Հայորդիներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԴԱՒԱՃԱՆՆԵՐ


Մեռելներ կան, որ պէ՛տք է անգամ մը եւս մեռցնել...
Ահաւասի՛կ հրէշածին հայ Յուդա մը եւս, որ նողկանքի օր մը ծնեցաւ…։
Բայց ո՜վ գիտէ, ո՞ր խաւարչտին, ո՞ր զզուելի ես ո՞ր խուժանամատոյց աղիճին արգանդէն,
Եւ ի՜նչ անէծքի, ի՜նչ դժնէ վատութեան, ի՜նչ քստմնելի գիշերուան մը գարշանքին մէջ
Իր դժխեմ հայրը կարողացաւ չարաշուքօրէն այդ գեհենի որդին սաղմնաւորել։
Դժոխատիպ դեմքով կին մը, տռիփին կատաղանքէն, իր մսիին տիղմը կը տարածէ
Գերեզմանօրէն ահաւոր խրճիթի մը դագաղաշէն տախտակամածին վրայ,
Եւ մարդ մը, ծամածուռ, խուժդուժ, շիլ, ապաժառանգ, խաթարեալ եւ սապատող,
Մեղսակից խաւարը ճեղքելէն, եւ լորձունքոտ եւ շնչասպառ եւ անասնակերպ՝
Տարտարոսեան իժի մը հանգոյն, փորին վրայ սողալով իգութեան մը կը մօտենայ…։
Եւ ապականութեանց զոյգը կը գալարուի եւ ահա՛ իրենց ոճրալից ուղեղին գռիհներէն
Ահագնօրէն թաւալագլոր կ՚անցնին, կը սպանեն, կը ծնին եւ կը զուգուին
Դաւաճանութեան եւ չարիքի ու մատնութեան բոլոր դեւերը դամբանածին…։
Ես նզովեալն իր արարչահիւթը կը հեղու եւ սոսկալի սաղմը կը բեղմնաւորուի…։
Դուրսը, հովերն անմեղ եւ ապառնի մահեր կ՚երգեն։ Եւ երկու անիծեալ մարմինները,
Իրենց խշտեակին վրայ, ծագող լոյսէն եւ խղճմտանքին հնչող պղինձներէն պատուհասուած՝
Պատանքի մը պէս, իրենց ծածկոյթով, պիղծ տեսողութիւննին կը ծածկեն…։
ժամանակին կոյր խաւարը կը յաջորդէ կոյր խաւարին եւ երկու էակները քարերու պէս լուռ են,
Մեղաւորին դատապարտութեամբը լուռ եւ դիակներու մեռելութեամբն անխօս,
Մինչդեռ, վայրագ, աններդաշնակ եւ անգիտակից բնութեան ուժը իր օրէնքին շրջանը կը շրջի,
Իր խաւարին մէջ եւ նախճիր եւ կործանում եւ գեղեցկութիւն եւ մահ եւ կեանք ստեղծելով…։
Բայց արիւնկզակ արուն, ցնորակոծօրէն, իր բռունցքովն իր խիղճը կ՚ուզէ խեդդել,
Եւ եղկելի էգը, մղձաւանջներու մէջ, ժամէ ժամ գերբնապէս կ՚այլանդակուի,
Նայուածքները կը փոսանան, մարմինը կը նեխի եւ ապագայ ոճիրին արեան շոգին տեսնելով՝
Կը զգայ որ կողերուն տակ արդէն շարժիլ սկսած է իր կղկղանքին սողունը ճիրանաւոր։
Աղիտաբեր երկունքի եւ սանդարամետեան գալարումներու ժամը հնչած է,
Սեւ օձերու անտառներ են որ մօրը ընդերքին մէջ անոր աղիքները կը կրծոտեն…
Եւ կարծես լոյսէն, մարդերէն, անջրպետէն եւ հաւատքէն է որ կը սոսկայ,
Ու մանուկ ոճիրը յղացող ոճիրին հետ զիրար կ՚ուզեն մեռցնել…։ Բայց զեռունը կը ծնի…
Ճիւաղը կը ծնի…։ Ու մայրը զայն կը դիեցնէ իր ստինքներուն մութ թարախովը թունաւոր,
Եւ ո՛չ մէկ պատուհաս, ո՛չ մէկ պատիժ, ո՛չ մէկ բարերար ոճիր, ո՛չ մէկ կործանիչ ճակատագիր
Չեն գար այդ պիղծ տանիքը մոխրացնելու, այդ աչքերը խաւարելու, այդ էութիւններն յօշոտելու։
Եւ ասոնք կը համարձակին ապրիլ, շնչել, սնանիլ, պայծառները ողջունել եւ անոնց նայելով ժպտիլ…։
Դաւաճաննե՛ր, ի՜նչպէս կրցաք դուք արեւին լոյսը վայեյել եւ աստուածային աստղերուն տակէն անցնիլ…
Ի՜նչպէս առաւօտին մէջ, վարդերուն վրայ թառած սոխակներու դայլայլանքին ունկնդրեցիք, Ի՜նչպէս առանց ձեր գերեզմանին փոսը փորելու, կարողացաք արշալոյսներուն առջեւ աչք բանալ…
Եւ ի՜նչպէս կրցաք Իտէալ բառն արտասանել եւ անոր ծառայել, անոր ծնրադրել եւ օր մը այսպէս դաւաճանել զայն։
Եւ մանաւանդ ի՜նչպիսի քայլերով գաղափարի ոսկիաշար խորաններու պաշտամունքին յառաջացաք,
Ի՜նչպէս յանդգնեցաք ազատութեան ջահակիր, արդարութեան քրմաւոր եւ եղբայրութեան ջատագով հանդիսանալ,
Ի՜նչպէս չը զարհուրեցաք ճշմարիտներու հոգիէն դուրս ճառագայթող ճաճանչներէն
Եւ ի՜նչպէս մեծ հաւատքին կրանիթէ սանդուխէն, առանց փշրուելու, կրցաք քայլ մը առնել դէպի վե՜ր։
Ա՜հ, չնաշխարհիկ մարտնչումներու եւ անկշռելի ցաւի՝ Պատմութեան այն էջը կարմիր՝
Ուր հայկաշունչ քնարիս մրրիկներէն մտածումս փորձեց մեհեաններ կերտել.
Այսօր՝ ատելութեամբ՝ կայծակնահիւս խարազանս ձեռքերուս մէջն ամրապինդ,
Եւ հրաշէկ երկաթներովս, որչա՜փ կ՚ուզէի ձեր դիակներն ես խարանել, ո՜վ դաւաճաններ…։
Ե՛ս կ՚ուզէի զձեզ խարանել եւ ե՛ս կ՚ուզէի մուրճերուս եւ կռաններուս կատաղութեանցը տակ
Ձեր ոսկորներն եւ ձեր եղեռնագործի ճղճիմ գանկերն աւազներո՜ւ նման փշրտել…
Ե՛ս կ՚ուզէի զձեզ գարշապարներուս տակ առնել, ե՛ս կ՚ուզեի զձեզ մահացնել եւ ե՛ս վերստեղծել,
Ե՛ս կ՚ուզէի զձեզ աստուածաբար հազար անգամ վերստեղծել եւ ե՛ս կ՚ուզէի զձեզ հազար անգամ գերեզմանել…
Եւ, ագռաւներու հոգիներով, Կայէնեան կերպարանքներով ձեր շնագայլի ոհմակներն, ահա՛,
Թիւթիւնճիեֆ, Սենեքերիմ, Ոստիկան Տիգրան եւ Արտաշէս, սեւ Սուքիաս եւ Կոմիտաս քահանաներ,
Վարդապետ Մամբրէ, ասորի Կարապետ, Մարգար եւ դո՛ւն, դհերցի հրէշածին Դաւի՛թ,
Ահա՛, ձեր ժանտաժուտ դիակներն կոյանոցներու ժահրին պէս աչքիս առջեւ կը տարածուին։
Արդարեւ ո՛չ ոք չի մտածեց խաչափայտերու վրայ եւ ապառաժներու ճակտին զձեզ բեւեռել,
Շղթաներու ազնուական ծանրութիւնը եւ ժանգը ձեզի համար փառապսակ մը պիտի ըլլար,
Ինչպէս եւ թախծալից եւ մեռելաշուք բանտերուն մենութիւնը՝ մարմարեղէն պալատ
Եւ ճշմարտավճիռ սուսերին հարուածն՝ անճշմարիտ, եւ կառափնատը՝ արքայական գահ։
Ա՜հ, մահը գթութիւն է ձեզի համար եւ խարոյկներուն հուրը՝ մարտիրոսի փա՜ռք,
Ձեր օրրանը ցեխը եղած է եւ ձեր օթեւանը ճահիճներու ժահրը պէտք է ըլլայ,
Աքցաններով ձեր միսը, հիւլէ առ հիւլէ, ժլատօրէն, ժուժկալօրէն պէտք է քերծել,
Եւ տարիներով, կաթիլ կաթիլ, բաժին հանել ձեր արիւնէն նախճիրակեր բորենիներու ծարաւին…։
Այժմ ձեր նողկանքէն փակ աչքերս թո՛ղ բանամ, թո՛ղ գրիչս զետեղեմ եւ թո՛ղ քնարիս լարերն համբուրեմ
Եւ առիւծադէմ կտրիճներուն, անվեհերներուն, առաքեալներուն, հայրենիքիս զինուորներուն մօտենամ՝
Անոնց յիշատակէն եւ Սուրբ օրէնքէն աղբիւրուած լոյսերովն եւ ճակատս եւ մտածումս եւ աչքերս լուալով,
Կռապաշտօրէն, կեանքիս ամառին մէջէն, կարմիր երգերս հիւսեմ եւ յստակ մարմարներս քանդակեմ…։