Յօդուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՐՓԻԱՐ ԱՐՓԻԱՐԵԱՆ (1852– )

Ծնած է 1852ին, Սամսոնի առջեւ, Սեւ Ծով, շոգենաւի մէջ, սպաննուած Գահիրէ: Ակնցի ծնողքէ: Ուսումն առած նախ Օրթագիւղի ազգ. դպրոցը, յետոյ Վենետիկի Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանին մէջ: Մին հիմնադիրներէն Արարատեան Ընկերութեան (որ ապա ձուլուելով ուրիշ ընկերութեանց հետ, ծնունդ տուաւ Միացեալին): Հիմնած է ընկերովի «Արեւելք» օրաթերթը, յետոյ «Հայրենիք»ը, վարած է «Մասիս»ը եւ թղթակից եղած է 30 տարի «Մշակ»ի, Հայիկ ծածկանունով: Եղած է Ազգ. երեսփոխան 1896ին, արտասահման փախելով աստանդական ապրած է Լոնտոն, Վենետիկ, Եգիպտոս եւայլն, ու հրատարակած է «Նոր-Կեանք», «Մարտ», «Հայ Հանդէս» թերթերը, աշխատակցած կամ խմբագիր եղած «Հնչակ»ի, Եգիպտոսի «Շիրակ»ին եւայլն: Գործածած է նաեւ Հրազդան եւ Սկեպտիկ ծածկանունները, «Օրուան Կեանքը» խորագրով յօդուածներ, թերեւս նշանաւորագոյններն են իր հրապարակագրական արտադրութեանց: Հմուտ ազգային եւ քաղաքական կեանքի եւ տէր խոր ու նուրբ իմացականութեան: Եղած է մեծազօր եւ ահարկու հրապարակագիր, մահացու ծիծաղով մերթ անիրաւ երգիծաբան որ հանճարեղ էջեր արտադրած է սակայն, որոնցմէ ոմանք իբր հակամելքիսեդեքեան եւ շատը իբր ժողովրդական խորհող: Գրած է («Նոր Կեանք»ի մէջ) «Ժամանակակից Պատմական Էջեր», ուրիշ պատմական էջեր վիպաձեւ: Հեղինակ բազմաթիւ վիպակներու (մեր առաջին նորավիպագիրն է, «Մասիս»ի մէջ սկսած), որոնցմէ ոմանք «Կեանքի Պատկերներ», ընդհանուր անունը կը կրեն, եւ անոնցմէ են «Ապուշը», «Ոսկի Ապարանջան»ը եւայլն: Իսկ թրքահայ վէպին գլուխ գործոցն է իր «Կարմիր Ժամուց»ը: Վիպագրի յատկութիւններ ունի պատմական գրականութեան մէջ, եւ պատմագրի յատկութիւններ վիպական երկերուն մէջ: Հատու, ժուժկալ, վառվռուն է ոճը: Բայց մերթ անազնիւ: Ճշմարիտ բայց անմաքուր հանճար մըն է:   ռովիչ եւ անմոռանալի դէմք մը: