Անդրանիկ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՆԴՐԱՆԻԿԻ ԺԱՄԱՆՈՒՄԸ

Անդրանիկ՝ իր գունդովը Պարսկաստանէն պիտի գար եւ անցնէր դէպ ի Մանազկերտի  ճակատը։ Այս լուրը երեք անգամ շրջան ըրած էր, երեք անգամ Վանեցիները ոտքի հանած, եւ, նոյնքան անգամ զանոնք հիասթափ ըրած։ Անդրանիկի երրորդ այցն էր որ պիտի ըլլար այս վերջինը։ Ան անգամ մը եկած էր Վան, բայց անտեսանելի մնացած, անգամ մըն ալ մինչեւ Վանի դուռները հասած՝ եւ ետ դարձած։ Այս երրորդ այցին լուրն ալ այսպէս երեք անգամ կը հերքուէր։ Վանեցիի համար, իրօք, առասպելական թռչունը դարձեր էր այլեւս Անդրանիկ. անոր ժամանումի չորրորդ լուրն ալ դիւրաւ հաւատալի չպիտի ըլլար, եթէ Վարագի Պարոն Պետրոս եղած չըլլար զայն բերողը։

Անդրանիկ՝ խումբովը, գիշերս վանքը եկաւ   ըսաւ Պ. Պետրոս, քրտնաթոր ձիէն վար իջնելով մեր դրան առջեւը։

Ան, սակայն, լուրը բերելու համար չէր, որ եկած էր։

Ո՛չ թէյ ունինք վանքը, ո՛չ շաքար, ո՛չ ալ քօնեաք, այս բաները գնելու եկած եմ, շարունակեց վանքին վերակեցուն։

Բայց Անդրանիկ վանք չպիտի մնայ անշուշտ, ան՝ այսօր քաղաքը պիտի մտնէ։

Ո՛չ, ըսաւ Պ. Պետրոս, Անդրանիկ քաղաքը չպիտի մտնէ։ Ան՝ երկու օր վանքին մէջ հանգիստ պիտի ընէ, յետոյ Հայոց Ձորի վրայով պիտի անցնի Մուշ։

Զարմանքս՝ թերահաւատութեանս հետ, դրի ժպիտի մը մէջ որ չվրիպեցաւ Պ. Պետրոսի աչքերէն։

Անդրանիկ իր բերանովն ըսաւ ինծի. ան՝ տաք տաք հաստատեց լուրը։

Պատճա՞ռը։

Համեստ վերակացուն՝ որ լաւ գիտցած բաներու վրայ լռող մըն էր, չգիտցած կամ գէշ գիտցած բանի մը մասին չէր որ պիտի ուզէր խօսիլ։ Ան բաւականացաւ ուսեր թօթուելով։

Վանքին հոգաբարձութեան ատենապետն էի ես. կրնա՞յի չօգտագործել  հանգամանքը եւ առիթը։ Ժամէ մը մենք ճամբայ ինկանք Պ. Պետրոսի հետ։

Վանքին քովերը մենք հանդիպեցանք Արամին, որ Պարոյր Լեւոնեանի հետ Անդրանիկի քովէն կուգար եւ որ մեզի յայտնեց թէ՝ Անդրանիկ՝ չկամութենէն վերջ, իրեն յայտնած էր թէ պիտի մտնէ Վան, ապա պիտի անցնի ճակատը։

Իսկ չկամութեան պատճա՞ռը։

Արամ տուաւ պատասխան մը, որուն քով Պ. Պետրոսի լռութիւնը պերճախօսութիւն մը կարելի էր համարել։ Բան մը եթէ ես կրցայ հասկնալ անոր պատասխանէն, այն էր թէ ան կ՚ուզէր ծածկած պահել պատճառը։

Անդրանիկը իր սենեակը չգտանք մենք եւ, պահակին ցուցմունքին վրայ զայն փնտռելու գացինք բանակին (կամաւորներու մէջ գործածական բառը) մէջ։ Պ. Պետրոս՝ հեռուէն ինծի ցոյց տուաւ Սասունի հերոսը, որ՝ ընկուզենիի մը հովանիի մը ներքեւ բանակած խումբի մը մէջ, հասարակ զինուորի մը քով նստած եւ թեւը անոր ուսին ձգած՝ կը խօսակցէր անոր հետ։

Քիչ մը աւելի մօտ, նկատեցի որ զինուորը հիւանդ մըն էր, չափազանց տժգոյն հիւանդ մը։

Նկարիչ մը որպիսի՜ նիւթ պիտի գտնար իր վրձինին համար, այն պարզունակ ընտանութեան մէջ, որով հրամանատարը, իր հիւանդ զինուորին քով՝ եղբօր մը պէս նստած, անոր կը շռայլէր իր գուրգուրանքը։ Գորովի զգացումը որ կը զեղուր, այդ րոպէին, Անդրանիկի համակրելի դէմքին վրայ, որպիսի՞ երանգ պիտի կրնար տալ այդ նկարին։

Երբ, վանքի հոգաբարձութեան անունով՝ բարի գալուստ մաղթեցի Անդրանիկին, ան՝ շնորհակալութեան խօսքերը կէս թողած, ինծի հարցուց.

Վանի մէջ լաւ բժիշկներ կա՞ն։

Ռուս բանակին բժիշկները կան, յետոյ, միսիօնար մը, Տօքթ. Աշըր։

Բանակին բժիշկները՝ վիրաբոյժներ կ՚ըլլան առհասարակ։ Սաքօս   ըսաւ ան համակրալիր ժպիտով մը ծռելով դէպ ի հիւանդին աչքերը   ստամօքսին մէջ ցաւ մը ունի, զոր բանակին բժիշկներէն եւ ոչ մէկը կրցաւ հասկնալ։ Այս անտէր ստամոքսն ալ սիրտին պէս է, չի տեսնուիր։

Ես չպիտի անդրադառնայի Անդրանիկի այս իւմօրին, եթէ ան՝ նոր ժպիտով մը, որ, այս անգամ, գորով կը բուրէր, ըսած չըլլար.

Բայց, Սաքօյիս սիրտը կը տեսնուի, ան ոսկիէ է. Տիլմանի մէջ ան առիւծի պէս կռուեցաւ։

Եւ, որպէս թէ համբուրել ուզէր զինուորը, Անդրանիկ՝ գլուխը այնքան հակեց անոր ուսերուն վրայ որ երկար փափախը անոր գլուխէն վար ինկաւ հիւանդին գոգը։

Ան՝ փափախը գլուխը անցընելու համար շտկուեցաւ, յետոյ, իր պարզ պլուզին դարձած թեւերը կոճկելու զբաղումին մէջ, որպէս թէ կոճակներուն ուղղած ըլլար խօսքը, ան հարցուց.

Ան չէ ամմա, սա «Աշխատանք» թերթը ինչո՞ւ տող մը բան չգրեց Տիլմանի կռիւի մասին։

Յիշեցի, անմիջապէս, Եկարեանի նման մէկ նկատողութիւնը, հետեւած իր այն կարծիքին, թէ Դաշնակցութիւնը իրմէն չէր համարեր Անդրանիկը եւ թէ Վանի փրկութեան փառքը, իրմէն եղող Դրօյին եւ Համազասպին վերապահելու համար էր որ «Աշխատանք» Տիլմանի մասին մնացած էր լուռ։

«Աշխատանք»ը գրած ըլլայ թէ ոչ   պատասխանեցի ես   Վանեցի չկայ որ չգիտնայ թէ Տիլմանի կռիւը եւ յաղթութիւնը ի՜նչ մեծ դեր կատարեց Վանի փրկութեան մէջ։

Անդրանիկ ունեցաւ ժպիտ մը, որ ատեն, ձեռքը թեւին կոճակներով զբաղած, ան՝ շրթունքներով բերնին սիկարէթը մէկ անկիւնէն միւսը ղրկեց, ինչ որ ինծի թոյլ չտուաւ պահելու տպաւորութիւն մը թէ գոհունակութենէ՝ էր որ կուգար անոր ժպիտը թէ ոչ թերահաւատութենէ։ Հաւանաբար այս վերջինէն, վասնզի ան ինծի հարցուց անմիջապէս։

Դուք ո եւ է պաշտօն ունի՞ք Արամի կառավարութեանը մէջ։

Այս հարցումովը, գուցէ Անդրանիկ ուզեց իմանալ իմ կուսակցական հանգամանքը, համարելով որ դաշնակցականները միայն պաշտօնի կրնան անցած ըլլալ, մինչդեռ, Արամ, յիշենք հոս, անխտրական ոգի մը ցոյց տուած էր, կառավարութեան կազմութեան օրը։ Այսպէս եղած էր, որ ինծի վիճակած էր պիւտճէյի յանձնաժողովի նախագահութեան պաշտօնը։

Երբ իմ այս պաշտօնին խօսքն ըրի, Անդրանիկ, այս անգամ ուրիշ տեսակի ժպիտով մը՝ ինծի հարցուց.

Պանք Օթթօմանի փարաները պիւտճէյի մէջ անցուցի՞ք։

Քաղաքամէջի կռուողները՝ Թուրքերու փախուստէն վերջ, բացեր էին Պանք Օթթօմանի մասնաճիւղին դրամարկղը եւ անկէ վերցուցած էին 2500 ոսկիի մօտ գումար մը, զոր Արամն ալ վերջէն անոնցմէ վերցուցած էր։

Այդ դրամը, որպէս յաղթողի իրաւունք, կուսակցութիւնը իրեն վերապահեց. պատասխանեցի ես։

Անդրանիկ՝ պատասխանիս կցածս ժպիտէն հասկցաւ որ հեգնական էր ան, վասնզի ինքն ալ նոյն տեսակի ժպիտով մըն էր որ աւելցուց.

Բայց դրամը Թուրքին չէր այլ Անգլիային, մեր դաշնակցին։

Այդ օրը, դեռ վարչապետ Մաք-Տօնալտը չէր մերժած Աշխատաւորական կուսակցութեան պետ Մաք-Տօնալտի առաջարկը՝ ի մասին Տէօյչէ Պանքէն գրաւուած Թուրքիոյ հինգ միլիոն ոսկին՝ մեծ պատերազմին զոհ հայ որբերուն եւ այրիներուն յատկացնելու, բայց, յայտնի էր որ Վանի անցքերը թագուն ծալք մը չունէին Անդրանիկի համար։ Ան՝ քիթին տակէն մրթմրթաց խօսքեր մը, որոնք, սակայն, օրհնութիւններ չէին։

Յաջորդ օրը, կէս օրէն վերջ, Անդրանիկ քաղաքը մտաւ. աւելի ճիշտը, քաղաքը քերելով անցաւ։ Ընդ առաջ երթալով անոր փափաքին, կառավարութիւնը՝ իր ընդունելութիւնը սարքած էր քաղաքին հարաւային եզերքը, Անդրանիկի խումբին անցնելիք ճամբուն վրայ եւ անոր ամենէն մօտ այգիներէն մէկուն մէջ։

Ծիրանի եղանակ, այգին՝ իր ծիրանիները լեցնող պտուղներուն ժպտուն ողկոյզներով զարդարուն՝ ժամադրավայրը եղած էր, այդ օրը Անդրանիկը տեսնել ուզողներուն։ Ան կը վխտար խուռն բազմութեամբ մը, որուն մէջ, միւս սեռն եւս, բացառաբար, իր գեղեցիկ բաժինն ունէր։

Անդրանիկ քիչ մը անտրամադիր կ՚երեւէր այդ օրը եւ յոգնած ժպիտ մը միայն ունէր իր ձեռքը սեղմել  եկողներուն, ճառախօսներուն ալ, ան բաւականացաւ այդ յոգնած ժպիտովը շնորհակալ ըլլալ, կարծես համր եղած ըլլար ան եւ կամ, այդ պահուն, լեզուն բռնուած։ Իր կեցուածքովը՝ Անդրանիկ՝ այդ րոպէին այն էր, ներկայ Հայերուն համար, ինչ որ ատենին, եղած էր Սփինքսը, իր մարդու առիւծի կերպարանքով հին Եգիպտացիներու համար, որպէս Արեւի ներկայացուցիչ, առարկայ անոնց պաշտամունքին։

Ճառերը, այդ օրը չէր որ բացառաբար կարճ պիտի ըլլային, անոնց բազմութիւնը եւ երկարութիւնը՝ տիրող տաքին հետ, գուցէ քիչ մըն ալ ծառայեցին աւելցնելու Անդրանիկի յոգնածութիւնը, վասնզի վերջին մէկ երկու ճառախօսներուն համար, ան՝ իր դէմքին վրայ չկրցաւ նոյնիսկ բերել այդ ժպիտը։ Այդ յոգնութիւնը երեւան եկաւ, մանաւանդ, խօսքերուն մէջ, զոր ան՝ վերջապէս, պարտաւորուած էր ընել այդքան ճառերէն վերջ։ Ան՝ նախ, բռնեց «բանակ» բառին պոչէն, բառ մը, զոր չգտնուեցաւ բանախօս մը որ յեղյեղած չըլլար իր ճառին մէջ   Կամաւորական բանակ, Անդրանիկի բանակ, Դրօյի բանակ, Քեռիի բանակ։

Բանակը   ըսաւ Անդրանիկ   Թուրքին օրտուն է, Ռուսին ալ Կօրբիւսը (corps d՚armée)։ Իմին կամ Դրօյին ունեցածը հազարական զօրքերը, որոնք մէկ մէկ բադայօն կը կազմեն, ինչպէ՞ս կարելի է կոչել բանակ որ 32 անգամ մեծ է բագայեօնէն։ Բայց, մեր Հայերու մէջ չկայ մէկը որ ծոցը տէվ այնասի մը չունեցայ, (տէվ այնասին տեսակ մը հայելի է որուն մէջ ինքզինքը նայող արտակարգօրէն եւ այլանդակօրէն խոշորցած կը տեսնայ իր դէմքը)։ Միայն մեր բադայեօնները չեն, մենք սովոր ենք ինչ որ մերն է, տէվ այնասիի առջեւ դնել եւ անոր միջով նայիլ անոնց վրայ։ Մենք չափը պահել չգիտենք, կը չափազանցենք իրողութիւնները եւ մեր չափազանցութիւնները գիտենք երբեմն ոսկեզօծել այնպէս մը որ մենք իսկ կը սկսինք հաւատալ մեր՝ ուրիշներուն հաւատացնել ուզած բաներուն։

Անդրանիկ՝ այս ճշմարտութեանը որպէս յենարան, օրինակի մը պէտք ունեցաւ։ «Անգամ մը   շարունակեց ան   Նասրէտտին խօջան՝ քաղաքէն՝ յոգնած, գիւղը վերադարձին, քնանալով հանգչելու պէտքը կը զգայ, բայց կը տեսնայ որ, այդ պահուն, գիւղացիները, իր դրան առջեւ խմբուած շաղակրատելու մէջ են։ Ի՜նչ ընել։ Պատրաստամիտ խօջան յանկարծ, միտք մը կը յղանայ։ Երբ գիւղացիները՝ իրմէն քաղաքի լուրերը փնտռելու կ՚ելնեն, ան՝ լուրջ դէմք մը առնելով, անոնց կ՚ըսէ թէ՝ քաղաքի կէս ճամբուն վրայ գտնուող Ալթուն Թէփէն (ոսկի բլուր) մինակ անունով չէ որ ոսկի է, այլ իր ներքեւն ունի ոսկի հողի հանք մը, որ երեւան եկած է եւ որմէ՝ շրջակայ գիւղացիները, հասնող հասնողի սկսած են արդէն պարկերով փոխադրել իրենց տուները։

«Ինչո՞ւ դուք ալ չբերիք   կը հարցնեն գիւղացիները։

«Ինչո՞վ պիտի բերէի, եկայ որ պարկ մը եւս ես առնեմ տանիմ   կը պատասխանէ խօջան եւ տունը կը մտնէ։

«Գիւղացիներէն մարդ չի մնար որ պարկ մը առած չվազէ դէպ ի Ալթուն Թէփէն։

«Հնարամիտ խօջան կը պառկի եւ հանգիստ քուն մը կը քաշէ։ Արթննալուն, զարմանքով կը նկատէ որ գիւղացիները ետ չեն վերադարձած տակաւին։ Ան կը հաշուէ որ Ալթուն Թէփէն երթալ գալը մէկուկէս ժամու ճամբայ է, մինչդեռ ինքը երեք ժամ քնարեց է։ Խօջան կ՚իյնայ ենթադրութիւններու մէջ, որոնք ժամ մը եւս անցնել կուտան անոր, առանց որ գիւղացիները վերադարձած ըլլան։ Ան կը սկսի կասկածի մէջ իյնալ, վերջ ի վերջոյ, կը կանչէ կինը եւ անկէ կը խնդրէ պարկ մը բերել իրեն։

«Ի՞նչ պիտի ընես պարկը   կը հարցնէ կինը։

«Ի՜նչ պիտի ընեմ, Ալթուն Թէփէն պիտի երթամ, այնպէս կ՚երեւի որ իմ բերած լուրը ճիշտ է»

Քրքիջներու փոթորիկ մը ընդմիջեց Անդրանիկի խօսքը։ Ինքը, Անդրանիկը եւս առանց ժպիտի չմնաց, բայց, անոր ժպիտը փայլակի մը կեանք ունեցաւ։ Ան  յօնքերը պռստեց նորէն եւ, այս անգամ պատգամի մը թօնովը՝ շարունակեց,

Վանեցինե՛ր, այս պատերազմը մի կարծէք թէ Վանի գրաւումով վերջացած է, ո՛չ ալ Վանի գրաւումը վերջնական համարեցէք։ Այս պատերազմը դեռ երկար պիտի տեւէ եւ կրնայ ունենալ մեր միտքէն չանցած անակնկալներ։ Ձեր համար կ՚ըսեն թէ խելացի մարդեր էք դուք, եթէ ճիշտ է ըսուածը, իմ այս խօսքերը, որոնք ճիշտ է որ ոսկի չեն, բայց դուք՝ որ լաւ ոսկերիչներ ունիք մեր մէջ, ոսկիի տեղ առէք զանոնք, անոնցմէ օղեր շինել տուէք եւ ոսկի օղերու տեղ ձեր ականջներէն կախեցէք։

Անդրանիկ հազիւ դպրոց տեսած մարդ է։ Բայց, բաղդատմամբ գիրին, խօսքը, անոր քով շատ աւելի ուժեղ է։ Պատճառը գուցէ այն է որ ան, նախկին  կուսակցական, նախ հնչակեան, ապա դաշնակցական, շատ յաճախած է կուսակցական ժողովներու։ Ասիկա, Հայերու մէջ ընդհանուր երեւոյթ մըն է։ Հայ կուսակցականներու մէջ կը գտնուին այնպիսիները՝ որոնք տող մը բան գրել չգիտեն եւ, սակայն, ժամերով կրնան ինքզինքնին լսելի ընել տալ։ Անդրանիկի խօսքին մասնաւորութիւնը կուգար, անոր ներշնչած հմայքին եւ վայելած հեղինակութեան հետ, անոնց մասին ունեցած իր գիտակցութեան իրեն բերած անսահման վստահութենէն։ Եւ մենք գիտենք որ ինքնավստահութիւնը՝ գլխաւորներէն մէկն է, եթէ ոչ առաջինը, լաւ խօսելու ազգականներուն, երբ ուղեղը իր օգնութիւնը չի զլանայ։

Ճիշտ է որ Անդրանիկի ուղեղը՝ համապատասխանօրէն չէր զարգացած, բայց, խնդիր է թէ, եթէ ան ունեցած ըլլար համապատասխան զարգացում, պիտի կրնա՞ր ըլլալ ան՝ ինչ որ եղաւ։ Չէ՞ որ գիտակցականը, այլ խօսքով, միտքը, քիչ մը ի վնաս անգիտակցականին   հոգիին ըսենք   է որ կը զարգանայ առհասարակ, հոգիին՝ որուն անեղծութիւնն է միայն որ կրնայ երեւան բերել, իրենց լրիւ վիճակին մէջ, հաւատքը, երեւակայութիւնը, յայտնատեսութիւնը, խանդավառութիւնը եւ իտէալը, առանց որոնց՝ հերոսը   գեր մարդը   չի կրնար գոյութիւն ունենալ։

Յետոյ, չէ՞ որ լաւագոյն զգացումները սիրտէն է որ կը բխին։ Անդրանիկ իր զգացումին պակասը կը լրացնէր   երբ խօսելու կ՚ելնէ   իր ինքնավստահութենէն վերջ իր սիրտին աղբիւրէն, յետոյ, երբ պէտք ունենար, համակրելիութեան հոսանուտէն, զոր ան՝ մօր արգանդէն հետը բերած ունէր եւ որ, գեղեցիկ մարդկանց քովը   որպիսին էր Անդրանիկ, միշտ աւելի ուժեղ կ՚ըլլայ։

Անդրանիկ՝ բնականօրէն, չի կրնար քերականական կանոններու ենթարկել իր խօսքերը, որոնց մէջ նման սխալներու հետ կը վխտան թուրքերէն եւ ռուսերէն բառեր։ Անարգալից արտայայտութեան մը պէտք ունեցա՞ւ, ան սովոր է գործածել, առհասարակ, թուրքերէն լեզուն, իսկ ռուսերէն բառերը   եւ ոչ լեզուն որ չի գիտեր   երբ զինուորական հարցեր  շօշափող հարցելու շուրջ բացատրութիւններ տալու պէտքը ունենայ։ Իր սխալներուն վրայէն, որոնց մէկը, ուրիշի մը կրնայ խօսքին կապը կտրել տալ, ան կը ցատկէ, ինչպէս լաւ ձիաւոր մը խրամատի մը վրայէն։ Ան՝ խօսած ատեն, յաճախ կ՚ունենայ կաղացումներ, որ ատեն անմիջապէս ան օգնութեան է կանչէ ժպիտ մը կամ յօնքերու պռստոց մը, մէկը թէ միւսը՝ ոռոգուած իր համակրելիութեան հոսանուտովը եւ, անոնցմով կը կարկտնէ խօսքերը։ Իսկ շաղախը՝ իր խօսքերուն՝ անոնց անկեղծութիւնն է, անոնց ճշմարտութիւնը եւ կամ անոնց ճշմարիտ ըլլալու մասին իր հաւատքին կուրութիւնը։ Բայց երբ այդ հաւաքին աչքը բացող ըլլայ   ինչ որ, այս ալ ըսենք, այնքան ալ դիւրին գործ չէր՝ իր համոզումներու վրայ պինդ կեցող այդ մարդուն քով   վերջէն ես մէկէ աւելի առիթներ ունեցայ հաստատելու, որ ան՝ ոտքի տակ կ՚առնէ անմիջապէս իր եսը, եւ ասիկա կը կազմէր Անդրանիկի առաքինութեանց գլխաւորը, անոր հերոսութեան գլխաւոր ջիղը։

Վանեցիները՝ Անդրանիկի իրենց տուած քիչ մը խիստ խրատներէն վերջ, կ՚ուզէին որ ան խօսէր  տակաւին, բայց ան ըսած էր արդէն ըսելիքը, ան խօսքը վերջացուց թուրքերէն առածով մը,

 

Հասկցողին՝ ճանճին վզոցը նուագ է,
Չհասկցողին՝ զուռնան նաղարան ալ քիչ են։