛ր,
քեզի
քանի
քանի
հազար
անգամ
կարդացի։
Դուն
քու
կաշիդ
ազատէ։
Ուրիշ
ամէն
հոգ
ոչինչ
է
հիմա։
Խիղճ,
ազգ,
գութ,
հայրենիք,
աս
բառերր
թուղթի
վրայ
տեղ
ունին:
Հիմա
ատոնք
սրբուած
են
աշխարհի
տետրակէն։
Քու
վակոններդ
կու
գան
կոր
եա։
Ան
նայէ։
Դուն
մի
երեւար,
թուրքը
ձգէ
առջիդ,
թող
անիկա
աշխատի
քեզի
համար։
Անշուշտ
մէջը
հայկական
տօլապ
մը
չես
պակսեցներ։
Տեսա՞ր
մը
գործին
անուշը։
Աս
առիթը
ուրիշ
անգամ
չի
գար
կ՚ըսեմ
քեզի։
Նայէ
որ
ուռենաս,
լեցուիս,
փքուիս։
Հարստութիւնը
մանաւանդ
քսակիդ
պէս
խոշորը
վաղը,
քեզի
ազգին
ամէնէն
մեծը
կ՚ընէ
նորէն։
Հոգ
մի
ըներ
բնաւ։
Աստուծոյ
չափ
ուժով
է
դրամը։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Իրաւ
է,
կը
շահինք
կոր։
Բայց
կէսը
անոնց
է։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Մարդ
ըսուածն
ալ
ասանկ
է։
Երկու
ամիս
առաջ
մահուան
առջեւ
կը
դողար,
այսօր
օրական
հազարներով
ոսկի
կը
զարնէ,
ուրիշի
բաժին
հանելու
համար
փորի
ցաւ
ունի։
Չէ՞։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Բայց,
շիտակը
զրուցէ.
անոնք
ի՞նչ
գիտեն
ադ
ճամբաները։
Կովի
պէս
քիթերնուն
սանձ
մը
դիր
ու
քաշէ
քաշելիք
տեղը։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Ադ
ալ
ըսելիք
խօսք
է
հիմա։
Անոնք
եթէ
չըլլան
քու
կարողութեանդ
է
մնացեր
վակոնները
ամէն
օր
պատրաստ
գտնել
ու
առնել
ու
ծախել։
Տէ,
երկան
մ՚ըներ։
Զարկ
կրցածիդ
չափ։
Նորէն
ազգին
դրամն
է
որ
անոնց
կոկորդէն
հանած
կ՚ըլլաս։
Բայց
մի
մոռնար
միւս
ըսածս
ալ։
Դուն
իբրեւ
Վահրամին
էֆէնտին
հարկաւ
բաներ
մը
գիտես
կամ
լսած
ըլլալու
ես։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Նոր
կ՚իմանամ
անոր
փնտռուիլը։
Ատկէ
զատ,
Սուքիաս
Էֆէնտի,
ինչ
մեղքս
պահեմ,
Աստուծմէ
կը
վախնամ,
մեղք
կ՚ըսեն
բան
մը
կայ։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
(
Խիստ
)
Ադ
ի՛նչ
խօսք
է։
Դուն
յանձնառութիւն
ունիս
ինծի
հետ։
Յետոյ
մի
մոռնար
որ
դուն
կասկածելի
մէկն
ես։
Մինչեւ
որ
կառավարութեան
օգտակար
չըլլաս,
մինչեւ
որ
անոնց
ուզած
մէկ
մարդուն
տեղը
չիմացնես,
երաշխաւորուած
չես։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Չէ՞
որ
ընկեր
ենք
ալ։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Անոնց
ընկերը
կ՚ըլլա՞յ։
Հէմ
անիկա
այսօր
պաշտօնի
վրայ,
կրնայ
պաշտպանել:
Վաղը
եթէ
փոխուի,
եթէ
եկողը
հետաքրքրուի
կասկածելիներուն
ցանկովը,
ա՞յն
ատեն։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
(
Տեղէն
ցատկելով
)
Նորէ՞ն
աքսոր։
Է։
Նորէն
աքսո՞ր։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Ի՛նչ
կարծեցիր
եա։
Դուն
չես
հասկնար.
ընկեր
ես
քու
վակոններուդ
ետեւէն։
Քեզի
ըսի,
նորէն
կ՚ըսեմ.
կասկածելի
մարդ
ես։
Կառավարութեան
աչքը
մտնելու
համար
դուն
պէտք
է
հաւատարմութիւնդ
ապացուցանես։
Եթէ
ոչ,
միշտ
վտանգի
տակ
ես։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
(
Մտահոգ
ու
վարանոտ
)
Ի՛նչ
կուզես
հիմա։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Ա՛դ
տղուն
տեղը։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Անանկ
մը
կ՚ըսես
կոր
որ
գիտեմ
ու
չեմ
ըսեր։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Գոնէ
ծանօթութի՞ւն
ալ
չես
կրնար
տալ։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ի՞նչ
տեսակ
ծանօթութիւն։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Հիմա
կը
հասկնաս։
Ամէնէն
առաջ
ըսէ
որ
ադ
տղան
ուր
կը
բնակէր։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Սկիւտար։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Ինչ
կ՚ըսես։
Բերա
չէ՞ր
ան։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Չէ,
աղբարս,
չէ։
Շատ
առտու
կը
նեղանայի
ուշ
գալուն։
Անիկա
շոգենաւին
կը
գտնէր
յանցանքը։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Ծնողք
ունի՞։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ես՝
պաշտօնեաներուս
ընտանիքովը
չեմ
հետաքրքրուիր։
Ատանկ
բաները
գիտնալէն
միշտ
վնաս
կու
գայ։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Ի՛նչ
վնաս։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ—
Անոնք
ալ
դուն
չես
գիտեր։
Ատիկա
սնտուկի
հաշիւին
տակ
կ՚իյնայ։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
(
Խնդալով
)
Ադ
ինչ
հաշիւ
է։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Քու
ինչուդ
պէտք,
եղբայր։
Ի՛նչ
կը
հարցնէիր
դուն
քիչ
առաջ։
(
Կը
մտածէ
)
Ծնողքը
կը
հարցնէիր։
Հայրը
մեռաւ
պատերազմէն
առաջ։
Գիտնալիքս
մայր
մը
ունի։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Հապա,
չէիր
գիտեր։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ինչպէս
չեմ
գիտեր։
Թաղման
փարան
անգամ
սնտուկէն
փոխ
վերցուց:
Ատոր
համար
որ
քու
մարդերուդ
ընտանեկան
կեանքին
բնաւ
չես
խառնուիր։
Հինէն
ակռաս
առած
է։
Մարդ
եղար,
հետաքրքրուեցա՞ր
մի,
թոյլ
կը
կարծեն,
որը
զաւակ
կը
կնքէ,
փոխ
կ՚ուզէ,
որը
աղջիկ
կը
նշանէ,
փոխ
կ՚ուզէ,
որը
մեռել
կը
թաղէ,
կ՚ուզէ։
Անոր
աղէկը
չես
ճանչնար,
կը
լմննայ
կ՚երթայ։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Եղբայր,
ձրի
չես
տար
եա:
Փո՛խ
է
վերջապէս։
Երբ
ըլլայ
պիտի
չվճարեն։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Պիտի
վճարեն,
բայց։
Բայց
կայ։
Փոխ
ելած
դրամը
գիտես,
գործածուած
զգեստի
կը
նմանի։
Ո՛ւր
է
նոբ
նոր
զգեստր
սնտուկը
դնես,
ուր
է
անգամ
մէկուն
հագցնելէ
ետքը
պահես։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Աս
նոր
կը
լսեմ։
Վաճառականները
տարօրինակ
մարդ
էք
եղեր։
Դրամին
հի՞նը
կ՚ըլլայ։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Չես
հասկնար,
ի՛նչ
ըսեմ։
Դրամին
հինը։
Հարկաւ
կ՚ըլլայ։
Ատկէ
զատ,
դրամը
որ
վաստըկեցար,
իր
տեղը
կը
վայլէ։
Իրարու
վրայ
դիզուած
բաները
իրար
տաք
կը
պահեն:
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Ասոնք
վաճառականի
գիտութիւն
ըլալու
են։
Ի՛նչ
որ
է։
Ատ
տղան
մինակ
մա՞յր
ունի:
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ատանկ
կը
կարծեմ։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Դէմքը,
հասակը,
մազերուն
ձեւը,
զգեստին
գոյնը։
Հա,
լաւ
յիշեցի,
լուսանկարը
չունի՞ս։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ունենալու
ենք,
փնտռել
տամ։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Այո,
ատիկա
շատ
կարեւոր
է։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Բայց
ինչ
կ՚ուզեն
անկէ,
գառան
պէս
տղայ
է։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Դուն
անոր
գրածները
կարդա
անգամ
մը։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Տէր
Աստուած։
Անոր
խելքը
ինչ
պիտի
ըլլայ,
գրածը
ի՛նչ։
Ըսել
է
ատանկ
տղոց
պօշ
պօշ
բաները
բան
մը
կ՚արժեն,
չէ՞։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Կ՚արժեն,
կ՚արժեն,
իրենց
գլուխը
կ՚արժեն։
Պօշ
ըսելով
անդին
մի
անցնիր։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Եղբայր,
ո՞վ
կ՚ըսէր
թէ
օրէն
մէկը
լրագիրճիները,
գիրք
գրողները,
յօդուած
տալողները
այսքան
արժէքի
հեծնային
պիտի։
Խելք
չի
հասնիր
որ:
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Քու
ինչու՞դ
է
պետք։
Ամէն
մարդ
վակոն
ծախէր
կամ
գնէր
նէ։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Կ՚ըսես
կ՚ըսես,
ադ
կ՚ըսես։
Աչք
ունիս,
ի՞նչ
ունիս։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Ինչ
աչք
ունենամ։
Ես
կուշտ
եմ։
Դուն
լուսանկարը
փնտռել
տուր։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
(
Զանգակը
հնչեցնելով
)
Հիմա՛։
Բայց
ադ
լուսանկարով
Ի՞նչ
կ՚ըլլայ
որ։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Ատոր
ալ
քու
խելքդ
չի
հասնիր։
(
Դուռը
կը
զարնեն,
ներս
կը
մտնէ
Անահիտ
)
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Աղջիկս,
(
կը
կենայ
)
աս
մենք
հին
ու
մին
լուսանկար
մը
ունէինք,
գիտե՞ս։
Անցած
ամիս
վերցուցիր։
Անոնք
բեր
ինծի։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Հայրիկ,
ատոնք
այրեցի։
Մնացածներն
ալ
ո՛վ
գիտէ
որ
ծակն
են։
Ինչպէս
գտնամ։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Գտնալը
դիւրին
է,
կը
փնտռես
կը
գտնաս
մինակ
Վահրամին
լուսանկարը
կա՞ր
անոնց
մէջ։
ԱՆԱՀԻՏ
(
Քիչ
մը
յուզուած
)
Ո՞ր
Վահրամին։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Սա
մեր
Վահրամին.
ուր
է
Սկիւտարէն
էր՝
գրագիր,
ճանըմ։
ԱՆԱՀԻՏ—
(
Անակնկալօրէն
շփոթած
)
Մեր
Վահրամի՞ն,
հա՛
պէ.
անիկա
չկար
արդէն,
հայրիկ։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ինչպէս
չկար։
Լաւ
կը
յիշեմ.
ես
ձեռքովս
քեզի
տուի
որ
պահես։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Չի
կայ,
հայրիկ
չի
կայ։
Այրեցի
կարծեմ
անիկա։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Այրած
չես,
ես
ետքէն
տեսայ
պահուելիքներուն
մէջ։
Գնա,
լաւ
փնտռէ։
Գտիր
ու
բեր։
(
Անահիտ
դուրս
կ՚ելլէ,
յայտնապէս
խռոված
)։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
(
Որուն
աչքէն
չէ
վրիպած
այդ
խռովքը
)։
Ինծի
նայէ՛,
ասանկ
աղջիկներէն
ալ
կարելի
է
օգտուիլ։
Անոնք
տուն
չես
դներ,
ի՛նչ
գաղտնիքներ
կրնան
ձեռք
ձգել։
Դուն
անիկա
ալ
ձեռք
առ։
Կ՚ըսեն
որ
Պոլսոյ
մէջ
փախստական
տղաքը
պահողները
ատանկ
հարուստի
աղջիկներ
են։
Ոստիկանութիւնը
ատոր
ալ
հոտը
առած
է։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Մեր
աղջիկը,
աղէկ
որ
հայերէն
ալ
չիյտէ։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Հա՛.
Անահիտին
համար
չէ
խօսքս։
Բայց
կարելի
է
բաներ
մը
իմացած
կ՚ըլլայ։
Նայէ
որ
պարապը
չանցնի։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Անպատճառ
մարդ
կ՚ուզես
դուն
հիմա։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Գիտես
այդպէս
ըլլալը,
ինչո՛ւ
նորէն
կը
հարցնես։
Քու
հանգիստիդ
կ՚աշխատիմ։
Եղբայր,
ամէն
բան
չեմ
կրնար
ըսել։
Ես
անոնց
մէջն
եմ։
Ով
գիտէ
ինչ
կ՚ըլլայ
ինչ
չրլար։
Վաղը
միւս
օր
Պոլիսն
ալ
աքսորեն
եթէ,
այն
ատեն
ինչ
պիտի
ընես։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ամէնուն
ինչ
որ
է,
ինծի
ալ
անանկ
ըլլայ
պիտի։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Խե՛նդ,
ամէնը,
գիտե՞ս,
ի՞նչ
պիտի
ըլլան։
Տակաւին
կէս
ճամբան
կնիկներէն
պիտի
զատուին
մարդերը
ու
ձեռքերնին
կապ
ոչխարի
պէս
մորթուին
պիտի։
Ի՞նչ
կը
դողաս։
Նորէն
մորթուիլը
աժան
ազատիլն
է։
Թուրքերը
կը
պատմեն,
ներսէն
եկողները
անոնք
ինծի
առջի
բերան
թուրք
կը
կարծեն։
Բերան
չառնուելիք
բաներ
կ՚ըսեն։
Գոցենք
առ
երեսը։
Լաւագոյնը
հիմակուընէ
պաշտպանելն
է։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Քանի
մը
Հոգի
Կէտիկ–փաշայէն
տաճկըցան...
։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Տաճկընալ։
Տասնոց
չըներ։
Բոլոր
տաճկըցողներն
ալ
պիտի
աքսորուին։
Թուրքը
մեզի
չափ
խելք
ունի։
Մէկ
միջոց
կայ
հոս
մնալու:
Ադ
ալ
ես
իրենցմէ
լսած
եմ։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Որն
է
ադ
միջոցը։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Ըսա՛ծս,
ըսա՛ծս։
Կառավարութեան
առջեւ
հաւատարիմ
երեւնալու
համար
ուրիշ
ճամբայց
չկայ։
Ես
առջի
իրկուն
Շիշլիի
կողմէ
եօթանասուն
տուն
մէկէն
կոխել
տուի։
Մէկ
գիշերուան
մէջ։
Ատանկ
բարեկամի,
ազգակիցի
համար
մտածելու
օրեր,
չեն։
Առաջ
քու
կաշի՛դ.
հազար
է
կ՚ըսեմ
քեզի։
Մատնիչ
պիտի
ըսեն
եղեր։
Դուն
ի՛նչ
վախ
ունիս։
Վաղը
եթէ
թուրքերը
յաղթող
ըլլան,
հանգիստ
հանգիստ
կը
վայելես
հարստութիւնդ։
Եթէ
յաղթուին
ալ,
նորէն
վախնալիք
չունիս։
Չէ՞
որ
դրամը
կայ։
Անոր
ըրածը
Աստուածն
ալ
չըներ։
Կու
տաս
քանի
մը
հազար
ոսկի.
քանի
մը
տեղ
մեծ
մեծ
կու
լաս,
կ՚ըլլաս
կատարեալ
հայրենասէր:
Ատանկ
փլաններ
ես
շատ
գիտեմ։
Սո՞ւտ
են
ըսածներս։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Չէ՛,
իրաւ
ալ
են։
(
Կը
մտնէ
Անահիտ
):
ԱՆԱՀԻՏ
—
(
Լուսանկարներուն
տրցակը
դնելով
առջին
)
Հայրիկ,
տրցակը
ամբողջ
բերի,
դուն
նայէ,
ես
չգտայ
(
Դուրս
կ՚ելլայ
)։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
(
Կը
քննէ
ուշադրութեամբ,
յետոյ
մէկ
կողմ
կը
դնէ
)
Չի
կայ
եղբայր։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Ինչ
որ
է.
դուն
փնտռէ
նորէն։
Նայէ՛,
կ՚ուզես
մէկ
անգամէն
մաս
մաքուր
կը
դառնաս։
Աս
տղուն
հետքը
գտար
մը,
կը
բաւէ։
Ես
քեզի
պաշտօնապէս
անոնց
մարդը
կ՚արձանագրեմ։
Մի
մոռնար
ըսածներս։
Ասանկ
գաղտնիքներու
մէջ
աղջիկները
մատ
ունին։
Դրամ
տուր
անոնց,
առանց
գիտնալու։
Թող
ողորմութիւն
բաժնեն,
կամաց
կամաց
վստահութիւն
կը
շահին,
ու
օր
մըն
ալ
կծիկը
ձեռք
կ՚անցնեն։
Կըմբռնե՞ս։
Վարպետ
եղիր,
վարպետ։
Այդ
ահագին
հարստութիւնը
պէտք
է
վայելելու
ատեն
ունենաս։
Պոլիսը
երբ
ըլլայ
աքսորեն
պիտի։
Շուտ
շարժէ։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Այդպէսով
մարդ
կ՚ազատի՞։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Սըւոր
ըսածին
նայէ։
Դուն
ինծի
չափ
գիտես։
Ամէն
քաղաքի
մէջ
կառավարութեան
հաւատարմօրէն
ծառայողները
մնացին։
Անոնց
թելին
դպող
չեղաւ։
Բայց
մարդիկը
այնքան
աշխատեցան։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Իրա՞ւ
է
որ
Պոլիսը
աքսորեն
պիտի։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Ինչ
տարօրինակ
մարդ
ես։
Եղբայր,
չըրի՞ն։
Այս
շաբթու
Գալթալը
ճամբու
է
արդէն։
Վաղ
գիշեր
կ՚իմանաս։
Մինչեւ
որ
կարգը
Բերային
գայ,
դուն
գլխուդ
ճարը
նայէ։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
(
Յուզուած
)
Ինչ
ընեմ։
Բոլոր
ուզածնին
տուի,
ալ
ինչ
կայ
քովս։
ՍՈՒՔԻԱՍ
—
Բոլոր
առածնին
իրենցն
է
արդէն։
Ատիկա
չէ
որ
կ՚ուզեն։
Դուն
իմ
ըսածս
մասունքի
տեղ
բռնէ։
Գէշ
գայ
եթէ,
ինծի
թող
գայ։
Ես
կ՚երթամ։
Անպատճառ
յոյս
ունիմ
որ
տղուն
հետքը
կը
գտնենք։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Կ՚աշխատիմ։
Պիտի
աշխատիմ։
(
Սուքիաս
կը
մեկնի
)։
Ինչ
մարդ
է
աս
Մուխթարը։
Ուրկէ
ալ
գիտէ
ամէն
ըլլալիքները։
Բայց
որքան
իրաւունք
ունի։
Պոլիսը
պիտի
աքսորեն,
կ՚ըսէ։
Չըլլալիք
է։
Ինչպէս
չէ։
Թէքիր
տաղը,
Էտիրնէն
պարպելէն
ետքր։
Ու
որմէ
պիտի
վախնան
թուրքերը։
Չէ,
իրաւունք
ունի։
Պէտք
է
բան
մը
ընել։
Պէտք
է
օձիքը
ազատել։
Բայց
ի՛նչպէս։
Ուրկէ
գտնեմ
ադ
շան
զաւակին
հետքը։
Քիչ
առաջ
կը
մեղքնայի
կոր։
Հիմա
ձեռքովս
կը
յանձնեմ,
խաչ
վկայ։
Թող
մէկ
հոգին
վրայ
երթայ,
իմ
ընտանիքս
ազատի։
Իմ
հարստութի՜ւնս։
Եթէ
ասանկ
շարունակուի
պատերազմը,
միլիոններ
կան
ծայրը,
միլիոններ։
Անահիտը
կանչեմ,
ամէնէն
առաջ
լուսանկարը
մէջտեղ
հանել
տամ:
Արդէն
Անահիտը
առանց
գիտնալու
կ՚աշխատի:
Անիկա
հիմա
դրամներր
տուած
տեղերը
լաւ
կը
քննէ։
Ես
ալ
վարպետութիւնով
մը
կը
հասկնամ։
Դրամը
ինչեր
չըներ։
Անահի՛տ։
ԱՆԱՀԻՏ
—
(
Դուրսէն
)
Հայրիկ։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Եկուր
աղջիկս։
Իրա՛ւ,
լուսանկարը
գտա՞ր։
ԱՆԱՀԻՏ
—
(
Ջանալով
անտարբեր
մնալ
)
Ո՛չ,
հայրիկ։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ինչպէս
ո՛չ։
Ես
աղէկը
գիտեմ։
Տակաւին
շաբաթ
մը
առաջ
ես
տեսայ
անիկա
քու
սենեակիդ
մէջ։
ԱՆԱՀԻՏ
—
(
Անկարող
իր
յուզումը
պարտակելու
)
Երբ։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ինչո՞ւ
ատանկ
իրար
անցար։
Անցած
շաբթու։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Կարելի
է։
Ի՛նչ
պիտի
կենայ։
Տեղ
մը
ինկած
ըլլալու
է։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Փնտռէ,
գտիր
աղջիկս։
Անպատճառ
պէտք
է
ինծի
ադ
լուսանկարը։
Քիչ
մը
աւելի
մօտ
եկուր։
Խօսինք
քիչ
մը։
Աղքատներուն
կանունաւոր
կերպով
շաբթական
կու
տա՞ս
կոր։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Այո՛։
Հայրիկ
շաբաթ
մը
կայ
որ
ամէնն
ալ
կրկինը
կ՚առնեն։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Նորէն
տուր,
միշտ
տուր։
Պատերազմ
է։
Անօթի
մեռնողներ
կան
կ՚ըսուի։
Պատառ
մը
հացը
մարդուն
հոգիին
դէմ
կու
գայ։
Այսօրունէ
նորէն
մեծկակ
դրամ
մը
կը
տրամադրեմ
քեզի։
ԱՆԱՀԻՏ
—
(
Ուշադրութեամբ
)
Ի՛նչ
գումար։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Չափը
չիկայ։
Որքան
որ
ուզես։
Նայէ՛,
փնտռէ
անկիւնը
մնացող
անպաշտպաններ,
այրիներ,
պահուողներ
կրնան
ըլլալ։
ԱՆԱՀԻՏ
—
(
Մէկէն
ցնցուած
)
Ի՞նչ:
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ի՞նչ
եղար
մէկէն։
Ինչո՞ւ
ցնցուե
Մար։
Գէշ
բան
մը
չըսի,
պահուողներ
կան,
ամէնքս
ալ
գիտենք,
զինուորական
փախստական
կամ
սանկ
նանկ
մարդեր։
Մէկը
օրինակի
համար
մեր
Վահրամը։
ԱՆԱՀԻՏ
—
(
Սաստիկ
յուզուած
)
Մեր
Վահրա՛մը։
Պահուա՞ծ
է
որ
անիկա։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Կարելի
է։
Զինուոր
պիտի
երթար,
Պէտէլի
դրամ
ուզեց։
Չտուի,
հարկաւ
պահուած
ըլլալու
է։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Ինչո՛ւս
պէտք։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ինչուս
պէտքով
չըլլար։
Դուք
աղջիկներդ
աւելի
սիրտ
ունենալու
էք։
Ես
քու
տեղի
ըլլայի
կը
հատնէի,
կը
փնտռէի,
անոր
դրամ
կը
հասցնէի։
Թող
ազատի
խեղճր,
երբ
ըլլայ
գործի
տղայ
է,
պարտքը
կը
վճարէ։
Բայց
այդ
դրամը
ես
ետ
չեմ
ուզեր
եա։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Ով
գիտէ
որ
ծակը
մտած
է.
Հայրիկ,
Սկիւտարը
ո՜ւր,
Բերան
ո՜ւր։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Չէ,
չէ,
անիկա
Սկիւտար
չէ։
Անիկա
Բերա
է։
Հետաքրքրուէ
գտիր
մինակ
Վահրամին
համար
չէ։
Ամէնուն
համար
ձեռքդ
բաց
պահէ,
տո՛ւր,
տո՛ւր,
թուրքին
դրամն
է։
Անկէ
կը
գողնամ,
աղջիկս,
որքան
կրնաս,
տուր։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Շատ
լաւ,
հայրիկ։
Որքան
ուզեմ,
կրնա՞մ
առնել։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
(
Ոտքի
ելլելով
)
Այո',
բայց
մի
մոռնար։
Աւելի
պահուած
տղաքը
նկատի
ունեցիր։
ԱՆԱՀԻՏ
—
(
Միշտ
այլայլած
)
Պահուած
տղոց
եւայլն
չեմ
գիտեր։
Բայց
շատ
մը
աքսորուածներու
կիներ
կան,
ատոնց
զաւակները
երեսի
վրայ
կը
մնան։
Անոնց
օգտակար
կ՚ըլլամ:
ՍԱՐԱՖԵԱՆ—
Լա՛ւ
լա՛ւ,
տէ
ատանկ։
Մտիր
մէջերնին,
հարց
ու
փորձ
ըրէ։
Վերջապէս
աղջիկս,
հայրիկդ
դժբախտ
է։
Հայրիկդ
կը
վախնայ։
Աշխատէ
անոր
կեանքին
ու
հոգիին
համար
ալ։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Ի՞նչ
ըսիր,
չեմ
հասկնար
կոր։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Կը
հասկնաս։
Կը
հասկնաս։
Ողորմութիւնը
դէմ
կու
գայ
բոլոր
փորձանքներուն։
Է,
դուն
հիմա
գնա՛.
ես
երբ
պէտք
ունենամ,
կը
կանչեմ
քեզի
նորէն
(
Անահիտ
դուրս
կ՚ելլայ
)։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Աս
աղջկան
չեմ
հանիր
կոր։
Կարծես
բան
մը
ունի։
Ով
գիտէ։
Թերեւս
Սուքիաս
Էֆէնտին
լաւ
կը
խորհի։
(
Կը
կենայ
)
Բայց։
Պէտք
է
անպատճառ
մէկը
գտնել։
(
Զանգակը
կը
զարնէ
)
Վարպետն
ալ
կանչեմ,
սիրտը
բուխ
մարդ
է։
Անոնց
մէջը
շատ
կը
մտնայ
կ՚ելլայ։
Կարելի
է
գաղտնիքներ
ալ
ունի։
ԱՆԱՀԻՏ
—
(
Դուրսէն
)
Հայրիկ։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Վարպետը
կանչէ
աղջիկս։
Անկէ
ալ
բաներ
մը
կը
հասկնանք։
(
Կը
հանէ
գրպանէն
լրագիր
մը,
կը
կարդայ
քիչ
մը,
ակնոցը
շտկելով
ու
շտկելով։
Ներս
կը
մտնէ
Վարպետը
)։
Եկա՞ր։
Ինծի
նայէ։
Քեզի
ալ
ըսեմ
ինչ
որ
ըսի
աղջկան։
Ես
մեղքէ
վախցող
մարդ
եմ։
Ձեր
թաղին
մէջ,
ըսէ
կնկանդ,
ատանկ
աքսորուողներու,
անտէր,
անտիրական
ընկածներու
ետեւէն
ըլլայ։
Ամէն
շաբթու
անոնց
դրամ
բաժնեմ
պիտի։
ԽՈՀԱՐԱՐ
—
(
Թեթեւ
մը
ծամածռելով
)
Աղէկ,
Էֆէնտի,
աղէք։
Մեր
կնիկ
ինչպէս
գիտնայ
ատանկ
բաներ։
ՄԱՐԱՖԵԱՆ
—
Չըսի
որ
գիտէ։
Թող
գիտնայ։
Վարձք
է։
Նայէ,
լրագրին
մէջ
անօթի
մեռնողներ
կը
գրուին
կոր։
ԽՈՀԱՐԱՐ
—
Ըսեմ
Էֆէնտի,
ըսեմ։
Վարձքդ
բարին
ընդունական
ըլլայ։
Աստուած
կը
տեսնայ
մեր
սիրտը։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
(
Ցնցուած
)
Աստուած
կը
տեսնայ
մեր
սի՛րտը։
Ինչ
կ՚ըսես
վարպետ։
ԽՈՀԱՐԱՐ
—
Հարկաւ,
Էֆէնտի,
Անիկա
կը
կարդալ
մարդուն
սիրտը
իւղոտած
թուղթի
պէս։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ադ
աղէկ
ըսիր,
Վարպետ։
Աստուած
կը
տեսնայ
մեր
սիրտը
եթէ
անդին
ուրիշ
գործ
չունենայ։
ԽՈՀԱՐԱՐ
—
Մի
ըսեր
ատանկ,
մի
ըսեր,
մեղք
է։
Ես
անոր
ուժին
մեռնիմ։
Ան
գիտէ։
Աս
տարի
քիչ
մը
սրդողած
եմ
հետը,
բայց
հոգ
չէ։
Ան
մերն
է
նորէն։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ձգէ
սա
Աստուածդ։
Դուն
բարիք
ընելը
մի
մոռնար։
Ամէն
ատենի
համար
իմ
քասաս
բաց
է
ադոնց։
ԽՈՀԱՐԱՐ
—
Աստուած
ընդունական
ընէ,
Աստուած
ընդունական
ընէ։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Բայց
նայէ
որ
աժէմին
չաժէմին
կոկորդը
չանցնի
դրամը։
Ես
կ՚ուզեմ
որ
ամէնէն
շատը
օգտուին
աքսորուածներուն
ընտանիքները
եւ
փախս…
ԽՈՀԱՐԱՐ
—
(
Ցնցուելով
ու
աչքերը
լայն
բացած
)
Մեղք
է
Էֆէնտի,
մեղք
է,
մարդ
զատելը։
Աղէկ
չէ։
Աստուած
չի
սիրեր
ատանկ
ողորմութիւնը։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Վարպե՛տ։
Անանկ
կը
խօսիս
որ
լսողը
Աստուածը
հօրեղբայրդ
կարծէ։
ԽՈՀԱՐԱՐ
—
Ես
իմ
գիտցածս
կ՚ըսեմ։
Դուն
քու
ուզածդ
կ՚ընես։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Մտիկ
ըրէ։
Աքսորուածներուն
կնիկները
եւ
դեռ
Պոլիս
մնացող
փախստականները:
ԽՈՀԱՐԱՐ
—
Փախստականնե՞րը։
Ով
են
որ
ատոնք։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ինչ
հաստ,
չհասկցող
մարդ
եղար,
քանի
գացիր,
գիտե՞ս։
Փախստականներ։
Մարդու
պէս
փախստականներ։
Ո՛ւր
է
գոց
վարագոյրով
մինչեւ
իրկուն
սենեակ
մը
կը
նստին,
բոլիսներէն
կը
պահուին։
Ատ
մարդիկը։
Ով
գիտէ
քանի
հատին
ամէն
օր
մէկ
երկու
ժամ
Հայաստանի
վրայ
պօլ
պօլ
կը
ջարդ
էք։
ԽՈՀԱՐԱՐ
—
Վերն
Աստուած
կայ։
Ան
գիտէ
ատանկ
բաները։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ադ
մարդերուն
է
որ
առատ
դրամ
պիտի
տայ։
ԽՈՀԱՐԱՐ
—
Տանք
տանք,
թէ
որ
առնող
ըլլայ։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Առ
քեզի
խենդի
խօսք
մըն
ալ։
Պատրաստ
դրամը
ո՞վ
չուզեր։
ԽՈՀԱՐԱՐ
—
Հիմակուան
դրամները
աղտոտ
են
Էֆէնտի։
Մատերուն
մուրը
կը
պլշկի։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Խենդեցա՞ր,
ինչ
ըրիր։
Դրամին
աղտոտը
կ՚ըլլա՞յ։
ԽՈՀԱՐԱՐ
—
Ամէնէն
շատ
անորը
կ՚ըլլայ։
Հիմակուաննե՞րը։
Թուղթ
ալ
են,
մարդուն
սիրտը
կը
խառնուի
մատըտուած
ատենը։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ—
Վարպետ,
ա՛տ
ինչ
բարակութիւն
է։
ԽՈՀԱՐԱՐ
—
Աղա,
շատերուն
մատները
բարակ
են,
շատերուն
սիրտը։
Աստուած
քու
սրտիդ
չափ՝
քեզի։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
(
Խիստ
)
Աս
խօսակցութեան
մէջ
տիլէ
որ
Աստուածդ
կանչես։
ԽՈՀԱՐԱՐ
—
Առանց
անոր
տերեւ
չի
շարժիր։
Անիկա
չենք
կանչեր։
Հոս
է
ու
քենէ
լաւ
գիտէ
քու
հոգիդ։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Կարճ
ըրէ.
կարճ.
դուն
կնկանդ
ալ
կ՚ըսես,
թող
պտտի,
ստուգէ
ու
դրամները
ճիշդ
արժած
տեղը
հասցնէ։
Ի՛նչ
լուր
կայ
Ակոբէն։
ԽՈՀԱՐԱՐ
—
Լուրը
դուն
գիտես։
Երէկ
քշեր
են։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ի՛նչէն
պիտի
գիտնամ։
ԽՈՀԱՐԱՐ
—
Մուխթարը
քեզի
ըսած
ըլլալու
է։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
(
Կրակ
կտրած
)
Մուխթարը
պապայիս
տղան
է։
Ան
ինչ
գիտէ՝
ես
ինչ
գիտնամ։
Ես
իմ
կաշիէս
կը
դողամ։
Ինչ
կրնայի
ընել։
Գիտեմ
մտքէդ
անցածը։
Բայց
ատանկ
չէ
սագին
ոտքը։
Ամէն
մարդ
հիմա
իր
գլխուն
ճարը
նայելու
է։
Անանկ
օրեր
են։
Բախտ
է
նորէն
որ
դուրսէն
բռներ
են։
Տունին
համար
ինչ
ամօթ
պիտի
ըլլար։
ԽՈՀԱՐԱՐ
—
Հա՛,
հա,
ատ
մէկը
շատ
շիտակ
լսիր։
Մենծ
ամօթ
է
տունին
համար։
Ատանկ
բոլիս
մտնէ,
ելլէ.
մարդ
կապէ,
տանէ՛։
Չի
վայլեր
քու
փառքիդ։
Մենծ
ամօթ
է։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Քարո՞զ
կու
տաս,
ի՛նչ
կ՚ընես։
Ամօթը
ինչ
է,
ինչ
ըսել
կ՚ուզես։
ԽՈՀԱՐԱՐ
—
Վարդապետ
չեմ։
Իմ
քարոզ
տալս
ինչ
ըլլայ
պիտի,
դուն
ըսիր,
ամօթ
է
որ
բոլիս
տուն
մտնէ։
Ինծի
երբ
հարցնես,
մեծ
ամօթ
է։
Տուն
բոլիս
մտնէ,
մարդ
կապէ,
տանի։
Ազգի
ու
պատիւի
դէմ
բան
է։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ինչ
ըսել
է
ադ.
ինչ
ըսել
կ՚ուզե՛ս։
Մարդու
պէս
չխօսի՞ս։
ԽՈՀԱՐԱՐ
—
Է՛,
չխօսիմ։
Մտիկ
կ՚ընեմ։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Տէ,
կորսուէ
գործիդ։
Լեզուդ
կառավարել
սորվէ
(
Վարպետը
կը
մեկնի
)։
(
Սաստիկ
գրգռուած
)
Աս
ալ
ապրի՞լ
է.
բոլոր
խօսքերէն
մէջէն
ասեղներ
կը
փրթին,
ասեղներ։
Մարդ
սատկի
աւելի
աղէկ
չէ՞։
(
Կը
մտածէ
)
Է՜,
մինակ
ես
չեմ
աս
Պոլիսին
մէջ։
Սուքիասը
որքան
շատ
անուններ
գիտէ։
Թէ
Վարպետին
թէ
Անահիտին
լեզուին
չհանեցայ։
Հետապնդեմ
պիտի
(
Կը
կենայ
ժամացոյցը
կը
հանէ
)։
O',
ժամը
տասը
կ՚անցնի
(
Զանգակը
զարնելով
)
Հիմա
ով
գիտէ
որքան
պիտի
բարկանայ
ուշանալնուս
(
Դուռը
կը
զարնեն
)
Մտէք
(
կը
մտնէ
Անահիտ
)։
Մամադ
պատրա՞ստ
է։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Այո՛։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Վարպետը
ինծի
կանչէ
(
Անահիտը
դուրս
կ՚ելլէ։
Սարաֆեան
կը
ժողվըտէ
թերթերը,
գորգին
ծալքերը
կը
շտկէ
եւ
մէկէն
)
Բայց
պարտականութիւն
է,
Էֆէնտիմ,
պարտականութիւն։
Ազգին
տունը
աւրողները
պէտք
է
որ
իրենց
պատիժը
կրեն։
Պէտք
է
որ
ամէնն
ալ
ադ
յեղափոխական
ըսուած
կարիճները
պատժուին։
Այսքան
արիւն
անոնց
վիզին
է։
Թո՛ւրքը
ինչ
ըրած
ունի
որ։
Քիչ
մը
խիստ
է
եղեր։
Թող
գործածէին
Էֆէնտիմ,
թող
գործածէին։
Որերնիս
չհարստացանք։
(
Դուռը
կը
զարնեն
)։
Մտէք
(
կը
մտնէ
Վարպետը
)
Ինծի
նայէ՛,
այս
գիշեր
մենք
թատրոն
պիտի
երթանք
Սրբուհիին
հետ։
Անահիտը
պիտի
մնայ։
Սրահին
լոյսերը
չմարեք:
Դուն
ալ
կանուխ
մի
պառկիր,
աղջիկը
չվախնայ։
Մինչեւ
գալերնիս
կը
խօսիք։
Վարի
դուռին
ետեւէն
ալ
սիւրմէն
չըդնես։
Հասկցա՞ր։
Վեր
վար
պտտէ։
Գողերը
շատցած
են։
ԽՈՀԱՐԱՐ
—
Շատ
աղէկ։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ես
կ՚երթամ։
Աղջիկը
կանչէ։
Քունի
չերթաք,
տէ
տունը
պարապ
ձգէք։
ԽՈՀԱՐԱՐ
—
Անհոգ
եղիր,
աղա,
թարթիչ
չեմ
գոցեր
(
կը
մտնէ
Անահիտ
)։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Մամադ
վար
իջա՞ւ։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Փողոցին
դուռն
ալ
բացեր
է։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Աղէկ,
աղէկ.
վարպետին
հետ
կը
նստիք,
մինչեւ
մենք
գանք։
(
Դուրս
կ՚ելլէ
)։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Ինչ
լա՛ւ,
Վարպետ,
ինչ
լաւ։
ԽՈՀԱՐԱՐ
—
Ինչո՞ւ։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Ալ
ինչուն
կա՞յ։
Վահրամը
կը
բերենք
վեր,
տունը
կը
պտտցնենք,
կը
խօսինք։
ԽՈՀԱՐԱՐ
—
Եթէ
փորձանք
գա՛յ։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Դուն
ալ,
մէկէն
փորձանքը
կը
դնես
մէջտեղ։
Բերանդ
բարի
բաց։
ԽՈՀԱՐԱՐ
—
Ով
գիտէ։
Ես
վախկոտ
եմ
տղուն
համար։
Ան
պատուհաններէն
անգամ
կը
քաշուէր
մերը
եղած
ատենը։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Հոն
ուրիշ,
հոս
ուրիշ։
Մեր
վարագոյրները
գորգի
պէս
հաստ
են։
ԽՈՀԱՐԱՐ
—
Փորձանքը
որ
գայ,
թուղթէն
ալ
կ՚անցնի,
գորգէն
ալ,
ապակիէ
անցածի
պէս։
Հա,
դուռը
գոցուեցաւ։
Մինչեւ
հիմա
ինչ
կ՚ընէին
հոն։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Ի՛նչ
կասկածոտ
եղեր
ես։
Հարկաւ
վարը
կը
շտկէին
կոր
վրաննին
քիչ
մը։
Հիմա
կեցիր
երթամ
Վահրամը
բերեմ
(
Կ՚ուզէ
դուրս
երթալ
)։
ԽՈՀԱՐԱՐ
—
Կեցիր,
հեղ
մը`
ականջ
տուր
չորս
դին:
Է՛,
ով
գիտէ,
ամէն
բան
կարելի
է
աս
տունին
մէջ։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Ինչո՞ւ
կը
վախցնես։
ԽՈՀԱՐԱՐ—
Կ՚ուզեմ
որ
վախնաս։
Տղու
պէս
մի
խօսիր։
Կ՚ըսեմ
նայէ,
մտիկ
ըրէ։
Աշխարհքը
խելքէ
չանցած
բաներ
կը
կատարուին
կոր
հիմա։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Ես
կ՚երթամ
բերելու,
տուր
բանալին։
ԽՈՀԱՐԱՐ
—
(
Բանալին
տալու
ատեն
)։
Չեմ
գիտեր
ինչո՛ւ
կը
դողան
մատներս։
Գէշ
նշան
է
ասի։
Անահիտ,
լաւ
նայէ։
Պատուհաններուն
առջեւէն
տղան
ծռելով
անցուր:
ԱՆԱՀԻՏ
—
Աս
ինչ
վախ,
աս
ինչ
վախ,
Վարպե՛տ։
Քեզ
ասա՞նկ
տեսնէի
պիտի
(
Կը
նետուի
դուրս
)։
ԽՈՀԱՐԱՐ
—
(
Կը
պտտի,
աթոռներուն
տեղը
կը
փոխէ,
կը
հանէ
գոգնոցը:
Հայելիին
դէմ
երբ
կու
գայ
)
Մազերս
ալ
բամպակ
են
դարձեր։
Ով
գիտէ
որ
օրը
կռնակս
գետին
պիտի
զարնեմ։
Հէ՛,
եկանք,
կերթանք
կոր։
Ինչ
հասկցար
երբ
հարցնես,
երկու
բառ
չեմ
կրնար
քով
քովի
բերել։
Չոր
կնիկ
մը,
ան
ալ
ինծի
պէս
պոզերը
կապած,
կը
սպասէ
որ
կանչեն։
Ախ,
սա
տղան
ողջ
առողջ
հանէի
սա
տունէն,
աչքս
ետեւ
չեմ
մեռնիր։
Զաւակ
չունեցողը
քար
սիրտ
կ՚ըլլայ
կ՚ըսեն։
Սո՛ւտ
է
ադ
խօսքը
(
Վարի
սանդուխներու
վրայէն
աղմուկ
)։
Կու
գան
հիմա։
Տէր
չար
աչքերէն
պահէ
երկուքն
ալ։
Ինձ
աղուոր
կը
վայլե՛ն
իրարու։
Ես
պարապ
տեղը
աչք
չեմ
գոցեր
անոնց
սիրուըտուքին։
Մեղք
եթէ
կայ
թող
Աստուած
վրաս
գրէ։
Յիսուսի
չափ`
սուրբ
է
իմ
տղաս
(
Դուռը
կը
բացուի
ուժգին
եւ
թեւ
թեւի
կ՚երեւան
Անահիտ
ու
Վահրամ
)։
Կեցէք
քիչ
մը
հոդ,
դուռին
մէջ,
նայիմ
վրաննիդ։
Ես
ալ
զաւակ
չունիմ
չ՚ըսեմ։
Զատկի
նարօտ
չկապեցի
չ՚ըսեմ։
Ինչ
աղուոր
կ՚երթաք
իրարու։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Իրա՞ւ
Վարպե՛տ,
մենք
կը
վայլե՞նք
իրարու:
ԽՈՀԱՐԱՐ
—
Տէրտէր
ըլլայի,
հիմա
կը
կարդայի
ձեր
գլխուն։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Ինչո՛վ
պակաս
ես
տէրտէրներէն։
ԽՈՀԱՐԱՐ—
Ատանկ
անհաւատ
խօսքեր
մի
ըներ։
Տէրը
Աստուծոյ
մարդն
է,
անոր
կարդալը…
ՎԱՀՐԱՄ
—
Անոր
կարդալը
ուրիշ
բան
է,
չէ՞,
Վարպետ։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Գիտնաս
Վահրամ.
ձգէ
ատոնք
հիմա։
Այսօր
ինչե՜ր
պատահեցան։
ՎԱՀՐԱՄ
—
(
Սաստիկ
լարուած
)
Ինչե՛ր։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Սուքիաս
Էֆէնտին
լուսանկարդ
ուզեց։
ՎԱՀՐԱՄ—
(
Չափազանց
յուզուած
)
Ի՞մ։
Ի՞մ
լուսանկարս։
Բայց
ինչէն
գիտէ
որ
ես
լուսանկար
ունիմ։
Դուն
ի՞նչ
ըսիր։
Տուի՞ր։
Ինչո՞ւ
չես
խօսիր,
տուի՞ր։
Քեզի
կ՚ըսեմ,
չե՞ս
իմանար։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Ատ
ինչ
եղար
մէկէն
մէկ։
Ինչո՞ւ
այդքան
իրար
անցար։
Գիտես
որ
քիչ
մը
մտիկ
ըրած
եմ
ձեր
պատմութիւնները։
Ականջս
ծակ
էր։
Ըսի
թէ
կորսուած
է։
ՎԱՀՐԱՄ
—
(
Քիչ
մը
հանդարտած
)
Այո՛,
կարծեցի
թէ
սխալ
մը
ըրած
էիր։
Ինչո՞ւ
կամաց
կը
խօսիս։
Ինչո՞ւ
շուտ
չես
պատասխաններ,
երբ
հարցը
այնքան
տագնապոտ
է։
Դուք
գիտես
թէ
լուսանկարները
ինչ
կ՚ընեն
անոնք։
ԽՈՀԱՐԱՐ
—
Տղա՛ս,
ատանկ
ինչու
տակն
ու
վրայ
կ՚ըլլաս։
ՎԱՀՐԱՄ
—
(
Առանց
պատասխան
տալու
անոր
)
Ուրիշ
ինչեր
ըսաւ
ադ
մարդը։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Չեմ
յիշեր.
լաւ
մտիկ
չըրի
արդէն։
Սիրտըս
այնքան
տակն
ու
վրայ
էր
որ
վախցայ
որ
կ՚իյնամ։
Հազիւ
զսպեցի
ես
ինծի։
ՎԱՀՐԱՄ
—
Լաւ
չես
ըրած։
Պէտք
է
հետեւիս
խօսուածներուն։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Ինչո՛ւս
պէտք։
Հա,
քեզի
ուրիշ
լուր
մը։
Ասոր
պիտի
ուրախանաս։
Գուշակէ
նայիմ։
Տէ՛,
ինչո՞ւ
կռուողի
պէս
կը
կենաս։
Չգուշակե՞ս:
Չըսեմ
պիտի։
Նայեցէ՛ք`
ինչ
խորունկ
խորունկ
կը
նայիս`
չէ,
չէ,
կը
վախնամ,
մի
ճակատդ
ատանկ
կնճռոտեր։
Կ՚ըսեմ,
կ՚ըսեմ։
ՎԱՀՐԱՄ
—
Ինչ
զուարթ
շատախօսութիւն
է
ատիկա։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Շատախօսը
դուն
ես։
Քեզի
ուզածիդ
չափ
դրամ։
ՎԱՀՐԱՄ
—
(
Ցնցուած
)
Դրամ։
Ուրկէ՞։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Մի
վախնար,
հայրիկս
է
որ
կը
տրամադրէ։
Աքսորուածներու
ընտանիքներուն
պիտի
բաժնուի։
ՎԱՀՐԱՄ
—
(
Քիչ
մը
մտածելով
ու
շատ
լուրջ
)
Ըսէ
ինծի՛.
հայրդ
ե՛րբ
ըրաւ
այդ
առաջարկը։
Սուքիաս
Էֆէնտին
քո՞վն
էր։
Անոր
երթալէն
ե՞տքն
էր
թէ
ան
չեկած։
ԽՈՀԱՐԱՐ
—
Հա՛,
ինծի
ալ
ըսաւ
ատանկ
բան
մը։
Դրամ
կու
տայ
կոր։
Աշխարհքին
երեսը
մեծ
հրաշք
մը
կը
կատարուի
ըսի
ես
ինծի։
Ուրկէ՛
ուր։
Ձեռքէն
գայ
արեւն
անգամ
դրամով
կը
ծախէ
ան
մարդը։
Ինչպէս
եղաւ,
զարմանալի
է։
ՎԱՀՐԱՄ
—
Երբ
ըսաւ,
Վարպետ։
ԽՈՀԱՐԱՐ
—
Սուքիաս
ըսուած
շան
զաւկին
երթալէն
ետքը։
ՎԱՀՐԱՄ
—
(
Անահիտին
)
Քեզի՞
ալ
նոյն
ատենը։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Այո՛։
ՎԱՀՐԱՄ
—
Անահիտ,
դաւ
կայ։
Դաւ
կայ
այս
դրամին
տակը։
Մանրամասնութիւններ
չի
կա՞յ:
ուրիշ։
Վարպետ,
դուն
աւելի
միտքդ
կը
պահես։
Ուրիշ
ինչե՞ր
ըսաւ։
ԽՈՀԱՐԱՐ—
Լաւ
միտքս
չէ։
Ատանկ,
աքսորուածներէն
մնացողներուն,
հա,
փախստականներուն
համար
ալ
զրուցեց։
ՎԱՀՐԱՄ
—
Փախստականներո՞ւն։
Ինչպէս,
ինչպէս։
Իր
բառերը
չե՞ս
յիշեր։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Ես
կը
յիշեմ։
Այո՛,
կուզէ
որ
փնտռեմ,
հետամուտ
ըլլամ,
գտնելու
համար
անոնցմէ։
ԽՈՀԱՐԱՐ—
Ինծի
ալ
պատուիրեց
որ
մեր
կնիկ
մտնէ
մէջերնին,
փնտռէ՛։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Կեցիր։
Հայրիկս
քու
անունդ
ալ
զրուցեց։
ՎԱՀՐԱՄ
—
(
Հանդարտ
ու
ընկճուած
)
Ես
գիտեմ
ատիկա։
Ես
գիտեմ
որ
քու
հայրդ
պարապ
տեղը
դրամ
չի
խոստանար։
Անահի՛տ,
ինծի
կու
գայ
որ
մատնուած
եմ.
կամ
պիտի
մատնուիմ։
ԱՆԱՀԻՏ
—
(
Խորապէս
վրդովուած
)
Մատնուա՛ծ,
ուրկէ
ուր
Վահրամ։
Ինչ
կապ
կայ
այս
ամէնուն
ու
քու
պահուելուդ
մէջ։
ՎԱՀՐԱՄ
—
(
Դէմը
նայելով,
աչքերը
կէս
մը
խփած
)
Կապերը
շատ
անգամ
չեն
տեսնուիր։
Անոնք
զգալու
համար
մարդ
իմ
վիճակիս
իջնալու
է։
Ինչո՞ւ
չհետեւեցար
Մուխթարին
խօսքերուն,
ինչո՞ւ։
Ես,
այս
գիշեր
իսկ
պէտք
է
հեռանամ
այս
տունէն։
ԱՆԱՀԻՏ
–
(
Խիստ
նեղուած,
գրեթէ
ջղայնացած
ձայնով
մը
՝
)
Վահրամ,
ինչո՞ւ
տղայ
տղայ
կը
խօսիս։
Ինչպէ՞ս
կրնաս
խորհիլ
որ
մէկը
քու
մասիդ
հոս
գէշ
խորհի։
Մինակնիս
ենք։
Ո՛վ
կրնայ
քեզ
մատնած
ըլլալ։
ՎԱՀՐԱՄ
—
Դուն
չես
գիտեր,
աղջիկ
ու
դուն
տաք
ես։
Բայց
պատերը
աչք
ունին,
պատերը
ականջ
ունին։
Ես
կը
վախնամ,
հիմա
սա
խաչը
թող
հաւատացնէ
քեզ,
փորձանքէն
ասդին,
առաջին
անգամն
է
որ
վախ
կը
մտնէ
սիրտս։
Նոր
բան
է
ասիկա,
բայց
այսպէս
է։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Հապա
ոստիկաններէն
բռնուած
ատենդ։
ՎԱՀՐԱՄ
—
Այն
ատե՞ն,
այն
ատեն
վախը
մեր
մատներուն
ու
մեր
ոտքերուն
մինակ
կը
մօտենայ։
Ատոնց
հետ
գործ
ունենալը,
սուտի
պէս
կու
գայ
մեզի։
Եթէ
յաջողեցար
կաշառել,
ոտքերդ
ողջ
մնան։
Սովորական
ոստիկանները
լաւ
մարդեր
ունին։
Մինչեւ
Միւտիրէյէթ,
կրնայ
բախտը
քեզի
հետ
ըլլալ։
Եթէ
իսկական
անունդ
մէջտեղ
չելաւ,
շատ
ալ
իրար
անցնելու
հարկ
չկայ։
Հոն
գիշեր
մը
կը
պառկիս։
Երկրորդ
առտուն
Հայտար-Փաշա։
ԱՆԱՀԻՏ
—
(
Ընդմիջելով
շատ
արագ
)
Հայտար-Փաշա՛.
Հայրիկը
որքան
կը
վախնայ
ատկէ,
գիտնաս:
ՎԱՀՐԱՄ
—
(
Հեգնելով
)
Հայրիկը
Հայտար-Փաշա-Բէնտէքը
կը
նստի։
Միւսին
համար...
։
Ինչու
կ՚ընդմիջես։
Հայտար-փաշան
կը
նստիս
ու
քեզ
տանող
ոստիկանը
չգիտեր
թէ
ով
ես
դուն։
Կը
նետուիս
անծանօթին
մէջ։
Ու
նորէն
ադ
անծանօթըն
ալ
մեզի
վախ
չի
տար։
Ես
չեմ
վախնար
անկէ։
Բայց
ադ
պզտիկ
աղմուկը
որ
լուսանկարի
մը
ետեւէն
կը
փրթի,
ու
հայրիկիդ
դրա՛մը։
Ատոնք
սոսկալի
են։
Անահիտ,
դուն
չես
գիտեր,
ներսը
ինչ
կ՚ընեն
մարդը։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Ա՛խ,
ի՛նչ
ինչ
կ՚ընեն
հոն։
ՎԱՀՐԱՄ
—
Հարկ
չի
կայ
որ
գիտնաս,
մեզիպէսները
հո՛ն,
Միւտիրէյէթին
ներսը,
իրենց
կեանքին
իլիկը
ամբողջ
կը
քակեն
ու
բարակ
թելով
մը
կը
նետուին
աքսորի
ճամբան։
Այդ
թելն
ալ
դուրսը։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Դիտած
եմ,
Վահրամ,
ամէն
անգամ
որ
մինակ
մնանք,
տխուր
խօսքերով
կ՚անցնենք
մեր
ժամանակը։
Ես
քեզ
պիտի
պտտցնեմ
մեր
տունը։
Նայէ
մեր
նկարները.
ասոնք
հայրիկս
գնած
է։
ՎԱՀՐԱՄ
—
Ես
բնաւ
ալ
սիրտ
չունիմ
ձեր
շքեղու
թիւնը
տեսնելու։
Այդ
նկարները,
ով
գիտէ
ինչ
մեռած
գիներով
տուն
բերած
է։
Բայց
վախը
չերթար
մէջէ՛ս։
Տարօրինակ
է
այս
նախազգացումը։
Ամէնէն
առաջ
ոստիկաններուն
ձեռքէն
ազատած
ատեն
ասանկ
վախ
մը
եկաւ
ինծի։
Բայց
ան
ալ
ասոր
չափ
չէր։
Ասիկա
կ՚ընկճէ
զիս։
Նայէ՛,
քու
շրթունքներդ
անգամ
կը
դողան։
Լոյսն
անգամ
կը
դողայ։
Ես
ալ
կը
դողամ
ինչո՞ւ
այս
վախն
ու
դողը։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Աստուածդ
սիրես,
ձգէ
սա
գիրքի
տղու
թատերականութիւնը։
Գիտես
որ
յուզումները
փոխանցիկ
են։
Ինչո՛ւ
կ՚ուզես
կոր
սխալ
ու
սեւ
տեսնել
անպատճառ։
Կասկածները
մեր
մտքին
էն
վնասակար
հիւրերն
են։
Որքան
շուտ
ճամբենք
անոնք,
այնքան
շատ
կայ։
Յետոյ,
ինչու
այդքան
տարուած
ես
քու
անձովդ։
ՎԱՀՐԱՄ
—
Իմ
անձո՜վս։
Բայց
դու
գիտես
որ
հիմա
ինծի
հետ
կապ
ունին
հարիւրով
հոգիներ։
Դուն
գիտես
թէ
ինչ
դիւցազնական
զոհողութիւնով
գործի
համար
կը
տառապին
այնքան
տղաք,
պատառ
մը
հաց
հասցնելու
համար
մեր
երիտասարդութեան
ամէնէն
դժբախտ
հատուածին,
մեր
փախստական
ու
մահապարտ
երիտասարդութեան։
Աւելին
կայ։
Դուն
գիտես
որ
բոլոր
գացումներուն
տղաքն
ու
կիները,
այս
զարհուրելի
օրերուն,
պէտք
ունին
հոգացուելու,
նպաստաւորուելու։
Դեռ
ուրիշը
կայ։
Դուրսէն
գալիք
նպա՞ստր։
Կը
տեսնես
որ
այնքան
ալ
պզտիկ
մարմին
մը
չէ
աս
դողացող
միսերու
կծիկը։
Ինծի
հետ
տառապողներուն
մեծ
ցանցը
կայ։
Կայ
տակաւին
գիտես,
ամէնէն
նուիրական
պարտքը
որ
մահուան
դուռնէն
ետ
դարձնելու
ուժը
ունի
իր
վրաս։
Անիկա
իմ
ցեղս
կը
դնէ
իմ
վրաս։
Գիտես,
ամէնէն
մեծը
բեռներուն,
պարտքերուն։
(
Գլուխը
ցուցնելով
)
Ատիկա
ազատելու
հարցը:
ԱՆԱՀԻՏ
—
Ախ,
այդ
գլո՛ւխը,
այո։
ՎԱՀՐԱՄ
—
Այս
գլո՛ւխը։
Դիւրին
բան
է
մեռնիլը։
Բայց
մեռնիլ
որո՞ւ
թուրին
տակ։
Գիտե՜ս,
որու
ոտքին
տակը,
գիտես։
Որ
ձեւով։
Գիտե՞ս։
Լաւ
է,
այո՛
իմ
աղուոր
աղջիկս,
որ
ատոնք
մութ
մնան
քեզի։
Ու
դուն
բնական
գտիր
որ
ես
վախնամ
ու
ես
դողում։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Ամէն
օր
այսպէս
չէիր
սակայն։
Գիտես,
ինչ
դիւրին
քեզի
կը
զատկի
սեւ
մտածումին
այս
զառիվայրէն
ու
քեզի
երազներուդ
հովիտը
կը
տանէի…։
ՎԱՀՐԱՄ
—
Այդ
հովիտը։
Մեր
երազները։
Մեր
դժբախտ
ու
մեր
արիւնոտ
երազը:
(
Քիչ
մը
կը
կենայ
)։
Ինծի
կու
գայ
թէ
մեր
յեղափոխութիւնը
աշխարհի
բոլոր
յեղափոխութիւններուն
գերազանցն
է։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Ինչե՜ր
կ՚ըսես։
ՎԱՀՐԱՄ
—
Ախ,
որքան
իրաւունքիս
մէջն
եմ.
որքա՛ն։
Անահիտ։
Աչքիդ
առջեւ
բեր։
Կա՞յ
ազգ
մը
մեզի
չափ
տառապած,
մեզի
չափ
արժանի
սակայն
կեանքերուն
ամէնէն
գեղեցիկին։
Ախ
(
աչքերը
վերցուցած
բայց
ոչ
թատերական
վերացումով
)
դուն
մեր
ցեղը,
մեր
ցեղը։
Եթէ
ինծի
տրուէր
մահէն
ետք
նորէն
գալ
հոս,
դարձեալ
քեզմով
կու
գայի։
Քու
բոլոր
պզտիկութիւններու
վրայէն
անցաւ
կրակներուն
ամէնէն
հզօրը,
ամէնէն
աներեւակայելին
ու
դուն
տուիր
քու,
արիւնդ
առանց
հաշուելու։
Դուն
դարերով
տուիր
անիկա։
Ով
մեր
ցեղը։
Ու
մեր
երազին
բոլոր
քաոսները…
ԱՆԱՀԻՏ
—
Ինչ
վերացնող
բան
կայ
քու
լեզուիդ
մէջ,
քու
աչքերուդ
մէջ։
Ինչ
ուժով
է
քեզ
բռնկցնող
բոցը,
գիտնաս։
Քու
պատկերդ
տակաւին
իմ
մտքիս
մէջ
չշինած
գիտէի
որ
դուն
տարբեր
խմոր
է
էիր,
տարբեր
աստղէ
կու
գայիր,
Վահրամ։
Պարապ
տեղը
ըսուած
չէ
որ
սիրտէ
սիրտ
ճամբան
ապահով
է
որքան
չեն
երկու
մեծ
պողոտաներ
որոնք
իրարու
դէմ
կը
քալեն։
Երբ
ես
քու
ստուերդ
սիրեցի,
համոզուած
էի
քու
մեծութեանդ,
թերեւս
երազիդ
մեծութեանը։
Ու
այդ
երազը
մինակ
քուկդ
չէ։
Քուկդ
չէ
անիկա։
Մի
խնդայ
որ
վաճառականի
ու
մեծահարուստի
աղջկան
մը
բերնին
մէջ
դուն
քու
երազդ
կը
տեսնես։
Ես
հայ
դպրոց
չեմ
տեսեր։
Եւ
մեր
ցեղը
սորվեր
եք
պարզ
խոհարարի
մը
բերնէն։
Բայց
բերանները
նոյնն
են
լեցուն
կամ
միամիտ
գլուխներու
վրայ
ալ
բացուած
ըլլան։
Վարպետը
քեզի
չափ
կը
սիրէ
մեր
ցեղը։
ՎԱՀՐԱՄ
—
Վարպետը
ու
բոլոր
վարպետները,
տղաքը
ու
բոլոր
հին
մարդերը
կը
սիրեն
զայն,
մեր
աննման
ցեղը։
Անահիտ,
գտիր
որ
քիչ
է
տակաւին
մեր
նուիրումը
անոր։
Քիչ
է
տակաւին
այս
արիւնը։
Դեռ
պէտք
է
վազէ՜,
վազէ՜,
վազէ՜:
Ով
գիտէ։
Դեռ
պէտք
է
վազէ
իմս
ալ,
քուկդ
ալ,
բոլորինն
ալ,
բոլոր
անոնց
ալ
որոնք
այս
անիմաստ
ու
ապուշ
աշխարհին
մէջ
մեծ,
մեծ,
մեծ
բաներու
խանդը
եւ
խենդութիւնը
բերած
են
հետերնին։
Ու
բառի
հերոսութիւն
մը
չէ,
ասիկա։
Անահիտ,
նայէ
ետիդ,
նայէ
ու
պահ
մը
գնա
անապատները։
Գնա
ու
դուն
քեզի
մինակ
տեսիր
քու
դահիճներուդ
հետ։
Դուն
տեսիր
ինչպէս
քեզի
պէս
աղջիկներ,
քեզի
չափ
հարուստ,
քեզի
չափ
գեղեցիկ
ջուրերուն
գիրկը
կը
նետեն
իրենց
կուսութիւնը
ու
իրենց
երազը։
Տեսիր
տղաքն
ու
պառաւներր։
Ինչ
ուժ
էր
ատոնք
մինչեւ
հոդ
տանողը։
Ու
այդ
ուժը…
երբ
կը
պահանջէ
տակաւին
զիս
ալ,
զիս
ալ։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Բայց
ինչ
սիրով
ես
պիտի
տայի,
պիտի
այդ
ուժին
տայի…:
ՎԱՀՐԱՄ
—
(
Մէկէն
ու
խիստ
)
Ի՛նչ
ի՛նչ։
Ինչ
կ՚ըսես։
Ինչ
պիտի։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Պիտի
տայի
այդ
ուժին
զիս
ալ,
քեզ
ալ,
միասին,
միասին։
ՎԱՀՐԱՄ
—
Այդպէ՞ս։
Մտիկ
մի
ըներ
ինծի։
Դուն
Պոլիս
ես
ու
պոլսեցի
ու
երիտասարդ
ու
գեղեցիկ։
Մահուան
համար
հասունցողները
նոր
չէ
որ
կը
հասուննան։
Անոնք
մահուան
ասպետնե՜րը։
Կը
տեսնես։
Մենք
տարիի
մօտ
է
որ
կ՚ապրինք
անոր
հետ։
Այնքան
դիւրին
կ՚ապրինք
անիկա
ու
այնքան
ճշդութեամբ
որ
նիւթական
կողմը
չի
գար։
Հիմա
որ
կը
փախինք
ատիկա
թուրքը
ատելնուս
համար
է։
Բայց
երբ
անիկա
ներկայանայ,
մեր
թեւերը
բաց
են
անոր։
(
Կը
հանէ
պզտիկ
գունտ
մը
)
Կը
տեսնե՞ս։
Ասիկա
մենէ
անբաժան
է։
Ու
այն
օրը
որ
մեր
բերանները
ծամեն
անկէ,
պիտի
գոցուին
յաւետին,
մեր
ցեղին
մեծ
խորհուրդին
վրայ։
ԱՆԱՀԻՏ
—
(
Նետուելով
վրան
)
Ի՞նչ
է
ադ։
ՎԱՀՐԱՄ
—
Սիւպլիմէ՛,
գանկի
մը
տակ։
Տեսած
չունի՞ս,
առ
նայէ։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Ասիկա
մահն
իսկ
է,
Վահրամ։
ՎԱՀՐԱՄ
—
Ուրիշ
ով
պիտի
ըլլար։
Մենք
հաշտուած
ենք
անոր,
շատոնց։
ԱՆԱՀԻՏ
—
(
Գիրկը
նետուելով
)
Բայց
որքան
խօսեցանք
մահուան
վրայ։
Տակաւին
չենք
անդրադառնար
որ
մենք
մահուան
վրայ
խօսելու
համար
չէ
որ
գիշերուան
խաղաղութիւնը
կը
վտանգենք
այսպէս
(
Գլուխը
կուրծքին
կը
դնէ
ու
կը
գոցէ
աչքերը:
Վահրամ
անոր
մազերուն
կը
դնէ
իր
երեսը
ու
կը
գոցէ
աչքերը։
Վայրկեան
մը
լռութիւն։
Դուրսէն
պզտիկ
աղմուկ
մը։
Վարպետը
կը
քնանայ
խորդալով։
Կիսաբաց
դուռէն
կերեւայ
Գրիգոր
Սարաֆեանին
դէմքը
որ
կը
նայի
շունչը
բռնած։
Ոտքին
ծայրը
կոխելէն
հասկանալու
համար
աղմուկը։
Զարհուրանք,
վարանում,
կատաղութիւն:
Հիմա,
հիմա
ըսելու
շարժում
ու
կ՚անհետի
)։
ԽՈՀԱՐԱՐ
—
(Ընդոստ
ցատկելով
ոտքի)
Ո՞ւր
էք
տղա՛ք։
ԵՐԿՈՒՔԸ
ՄԷԿ
—
Հոս
ենք
(
Կը
կենան
)։
ԽՈՀԱՐԱՐ
—
Ձայն
առի՞ք։
Մէկը
եկա՞ն,
մէկը
տեսա՞ք։
ԵՐԿՈՒՔԸ
ՄԷԿ
—
Ոչ,
ի՞նչ
կայ։
Բան
մը
տեսա՞ր։
ԽՈՀԱՐԱՐ
—
Երա՛զ
ըլլալու
է։
Երթամ
վար,
նայիմ
ինչ
էր։
(
Կը
մեկնի
)։
ՎԱՀՐԱՄ
—
Ինչ
յուզում
կայ
վարպետին
ձայնին
մէջ։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Այո...
ես
ալ
զգացի
ատիկա։
Գէշ
երազ
մը
տեսած
ըլլալու
է...
բայց
դուն
քնացա՞ր
որ։
ՎԱՀՐԱՄ
—
ՉԷ՛,
բայց
ետիս
բան
մը
զգացի։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Չդարձա՞ր
նայելու։
ՎԱՀՐԱՄ
—
Չդարձա՛յ։
Այնքան
անուշ
եկաւ
ինծի
մազերուդ
գգուանքը
երեսիս
վրայ։
Մահն
ալ
ըլլար,
պիտի
չդառնայի։
ԱՆԱՀԻՏ
—
(
Վիզը
փաթթուելով
)
Ինչ
անկեղծ
խոստովանութիւն
է
ատիկա։
Գիտնաս
ինչ
գանձ
է
այդ
խօսքը
ինծի
համար։
(
Կը
համբուրէ
)։
ՎԱՀՐԱՄ
—
Գերեզմանին
այսքան
մօտի՛կ։
Սիրել,
տարօրինակ
չէ։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Ինչ
հաճոյք
կայ,
չեմ
հասկնար,
ամէն
վայրկեան
այդ
փոսը
փորես
աչքիս
առջեւ։
Ես
քեզ
սիրել
եմ
սովորականէն
դուրս
ճամբաներով։
Գիտե՛ս
որ
շատ
եմ
կարդացեր։
Գիտե՞ս
որ
տարօրինակը
ինծի
համար
գերազանց
է
աւանդութենէն։
Նոյնիսկ
մահուան
առջեւ,
նոյնիսկ
մահուան
մէջ,
եթէ
պէտք
ըլլայ,
կ՚ըմբռնե՞ս։
ՎԱՀՐԱՄ
—
Մահուան
մէ՜ջ
(
դողալով
)
Անահիտ
շատ
մօտ
է
անիկա։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Ո՞վ։
ՎԱՀՐԱՄ—
Անիկա,
անիկա։
Մա՛հը,
մա՛հը։
Ինծի
կու
գայ
որ
կը
քալէ
դուրսէն,
փողոցէն։
Այնքան
խենդ
բաներ
կան
գլխուս
մէջ։
Տուր
ինծի
սիւպլիմէն։
Տուր,
սուրը
առնուած
զինուորի
պէս
մի
ձգեր
զիս
անոնց
առջին։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Որո՞նց
առջին։
ՎԱՀՐԱՄ
—
Անոնց,
անոնց՝
դուն
գիտես
թէ
ով
են
անոնք
որոնք
մարդերուն
միսը
ուտելու
համար
աշխարհ
են
ղրկուած։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Վախ
իմ
տղաս
(
Կը
համբուրէ
)
Հանդարտէ՛,
հանդարտէ:
քեզ
իմ
գրկէս
առնող
չըլլար։
ՎԱՀՐԱՄ
—
Կը
կարծե՞ս։
ԱՆԱՀԻՏ
—
(խիստ)
Չեմ
կարծեր,
գիտե՛մ։
Չեմ
գիտե՛ր,
կ՚ուզեմ։
ՎԱՀՐԱՄ
—
Այո՛,
բայց
քու
ուզելդ
ինչ
կ՚արժէ։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Աղջիկները
երբ
ուզել
գիտեն,
Աստուծոյ
պէս
ուժով
կը
դառնան։
ՎԱՀՐԱՄ
—
Սիրեմ
ես
քու
բառերուդ
նորութիւնը,
բայց
ինչ
կրնաս
ընել
դուն,
տկար
աղջիկ։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Ես
կ՚ընեմ
ինչ
որ
չեն
կրնար
ընել
ուրիշ
ներ։
Ես
կ՚ընեմ
ինչ
որ
քիչերուն
տրուած
է
ընել։
Քեզի
համար
ես
լեռները
քալ
պիտի
հանեմ։
ՎԱՀՐԱՄ
—
Մանչ
եթէ
ըլլայիր,
քեզ
Յիսուսին
նմանցնէի
պիտի։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Հոս,
ալ
չեն
ծաղրեր։
Ես
կապուած
եմ
քու
բախտիդ,
կապերուն
ամէնէն
եղերականովը։
Քու
մազէդ
հասած
փոշին
անգամ
կապարի
պէս
կ՚իյնայ
իմ
սրտիս։
Լաւ
հասկցիր։
Ես
կը
մեռնիմ,
բայց
դուն
կ՚ապրիս։
ՎԱՀՐԱՄ
—
Ի՛նչ
գին:
Որքա՛ն։
Մենք
անոր
զինուորներն
ենք
արդէն։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Ես
զօրավար
չեմ,
բայց
քեզի
հոս
բերի։
Քու
կեանքիդ
երաշխիքը
ունիմ
ես
իմ
կեանքիս
վրայ։
Քեզ
հոսկէ
առնողը
ինծի
ալ
կ՚առնէ։
Պէտք
է
կիսուինք
թոյնը։
ՎԱՀՐԱՄ
—
Տղա՞յ
ես։
Թոյնը
ո՜ւր
դուն
ուր։
Յետոյ
ատանկ
տեսարաններ
մի
ըներ
ինծի։
Վատութիւն
է
մեռնիլը
երբ
ան
չի
ներկայանար
պէտք
եղած
ձեւով։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Ես
քարոզ
չեմ
ուզեր
մտիկ
ընել։
Քեզի
կապուած
եմ
գիտցիր,
քու
կեանքիդ
գինէն
ետք,
սրտիս
բոլոր
ուժովը։
Չեմ
գիտեր
երկու
կապերէն
որն
է
զօրաւորը։
Բայց
գրողները
երկուքն
ալ
հաւասար
բռնած
են։
ՎԱՀՐԱՄ
—
Վէպերուն
շինած
աղջի՛կը։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Այո՛,
անով
միայն
որ
քեզի
պէսի
մը
հանդիպեցայ։
Տղայութիւն
է
խօսիլ
սիրոյ
վրայ։
Մենք
ենք
անիկա,
սէրը,
ահաւասիկ,
իրարու
գիրկ
ինկող
սա
տղաքը,
որոնց
ոտքերուն
տակ
գերեզման
մը
կը
փորուի։
ՎԱՀՐԱՄ
—
Դուն
ալ։
Դուն
ալ։
Կը
տեսնա՞ս։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Ես,
ես
ոչինչ
տեսած
չունիմ։
Բայց
ես
գիտեմ
որ
շատ
սիրողներ
կը
մեռնին։
Այս
վայրկեանին
ներս
կը
մտնեն
երեք
համազգեստով,
երկու
սիվիլ
ոստիկան։
Գիշերապահ,
ժանտարմաներ։
Գրիգոր
Սարաֆեան
ամէնէն
ետեւն
է։
ՎԱՀՐԱՄ
—
(
Նայելով
)
Ա՛...
ԱՆԱՀԻՏ
—
(
կայծակի
պէս
նետուելով
)
Ա՛.
ՈՍՏԻԿԱՆ
ՄԸ
—
(
Ատրճանակը
լարած
)
Չի
չարժի՛ս.
աւելորդ
է։
ՎԱՀՐԱՄ
—
(
Հրելով
)
Անահի՛տ։
ԱՆԱՀԻՏ
—
(
Մէջ
նետուելով
)
Ի՞նչ
կ՚ընէք
դուք
հոս։
ՈՍՏԻԿԱՆ
ՄԸ
—
(
Մեղմով
մէկդի
կ՚ընէ
զայն։
Ժանտարմաները
կ՚առաջանան,
կը
բռնեն
տղուն
ձեռքերէն
ու
շղթայ
կը
զարնեն
)։
ՎԱՀՐԱՄ
—
Անահիտ,
թո՛յնը,
գրպանս
դիր։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Ո՛չ,
ո՛չ,
սպասէ,
ես
պիտի
ընեմ
ամէն
բան։
ՎԱ
ՀՐԱՄ–
Թո՛յնը,
Անահի՛տ
(
կը
քալեցնեն,
խիստ
)։
ԱՆԱՀԻՏ
—
(
Ետեւէն
երթալով
)
Ոչ,
ո'չ,
մի
յուսահատիր,
ես
պիտի
ընեմ
ամէն
բան։
ՎԱՀՐԱՄ
—
(
Դրան
սեմին
վրայ
)
Անահի՛տ,
թո՛յնը։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Քաջ
եղիր.
ատեն
կայ։
Ես
պիտի
ընեմ
ամէն
բան։
(
Հայրը
տեսնելով
)
Հայրի՛կ։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ինչ
է
ա՛ս.
ինչ
տակնուվրայ
ես
եղեր։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Հայրի՛կ։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
(
Խիստ
)
Պատասխան
տո՛ւր։
ինչ
կ՚ընէ
այս
տղան
հոս։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Հայրիկ,
տղա՛ն
կուզեմ։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Այո՛,
ես
Գոնիա
կ՚երթամ
կոր,
դուն
քու
տղադ
կ՚ուզես։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Հայրիկ,
հայրիկ,
տղան
կ՚ուզեմ
անպատճառ
կը
հասկնա՞ս
դուն։
Կ՚ուզեմ
ան
տղան։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ադ
տղան
ուտող
չի
կայ։
Ոստիկանատուն
կը
տանին։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Հայրիկ,
տղան
կ՚ուզեմ։
Իմ
սիրտս
կ՚ուզէ։
Ես
կ՚ուզեմ։
Դուն
քեզ
ազատեցիր,
ազատէ
այդ
տղան
ալ,
աղջիկդ
ազատած
կ՚ըլլաս։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ատ
ինչ
դողալ
է։
Ինչ
կ՚ըլլաս
կոր։
Ի՞նչ
կապ
ունիս
անոր
հետ։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Կա՛պ։
Բայց
կապ
կը
հարցնեն,
չե՞ս
տեսներ
դուն։
Աչք
չունի՞ս
դուն։
Կապը,
կապը։
Բայց
մեր
կապը
մէկ
է։
Ան
քաշող
երկաթը
ինծի
ալ
կը
քաշէ
կը
տանի։
Չե՞ս
տեսներ
դուն։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Տէր
Փրկի՛չ։
Ինչ
օրերու
հասանք։
Մարդոց
լեզուն
ալ
փոխուեցաւ,
կեանքն
ալ։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Հայրիկ,
ըսէ՛,
խօսք
տուր
ինծի։
Ազատես
պիտի
ադ
տղան։
Դուն
ազատեցիր
մէկը։
Ատ
ալ,
ատ
ալ։
Ես
քու
միւս
աղջիկիդ
չեմ
նմանիր,
ես
կ՚ուզեմ։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Աղջիկնե՛ր,
աղջիկնե՛ր։
Ձեր
ըրածները,
աս
իմ
ծերութեան
մէջ։
Ձեր
հայրը
կեանքին
ցաւովը
տապկուի,
դուք
մէյ
մէկ
մարդ
առնէք:
ԱՆԱՀԻՏ—
(
Բուռն
ու
լրջացած
)
Ես
մարդ
չեմ
առած։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Գացողը
ի՛նչ
էր,
աղջի՞կ
էր։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Գացո՜ղը։
Անանկ
մարդ։
Հայրիկ,
կ՚ուզեմ
ես
անիկա։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Հանդարտէ,
աղջիկ,
անիկա
գնաց,
ալ
չի
գար։
Անոր
մեղքը
մեծ
է։
Տարի
կայ
որ
կը
փնտռուի
անիկա։
Անկարելի
է
անիկա
ազատել։
ԱՆԱՀԻՏ
—
(
Քարացած
)
Դուն
ուրկէ՞
գիտես
աս
ամէնը։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
(
Կիսաժպիտ
)
Դո՞ւն
ուրկէ
գիտես։
ԱՆԱՀԻՏ
—
(
Ինքնիրեն
գալով
)
Ե՛ս։
Բայց
ինծի
չես
հասկնար։
Չես
կրնար։
Ըսէ
ինծի,
հայրիկ,
ըստ
իյնամ
ոտքերդ,
ինչ
պետք
է
ընել։
Տղան
պէտք
է
ազատի
անպատճառ։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Անօգուտ
է
աղաչանքդ։
Տղան
չազատիր։
Եթէ
վաղը
չաքսորեն,
շաբաթ
մը
ետքը
Պայազիտի
հրապարակն
է
անոր
չուանը։
ԱՆԱՀԻՏ
—
(
Սարսափէն
Խնդացած
)
Ինչ։
Ե՞ս,
ե՞ս...
(
Կը
կենայ
)
Բայց
հիմա,
հիմա
ո՞ւր
գնաց,
ո՞ւր
տարին։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
(
Հանդարտ
)
Ոստիկանատո՛ւն։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Ոստիկանատուն
(
Կը
կենայ,
կը
վարանի,
կը
մտածէ,
մէկէն
կտրուկ,
կը
նետուի
դուրս
)։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
(
Ետեւէն
վազելով
)
Ո՞ւր,
ո՞ւր։
Գիշերը
կէսին
ո՞ւր
այսպէս,
խենդի
պէս։
(
Կը
կենայ։
Սանդուխէն
արագ
արագ
քայլերը
կը
հատնին,
դուռը
կը
բացուի,
կը
գոցուի
)։
Դուրս
ելաւ,
Տէր
Աստուած.
դո՛ւրս։
Գիշերը
կէսին։
Մէկը
Պրուսա
գնաց,
մէկը
ես
տարի,
մէկն
ալ
կը
տանին։
Ո՞ւր
կ՚երթանք
ասանկ,
ո՞ւր։
Ինչ
ճակտի
գիր
է
ասիկա։
(
Կ՚իյնայ
)։
Վարագոյրը
կ՚իջնէ
Ա.
ՊԱՏԿԵՐ
Ոստիկանատուն
մը։
Քանի
մը
չոր
սեղաններ։
Պատերէն
ձեռքի
մեծութեամբ,
զանազան
գիրերով
թուղթեր։
Բեմին
խորը
գորգով
ծածկուած
դուռ
մը:
Երբ
վարագոյրը
կը
բացուի,
Վահրամ
սեղանին
առջեւ
կեցած
է,
շղթայակապ։
Շիւքրի
ոտքի
է
եւ
գրեթէ
քիթը
մտած։
ՇԻՒՔՐԻ
—
(
Զարնելով
քիթին
բերնին
)։
Չըսե՞ս
պիտի
տակաւին։
Հայրենիքի
թշնամիներ։
Չըսե՞ս
պիտի։
Համբերութիւնն
ալ
չափ
ունի։
Ո՞ւր
են
միւս
ընկերներդ,
ո՞ւր
է
Կուկուզեանը,
Ձէթեանը,
Ճօլօգեանը։
Ո՞ւր
է,
ուր
են։
Չըսե՞ս։
Կը
փախչիք,
կը
փախչիք,
հէ՞։
Դուք
երկինքն
ալ
երթաք,
ձեզ
նորէն
վար
պիտի
բերենք,
մեր
ոտքին
տակը։
Կը
տեսնես,
աս
ոտքերուս
տակը,
հեղ
մըն
ալ
սատկեցնելու
համար։
Պարապ
տեղը
չթափառին
հոս
ու
հոն։
Մենք
բոլոր
միջոցները
ունինք։
(
Նորէն
կը
զարնէ,
աւելի
խիստ
)
Ինչ
քարի
պէս
լուռ
ես,
չըսե՞ս։
Մարդ
պիտի
ճաթեցնես։
Քեզի
կ՚ըսեմ։
Հիմա
կը
հասկնաս
ի՛նչ
ըսել
է
յամառութիւն։
Ես
դիւրին
ձեւը
գիտեմ։
(
Ձեռքերը
ետին
կապելով
)։
Ինծի
նայէ։
Ես
քու
գիտցած
մարդերէդ
չեմ։
Իմ
գլխուս
վրայ
որքան
մազ
կայ,
այնքան
հայու
արիւն
կայ
մատներուս
փակած։
Ես
գոչաններէն
աւելի
խիստ
եղայ
ձեզի
դէմ։
Դուք
էք
մեր
հայրենիքին
կործանումը
բերողները,
դուք
էք
Եւրոպացիները
հոս
մտցնողները։
Դուք
մեր
հացը
կ՚ուտէք,
մեր
ջուրը
կը
խմէք
ու
մեր
ծոցին
մէջ
մեզի
դաւաճանութիւն
կ՚ընէք:
Դուք
էք
որ
մեր
բանակին
կռնակը
կտրելու
կ՚ելլաք,
իսլամներ
կը
ջարդէք
Մոսկոֆին
հետ
միացած։
Մէկ
հատ
մը
պիտի
չմնայ
ձեզմէ։
Ասիկա
ես
կը
զրուցեմ
քեզի
հիմակուրնէ։
Կուզես
ըսէ
ընկերներուդ
տեղը,
կ՚ուզես
մի
ըսեր։
Շատ
մօտ
է
ատենը,
ամբողջ
օձերու
ցեղը
պիտի
նետուի
Պոլիսէն
դուրս:
Քու
այդ
գաղնապահութիւնդ
աւելորդ
տեղն
է
ալ
(
Վահրամ
լուռ
է
ու
անթարթ
կը
նայի
)։
Ինչ
տնկեր
ես
աչքերդ
վրաս։
Ինչո՞ւ
չես
խօսիլ։
Բայց
մենք
վարժուեցանք
ձեր
ցեղին։
Մնացեալ
ընկերներդ
ալ
մուկի
պէս
մէկիկ
մէկիկ
պիտի
բռնենք։
Ձեր
հունտէն
դեղի
համար
հատ
մը
պիտի
չմնայ։
Ասոր
երդում
եմ
ըրեր
մօրս
գերեզմանին
վրայ։
Յեղափոխակա՛ն։
Անանկ
մը
մաքրենք
պիտի
որ
ձեր
սերմին
մէջն
ալ
մտնէ
վախը։
Ես
ըրի
ինծի
ինկած
բաժինը։
Սիրտս
հանգիստ
է։
Աստուած
ինծի
չի
մոռնար։
Ի՞նչ
կը
նայիս
կ՚ըսեմ
քեզի։
Ինչո՞ւ
աչքերդ
խիստ
են
(
Կը
զարնէ
նորէն։
Կատաղութենէն
կը
զարնէ
զանգակը։
Ոստիկան
մը
բարեւով
կը
մօտենայ
)։
Շուտ
Օսմանն
ալ
կանչէ։
(
Ոստիկանը
դուրս
)։
Հիմա
կը
տեսնես,
ինչ
ըսել
է
քոմիսէրին
խիստ
խիստ
նայիլը։
(
Երկու
ոստիկան
կը
մտնեն
)։
Պառկեցուցէք
սա
գազանը։
Ծե՛ծ,
անխնայ,
ուժով,
մինչեւ
որ
կողերը
փորը
թափին։
(
Կը
սկսի
ծեծը։
Այն
քան
տարուած
են
որ
չեն
լսեր
սանդուխներէն
բարձրացող
ոտքին
ձայնը։
Մէկէն
Անահիտը
կը
նետուի
ներս,
պառկած
տղան
տեսնելով
կ՚իյնայ
վրան
)։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Վահրա՜մ։
ՎԱՀՐԱՄ
—
(
Լուռ
է,
աչքերը
պատին
)։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Վահրա՛մ,
Վահրա՛մ,
քեզի
կ՚ըսեմ,
ինծի
նայէ՛։
ՇԻՒՔՐԻ
—
Ո՛վ
էք
դուք,
Հանըմ,
ի՞նչ
համարձակութեամբ
մինչեւ
հոս
կու
գաք:
ԱՆԱՀԻՏ
—
Ձեզ
ճանչնալուս։
ՇԻՒՔՐԻ
—
Բայց
ո՞վ
եք
դուք,
ուրկէ
կը
ճանչնաք
զիս,
ուրկէ՞
ծանօթ
էք
ատ
տղուն։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Ես
Սարաֆեանին
աղջիկն
եմ։
ՇԻՒՔՐԻ
—
Մատամ
Սուրբիկին
աղջիկն
է՞ք։
Օ՜։
Ինչ
գործ
ունիք
աս
ատեն
հոս։
Մամադ
հիմա
գնաց։
Աս
տղան
ուրկէ՞
կը
ճանչնաք։
ԱՆԱՀԻՏ
—
(
Սաստիկ
յուզուած
ու
կարմրած
)
Աս
տղան
կը
ճանչնամ
հինէն
(
Երկու
կողմը
նայելով
)
Ըսէք
որ
դուրս
ելլեն
այս
մարդիկը։
(
Ոստիկանները
դուրս
կ՚ելլեն
Շիւքրիի
ակնարկին
վրայ
)։
Հիմա,
կ՚ուզեմ
որ
այս
տղան
ազատ
արձակէք։
ՇԻՒՔՐԻ
—
Անկարելի
է։
Ոստիկանութեան
ընդհանուր
տնօրէնը
անձամբ
կը
փնտռէ
զայն։
Իմ
ձեռքս
ոչինչ
կայ։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Պէտք
է
ազատ
ձգէք
զայն,
հիմա։
Ինծի
հետ
պետք
է
դուրս
ելլայ։
ՇԻՒՔՐԻՉ
(
Ծիծաղելով
)
Ինչ
տղայ
էք,
Հանըմ։
Հոս
մտնողը
այդքան
ալ
դիւրին
չելլար։
(
Կը
պոռայ
)
Ալի՛,
Ալի՛,
աս
տղան
առէք,
դուրս
տարէք
մինչեւ
որ
ես
գամ։
ԱՆԱՀԻՏ
(
Դող
ելած
)
Ինչո՞ւ
դուրս
կը
հանէք,
ո՞ւր
կը
հանէք,
ինչո՞ւ
կը
հանէք,
կը
զոհէ՞ք։
ՇԻՒՔՐԻ
—
Ո՛չ,
հոս
է։
Մինակ
անպատեհ
է
որ
այս
սենեակին
մէջ
գտնուի։
Բայց
ինչո՞ւ
այդքան
իրար
կանցնիք։
Ինչո՞ւ
ձգեր
էք
ձեր
տունը։
Ինչո՞ւ
հոս
կը
գտնուիք:
Ի՞նչ
կապ
ունիք
անոր
հետ:
ԱՆԱՀԻՏ
—
Շատ
պարզ
է
պատճառը։
Եկայ
ձեր
ոտքն
իյնալու
որ
ազատէք։
ՇԻՒՔՐԻ
—
Անկարելի
է։
Ըսել
է
չէք
ըմբռներ։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Կիներուն
խելքը
շատ
բարակը
չի
հասկնար։
Մինակ
կ՚աղաչեմ
ձեզի
որ
թողուք
զինքը։
ՇԻՒՔՐԻ
—
Ի՛նչ
լաւ
կաղաչէք,
գիտէ՞ք։
Որքան
կը
վայլէ
ատիկա
ձեր
բերնին
(
Կը
խնդայ
ու
կը
բռնէ
ձեռքէն
)։
ԱՆԱՀԻՏ—
(
Առանց
վախենալու
)
Մեր
տունին
ծանօթ
էք,
մեր
հացը
կերած
էք։
Պիտի
չմերժէք,
չէ՞։
ՇԻՒՔՐԻ
—
(
Մտածելով
)
Ինչէն
կ՚ըլլայ
որ
ես
ձեզի
հանդիպած
չեմ
տակաւին։
Ձեր
միւս
քոյրը
ո՞ւր
է։
Ան
ալ
չերեւար
կոր։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Պրուսա
ղրկեցինք։
ՇԻՒՔՐԻ
—
Ա՜,
կը
յիշեմ,
հիմա
կը
յիշեմ,
գործերս
այնքան
շատ
են
որ
կը
մոռնամ։
Ինչ
որ
է
ձգենք
ատիկա։
Գալով
ձեզի,
գիտէ՞ք
թէ
շատ
գեղեցիկ
էք։
ԱՆԱՀԻՏ
—
(
Հպարտ
)
Այո։
ՇԻՒՔՐԻ
—
Գեղեցկութիւնը
փորձանք
է
հիմա
հայերուն
վրայ։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Շիւքրի
Պէյ,
ադ
տղան
ազատէք
պիտի։
ՇԻՒՔՐԻ
—
(
Քմծիծաղով
)
Ինչո՞ւ
չէ,
քուկինիդ
պէս
բերնէ
մը
երբ
այդ
հրամանը
կու
գայ։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Մենք
չենք
հրամայեր,
պարզ
աղջիկներ
ենք
ու
կը
խնդրենք։
ՇԻՒՔՐԻ
—
Լա՛ւ
լա՛ւ։
Գիտեմ
թէ
սուղ
է
շատ
անոր
գլուխը։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Սո՜ւղ։
Հայու
գլուխ
չըլլար
իբր
թէ։
ՇԻՒՔՐԻ
—
Այդ
ճիշդ
է։
Բայց
գլուխ
ալ
կայ,
գլուխ
ալ։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Նայեցէք
ինծի,
դուք
հոս
ամէն
բան
կրնաք
ընել։
Տուէք
ինծի
ադ
տղան։
Այդքան
գլուխներուն
մէջէն
մէկ
հատ
մըն
ալ
խնայեցէք։
Մարդ
իր
կեանքին
մէջ
օր
մը
տկար
կրնայ
գտնուիլ։
Խօսք
կու
տա՞ք։
ՇԻՒՔՐԻ
—
Ի՜նչ
բանի։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Տղան
հետս
տանելու։
ՇԻՒՔՐԻ
—
Մի՛
աճապարէք։
Նախ
նստեցէք
քիչ
մը։
Ըսի
թէ
սուղ
է
անոր
գլուխը։
Փրկանքն
ալ
հարկաւ
սուղ
կ՚ըլլայ
նոյն
չափով։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Փրկա՜նք։
Բայց
որքան
ալ
սուղ
ըլլայ
պիտի
տրուի
ինծի։
ՇԻՒՔՐԻ
—
Որո՞ւ
բերնով
կը
խօսիք։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Սարաֆեանին
բերնովը
կը
խօսիմ։
ՇԻՒՔՐԻ
—
Ձեր
հօրը
ամբողջ
հարստութենէն
աւելի
կ՚արժէ
ան։
ԱՆԱՀԻՏ
—
(
Ընկճուած
)
Այդքա՛ն,
չէի
սպասեր։
ՇԻՒՔՐԻ
—
Տեսա՞ք։
Ըսի
որ
սուղ
էր։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Բայց
անիկա
ձեր
ձեռքն
է
տակաւին,
կրնաք
ազատել
եթէ
ուզէք։
ՇԻՒՔՐԻ—
Այո՛,
եթէ
ուզեմ։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Մարդ
մը
ազատելով
չէ՞ք
կարծեր
որ
դուք
աւելի
կը
սուղնաք:
ՇԻՒՔՐԻ
—
(
Ծիծաղկոտ
)
Այդքան
խորունկները
չեմ
կրնար
քալել։
Կարճ
խօսիմ։
Դո՛ւք։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Ե՛ս։
ՇԻՒՔՐԻ–
Կրնաք
ազատել։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Ե՞ս,
ես։
Ինչո՞վս։
ՇԻՒՔՐԻ
—
(
Վերէն
վար
չափելով
ու
ձեոքը
մեղմ
շոյելով
)
Կը
հասկնաք։
Դուք
կ՚ազատէք
զայն,
ձեր
գինով։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Իմ
գինո՜վս։
Բայց
անիկա
ինձմէ
միլիոններ
աւելի
կ՚արժէ։
ՇԻՒՔՐԻ
—
Այդ
մենք
գիտենք։
Բայց
հիմա
մեր
երկուքնիս
է
որ
գին
կու
տանք
անոր։
Կ՚ուզէ՞ք
այդ
տղան։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Բոլոր
բոլոր
գինովս։
ՇԻՒՔՐԻ
—
(
Ժպտագին
)
Ներս
մտէք
ուրեմն
քիչ
մը։
ԱՆԱՀԻՏ
—
(
Սառած
)
Նե՞րս,
ո՞ւր։
ՇԻՒՔՐԻ
—
(
Գորգը
կը
վերցնէ։
Կ՚երեւան
շքեղ
մահճակալ,
լոյսեր,
սեղաններ,
զէնքեր,
զանազան
զարդեր
)։
Հո՛ս։
ԱՆԱՀԻՏ
—
(
Աչքերը
վար
ձգելով
)
Հո՞տ,
ի՛նչ
ընելու։
Կը
բանտարկէ՞ք։
ՇԻՒՔՐԻ
—
Ինչ
տղու
խօ՛սք։
Քեզի
բանտարկել։
Ադ
ձեռքս
ես
կը
կտրէի
մէկ
հարուածով։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Ինչո՞ւ
ուրեմն։
ՇԻՒՔՐԻ
—
Աւելորդ
է
խօսիլը։
Հոս
եկած
է՛ք։
Ձեր
նպատակը
յայտնի
է։
Պիտի
քաշուի՞ք
վերջին
քայլը
առնելէ։
Այդ
տղան
կ՚ազատի
քու
գինովը։
ԱՆԱՀԻՏ
—
(
Հասկցած,
քիչ
մը
կը
քաշուի
)։
Շիւքրի
Պէյ,
կարելի
չէ՞
որ
քիչ
մը
գութ
ունենաք։
ՇԻՒՔՐԻ
—
Ես
ձեզի
պիտի
դարձնէի
ձեր
աղաչանքը։
ԱՆԱՀԻՏ
—
Վերջին
խօսքերնի՞դ։
ՇԻՒՔՐԻ
—
Ներս
մտէք,
Հա՛նըմ։
Նե՛րս։
ԱՆԱՀԻՏ
—
(
Կը
կենայ,
անձայն,
կը
նայի
ետ,
յետոյ
է
աչքերը
կը
գոցէ.
յետոյ
կը
ծռի
աթոռի
մը
վրայ,
դուռին
մօտիկ
)։
ՇԻՒՔՐԻ
—
(
Մեղմով
ներս
կը
հրէ
գրեթէ
նուաղած
աղջիկը`
գորգը
կը
ձգէ,
կ՚առնէ
սեղանին
թուղթի
մը
կտոր
արագ
արագ
բաներ
մը
գրելէ
ետքը
)։
Մինչեւ
առտու
անդադար
կը
ծեծեն։
Եթէ
խոստովանցուցին՝
լաւ։
Եթէ
ոչ,
կը
յանձնեն
պատերազմական
ատեանին։
Այս
տղան
թողո՜ւլ։
Ես
ատոր
համար
պաշտօնի
ահագին
բարձրացում
ունիմ։
Թէ
աղջիկը
կը
խաբես,
թէ
տղան
կը
սպաննես։
Ինչ
լա՛ւ։
Ասանկ
ծառայելու
է
մարդ
հայրենիքին։
Օսման
(
կը
կենայ,
կը
մտնէ
Օսման
)։
Այս
տղան
հիմա
չորս
զինուորով,
երկու
բոլիսով
Միւտիրիյէթ
կը
տանիք։
Այս
թուղթը
կու
տաք
բանտի
Տնօրէնին։
Օթօմոպիլին
տեղը
կ՚երթայ
տղան։
ՕՍՄԱՆ
—
Օթօմոպի՛լ։
Հասկցայ
Պէյ։
Անվարժ
չենք։
Անհոգ
եղէք։
Ես
կը
սպասեմ
առաջին
ֆաuըլին
։
ՇԻՒՔՐԻ
—
Նայեցէք
որ
շուտ
չմարի.
քիչ
քիչ
սկսեցէք։
Կամաց
կամաց
ուժովցուցէք։
Եթէ
թուլնայ
ըսելիք
ունիմ
ըսէ,
ոտքերը
առանց
քակելու,
քիաթիպը
կանչեցէք։
Անոր
թող
զրուցէ։
Երբ
անկարեւոր
են
ըսածները,
նորէն
պառկեցուցէք։
0թօմոպիլին
ուժովը
զատել
տուր։
Անանկ
որ
որքան
ալ
շան
պէս
ոռնայ,
նորէն
խղդուի
աղմուկին
մէջ։
ՕՍՄԱՆ
—
Շատ
լա,
շատ
լաւ։
Անհոգ
եղէք
ոչինչ
պակաս
կը
մնայ։
ՇԻՒՔՐԻ
—
Եթէ
մինչեւ
առտու
ծեծէն
խեր
չելաւ,
այն
ատեն
թող
յանձնեն
պատերազմական
ատեանին:
ՕՍՄԱՆ
—
Անկէ
ալ
Պայազիտի
հրապարա՛կը։
ՇԻՒՔՐԻ
—
Անշուշտ։
ՕՍՄԱՆ
—
(
Խոնարհութեան
բարեւը
տալով
)
Գլխուս
վրայ,
Պէյ
(
Դուրս
կ՚ելլայ
)։
ՇԻՒՔՐԻ
—
Օ՜խ։
Ինչ
լայն
շունչ
պէտք
է
առնեմ։
Ես
կը
զարմանամ
մեր
մեծերուն։
Ինչո՞ւ
դեռ
հոս
հայեր
կը
մնան։
Ինչո՞ւ։
Ինչո՞ւ
երկու
հրամանով
ամէնն
ալ
ճամբաները
չեն
թափեր։
Ախ
մաքրէինք
հայրենիքը,
մաքրէինք
աս
օձերուն,
կարիճներուն,
ապերախտներուն
ստորին
ցեղէն։
Ինչո՞ւ
չի
գար
հրամանը։
Ինչո՞ւ։
(
Կը
շտկուի
դէպի
դուռը
)։
Վարագոյրը
կիջնայ
Գ.
ՊԱՏԿԵՐ
Հին
Սրահը
Նստած
են
Տէր
եւ
Տիկին
Սարաֆեան։
Երկուքին
ալ
ձեռքը
ծնօտն
է։
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Կախեցի՞ն։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Այո՛
թերթին
մէջ
գրուած
է
այսօր։
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ—
Արդեօք
տեսա՞ւ
Անահիտը
լուրը:
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ի՛նչ
գիտնամ։
Սենեակէն
դուրս
ելա՞ւ
այսօր։
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Մինչեւ
իրկուն
ոչ։
Վարպետը
կանչեց։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ի՞նչ
ըսաւ,
ի՞նչ
ըսեր
է։
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Անոր
բերնէն
բան
կ՚ելլա՞յ
որ։
Հարցուցի,
անկարեւոր
բաներ
ըսաւ։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ըլլալիք
բան
է
ատ։
Ինչ
ըսել
է
չը
խօսիլ
(
Ամուր
կը
կոխէ
զանգը
)։
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Ինչո՞ւ
կը
կանչես։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Հարցնեմ
պիտի։
Ո՞ւր
տեսնուեր
է։
Ինչո՞ւ
համար
պիտի
չըսէ
եղեր։
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Աւելորդ
է,
սիրտ
մի
հատցներ։
Անիկա
Հայաստանցի
է։
Քենէ
վար
չի
մնար
յամառութեան
մէջ։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Աւելորդ
է
կնիկ,
այդ
խօսքը։
Ինչո՞ւ
չի
գար։
(
Զանգակին
Խիստ
կոխելով
)
Ո՞ւր
է
այս
մարդը։
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Վարն
է։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
(
Աւելի
ամուր
կոխելով
)
Ո՞ւր
է
աս
մարդը։
(
Սանդուխին
վրայ
քայլեր
)
Կու
գայ
կոր։
Ես
անոր
հասկցնեմ
ինչ
ասել
է
չխօսիլ։
(
Կը
մտնէ
Վարպետր,
գրկած
է
Անահիտը
երկու
թեւերուն
մէջ,
գլուխը
կր
կախուի
թեւերէն,
մազերը
գետինն
է
)։
ԵՐԿՈՒՔԸ
ՄԷԿ
—
(
Նետուելով
)
Ի՞նչ
է
այդ,
Վարպետ։
ԽՈՀԱՐԱՐ
—
Անահիտը։
Առէք
ձեզի
ի՛նչ
կը
վայելէ
զաւակ։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ—
(
ՆԵտուելով
վրան
)
Ինչ
է
եղած,
Վարպետ,
ուրկէ՞
կը
բերես։
Ո՞ւր
գտար։
ԽՈՀԱՐԱՐ—
Չուանէն
վար
առի։
ՍԱՐԱՖԵԱՆ—
Չուանէ՜ն։
Ո՞ր
չուանէն,
ի՞նչ
չուանէն։
ԽՈՀԱՐԱՐ
—
Խոհանոցի
չուանէն։
Տակաւին
տաք
է։
Տ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Կախե՞ց։
ԽՈՀԱՐԱՐ
—
Կախեց,
կախեց։
Օրերը
քեզի։
Ես
կերթամ
ալ
աս
տունէն։
ՏԷՐ
ԵՒ
ՏԻԿ.
ՍԱՐԱՖԵԱՆ
—
Տէր,
Տէր,
Տէր
Աստուած
(
Կ՚իյնան
տղուն
վրայ
)։
Վարագոյրը
կ՚իջնէ
Վերջ
1
Մայիս
920
Պոլիս։