Անդրանիկ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԴԷՊ Ի ԱՂԹԱՄԱՐ

Եկէ՛ք վազ անցնինք այս ճամբորդութենէն ըսաւ Սրբազանը, երբ մեր նստածը՝ երկրորդ անգամ ըլլալով, առագաստը պարապ, ետ դարձաւ դէպ ի նաւահանգիստը։

Սրբազանը՝ Բագրեւանդեան Սահակ եպիսկոպոս, Վանի օրուան Առաջնորդն էր, որուն հետ, Քաղաքական ժողովի ուրիշ երկու պաշտօնակիցներով ճամբայ ելած էինք այդ իրիկուն, երթալու համար Աղթամար։ Հոն, համաձայն Պատրիարքարանի հրահանգին, մենք պաշտօն ունէինք քննելու կաթողիկոսական տեղապահ, Արսէն վարդապետի դէմ՝ Միաբանութեան, աւելի ճիշդը՝ Միաբանութեան երկու գլխաւորներուն, Եզնիկ եւ Դանիէլ վարդապետներու կողմէն եղած բողոքները։

Աւանցէն, որ Վանի նաւահանգիստն է անոր ծովին վրայ, Աղթամար երթալու համար, նաւը պէտք է որ իր առագաստները լեցնէ հիւսիսային հովով մը, զոր, արեւի մար մտնելէն վերջ միայն, կարելի է գտնել, այն ալ ո՛չ միշտ, ո՛չ ալ առանց փնտռտուքներու։ Նաւը պարտաւոր է՝ որոշ տարածութեան մը վրայ, թիելով շրջան մը ընել, այդ հովը գտնելու եւ անով իր առագաստները լեցնելու համար։

Բագրեւանդեան Սրբազանը՝ ի սկզբանէ ի վեր, տրամադիր չէր եղած այդ քննութեան երթալու։ Ան՝ ամիսներէ ի վեր ձգձգած էր Պատրիարքարանի հրահանգին գործադրութիւնը, եւ, եթէ այդ իրիկուն ան նաւին մէջն էր քննութեան երթալու համար, ազգականերուն առաջինը Օրմանեան պատրիարքի խիստ եւ կտրուկ հեռագիրն էր, իսկ երկրորդը՝ Քաղաքական ժողովի անդամներուն, մասնաւորապէս իմ յամառ պնդումը։

Ես, այդ օրերուն, Քաղաքական Ժողովի ատենապետն էի, Պատրիարքարանի հանդէպ, Առաջնորդէն վերջ ամենէն աւելի պատասխանատու անձնաւորութիւնը եւ ինծի կը պակսէին Առաջնորդ Սրբազանին դժկամակութեան եւ ձգձգումի պատճառները։ Ընդհակառակն, ամէն անգամ, որ Աղթամար եւ կամ Անապատները երթալու առիթ մը կը պատահէր ինծի եւ կամ հրաւէր մը, մանուկի մը խանդավառութեամբ ես ընդ առաջ կ՚երթայի անոնց։

Բագրեւանդեան Սրբազանի դժկամակութեան պատճառներն ալ երկուք էին, առաջինը ֆիզիքական էր՝ իր չափազանց դիւրութիւնը եւ այդ երեսէն շարժուելու անոր դժուարութիւնը։ Սրբազանը 140 քիլօ կը կշռէր, անոր ձի նստիլը, նաւուն կամուրջը ելնելը, անկէ իջնելը մէկ մէկ պատմութիւններ էին։ Երկրորդը, որուն ես միայն ծանօթ էի, այն էր որ Սրբազան չէր ուզեր հանդիպիլ յեղափոխականներու, որոնց՝ այդ օրերուն, որջը կը համարուէր Աղթամարի վանքը։

Աստուծոյ երեքը փորձենք պատասխանեց նաւավարը, Գաբթան Մինաս, երբ, Սրբազանին առաջարկին վրայ, անոր խորհուրդը հարցնելու ելանք։

Գաբթան Մինաս այն սովորական նաւավարներէն չէ որոնք իրենք արհեստին ուսման շրջանը Վանի ծովին վրայ կ՚աւարտեն։ Դեռ պատանի, հօրը հետ ան Պոլիս գացեր, հոն, Թէրսանէյի մէջ աշխատած է, յետոյ, սեփական մակոյկ մը ձեռք բերած եւ զայն Ոսկեղջիւրի վրայ բանեցուցած է։ Ու երբ, օրին մէկը, տեսեր է որ գրպանին մէջ առագաստանաւ մը շինելու չափ դրամ ունի, ելեր Վան եկեր եւ անոր ծովուն վրայ նաւավար դարձեր է։

Որ Գաբթան Մինաս Վանի սովորական նաւավարներէն չէր, յայտնի կ՚ընէր նաեւ անոր կապուստէն, որ, թէեւ խնամուած՝ բայց աւելի Տրապիզոնցի Լազ մը կը յիշեցնէր քան թէ Վանեցի նաւաւար մը, յետոյ քիչ մըն ալ անոր լեզուէն, որուն վրայ կուգային յաճախ թուրքերէն բարդ բառերը եւ Պոլսոյ մակուկավարներուն յատուկ անգղիերէն կամ յունարէն բացատրութիւններ՝ սթօփ, սիա, եւայլն։

Նաւավար Մինասը իր նմաններէն զատող այս զարտուղութիւնները հեգնելու համար էր որ իր արհեստակիցները անոր անունին կցած էին գաբթան տիտղոսը, որմէն սակայն բնաւ դժգոհ չէր մնացած նաւավար Մինաս։ Ան ոչ միայն լուրջի տեղ կ՚առնէր իրեն՝ հեգնորէն տրուած տիտղոսը, այլ եւ - ամէն անգամ որ իր ականջին կը հնչէր իր անունը շոյող այդ տիտղոսը, երբ մանաւանդ այդ հնչիւնը կուգար քիչ շատ հեղիանակաւոր բերաններէ, Գաբթան Մինասի կուրծքը կարծես թէ կ՚ուռէր քիյ մը եւ լայն ժպիտ մը, զոր աւելի բան գիտցողղները միայն կրնան ունենալ, կ՚անցնէր անոր կլոր եւ վարդագոյն դէմքին վրայէն։

Այս երեւոյթը այնքան ալ անբնական չէ այնպիսիներու համար, որոնք՝ կոչումի փոխարէն, ա՛յսպէս թէ այնպէս, տիտղոս մը փակած ունին իրենց անունին։

Որ Թէրսանէյի աշակերտը զուրկ էր գաբթան ի կոչումէն, այդ իրիկուն պարզ եղաւ անով, որ երկու անգամ ան չէր կրցած բռնել հովին օձիքէն, զոր լիճին վրայ մեծցողները իրենց գրպաններուն պէս կը գտնեն անմիջապէս։

Եթէ Աստուծոյ երեքին Գաբթան Մինաս կրցաւ գտնել հովը, շնորհը աւելի Աստուծոյ տուած մէկ պատահմունքին եղաւ քան թէ իր արհեստին։ Ան՝ նաւը ձախին ուղղութեամբ քշելու մէջ էր, երբ նաւուն պզտիկը   որ՝ Վանեցիներու լեզուին վրայ նաւաստին է, ինծի մօտեցաւ եւ մեկուսի՝

Ըսէ՛ք Գաբթանին որ նաւուն ուղղութիւնը դարձընէ դէպ ի աջը։

Ինչո՞ւ դուք չէք ըսեր։

Եթէ ես ըսեմ, ան քիչ մըն ալ դէպ ի ձախը կը քշէ նաւը։

Ինչո՞ւ, այդքան ձա՞խ է ուրեմն այս մարդը։

Նաւուն պզտիկին ժպիտը բնորոշ էր, զայն թողուցի եւ կամաց մը Գաբթանին մօտեցայ,

Քիչ մըն ալ եկէ՛ք դէպ ի աջը փորձեցէ՛ք   ըսի անոր, խորհուրդի շեշտով մը։

Քիչ մը վերջ, պատասխանեց Գաբթան Մինաս, տեսակ մը արհամարհանքով, կէս միլ (մղոն) ալ պէտք է քշեմ, յետոյ պիտի դառնամ դէպ ի աջը։

Բանէն դուրս եկաւ որ մղոնը, որ Աւանցի նաւավարներէն միայն Մինասին էր ծանօթ, ուրիշ բան չէր եթէ ոչ փաթթոց մը, մէջը պարտկելու համար իր՝ գաբթանին խակութիւնը։ Գաբան Մինասին կը պակսէր գաղափարը կամ մղոնի եւ կամ իմ՝ մղոնի համար ունեցած գաղափարի մասին, վասնզի հազիւ թէ ան 200 մէթրի չափ նաւուն թիել տուած էր դէպի ձախը, որ յանկարծ շրջել տուաւ անոր ուղղութիւնը եւ դարձուց դէպ ի աջը։ Ու, այն չափով որ նաւը քալեց դէպ ի աջը, նոյն չափով հովը լեցուց անոր առագաստները։ Փոքր մի եւս   ու ահա նաւը սկսաւ քալել առանց թիելու օգնութեան։

Այս րոպէներուն, Սրբազանը՝ որ՝ մութին մէջ, էնֆիէի տուփէն խոշոր պտղուց մը քիթը անցուցած էր, երեք անգամ, մէկ միւսէն դղրդագին, փռնդտաց։ Փռնդտոցին վրայ, որուն դղրդիւնը հասաւ մինչեւ մեզ, Գաբթան Մինաս «խեր է» ըսելով երեք անգամ խաչակնքեց երեսը եւ «Եա՜ Սուրբ Գէորգ» մաղթանքով ինքզինքը տեղաւորեց նստած տեղը։

Սուրբ Գէորգ՝ Լիմ Անապատի տաճարին սուրբը, Վանի նաւավարներուն սուրբն է։

Ծովին դեռ խորը չենք մտած, ալիքները տակաւ շատ հեղ են եւ հանդարտ, նաւուն անոնց դէմ մղակռիւին ձայնը աւելի եղեւիններու սօսափիւնին կը նմանի քան թէ ալիքներու սովորական մռնչիւնին։

Կը տեսնէ՞ք Կայծակը   ըսաւ Գաբթան Մինաս հպարտ շեշտով մը, երբ նաւը սկսաւ սուրալ։

Կայծակ նաւուն անունն էր։ Ասիկա եւս բացառութիւն մըն էր Աւանցի նաւահանգիստին մէջ, որուն միւս նաւերը իրենց տէրերուն անուններն է միայն որ էր կրել։

Այս զարմացական բացագանչութեան իմաստն ու շեշտը մէկ մէկ թարգմաններ էին Գաբթան Մինասի թէ անփորձութեան եւ թէ՛ նկարագրին։

Երբ նաւը ծովուն բացը ելաւ, Մինասը՝ ղեկը ձեռքին մէջ   սկսաւ հրամաններ որոտալ աջը ու ձախը,

Այս չուանը սեղմեցէ՛ք, այն չուանը թուլցուցէ՛ք։

Նաւուն պզտիկը առագաստին մէկ չուանը կը սեղմէր, միւսը կը թուլցնէր։ Բայց, ամէն անգամուն ալ ան դէմքին վրայ կը բերէր ժպիտ մը որ հեգնող հով մը ունէր իր մէջ, եւ որ կարծես մեզի կ՚ըսէր։

Ո՛չ այս չուանը թուլցնելու պէտք կար, ո՛չ ալ միւսը սեղմելու։

Յայտնի էր որ Գաբթան Մինաս մեզի ծախել կ՚ուզէր շնորհ մը, որ անոր ամենէն տկար կողմը կը թուէր ըլլալ։

Բայց, միայն նաւավարութեան շնորհը չէր որ Գաբթան Մինաս մեզի ծախել ուզեց այդ իրիկուն։ Երբ, անոր պակսիլ սկսան այլ եւս նոր հրամաններ արձակելու առիթներ, տեղի թէ անտեղի, ան դարձաւ դէպ ի իր միւս… շնորհները։

Իմացա՞ծ էք լուրը, ան հարցուց ինծի, զիս մեկուսի բռնելով։

Հարցումին հետ, Գաբթան Մինաս իրար բերաւ իր թաւ եւ սեւ յօնքերը, հարցական շող մը դնելով աչքերուն մէջ եւ փսփսուքի շունչ մը ձայնին վրայ։

Ո՞ր լուր   ըսի, ոչ առանց տպաւորուելու խորհրդաւորութիւն բուրող այդ նշաներէն։

Սասունի լուրը։

Ես ուրիշ բան չգիտէի Սասունի մասին, եթէ ոչ զինուորական առաքումները, զոր թուրք կառավարութիւնը ըրած էր այդ օրերուն (904ի գարնան) դէպ ի Սասուն։

Գաբթան Մինաս հեգնական ժպիտ մը ուրուագծեց դէմքին վրայ, երբ ես Սասունի մասին իմ գիտցածը, որ չգիտցուածի պէս բան մըն էր, անոր հաղորդեցի։ Ան՝ ժպիտին հեգնականութիւնը անբաւական գտաւ եւ անոր կցեց նոյնքան կծու բացատրութիւն մը։

Դու միա՜յն կաս յԵրուսաղէմ։

Ու ան պահեց, պահ մը, հպարտ լռութիւն մը։ Ան  բան մը չըսաւ նոյնիսկ, երբ ես նուազ անհամբեր, հարցունելու ելայ՝

Նոր բան մը կա՞յ արդեօք։

Գաբթան Մինաս, այս անգամ   նոր տեսակի ժպիտ մը բերաւ դէմքին վրայ, հպարտ եւ մեծամիտ ժպիտ մը եւ իրեն տուաւ կեցուածք մը, որ ունեցողին կարեւորութեան մէկը տասը կ՚ընեն, եթէ ոչ ուրիշին, գէթ ունեցողին աչքին։

Մթնշաղի գորշը սկսած է նոր փայլ մը զգենուլ։ Լուսնկան՝ երկինքէն կարծես արծաթ փոշի ցանած է այժմ անոր վրայ։ Երեւոյթը ուրիշ տեսակի խորհրդաւորութիւն կը դնէ Գաբթան Մինասի լուռ ժպիտին, եւ հարգական նոր փայլ մը՝ իր աչքերուն մէջ։

Երբ Գաբթան Մինաս բաւական համարեց իմ հետաքրքրութեան լարուածութիւնը, հաճեցաւ խզելու իր լռութիւնը։

Անդրանիկ լքած է Սասուն եւ իր զինուորներուն հետ ճեղքելով պաշարման գիծը, հեռացեր է անկէ, փսփսաց ան։

Ապարդիւն անցան իմ թէ՛ զարմացական բացագանչութիւնը եւ թէ՛ թերահաւատութիւն մատնող իմ ժէսթը։ Մինաս, հակառակ իմ ակնկալութեան, նոյն իսկ հարցումին, չըրաւ խօսք մը, որ ծառայէր հաստատելու տուած լուրը   այլ անցաւ ուրիշ պատմութեան մը։

Ա՜խ, ի՜նչ ըսեմ ես սա մեր հայ նաւավարներուն   ըսաւ ան, թեթեւ հառաչով մը եւ յօնքերը պռստելով։

Իմ հարցական ժպիտը բաւական եղաւ, որպէսզի ան շարունակէ նոր հառաչով մը։

Քանի որ այս նախանձի ոգին կը տիրապետէ մեր մէջ, բան մըն ալ ըլլալիք չունինք մենք։

Եւ իմ նոր ու միշտ հարցական ժպիտին վրայ՝

Գիտէ՞ք թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս եղաւ որ Եօնուս էֆէնտին իսքէլէ աղասի (նաւահանգիստի պետ) դարձաւ։

Այս անգամ ժպիտը չէր բաւեր, անոր ազդեցութիւնը կը թուէր հատած ըլլալ։ Հարկ եղաւ ընել Գարթանին փնտռած հարցումը։

Ինչո՞ւ։

Վասնզի ես կայի անոր դէմ, որպէս թեկնածու։

Չհարցուցի Գարթանին թէ ի՜նչ կապ կար Անդրանիկի  Սասուն լքելուն եւ Եօնուս էֆէնտիի իսքէլէ աղասի ընտրուած ըլլալուն եւ կամ իր ընտրուած  չըլլալու իրողութեանց  միջեւ։ Ընդհակառակն քիչ մը աւելի հանգիստ ձեւ մը տուի իմ ընկողմնած դիրքին, ինչ որ քաջալերական թուեցաւ Գարթան Մինասին՝ շարունակելու համար իր պատմութիւնը։

Նաւավար Ա. իր քուէն տուաւ Եօնուս էֆէնտիին, վասնզի ան կը կարծէր թէ ես դաշնակցական եմ։

Մինասի այս խօսքին վրայ ես պիտի տարուէի անշուշտ զինք ոչ- դաշնակցականի տեղ առնելու, եթէ ան իր այս խօսքին չկցէր անմիջապէս՝

Միթէ դաշնակցականը հայ չէ՞։

Յետոյ շարունակեց ան՝

Նաւավար Բ. իր քուէն տուաւ Եօնուս էֆէնտիին, վասնզի ան կը կարծէր թէ ես կը սիրէի իր հանգուցեալ եղբօր կինը։

Է՜հ   ըսի ինքնիրենս, տեսնելով որ պատմութիւնը քիչ մը հովուերգական երանգ կը ստանայ։ Քիչ մը աւելի ընկողմնեցայ դիրքիս մէջ, եւ, թող չտալու համար որ ան անմիջապէս քուէատու նաւավարներուն երրորդին անցնի,   է՜հ-ով չբաւականացայ ես ու հետաքրքրութիւնս հարցումով մը մատնեցի։

Նաւավար Բ.. ինչո՞ւ պիտի չուզէր որ սիրէիք իր եղբօր այրին   ըստ անմեղ ժպիտով մը, քանի որ դուք ալ այրի էք եւ կրնաք  ամուսնանալ իրարու հետ։ Գարթան Մինաս չինկաւ թակարդին մէջ։

Ես այրի չեմ   ըսաւ ան. բայց, եթէ այրի ալ եղած ըլլայի, նաւավար Բ.. չպիտի դադրէր նախանձելէ, վասնզի ինքն է որ կը սիրէ իր եղբօր կինը, որ սակայն բնաւ չփոխադարձեր անոր սէրը։

Այս վերջին խօսքին վրայ, առնական հով մը՝ հպարտ ժպիտի մը հետ, հովի մը արագութեամբ անցաւ Գարթանի դէմքին վրայէն։ Ան՝ մատներովը շոյանք  մը տուաւ իր սեւ ու հաստ ընչացքներուն եւ լռեց։ Յայտնի էր որ անոր սիրտը անտարբեր չէր ակնարկած կնոջը հանդէպ, եւ, այդ րոպէին, իր գերազանցութիւնը յիշեցնող քանի մը հեշտագին զարկեր նշանակած էր։

Պատմութիւնը հետաքրքրական էր, բայց անոր թելը կտրած էր, զայն շարունակել տալու համար, հարկ էր որ ես հարցումով մը ճշդել ուզէի թէ իրօք՝ ինքը Գարթան Մինասը   կը սիրէ՞ր նաւավար Բ... ի եղբօր այրին, քանի որ ան՝ երրորդի մը բերնովն է որ մէջտեղ գրած էր այդ սիրոյն պատմութիւնը։ Քիչ մը անփափկանկատ համարեցի այս հարցումը։ Յետոյ, փափաք մը եկաւ ինծի որ ան շուտով լմնցնէր իր իսքէլէ աղասի ընտրուած չըլլալու պատմութիւնը եւ անցնէր Անդրանիկի Սասուն լքած ըլլալու լուրին։

Երկար է՜հ մը իմ կողմէն եւ Գարթան Մինաս շարունակեց.

Չերկանեմ։ Նաւավար Գ... անոր համար իր քուէն Թուրքին տուաւ, որովհետեւ Հիւսնի էֆէնտին այդպէս հրամայած էր անոր։

Հիւսնի էֆէնտին, այդ օրերուն ոստիկանական անօրէն, գիտէի որ ամենայն ինչ էր Վանի մէջ։

Պատմաբանին «չերկարելու» հաւաստիքին վրայ, հրաժարեցայ ընդմիջելու տրամադրութենէն, որ այդ րոպէին, ինծի եկած էր։

Բայց Գարթան Մինաս, հակառակ իր «չերկարենք»ին, անցաւ նաւավարներու չորրորդին։

Նաւավար Դ... ցնդած ծերունի մը, ինծի քուէ չտուաւ. վասնզի ան նախանձի ոխ մը ունի սիրտին մէջ բոլոր անոնց հանդէպ՝ որոնք կայտառ երիտասարդներ են։

Գաբթան Մինաս ո՛չ այնքան երիտասարդ կը համարուէր   ո՛չ ալ նախանձ շարժելու չափ կայտառ։ Անոր դատումները, կասկած չկար այլեւս, իր մասին սնուցած անոր գաղափարէն էին որ կը բխէին։ Գաբթանը կը ներկայացնէր մէկը այն հետաքրքրական տիպարներէն, որոնք մարդը, ակամայօրէն, հոգեբանական վերլուծումներու կը մղեն։

Այս ակամայ մղումն էր, որ, այս անգամ, ինծի համբերութիւն բերաւ։

Ե… աչք ունէր այդ պաշտօնին   շարունակեց ան   եւ, տեսնելով որ ինքը շանս չունէր ընտրուելու, չէր քաշուած նոյնիսկ հրապարակաւ յայտնելու թէ՝ քանի որ իրեն չպիտի ըլլար այդ պաշտօնը, թող երթար Թուրքի մը ըլլար։

Ասիկա քիչ մը հայկական էր, քիչ մըն ալ մարդկային։ Բայց Գաբթան կ՚երկարէր։

Աւանցի նաւահանգիստը հարիւրէ աւելի նաւեր եւ նաւավարներ ունէր։ Ես սկսայ վախնալ որ Գաբթանը կրնար իրարու ետեւէն թուել պատճառաբանութիւնները նաւավարներուն եթէ ոչ ամբողջին, գէթ անոնց այն մեծ մասին   որոնց քուէներով միայն կրնար ընտրուած ըլլալ Եօնուս էֆէնտին։ Որոշեցի ընդմիջել եթէ Գաբթանը անցնէր նաւավար Զ…ի պատճառաբանութեան, բայց, Գաբթան Մինաս, այս անգամ, իր թւումը շարունակեց այնպիսի նախադասութեամբ մը, որ ինծի կարծել տուաւ թէ մասնաւոր թւումը վերջ գտած էր այլեւս։ Առանց մոռնալու իր «չերկարենք»ը Գաբթանը անոր կցեց անմիջապէս՝

Դուք չէք ճանչնար Հայու նախանձը։ Նաւավար Զ… ուզած էր իմ «Կայծակ»ի ձեւին վրայ նաւ մը շինել, բայց, չյաջողելուն համար, ոխ կապած էր իմ դէմ։

Յետոյ, նաւու պզտիկին խիստ հրաման մը տալէ վերջ, աւելցուց ան,

Թէրսանէյի մէջ իմ տասը տարուան աշխատանքը բան մը չպիտի արժէր ուրեմն։

Այլեւս պարզ էր որ Գաբթան Մինաս թւումը կ՚ընէր ո՛չ թէ իր դէմ քուէարկողներուն պատճառաբանութեանց, այլ իր շնորհներուն, իր սիրային արկածներուն, իր երիտասարդ կայտառութեան   իր մասնագիտութեան։ Ժամանակ չտալու համար որ եօթներորդին անցնի ան իր արհեստակիցներուն, կատակով մը՝ զոր ժպիտով մը մեղմեցի, հարցում տուի Գաբթանին՝

Ան չէ ամմա, ձեր կարծիքով երկարցնելը ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ։

Յետոյ, այս քիչ մը կոպիտ ընդմիջումիս տպաւորութիւնը մեղմելու համար, ըրի, այս անգամ, հարցումը, զոր երկար ատենէ ի վեր կախակայած էի։

Ի՞նչ կապ Անդրանիկի Սասուն լքելուն եւԵօնուս էֆէնտիին իսքէլէ աղասի ընտրուելուն եւ կամ ձեր չընտրուելուն միջեւ։

Գաբթան Մինաս գոհ չմնաց անշուշտ հարցումիս այս ձեւէն։ Ինծի պատասխանելէն առաջ, ան նաւուն ընթացքը զննելու համար աչքերուն շրջան մը ընել տուաւ դէպ ի աջը, դէպ ի ձախը, յետոյ առագաստին դիրքը փոխելու համար, անոր չուաններուն աջը թուլցնելու, ձախը սեղմելու հրամաններ արձակեց, ձայնին մէջ չմոռնալով դնել խստութիւն մը եւ աչքերուն մէջ խոժոռ մը, զոր ես կրնայի քիչ մը իմ հարցումիս կոպտութեան ուղղուած համարել, յետոյ, նաւուն ղեկին նոր ուղղութիւն մը տալէն վերջ, առաւ գիրք մը, զոր ուրիշ կերպ կարելի չէր թարգմանել, եթէ ոչ՝

Հիմա կրնանք առանց կատակի խօսիլ։

Բայց, խօսքի անցնելէն առաջ, Գաբթան Մինաս աջը ու ձախը լաւ մը լրտեսեց, հրահանգի մը պատրուակովը նաւուն պզտիկը քիչ մըն ալ հեռացուց, յետոյ, ձայնին աստիճանը նուազագոյնին իջեցնելով, ըսաւ՝

Անդրանիկ պարտաւորուեցաւ Սասունը լքել, վասնզի ան զէնք եւ փամփուշտ չունէր։ Արեւելեան Պիւրօն խոստացած էր Վանի գիծով զէնք եւ զինամթերք հասցնել անոր, բայց ամիսներ անցան եւ սակայն Վանի Կեդրոնական Կոմիտէն, որ ծովի ճամբով միայն կրնար զէնք հասցնել Սասուն, չկրցաւ ընել զէնքի փոխադրութիւնը։ Եւ գիտէ՞ք ինչու։

Ինչո՞ւ։

Որովհետեւ Հիւսնի էֆէնտին, Եօնուս էֆէնտիի աչքերովը՝ կը հսկէր Աւանցէն մեկնող նաւերուն վրայ։

Այդ օրը ես չգիտէի տակաւին թէ Դաշնակցութեան Վանի պահեստը այնքան պարապ էր որքան Սասունինը։ Ատոր համար այնքան ալ անտրամաբանական չգտայ Գաբթան Մինասի դատումները։ Հարցուցի սակայն անոր թէ՝ դէպ ի ո՞ւր հեռացած կրնայ ըլլալ Անդրանիկ։

Դէպ ի ո՞ւր պիտի ըլլայ, դէպ ի ծովին ափերը անշուշտ։

Ի՞նչ ընելու համար։

Անշուշտ Վան անցնելու համար։

Վանի մէջ ի՞նչ ընելու պիտի գայ ան։

Վանի մէջ ան նախ իր զինուորական պատրաստութիւնները պիտի լրացնէ, պատասխանեց ան հաստատուն թօնով մը։

Գաբթանը առանց իմ նոր հարցումին չէր որ շարունակեց ձայնով մը՝ որ աւելի շունչ էր քան թէ ձայն։

Յետոյ կամ Պարսկաստան պիտի անցնի եւ կամ…

Գաբթան Մինաս ժէսթով մըն էր որ լրացուց իր պատասխանը։ Ան գլուխը դարձուց դէպ ի մեր առջեւ ցցուող Արտօսի լեռները եւ անոր երկար շղթային շրջանը ընել տուաւ անոր։

Շրթունքներովը ան աւելի աղէկ չպիտի կրնար հասկցնել թէ Անդրանիկ Վանի հարաւային լեռները պիտի քաշուէր, հրոսակային կռիւներով շարունակելու համար իր ըմբոստութեան պայքարը։

Յետոյ, յանկարծ թօնը բարձրացուց ան եւ գլուխը դարձնելէ վերջ դէպ ի ծովին միւս կողմերը եւ այս անգամ զայն լաւ բռնելով, աւելցուց ան՝

Ձեզ Վան վերադարձնելէն վերջ «Կայծակ»ի գործը պիտի ըլլայ ծովին ափերը թափ տալ եւ Անդրանիկը փնտռել։

Լուրը եւ անոր յաջորդող հեռանկարները չափազանց հետաքրքրական էին, բայց, նուազ հետաքրքրական չէր նաեւ, այդ րոպէին ինձ համար, զանոնք ինծի տուողին անձը, Գաբթան Մինաս։ Յայտնի էր այլ եւս որ ան տիպար մըն էր, մէկը անոնցմէ, որոնք ինքզինքնին տիեզերքի առանցքը կը համարեն։ Գաբթան Մինաս՝ տուած լուրին մէջ դրած էր, իր նաւուն հետ, իր մարմնական եւ արհեստի գերազանցութիւններու մասին իր կարծիքը, իր կուսակցական ըլլա՞լկ թէ չըլլալը, բայց, ամէն պարագայի, օրուան անցքերը գրպանին մէջ ունեցած ըլլալը, յետոյ իր ազգասիրութիւնը եւ կտրիճութիւնը, զորս ծախու հանելու լաւ կերպ մը գտած ըլլալ կարծած էր։

Գարթան Մինաս իր տիպարին շաղակրատութեամբը դեռ պիտի շարունակէր ծանօթացնել իր միւս շնորհները, բայց, ես՝ անձնատուր լուրին հաւանականութեան իմ մէջ արթնցուցած թեր ու դէմին հետ տիպարը վերլուծելու իմ մտածումներուն, տրամադիր չեղայ նոր հարցումներով քրքրելու անոր խօսելու մարմաջը։ Ան լռեց եւ անոր լռութիւնը՝ խառնուած իմ լուռ մտածումներուն, զիս, ծովին հանդարտ ալիքներուն վրայ օրօրուն՝ տակաւ ձգեցին Մորփէոսի գիրկը։ Եւ ես, խոշոր օրօրոցին վրայ լուսնկայով եւ յուլիսի տապովը ծածկուած, չգիտեմ որքան ատեն, մանուկի մը քունը քաշած էի, երբ նաւուն սաստիկ մէկ ցնցումը, որ ուրիշ բանէ չէր կրնար առաջ գալ, եթէ ոչ անոր ղեկին յանկարծակի մէկ դարձքէն, եկաւ զիս քունէն դուրս հասնելու։

Նաւուն ցնցումէն արթնցած՝ փսփսուքի շունչով մը, որուն թեւ կուտար, այդ րոպէին, հովին ընթացքը, իմ ականջին հասան անմիջապէս Գարթան Մինասի հետեւեալ խօսքերը՝

Աջը դարձու՛ր առագաստը, կ՚ըսեմ քեզի, իշու ձագ. չե՞ս տեսնար որ նաւը դէպ ի մեզ կը քալէ։ Առանց գլուխս շարժելու, աչքերս շուրջս դարձուցի։

Եթէ Գաբթան նաւուն խօսքը ըրած չըլլար, ես չպիտի կարծէի բնաւ որ փոքրիկ ճերմակ կէտը, որ եկաւ աչքս մտնելու այդ րոպէին, նաւ մը կրնար ըլլալ, ան աւելի անապատի մէջ թառած հաւալուսնի մը կը նմանէր եւ կամ դաշտի մը մէջ զարնուած փոքրիկ վրանի մը, քան թէ նաւու մը։

Նաւը դէպ ի մե՞զ կը քալէր, նաւաստիի մը աչքը միայն կրնար որոշել այդ կէտը։ Ես աչքս գոցեցի, ականջովս լրտեսելու համար խօսակցութեան շարունակութիւնը։ Կ՚ուզէի իմանալ թէ Գաբթան Մինաս երեւցող նաւէն հեռանալ կ՚ուզէ՞ր, թէ ոչ անոր մօտենալ։

Անդրանիկ նաւուն մէ՞ջն էր։ Ո՛չ ես կրնայի գիտցած ըլլալ այս իրողութիւնը, ո՛չ ալ Գաբթան Մինաս։ Բայց ես լաւ գիտէի որ Գաբթանի հրամանը այդ կասկածէն էր որ կը բխէր։ Չէի գիտեր միայն թէ այդ հրամանը, նաւը դէպի այդ կասկածը՝ մղե՞լու կը ծառայէր, թէ ոչ անկէ հեռացնելու։ Եւ այդ կէտը չափազանց կը հետաքրքրէր զիս։

Կը լսե՞ս, ապո՛ւշ, նաւը խարիսխ կը նետէ   շարունակեց Գաբթան ուղղուելով դէպ ի իր պզտիկը։

Նաւուն պզտիկը ականջը սրեց, անոր ականջը աւելի սուր էր։

Ձայնը քնացող մարդու խռկոցէ է որ կուգայ ըսաւ ան։

Աւանա՛կ, ասանկ խռկո՞ց կ՚ըլլայ, խարիսխի շղթային ձայնն է։

Աւանակ ինքն էր, Գաբթան Մինաս։ Ձայնը՝ արդարեւ, խռկոցէ էր որ կուգար։ Սրբազանն էր, կազմուածքով արիւնի տիկ, որ իր արիւնին բոլոր ուժովը կը խռկար այդ րոպէին, եւ ես, առաջին անգամ չէր, որ կը լսէի անոր անսովոր խռկոցին ձայնը։

Ծէճը՝ միշտ փսփսուքով, կը շարունակէր նաւապետին ու նաւաստիին միջեւ, երբ, յանկարծ, ինքզինքը լսելի ընել տուաւ ճարճատիւնի մը ձայնը։

Ատրճանակի ձա՜յն   գոչեց անմիջապէս Գաբթան, ոչ առանց մատնելու սոսկումի ժէսթ մը։

Ատրճանակի ձայն չէ   ըսաւ նաւուն պզտիկը վախվըխելով։

Ես կրնայի ծիծաղով մը մատնել ինքզինքս, բայց ճիգով մը զսպեցի ինքզինքս։ Ես, րոպէապէս հասկցած էի որ ձայնը ուրիշ բան չէր եթէ ոչ Սրբազանի խնչոցի ճարճատիւնը, զոր, նոյնպէս, առաջին անգամ չէր որ կը լսէի։

Ատրճանակի ձայն է եւ մեզ կանգ առնել տալու կը ծառայէ   մենախօսեց Մինաս եւ դէպի նաւուն պզտիկը դառնալով՝

Ատրճանակս ինծի բե՛ր, հրամայեց անոր։ Ասիկա կրնայ Կարճկանցի Քիւրտերու նաւերէն մէկը եղած ըլլալ։

Քիւրտերը ճիշտ է որ 4-5 նաւեր ունէին լիճին վրայ, բայց բնաւ տրամադիր՝ Հայերու նաւերուն մօտենալու, ո՛չ թէ անոնց վրայ յարձակելու, այլ անոնցմէ յարձակում կրելու երկիւղնուն համար։ Անոնց ապագան ծովերուն վրայ չէր։ Եւ այս բանը Գաբթան Մինաս ինձմէ աւելի լաւ գիտէր։

Նաւաստին՝ նաւուն խուցէն դուրս բերաւ եւ Գաբթանին յանձնեց խոշոր րէվօլվէր մը, անոր հետ փամփո՞ւշտներ. ո՛չ հեգնական ժպիտ մը, որ վերեւ պարզուած իրողութիւնն էր որ անոր կը բերէր. ան նոր առարկութիւն մըն ալ ըրաւ, բայց, աւելի վախէն քան թէ համոզումէն լռեց։

Գաբթան Մինաս ո՛չ միայն նաւուն գնացքը չկասեցուց   այլ, առագաստը հովին դէմ բերելու նոր հրաման մը արձակելով՝ նաւուն ընթացքը ճեպեց, ուրիշ խօսքով նշմարած նաւէն սկսաւ հեռանալ։

Յայտնի էր այլեւս, որ Անդրանիկը փնտռելու համար ծովին ափերը թափ տալու յօժար կտրիճ Գաբթանը Անդրանիկի շուքէն փախուստ կուտար։

Խրբազանի խռկոցը դադրեցաւ, խնչոցն ալ  չկրկնուեցաւ, բայց Կայծակը՝ կայծակի արագութեամբ, հեռացաւ խորհրդաւոր նաւէն, որուն՝ աչքերս գաղտնօրէն յառած մնացին, մինչեւ որ ան՝ հետզհետէ, փոքրիկ շուշանի մը տեսքն առաւ ծովին կապոյտին վրայ։