Յօդուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

1848 ԹՈՒԱԿԱՆԸ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՄՏՔԻՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Տէյվիսի խօսքերը կատարուեցան յաջորդ տարիէն իսկ, 1848էն սկսեալ:

Եւ կարծես՝ որպէս զի գերագոյն Վարդապետին սա խօսքը նոր պատշաճեցում մ’ունենար՝ «Գոհանամ զքէն Հայր, զի ծածկեցեր զայս յիմաստնոց եւ ի գիտնոց եւ յայտնեցեր տղայոց», ծանուցեալ յայտնութեանց առաջինը պատահեցաւ՝ գլխաւորաբար՝ երկոտասնամեայ աղջկան մը:

Ըստ Տքթ. Բ. Ժիպիէի՝ (Բարիզի բնապատմական Մուսէոնէն, եւ այժմ Նիւ-Եորքի Կատաղաբուժական Հաստատութեան տնօրէն) ամերիկեան հեղինակութենէ մը քաղելով, իր «Ոգեկանութիւն» («Spiritisme») գրքին մէջ կը պատմէ սկիզբն արդի Հոգեպաշտութեան: Ֆօքս անուն պարկեշտ ընտանիք մը, որ կը բաղկանար ծնողքէ մը եւ երեք աղջիկներէ՝ կը հաստատուի Նիւ-Եորքի նահանգին մէջ Հայտսվիլ գիւղը: Կրտսերագոյն աղջիկն էր Օր. Քէյդ, 12 տարեկան:

Իրենց նոր բնակարանին մէջ հաստատուելէն մէկ քանի օր վերջը խիստ տարօրինակ բաներ կը սկսին պատահիլ հոն: Պատերուն, տախտակամածին, քովի սենեակներուն մէջ՝ ծանօթ ոչ մէկ կերպով բացատրելի հարուածներ կը լսուին: Կը վազեն կը նային, ոչ ոք կայ: Ոտնաձայներ կ’իմանան, որոշ, աներկբայելի, բայց ոչ ոք կը տեսնուի: Երբ վարը ճաշի հաւաքուած են ամենքը՝ վերը անլուր տակնուվրայութիւն մը կը փրթի. վեր կը վազեն. ննջասենեկին կարասիները տեղափոխուած են, տապալած, իրարու վրայ դիզուած, մինչդեռ պատուհաններն ու դուռները փակ են ամրապէս, եւ ոչ մէկ փախուստ լսուած է, ոչ մէկ ծածուկ խորշի մէջ մէկը կայ: Օրեր ու շաբաթներ կը տեւէ այս այլանդակութիւնն եւ հետզհետէ աւելի բուռն, աւելի ապշեցուցիչ կերպով: Տնեցիներուն աչքին առջեւ կահերը գետնէն կը բարձրանան, կը տատանին. օրիորդներուն անկողինը, եւ մանաւանդ անիկա, օդին մէջ կը ճօճի՝ ծածանող նաւակի մը պէս: Ի զուր խեղճ Պ. Ֆօքս, անքուն, կնոջը, զաւակներուն հետ տանը շուրջը կը դառնայ գիշերայն, կը սպասէ, կը լրտեսէ, բռնելու համար այդ անպատկառ «դրացի»ները որ կատակին չափը կ’անցունեն…: Եւ ահա օր մըն ալ՝ երբ խեղկատակ չարագործը յանկարծակի բռնելու համար մէկէն ի մէկ դուռ մը կը բանան՝ կը լսեն լռութեան մէջ ձայն մը որ դրան բացուելուն աղմուկը կը նմանցնէ. եւ դեռ ինչ որ կ’ընեն՝ կարծես ծաղրաբար կ’արձագանգուի այնուհետեւ աներեւոյթ աղմկարարին կողմէ, որուն իմացական այլ անմարմին էութիւն մ’ըլլալուն կը սկսին այլեւս համոզում գոյացնել: Դեռատին օրիորդ Քէյդ, տեսնելով որ բոլոր այդ արտառոց իրողութիւններն իրապէս ոչ մէկ վնաս կ’ընեն իրենց՝ կը սկսի կատակել անոնց անտես պատճառին հետ զոր կը կոչէ Պարոն Կճղակաւոր. (M. Pied-Fourchu, Սատանայ): Իրիկուն մը՝ բոյթն ու միջնամատը շաչեցնելով մէկ քանի հեղ՝ «Ինծի պէս ըրէք, կ’ըսէ, Պարոն Կճղակաւոր»: Եւ իսկոյն մատներու նոյնպիսի շաչիւններ կը լսուին նոյնքան անգամ: Օրիորդը նորէն նոյն շարժումը կ’ընէ, զոր օրինակ չորս հեղ, բայց հիմա բոլորովին անշշուկ. եւ զարմանահար՝ կը լսէ չորս շաչիւն՝ իբրեւ պատասխան: «Մա՛յր, կը գոչէ աղջիկը. նայէ՛, ինչպէս որ կ’իմանայ՝ անանկ ալ կը տեսնէ՛ կոր»: Տիկին Ֆօքս կ’ըսէ անծանօթին. «Մինչեւ տասը համրեցէք». եւ տասը հարուած կը զարնուի: Ուրիշ առաջարկներ ու հարցումներ կ’ընեն, պատասխանները կը տրուին ճիշդ ու ճիշդ: «Մա՞րդ էք դուք» կը հարցնեն. ոչինչ կը պատասխանուի: «Ոգի՞ մըն էք» կ’ըսեն. եւ ահա իրարու ետեւէ արագ ու որոշ հարուածներ կը տրուին:

Ալ ամեն ժխոր պահ մը կը դադրի. «Ոգին» յաջողած էր ցոյց տալ իր անմարմին էակի գոյութիւնը: Եղելութիւնը կը տարաձայնուի, եւ Ֆօքս ընտանիքին տունը կը սկսի ըլլալ թատր ու դպրոց Անդրին հետ հաղորդակցութեան:

Ընդհուպ կը նշմարուի թէ Ֆօքս օրիորդներուն ներկայութիւնն է որ միջոց կ’ըլլայ ոգեկան գոյութեան այդօրինակ յայտակերպութեանց (manifestations) ուստի եւ ոգեաց ու մեր միջեւ յարաբերութեան, եւ թէ մանաւանդ Օր. Քէյդն է որ միջնորդի դեր կը կատարէ յանգէտս: Արդարեւ երկար ատենէ ի վեր ծանօթ է որ մարմնազերծեալ էակները կարօտ են ծորանի մը (fluide) որ կը բղխի մեզմէ՝ կարենալու համար նիւթական, զգայարանական ազդեցութիւններ գործել, եւ կան խառնուածքներ որ այդ ծորանն առատօրէն կը հայթայթեն անմարմիններուն, ուստի միջնորդ եղած կ’ըլլան ոգեկան յայտակերպութիւններու: Այսպէս՝ ոչ միայն յետմահու գոյութիւնն է որ անվիճելի կերպով կը հաստատուի այդ գիշերն իսկ յաչս Հայտսվիլի բնակիչներուն, ոչ միայն կը գտնուի ոգեաց հետ հաղորդակցութեան եղանակ մը որ կ’ըլլայ պահանջուած թուով հարուածներու լեզուն, Հարուածաբանութիւնը (Typtologie), այլ նաեւ ի յայտ կուգայ այսրեւանդրի հաղորդակցութեան էական պայմանը՝ Մետիոմութիւնը (միջնորդութիւն, Médiumnité). որով՝ մէկ անգամէն հիմերն իսկ դրուած կ’ըլլան Ոգեկանութեան (Spiritisme) կամ միւս անուամբ՝ Փորձառական Հոգեպաշտութեան (Spiritualisme expérimental):

Եւ քանի որ Հայտսվիլի երեւոյթներն այն թուականէն ցայսօր աշխարհի ամեն կողմը կրկնուած են յանհունս, այլազան կերպերով եւ աներեւակայելի յաճախութեամբ, դիտուած, ուսումնասիրուած, գիտական ամեն կարելի զննութեանց ենթարկուած ու վճռապէս հաստատուած են գիտական աշխարհի մեծագոյն ներկայացուցիչներու կողմէ, 1848ի գարունը սկիզբն եղած կ’ըլլայ մեծ յեղաշրջման մը զոր Հոգւոյ գոյութեան ամենաբեղուն գաղափարը՝ կոչուած ու սկսած իսկ է արդէն կատարելու աշխարհի վրայ: