Յօդուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԻՒՏ (INVENTION)

1. Գիւտը մտքին այն կարողութիւնն է, որով երկի մը նիւթը կազմելիք երկրորդական նիւթերը կը գտնէ (միտքը). ուրիշ խօսքով՝ այն կարողութիւնն է, որով միտքը տուեալ նիւթի մը մէջ կը կատարէ պատշաճ ընդլայնումները:

2. Ընդլայնման, կամ որ նոյնն է, երկրորդական նիւթերու՝ երբ աղբիւրներ կան, ըստ Ֆէնըլոնի որ կ’ըսէ թէ ճարտարախօսութիւնը կը վերածուի փաստելու, նկարելու եւ յուզելու: Այդ երեք աղբիւրներն են Ապացոյցները, Իրողութիւնները, Կիրքերը:

3. Ա. Ապացոյցներ. Իբր երկրորդակա նիւթեր՝ ապացոյցներ բերելու համար. (կամ նիւթը ապացոյցներով ընդլայնելու համար), միջոց մը կայ, այն է բանաւորութիւնը (raisonnement), որ երկու եղանակ ունի.

1. Ներքսածութիւն (Induction). Մասնաւորէն ընդհանուրին, արդիւնքէն պատճառին, դէպքէն օրէնքին բարձրանալը իմացականութեան:

2. Արտաքսածում (Déduction). Իմացականութեան էջքը ընդհանուրէն մասնաւորին, պատճառէն արդիւնքին, սկզբունքէն իրողութեանց:

Սովորական ձեւն է հաւաքաբանութիւնը (syllogisme), որ իր պարզագոյն ձեւին մէջ երեք նախադասութենէ կը բաղկանայ. երկու՝ առաջին եւ երկրորդ prémisse-ներ, եւ մէկ եզրակացութիւն: Պէտք է որ առաջին նախադասութիւնը պարունակէ եզրակացութիւնը: (Սխալ հաւաքաբանութիւն մ’է աս. «Չար են անոնք որ ցաւ կը պատճառեն, վիրաբոյժը ցաւ կը պատճառէ, ուստի վիրաբոյժը չար է»):

Բայց հաւաքաբանութիւնը երկու գլխաւոր եղանակով կը գործածուի. 1. Համաբարձութիւն (sorite) ձեւով (որ իրարու շղթայուած, գրեթէ ձուլուած հաւաքաբանութեանց խումբ մ’է) եւ 2. Ձեռնարկութիւն (épichérème) ձեւով, (որ նախադասութիւններուն կ’ընկերանան անոնց բացատրութիւնները կամ ապացոյցները կամ յարակից գաղափարները):

Գրականութեան մէջ՝ Ձեռնարկութիւնն է որ յաճախ կը գործածուի, փոխանակ իրենց իսկական նախադասութիւններովը միայն կազմուած հաւաքաբանութիւններու:

Երկսայրաբանութիւնը (dilemme) տեսակ մը արտաքսածական խորհրդածութիւն է, ուր երկու հակընդդէմ գաղափարներէ կը հանուի գրեթէ միեւնոյն եզրակացութիւն մը: Վիճաբանական գրականութեան մէջ ասիկա մին է ազդուագոյն զէնքերէն:

4. Բ. Իրողութիւնք. Նիւթը իրողութիւններով ընդլայնելու (այսինքն իբր երկրորդական նիւթ՝ իրողութիւններ դնել) համար սա միջոցները կան.

1. Պարագաները պարզել (հասարակ պարագաներ, որ կը նախընթանան, կ’ընկերանան կամ կը հետեւին գլխաւոր իրողութեան մը: Ինչպէս նաեւ ծանրացուցիչ եւ մեղմացուցիչ պարագաներ):

2. Թուել (էական յատկութիւններ թուել) այսինքն սահմանել, արտաքին յատկութիւնները թուել, այսինքն նկարագրել:

3. Պատճառներն ու արդիւնքները ցոյց տալ:

4. Նմաններն ու ներհակները ցոյց տալ:

5. Գ. Կիրքեր. Այն գլխաւոր զգացումները զոր կ’արտայայտենք ընդհանրապէս եւ որոնց գրեթէ ամենուն տեղեակ է ամեն մարդ, հետեւեալներն են. ուրախութիւնը, տրտմութիւնն ու վիշտը, վհատութիւնն ու յուսահատութիւնը, ամօթը, խղճի խայթը, վախը, պակուցումը (հիանալով հանդերձ սարսափիլ), հիացումն ու պաշտումը, սէրը, տենչանքը, կարօտը, կարեկցութիւնն ու գութը, անձնուիրութիւնը, հակակրութիւնն ու ատելութիւնը, զայրոյթն ու սրտմտութիւնը, վրէժխնդրութիւնը, փառասիրութիւնը, հպարտութիւնն ու գոռոզութիւնը, նախանձը եւայլն: