Թարգմանութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՊԱՏԱՍԽԱՆ ԱՌՎԵՐԻ ՁԱՅՆԵԱԿԻՆ

Ինչո՞ւ այսպէս կը մրմնջես գաղտնապէս
Թէ հոգիիդ մէջ ծընած սէրն անմոռաց
Անդարման ախտ մ՚է, թէ լըռել պէտք է քեզ
Ու թէ նէ քու սէրէդ ոչինչ չէ գիտցած ։

Բնա՜ւ չէիր կրնար անցնիլ դուն անտես
Եւ պէտք չէիր քեզ նըկատել մենակեաց.
Սիրելագոյն հոգիները մերթ այսպէս
Չկրնալով հայցել՝ ոչինչ չեն գըտած ։

Աստուած մեզի՛ պարգեւեց սիրտ մ՚զգայուն.
Եւ շատ քաղցր է լսել է՛ն պարզ կնկայ քով՝
Իր քայլերէն ծընող մրմունջը սիրոյն ։

Նէ՛ որ կ՚ուզէ մընալ Պարտքին իր հըլու,
Յուզուեցաւ, երբ կարդաց քերթուածն լի ի՛րմով,
Լուռ հասկցաւ, բայց Կը քաշուէր ըսելու ։