Թարգմանութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԻՒՆ

Այս իրիկուն բառ մը չի կայ տրտմագին
Որ պարփակէ լռել ուզող իմ հոգին.
Ճըպոտ մը թող վեր բարձրանայ հոգեթով՝
Իմ երազիս համար մենիկ երգելով ։

Ո՜վ բիւրեղեայ բաժակ, լեցո՜ւն յուշքերով,
Նուագ, քու ջուրդ միայն կու տայ կեանք, կորով,
Ու կը լուծուի քու խորհուրդիդ մէջ հոգիս՝
Ինչպէս շուրթը կը միանայ շրթունքին.

Ոսկի՜ հեծեծ Օ՜հ, կախարդանք մոգական
Հո՜վ մը թեւի վազեց մարմնին վրայ թեթեւ
Ձեռքեր հըպին մեզ հրեշտակի փափկաթեւ ։

Դաշնակութի՜ւն, դու ես մեր կոյսն օգնական,
Որ սըրտիդ վրայ, ողորմելէ տըղու պէս,
Մեր սիրտն անհուն, մեր խե՜ղճ սիրտը կ՚օրօրես ։