Հերոսը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԵՐՈՍԸ

Գ.

Ասանկ ամիսներ անցան…։

Յուլօրէն՝ սակայն կը մարէր առաջին խանդավառութիւնը։ Անոնք որ կարծած էին հարստանալ ազատութենէն վերջ՝ աղքատ մնացին։ Հարուստները դժգոհ էին, որովհետեւ սովորական ստամբակներ, վարժապետներ, գրագիրներ, խմբագիրներ երես կ’ելլէին ու կ’անարգէին զիրենք։ Ասոնք՝ անձնական ցաւեր։ Կային ընդհանուր ազգին վերաբերող դատեր որոնք չէին լուծուած։ Բոլոր ազգասէրները կծու ու լալագին դէմքով յոռի ու մռայլամած ամպեր կը տեսնէին հորիզոնին վրայ։

Ազգը ի՞նչ շահեցաւ, կ’ըսէր մին։

Ի՞նչ հասկցանք ասկէ, կ’երկրորդէր ուրիշ մը։

Հողային խնդիրը չի կարգադրուեցաւ տակաւին, եթէ հաւասարութիւն կայ՝ Հայոց հողերը տրուելու են, վա՛յ ազատութիւն վա՜յ, ի՜նչը փոխուեցաւ, կը կրկնէր խմբագիր մը որ ամէն օր աներեւակայելի հայհոյութիւններ ու զրպարտութիւններ կ’ընէր իր թերթը չգնողին, ու կը գրէր սանձարձակութեան այն չափով, որ ստրկութենէ ազատած մարդերու յատուկ է։

Եղբայր, Թուրքիան մարդ չըլլար, իմացա՞ր, չըլլա՛ր, այսչափ. տասնըհինգ տարուան տունի տուրք եկեր կ’ուզեն ինէ, կ’աղաղակէր միջակորեար աղա մը։

Յետոյ դանդաղօրէն, անշշուկ, բայց ապահով քայլերով յեղափոխական գաղափարէն կ’ուծանային, նման երիտասարդներուն որոնք վայելքէն վերջ կնոջ երես չեն ուզեր տեսնել։

Յեղափոխութիւնը լաւ բան է անշուշտ, բայց յեղափոխականները լաւ մարդիկ չեն, կ’սէր էֆէնտի մը համարձակ։

Առաջին քայլերը կ’առնուէին, ատելութիւններ կը ծնէին, որոնք մեծնալու համար՝ միայն ժամանակի, այդ բարերար անիմաստութեան կը կարօտէին։

Այո՛, էֆէնտիմ, ա՛լ մերինները եւս չափը անցուցին, ազգը պիտի կործանեն կը կրկնէր թաղին յարգելի աղաներէն մէկը։

Այո՛, այո՛, ալ չափը անցաւ, կ’ըսէր ուրիշ մը, ժամերը թէադրօ դարձուցին, յետոյ այդ ընկերվարութիւն ըսուածը ի՞նչ է, ազգերնիս պիտի փլի եթէ ասանկ երթայ։

Գետինը անցնին ընկերվարութիւնն ալ իրենք ալ, հին ռէժիմին քի՞չ պատուհաս բերին մեր գլխուն, ըրի՛ն, ըրի՛ն, մինչեւ որ ջարդուեցանք. երրորդի մը խօսքն էր աս։

Ուրեմն դժգոհ էին բոլորն ալ, ամէնուն ալ դժգոհութիւնը անձնական էր, թէեւ նուազ հայրենասիրական ալ չէր ատով։

Ա՛լ, առաջին շաբաթներուն պէս, Հերոսին չէին մօտենար։ Հարուստները կասկածանքով կը նայէին անոր՝ քովէն անցած ատեննին, միջակ կարողութեան տէր մարդիկ յիմարաբար ջոջերը կ’օրինակէին, առանց պատճառը գիտնալու։ Կիները իրենց ամուսիններէն ազդարարուած, երես չէին տար Հերոսին, թէեւ մտովի անոր ակնապարար մերկութիւնը կ’երեւակայէին ու զայն կ’ըղձային։ Աղքատներ կը մնային բարեկամ, ու դպրոցական տղաքը որոնք ա՛լ անսովոր բան մը չէին տեսներ այդ հսկային մէջ։ Կը մօտենային անոր երբեմն ծաղրելու երբեմն ալ փայտէ աղեղներ շինել սորվելու համար։ Հերոսը անտարբեր էր այս ամէնուն, կամ անանկ ցոյց կուտար։ Իր սիրական գաղափարները հազարերորդ անգամ ըլլալով կը կրկնէր հանդիպողին, եւ եթէ մարդ չգտնէր, կ’երթար մօտակայ դպրոցի տեսուչին, իբր թէ տղու մը համար դիտողութիւն ընելու՝ ու ժամերով կը խօսէր իր սիրական զբաղումներուն՝ զինավարժութեան, անցեալ կեանքին եւ ընկերվարութեան վրայ։

Մեկնելու ատեն միշտ չէր մոռնար յիշեցնելու,

Եթէ կը կամենաք, Պ. Տեսուչ, ես կուգամ նշանառութեան դասեր տալ ձեր երեխաներին։

Տեսուչը ահաբեկած շնորհակալ կ’ըլլար։

Ոմանք զինք չտեսնելու կը զարնէին, ուրիշներ անկիւնէ մը կը դառնային, կամ իրենց ճամբան կ’երկարէին իրեն չհանդիպելու համար։ Կարծես աս մարդը տարափոխիկ, վտանգաւոր համաճարակ մը ըլլար։

Առտու մը նախաճաշէն վերջ Սիրական էֆէնտին ըսաւ.

Նեմզո՛ւր, սա Հերոսին երես մի՛ տար, ատոնց ալ տառան առինք, կը բաւէ որչափ որ կերաւ, սանկ երես դարձնելով մը ճամբայ տալուն միջոցները գտիր։

Էֆէնտի՛, քեզի շատոնցուընէ ի վեր ըսած եմ ընելիքդ, ատ Հերոս ըսուած մարդիկը մէյմէկ համալ են, անհոգ եղիր, քու մէկ խօսքիդ կը նայէի ես, վաղն իսկ կը ճամբեմ։

Վաղը չէ՛, խոհեմ մարդ էր, սանկ նախ հետը քիթիդ տակէն խօսէ, երեսդ քիչ մը թթուեցուր, յոնքերդ վեր քաշէ, քանի մը օրէն խիստ խօսէ, պզտիկ բանի մը համար ջախէ ու մէկ երկու շաբաթէն վերջ ըսէ՛ իրեն որ ալ բա՛ւ է որչափ հոս կերար։

Հակայեղափոխական ատելութիւնը կը թանձրանար, ոխի կը վերածուէր, ու Սիրական էֆէնտին երկու շաբաթ երկարելով Հերոսի վտարումը իր տունէն, աւելի ապահով ճամբու մը կը հետեւէր։

Տիկին Նեմզուր աւելի՛ն ալ ըրաւ։ Երկու շաբաթ ետք Հերոսին հասակը ա՛լ չերեւցաւ Սիրական էֆէնտիին դրան մէջ։ Ուրիշ տուներ ալ թաղին մէջ բնազդաբար այդ օրինակին հետեւեցան։ Այս կացութիւնը Հերոսին համար լուրջ սպառնալիք մըն էր։ Ան իր գաղափարները տարածելու համար հացի պէտք ունէր, ու ատիկա իրեն կը պակսէր, աղքատ կամ միջակորեար քանի մը տուներէ երբեմն գաղտնօրէն տրուած սնունդը իրեն չէր բաւեր։ Սկսաւ ծառայութիւններ ընել, բաղնիք կը տանէր ծրարներ, սնտուկներ կը փոխադրէր, կամ փոխադրութեանց կը հսկէր, ասոնք թէեւ իրեն համար սովորական բաներ, ու ոչ մէկ կերպով իր ծնունդը ու գաղափարները կ’անպատուէին, բայց թաղեցիներուն աչքին առջեւ արդէն իսկ իր չքացած հերոսի անունը ա՛լ աւելի կը վարկաբեկէին։ Հերոսը երբեմն այդ նիւթին վրայ եղած ծաղրական խօսքերու անհոգ կը պատասխանէր, ու կ’ըսէր համոզուած մարդու կորովով ուսերը շարժելով.

Դէ՛հ, յիմարներ, աշխատութիւնով է բարձրանում մարդը, հոգ չէ թէ այդ աշխատութիւնը շատ համեստ իսկ լինի, գաղափարը միշտ բարձր է կանգնած իմ մէջ, յեղափոխական գաղափարը, ընկերային անիրաւութեանց գաղափարը եւ մարդը գաղափարով է սնում։

Մէկը կ’ըսէր.

Ծօ՛ Հերոս, ալ ձեր օրերն ալ կը համրուին կոր, հերոսները տասը կուտ չեն ըներ հիմա, է՛, անցան ան օրերը, ամէն մարդու աչքը բացուեցաւ։

Շատեր կը խնդային անոր վրայ։

Հերոս կը պատասխանէր խստութիւնով.

Պարոն, դուք անպատւում էք յեղափոխական գաղափարը եւ նրա գործիչը, բայց կուգայ մի օր, երբ դուք նրանց փէշերուն տակ նորից մտնելու կը ստիպուէք։

Բոլորն ալ ծաղրանքով կը հեռանային արհամարհոտ։

Ալ Հերոսը ծիծաղելի կ’ըլլար, աղտեղի, ողորմելի քուրջ մը։ Անոր բոլոր ֆիզիքականը, նախապէս այնքան գնահատուած հերոսին փառքը, հիմա գարշանքի միջոց մըն էր։ Քիթը, որ առաջ անոր հերոսի սարսափեցնող հանգամանքներէն մին կը համարուէր, առ առաւելն ստեպղին մըն էր, աչքերը բորոտած շունի աչքեր, իր շարժումները ռամիկ, սովորական ջրկիրի մը ձեւերը, թեւերը օրանկութեան մը կը յիշեցնէին, ու զօրեղ իրանը ու անդամները կը մնային միայն թաղին կիներուն ու աղջիկներուն համար հրապուրող։

Յետոյ Հերոսը կը կերպարանափոխուէր. նիհարութիւնը քիչ տեղ չէր բռներ այդ փոփոխութեան մէջ, զգեստները կը հիննային, բաճկոնը կը կարճնար, կը գունատէր ու մութ կապոյտը հասուննալով աղտոտ դեղինի ու կանանչի խառնուրդ մը կը դառնար, պատռուածքներ կ’ունենար թեւերուն վրայ, ու անոր օձիքը առատօրէն կը ջնարակուէր նոր իւղով։

Տափատին ծունկերը կլոր վէրքեր կային, ու անոր յատակը լայն շրջանակով կտոր մը կը հանգչէր։

Օրէ օր Հերոսի լաւ օրերուն խինդը կազմող պիրկ մոյկերը կը հիննային, կը գունատէին, պատռուածքներ կը յայտնուէին, անգործածելի դառնալ սպառնալով, թէեւ Հերոսը երեկոները իր ճարտար ու մեծ ձեռքերով կարգի բերել ջանար զանոնք։

Ու օր մը, Հերոսի համար եղերական, թաղեցիներու զարմանքը ու ծիծաղը մեծ եղաւ, երբ տեսան որ Հերոսը առանց մոյկի, պարզ կօշիկներով կը պտտէր։ Ալ ատոր վրայ, վերջին յամող քանի մը հիացումներուն փարատիլը, ցնդիլը։ Բոլոր թաղը խնդաց այդ օրը կուշտ կուշտ, ու Հերոսը առաջին անգամ ըլլալով իր յեղափոխականի կեանքին մէջ ունեցաւ իրեն անծանօթ տեսակ մը զգացում որ վախ կ’ըսուի։

Մարդը երջանիկ յղացումը ունեցաւ հին սեւ տաբատէ մը զոյգ մը զանկապաններ կերտելու։ Ասիկա գոնէ մխիթարութիւն մըն էր, իր հերոսի պինդ ազդրերը ա՛լ պիտի չերեւային, բայց խնդուքը աւելի ընդհանուր, աւելի տեւական եղաւ, ու աւելի երկար օրեր տեւեց այդ դիւային, ծաղրական ծիծաղը։

Աղքատութեան, անկումի երջանիկ յղացումներն իսկ կը խնդացնեն։

Սիրական էֆէնտին ա՛լ Հերոսը քիչ կը բարեւէր, ան ալ մենութեան մէջ միայն. իր պզտիկ, գիշատիչ աչքերը կը խոնարհէին, երբ Հերոսին անցնիլը կը տեսնէր, գետինը, հետաքրքրաշարժ բան մը տեսնելու երեւոյթով։ Ու մտքէն կ’ըսէր էֆէնտին.

Ինծի Կայծիկեան կ’ըսեն, ես մարդու քիթին ասանկ կը խնդամ։ Ինծի համար բռնութիւն ազատութիւն մէկ են. ես բոլոր առիթներէն գիտեմ շահ հանել։

Ու կը հպարտանար քննելով իր ներքին աշխարհը, մաքուր՝ աղբանոցի մը չափ։

Կը խնդար կարդացողներուն վրայ, գիտուններուն եւ գաղափարական ըսուած մարդերուն վրայ, ու խնդալէն, ատելէն, քֆրելէն վերջ կ’արգահատէր ալ անոնց վիճակին։

Խե՜ղճ փարասըզներ, կը կրկնէր միշտ։

Զգօն էֆէնտի, կ’ըսէր իրեն դրացի Ակնցի լումայափոխ բարեկամի մը, որուն դէմքը աղտոտ ու կնճռոտ հաշիւներ կը յիշեցնէր, աշխարհի վրայ ամէն բան ներելի է, խնդիրը դրամ շահելուն վրայ է։

Աս դրամին անունը հրճուալից ժպիտ մը կը ստեղծէր Զգօնի դէմքին վրան, ինչպէս մայրապետի մը այտերուն վրան անարատ յղութեան կոյսին անունը, ու վրայ կուտար.

Հա՛րկաւ, էֆէնտիմ, հարկա՛ւ, անանկ է։

Դրա՛մ, դրա՛մ, դրա՛մ, ասանկ ըսած է Նաբոլէոն անուն մարդը։

Իրաւունք ունի՛ք, հարկաւ էֆէնտիմ, անանկ է։

Ասոր հետ մէկտեղ դրամ շահելէն վերջ, խելքն ալ պէտք է, ազգին գործերը վարելու համար։ Տե՛ս սա ժամերը իմ թաղականութենէս առաջ ի՞նչ վիճակի մէջ էին։ Դպրոցները կարգի դրի ու կարգ մը սէրսէմ մարդերու, վարժապետներուն ամսականները երկու երեք ամիսը անգամ մը կ’ելլէ, մեծ բան չէ՞ ասիկա, համմէ՞ էֆէնտիմ։

Մե՜ծ բան է, Սիրական էֆէնտիս, ի՞նչ ըսել է։

Ու Կայծիկեան էֆէնտիին կինը հպարտութիւնով ձեռքերը դարաւոր կնձնիի մը բունին չափ հաստ մէջքին, մեղքնալու ձեւով կը կրկնէր.

Է՜ էֆէնտի, գոնէ ըրածնե՜րդ ալ գիտնային, աս ազգը ո՞ր աղէկութիւնդ գիտցեր է, ատ երկու փարանոց մարդիկդ ազատութենէն ի վեր մէյ մը տունդ եկա՞ն որպիսութիւնդ հարցնելու։

Անոնց ալ կարգը կայ, ժպիտով կը հաւաստէր Կայծիկեան էֆէնտին։

Հարկա՛ւ, վրայ կը բերէր Զգօն էֆէնտին։

Յեղափոխականներու պայծառ, շռնդալից մեծարանքի օրերը մթագնած էին, կ’առաջանար յետաշրջումի արշալոյսը՝ լռութեամբ։

Քաղաքական հիւանդութեան մը բոլոր ախտանիշները ամրաքայլ երեւան կ’ելլէին։ Մամուլի սանձարձակութիւնը սահման չունէր, եւ ոչ ալ անհատին լեզուն կապ։ Սօֆթաները յանուն ազատութեան ցոյց կը կազմակերպէին։ Զօրանոցներու մէջ դեղին, կանաչ, ճերմակ փաթթոցով մարդեր բաներ կը մռլտային զօրքերու ականջին։ Բոլոր տարրերը դժգոհութիւն կը յայտնէին միաբերան, ու կառավարութիւնը անճրկած էր, որովհետեւ անզօր էր։

Կուգար Զատիկը, ու եկաւ։

Ազատութենէն անմիջապէս վերջ ամէն մարդ հոգ տարած էր զէնք մը գնելու, ու ի՞նչ աւելի յարմար ատեն զանոնք փորձելու։ Քրիստոսի 1909 տարուան ազատ Յարութիւնը պէտք էր զօրաւոր ցոյցերով տօնել։ Երեք օր անընդհատ պատերազմ տաղի կունենար օդին մէջ, կանոնաւոր ճակատամարտ մը, մեծ մարտնչում մը։

Բոլոր քրիստոնեայ թաղերէն անջատօրէն կամ միաժամանակ ճայթիւններ, որոտումներ կը բարձրանային զուարթ ու սոսկումնաւոր ընդմիջումներով։

Մահմետականները այսահար կ’ունկնդրէին բոլոր այս անօգուտ՝ բայց յատկանշական ձայներուն՝ ժպտելով, ու կը մտածէին թէ բան մը փոխուած էր ազատութիւնով, թէ այդ ճայթերը սպառնալիք մըն էին իրենց կեանքին եւ կրօնին, ու կը լեցուէին արդար՝ դարերէ ի վեր սպանդներով նուիրագործուած բուռն վրէժով, հանդէպ քրիստոնեայ թշնամիներուն։

Երիտասարդներ ա՛լ հատցուցած վերջին կապարնին, հեւասպառ կ’իյնային փողոց, հանդիպողին հաշիւ տալու պարպուած գնդակներուն մասին, ու կը ստեղծէին տարօրինակ պատմութիւններ. իբր թէ խումբով անցնող թռչուններէն մէկ քանին ձգեր են, ու նոյն իսկ, ասիկա ըսած միջոցին սիրտերնին ուժգնօրէն կը տրոփէր, իրենց արձակած գնդակներէն շատեր գացեր են տաճիկ տուներու ծխնելոյզին հպանցելու։

Ազդարարութիւններու չէին անսար, ազատութիւն կար, ուզածնին կրնային ընել, մանաւանդ այդպէսով հին վրէժներ կը լուծէին, դառն տառապանքներու փոխարէն կը հատուցանէին, ճշմարիտ ազգասէրներու գործ մը եւ հայրենիքը երախտապարտ մնալու էր ատանկ հերոսական ձեռնարկներու, կը կարծէին։

Յետոյ Մահմետականներու քթին տակ իսկ զէնքերու մասին վիճաբանութիւններ տաճկերէն լեզուով։ Իւրաքանչիւրը իր զէնքին յատկութիւնները, գեղեցկութիւնը, տոկունութիւնը, հեռաձգութիւնը, փողին երկայնութիւնը, կապարին ուժը կը գովէր ու այդ խօսակցութեանց մէջ տարիքոտները նուազ խանդավառ չէին երեւար։ Զէնք ունէին ու հարկ էր որ ցոյց տային ամէնուն. չտեսներու հոգեբանութիւնը։

Մէկը կ’ըսէր.

Գէորգ, մաւզէրիս գնդակները հատցուցի։

Ե՛ս ալ, Երուանդ, ահագին ձայն կը հանէ կոր։

Երրորդ մը կ’ընդմիջէր.

Պռաունինկ մը ամէնէն ապահով զէնքն է, գրպանն ալ կարելի է պահել։

Չորրորդ մը կը ձայնէր.

Քոլտ մարքան միակն է։

Պաշտպանողականի համար Կրա հրացանը լաւագոյնն է, պատ իսկ կը փլցունէ, ահաւոր բան է, կ’ըսէր տարբեր ձայն մը։

Ուրիշներ անգոյ պօմպաներու վրայ կը խօսակցէին։

Հերոսը անցնելով թաղերէն՝ կը պոռար զէնք արձակող տղոց.

Տղե՛րք, ամաչեցէք, խնայեցէք ձեր փամփուշտներին, կուգայ մի օր որ դուք նրանց պէտք կ’ունենաք, ուղղակի յիմարութիւն է դա։

Ու ատոր վրայ ահա քսան երեսուն հարուածներ, միշտ օդին մէջ, կը գոռային՝ եւ կիներն իսկ որոնք առաջին աղմուկներէն սոսկացած էին, հրճուիլ կը սկսէին տեսնելով որ արձակուածներէն արդիւնք մը առաջ չի գար՝ եւ յետոյ Զատիկ ալ էր։

Մէկը պատշգամէն կ’ոռնար.

Առ հատ մը Հերոս։

Ուրիշներ կը հետեւէին,

Հա՜տ մըն ալ ինէ, Հերոս։

Հի՜նգ հատ ինէ, Հերոս։

Վե՜ց հատ ինէ, Հերոս։

Եօ՜թը հատ ալ ինէ, Խորոզ։

Առ Հերոս, առ քեզի յիմարութիւն, Խորո՜զ, Խորո՜զ։ Ու կը սեղմէին։ Թաղը խնդուքով ճաթելու աստիճան կը խեղդուէր, այս ծաղրանքներուն վրայ։

Հերոսին սիրտը կը ճմլուէր։ Կը կսկծար անօգուտ վատնուած կապարներուն վրայ, եւ կը ժողվէր փողոցներէն թէ կապարը եւ թէ անոնց կաղապարները։ Ինք գիտէր կապար թափելուն արհեստը։

Թաղին բոլոր մարդիկ առ հասարակ սպառած էին կապարնին, Զատիկին երրորդ օրը։

Սիրական էֆէնտին հաճոյք չէր զգար ահաբեկող ձայներէ. բայց խրախուսական բաներ մը կ’ըսէր տղոց, ու գիտցողի ձեւեր կ’առնէր զէնքերու վրայ խօսած ատեն։ Սակայն մտովի կ’անիծէր այդ յիմարները, որովհետեւ լաւ կը ճանչնար թուրք հասարակ խուժանին հոգեբանութիւնը, որ պզտիկ շարժումներու կը սպասէր սպառնալիք մը դառնալու համար։

Անոր համար քաղաքի մը փճացումը մեծ արժէք չունէր, միայն թէ իր ինչքերուն խնայէին։

Դրամ ունեցողը, կը խորհէր բնական կերպով, ազգ ունի ուր որ ալ ըլլայ։

Տեսակ մը հոտ իր ռունգերուն կը հպէր. քերծէի ստոր հոտառութիւն մըն էր իրենը, որսը զգալու ու պատահարներ գուշակելու։

Զատկին երկուշաբթին այցելութիւն տալով Զգօն էֆէնտիին ըսաւ անոր.

Զգօն էֆէնտի, օդին մէջ բան մը կը դառնայ կոր, ասոնց քաղաքականութեանը չեմ հաւնիր կոր, սանկ փսփսուքներ մը կան, խռովութիւն պիտի ըլլայ եղեր։

Հարկա՛ւ, էֆէնտիմ, ասանկ երթայ նէ անանկ կ’ըլլայ. ու մտովի տրուած դրամի մը վաշխը կը հաշուէր։

Մերիններն ալ չափը կ’անցունեն։

Իրաւունք ունիք, աս քանի՞ գիշեր է որ քուն չենք ըլլար կոր։ Այո՛, Սիրական էֆէնտիս, ա՛լ համը փախցուցին, ամէն բան չափ մը ունի։ Մինչ միտքը հարիւրին երեսունը իննէն հաշիւ մը կարգի կը դնէր։