Թարգմանութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՍԿԵՊՏԻԿՈՒԹԻՒՆ

Կը սիրե՜մ քեզ, ո՜վ անո՜ւշ բառ քաղցրահունչ,
Մշտնջեայ երգ, որով կ՚օրրես իմ հոգին,
Ինչպէս կ՚օրրեն տըղուն, որ լուռ մընայ, մունջ ։
Քանիներո՜ւ զայն, անխորհո՜ւրդ, ըսիր, կին ։

Գիտեմ բայց մեր սիրտն է այնքան տարօրէն՝
Որ տակաւին կ՚ուզեմ հաւտալ այդ խօսքին,
Ինչպէս մանուկ մ՚որ երազին մէջ վերջնօրէն՝
Փակէ աչերն, որ հրեշտակներ տեսնէ կրկին ։

Փակեմ աչքերս ես ալ սիրոյ տեսիլքին,
Անունդ, որու մէջ սուզի միշտ իմ կամք,
Ես երազող տըղու նըման նայիմ մութին՝
Ուր կը փթթի կապոյտ ծաղիկ մը խաբկանք ։