***
Աբեղաները
ի
զո՜ւր
կը
տքնին,
Ես
չեմ
հաւատար
իրենց
երկինքին.
Բայց
քու
աչերուդ
կը
հաւտամ
գոնէ,
Երկինքըս
հո՜ն
է
։
Աբեղաները
ի
զո՜ւր
կը
խօսին,
Ես
չեմ
հաւատար
Տէր-Աստուծոյ
սին,
Հաւատքըս
միա՜յն
սիրտիդ
է
կապուած,
Ա՜լ
չունիմ
Աստուած
։
Ալ
հաւատք
չունիմ
ես
ո՛չ
Դժոխքին,
Ո՛չ
չար
Ոգիին
վրայ
մոլեգին.
Միայն
աչքերուդ
կը
հաւտամ
դաժա՜ն,
Սրտի՜դ
դրուժա՜ն
…
։