Յօդուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԱՐԳԱՐԷԻ ՄԸ ԽՕՍՔԵՐԸ

Ներկայ տարւոյն սկիզբը՝ (13 Յունվ. 1910, Ն. Տ. ) ի Ուօթըրթաուն՝ (Մասաչ., Միաց. Նահանգք) ութսնամեայ բժիշկ մը մեռաւ. Էնտրիու Ճէքսըն Տէյվիս: Ծնած էր Նիւ-Եորքի մօտ 1826ին: Մեզի բնականաբար անծանօթ՝ այլ անգլիախօս երկիրներու մէջ հռչակաւոր այս մարդուն նկատմամբ Լոնտոնի Հոգեպաշտներու Դաշնակցութեան գլխաւոր անդամներէն մէկը՝ Մր. Ճ. Րոպէրդսըն կը գրէ. «Տքթ. Տէյվիս անտարակոյս եղաւ ամենամեծ դէմքը որ դարերու ընթացքին մէջ երեւցած ըլլայ երբեք»:

Է. Ճ. Տէյվիս ներշնչեալ մը, յստակատես մըն էր. մարգարէ մը: Դեռ ոչ իսկ քսանամեայ՝ հիբնոսացած վիճակի մէջ կը տեսնէր ու կը նկարագրէր ճշդիւ հեռու տեղուանք պատահող դէպքեր. գոց գիրքերու մէջ կը կարդար, եւ բժշկական նուսխաներ (recette) տուն տալով, պատճառ կ’ըլլար անվրէպ բուժումներու: Ի Նիւ-Եորք, լսարանի մը մէջ, քնածութեան ենթարկուելէ յետոյ, աչքերը կապուած, ընտրեալ վկաներու ներկայութեան եւ ահագին բազմութեան մը առջեւ, սկսւ ներշնչեալ քարոզութիւններու շարքի մը: 1845 Նոյ. ի վերջերէն մինչեւ 1847 Յունվ. ի վերջերը՝ 157 նիստ գրաւեցին ատոնք. եւ իր բոլոր խօսածները կազմեցին 800 էջնոց հատոր մը, «Սկզբունք բնութեան եւ իր աստուածային յայտնութիւնները»: Միակ տարուան մը մէջ այս գիրքն ութ անգամ տպագրուեցաւ: Անոր յաջորդեցին հետզհետէ ուրիշ գործեր ալ, նմանօրինակ պայմաններու մէջ հեղինակուած: Բոլոր այս գիրքերուն մէջ վարդապետուած գլխաւոր իրերն էին Հոգւոյ գոյութիւնն ու դերը. մարդկային ճակատագիրն ու կատարելագործման իրականութիւնն ու պայմանները. հաւատացեալ ու գործօն բարոյական մը, յետմահու կեանքը, եւն. այսինքն մեծ մասամբ այն խնդիրները զոր նիւթապաշտութիւնն եղկելի նախնականութեան մը ցնորքները կը համարի՝ դրապաշտօրէն ապացուցուած ո եւ է հիմ չտեսնելով անոնց մէջ: Բայց նորանշան վարդապետին քարոզութիւններն յաջողեցան՝ իրենց գերմարդկային բնոյթով՝ ցնցել դղրդել զարմանահար ունկնդիրներու հոգին: Եւ Տէյվիս հազիւ քիչ մը կարդալ կրցող անուս կօշկակար մըն էր երբ սկսած էր իր առաքելութեան:

Արդ, իր «Սկզբունք բնութեան»ին մէջ տեղ մը սա խօսքերը կան.

«Անվիճելի է որ ոգիք կը հաղորդին իրարու, երբոր մին մարմնացած է եւ միւսը կը գտնուի վերին ոլորտներուն մէջ, թէեւ առաջինն անտեղեակ է այս հաղորդութեան: Այս ճշմարտութիւնը պիտի յայտնուի ընդհուպ՝ կենդանի ապացուցման ձեւով, եւ աշխարհ խանդավառութեամբ պիտի ողջունէ ծագումը ժամանակի մը որ ներքին կեանքը պիտի լուսաւորէ. հոգեկան աշխարհին ու երկրի միջեւ յարաբերութիւններ պիտի հաստատուին, ինչպէս որ կան արդէն բարձրագոյն մոլորակներուն ու մերինին միջեւ»:

Եթէ այս խօսքերն իրականանային՝ դէպքերն անտարակոյս մեծ արժէք պիտի տային անոնց. թերեւս անոնց բոլոր արժէքն իսկ իրողութիւններէն պիտի գար. եւ փոխադարձաբար՝ այդ մարգարէութիւնն ալ, յայնժամ, դէպքերը նոր ոյժով մը պիտի զօրացնէր: